Մորիս Բլանշո

2013-ին Ինքնագիր գրական ակումբը 2013-ին հրատարակեց Մարկ Նշանեանի թարգմանությամբ և վերջաբանով Մորիս Բլանշոյի «Վիպումներ» գիրքը: Այս գրքի վերջաբանից մի հատված. 1907ի ծնունդ էր։ Երբ մեռաւ 2003ին, ուրեմն շատ յա­ռա­ջացած տարիքի (հակառակ իր տկար կազմին ու կեանքի զա­նա­զան հանգրուաններուն՝ իր կրած առողջական արկած­նե­րուն), իր դամբանականը արտասանողը Ժակ Դեռիդան էր։ Դե­ռիդան էր որ կը կրէր իր բառերով «բոլոր անոնց խօսքը որոնք հոս եւ այ­լ­ուր սիրած են զինք, հիացած են անոր, զայն կար­դա­ցած են, լսած են, մօտեցած են այդ մարդուն զոր ամբողջ աշ­խարհին մէջ երկու կամ երեք սերունդէ ի վեր շատերս կը նկա­տէինք մեր ժա­մա­նա­կին մեծագոյն գրողներէն եւ մտածողնեէն մէկը, եւ ո՛չ թէ միայն այս երկրին մէջ»։ Բլանշոյ հրա­պա­րա­կին վրայ երեւ­ցող հեղինակ մը չէր։ Իր առանձնացած կեն­ցա­ղը, լրա­գրական աղ­մու­կէն իր խորշանքը, պատկերի աշխարհէն խուսա­փե­լու իր սո­վո­րութիւնը, «բոլոր տարաձայնութիւննե­րէն եւ բո­լոր պատ­կեր­նե­րէն, մշակոյթի բոլոր փորձութիւններէն եւ ընչա­քաղցու­թիւն­ներէն» հեռու մնալու իր որոշումը շուրջը հիւ­սած էին տա­րօ­րինակ լուսապսակ մը։ Ժողովրդական ըլլալու ձգտու­մը չկար իր մօտ, բացարձակապէս։ Իր մարզը գրա­կա­նութիւնն էր, գրելը, գրա­կանութեան տեսաբանութիւնը, գրա­կանութեան գաղտնիքը։ Բայց քաղաքական մար­զէն ներս եղած է միշտ ներկայ։ Ճիշդ է որ 1937էն ետք հետզ­հետէ դադրած է իր լրագրական գոր­ծու­նէ­ութիւնը քաղա­քա­կան մամուլի էջերէն ներս, բայց իր խօսքը լսելի դարձուցած է պատերազմի տարիներուն գերմանական գրա­ւումի շրջանին, աւե­լի ուշ՝ Ալճերիոյ պատերազմին դէմ, ու անգամ մը եւս՝ 1968ի Մայիսեան յեղափոխութեան ատեն։ Այդ իմաստով՝ ծայրագոյն յանձնառութիւններու մարդն էր, որ գիտ­ցած է նաեւ (նորէն Դեռիդայի բա­ռերով) «ամե­նէն դժուար շրջադարձերուն ենթարկել ինք­զինք», եղած է մէկը որ «վկայի դեր կատարած է միշտ, մեր մէջ հսկող վկայի մը», որուն անունը եղած է «ամենէն մօտիկ վկային անունը, բայց նաեւ չըն­կե­րակ­ցող բարեկամին անու­նը»։

Բնագրեր