Երբ կ՚ըսեմ ես, ամբողջ մարդ մը մի՛ երեւակայեր. ամբողջ եղած եմ, բայց չեմ այլեւս. եղեր եմ այն մարդը, որ անընդհատ նուազ ամբողջ կը դառնայ։

Լուսանկարի մէջ հին եսս տեսայ, հագուստներ կը հագուէր որ չունիմ այլեւս, մազ ունէր որ այլեւս մազս չէ, միտքեր՝ որոնք այլեւս չեմ կրնար մտածել. կը փորձէր թաքնուիլ չնկարուելու համար, իբր թէ իր ինքնութենէն քիչ մը պիտի կորսնցնէր այն պահուն. սակայն լուսանկարուեցաւ կարծես որպէսզի այսօր կարենամ աւելի իրական ես մը տեսնել. քիչ մը հիւանդ կը թուէր հոգեպէս, քիչ մը տխուր, սակայն առնուազն առաքինի կեանքով կ՚ապրէր. նկարուելու այդ վախը չունիմ այլեւս. ընդհակառակը` որքա՜ն ուրախ կ՚ըլլամ կենալով լուսանկարչական մեքենային դիմաց, ըսես ինքնութիւնս կորսնցնելէն հաճոյք առնեմ.

դժուար է յիշել՝ ե՛րբ ամբողջ էի. վստահաբար անցեալին աւելի ամբողջ էի այն օրերուն երբ գործս եւ Սան Լուիս Օպիսփօ՝ մեծցած քաղաքս ձգելով անապատ տեղափոխուեցայ գրելու համար. ամբողջ պէտք է ըլլայ մէկը՝ ատանկ բան մը ընելու. կարծեցի որ պիտի փրկուէի գրելով. որքա՜ն կը գրէի, որքա՜ն լուրջ կը նստէի գրական գործիս վրայ ամբողջ օրուայ ընթացքին. ներկայիս չեմ կրնար անշարժ նստիլ երկու նախադասութիւն գրելու համար առանց Ֆէյսպուքս բանալու, բայց այն ատեն գրած էջերովս ամբողջ այդ սենեակս կը լեցուէր, այնչափ որ քալելու տեղ չէր մնար այլեւս. իրականութեան մէջ շատ պզտիկ սենեակ մըն էր, հազիւ տեղ կար քալելու.

աստղերու համար կը գրէի, եւ կ՚երեւակայէի թէ առաջին անգամն էր որ բառերու այդպիսի շարք մը քով քովի եկած է թուղթի վրայ. գիշերները, երբ այնքան յոգնած էի որ անկարող կ՚ըլլայի գրելու, դուրս կ՚երթայի եւ աստղերուն կ՚ըսէի՝ սպասեցէ՛ք, սպասեցէ՛ք, ի՛նչ կը պատրաստեմ ձեզի համար, եւ կը թուէր որ քիչ մը աւելի պայծառ կը փայլէին. կ՚երեւակայէի թէ ինչպէս քննադատները պիտի ապշէին գրածս առաջին անգամ կարդալով՝ այսքան կարեւոր գրող մը չենք տեսած մեր դարուն, ահաւասիկ իր սերունդի փառքը, ահաւասիկ նոր Ճէյմս Ճոյս մը. Յակոբ Օշականին տեղը Ճոյս կ՚երեւակայէի, որովհետեւ այն ատեն կը գրէի անգլերէնով՝ այն լեզուն որ դաւաճանեց ինծի, թէեւ հիմա աւելի յաճախ կը զգամ թէ ես եմ անոր դաւաճանողը.

չեմ զղջար որ այլեւս անկարող եմ անգլերէն գրելու, ոչ միայն որովհետեւ վերջացուցած ամէն պատմուածքս կը սկսէի ատել եւ ամենամեծ գիրքերս չէի վերջացուցած, կամ նոյնիսկ սկսած ալ չէի. շատ ընթերցողներու կարիք երբեք չեմ ունեցած կամ ալ ուզած. չեմ փորձած աշխարհը փոխել գրածովս. ամբոխին համար չեմ գրած. միշտ ինքզինքիս համար գրած եմ, նոյն ատեն յուսալով անշուշտ, որ սիրած մարդ մը, աւելի շիտակը՝ աղջիկ մը կարդայ եւ սիրահարի ինծի.

թէեւ աստղերու համար չեմ գրեր այլեւս, եւ առանց կասկածի ալ գրելու կարող չեմ, սակայն աւելի ազատ կը գրեմ, հոգ չընելով բառերու շարադասութեան համար, մանաւանդ որ հայերէն կը գործածեմ, գիտնալով թէ մէկը գրածս պիտի չկարդայ. սակայն հայերէնով գրելս ուրիշ խնդիր մը ստեղծած է՝ ինչպէ՞ս գրեմ վտանգուած լեզուով մը թուային աշխարհին մէջ.

տպագրային ֆի՞լմ մը, որպէսզի ընթերցողը չանդրադառնայ որ կը կարդայ.

փորձառական բանաստեղծութի՞ւն, որպէսզի լեզուն վերջնականապէս ինքն իր դիակին վերածուի.

ծլիկի եւ առնանդամի արկածախնդրութիւննե՞րը, որպէսզի խօսողներու վերջին սերունդը խայտառակուի իր վերջին շունչը փչելէն առաջ.

նոր ձեւերո՞վ ու շինծու բառերո՞վ, որպէսզի հինը եւ դասականը արհամարհուի.

կամ ալ,

այլ։

Հին եսս յիշելը միշտ կը տխրեցնէ զիս. եռանդով ու խանդավառութեամբ չեմ գրեր այլեւս, չեմ ալ ապրիր. Քորնիշի մէջ թաքնուած մարդը միտքս կու գայ եւ իբր թէ գրածիս մասին ըլլայ իր խօսքը՝ բառերուն միջեւ հուր չկայ.

անոր համար է կարծես որ ամբողջ չեմ զգար այլեւս. թափանցիկ եղեր եմ, թէեւ անթափանց կը զգամ. իմ եւ իմ միջեւ միջոց մը կայ, թանձր բարձր պատ մը, որ չեմ կրնար անցնիլ. տարօրինակը այն է որ մեծ մասամբ ապրած օրերս կամ ըսենք ամենայիշարժան օրերս անցուցած եմ սենեակիս չորս պատերէն ներս այս ներքին պատը քանդել փորձելով. քանի՜ ժամ, քանի՜ տարի անցուցած եմ ներաշխարհս խուզարկելով, կամ ըսեմ՝ խուզարկել փորձելով, քանի որ երբեք չեմ յաջողած.

բնաւ չէի մտածեր արտաքին աշխարհի մասին միեւնոյն ատեն երբ բոլոր ընկերներս անդադար կը ճամբորդէին. մերթ ընդ մերթ Ֆէյսպուքս պիտի բանայի տեսնելու Փարիզ, Լոնտոն, Հռոմ՝ ինչ կտաւներ տեսած էին, ինչ շէնքեր, տեղեր, թանգարաններ, ինչեր կերած էին, որքան սուրճ խմած էին քանի սրճարաններու մէջ, որքան սիկարէթ ծխած էին իսկական փարիզցիներու հետ. յետոյ Փարիզը չափազանց հասարակ դարձաւ, այնպէս որ աւելի տարաշխարհիկ տեղեր փնտռեցին. այս տարբեր տեղերուն նկարներն ալ դրին մանրամասն նկարագրութիւններով, իսկ ես պիտի չկեդրոնանայի տեսածներուս վրայ եւ վերջապէս նոյնիսկ տեղերու անունները յաջողեցայ մոռնալ. այնքան լուրջ էի, այնքան տարուած ինքնակերտ աշխատանքովս, կեդրոնացած ներաշխարհիս մէջ ճամբորդութեան վրայ, որ հոգս չէր թէ սենեակէս չէի ելած. ճամբորդութիւնը ներսս էր, այցելելի վայրերը, ընդարձակ միջոցները, չփնտռուած երկիրները իմ կամ գիրքերու մէջ էին. յետոյ ես ալ ճամբորդեցի, ես ալ Փարիզ, Լոնտոն, Հռոմ այցելեցի, սիրեցի, ապշեցայ, Ֆէյսպուքիս վրայ նկարներս դրի. որոշեցի որ մէջս պարապ էր, եւ այլեւս հոգս չէր թէ ինչ կար հոն.

բայց վերջերս կարօտցած եմ սենեակիս այդ պատերը, այդ բոյնը որուն մէջ ամէն ինչ, որ արտաքին էր, կրնայի լքել. հիմա երբ նորէն կը փորձեմ սենեակս նստիլ ներսս մտնելու համար, արտաքին բաները այլեւս մնայուն հետս են, եւ չեմ կրնար զանոնք թողուլ. կարօտցած եմ այդ չգիտնալս՝ արտաքին աշխարհը չգիտնալս, որ թոյլ կու տար ներաշխարհ մտնել, եւ այն կեանքը որ ապրեր էի, ստեղծեր էի այդ պատերէն ներս. արդիական ձեւով ճգնաւորի կեանք մը փորձեր էի ապրիլ.

վերը բերնէս փախցուցի որ անապատ տեղափոխուեցայ, որ ճիշդ չէ՝ հին ճգնաւորներու կեանքի մասին մտածելով ըսի այդպէս. իրականութեան մէջ անտա՛ռ էր, կամ աւելի ճիշդ՝ Աբթոս անունով գիւղը Սանթա Քրուզ Րէտվուտ անտառին մէջ, ուր հսկայական ծառերով շրջապատուած պզտիկ սենեակ մը վարձեցի.

ապրանքներս բաւական քիչ էին՝ թէյ, հաց, աղ, քանի մը տետրակ, սրբապատկերներ, խունկ, եւ անկողնի տեղը՝ վերմակներ գետնին վրայ, եւ բաւական շատ գիրք, աղօթագրքեր անշուշտ, բայց մեծ մասամբ գեղարուեստական գիրքեր, նաեւ համակարգիչս որով կը գրէի. եւ հոս է, ուր կեանքիս երկու պատմութիւնները իրարու կ՚ընդհարին. նախ ըսի որ մինակս կ՚ապրէի գրելու համար, յետոյ ըսի որ մինակ էի ճգնաւոր կեանքը ապրելու համար. ճիշտ են երկուքն ալ, նաեւ ճիշտ չեն, քանի որ երբեք չկրցայ որոշել ո՛ր մէկ կեանքը ապրիլ, ո՛ր նպատակը ունենալ՝ կա՛մ մեծ գիրք մը գրել, կա՛մ Աստուած եւ ներքին եսս փնտռել.

ճիշդը ըսած՝ այդ երկուքը այնքան ալ հեռու չեն իրարմէ. անշուշտ կայ գրողի կեանքը, որ հաճոյքներով լեցուն է՝ երկար գիշերներ, որոնց ընթացքին բանաստեղծը ուզածին չափ կը խմէ ու կը ծխէ, սիրականներու հետ կ՚ըլլայ՝ կեանք մը որ քնարական բանաստեղծներու կը պատկանի. բայց ես աւելի մեծ կ՚ուզէի ըլլալ՝ դիւցազներգութեան կը ձգտէի. եւ ինչպէս Էմէրսոն կ՚ըսէ, քնարերգակ բանաստեղծը կրնայ գինի խմել ու շռայլութեամբ ապրիլ, իսկ դիւցազներգակ բանաստեղծը, այն որ աստուածները եւ դէպի մարդիկ իրենց էջքը պիտի երգէ, պէտք է փայտէ ամանէ մը ջուր խմէ.

այսինքն ճգնաւոր կեանքը պէտք է ապրի. հակառակ անոր որ կեանքը ապրելու այդ երկու ձեւերը կը նմանին իրարու, արդիւնքները եւ նպատակները լրիւ հակոտնեայ են. մէկը կը փորձէ ամէն ինչ զոհել անտեսանելի աշխարհի համար, իսկ միւսը՝ ինքզինք զոհաբերել արուեստի համար. զարմանալի ըլլալու չէ ուրեմն, թէ ո՛չ մէկուն, ո՛չ միւսին յաջողեցայ հասնիլ. ծոմ կը պահէի, ջուր կը խմէի, մինակս կ՚ապրէի, բայց բոլոր ջանքերս մէկ բան սորվեցուցին՝ ցանկութեան զգացումն էր որ կը փնտռէի. Աստուած չգտայ, ներքին եսս չգտայ, կամ ատիկա զիս ձանձրացուց եւ վերջաւորութեան բոլոր ջանքերէն եւ ուրացումներէն ետք անդրադարձայ որ ծոմ պահելը գզայարանները կը գրգռէ այնպէս, որ կարելի ըլլայ ամէն ինչ աւելի զօրաւոր զգալ՝ ուտելիք, հաճոյք, վսեմ բանաստեղծութիւն, փափուկ մարմին. թէեւ այլեւս չեմ փորձեր մեծ բանաստեղծ կամ ճգնաւոր դառնալ, դեռ ծոմ կը պահեմ հաճոյքը զօրաւոր զգալու համար։

Գաղտնիքներ կան, որոնք չեմ կրնար ըսել, հակառակ անոր որ ամբողջ էութեամբս կը փորձեմ զանոնք հաղորդել անուղղակի կերպով, շեղիմաստ բառերով. երկար ժամանակ կը խօսիմ ձախողելով հաղորդել այն, որ մէկ նախադասութեամբ պիտի կարենայի ըսել.

գաղտնիքներ կան, որոնք քեզ կը ձեւեն, կը յօրինեն, կը կերտեն, կը սահմանեն, կը սահմանափակեն, կ՚ազատեն, որոնք քեզ կը ծածկեն, կը յայտնեն, կ՚ուրախացնեն, կը տանջեն.

գաղտնիքներ կան, որոնք կը պահես, կը ծածկես, կը հագուիս, կը հանես, որոնցմով կը հպարտանաս, որոնցմէ կը վախնաս, կը փախչիս, կը յոգնիս, կը պահուըտիս, որոնց կը դիմես, որոնց կը դիմանաս, կը մոռնաս, կը յիշես, կը գգուես, կը սիրես, կ՚ատես, կ՚ուտես, կը մարսես, կ՚ըլլաս։

Կեանքը ներածութիւն է բանի մը որ երբեք պիտի չգայ. որքան շրջաններ ու շարժումներ կ՚անցնին կեանքիդ ընթացքին, ներածութեան մասեր են միայն.

կան մարդիկ, որ պիտի ըսէին թէ այս կեանքը ներածութիւնն է աւելի իրական աշխարհի մը. պէտք է այս առաջին կեանքը ապրիլ սպասելով յաջորդին. ուրիշներ կան, որ պիտի ըսէին թէ այս կեանքը ամէն ինչ է, ասկէ անդին ոչինչ կայ. ո՛չ մէկուն, ո՛չ միւսին համաձայն եմ. կ՚ապրիմ հաւատալով, որ կեանքը ներածութիւն մըն է, հակառակ անոր որ գիտեմ թէ ներածութենէն ետք բան մը պիտի չգայ.

սակայն չեմ հաւատար ասոր առանց կասկածելու. վստահաբար աս ալ մտայնութեան շրջան մըն է, որ պիտի անցնի եւ պիտի յաջորդուի ուրիշով մը. այդուհանդերձ վստահ եմ, որ այս հաւատալիքին վրայ հիմնուած կարեւոր որոշումներ պիտի առնեմ, յետոյ այս հաւատալիքն ալ պիտի ձգեմ ինչպէս միւսները, բայց որոշումները եւ անոնց արդիւնքը պիտի մնան.

կեանքը անանկ է. կրնաս փիլիսոփայութիւնդ փոխել, բայց չես կրնար ետ երթալ այդ փիլիսոփայութենէն ներշնչուած որոշումներդ փոխելու համար. կեանքի բոլոր խորհուրդներէն ամենէն անսպասելին կեանքին բնորոշուիլն է անփոփոխելի որոշումներով, զորոնք պիտի չառնէի այսօր.

մետաղէ շղթայ մըն է կեանքը, որ կ՚երթայ անհուն կարելիութիւններու տարածութեան ընդմէջէն. անոնցմէ բան մը կ՚ընտրուի, շղթան քիչիկ մը աւելի կ՚աճի, նորէն անհուն կարելիւթիւններ կը շարուին դիմացդ եւ պէտք է բան մը ընտրել. նորէն ու նորէն. վերջերս անկարող եմ դադրիլ անցեալին նայելէ եւ մտածելէ թէ ո՞ւր կամ ի՞նչ պիտի ըլլայի եթէ այլապէս ընտրած ըլլայի. անցեալիս կը նայիմ, անոր շղթայի օղակներուն կը հետեւիմ սկիզբէն մինչեւ որ ներկայ եսիս հասնիմ, եւ կ՚ապշիմ որ այն ընտրութիւններուն արդիւնքն եմ, զորոնք այսօր պիտի չառնէի, այն եսերուն արդիւնքն եմ, որոնցմէ ոչ մէկն եմ այլեւս, որոնք նոյնիսկ չեմ ալ ճանչնար.

անցեալին ընտրութիւններուն վերադառնալ կարելի չէ. միայն կան ընտրութիւնները, որոնք այս պահուն իրենք զիրենք կը ներկայացնեն. որոշելիք կայ, եւ կարելի չէ չորոշել. եւ ուզեմ-չուզեմ այդ որոշումներով ինքզինքս պիտի կերտեմ. նոյնիսկ եթէ փորձեմ բոլորովին նոր բան մը ընել կամ նոր ես մը ըլլալ, անցեալիս դեռ կապուած պիտի մնամ.

միեւնոյն ատեն որքան ժամանակ կ՚անցնի այնքան ինքզինքէս կ՚օտարանամ։

Գրելու ատեն միայն յանցանք կը զգամ.

դաւաճանելու յանցանքը՝ Աստուծոյ, ծնողքիս, կնոջս, մայրենի լեզուիս, եղած եսին որ չեմ այլեւս.

երբեմն կը խորհիմ թէ կարելի պիտի ըլլար ըրածներս գրել դրական ձեւով. բայց յանցանքէն դրական զգացումներ չեն գար. եւ ամենէն դժուարը այն է որ յանցանքը կը զգամ առանց զղջալու, այնպէս որ փախուստը կը մնայ անկարելի.

կը մնայ միայն յանցանքը գրել։

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.