Հօրմէս հազուադէպ հեռաձայն կը ստանամ, բայց երբ ստանամ, գիտեմ թէ նորէն «քաք մը կերած եմ»: Կը հեռաձայնէ միայն այն ատեն, երբ ընտանիքիս կամ ազգականներուս համար –կամ կարծիքով- տհաճ բան մը ըրած ըլլամ: Կը հեռաձայնէ եւ կը սկսի տարբեր նիւթի մը մասին խօսիլ. երբեք խնդրոյ բուն առարկային չ՚անդրադառնար. պարզապէս որպիսութիւնս կը հարցնէ -«գործերդ լա՞ւ են, ընկերուհի ունի՞ս…»- յետոյ կը մարէ հեռաձայնը: Ինք գիտէ, որ ես հասկցայ, թէ իրականին մէջ ինչու համար հեռաձայնած էր. կը կարծէ, թէ կը բաւէ այդքանը:

Չեմ գիտեր, թէ ինչու համար սա տարօրինակ ձեւն ընտրած է իր դժգոհութիւնը կամ անհամաձայնութիւնը յայտնելու համար, բայց միշտ անանկ էր, որչափ որ կը յիշեմ զինք: Այն ժամանակները, երբ մեր ընտանիքը տակաւին նոյն յարկին տակ կ՚ապրէր, հայրս միշտ զբաղած էր. ընտանիքը մեծ էր, ինք՝ մինակ, պիտի հասնէր ամէնուն. տունի ծախք, եղբայրներէն ոչինչով ետ մնալու մտասեւեռում: Հետեւաբար, շատ ժամանակ չէր մնար երախաներուն համար: Արդէն չէր ալ խօսեր մեզի հետ:

– Զաւէ՛ն, տղուդ հետ պիտի լրջօրէն խօսիս, հասկցնես որ իր վարքը խելքի պառկելիք բան չէ, ես ա՛լ չեմ կրնար այդ տղուն հետ, – կ՚ըսէր մայրս ծնողական հերթական հաւաքէն վերադառնալուն պէս, ուր, վստահաբար, դպրոցական «քաջագործութիւն»ներս յիշած էին նորէն:

Հայրս այդ վայրկեանին ոչինչ կ՚ըսէր. ամէն բան կախեալ էր երեկոյէն. եթէ երեկոյեան բան չըսէր, ուրեմն զանցանքս շատ լուրջ չէր գտած: Բայց կ՚ըլլար որ յանկարծ մօտենար եւ «եկուր քովս, խօսելիք կայ» ըսէր: Կ՚երթայի քովը գլխահակ:

– Ըսէ նայիմ, դասերդ ի՞նչպէս կը քալեն, – կը հարցնէր, յետոյ ուրիշ հարցումներ ալ կ՚ընէր, երբեք բուն նիւթին մասին չխօսելով սակայն: Ձայնը սովորական էր միշտ, բայց նայուածքին հիասթափութիւնը գոց կը կարդայի:

Սա հիասթափութի՜ւնը: Մանկութեանս եւ պատանութեանս շրջանին ամէնէն սարսափելի բանն էր ինծի համար. հիասթափել հօրս: Կ՚երեւի պատճառն այն էր, որ հայրս իտէալական մէկն ըլլալ կը կարծէի: Մանաւանդ մանկութեանս հօրս սակաւախօսութիւնը եւ պաղարիւնութիւնը կը վերագրէի խորհրդաւոր գործի մը, որ գաղտնապահութիւն կը պահանջէր: Յետոյ գիտցայ, որ պարզ վաճառականութիւն էր իր գործը, սակայն չհաւատացի. վաճառականութեամբ կը զբաղէր, վստահաբար, ուրիշ, աւելի՛ կարեւոր բան մը քօղարկելու համար: Հակառակ պարագային, ինչի՛ն պէտք էր այդ խստաբարոյ քաղաքավար կեցուածքը, ազնուական դիմագիծը եւ աթլէթիք կազմուածքը … Այդ կազմուա՜ծքը: Ո՜րչափ մեծ յուսախաբութիւն կ՚ապրէի ամէն օր, երբ հայելիին մէջ կը դիտէի վտիտ մարմինս եւ հասարակ դէմքս՝ պսակուած Թօլքինեան էլֆերուն վայել ականջներով: Մանկութեանս ունէի ամենակարող յոյս մը՝ օր մը չէ օր մը հօրս նմանելու, սակայն տարիներու հոլովոյթին մէջ հասկցայ, որ անկարելի երազ մըն է. կազմուածքս միշտ վտիտ մնաց, ականջներուս սրութիւնը չհարթուեցաւ: Հակառակին պէս եղբայրներս օրէ օր կ՚աղուորնային:

Իսկ ես սկսայ խուսափիլ հօրս աչքին երեւնալէ: Կ՚երեւակայէի այն յուսախաբութիւնը, որ հայրս պիտի զգար ամէն օր զիս տեսնելով: Գիշերներ կ՚ըլլային, որ կ՚արթննայի քրտինքներու մէջ մէ՛ն միակ մտքով՝ կրնա՞յ ըլլալ, որ ես հոգեզաւակ եմ:

Հաւանաբար 14-15 տարեկանիս էր, որ վերջնականապէս հասկցայ՝ հօրս եւ իմ միջեւ անյաղթահարելի տարածութիւն մը կայ: Կը մնար համակերպիլ այդ գաղափարին հետ եւ ընդունիլ նոր մը՝ սէրսէրի* պիտի ըլլամ:

Արդէն էութեամբս անանկ էի. մանկութենէս սկսեալ շատ մեծ դժուարութեամբ կը զսպէի մէջս օրէ օր զօրացող չարութիւններու ծարաւը: Ճշմարտութեան հանդէպ մեղք գործած պիտի ըլլամ, եթէ ըսեմ, թէ անկէ առաջ չարութիւններ չէի ըներ. կ՚ընէի, բայց միշտ կը ջանայի մեղմացուցիչ պարագաներ գտնել սա կամ նա արարքիս, գոնէ ինքզինքս խղճիս առջեւ արդարացնելու համար: Գիտակցելէ վերջ, որ երբեք պիտի չկարենամ հօրս հասնիլ, ալ վազ անցայ: Այլեւս չէի բռնանար էութեանս, ուզածս կ՚ընէի եւ կը հպարտանայի ալ. մէկ խօսքով, սէրսէրի ըլլալս ընդունեցի:

Հայրս երբեք բացէ ի բաց չըսաւ, թէ դժգոհ է ինձմէ, պարզապէս սկսաւ աւելի յաճախակի հարցումներ ընել առօրեայիս մասին, եւ ատենէ մը վերջ, կ՚երեւի թէ յոյսը վերջնականապէս կորսնցուցած, այլեւս դադրեցաւ բան մը ըսելէ:

Մեծ մամաս անգամ մը ըսած էր. եթէ լաւ մարդ ես, պիտի շատ լաւն ըլլաս, իսկ եթէ գէշ մարդ ես՝ «պիտի քաքէն գէշ ըլլաս». միջակութիւն երբեք չըլլաս: Եւ քանի որ սէրսէրի էի, ուրեմն պիտի «քաքէն» սէրսէրի ըլլայի:

Ըսեմ որ սէրսէրիները երբեք մինակ չեն ըլլար: Եթէ ինքզինքիդ յարգող սէրսէրի մըն ես, ուրեմն պիտի քեզիպէսներու խումբի մը անդամը ըլլաս, յուսալով թէ օր մը չէ օր մը, կրնայ ըլլալ, յաջողիս եւ աւազակախումբին պարագլուխը դառնաս:

Աւազակախումբ որ կ՚ըսեմ, շատ երեւելի բան չկարծէք, պարզապէս պարապ տղոց խումբ մըն էր, որ ամբողջ օրը շուկային մերձակայքը կ՚անցընէր աղջիկներու ետեւէն սուլելով կամ պզտիկները ծաղրելով: Շուտով զիս դպրոցէն դուրս դրին չյաճախելուս, իսկ յաճախած ատեն չարութիւններուս համար, եւ այլեւս կարելիութիւն ունեցայ աւելի շատ ժամանակ տրամադրելու ընկերներուս:

Երկու տարի վերջ սակայն հասկցայ, որ երբեք պիտի չկարենամ խումբին պարագլուխն ըլլալ. միակ քրիստոնեան էի խումբին մէջ. լսուա՞ծ բան է որ կեաւուրը խումբ մը թուրք եւ քիւրտ պատանի սէրսէրիներ ղեկավարէ: Անշուշտ այս ամէնը ես չէի, որ հասկցայ, Ահմէտն էր որ օր մը ըսաւ ինծի ասիկա: Այդպէս այդ յոյսս ալ կորսնցուցի:

Արդէն 17 էի, երբ մայրս սկսաւ ակնարկել, թէ ատենն է որ գործ մը գտնելու մասին խորհիմ: Շատ լաւ հասկնալով, որ այդ ակնարկութիւնները շուտով պիտի ամէնօրեայ տաղտկալի քարոզներու վերածուէին, շուտ մը գլուխս ազատելու համար սկսայ խորհիլ ընտանիքէս հեռանալու մասին: Բայց ատ ալ դիւրին բան մը չէր. դրամ պէտք էր, ընտանիքիս օժանդակութեանն ալ չէի կրնար ապաւինել, որովհետեւ հօրս գործերը արդէն երկու տարիէ ի վեր ծուռ կը քալէին: Ամբողջապէս այս մտածումներու մէջ էի երբ 18 տարիս լրացաւ եւ զինուորութեանս շրջանը հասաւ: Մայրս կու լար, հայրս երեք օր սենեակէն չելաւ (հաւանաբար ծանր էր իրեն համար գիտակցիլ, որ ատենօք կրցած էր եղբայրներս կերպով մը ազատիլ բանակէն, բայց կարգը ինծի հասնելուն ոչինչ կրցած էր ընել), իսկ ես զինուորութիւնը տեսակ մը ազատագրումի պէս բան ընդունեցի: Անշուշտ, հոս ալ պիտի յուսախաբ ըլլայի. 15 ամիս վերջ վերադարձայ պարպուած եւ ա՛լ աւելի ներամփոփ, քան եղած էի երբեւէ, եւ թերեւս պատրաստ էի արդէն համակերպիլ այն բանին հետ, որ այլեւս երբեք կեանքիս մէջ բանի մը պիտի չհասնիմ, երբ կաղանդի արձակուրդի համար Պոլիս եկած կրտսեր հօրեղբայրս նոր յոյս մը տուաւ ինծի:

Սա կրտսեր հօրեղբայրս բանով մը չ՚առանձնանար մեր տոհմին մէջ. պարզապէս երիտասարդ ատեն չկարենալով այլեւս դիմանալ եղբայրներու, քոյրերու եւ անթիւ-անհամար հօրաքոյր-մօրաքոյրերու պարտադրուած սիրոյն, նաեւ ըսելով թէ կը գանի այլեւս սա Արեւելքէն՝ Փարիզ փոխադրուած է տարիներ առաջ , եւ, հաւանաբար, հասկնալով ի վերջոյ, որ Արեւելքէ չես փախչիր, սեփական «Արեւելք»ը հիմնած է Ֆրանսայի մէջ՝ արեւելեան անուշեղէններու խանութ մը:

Ուրեմն սա հօրեղբայրս ըսաւ ինծի.

– Ի՞նչ կ՚ընես կոր հոս, ծօ՛, ոչ գործ ունիս, ոչ ալ դպրոց կ՚երթաս. Փարիզ եկուր, քովս գործի կը դնեմ:

Հօրեղբօրս տիկնոջ նայուածքէն հասկցայ, որ ինք շատ չ՚ախորժեր այդ հեռանկարէն, եւ որ ամուսինը կանխաւ չէր խօսած իրեն հետ: Հաւանաբար, կը յուսային, թէ պիտի մերժեմ, սակայն օդին մէջ ըսուած այս առաջարկը միակ բռնուելիք տեղն էր իմ ծանծաղ կեանքիս մէջ: Ապուշ ալ չէի սակայն, շատ լաւ կը հասկնայի, որ պարզապէս ալքոլի ազդեցութեան տակ ըսուած խօսք էր, անոր համար պիտի աւելի խորամանկ ըլլայի: Նոյն օրը հօրս հետ զատէն խօսեցայ, ըսելով թէ հօրեղբայրն ասանկ բան առաջարկած է, եւ ես ալ շատ հաւնած եմ այդ գաղափարը: Յաջորդ օրն արդէն հայրս շնորհակալութիւն կը յայտնէր եղբօրը նման մեծահոգի առաջարկին համար. կ՚երեւի իր համար ալ փրկութեան պէս բան մըն էր ինձմէ ազատիլը: Այսպէս խեղճ հօրեղբայրս ինքզինք ծուղակը ձգեց:

Երբ արձակուրդին շրջանը լրացնելով պիտի մեկնէր արդէն, վերջին յոյսով մը փորձեց շտկել սա անյարմար իրավիճակը.

– Վստա՞հ ես, որ կ՚ուզես ամէն բան այսպէս ձգել եւ կեանքդ ամբողջապէս փոխել:

– Այո՛, – ըսի կտրուկ՝ շիտակ աչքերուն մէջ նայելով:

– Դուն գիտես, – ըսաւ յուսահատ եւ հրաժեշտի ողջոյն տուաւ:

Քանի մը ամիս վերջ կրցայ գործերս կարգադրել, Ֆրանսա մուտքի արտօնագիրը ստացայ, հրաժեշտ առի ընտանիքէս եւ բռնեցի դէպի նոր կեանք տանող ճամբան:

Ինծի ճամբելու համար օդակայան եկած բազմանդամ ընտանիքիս մէջ միայն հայրս լուռ էր:

* * *

Դժուար կու գայ զինուորութիւնը նախկին սէրսէրիի մը համար. լռել եւ կատարել այն ամէնն, ինչ որ կը պահանջեն քեզմէ. ատոր վրայ նաեւ կը բարդուի գիտակցումը քրիստոնեայ, ան ալ՝ հայ ըլլալու. կը ջանաս անկիւն մը քաշուիլ եւ շատ չերեւիլ, ինչ որ ամբողջապէս հակոտնեայ է նախկին կեանքիդ: Ի վերջոյ սէսէրի եղար, որովհետեւ կ՚ուզէիր բան մը ըլլալ: Բայց չ՚ըլլար որ բանակին մէջ անհատականութիւն ըլլաս: Բանակը կը սեղմէ անհատականութիւնները եւ կը շարէ միեւնոյն մակարդակին վրայ, կերպով մը հաւասարեցնելով ամէնը. ով որ ալ ըլլաս, որու տղան որ ալ ըլլաս՝ նոյնն է երազը եւ յոյսը ամէնուն քով՝ համազգեստէն ազատի՜լ: Ամենափրկիչ սպասում մը՝ վերադարձ: Այդ գլխաւոր սպասումէն զատ արձակուրդին գաղափարն է միակը, որ քիչ մը գոյն կու տայ բանակային գորշ օրերուն:

Եւ ուրեմն օր մը ես ալ արձակուրդի եկայ: Մէկու մը բան չէի ըսած, արդէն գիտէի որ ընտանիքիս նիւթական վիճակը շատ լաւ չէ. մասնաւոր ծախք պիտի ընէին, ի՞նչ պէտք կար: Արձակուրդիս մէկ շաբաթն անցաւ ակնթարթի մը պէս. կար եւ չկար, եւ ահաւասիկ վերադարձիս օրն է: Հայրս քովը կը կանչէ. նորէ՞ն բան մը ըրած եմ: Երբ կը մօտենամ քանի մը ծալլուած թղթադրամ կը պարզէ ինծի: Կ՚առնեմ, կը համրեմ. երկու հազար լիրա: Շատ է, վստահաբար մէկէ մը փոխ առած է, երկու տարի է արդէն չ՚աշխատիր:

– Չէ՛, պապա, պէտք չունիմ, – կը փորձեմ վերադարձնել դրամը:

– Ա՜ռ կ՚ըսեմ, – ոճը հրամայական չէ, աւելի շատ՝ աղաչական: Աչքերուն արցունքներ կը տեսնեմ եւ կը ջանամ նայուածքս փախցնել:

Ամէն բան գլխիվայր շրջուեցաւ այդ օրը: Թէեւ այլեւս երբեք չեմ տեսած հօրս այնչափ խղճուկ եւ անպաշտպան, բայց չկրցայ ներել իրեն պատանեկան իտէալս այդպէս անվերադարձ փճացնելու համար: Այլեւս չվերականգնուեցաւ պատկառանքս իր անձին հանդէպ, եւ քիչ առ քիչ սկսայ չարութեամբ լեցուիլ:

Անկէ վերջ միշտ երբ հայրս դէմքին խիստ արտայայտութիւն տուած զիս իր քովը կանչէր, իսկոյն այն պատկերը կու գար. հայրս՝ արցունքոտ աչքերով, եւ իսկոյն կը դադրէի վախնալ սա մարդէն: Տեսակ մը արհամարհանք կը զգայի նոյնիսկ:

Բայց կ՚ըսեն թէ կարօտն ունակ է շրջել ամէն բան: Երեք տարի ամբողջ տունէս հեռու ըլլալով սկսայ տունս կարօտնալու, յետոյ, քիչ առ քիչ՝ ընտանիքիս անդամներուն:

Ըսել թէ Փարիզի մէջ չյաջողեցայ՝ ճշմարտութեան դէմ կ՚ըլլայ: Բարեխղճօրէն աշխատելու սկսայ հօրեղբօրս խանութին մէջ, եւ քիչ առ քիչ հօրեղբայրս եւ իր տիկինը նոյնիսկ սկսան հաւատալ, թէ ճիշդ որոշում ընդունած էին, զիս Ֆրանսա հրաւիրելով: Կը դժուարանամ գործիս շիտակ անուն մը տալ. առտու կանուխ պիտի ելլեմ, խանութը բանամ, անցնիմ վաճառասեղանին ետեւը: Մէկ ժամ վերջ հօրեղբայրս զիս փոխարինելու պիտի գայ, իսկ ես պիտի անցնիմ զանազան գործերու: Ամէն օր տարբեր են անոնք. նոր ապրանք ապսպրել, սակարկել, հասցնել խանութ, տեղաւորել պահեստին մէջ… Մէկ խօսքով՝ գլուխ կը բերէի:

Իրիկունները ընթրիքէն վերջ կ՚ելլէի քիչ մը պտըտելու: Ընկերներ չունէի. արեւելքցիներէ կը խուսափէի արդէն, տեղացիներն ալ իմ պէտքս չունէին: Բայց չէ, չէի դժգոհեր. կեանքս տեսակ մը կանոնաւոր հունի մէջ մտած էր: Կրնայ ըլլալ որ քովէն դիտողի համար շատ ձանձրալի եւ միապաղաղ թուէր այն, բայց ճիշդ ա՛յդ է, որ կը գրաւէր զիս. ոչ մէկ բանի մասին կը մտածէի, առտու գործի կ՚երթայի, իրիկունը պտոյտի կ՚ելլէի, ատեն առ ատեն Համացանցին վրայ աղջիկի մը հետ կը ծանօթանայի, կը հանդիպէինք մէկ գիշերուան համար, յետոյ կը բաժնուէինք: Արդէն աւելին չէի ալ ակնկալեր. կանոնաւոր ֆրանսերէն չեմ գիտեր, անգլերէնս տկար է, գիտցածս միւս լեզուները գիտցող աղջիկներն ալ արդէն մէկ գիշեր քովդ գալու համար նախ պիտի պահանջեն, որ ծնողներուն հետ ծանօթանաս, յետոյ նշանտուք ըլլայ… մէկ խօսքով՝ աւելորդ գլխու ցաւ:

Ինչ որ է, ամէն բան լաւ էր, մինչեւ կէս տարի առաջ Գարլային հանդիպիլս: Ամէն բանին «մեղաւոր»ը դրացի թուրք տղայ մըն էր, ինձմէ ալ քիչ մը պզտիկ, որ յամառօրէն հետս ընկերութիւն ընել կը փորձէր: Այդպէս, Ուրբաթ իրիկուն մը, երբ մասնաւոր ոչինչ ունէի ընելիք, սա տղան կրցաւ համոզել զիս եւ իրարու հետ տանս-քլապ գացինք: Նոյնիսկ չեմ գիտեր, թէ ինչու համաձայնեցայ, կ՚երեւի հետաքրքրութիւնն էր զիս առաջ մղողը. ֆրանսական քլապերու մասին առասպելներ կը պատմեն, իսկ ես տակաւին չէի եղած:

Շիտակը, սպասելիքներս շատ չարդարացան, թէեւ շատ ալ չէի պատկերացներ թէ ճիշդ ի՛նչ կը սպասէի: Սովորական քլապ մըն էր, քիչիկ մը տարբեր Պոլսոյ քլապերէն: Կ՚երեւակայէի թէ հոն աղջիկներն իրենք պիտի մօտենային եւ հետապնդէին զիս: Անշուշտ, կը մօտենային, բայց ոչ ինծի: Մէկ-երկու աղջիկ կարծես թէ հասկցնել տուին, որ դէմ չէին ըլլար, եթէ մօտենայի իրենց, բայց շատ իմ ճաշակովս չէին:

Այդպէս պառին քով անկիւն մը նստած անյայտ անունով գոգթէյլ մը կը խմէի եւ պարողներուն կը նայէի, երբ քովս աղջիկ մը նստեցաւ. վրաս իսկ չնայեցաւ, բայց ես, ինչպէս մեր կողմերը կ՚ըսեն, իսկոյն «զարնուեցայ»: Եթէ բանաստեղծ ըլլայի, թերեւս կարենայի նկարագրել իր արտաքին երեւոյթը, բայց չեմ, եւ պիտի ստիպուիմ ըսել միայն, թէ կերպով մը հասկցայ, որ ասիկա ճիշդ այն արտաքինն էր, որու համար կրնայի եւ մեռնիլ: Եթէ կը խորհիք, թէ սկսայ երեւակայել՝ ինչպէս կը մօտենամ, կը խօսիմ, յետոյ ինքն ալ զիս կը հաւնի, կը սկսինք հանդիպիլ, նշանտուք, ամուսնութիւն, մերձեցում ծովափին լուսնի լոյսի ներքոյ եւայլն, ապա կը սխալիք: Պարզապէս առնանդամս ցաւալիօրէն պրկուեցաւ եւ անասելի տխրութիւն զգացի: Աչքս ինկաւ պառմընին ետին շարուած անթիւ շիշերուն մէջ արտացոլուող կիսադէմիս. ականջներս երբեք այսչափ սուր երեւոյթ չէին ունեցած, որչափ այդօր: Թէեւ վերջին երեք տարիներու ընթացքին Փարիզի մէջ շատ մը էլֆերու սիրահար աղջիկներու հանդիպեցայ, բայց այս մէկը վստահաբար անոնցմէ չէր: Սրահին կիսախաւարին մէջ սկսայ անհարթ դէմքս շոշափել. անյոյս էր ամէն բան: Աղջիկը գլուխը դարձուց եւ ինծի նայեցաւ, թէեւ կանոնաւոր գինով էր, բայց յստակ գծուած արհամարհանք տեսայ ակնարկին մէջ: Տեղէս ելայ եւ կամացուկ դէպի ելքը քալեցի:

Թաղին անկիւնը կեցած կը փորձէի թաքսի որսալ, երբ ետեւէս տարօրինակ ձայներ լսեցի. դարձայ որ աղջիկ մը ծունկի եկած էր շէնքին տկար լուսաւորուած մէկ անկիւնը եւ յայտնի չէր թէ ինչ կ՚ընէր: Քիչ մը տատամսելէն վերջ կամացուկ քալեցի դէպի աղջիկը. ամէն քայլին հետ կը համոզուէի անկարելիին կարելիութեան. պառին մօտ քովս նստած աղջիկն էր: Վնաս չունէր որ ծալլուած կը փսխրտկուէր եւ բնաւ գեղեցիկ տեսարան չէր պարզեր այդ վիճակին մէջ. ասկէ յարմար առիթ պիտի չունենայի երբեւէ: Երբ մօտեցայ, ծնկած սեփական փսխուքին մէջ, կը դողար. գրկեցի եւ կեցուցի:

– Ինչո՞վ կրնամ օգտակար ըլլալ, – ըսի ջանալով կրցածիս չափ յստակ արտաբերել ֆրանսերէն բառերը:

– Չէ.. տուն պիտի երթամ…, – ըսաւ ճօճուելէն եւ պիտի իյնար, եթէ շուտ մը չպահէի:

– Ես կ՚ուղեկցիմ, տունդ ո՞ւր է, – ըսի եւ առանց պատասխան առնելու անցնող թաքսիի մը սուլեցի. կեցաւ:

Օթոյի բաց պատուհանէն եկող թարմ օդը քիչ մը սթափեցուց աղջիկը եւ կրցաւ տան հասցէն ըսել վարորդին: Ամբողջ ճամբան լռեց, ակնարկն անյայտ կէտի մը յառած, իսկ ես չյամարձակեցայ լռութիւնը խախտելու: Երբ իրենց շէնքին առջեւ կեցանք, քիչ թէ շատ արդէն վերագտած էր ինքնատիրապետումը:

– Շատ շնորհակալ եմ, – ըսաւ եւ ելաւ թաքսիէն, յետոյ ետ դարձաւ եւ նոյնիսկ ժպտիլ փորձեց: Լուռ հետեւեցայ շէնքին շքամուտքէն ներս մտնելուն, յետոյ վարորդին հօրեղբօրս տունին հասցէն տուի:

Տուն հասնելուն պէս սենեակս անցայ, թաղուեցայ վերմակներուն տակ եւ ջանացի մոռնալ ամէն բան, պարզապէս մտածումներէս դուրս վռնտել աղջիկը: Ատկէ առաջ ալ եղած էր որ աղջիկ մը հաւնիմ, բայց այսպէս ցաւալի զգացումներ չէի յիշեր:

Միշտ ամչցած եմ սիրոյ գաղափարէն: 11-12 տարու մանչ մըն էի տակաւին, երբ աւագ եղբայրս առաջին անգամ իր ընկերուհին բերաւ մեր տուն ընթրիքի: Երեկոյեան, երբ մօրս կ՚օգնէի լուացուած պնակները չորցնելու, մայրս, որ շատ խանդավառ էր այդ օր, ինծի դարձաւ.

– Դուն ալ անանկ անուշիկ աղջիկ մը պիտի գտնես:

– Հարկա՜ւ, – ըսի:

– Հիմա մէկը կա՞յ, որ կը հաւնիս, – հարցուց:

Տակաւին աղջիկներու վրայ խորհելու չէի սկսած, բայց մօրս յուսախաբ չընելու համար սկսայ յիշողութիւնս պրպտել եւ գիտցածս ամէնէն գեղեցիկ աղջկան անունը տուի: Գայիանէն մեր դրացին էր եւ այն ատեն արդէն հասած աղջիկ մը ըլլալու էր: Փոխարէն հիացումի եւ դրուատանքի խօսքերու, մայրս խնդալու սկսաւ: Չդադրող խնդուքի ձայնին շուտով մերիններն ալ աճապարեցին խոհանոց, եւ մայրս ծիծաղի ընդմէջէն ամէնուն պատմեց իմ «գաղտնի սիրոյ»ս մասին: Համատարած ծաղրի եւ խնդուքի մէջ կը ջանայի հասկնալ, թէ ի՞նչ սխալ բան ըսած եմ: Սա ծա՜ղրը, որ ամիսներ տեւեց: Բանը հասաւ հոն, որ մայրս նոյնիսկ Գայիանէին պատմեց: Շաբաթներ ամբողջ գաղտուկ տունէն կ՚ելլէի կամ կը դառնայի աղջկան ալ ծաղրալի նայուածքին չհանդիպելու համար: Հաւանաբար այն ատեն էր, որ «ուխտ ըրի» երբեք չսիրահարիլ, որովհետեւ եթէ սիրահարէի, պիտի, ինչպէս կարգն է, աղջիկը բերէի ծնողներուս հետ ծանօթացնելու, եւ… նորէն ծաղրի առարկայ պիտի դառնայի: Չէի դիմանար, գետնին տակը կ՚անցնէի: Անշուշտ, չկրցայ բնաւ չսիրահարիլ, բայց գրեթէ միշտ խուսափեցայ աղջիկներուն ներկայութենէ: Գուցէ ծաղրուելու այն մանկական վախն էր պատճառը, գուցէ անշուք արտաքինս, որ միշտ պատրանաթափ կ՚ընէր զիս, չեմ գիտեր, բայց նոյնիսկ սէրսէրիի կարգավիճակս չկրցաւ բաւական համարձակութիւն տալ ինծի:

Հիմա ծաղրուելու մանկական վախն այլեւս չէր հետապնդեր զիս, բայց… Նորէն արտաքինիս մասին պիտի խօսիմ: Ի՞նչպէս պիտի յուսամ, թէ այդ աղջիկը կրնայ ուշադրութիւն դարձնել ինծի:

Բայց յաջորդ օրը նորէն այդ քլապը գացի: Թէ ճիշդ ի՞նչ կը յուսայի՝ չեմ կրնար ըսել: Աղջիկը կրնար նոյնիսկ չյիշել զիս, այնչափ որ գինով էր անցեալ օրը: Եթէ յիշէր իսկ, վստահաբար հաճելի յիշատակներ չէին, որ պիտի արթնցնէի: Բայց աղջիկը չկար:

Զինք անգամ մըն ալ տեսնելը, գոնէ հեռուէն, մտասեւեռումի պէս բան մը դարձաւ ինծի համար: Հասցէն գիտէի. եթէ կիրակի օրն ալ քլապ չգար, պիտի երթայի եւ իր բնակած շէնքին բոլորտիքը այնչափ դառնայի, մինչեւ ելլէր եւ… եւ ի՞նչ: Ահաւասիկ հարցում մը, որուն պատասխանել կը խուսափէի, որովհետեւ պատասխան չունէի:

Բայց կիրակի հոն էր: Մինակ չէր, աղջկայ մը հետ էր: Այս անգամ աւելի գեղեցիկ գտայ զինք, քան առաջին հանդիպումին: Մութ անկիւն մը նստած լուռ կը հետեւէի շարժումներուն: Ի՞նչ գործ ունիս հոս, ո՞վ է սա աղջիկը, նոյնիսկ չես ճանչնար, ի՞նչ կ՚ուզես կոր իրմէ, ի՞նչ կը սպասես… Չէ, պիտի մօտենամ, մօտենամ  եւ բարեւեմ, որպիսութիւնը հարցնեմ… Ո՜րչափ ալ անուշիկ կը ժպտի… այն աղջկան…: Յետոյ աւելի հակեցաւ, եւ աղջիկներուն շուրթերը ձուլուեցան մէջս ամէն բան տակնիվրայ ընող համբոյրի մը համար:

Աննկատ հեռանալու համար տեղէս կ՚ելլեմ եւ դէպի դուռը կ՚ուղղուիմ, սակայն ակնթարթի մը մէջ միտքս կը փոխեմ եւ վստահ քայլերով աղջիկներուն կը մօտենամ: Սկիզբը զարմացած ինծի կը նային, յետոյ իմ ճանչուորիս դէմքը կը լուսաւորուի:

– Օ՜, բարեւ, – կ՚ըսէ, յետոյ ընկերուհիին կը դառնայ, – սա տղան էր, որ ինծի տուն հասցուց առջի օրը: Ծանօթացէ՛ք, Լիքա եւ…ըըը…

– Գրիգոր, – կ՚ըսեմ:

– Եկուր մեզի, Գիրի-գոր…

– Գրի՛գոր… քու անունդ չըսիր:

– Ա՜հ, կը կարծէի թէ ըսած եմ այն օրը. Գարլա…

Երկօրեայ երազներուս անանուն աղջիկն ուրեմն Գարլա կը կոչուէր: Նստած եմ հետերնին բաւական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ: Երկուքն ալ բարեկամաբար տրամադրուած են, հարցումներ կ՚ընեն. ուրկէ՞ ես, ի՞նչ կ՚ընես հոս… Սկիզբը քրտինքներու մէջ կը ջանամ ճիշդ արտաբերել ֆրանսերէն բառերը, յետոյ, գարեջուրի երրորդ շիշէն ետք, այլեւս լեզուս կը բացուի, ինչպէս կ՚ըսեն մեր կողմերը: Հաւանաբար ալքոլին հետ արիւնիս մէջ մտած համարձակութիւն մը յանկարծ կը ստիպէ ըսելու.

– Գիտե՞ս, առաջին աղջիկն ես կեանքիս մէջ, որ հաւնած եւ պարզապէս մօտեցած եմ, ան ալ՝ լէսպիան ես…

Կ՚ըսեմ եւ յանկարծ խնդալու կը սկսիմ: Աղջիկները երկվայրկեան մը միայն կը շուարին, յետոյ ինծի կը միանան:

Երեքս ալ գինով ենք եւ ուրախ:

***

Այսպէս ծայր առաւ մեր անքակտելի բարեկամութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ անվերջանալի ընդհարումներս հօրեղբօրս եւ իր տիկնոջ հետ: Երեք տարուան բարեխիղճ աշխատանքս եւ վարածս համեստ կեանքը չբաւեցին հօրեղբօրս աչքին մեղմելու համար «զանցանքներս»: Իսկ այդ զանցանքներս կ՚երեւի իրաւ մեծ են. նախ Գարլայի եւ Լիքայի հետ մեր երրեակ միութիւնը աւելի կէսգիշերային կեանքը կը նախընտրէ. ամէն օր տարբեր քլապեր կը յաճախենք, տուն դառնալով լուսադէմին մօտ միայն: Երբեմն այդչափ ուշ հօրեղբօրս տուն չդառնալու համար աղջիկներուն բնակարանը կը պառկիմ բազմոցին վրայ: Անշուշտ առտու կանուխ ելլելն ու գործատեղի երթալն արդէն յաճախ անկարելի բան մը կը դառնայ:

Հօրեղբօրս գայթակղութիւնը երթալէն կը մեծնար եւ օր մը ինք, կամ կինը, հեռաձայնեցին եւ ամէն բան պատմեցին ծնողքիս:

Դժուար չէ հասկնալ, որ անկէ ետք ամէն օր ջղացնցային հեռաձայններ կը ստանամ մօրմէս, եղբայրներէս, որ կը խրատեն խելքս ժողվել, հօրեղբօրս հանդէպ այդչափ ապերախտ չըլլալ եւայլն: Ատենէ ատեն նաեւ հօրմէս հեռաձայն կը ստանամ: Ոչինչ փոխուած է հօրս ոճէն. հարցումներ կ՚ընէ՝ լա՞ւ եմ մը, գործերս ի՞նչպէս են: Երբեք չ՚ըսեր թէ ճիշդ ի՛նչն է պատճառը իր հեռաձայնին:

Իսկ իմ եւ աղջիկներուն բարեկամութիւնը երթալէն աւելի կը ջերմանայ: Ինչպէս վայել է բարեխիղճ արեւելքցիի մը, անոնց կ՚ընկերակցիմ ամէնուր. չըլլայ որ մէկը նեղացնէ: Իրենք ալ ատենէ մը ի վեր ինծի իբրեւ եղբօր սկսած են վերաբերիլ: Անշուշտ համակերպած եմ, որ Գարլան Լիքային կը սիրէ, բայց ատեններ կ՚ըլլան, որ տակաւին կ՚անդրադառնամ երանութեամբ մը Գարլային գաղտուկ հետեւելուս: Երբեմն սեռային երազներ ալ կ՚ունենամ, բայց կրցած եմ համակերպիլ նաեւ այդ գաղափարին. անյուսօրէն կը սիրեմ Գարլան, բայց ակռաներովս իսկ պիտի պաշտպանեմ այս երկուքին սէրը: Աղջիկները ոչինչ գիտեն այս ամէնուն մասին եւ տարօրինակօրէն իմ ներկայութիւնս կը փնտռեն: Ատենէ մը ի վեր նաեւ կիրակիներս սկսած եմ անոնց հետ անցնել, ինչ որ բնականաբար հօրեղբօրս սրտով չէ:

Օր մը հօրեղբօրս հետ հաշտուելու համար աղջիկներուն առի եւ հետս իր խանութ տարի: Կը յուսայի, թէ տեսնելով ինչ հաճելի մարդոց հետ ժամանակս կ՚անցնեմ հօրեղբայրս պիտի մեղմէր իր զայրոյթը: Սակայն ակռաներուն մէջէն նետուած «ի՞նչ գործ ունիս սա բոզերուն հետ» մը ա՛լ աւելի խորացուց մեր գժտութիւնը եւ արդէն խորհելու սկսայ, որ ժամանակն է հօրեղբօրս տունէն ելլելու:

Սակայն ո՞ւր երթամ: Եթէ տունէն ելլեմ, ուրեմն գործն ալ պիտի ձգեմ, իսկ շուտ մը նոր գործ գտնելու շատ յոյս չունիմ. Ֆրանսա այսչափ գործազուրկներ կան, չեմ կարծեր թէ ամէնը կեցած զիս կը սպասեն: Գարլան առաջարկեց որ ժամանակաւորապէս իրենց փոխադրուիմ, սակայն չուզեցի. արդէն ամէն օր իրարու հետ ենք, կը վախնամ ձանձրացնել զիրենք, իսկ այս բարեկամութիւնը տարօրինակօրէն միակ բանն է հիմա, որ ինծի համար արժէք ունի:

Ճիշդ այս մտահոգութիւններու մէջ կը տապլտկէի, երբ ասկէ շաբաթ մը առաջ Գարլան հեռաձայնեց եւ ըսաւ թէ հետս լուրջ խօսելիք ունի եղեր: Երբ սովորական կատակներս սկսայ ընել, յանկարծ անդրադարձայ թէ աղջիկը շատ լարուած է եւ չի խնդար: Վախցայ: Շատ վախցայ: Վստահաբար ա՛լ զզուեր են ինձմէ: Ժամադրած տեղն ալ արդէն մտահոգութիւններու նոր դուռ կը բանար. քաղաքին համբաւաւոր ճաշարաններէ մէկը: Ասանկ տեղեր կամ ամուսնութեան առաջարկ կ՚ընեն, կամ կ՚ըսեն թէ քեզմէ երախայ կը սպասեն, կամ ալ կը բաժնուին: Առաջին երկուքին անկարելի ըլլալուն միայն երրորդը կը մնար:

Դժուարաւ տեղին պատշաճող հագուստ մը կը գտնեմ եւ նշուած ժամուն հոն կ՚երթամ: Ներս կը մտնեմ որ աղջիկներն արդէն նստած են: Անոնց տեսնելով քիչիկ մը կը թեթեւնամ. թէեւ քիչ մը լարուած կ՚երեւին, բայց սովորական ջերմութեամբ կը բարեւեն: Առաջին անգամ կը տեսնեմ զանոնք դասական հագուածքի մէջ. Գարլան ըսես Ուոլթ Տիզնիի գծանկարուած իշխանուհիներէ մէկն ըլլայ: Ասանկ աղջիկ մը եթէ մօրս հետ ծանօթացնէի, ուզէր ալ չէր կրնար ծաղրել…

– Գիրի-գոր, – կ’ըսէ Գարլա սեղանին վրայ պնակները դասաւորող սպասեակի ներկայութեամբ պարտադրուած տեւական լռութենէ մը վերջ, զիս իմ մտքերէս կտրելով, – գիտես, որ ես եւ Լիքան արդէն երկու տարի է միասին կ՚ապրինք: Կը խորհիմ թէ բաւական ժամանակ անցած է յառաջ քալելու համար… իսկ այդ առաջը… այսինքն միւս քայլը…է-է…մէկ խօսքով կը կարծենք, թէ… պատրաստ ենք ծնողք դառնալու…

Ապուշ նայուածքէս հասկնալով, որ ունակ չեմ բան մը ըսելու, Գարլա կը շարունակէ.

– Ասիկա մտածուած եւ ապրուած որոշում մըն է եւ ոչ վայրկեանական ներշնչում: Երկուքս ալ հասուն ենք ու պատրաստ այդ քայլին… բայց հոգեզաւակ չենք ուզեր. որոշած ենք, որ ե՛ս պիտի ծնիմ մեր զաւակը… Սակայն չենք ուզեր սփէրմի պանք դիմել, իսկ դուն… մեր ամէնէն մտերիմ մարդն ըլլալով… ի՞նչ կը խորհիս…

– Հէ՞…

– Մեր զաւակին հայրը կ՚ըլլա՞ս… կենսաբանական հայրը, – կ՚ըսէ յանկարծ Լիքա, ապուշութենէս յուսահատ:

– Այսինքն, – կ՚ըսեմ շուարած, – պիտի պառկի՞մ հետերնիդ…չէ միայն մէկուդ հետ…

– Չէ, ապուշ, – կ՚ըսէ Գարլա խնդալէն, – միայն սերմիդ պէտք ունինք: Ե՞ւ, ինչ կը խորհի՞ս:

Սա ապուշ փողկապը կապած չըլլայի. կը խեղդուիմ: Աղջիկներն ալ սպասողական նայուածքնին ինծի յառած են: Կռնակէս քրտինք կը ծորի:

– Կրնա՞մ բաղնիք երթալ, – կ՚ըսեմ կմկմալէն:

– Անշուշտ, մի՛ աճապարեր, – կ՚ըսէ Գարլա, – եթէ մտածելու պէտք ունիս, մտածէ որչափ որ պէտք է:

Ոչինչ պատասխանելով դէպի բաղնիք կը քալեմ:

Հայր ըլլալ… երբեք չեմ խորհած ասոր մասին: Նախկին սէրսէրին կրնա՞յ հայր ըլլալ…

Փողկապիս կապը կը թուլցնեմ, պաղ ջուրով երեսս կը լուանամ, յետոյ հայելիին մէջ շուարած նայուածքս կը բռնեմ: Կալաթայի շուկայի նախկին սէրսէրին՝ կեցած Փարիզի ամէնէն համբաւաւոր ճաշարաններէ մէկու մը բաղնիքին մէջ: Անզգալաբար խնդալու կը սկսիմ: Յետոյ կտրուկ կը կենամ. դէմքս հայելիին կը մօտեցնեմ եւ ուշադրութեամբ մը ինզինքս ուսումնասիրելու կը սկսիմ, այնպէս, ինչպէս տարիներ առաջ Գուրթուլուշի մեր յարկաբաժնին մէջ: Իրաւունք ունի՞մ սա անշուք դիմագիծս իբրեւ ժառանգութիւն անմեղ երախայի մը թողուլ… Չէ, իմ տգեղութիւնս Գարլային գեղեցկութենէ զօրաւոր չի կրնար ըլլալ: Այդ երախան,վստահաբար, պիտի Գարլային գեղեցկութիւնը ժառանգէ: Փարիզի ամէնէն գեղեցիկ տղան կամ աղջիկը պիտի ըլլայ, եւ օր մըն ալ անոր ձեռքը բռնած մեր տուն պիտի երթամ. Պոլի՛ս: Մայրս դուռը պիտի բանայ որ ես կեցած եմ հրաշք պզտիկի մը հետ: Պիտի շուարի, քանի որ լուր չեմ տուած գալուս մասին: «Թոռնիկդ է», – պիտի ըսեմ, իսկ մայրս աչքերուն պիտի չհաւատայ: Յետոյ պիտի ներս մտնենք, ուր հայրս պիտի գտնենք: Արդէն ծերութեան սեմին մօտեցող հայրս հոն պիտի հասկնայ, որ ես այնչափ անյոյս մէկը չէի, որ իր գեղեցկութիւնն ու ազնիւ նկարագիրը պարզապէս ննջած էին իմ մէջս տեղ մը, յետոյ կրկնակի ուժգնութեամբ սա մանուկին մէջ արթննալու համար: Հայրս ոչինչ պիտի ըսէ, բայց նայուածքով ինձմէ ներողութիւն պիտի խնդրէ այսչափ տարիներ ինծի չվստահելու եւ վրաս կասկածելու համար…

Պիտի վերադառնամ ալ. աղջիկներուն շատ սպասցուցի:

– Համաձայն եմ, – կ՚ըսեմ իսկոյն, չձգելով որ անոնք նոյնիսկ շունչ առնեն, – բայց պայման մը ունիմ…

Իրարու կը նային, յետոյ սպասողական նայուածքնին ինծի կ՚ուղղեն:

– Համաձայն չեմ միայն կենսաբանական հայր ըլլալ. կ՚ուզեմ որ զաւակս ճանչնայ զիս, կ՚ուզեմ մասնակցիլ իր կեանքին, – կը կենամ, բայց աղջիկները լուռ են: – Դուք կը ճանչնաք զիս եւ գիտէք, որ իմ յարաբերութիւններս զաւկիս հետ ձեզ բնաւ պիտի չխանգարեն. գիտէք նրբանկատութիւնս, – կ՚աւելցնեմ յուսահատ շեշտով մը:

Քանի մը երկվայրկեան լռութիւն կը տիրէ: Ճաշարանին պզտիկ նուագախումբը շատ հին վալս մը կը նուագէ:

– Կը կարծեմ, որ ամէն բան օքէյ է, – կ՚ըսէ Գարլա երկար լռութենէ մը վերջ, – անձնապէս ես դէմ չեմ, եթէ անանկ ըլլայ, արդէն օտար չես մեզի:

– Վստահ եմ, որ հիանալի հայր կ՚ըլլաս, – կ՚ըսէ Լիքա կամացուկ եւ կը ժպտի:

Երեքս ալ յուզուած ենք: Սպասեակէն գինի կ՚ապսպրենք: Յանկարծ արեւելքցիութիւնս կը բռնէ:

– Բան մըն ալ կայ. պայման մըն ալ ունիմ…աւելի ճիշդ՝ երկուքը, – կ՚ըսեմ:

– Ըսէ՛, – Գարլա քիչ մը կը լարուի:

– Զաւկիս հայու անուն պիտի տանք եւ հայկական դպրոց պիտի դնենք, – կ՚ըսեմ մէկ շունչով:

Զարմացած իրարու կը նային, յետոյ ուսերնին կը թօթուեն:

– Լաւ, թող ըսածիդ պէս ըլլայ, – կ՚ըսէ Լիքա, – ձեր անուններն անուշիկ են, իսկ սեփական արմատները ճանչնալու մէջ գէշ բան չկայ:

Այսպէս որոշեցի հայր ըլլալ:

***

Չեմ յիշեր, թէ քանի տարեկան էի, երբ բացայայտեցի գիջութեան հաճոյքը: Բայց յստակ կը յիշեմ պարագաները: Համադասարանցի ընկերոջ մը տուն հիւր գացեր էի: Վարդան էր կարծեմ անունը: Ուրեմն սա Վարդանն ըսաւ, թէ եղբայրը պահարանին մէջ porn երիզ մը կը պահէ: Մինակ էինք տունը, երիզը դրաւ գործիքին մէջ եւ առաջին անգամն ըլլալով հեռատեսիլի պաստառին վրայ տեսայ բաներ, որոնց մասին չէի իսկ մտածած:

Երեկոյեան մեր տունի բաղնիքին մէջ փակուած փորձեցի կրկնել գիջութեան նոյն վարժանքը, ինչ տեսած էի ֆիլմին մէջ: Ըսել թէ հաճելի էր, չեմ կրնար. քիչ մը անսովոր զգացումներ էին: Յետոյ ատեն առ ատեն կը կրկնէի, մինչեւ օր մը յանկարծ հասայ սերմի ժայթքումի: Երեք օր ամբողջ կարծեցի, թէ սխալ բան մը ընելու հետեւանքով հիւանդութիւն մը ձեռք բերած եմ, մինչեւ, այլեւս յուսահատ, Վարդանին պատմեցի մտահոգութիւններս: Վարդան, որ աւելի փորձառու էր այդ հողին վրայ, ըսաւ թէ ճիշդ անանկ պիտի ըլլար, որ վախնալիք ոչինչ ունէի: Հանդարտեցայ: Բայց արդէն մէյ մը որ հաճոյքին համն առեր էի, այլեւս չէի կրնար կենալ: Կ՚ըլլար, որ օրուան մէջ երկու, նոյնիսկ երեք անգամ փակուէի բաղնիքին մէջ: Անշուշտ, մայրս պիտի կասկածէր: Անշուշտ, օր մը չէ օր մը պիտի մոռնայի բաղնիքին դուռը կղպել եւ մայրս ետեւէս բաղնիք մտնելով պիտի տեսնէր զիս յանցանք գործելու պահուն: Սովորական պատմութիւն մը:

Թերեւս կեանքին մէջ միակ անգամն ըլլալով հայրս որոշեց բուն նիւթին մասին խօսիլ.

– Երբ… է-է… բանդ… կը կենայ… ի՞նչ կ՚ընես կոր, – ըսաւ կմկմալէն:

Անշուշտ, բառ մ՚իսկ չկրցայ հանել մէջէս. ամօթէն պիտի մեռնէի ճիշդ այդ վայրկեանին, կը կարծէի, աւելի ճիշդ՝ կ՚երազէի:

– Այլեւս չընես, – ըսաւ առանց աչքերուս մէջ նայելու: Այսչափ:

Անկէ վերջ գիջութեամբ զբաղիլը միշտ տեսակ մը մեղսագործութիւն եղած է ինծի համար: Նոյնիսկ հիմա, հիւանդանոցի յատուկ սենեակին մէջ, Գարլայի եւ Լիքայի համար սերմ արտադրելու ատեն, չեմ կրնար ազատուիլ այն մտասեւեռումէն, թէ հիմա մայրս պիտի ներս մտնէ:

Բայց վերջապէս կը յաջողիմ գործս ընելու: Ճակտիս քրտինքը կը սրբեմ թուղթէ անձեռոցով եւ սերմով լեցուած սրուակը ձեռքիս դուրս կ՚ելլեմ սենեակէն:

Հիւանդանոցէն կ՚ելլեմ եւ կը սկսիմ աննպատակ պտըտիլ: Այս տարի Փարիզը քիչ մը աւելի պաղ է նոյեմբերի համար, բայց հաճելի կու գայ սա պաղը գերլարուած ուղեղիս: Դէմքս հովուն կու տամ, ջանալով մոռնալ, որ գիջութեան ատեն Գարլան կը պատկերացնէի:

Մէկ շաբաթ է որ հօրեղբօրս տուն չեմ գացած: Աղջիկներուն քովը կը մնամ: Մէկ շաբաթ է, որ Պոլիսէն անդադար հեռաձայններ կը ստանամ: Չեմ պատասխաներ:

Այն օրը ճաշարանէն ելլելէ վերջ մօրս հեռաձայնեցի.

– Մամա, երկու մտերիմ ընկերուհիներս, որ լէսպիան են, որոշած են զաւակ ունենալ, եւ ես իրենց զաւկին հայրը պիտի ըլլամ: Հայրութիւնս ալ պիտի ընդունիմ. ամէն բան օրինաւոր պիտի ըլլայ:

Ըսի եւ հեռաձայնը գոցեցի:

Չեմ գիտեր, մայրս ուղեղի կաթուա՞ծ ստացաւ թէ միայն էնֆարքթիւս, բայց այդ վայրկեանէն սկսեալ հեռաձայնս չի լռեր: Վերջը, ա՛լ զզուած, անձայն ռէժիմի փոխադրեցի:

Թերեւս եթէ հայրս հեռաձայնէր, պատասխանէի: Բայց հօրմէս հեռաձայն չստացայ:

***

Բժիշկն ըսաւ որ սերմս աւրուած էր: Սկիզբը լաւ չհասկցայ, «պիտի կրկնե՞մ», ըսի, բայց բժիշկն ըսաւ թէ ես ամուլ եմ, անպտուղ: Ըսաւ թէ պատճառը հասկնալու համար պէտք է զանազան քննութիւններէ անցնիմ, նորէն բաներ մը ըսաւ, որ չեմ յիշեր:

Նաեւ չեմ յիշեր, թէ ինչպէս հասայ Թրոքատերոյի մէթրոյի կայանը: Ուշքի եկայ որ կեցած հեռացող կառաշարին կը նայիմ: Գրպանի հեռաձայնս անդադար կը զանգէ. Գարլան է: Առանց աճապարելու գործիքն ականջիս կը մօտեցնեմ:

– Գիրի-գո՛ր, ո՞ւր ես: Բժիշկին հետ խօսեցայ… ատիկա բան մը չի նշանակեր, սփէրմի պանք կը դիմենք, դուն նորէն երախային հայրը կ՚ըլլաս, կապ չունի…

– Լաւ, – կ՚ըսեմ անտարբերութեամբ մը եւ հեռաձայնը կը մարեմ:

Ոչինչ կը զգամ: Նորէն կառաշար անցաւ. չելայ: Հեռաձայնս նորէն կը զանգէ. մայրս է: Յանկարծ չարութեամբ մը կը բանամ բջիջայինս:

– Գրիգո՛ր, ո՞ւր կորսուեր ես, ծօ՛, խենդ եղանք…

– Մտահոգուելու պէտք չունիք, ես լաւ եմ: Այն միւս հարցով ալ այլեւս կրնաք չմտահոգուիլ, բժիշկն ըսաւ, թէ սերմս աւրուած է…

– Քա, ի՞նչ կը խօսիս…

– Այդպէ՛ս, անպտուղ եմ: Ապահով եղէք, – կ՚ըսեմ հազարաւոր քիլոմեթրեր անդին հեռաձայնի մօտ կեցած կնոջ պատճառածս ցնցումէն հաճոյք առնելով եւ բջիջայինս կը մարեմ:

Յաջորդ կառաշարը կ՚ելլեմ: Մէկ կայարան անցած եմ միայն, երբ մոպայլս նորէն կը ձայնէ. հայրս է:

– Լա՞ւ ես, – կ՚ըսէ զգուշաւոր ձայն մը:

– Այո, պապա, դո՞ւն, – կ՚ըսեմ քիչ առաջուան չարութիւնս կորսնցուցած:

– Ա..յո… չեմ գիտեր…

Լռութիւն կը տիրէ:

– Գրիգո՛ր…

– Հէ՞..

– Մի՛ մտահոգուիր…

– Չեմ մտահոգուիր…

Նորէն լռութիւն:

– Կարօտցանք, ծօ, ե՞րբ պիտի գաս…

– Կաղանդի արձակուրդին կու գամ:

– Իրա՞ւ: Ծօ, շատոնց պիտի գայիր, չորս տարի կ՚ըլլայ երեսդ չենք տեսած, մենք ալ մարդ ենք…

Ձայնը կը դողայ: Կը ծերանայ այլեւս մարդը, կը խորհիմ:

– Եթէ ըսէիք, թէ կը կարօտնաք, կրնայի անցեալ տարի ալ գալ…

Նորէն լռութիւն կը տիրէ:

– Ուրեմն կու գաս, հա՞, կաղանդին…

– Այո, պապա, կու գամ… կաղանդին…

*Սէրսէրի (թրքերէն) – սրիկայ:

Նոյեմբեր, 2014

Show Comments Hide Comments

3 thoughts on ՀԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

  1. Զաւէն Զաքարեան says:

    Ա՛լ կրնաս անստորագիր հրապարակել պատմուածքներդ, սիրելի Քրիսթիան… Ոճդ պիտի մատնէ քեզ… Կարդացի յափշտակութեամբ…

  2. Վահան says:

    Քրիստիան ջան, շատ տպավորիչ էր, ընթերցողին հուզում է, իսկ եթե ինչ որ բան ես մտածում ասել, մի քիչ հուզականությունը սկսում է զիջել դատողությանը և ավերել տպավորությունը: Այսուհանդերձ, ասեմ՝ ավանդական ընտանիքը ամլություն է արտադրում, անդեմ լակոտներ, իսկ հետո նւոյն գործը շարունակում է բանակը, այսինքն ճնշում զավակին որ ստեղծագործ ջիղը չբացվի, անհատականությունը մեռնի ու տղայի «կենսաբանությունը» վրեժ է լուծում տղայի «սոցիումից»՝ ընտանիքից ու ազգուտակից նրան թողնելով անժառանգ: Մյուս կողմից՝ այդ «ամուլ» դատիարակությունը տղաների մեջ գնահատականն է իջեցնում ու վախ առաջացնում, որ իրենք ընդհանրապես ամեն ինչի անընդունակ են՝ տգեղ, անտաղանդ ու նաև կենսաբանորեն ամուլ՝ երեխա ունենալու անընդունակ, և այդ վախը «իրականություն դարձնելը» պատմվածքով ու համ էլ շրխկացնելով նրանց երեսին ովքեր իրեն «ամուլ» են դարձրել, հիանալի է ստացվել:

  3. անահիտ says:

    սէր եւ սէր սէրսէրիին …

Leave a Reply to անահիտ Cancel reply

Your email address will not be published.