Լեզուի եւ վէպի շուրջ Արամ Պաչեանի հարցազրոյցը Գրիգոր Պըլտեանի հետ, երկրորդ մաս: Առաջին մասը այստեղ

 

Ա. Պաչեան. Մի փոքր խօսենք արդի հայ վէպի, առ հասարակ մեր վիպարուեստի աւանդոյթի կամ դրա բացակայութեան մասին: Ակադեմիական եւ դրանից դուրս առկայ միջավայրերում հիմնականում գործածուող արեւելահայ վէպի լաւագոյն օրինակները սակաւ են՝ Չարենցի «Երկիր Նայիրին», Գուրգէն Մահարու «Այրուող այգեստանները», նաեւ ներառւում է Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ», մի քանի պատմավէպ, մի քանի վիպակ եւ ցանկը եզրափակւում է – աւելին՝ Հրանտ Մաթեւոսեանը հարցազրոյցներից  մէկում ասում է՝ «Իսկ գուցէ այդ ձեւը ընդհանրապէս հակացուցուած է հայերէնին։ Գուցէ հայերէն ընդհանրապէս հնարաւոր չէ ճիշտ վէպ գրել» (1980թ.): Եթէ ճիշտ վէպ գրելու խոհով  ենք առաջնորդւում, ուրեմն մեր գիտակցութեան մէջ ունենք ճիշտ վէպի անձնական, ընտրած օրինակներ: Այնուամէնայնիւ գրականութեան պատմութեան մէջ, այսպէս ասած, ճիշտ վէպերի համարում ունեն միայն վիպարուեստում նոր ճանապարհներ հարթած գործերը: Օրինակ Ռաբլէի «Գարգանտիւան և Պանտագրիւէլը», Սերվանտէսի «Դոն Կիխոտը», Սթէռնի «Թրիսթրամ Շէնդին», Ֆիլդինգի «Թոմ Ջոնսը», Պրուստի վիպաշարը, Ֆլոբէրի «Տիկին Բովարին», Ջօյսի «Ուլիսէսը», Ռոբերտ Մուզիլի «Մարդը առանց յատկութիւնների» գիգանտ-վէպը, Կաֆկայի «Դատավարութիւնը» եւ այլն… եւ սրանց միջեւ այլ, բազում հրաշալի վէպեր, որոնք միայն երեսանց շրջադարձային չեն եւ ոչ էլ նմանօրինակ յաւակնութիւններով են օժտուած: Ուրեմն գլխաւոր անջրպետը կրկին լեզո՞ւն է՝ հայերէ՞նը, որին մատնանշում է Մաթեւոսեանը, նմանապէս՝ արեւելահայ վէպում էպիկական պատումի հարցը, որի բնոյթն ու ընկալումը այլեւս խիստ պայմանական է:

Գ.Պ. Ծանօթ չեմ Մաթեւոսեանի այդ յայտարարութեան, ոչ ալ խօսքի շրջարկին։ Շահեկան է նորէն, մտածելի ըլլալուն համար, ոչ թէ առաջարկած կամ վարկածի ձեւով տուած պատասխանին։ Այս մասին խօսելէ առաջ գուցէ անհրաժեշտ է անդրադառնալ «վիպարուեստի աւանդոյթի բացակայութեան» ինչ կը վերաբերի արեւելահայ վէպին։ Նախ՝ արեւելահայ վէպը աւելի հին է քան արեւմտահայը։ Պիտի չկրկնեմ ինչ որ կայ դասագիրքերու մէջ, Վէրք Հայաստանիէն ասդին։ Ճիշդ է որ մինչեւ Երկիր Նայիրի —ես այնքան խանդավառ չեմ այդ պոէմանման վէպով, բայց ասիկա ուրիշ խնդիր է—  եղածները ժանրը կը պարտադրեն բայց «ճիշդ վէպ» չեն կարծես. Րաֆֆի, Մուրացան, Նարդոս վէպի լեզու մը կը յօրինեն աւելի քան Աբովեան, որուն «մեղքը» հիմա թափանցիկ կ՚երեւի, աւելի քան վէպի հրատարակութեան օրերուն. անընթեռնելի է։ Պատճառը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ընտրած բարբառային խառնակ լեզուն որ չյաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել ու պարտադրել վէպը։ Հոն ուր անհրաժեշտ էր ընդհանուր, ինչու չէ՝ քաղաքային —չըսի քաղաքական— լեզուն այնտեղ վէպին հեղինակը ընտրեց մասնաւորը, մասնակին, այնպէս որ վէպը չդարձաւ «համայնական», ըսել կ՚ուզեմ համահայկական։ Այլ հարց՝ որ պատմութիւնը առապելականացնելու ձգտումը այս քաղքենի ժանրին ներհակ էր։ Աբովեանի վէպը զուրկ ալ է հեգնանքէ, պարոտիայէն, երկխօսական կառոյցէն, հեռաւորացման սկզբունքէ, այն որ կը բանի ձեր նշած արեւմտեան վէպերուն մէջ, Սերվանդէսէն սկսած։ Սպանացի վիպասանը վէպի ի՞նչ աւանդոյթ ունէր. ասպետականը, որուն դէմ երգիծելով եւ անշուշտ անոր կցուելով է որ կը գրէ եւ անոր խնդրականացումով կը յօրինէ վէպի նոր լեզու, այսինքն՝ նոր վէպ։ Ռապըլէին վրայ չեմ դանդաղիր, պիտի չդանդաղիմ անգամ սպանական միւս «պիգարեսքական» հիանալի վէպերուն։ Աբովեա՞ն։ Հարցը կը փոխադրէ գրաբար-բանաւոր բարբառի կալուածը, որ նոյն ատեն վէպի լեզուի խնդիրին շատ մասնայատուկ ներկայացումն է։ Քանի՝ Աբովեան վիպային լեզուի նուաճումը կ՚առընչէ միայն ու միայն բանաւորի գրականացման։ Շահան Շահնուր, դար մը ետք, Նահանջըի մէջ պիտի կատարէ բան մը, Նարեկացիի քննադատութիւն-երգիծանքը, որ պիտի ուզէինք Աբովեան կատարած ըլլար, իր միջոցներով։

Կարծես հոս է որ Մաթեւոսեան կը մնայ աւանդոյթի հովանիին։ Հայերէնի խնդիր մը կը դնէ ըստ երեւոյթին։ Հայերէնով վէպ հնարաւոր չէ՞։ Կամ հայերէնը ներհակ է վէպ՞ին։ Ինչպէ՞ս հասկնալ ասիկա։ Արդեօ՞ք վիպասանի մը համար վիպային լեզուն կայ արդէն տուեալի ձեւին տակ լեզուին մէջ, իր տրամադրութեան տակ, սանկ գործիքի՞ մը պէս։ Ի՞նչ կը պակսի հայերէնին. վիպականացնելու հնարաւորութի՞ւնը։ Միթէ՞ լեզուն է վիպականացնողը։ Ի՞նչ է այս բնածին «անատակութիւնը» որ կը վերագրուի հայերէնին եւ այդ պակասին պատճառով վէպ, «ճիշդ վէպ» կարելի չէ եղեր։ Մաթեւոսեան կը հաւատա՞ր ասոր իսկապէս։ Ամեն պարագայի՝ թերահաւատ կրնամ ըլլալ միայն լեզուի նման «բնազանցական», սուպստանցիալ պակասին հանդէպ, կարծես թէ ուրիշ շատ մը լեզուներու մէջ վէպի գոյութեան հնարաւորութիւնը կար ըստ բնութեան։ Արդ՝ եթէ հայերէնին կը պակսի այս հնարաւորութիւնը, ես կը հանեմ եզրակացութիւնը՝ հայերէնը լեզու չէ… Ի՞նչ է այն ատեն։ Գուցէ ահնիձորեան բարբառ մը։

Իրաւացի էք երբ «ճիշդ վէպը» կ՚ընդգծէք։ Վէպ մը՝ զուտ վէպ։ Միայն վիպո՞ւմ, ֆիքսիո՞ն։ Ո՞ւր է այս վէպին ճշդութիւնը։ Յայտնի չէ։ Գուցէ վէպի ընդհանուր պատկեր, որ վիպասանը կը գտնէ այնքան տարբեր գրագէտներու մօտ ինչպէս են Տոլստոյը, Ֆլոպեռը, Լագլոն, Ֆիլտինկը, Ֆոլքները, եւայլն։ Բայց կա՞յ իսկապէս նման ընդհանրական միաւոր։ Ո՞վ չի գիտեր որ ժանր կոչուածը յարաբերական ամբողջ մըն է, տարաբնոյթ օրինակներով։ Ոչ մէկ գրական երկ իր ժանրի բացարձակ նմոյշն է։ Մոտէլը վերացարկուած, իրացուած բան մըն է միայն, որ էտալոնի դեր կը կատարէ կամ ցուցանիշի եւ կ՚ենթադրէ շեղումներ։ Շեղումներն են բնորոշը, ոչ կանոնականի վերարտադրութիւնը։ Իսկ վէպը, ասոր ամբողջ պատմութիւնը փաստ, ցոյց կու տայ բաւականին մեծ պլասթիք հնարաւորութիւններ։ Արդէն խօսեցանք այս մասին։ Վէպի մէ՛կ տեսակ չկայ, այլ կան վէպեր, քանի կան վիպային լեզուներ։ Եկէք խօսինք ո՛չ թէ մէկ վէպէ, ո՛չ թէ հայերէնի երեւակայական թերիէն, այլ վիպային լեզուէ։ Վիպային լեզուն կամ լեզուները վիպասանները կը յօրինեն, իբրեւ լեզուախօսութիւն, ճիշդ ինչպէս փիլիսոփայութեան լեզուն կը յօրինեն փիլիսոփաները, ըստ պահանջի, ըստ իրենց գրողական, մտածողական կարողութեան, ըստ մտքի զօրութեան։ Ի՞նչ կապ հայերէնին ու վէպի լեզուին, յղացքին։ Եթէ ըսեմ. «հայերէնով ճիշդ վէպ հնարաւոր չէ քանի որ հայ ազգը կարող չէ ինքնիշխան ըլլալու», արդեօ՞ք իմացական կերպով ընդունելի հաստատում ըրած կ՚ըլլամ։ Երբե՛ք։ Պարզապէս վարկած մը գրած կ՚ըլլամ, որ հարկ պիտի ըլլայ ապացուցել, փաստարկել։ Այլապէս անիկա կը  մնայ ֆանթեզի կամ կը դառնայ ֆանթազմ։ Հարկ է հարցը փոխադրել հայերէնի մակարդակէն —կոպիտ մօտեցումէն— լեզուական մակարդակին, լանկաժին, ինչպէս ըսի։

Վիպային լեզուն դո՛ւն պիտի ստեղծես, պիտի յօրինես եւ ոչ զայն գտնես որպէս լեզուին մէջ արդէն պատրաստի գործիք։ Կարող ես զայն սորվիլ…Սերվանդէս կամ Ֆոլքներ կարդալով։ Իսկ սորվելէ ետք՝ պարտաւոր ես քու լեզուդ գտնել։ Միայն երկրորդական վիպասանները, բանաստեղծները, քննադատները հետամուտ կ՚ըլլան պատրաստիին։ Ի վերջոյ հեշտ է պատրաստի տան մէջ բնակիլ… ինչպէս տնային հայերէնի, որ տեսակ մը Խոր Վիրապ է։ Հասկնալի է չէ՞ վիպային լեզուն «բնական», մօրենական լեզուին հետ շատ հեռաւոր կապեր ունի, ցեղային հիմունք չունի, ինչպէս Մաթեւոսեան կը թելադրէ ակամայ, գրեթէ բոլոր անոնց պէս որոնք «ցեղ, ազգ, պետութիւն, եկեղեցի» կը մտածեն որպէս բնական «տուիք» եւ ոչ հոլովոյթ, որպէս էութիւն քան թէ լինելութիւն, պատմութիւնն ալ որպէս ճակատագիր։ Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր եթէ վիպասանը աշխատելու իր անատակութիւնը չվերագրէր հայերէնի անատակութեան վէպի լեզու հայթայթելու։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ վիպական լեզուն։ Նախ՝ առարկայի, իրականի, աշխարհի հետ յարաբերութեան տեսակ, թեմայի ներկայացում, կերպարներու հանդէպ կեցուածք, ձայնի կամ ձայներու դիրքորոշում, դիպաշարի կամ խաղածիրի կառուցում։ Ահա բաներ որ մենք քիչ անգամ կը գտնենք «մեր» վիպասաններուն մօտ, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութեան համար վէպը արտայայտութեան միջոց է, աշխարհը կամ հասարակութիւնը պատկերացնելու հայելի եւ քիչ անգամ մտածելու կերպ, ըսել կ՚ուզեմ արուեստ։ Արձակը արուե՞ստ։ Ասիկա չէ՞ սկանտալը, քանի շատոնց է որ մեր մօտ արձակը կը գրուի թերթի յօդուածի պէս կամ ճառի եւ որեւէ ներքին, ինքնակաց կանոնի չ՚ենթարկուիր։ Թոյլ տուէք աւելցնեմ. վիպասան մը երբ արուեստի, վիպարուեստի խնդիրներ չի դներ ինքն իրեն համար եւ կը զբաղի «քրոմոզոմային»  գաղափարախօսութեամբ՝ հազիւ թէ կարողանայ իր նիւթին հանդէպ ունենալ գերիշխան ազատութիւն։

Ա.Պաչեան. Օշականի «Մնացորդացը», Որբունու «Հալածուածները», Պըլտեանի «Գիշերադարձը»… արդեօք արեւմտահայ արձակում շղթայական վէպի կառոյցը, (վիպաշարութեամբ) ժամանակն ու տարածութիւնը տեւականօրէն համադրելու նպատակ ունի, որտեղ պատկերահանւում են ժամանակի մէջ մեռնող ու վերափոխուող իրականութեան ձեւերը  –  վիպաշարի իւրաքանչիւր հատոր ասես առանձին ժամանակ է, որ յիշատակում է միւս կորուսեալ ժամանակների ներկայութիւնը:

Գ.Պ. Դուք ընդհանրութիւններ կը տեսնէք այդ երեք ծրագիրներուն կամ ի՞նչ գիտնամ երեք իրագործումներուն միջեւ։ Գուցէ կան։ Արեւմտահայ վէպը Օշականէն առաջ գրեթէ գոյութիւն չունի։ Մատի վրայ կարելի է հաշուել ատոնք, եթէ մէկդի ձգենք Շիտանեանները, Սմբատ Բիւրատները, Օտեանի պոլսական վէպերը, այսինքն՝ ոճիր-արկած ու բարքի վէպի արտադրութիւնը։ Յետոյ եկան Մալխասի պատանեկան բխումները…։ Արեւմտահայ վէպի բացակայութեան պատճառները բազմաթիւ են, չեմ դանդաղիր։ Սուլթանական գրաքննութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով թոյլ կրնար տալ ընդարձակ  կառուցումներու, որոնց մէջ վիպասանը յայտնօրէն ըսելիք պիտի ունենար։ Կամսարականի, Երուխանի վէպերը Օշականէն առաջ աւանդոյթ մը չէին ստեղծեր, բայց կային, ի հարկէ։ Օշականի մոտէլը արեւմտեան էր։ Ի վերջոյ վէպը ընդոծին սեռ մը չէ մեր գրական աւանդութեան մէջ, ուղղակի առասպելաբանութենէն չէր ծներ կամ ասպետական աւանդութենէն։ Մենք նման աւանդոյթէ զուրկ ենք։ Աս ալ աղէտ մը չէ՞։ Կ՚անցնիմ։ Սիքլիք վէպի գաղափարը կը սեռի Պալզաքէն։ Միայն թէ Օշականի առաջին եռագրութիւնը, Հարիւր մէկ տարուանը, սիքլիք չէ, այն իմաստով որ կերպարները նոյն միջավայրին մէջ չեն շրջագայիր ու չեն վերադառնար, տարբեր կացութիւններու ենթակայ։ Երեք վէպերու մեկնակէտը նոյնն է. Մոխիրնոցը, այսինքն՝ հարիւր մէկ տարուան դատապարտուածներու բանտախուցը։ Մնացորդաց-ը նման վիպաշարք չէ, գոնէ իր ներկայ ձեւին մէջ։ Համապարփակ, համապատկերային ըլլալու ձգտումը սակայն յստակ է. Հայութեան մէկ մեծ հատուածին կեանքը 1850էն մինչեւ 1915։ Այսինքն՝ ինչ որ Համապատկեր Արեւմտահայ գրականութեան տասը հատորները կը յաջողին պատկերացնել, գրագէտներու եւ գործերու ընդմէջէն։ Օշական արդէն կ՚ըսէ որ այս վերջին գիրքը վէպ մըն է… ի հարկէ իւրայատուկ, աւելի մտաւորական վէպ մը քան գործողութեան վրայ հիմնուած։ Բայց քանի որ Օշականի համար գործողութիւնը երկրորդական դեր ունի, մենք կրնանք Համապատկերը նկատել Մնացորդացի ծրագրին մէկ նորոգ, մտածողական իրականացումը։

Ա.Պաչեան. Հապա Որբունին։

Գ. Պ. Որբունիի ծրագիրը աւելի համեստ կը թուի, քանի Հալածուածները —վեց հատորով— նկատի ունին եղեռնէն վերապրողները, այսինքն՝ իրենց արմատները-կորսնցուցած մարդիկը։ Որբունիի գործը կ՚ընդգրկէ յետ-եղեռնեան ժամանակաշրջանը։ Սիքլիք վէպի բնոյթ ունի, քանի մէկ վէպէն միւսը որոշ ակնարկութիւններ կան, բայց կերպարներու շրջագայումը այնքան ալ տինամիք չէ։ Վէպերը առանձին միաւորներ են, բոլորն ալ սակայն կը յենին աղէտին, նախ՝ չըսուած Փորձըին մէջ 1929ին, յետոյ գրեթէ թեմայի վերածուած Թեկնածունին մէջ 1967, առաջին հատորի հրատարակութենէն քառասուն տարի ետք։ Ասոնցմէ անջատ կայ տակաւին Եւ Եղեւ մարդը, որ գրուած է նոյնպէս պատմական աղէտի խորքին վրայ։ Անշուշտ, համապարփակ վէպերու ծրագիրներ եղած են ուրիշ գրողներու մօտ. Շահնուր՝ Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց, Հրաչ Չարդարեան՝ Մեր կեանքը, եւայլն։ Ինչպէս Սարաֆեան կ՚ըսէ տեղ մը, անդադար փոփոխուող ու շիջող գաղութային կեանքը արձանագրելուն կը միտին այս վէպերը, այսինքն՝ աքսորական հաւաքականութիւններուն։ Ուրեմն՝ ո՛չ թէ անցեալ ժամանակի որոնում, այլ ներկայ օրերու արձանագրութիւն նախքան անոնց կորուստը։ Հետաքրականը այն է որ Փարիզի գրողներու սերունդը գիտէր Օշականի ծրագիրը, բայց զայն չէր «ժառանգած»։ Մանաւանդ որ Օշականի ծրագիրը կը վերաբերէր աղէտին եւ 1930ի սերունդը այդ մասին չէր ուզեր կամ չէր կրնար իսկ խօսիլ։ Շուշանեանը հետաքրքրական էջ մը ունի այս «անկարելիութեան» վերաբերող իր Ալեկոծ տարիներուն մէջ։ Բայց այդ էջը գրելէ ետք չես գիտեր ինչո՞ւ կը վերադառնայ իր թացիկ վիպերգութեան յանկերգին։ Անլրջութեան աւելի մեծ փաստ… Ժառանգումի խնդիրը կարեւոր է անով որ Որբունիի նման վիպասան մը սկիզբը չի հասկնար  Օշականի ծրագիրը եւ անշուշտ քառասուն տարի կը փնտռէ ձեւը վիպաշարքը վերստին սկսելու համար, մեկնելով նորէն Պրուստէն, Նոր վէպէն, Վ. Վոլֆէն, բոլորովին անգիտանալով Օշականը։ Որ այսպէս ալ աւանդոյթ չեղաւ իրեն համար։ Որբունիի մօտ ինչպէս Օշականի վէպի լեզու մը ստեղծուած է անշուշտ, բայց վիպասանի մօտ հայերէնի խնդիր մը կայ…  որովհետեւ ան է որ բոլորովին տիրապետուած չի թուիր, եթէ խմբագրումի անհրաժեշտ գործ մը չըլլայ։ Կը տեսնէ՞ք որ հայերէնն ու վէպի լեզուն բոլորովին տարբեր բաներ են, նոյնիսկ երբ վէպը կը գրուի արդէն տուեալ բնական լեզուի մը մէջ։ Ի դէպ՝ պէտք է յուսալ որ օր մը Որբունիի Հալածուածները կ՚ամփոփուին մէկ-երկու հատորի մէջ եւ ընթերցողը առիթը կ՚ունենայ գնահատելու վիպասանին կատարած աշխատանքը։

Մեր զրոյցին սկիզբը կարծեմ խօսեցայ արձակներու շարքին մասին որ հիմա Գիշերադարձ կը կոչուի։ Անունը միաւորելու փորձ մը չէ անշուշտ, քանի ինչպէս նկատած էք ամեն մէկ հատոր առանձին միաւոր մըն է եւ կարելի է կարդալ իբրեւ այդ, իր ներքին լոժիքն ունի, իր հարցադրութիւնը։ Բայց կերպարներու շրջագայումը, տեղերու նոյնութիւնը, որոշ խնդիրներու վերադարձը սիքլիք վէպ կը յիշեցնեն։ Ինչո՞ւ ոչ։ Ինծի համար տեսակ մը մտաւորական հաճոյք է վերստին գտնել կերպար մը կամ լսել անոր ձայնը հոն ուր չի սպասուիր։ Ըսեմ, գաղտնիք չէ, ինծի համար ամբողջը կայ նոյն ատեն եւ անգամ մը յիշուած կերպար մը քանի մը հատոր ետք մէկէն կը յայտնուի եւ իր ձայնը կը գտնէ, իր պատմութիւնն ու տեղը կ՚ուզէ։ Թէ ինչո՞ւ նման համապարփակ գրութիւններու շարք կը գրուի, ինիսունական թուականներէն ասդին, այսինքն՝ 1915էն ութսուն տարիներ ետք, ինծի չի մնար բացատրել։ Նշեմ պարզապէս որ շարքի յղացքը մաս կը կազմէ պատումի յոգնակիութեան։ Ոչ թէ մէկ պատում, այլ պատումներ։ Ասոնց յաջորդականութիւնը, կարգը, պայմանական են։ Երեւակայեցէք ընդարձակ որմնանկար մը, անոնցմէ մէկը որ իտալական Վերածնունդին կը սիրէին նկարիչները, որուն զանազան մասերը զիրար կ՚ամբողջացնէին։ Ֆլորանսի մէջ նման որմնանկարներ շատ կան։ Բայց մէկ «ամբողջական» պատկերի հեռանկար չեմ ունեցած, ինչպէս որ մէկ ժամանակ եւ ժամանակի ընթացք զիս չեն գրաւած։ Ինչ կը վերաբերի պատումին՝ ան ալ կտրատուած, երբեմն փոշիացած ձեւով կայ, կիրարկուած է քիչ մը որպէս վէպի քննադատութիւն, ըսենք քննարկում… ինչպէս ատենին հակաքերթուածը կը բանէր իբրեւ քերթուածին ու քերթողութեան մէկ «քննական» կերպը։ Կը տեսնէ՞ք. չեմ փոխուած։ …Կերպը փոխուած է, եղկը չէ փոխուած։ Աւելցնեմ նաեւ հետեւեալը. որքա՜ն ուսանելի բան կայ Օշականի, Որբունիի մօտ, կամ իմ ու մեր նախորդներուն մօտ, հայ թէ օտար արձակագիր, բանաստեղծ կամ փիլիսոփայ —մտաւորական կալուածները կը թափանցեն իրարու, Կոստան Զարեան կը խօսէր միջներգործումէ, որ արձակին բախտն է։ Նոյն ատեն այս բոլորը քննելի, խնդրարկելի են, որովհետեւ ինծի համար գրելը իմացական գործողութիւն մըն է։ Ասոր ընթացքին աւանդոյթը կը ստեղծուի, չի ստացուիր միայն։ Ստացածդ բեռ է, ստեղծածդ՝ արարք։

Ա.Պաչեան. Սիւզըն Սոնթագը իր  «Օրագրերի» երկրորդ հատորում գրում է` « Միայն մի դէպքում իւրաքանչիւր մարդ կարող է արուեստագէտ համարուել – եթէ արուեստը բացառապէս ընկալուէր որպէս պերֆորմանս – կամ դէն նետելու մի բան»: Ֆուտուրիստները կոչ էին անում ծովի տակ թաղել Վենետիկը, մերժել Դանտէին, մերժել  անցեալից ժառանգած «արժէքի» աղէտալի կարօտաբաղձութիւնը: Սիւրռէալիստներ Անդրէ Բրէտոնը, Պոլ Էլիւարը, Լուի Արագոնը հանրութեան առջեւ ցնծում էին Անատոլ Ֆրանսի մահը՝ նրան համարելով ֆրանսիական գրականութեան փտած դիակ եւ ի սպառ բացասում վէպի արուեստը:  Անցնում են տարիներ եւ ահա, հետհայեաց ընթերցանութեամբ պարզւում է, որ Բրէտոնի «Նաճան», (որ ի հարկէ մօտ է վէպի ժանրին) նրա լաւագոյն գործն է, իսկ Լուի Արագոնը ընդհանրապէս իր առաջին եւ վերջին շրջանի վէպերով համարւում է 20-րդ դարի Եւրոպայի ամենահետաքրքական արձակագիրներից մէկը – սրանից ելնելով կարո՞ղ ենք ասել, որ գրականութեան (վէպի, բանաստեղծութեան) պատմական-աւանդոյթը պարզապէս չի կարող շրջանցել այն մարդուն, ով գրում է եւ գրելու ունակութիւն ունի, ուստի արարքը ՝ ինչքան էլ ինքն իրեն աւանդոյթից դուրս դնի՝ որպէս դէն նետուելիք ենթարկւում է նրա յիշողութեանը եւ շարունակում այն:

Գ.Պ. Գրական կեանքի մէջ, արարքը, ժեստը, պայթուցիկ յայտարարութիւնը, մանիֆեստը եւ ուրիշ «կատարումներ» գրականութիւնը դուրս կը բերեն սենեակներէն, գրասենեակներէն դէպի փողոց, թերթ, քաղաք, այսինքն՝ դէպի հասարակութիւն։ Ներկայիս street art կոչուածը նման ծրագրի կը հետեւի։ Ապագայապաշտները, Մարինետտին ամենէն աւելի, այդ արարքներուն հեղինակն է։ Աւելի ծանօթ է իր այդ աղմկարար գործունէութեամբ քան իր գրական գործերով, որոնք անպայման անշահեկան չեն։ Երեւոյթը սկսած է աւանգարդի աւանդութեան ստեղծումով, ըսենք մօտաւորապէս 19րդ դարուն վերջերը, երբ մանիֆեստը դարձաւ գրական դպրոցի մէկ ցուցանիշը։ Անկէ ասդին գրական թէ արուեստի խմբակները իրենք զիրենք կը նկատեն յառաջապահ զինուորները պատերազմի դաշտին վրայ, իրենց չհետեւողները կամ «հիները» յետադիմական են։ Ժամանակին, 17-18րդ դարերուն հիները յոյն ու լատին դասականներն էին, որոնք մոտէլի դեր կը կատարէին։ Աւանգարդը մոտերնիզմի ուղղակի «արտայայտութիւնն» է եւ կը նկատուէր անոր ըլլալու կերպը։ Բոլոր աւագարդները սահմաններ կ՚որոշէին, սա կամ նա արժէչափը կը հաստատէին։ Որովհետեւ անշուշտ ունէին կամ կը յաւակնէին ունենալ տեսական ալ հիմունքներ։ Բոլոր գրողներն ու արուեստագէտները որոնք «մեր հետ» չեն, արուեստագէտ չեն… ։ Հիմա աւանգարդներու վերջալոյսն է կարծես։ Հիմա մանիֆեստ կը գրեն առանձին գրողներ…։ Բռունցքի հարուածը, գրգռութիւնը կամ պերֆորմանսային ելոյթները որ կը տեսնենք երբեմն համացանցի վրայ, վճռական չեն թուիր։ Շահեկանը այն է որ գրականութեան պատմութիւնը տասը-քսան տարին անգամ մը կը վերադասաւորէ «արժէքները», ինչպէս թանգարանի մը տեսչութիւնը՝ ցուցադրուած առարկաները, ինչպէս հրատարակչատուները վիպասանները։ Ինչ որ անշահեկան կը թուէր երէկ եւ կը ժխտուէր, յանկարծ կը ստանայ գոյութեան իրաւունք։ Բռունցքը չի բաւեր, չի բանիր։ Ի հարկէ կը յայտնուին այսպէս «նոր» գրողներ, որոնք պարզապէս մոռցուած էին կամ ետ մղուած ներկայի բեմէն։ Առաջին պլանի վրայ չեղողները կարծես վրէժ կը լուծեն։ Ամեն պարագայի՝ գրականութիւնը տեւական վերիվայրումի տեղ մըն է, ըսեր եմ, տեսակ մը մրցադաշտ, ուր հինն ու նորը, մերժուածն ու ընդունուածը կը խառնուին իրարու, երբեմն նոյնիսկ տեղի կ՚ունենայ շփոթ։ Իրողութիւն է որ բռունցքը բան մը կը փոխէ, կը քանդէ, որպէսզի կառուցէ, ի հարկէ Վենետիկը երբեք չի յաջողիր տապալել, բայց Վենետիկի շուրջը, մէջը կը գրաւէ, ուստի կը փոխէ նաեւ աւանդական կոչուածը։ Որպէս այդ կայ։ Չի մոռցուիր։ Այսինքն՝ դուրս նետուածը կը մտնէ «հիմնարկին» մէջ, կը մերուի կամ կը համարկուի —բան մը որ մեր մէջ շատ դժուար կը կատարուի, քանի ֆեթիշներու պէտք ունին մեր հիմնարկները որպէսզի տեւեն կամ տեւելու պատրանքն ունենան։ Թանգարանը նման տեղ մըն է։ Հոն գործերը չեն պահպանուիր միայն այլեւ կը գտնեն իրենց ընկալող դիտորդները, ինչպէս նոր կատարողները կը նուագեն հին երաժշտութիւն մեր նորոգ ականջներուն համար։ Հասկնալի է թէ ինչո՞ւ միջոցը կը դառնայ հետզհետէ աւելի թափանցիկ։ Անշուշտ, մեր ժամանակը կարծես «համաձայնութեան», կոնսենսուսի ժամանակ է։ Մէկ կողմէ բոլոր ծայրայեղ արարքները կը թուին ընդունելի, բոլոր գրաքննութիւնները —գոնէ Արեւմուտքի մէջ— կը մերժուին, գոնէ տեսականօրէն, միւս կողմէ տարբերութիւնները կը չէզոքանան։ Իսկ արուեստը կը սկսի տարբերութեամբ, ինչ ալ ըլլան միջոցները որ կը գործադրուին հասնելու կամ յայտնաբերելու համար այդ տարբերութիւնը։

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.