Տարօրինակ ոչինչ կայ. Պաքի Պարնզ միշտ պատանի պիտի մնայ (եւ ոչ մէկը կը մնայ մեռած… Պաքիէն զատ**):

2014 – Եւ տարիներ վերջ Լէօ պիտի վերադառնայ իր քաղաքը: Օդակայանէն ելքին ինքզինք պիտի գտնէ օղակին մէջ միշտ թափառական եւ յաւերժօրէն գնչու պզտիկներու, որոնք յամառօրէն փարա՜, փարա՜, փարա՜ պիտի պոռան: Այն ատեն Լէօ պիտի անդրադառնայ որ տասնամեակներու իր բացակայութեան ոչինչ փոխուած է այս քաղաքին մէջ: Քանի մը ղրուշ նետելով անդադար ճչացող եւ խնդացող մանուկներուն, պիտի աճապարէ պատսպարուիլ մօտակայ թաքսիին մէջ: Գատըգի՛ւղ, պիտի ըսէ վարորդին, խզուած ձայնով:

Նորէն ձմեռ, նորէն ձիւն:

Դեռ մանկութենէն Լէօ չէ սիրած ձմեռը, ոչ իսկ կաղանդը եւ իր տարեդարձը, որ Յունուարի վերջաւորութեան կու գայ: Չի կրնար բացատրել թէ ինչու: Հաւանաբար, տէբրէսիվ մանուկ մը եղած է: Հիմա 19 տարեկան եղաւ, բայց նորէն ոչ կաղանդը, ոչ ալ տարեդարձը կը սիրէ: Չի գիտեր, հաւանաբար, տակաւին տէբրէսիվ է եւ չ’անդրադառնար ատոր:

Կ’ըսեն՝ դիւրին բան չէ ձմեռ ատեն ծնած ըլլալ:

…այդ տարի շատ պաղ ըրաւ օղլում Պոլիս անանկ բան մը չէինք տեսած… Ձիւն, ձի՜ւն չորս դին… մարդ կրնար մէջը թաղուիլ… պատերազմն ալ միւս կողմէն… էօ՜ֆֆ ի՜նչ պաղ էր…. ծննդատունէն ալ ամէն օր լուրեր կ’առնէինք թէ նորէն չոճուխներ մեռան պաղէն… կ’երեւակայե՞ս կոր…

Մէկը յոյս չէ ունեցած, թէ ինք կ’ապրի: Պիտի մեռնի, ըսած են, բայց չէ մեռած: Երկու օր վերջ զինք -լաթերու մէջ փաթթած ասուն մը, որ ըսելու փոխարէն կը ճչայ միայն- մօրը ձեռքը տուած են եւ տուն ճամբած:

…անունդ ալ, իշթը, ասանկ ա-լա-ֆրանկա բան մը դրինք… ես ըսի պարապ բան է, բայց մայրդ թէ չըլլար կը մեռցնեն եղեր չոճուխը… այն ատեն կը վախնային կոր մեր անուններէն… եղեր անունէն կը գիտնան ով ըլլալդ կը մեռցնեն… ամմա մէկը չմեռցուցին, ատի պաղն էր որ ազգ-ցեղ չէր ճանչնար… բայց մերիններուն եկուր բան հասկցուր…

Նոյն թուականն էր` ինք ծնաւ, եւ Պաքի կորսուեցաւ ձիւներուն մէջ: Ատիկա գիտցաւ, բայց ուշ:

Հիմա, Յունուար 1964ին, նորէն ձիւն ձմեռ է ամբողջ Թուրքիոյ մէջ: Պաղ մը, որուն համար -ինչպէս ամէն պաղի համար- կ’ըսեն թէ՝ Պոլիս ասանկ բան մը չէինք տեսած բնաւ:

1964 – Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ սոսկալի ձմեռ եւ ցուրտ սկսած է 10 օրէ ի վեր: Պոլիս, Զմիւռնիա եւ ամբողջ Անատոլուն ձիւնով ծածկուած է: Անատոլուի մէջ բազմաթիւ անձեր սառած են: Բանջարեղէնի եւ պտուղի բերքերը փճացած են: Սովալլուկ գայլերը գիւղերը եւ գիւղաքաղաքները իջած են***:

Կեանք մը ամբողջ ճերմակ մութին մէջ: Խաւար մը, որ խաւար չէր ամբողջովին: Գուցէ այդպէս կը պահէին խաւարին մէջ անոնք որ պիտի աստուած դառնային, մանուկներ, առնուած մայրերէն, մութին մէջ պահելու համար, որ յետոյ լոյսի պիտի բերուէին շեղբի մէկ հարուածի համար միայն: Անկէ վերջ պիտի աստուած ըլլային:

Կ’ըլլար որ աղօտ լոյս մը երեւէր ճերմակ (ճերմա՞կ) թաղանթին ետին: Այդ կեանքին մէջ չկային մարդկային ձայներ, բայց կը յիշէր -կամ կը կարծէր յիշել- ձայն մը` դար մը առաջ (կեա՞նք մը առաջ):

Միշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ Պաքի

Սթի՞վ էր անունը տղուն, ուրի՞շ բան մը: Չէր յիշեր: Միայն՝ օդանաւ մը, որ ամէն գնով պիտի ազատագրէին չարագործէ մը: Կ̛ըսես պատերազմին ելքը ատկէ կախեալ ըլլար: Յետոյ` զօրաւոր պայթում. յետոյ` Սթիվին (արդեօ՞ք ճիշդ կը յիշէ անունը) ձեռքը` իբրեւ վերջին յոյս, եւ ինք` կախուած այդ ձեռքէն` կը ճօճի ճերմակ անեզրութեան վրայ:

Չձգես իյնամ Սթիվ կ̛աղաչեմ

Միշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ Պաքի

Բայց ձայնը կը դաւաճանէր միշտ, կը ձգէր որ վար իյնար օդանաւէն: Անկումը դանդաղ էր, ճերմակ ձիւնին ովկիանը կը մօտենար, կը մօտենար յետոյ պիտի ըլլար բախումը: Բայց` միայն փափուկ խրում ձիւնի մէջ, յետոյ` խորասուզում մինչեւ… օ՞ր մը տեւեց, ամի՞ս մը թէ … չի յիշեր` ուր կեցաւ:

Յետոյ օր մը – քանի՞ տարի կամ դար յետոյ – թաղանթէն անդին լոյսը աւելի զօրաւոր դարձաւ: Պաքի ոչինչ զգաց, բայց լոյսը երթալէն աւելի մեծ յամառութեամբ  թափանցեց ձիւնէ ծածքէն ներս, եւ ինք այլեւս ստիպուեցաւ զգալու ոչինչը: Յետոյ տեսակ մը տաք թացութիւն եղաւ, ջուրի կայլակներ վազեցին քունքերէն դէմքն ի վար, դէպի պարանոց, կուրծքը եւ աւելի վար: Քիչ քիչ զգալու սկսաւ ինքզինք, որ շրջակայ ձիւներէն աւելի ջերմ էր: Յետոյ անդրադարձաւ թէ կրնար ոտքերը շարժել: Գուցէ տարի մըն ալ այսպէս անցուց, մինչեւ օր մը գիշեր ատեն ծերուկ գայլ մը Պաքիին հոտն առաւ: Գայլը փորեց,  փորեց մինչեւ հասաւ պաղած դէմքի մը: Սառ կապած զոյգ մը աչքեր կը նայէին իրեն անանկ անտարբերութեամբ, որ անասունը յանկարծ ծայրայեղ յուսահատութիւն զգաց: Այն ատեն յիշեց իր լակոտութիւնը, յիշեց ինչպէս պզտիկ աղջիկը կարմիր ժապաւէն անցուցած էր իր վիզը, եւ ինք շատ հպարտ էր: Յիշեց որ գայլ չէր, այլ թշուառ շուն մը` տունէն վռնտուած եւ օր մը ինքզինք զօրաւոր գազան երեւակայած: Այն ատեն յուսահատեցաւ, անդրադարձաւ որ վերջը մօտ էր եւ հեռացաւ: Տղուն չդպաւ. շունը մարդուն բարեկամ է, չէ՞:

Իսկ Պաքիին դէմքը այդպէս բաց մնաց: Անզգալաբար թարմ օդ ծծեց, բայց կ’երեւի շնչելու վարժութիւնը կորսնցուցած էր, թոքերը սաստիկ ցաւեցան: Առտու արեւը ելաւ եւ  շիտակ աչքերուն զարկաւ, մարմինը պաշտպանուեցաւ, եւ աչքերը գոցուեցան: Առաջին շարժումն էր տարիներու ընթացքին: Երկու օր վերջ յանկարծ որոշեց ոտքերը շարժել: Ձիւնն այլեւս ամուր չէր, ծածքը փլաւ, եւ մնաց այդպէս բաց պառկած` ցերեկները` արեւին տակ, գիշերները` հովուն դէմ: Ամիս մը վերջ, սակայն, զգաց թէ նորէն պաղ ձիւն կ’ուզէր: Առաջին փափաքն էր այսչափ ժամանակ վերջ: Ինքն ալ չհասկցաւ` ինչպէս տեղէն ելաւ: Մարմինը փայտացեր էր` ինկաւ, ելաւ, նորէն ինկաւ, նորէն ելաւ, մինչեւ վերագտաւ շարժելու կարողութիւնը: Այն ատեն դէմքը հովերուն տուաւ, հոտառութեամբ որոշեց` ուրկէ կու գար պաղը եւ քալեց այդ ուղղութեամբ:

Երկու ամիս վերջ -եւ իր խորտակումէն 19 տարի յետոյ- Պաքի Պարնզ հասաւ Թուրքիոյ սահմանին:

1964 – Ատանայի, Չորքմարզպանի, Անտիոքի եւ Ալեքսանտրեթի մէջ նարնջենիները փճացած են: Պարտիզպանները խարոյկներ վառած են ծառերը փրկելու համար: Ջերմաստիճանը զերոյէն վար 15-ի իջած է: Սաստիկ ցուրտին պատճառով ամսոյս մինչեւ 20-ը սառողներուն թիւը 10 եղած է: Գայլի վոհմակներ նոյնիսկ Պոլսոյ արուարձանները իջած են:

…աս ի՜նչ երկար ձմեռ է քա՛…

Նէնէն հազալէն եւ չես գիտեր որուն հետ խօսելէն ելեր է ճռնչող աթոռակէն եւ օրօրուելէն դէպի խոհանոց կը քալէ: Գուցէ այսպէս օրօրուելէն մայրը կը քալէր ծննդատունէն 1945ի ձմրան, մինա՛կ:

…հայրդ զինուորութեան տարին, ես ալ… ջերմ ունէի անանկ մը կը հազայի կ’ըսես թոքերս բերնէս պիտ’ թափէին… այն ատեն մէկը չէր հաւատար թէ նորէն ոտքի կենամ…. մայրդ ի՞նչ ընէր մինակը քեզի առած տուն եկաւ… ի՞նչ գիտնամ կ’երեւի պաղ առեր էր կամ ալ հիւանդանոցը բան մը եղեր էր այն ատեն ամէն բան կ’ըլլար… կը կարծես դիւրին բա՞ն էր այդ պաղին զաւակ ծնիլը… երկու երեք շաբթուան մէջ հալեցաւ մաշեցաւ ամմա չիգիտցանք ճիշդ ինչէն մեռաւ…

Ելեկտրականութիւն չկայ, վտիտ մոմի լոյս մը կը ցոլայ միս մինակ: Ասանկ պաղին խելագար ըլլալու ես դուրս ելլելու համար, բայց պէտք չէ որ նէնէն տեսնէ զինք գլանիկը ձեռքին:

Պարտէզը՝ սառնահարուած, բայց ոչ ամայի: Ակնթարթի մը մէջ զգաց ուրիշի ներկայութիւնը: Քիչ վերջ աչքերը մութին ընտելացան եւ տեսաւ խեղուած մարմնին ուրուագիծը` տղայ մը, կեցած մինակ, այնչափ մինակ, որ Լէօ չվախցաւ:

Հէ՜յ… բարե՛ւ…. մէ՛րհապա… էհլէ՜ն…

Ոչ մէկ ձայն կամ շարժում, մօտեցաւ: Անթարթ նայուածք:

Հըլլօ՞…

Յանկարծ խօսեցաւ.

Անգլերէն կը խօսիմ

Ձայնը պաղ էր, ինք ձիւն կը բուրէր:

Ո՞վ ես ի՞նչ կ’ընես հոս

Պաքին եմ հոս եկայ բայց շատ պաղ չէ

Շատ պաղ չէ՞ խե՞նթ ես մը…

Հոն ուրկէ կու գամ աւելի պաղ էր…լաւ էր

Է ի՞նչու եկար

Այլեւս պաղ չէր

Հմմմ… բա՞ն մը ունիս

Չէ պաղ կ’ուզեմ

Ծխել կ’ուզե՞ս

Տո՛ւր

Միայն երբ կ’ուզէր գլանիկն առնել, Պաքի անդրադարձաւ որ ձախ ձեռքը չկար, փրցուած էր անկումի՞ն ատեն, թէ՞ անկէ առաջ:

Հոս ի՞նչ տեղ է

Գատըգիւղն է… Իսթանպուլ…

Թուրքիա՞… վերջը ի՞նչ ըրիք դուք ո՞ր կողմն անցաք…

Ո՞վ մենք… ի՞նչ կողմ…

Պատերազմին մասին կը խօսիմ

Ի՞նչ պատերազմ

Հիմա ո՞ր թուականն է

Կատա՞կ կ’ընես

Չէ

1964

Օհ…19 տարի միայն… կը կարծէի աւելի երկար ըլլալու է… Սթիվէն լուր կա՞յ ի՞նչ կ’ընէ

Սթիվն ո՞վ է

Քափթըն Ամերիկան

Հէ՞…. ըսիր ի՞նչ էր  անունդ…

Պաքի…Պաքի Պարնզ

Չէ դուն կը ծաղրե՛ս

Չէ

Իսկ ես կը կարծեմ խելագար ես

Լէօ դարձաւ եւ բարկացած դէպի տուն քալեց:

2014 – Տունը պիտի չըլլայ, բայց պարտէզը՝ միշտ նոյն: Լէօ երբեք պիտի չանդրադառնայ որ ծառերը ուրիշ են, իսկ իրենց տունը՝ թաղին միւս անկիւնը: Եւ մարմինի մը ուրուագիծը ձեւազեղծ պիտի չգայ խառնուիլ Լէոյի յիշատակներուն:

Յաջորդ առտու պարտէզին մէջ մէկը չգտաւ, բայց մթնելէն վերջ նորէն պարտէզ ելաւ: Հոն էր նորէն:

Ո՞ւր էիր առտու չկայիր

Այս ձիւներուն մէջ թաղուեր  էի ցերեկուան լոյսը  աչքերս կը ցաւցնէ

Անօթի՞ ես

Չէ

Բան մը կերա՞ծ ես

Չէ չեմ ուտեր

Տարօրինակ ես

Կրնայ ըլլալ

Կը ծխե՞ս

Հա

Կ’ըսես հոս բաւական պաղ չէ՞

Չէ կը տաքնամ

Ատի լաւ չէ՞

Ատի լաւ չէ

1964 – Բիւրակնի շրջանին մէջ վարազներ եւ գայլեր գիւղերու վրայ յարձակած են: Հովիւ մը եւ իր 300 ոչխարները սառելով մեռած են: Սեբաստիոյ մէջ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 25-ի իջած է. բազմաթիւ անձեր սառած են:

Կ՚ըսես Սթիվէն լուր չկա՞յ

Չէ, շատոնց է լուր չկայ իրմէ կորսուեր է  թէ մեռեր շատ չհասկցայ

Հմմմ

Օհ ներէ

Հարց չէ

Մօ՞տ էիք

Հաւանաբար…չեմ գիտեր…չեմ յիշեր…

Կարծեմ օդանաւը պիտի ազատագրէիք եւ պայթեցաւ չէ՞

Կրնայ ըլլալ

Չե՞ս ուզեր խօսիլ

Չէ

Կարծեմ այդ օդանաւին պայթելէն վերջ էր երկուքդ ալ կորսուեցաք… փնտռեցին չգտան…

Գիտե՞ս մեր ատեն ասանկ սիկառէթներ չկային

Խնդալիք է երբ կ՚ըսես «մեր ատեն» ինձմէ պզտիկ  կ՚երեւիս

Է այդչափ ատեն ձիւնին տակ պառկէիր դուն ալ պզտիկ կ՚երեւէիր

2014 – Յաջորդ օրը Լէօ պիտի փորձէ գտնել մանկութեան ընկերները: Հոն է որ պիտի անդրադառնայ թէ յիշողութիւնը այլեւս տկար է, ո՛չ դէմք, ո՛չ անուն կը յիշէ: Լէօ պիտի մտահոգուի. տակաւին 70 չկայ, ի՞նչ պատահեցաւ:

Չէին անդրադարձած ինչպէս նէնէն մօտեցած էր:

Քա՛ ասի ո՞վ է

Ըըըը…Պաքին է

Ամա՜ն խեղճ չոճուխը ձեռք չունի վրան խելքի պառկելիք հագուստ ալ չիկայ… ծօ դուն խիղճ ունի՞ս….սա պաղին…հիմա կը սառի թոքատապ կ՚ըլլայ…

Չսպասելով որեւէ հակազդեցութեան Պաքիի միակ ձեռքէն բռնեց եւ դէպի տուն քաշկռտեց:

Պաքի շուարեցաւ ներսին տաքէն, բայց իրականին մէջ շատ ալ տաք չէր: Արդէն մարող փայտէ վառարանը ջերմութեան յիշատակներ պահպանած էր միայն: Լէօ մեծ դժուարութեամբ կրցաւ համոզել մեծ մաման, որ կրակը նորոգելու պէտք չկար:

Ինք պաղի վարժուեր է

Քիչ մը կուտը պակաս կ՚երեւի կոր ընկերդ գիտե՞ս

Յետոյ իր առասպելական թաքստոցէն յանկարծ վարդի անուշ հանեց, աստուած գիտէ ուրկէ ձեռքն անցած:

Հիմա թէյ շինեմ

Նօ չեմ ուզեր

Ես քու խօսած լեզուդ չեմ հասկնար բայց մէյ մըն ալ նօ ըսես թէյամանը գլխուդ կը պարպեմ հասկցա՞ր

Պաքի հասկցաւ:

Լէօ մտահոգ երեւոյթ առած Պաքիին կը հետեւէր, որ բացայայտ դժկամութեամբ մը տաք թէյը կը կլլէր:

Հայր մայր ունի՞ս օղլում

(կ̛ըսէ` ծնողք ունի՞ս)

Մայրս մեռաւ պզտիկ էի…հայրս պատերազմին ատեն մեռաւ

(կ՚ըսէ` մայրը մեռաւ երբ ինք չոճուխ էր հայրն ալ պատերազմի ատեն մեռած է)

Աման որբ է չոճուխը

Մամմի՜

Քա որբ է նէ չըսե՞մ որբ է

Կ՚ըսես ուրկէ՞ եկեր ես

(Կը հարցնէ ուրկէ՞ եկեր ես)

Շիտակը չեմ գիտեր… Գերմանիա կամ Աւստրիա… ձիւները հալեցան ելայ եկայ հոս

Ձիւներու մէջէն եկա՞ր

(Մամմի դուն անգլերէն կը  հասկնա՞՞՞ս)

Այո ձիւներուն մէջէն եկայ… դժուար էր… կը խրէի կ՚ելլէի կ՚իյնայի կ՚ելլէի կը քալէի….

Մենք ալ անանկ կը քալէինք աւազներուն մէջէն… դժուար էր… կը խրէինք կ՚ելլէինք կ՚իյնայինք կ՚ելլէինք կը քալէինք…

 … Աւստրիոյ կամ Գերմանիոյ գաւառներէն… ձիւնոտ դաշտերէն…

….Տրապիզոնէն… ծովեզերքէն…. անապատներէն…

Ինչե՞ր կը խօսիք կոր

Հէ՞

Պաղ է ծօ վառարանը նորոգեմ

1964 – Տիգրանակերտէն 23 քիլոմեթր հեռու Քարաճատաղի բարձրագոյն կէտին վրայ 60 հոգինոց զինուորական ստորաբաժանում մը ձիւներու մէջ մնացած է, եւ ազատարար խումբեր օգնութեան գացած են: Մարտինի մէջ ձիւնամրրիկը պատճառ դարձած է, որ քաղաքի հարիւրաւոր տուներու ապակիները եւ պատուհանները խորտակուին եւ ծխնելոյզները թռին: Ջուրի խողովակները պայթած են եւ ելեկտրական հոսանքը` կտրուած: Ուլուտաղի վրայ ձիւնին թանձրութիւնը երկու մեթրի հասած է: 100 տարիէ ի վեր երկրորդ անգամ ըլլալով ցուրտի պատճառով Վանայ լիճը սառած է: Թրքական թերթերը կը գրեն, թէ 20 տարիէ ի վեր այսքան խստաշունչ ձմեռ չէր տեսած Թուրքիան:

Ձմեռը կրնայ շատ պաղ չըլլալ երբ հաշմուած եւ խեղուած ընկեր մը ունիս, որ իրիկունները ձեզի կու գայ վարդի անուշով թէյ խմելու: Բայց ապրիլին մօտ պաղերը պիտի քաշուին, եւ երկար ձմեռէն ետք ժողովուրդը մեռելները պիտի համրէ եւ վնասները չափէ: Եւ գարունը ուրախ պիտի չգայ: Եւ դուն նորէն մինակ պիտի մնաս: Եւ քոմիքին հերոս-ընկերդ նոյնիսկ պիտի հեռանայ:

2014 – Մսուքի ալիք մը պիտի անցնի որովայնէն այցելութեան երրորդ օրը: Եւ բանալիներու կապոցը պիտի ինայ ձեռքէն: Եւ պանդոկի դռնապանը ապարդիւն պիտի պոռայ ետեւէն՝ էֆէնտի՜մ: Մինչ ամէն քայլին հետ ծերացող Լէօ դողդոջուն քայլերով պիտի մօտենայ պատէն կախուած ֆիլմերու յայտագրերուն: Պիտի տեսնէ խոշոր պաստառը` «Captain America: Winter Soldier»: Եւ ամէն բան պիտի վերադառնայ, եւ կ̛ըսես նէնէն  ողջ է տակաւին եւ վարդի անուշով թէյ պիտի հրամցնէ նորէն:

Ալ պիտի մեկնի:

Ո՞ւր պիտի երթաս

Չեմ գիտեր … տակաւին որոշում չառի… գուցէ Սթիվը փնտռեմ գուցէ Ռուսիոյ կողմերը քալեմ

Արդեօք կը հանդիպի՞նք

Գուցէ…չեմ գիտեր

Պաքի…

Այո

Ըըը… ինքզինքիդ հոգ տար

Դուն ալ

Այսպէս կը վերջանայ ընկերութիւնը, երբ կը ձգեն որ օդանաւէն վար իյնաս, եւ կամ դուն որոշես հեռանալ, պաղը փնտռելով:

Պարզապէս կը վերջանայ:

2014 – Եշիլճամի «Էմէք» շարժապատկերին սրահը` միշտ նոյն: Նորէն ձմեռ, նորէն ձիւն, կ̛ըսես ժամանակը շուարած կեցած ըլլար: Լէօ սրահէն պիտի ելլէ եւ իր ժամանակը պիտի փնտռէ: Յետոյ պիտի վախնայ: Յետոյ թաքսի պիտի առնէ: Օդակայա՛ն, պիտի շշնջայ վարորդին: Լէօ պիտի ուզէ փախիլ: Լէօ պիտի չվերադառնայ  պանդոկ, պէտք չունի իր իրերուն: Եւ ինքնաշարժը պիտի սուրայ հին քաղաքին պողոտաներէն: Փողոցները հանդերձ ու անուն փոխած են, բայց պիտի թուին միշտ նոյն: Կ՚ըսես տարիներ անցած չըլլային վրայէն: Եւ 1964ը պիտի երկարի ու երկարի: Մինչեւ ժամանակին վերջը: Լէոյի ժամանակին վերջը:

-վերջ-


Այս գրութիւնը մաս կը կազմէ Avengers շարքին, անոր երկրորդ պատմութիւնն է։ Առաջին պատմութիւնը (Captain America) նոյնպէս հրապարակուած է «Ինքնագիր» հանդէսին մէջ։

** Comic-ներու աշխարհին մէջ տարածուած հին կատակ մը («No one stays dead except Bucky»):

*** Ազդակ օրաթերթ, 25 Յունուար 1964:

Show Comments Hide Comments

4 thoughts on Winter Soldier*

  1. Karine Danielyan says:

    es arden amen or inknagir em mtnum menak tesnelu hamar es txuc nor ban ka te che? u zarmanum em te inchi minchev hima iran hayastanum voch vok chgiter?!

  2. A.H. says:

    Ինձ մեկը կարո՞ղ է ասել, թե այս նյութը, ասենք, ինչո՞վ է օգտակար հայ գրականության համար: Ամերիկյան նյութ և թուրքացված հայկականություն: Մեր փոքրիկները, եթե այս նյութը կարդան, ի՞նչ պիտի սովորեն: Կարդալ ամերիկյան ցածրակարգ կոմիկսնե՞ր: Իսկ չէ՞ր կարելի էս ամբողջ նյութը կառուցել, օրինակ, ազգային էպոսի շուրջ: Իհարկե ոչ, օտարամոլությունը արդեն գրականության մեջ էլ է պրոպագանդվում: Իսկ մյուս կողմից, մեր հարգելի արևմտահայերը ե՞րբ պիտի հասկանան, որ Հայաստանի Հանրապետության պետական լեզուն ԱՐևԵԼԱհայերենն է, իսկ արևմտահայերենը լեզու էլ չէ, այլ դաշնակների ստեղծած պրոյեկտը՝ Հայաստանի դեմ, հայոց լեզուն թուլացնելու համար: Նայելով այս պատմվածքի լայքերի քանակին՝ ևս մեկ անգամ համոզվում ես, որ մեր հասարակությունը դեգրադացվում է:

    1. Vahan Ishkhanyan says:

      Քանի որ մեկնաբանությունը անանուն է, վստահ եմ որ սա պրովոկատիվ կատակ է

  3. Anthony Boghossian says:

    Ոճը պոմպա է! վերչապէս մենք ալ ունեցանք մեր սերունդին ձայնը

Leave a Reply to Vahan Ishkhanyan Cancel reply

Your email address will not be published.