Գրութիւնը տպագրուել է Բեյրութում հրատարակուող Բագին ամսագրի այս տարուա 1-ին համարում, որն ամբողջութեամբ նուիրուած է Գրիգոր Պըլտեանին. առիթն է  գրողի 70 ամեակը (Պըլտեանը ծնուել է 1945-ին Բեյրութում):

Ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ:

Անապատէն կու գաս դուն ալ, իրեն պէս: Կապ չունի որ ծնունդէդ եօթ ու կէս տասնամեակ առաջ էր Դէպքը: Մինչ կը կարծէիր, թէ կը մեծնայիր ապահով, ասիկա-անիկա ըսելով աշխարհը կը ճանչնայիր, Դէպքը հետդ էր, մէջդ. կը մեծնար, քեզի հետ կամ քեզի համար:

Մինչ այդ կային պատմութիւնները Դէպքին. կարաւաններ՝ արեւուն տակ կռնծած, անդէմ անանուն: Եւ ողբացիր ամէնուն հետ, ճիշդ որչափ որ պէտք էր՝ ոչ աւելի, ոչ պակաս: Սպասեցիր: Սպասեցիր մինչեւ աչքդ արեւի կուրցնող լոյսին վարժուէր, եւ տեսնէիր վերջապէս, որ դուն ալ հոն էիր, կարաւանին մէջ, մեծ պապայիդ քովը. կը քալէիր:

Եւ որոշեցիր փախչիլ հոնկէ: Կարծեցիր՝ դիւրին էր ատիկա: Բայց այդ արեւները քու լեզուդ ալ խանձեցին, եւ օր մըն ալ հաւատացիր, թէ լեզու չունէիր:

Ի վերջոյ հասկցար, որ չկայիր. փնտռեցիր ինքզինքդ ամէն տեղ՝ չկայիր: Գիրքեր բացիր, ֆիլմեր նայեցար՝ չկայիր: Հասկցար, որ օր մըն ալ պիտի մոռնայիր թէ եղած ես:

Այն ատեն որոշեցիր խօսիլ, վիրաւոր, տկար լեզուովդ: Եւ խօսքդ փաստումի ու փրկումի պարզ ժեստ մը պիտի ըլլար միայն, սկիզբէն ձախողումի դատապարտուած, եթէ չհանդիպէիր անոր:

Եւ ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ: Թէեւ չընդունեց պատմելու արարքը:

Եւ ան վկայեց քու գոյութիւնդ: Թէեւ չընդունեց վկայելու կարելիութիւնը:

Անկարելի պատմասանն ու վկան՝ որ աշխարհդ բացաւ քեզի, ան որ քուկդ ըրաւ քեզի:

Այն ատեն միայն համարձակեցար առերեսուիլ ինքզինքիդ,

«կրել

ինչ որ կը պայթի երբեմն գլխուդ մէջ»

* * *

Սաստիկ տաք օրէն ետք զով օդի հոսանք մը վերջապէս ամառնային երեկոյին հանդարտութիւնը կը բերէ: Կը քալես, ջանալով քայլերդ իր քայլերուն յարմարցնել:

«Ի՞նչ դիպուածներ միջամտեր են որպէսզի հայրդ եօթը տարեկանին որբանայ, բայց փրկուի, մայրդ երեք տարեկանին որբանայ եւ փրկուի, յետոյ անոնք հանդիպին իրարու եւ քեզ ծնին։ Պատմութիւնդ կը սկսի նման դիպուածներով»։

Նո՞յն դիպուածները միջամտեր էին, որպէսզի քու ալ մեծ ծնողքդ որբանային բայց փրկուէին, հանդիպէին իրարու եւ հիմը դնէին ընտանքին, որ ի վերջոյ քեզմով պիտի լրանար:

Կ’արժէ՞ գտնել պատասխանը. պիտի հանդիպէ՞իք եթէ Դէպքը չըլլար: Թերեւս անապատներէ անցնելու էիք երկուքդ ալ, այդքան տարիներ ետք արեւելեան հայրենիքի մայրաքաղաքին մէջ հանդիպելու համար:

— Պիտի ըլլայի՞նք, եթէ դէպքը չըլլար: Այսպէ՞ս պիտի ըլլայինք:

Կը ժպտի, չի պատասխաներ: Միշտ բան մը քեզի կը ձգէ պրպտելիք: Ամէն բան չ՚ըսուիր արդէն, չէ՞:

Կ’ուզես խօսիլ, պատմել պատմութիւնը կորսնցուցած ժամանակիդ եւ փնտռտուքներուդ մասին, պատմել ճամբան, որ քեզ դէպի իրեն բերաւ: Բայց գիտես որ պէտքը չկայ՝ ան գիտէ ամէն բան, դո՛ւն չէիր գիտեր. հիմա գիտցար:

Կը յիշես պզտիկ սրահը, ուր առաջին անգամ հանդիպեցաք… Մտահոգ էիր. ի՞նչպէս մօտենալ, ի՞նչ ըսել. այդքան տարիներու «հեռակայ մտերմութիւն»էն ետք իսկապէս հանդիպի՜լ:

 «Դժուարահա՛ճ է», զգուշացուցին:

«Անհաղո՜րդ է», աւելցուցին:

Կծկտեցար, վախը փորդ մտաւ: Ի՞նչ պիտի ըսէիր՝ բարե՞ւ, ի՞նչպէս էք, ծանօթանա՞նք… եւ չհամարձակեցար մօտենալ: Կեցած էր քանի մը քայլ անդին, երկրպագուներով եւ հիացողներով շրջապատուած, քաղաքավար, բայց քիչ մը անտարբեր ժպիտը դէմքին: Յոգնած էր թերեւս: Արդէն չես յիշեր՝ ի՞նչ դիպուած միջամտեց, որ յետ-դասախօսային ճաշկերոյթին քե՛զ ալ հրաւիրէին եւ… քովը նստեցնէին: Եւ նստած էիր քարացած, վախնալով աւելորդ շարժում մը ընելու, երբ յանկարծ դարձաւ եւ սուր նայուածքը քեզի յառեց:

— Ուրկէ՞ ես…

Ծանրացած լեզուդ դժուարաւ դարձաւ բերնիդ մէջ, ջանացիր կապակցուած խօսքեր ըսել: Յանկարծ ժպտեցաւ. այն ատեն առաջին անգամ հասկցար՝ ան ամէն բան գիտէր քու մասիդ: Բնաւ չզարմացար. գիտէիր, շատոնց գիտէիր:

«ըլլալը անհետացած ըլլալ մըն է»

եւ կարծեցիր՝ թէ գտար պատասխանը:

ստեղծել վայրը ուր ըլլալ. Գրիգոր և Քրիստիեան Լոնդոնում 2015

ստեղծել վայրը ուր ըլլալ. Գրիգոր և Քրիստիեան Լոնդոնում 2015

* * *

«կը փարիս ջնջումիդ…»

— Ինչպէ՞ս հայաշէնցի տղան ինքզինք ֆրանսացի տեսաւ, միեւնոյն ատեն հայ մնալով:

Նորէն կը ժպտի. ինքդ պիտի գտնես պատասխանը:

Կը նայիս աչքերուն. կարծես ոչինչ փոխուած է՝ առջեւդ նոյն այն հայաշէնցի տղան կեցած է, որ 18 տարեկանին Փարիզ մեկնեցաւ: Ինչպէ՞ս ուրիշ այդ միջավայրին մէջ ուրիշ մը չեղաւ: Ինչպէ՞ս նոյնացաւ, ձուլեցաւ այդ միջավայրին, միեւնոյն ատեն պահպանելով այդ ուրիշ միջավայրին համար ուրիշ մը ըլլալու իրաւունքը, այսինքն` ինչպէ՞ս ըրաւ, որ իր ուրիշութիւնը պարտադրուած չըլլար:

— Ծագումիդ չես դաւաճաներ, ան շուքի պէս կը հետեւի քեզի…

Բայց ինչպէ՞ս կառուցել ինքնութիւն մը, որ ըլլաս ամբողջապէս օտար եւ ամբողջապէս ընտանի, միեւնոյն ատեն չըլլալով երկուքէն ո՛չ մէկը: Մէկ բան յստակ էր. հայաշէնցի տղան երբեք չդաւաճանեց իր ինքնութեան, կարելի է՝ քիչ մը հեռացաւ անկէ, յետոյ աւելի մօտենալու համար:

Բայց արդեօ՞ք տունին մէջ—կամ համար—ալ ուրիշ մը չէր: Արդեօք ո՞ւր էր տունը. Հայաշէ՞ն, Փարի՞զ թէ հիմա հոս՝ Երեւան:

Արդեօք քո՞ւ տունդ ուր էր:

Եղան օրեր, երբ հաւատացիր թէ չունէիր տուն, փնտռեցիր ամէն տեղ՝ ո՛չ մէկը քուկդ էր: Այն ատեն հաւատացիր, կամ ուզեցիր հաւատալ, թէ անապատներուն մէջ մնացեր էր տունդ… Բայց հիմա գիտէիր, հիմա գտար: Որով գիտցար ի՛ր տունին տեղը: Չէ, ան բան մը չըսաւ, պարզապէս կար վայրը ուր ան եղաւ:

Շիտակ դէմքին նայեցար, ուզեցիր խօսիլ, ըսել խօսքերը, որ չէիր կրցած ըսել ո՛չ անձնական հանդիպումներուն, ո՛չ ալ նամակներուդ մէջ. չկրցար, նորէն: «Խօսքերը կը պակսին», եւ բերնիդ մէջ «բռնկեր էր լեզուն»:

 Եւ հիմա հոս ես, համակարգիչիդ պաստառին առջեւ, դուն որ պիտի չըլլայիր, լեզուով մը որ պիտի չըլլար՝ կը ջանաս գրել այն որ չկրցար ըսել: Կը ջանաս գրել տողեր՝ անոր համար, ինչպէս ինք գրեց ատենօք Մեծարենցի համար: Գիտես որ չափազանց յաւակնոտ է խորագիրդ. ի՞նչ կրնաս գրել անոր համար, ի վերջոյ: Արդեօ՞ք պիտի կարենաս թուղթին վրայ տեղաւորել ըսել ուզածդ, պահպանելով տրամաբանութեան գիծը: Բայց կ’ուզէիր գոնէ կերպով մը երախտագիտութիւնդ յայտնել անոր, որ ստեղծեց վայրը, ուր կարելիութիւնը ունիս ըլլալու:

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.