Հատուած համանուն վէպէն

1.

Երբ ձեւերը կ՚անհետանան կը մնայ հռնդիւնը՝ օրուան կարմիր սալարկներուն վրայ թեթեւ,

երեւակայական ես ու դուն,

թերեւս չափագիտական պատկեր՝ որ յօրինած ըլլայինք սկիզբէն, անելանելի.

կը ժայթքես անոր մէջ, կ՚ընծայէ աչքին գոյութեան վայր,

կը մտնես անոր միջոցին, անոր ազատութեան, խելայեղօրէն արձակուած՝անոր բանտին մէջ.

մատներէդ կը սկսի

մթնշաղին բացութիւնը, երակներէդ, քեզմէ առաջ որ քեզ նետեց անոր դէմքին

դարպասներ, տանիքներ, փողոցներ, հոսանքներ,

սուլոցներ, թրջուած դրօշակներ, բանաստեղծական անտառակոծ անձրեւներ. քայլերը կը հրմշտկեն քայլեր, կը հատեն, ոտքերը կը կոխկռտեն պարապ պատկերացումը, (      ) դունչդ կը դնես պաստառին՝

դիմակները, երեւոյթները, մակերեսները կիզակէտ կը դիմեն, կը դառնան փայլակող փշրուող հայելի,

լաբիւրինթոսը որ կ՛երթայ դէպի քեզ

ուր խրթնաբան,

ոճագնաց տուներուն յորձանքը կ՚արձանագրուի, կը մակադրուի կը ճզմուի յայտնութեան յոյսին՝ մինչեւ փամփուշտին շաչիւնը որ մէկը զգետնեց, եւ դէպքը որ խզէր ամեն անհուն դիմեցում եւ դիմաւորէի վերջին գուպարին մէջ, դէմքը անդէմ կամ զանգուածեղ վայրագ որ ըլլար ազատագրում,

իսկ մարդը կը հետեւի կնոջ, թիզ առ թիզ, աչքը մագլցող՝ սրունքներու բացուածքն ի վեր ու վար ու վեր՝ կը սուրայ դէպի պառկող մանկութիւնը որմազդին (դադար կամ շունչ),

ձեռքիդ շոյանքը կը ստեղծէ ուրուային մարմինը թելի պէս երկարող երեկոյին, եւ հոն կան առկախ բոլոր երեկոները ապագայ. հոն ուր կը խուժենք, շունչի խտութեան, կը հանդիպիմ անոր ջնջումին բերնիդ վրայ,

ինչ որ չի տար ինքզինք եւ կը կանչէ քեզ դէպի քեզ,

շունչ ու դադար, ճենճեր ու հեւք, խժրտուք մը ռիթմի, համբոյր, կրկին համբոյր ամեն կողմէ, սերմի թափօն ու վէպ,

բերնիդ մէջ կը թրթռան նախկին ջրամբարներուն արձագանգները, բառերուն մէջ՝ կը փսփսան կուտ ու կեղեւ, մնացուքներն ու ցնորքը հին լեզուին.

տակօն, տակտեղ, արխիւներ.

անայրելի, անայցելի արխիւներ մօր կամ մասունք զմռսուած, որ կը կրէք զիս, ուղղահայեաց՝ իբրեւ խօսուն բուսահող, կարծես ըլլայի միահունչ ոգեւորութիւն ձայնաւորի,

դրուագ առ

դրուագ կ՛իջնէք հողի շերտաւորումներէն, անձեւ

գիշեր՝ որուն ապաստան կ՚ըլլայ ստորին աչքը

2.

քարափ, եւ ինչ որ մեզ կը կրէ՝ քարափէ քարափ,

ճակատը

կը մտնէ, կը խուժէ տարածութեան մէջ սրընթաց որմազդներու, թռուցիկներու եւ հիացքի հորիզոններէն փոքրացող ամփոփուող լամբի մը խժալուր լոյսին, յետոյ նորէն մինչեւ երազ մը հրուանդանի ու խօսքի խոստում մը՝

փարոս՝ որ տիրէր

մթութեան, կայարանէ կայարան,

երակներու ջիղերու յօդերու

երկայնքին կը բողբոջին, կը ցավին բջիջները անկանոն, կ՛արձակեն իրենց զօրքերն ու զարմերը մանրէի,

թոքերս աշխարհագրութիւնն են մեթրոյին, ցրուած, աճողանդադար ինքնագրաւող դէպի կատարը շունչին…………………..ամեն խուց քաղաքն է ամբողջ.

արեան ծորումներ, եւ անընդմէջ գնացքը պրկումներուն, խոկումներուն, արութեան չար ու բարի ջուրերուն խոյակներն ի վար դէպի գետ ու գետին, կանխահաս կամ ժուժող բխումն ի հօրէ

հոն ուր կը կանգնիս, համաստեղութիւններ հեռախօսային գիծերու, շաղակրատանքի եւ անքուն յոգնութեան կը սուլենիրարու, կը լսենք զիրար մոլորակէ մոլորակ, համբոյրէ համբոյր, նոյն թելի երկայնքին,

եւ

հերթ առ հերթ ամբոխը կ՛երթայ միզարան ինչպէս քուէատուփ, դէպի դրամախցիկ, կը դեգերի կամարներու, գետնուղիներու, գերեզմաննոցներուն, մահուան տեսիլեան նկուղներուն, դէպի քնարաշունչ օդառութիւնը, դէպի ախտային զեփիւռ մը ելքի,

ամեն պուց հայնոցն է ամբողջ ձեռքիդ մէջ,

թեքեցաւ, շրջուեցաւ նոյն սկաւառակին վրայ, նոյն ակօսներէն, նոյն առանցքէն բաշխելով իր կոյուղիները, երկնաքերները,կաթողիկէներն ու ռմբընկէցները աստղերու պատերազմին,

կը սաւառնի պարաբեր գլուխին շուրջ պսակը կորիզային պայթումին, կիրքն ենք ճանաչումին, եւ ինչ որ մեզ կը սիրէ կը բոլորէ մեզ, կը հսկէ, կ՛ընդառաջէ մեզմէ առաջ՝ մթութեան

3.

կէտը կիզող լաբիւրինթոս՝

կէ՛տը կ՛ըսեմ ուր կ՛ընթանամ եւ դէպի բրտութիւնը բիւրեղակերպ,

ո՞վ կ՛ապրի հոս

դէպի խտութիւնը ծանրութեան,

կարծես ըլլար գետնափոր երկինք

ո՛չ առաջընթացում ո՛չ տեղքայ

դէպի հատումը ուր եղայ

առընչելու յօդելու համար բաւիղը բառին.

եւ շուքերը կ՛անցնին, կը հեռաձգուին, կը շփոթուին, կը շարունակուին պատկերներուն, արձաններուն, մորթիդ մակերեսին, երեւակայութեանդ,

անոնք՝ որ մեռան եւ բոլոր անոնք որոնք պիտի ծնէին ու ծնան ու դարձան միայն որս, որ կրնաս հալածել, խփել, զգետնել, մաքրել լէշ ու արիւն, անհետացնել, եւ կը փորեն հրմշտուքը իրենց մարմիններուն, առասպելին ընդմէջէն,

Մհեր

աշխարհասասան կամ ճարտարապետ Դեդալոս

լողացին արեւուն, օհ սիրեմ այդ մորթդ, այդ պորտդ, այդ-.

կրնայինք

դիմել ամեն ուղղութեամբ, դէպի ետ, դէպի առաջ,-

շաղաշարժ անձկութիւն եւ ուժ-

փայլ էի եւ կ՛ըսեմ

լաբիւրինթոս՝

երկդիմի աստղ որ պիտի ես միացնեմ բիւրեղին

4.

եթէ էր աստուած

կ՛ըլլայ երակ-երակ բաւիղ մը բազմագնաց

թիւրախօս

արձագանգող մեր բառերու թեթեւութեան

իր խաւարով որոտման

եւ անհամար անուններով ինքնաբուն

օտարագոյն քան երկիրները յայտնութեան

քեզ հմայող իր խորութեան մտամոլոր իգութեամբ

մօտիկութեամբ մթնշաղի

օ շաւիղներ պեղող արեամբ անոր մարմինը անորձ

քեզ խզող

քեզմէ

բազմաբեղուն իր գոյներու հզօրութեամբ

քեզ աստանդող

օ դիւրամուտ Շիւա եւ հնչեղ օ Մարիամ

անելանելի քան բոլոր քունւըտուքը քաղաքին,

կը յառնեմ անկողնէն

կը բարձրանամ

կը մագլցիմ թիկունքն ի վեր

անոր

դէմքէն ամէնօրհնեալ

երաժշտական աստուածութեան արփաւէտ

(օ ոռիդ օն ուր բերանս կ՛ամփոփուի)

5.

չէզոք կամ կարմիր կողքով, կարդա՞ր (պատմողական ոճով ծննդաբանութիւն).

կը յիշէր որ չէր կրնար ե՛ս ըսել. առաջին դէ՞մք թէ՞ երկրորդյարկ, կ՛երթայինք մեթրոյի սանդուխներն ի վար, տխուր էինք, կը կրկնէր անդադար քարայրն ի վար՝ ձեռքին անխուսափելի պորտակապը, ո՞վ էր հոն խօսողը ո՞վ կ՛ապրի ոչ մէկը անուն ունի. կը կենայ սեղանին քով եւ հայրը կար երկաթագործ տառագործ միշտ անօթի, խման՝ կինը ծեծող եկեր էին ո՞ւրկէ,Խարբերդէ՞ն, Վանէ՞ն, Ագրայէ՞ն, Եդեմէ՞ն, ամեն տեղէ, հոն ուր կ՛ապրէին ամեն կողմով, կոկովի, շլիկի հասարակապետութիւն՝ հապա ի՞նչ կ՚ուզէիր որ ըլլար, կե՛ր, ա՛րբ, քունեա ընդ իս (կարդացէք, սրբազա՛ն, մէջբերում է, աստուածաշունչէն)

աւելի անդին

անորոշ էր, տոհմածառ չունէին, սանկ դէպի երկիր շրջուած բրգաձեւ արարատ մը, մեծ հայրս չեմ ճանչնար բնաւ թերեւս չեմ ունեցած. վիժո՛ւկ, որձա՛տ, կակալա՛յ, փողոցի մը ծայրն էր, խորքը կը թուէր մութ, ատոր պէս,դէպի ձախ դէպի աջ՝ պատուհանի կարելիութիւններ, խաւարը կը ցոլար, ինք կը նայէր խորքին, կոյրի պէս որ ինքն իրեն կը հայի կը շօշափէ մութը, գլուխը կը խրէ իմաստութեան բաւիղներուն մէջ. կը կարդայ Ի սկզբանէ բանն էր… ի սկզբանէ սպաննէ սրբանն էր…հի, հի… օմեգա… աշխարհը ունի երկու դուռ, ետ ու առաջ,

եթէ աստուած ըլլայ կեանքը ի՜նչ փուշտութիւն…

կը կենաս լուսամուտին առջեւ՝ կ՛ուրուագծուէր դիմաստուերը, լոյս մը ըլլալու էր որ այդ բոլորը կը դարձնէր կարելի ու կ՛ըլլային՝ իսկ

եթէ չըլլայ աստուած ո՛չ մէկ հեշտոց, ամեն տերեւ անոր մատով կը շարժի.

գլուխը դարձուց, ոչինչ կը տեսնէր, թիթեղի գոյն լոյսը կար, ամեն ինչ անոր մէջ էր, խաւար ի մէջ ոչ ընկալաւ. մեծ հայրը կը փնտռէր, յիշելու էր, ապօրինի՛, ոռտուա՛ն, ամլորդի՛, ամեն գանկի մէջ արձան մը կայարձագանգի,միտքը որ կը դիմէ այլ տեղ, կ՛այլայլի, կը թրթռայ ժխորն ու անոր գաղափարը.

յոգնած էր այլեւս, բացաւ ընտանեկան ալպոմը, ո՜ւֆ, կը դարձնէր էջերը et pictura poiesis

(կիներ դարասկիզբի արդուզարդով, մազերը տրամադիք դիրքերով, փողկապաւոր այր մը, յետոյ պարապ այրուէգ սերունդ մը, պարապ զարմիկներ, քեռիներ, քեռորդիներ, քենիներ, տալ ու ներեր. մէկը շուլլեր է միւսը, մէկը ծներ է միւսէն, բոլորն ալ սրբապիղծ, արիւնակից, հայրենասէր, թոռան թոռները կը նայէին՝ պրոնզէ արձաններ՝ պատուհաններէն կը նային իրեն, մեռեր էին աքսորի ճամբուն վրայ, պիտի մեռնէին կարծես ժառանգորդ ըլլար անոնց հոգեվարքին ու դիակին, մաշած լռութեան ու ծիներու այս վերէն վար թափուող լաբիւրինթոսին, որ տանիքէ տանիք, թիթեղէ, երկաթէ, փլասթիքէ, փայտէ վարախայի ցիցերէն, հարթակներէն կը դիմէ Մասիս սրճարան, ծով ու քարանձաւ)

պիտի

գոցէ գիրքը, դրաւ դարանին վրայ, փոշի, միւս հատորներուն քով, բոլորն ալ գոց, բոլորն ալ բաց, քովէ քով նոյն չափով, մէջը քլինեքս, կրիփի թուքեր, դաշտանալաթ, գիրեր, մէկուն էջերը կը բացուին միւսի սերմահոսքին, մէկուն էջերը կը կտրտէ, կը փակցնէ միւսի բերնին, Մաշտոց կը մրափէ Տիրի տաճարին մէջ, հնչիւններու, լեզուներու բաբելոն, այս ժողովուրդը մարդ չ՛ըլլար՝ այնքան լուրջի առեր է աստուածը, նարտին, համակարգիչը, հողը. դարանները պատ մը կը կազմեն հազին մեջ.

փոշոտ ձեռքը կը դնէ փայտին, սանդխամատէն առ սանդխամատ կը բարձրանայ, կարծես կրէր ամբողջ պատը, գրադարանը, աշտարակները ապակի, յետարդիական. զօրին անցքեր, զօրին սանդուխներ, հրասայլեր, յեղափոխական- հակայեղափոխական թաւալ, թափանցիկ ու համակարգչային տառեր, որոնց մէջէն գրապահոցի զօրավար գրապահը կը քալէ, կը մագլցի բուրգի կատարը, հատոր մը կ՛առնէ, ագռմէջը կը շփէ, կը սկսի թերթել, հա, լորձունքը կը կլլէ, կնիկի հոտ, կը կարդայ կը գոցէ խնամքով տեղը կը դնէ, Գալիմաքոս, Լիկոփրոն, Լուգրետիոս կամ Եպիկուր՝ փոշի եւ առցեցուած Յաղագս Բռնութեան, Յաղագս Միապետութեան, Յաղագս Կաշառքի, Յաղագս Աղանդոց, Յաղագս Առասպելի, Յաղագս Պատկերամարտից, Յաղագս անձնիշխանութեան, իմա՛ մարդկային ազատութեան որ չիք, ստրուկ ծնաք, ստրո՛ւկ աճեցէք, եւ բնութեան անձրեւող հիւլէներուն մէջ՝

յանկարծ շեղում մը, բեկում մը, ստեղծագործ քլինամեն մը, ինչպէս սրընթաց թռչուն մը, արուեստաւոր ոգի մը, շունչ մը հովու անձաւի մը մէջ, աղիքի դիս մը եւ ահա ընդդիմութեան հրապարակը կը լեցուիցուցատախտակներով, բնապահպանութիւն, տոհմապահպանում, ծոմ ու ծրագիր, որքան խորը շնչես ծուխդ՝ ախպա՛ր, այնքան կը սերնդագործես, իսկ ի՞նչ կ՛ըսես անդադար սերմ ծամող այս լինտերուն, բազմացարուք, ամէն, ամեն ասեմ ձեզ, որ հատնիք, սատկիք հապա ի՞նչ. կարեւորը, Դեդալո՛ս, մեռնիլն է թռչնազգի

չէր կրնար ես

ըսել, տեսակ մը ծակ բերնիդ տակ, տեսակ մը անտեսանելի բաւիղային խողովակ ոռէդ բարձրացող մինչեւ գանկդ, կար ան ճաղատ գլուխով այրակին, միշտ կենսաբանական ճշգրտութեամբ որձեւէգ, ներսն ալ ծալ ի ծալ էր, ներսը թերթ առ թերթ, կը պժգաս երբ նայիս ատ սողուն խողովակէն՝ լեզու, քիմք, կոկորդ, խռչափող, ստամոքս, տիեզերք, ներաշխարհային ապրումներ, խօսքին մէջ՝ միայն շարաւ որ կը դիմէ դէպի ձեւի մը վսեմութեան՝ Աթէնաս կամ Դաւիթ.

կը բարձրացնէ գլուխը՝ գմբէթը, վեղարը, եւ անոր շուրջ դասաւորուած են նահատակաց ոսկերոտիք ոսկեզօծ դռնակներով, սուրբ կոյս Մարիամ, սուրբ կոյս, եղիր ողորմած ախտացելոց մերոց, գրքերը երբ պոռաս կ՛արձագանգեն իրարու, Catulli Carmina, Ճնճղուկը որուն հետ տիրուհիս կը խաղայ, կը գգուէ իրկուրծքին, Passer quicum ludere, ընկողմանած անկողնին վրայ, Օմ, Օմ

լուտանքը, իմացական խտղտանքը պոէզիա չի, պոէզիան ափ մը քար ա, խոփ ա, արօր ու քրտինք, պրոնզէ հուր ես, պրոնզէ ցուլ ես, մայթաղիճ ու համացանց, Պղուտոն՝ կը քալէ աղբանոցէն, Պերսեփոն՝ թղթախաղի աթուն քաշեց, շրթները make up կ՛ընէ, Իգարոս, Աստղիկ կ՛աղմկեն հեռատեսիլի կայաններէն, կը վաճառեն քնաբեր ու մորֆին, գեղեցկութեան սալոնին մէջ Նարցիս քակեց գոտին (եա պէլէշ), կը հայի հայելիին, ծունկը, զիստը՝ արեւելեան երգի ոճով, կը բանայ ծալքերը հայկական հարցին, կամա՛ց կամա՜ց, մոն շէր, պաչ մը վերէն, տոլար մը վարէն, տարադրամի գլխապտոյտ անկում, օհ, պարոն, պարոն, նուաղեցաւ, թայլանտական յատուկ մարձում, առանձին խցիկ, ձրի վիտիօ, ո՛ւր որ ուզես, ոնց որ…. կը խօսին տեղդ, բերնէդ, թիկունքէդ, ցեղէդ ու կլիրէդ, եւ տօնասրահը կը թնդայ, լամբերը կը դողդղան, կը զնգան. ծափ, ցուցահանդէս, պէտքարան.

շեղակի կը կարդաս կարծես պիտի հրդեհ մը այրէ ինչ որպիտի գրես, միւսը կը յօրանջէ, կը թաւալի աթոռին վրայ, գոցեց աչքերը, կը նայի դրան որ բացուեր է ներս, տեսարանը կրնայ կրկնուիլ հազար անգամ, ֆիլմ է, մէկը կ՛ուտէ միւսը. դատապարտեալը կը կանգնի խուցին մէջ, լոյս չկայ բայց լուսաւոր է, լրագրողը կ՛արտագրէ գրուածը վերէն կամ վարէն. քայլերը կ՛արձանագրուին ականջին, կը համրէ մէկու մը հետքերը որ կ՛երթայ սալարկներէն դէպի ելքի դուռը, ոճրագո՞րծ թէ՞ ոստիկան, մեթրոյին բերանը, աշխարհին փքոցը, Նոթրը-Տամի սատանայակերպ ջրդոնները, ուրկէ զիրարկը հալածեն ճեպընթացները, կը սուրան ականջ քունող օդանաւները. մեքենական յիշողութիւնը տնտեսութեան բարելաւման նման փողոցին ծայրն է, անվրիպելի քաքանոց,

«մէջդ լաբիւրինթոս մը կար, Լեսբիա, եւ ինծի տուիր սրբազան՝ վայելքներդ հեքսամետրի»:

6.

կրնաս

փարիլ անոր պատերուն, շօշափել խորտուբորտ ու հեստ աղմուկը.

մակերեսներ, մորթեր, մազեր, փսփսուքներ, կլլուող ձայներ կու գան, կ՛արձագանգես,

խուժեցին վրադ անտառներ եւ ամբողջ թաւ տիեզերքը աւիշներուն բխող արմատներէն հողերէն.

կեդրոնն ես տեղափոխ բոլոր մեկնող հասնող թրթիռներուն, թռիչքներուն,

ընդունարան եւ ապաստան. ինչ որ կայ սփռուող յայտնութիւն էբոլորաձիգ, եւ հրդեհ՝ տարածուող ապակիներու հակապատկերին, կռանը սալին, մատը ստեղին՝ գրոհը փայլերուն, ընկրկում, եւ միշտ գրոհ,

բոլոր մարմինները կապոյտ կարմիր

մեռելներուն դիմող՝ դէպի արձագանգում, դէպի արձակութիւն ազատագրման.

կը փարիս ոլորագնաց շարժումին, կը սիրես իբրեւանյայտացում, եւ դէմքդ հերձուածք մըն է երկճեղ բաւիղին մէջ անբաւ էութեան եւ չէութեան՝

հաղորդավայր բախումին

7.

աչքին մէջ՝

փլչող սանդուխներ, խորշեր սիրոյ, սանդխամատեր ու շեղանցք մը

որ կը տանի, կը

մտնէ տուն ու կրակը կը պտուտքի ականջի խորութեան,

փարոս մը ջրային ժխորի,

եւ ստուերները կը շարժին, հազիւ կ՛երերան, ձայներու պէս քայքայուող երիզին վրայ, քարափներու երկայնքին՝ արձաններ,ճակատներ, որ պատում մը կը փնտռեն ուր շնչեն, թրթռան, զրուցեն, կռանն ընդ սալին՝ բանին,

կ՚ելլեն դուրս, կը հետեւին մատներուդ խոնաւութեան, երկնքի մը պէս որ կբացուի անելի խորքին ու զանգակի մը հնչականութեան,

անոր շուրջ՝

նահատակութեան հեշտանքին անձնատուր՝ վարդապետ Սուրբ Սեբաստիանոս մը նետահար, հեռաւոր դանակներու ցցան մօտիկութեանը մէջ,

չորս առաքեալները կը դառնան փոխն ի փոխ ու կը պատմեն նոյն պատմութիւնը հուրին փայլակնացեալ որ եղաւ մարմին, աշխարհը սրիկայութիւն մըն է, մէկ կողմը՝ աստուած, միւս կողմը՝ պետութիւն, մինչ եղանակները, աստուածաշնչեան անեքդոտները կը յաջորդեն իրարու, արահետներ՝ որոնց մէջէն կը սահի մարմինդ, պատեր՝ որոնց միջեւ կը սեղմուիս, կը ճզմեն, կը մամլեն, փիձձայի շաղած խմորն ես, հայրիկի ճուճուլիկ տղան ես.

ափիդ մեջ բխումն է գիծերուն տողերուն որ քերթուածը կ՚արտաքսեն, յանձնեցին բախումին,

իսկ բառերը կը շոյեն անանուն, անդէմ մարմինը, դիակը, պղինձէ, զեղծուած ոսկիէ դիմակը, եւ շունչը ապակիին վրայ կը գծէ մշշագիրը առտուան արեւին, անզետեղելի բոյրի մը պէս որ կը շրջի, կը պտուտքի կը կորսուի աչքին մէջ, կարծես կարենայիր ըսել, կարծես յաջողէիր ըսել, զեղծել, զեղչել, քամել, փսխել, արտաքսել, դուրս գալ, ըսել, միշտ կրկնասել, ապրիլ դուրսը՝ ահա

լաբիւրինթոսն է քերթուած

8.

ընթացքը

(երբ վիրապ իջանք մէկէն սիրտս ուզեց քառսուն դարու քառսուն կանայք, բայց Ագապին, խօշ կնիկ է, իմ պէպէքս է, my baby, ամօթ է ծօ, չե՞ս ամչնար աս հողեն, չի հասկնար մեր մատամը, քունելէն վերջ մարդ մայր հայաստանը պիտ շուլլէ որ մէկը ըլլայ, ան ալ… ետքը մաֆ ըլլաս նէ աստեղի մաֆիաներուն թող մնան տոլարներդ, օգուտ, նպաստ, բարեգործութիւն կ՚ըլլան ժողովուրդին,

գնա՛ պապամ, ուր որ երթաս հա՛յ եմ պոռա, միշտ լսող մը կը գտնաս, ընկերաբան կամ սոցիոլոկ՝ մաքուր հայերէնով, կախ-կլիր հոգեբոյժ, թօշակառու ֆիզիկոս, տուն-տուն խաղացող դիւանագէտ, կուսակցական, կցկցան-պցպցան զալըմ այրեր, անանկ որ աս սերունդը մեռած է դեռ չի-չի-չի ծնած, թոթով են քա, պօէմա մը անգամ գրել չ՚իյտեն, ասոնցմէ ճարտարապետ չ՛ելլար, չէ, առեր են բոզ ու խոզարած կը խաղցնեն, թող նային, աչքերնին թող կշտանայ, ինթըրնէթի փոռնոն շատ է, անա՜նկ ալ լաւ կու տան կոր որ ատ ամերիք-լաթինները՝ պատկերէն, Սեաւ եմ եւ գեղեցիկ, ե՛կ զկնի իմ, Հռիփսիմէ՜ դուստր Եվայի,

գոնէ Մարգա՛ր, անգամ մը սա հայ աղջիկին հետը գնա՛, տեսնեմ քի ինչ կրնաս ընել, ա՛լ կը բաւէ ատ գրոցներուն ոռը լզես, ըսի՝ Ագապի՛, խելքի պառկելիք չէ, ճա՛նըմ, խելքը ձգէ մէկդի՝ տակդ պառկելիք է, գռեհի՜կ, գռեհիկ, ա՛լ կը բաւէ, աբովեանի ես իմ 60 մեթր քառէ տունս ամբողջ վաշինկթոնին հետ չեմ փոխեր… անանկ որ մուկս փախաւ (հասկցա՞ր մը, գծե՞մ) ասանկ, մարդ ես, յետոյ մարդ չես, մուխդ մարեցաւ,

գոնէ աստեղ չոճուխ մը շինէինք որ հայր ըլլայինք, իշտէ կեանքը աս է, օդակայանէն արեւմտաեվրոպական թիփիք քաղաք՝ ռուլէթ, փոքեր, մեսէտէս, երկնաճեմ սօսանուէր արաներ,

երբ վեր ելանք, չեմ կրնար պատմել, մէսթ եղեր էինք, եանի շուարեր, մնացեր ապշեր էինք, ամմա խըյախ տեսարան է, show room, արարատը ճիշդ դիմացդ, կարգը հիմա քուկդ է, տղա՛ս, ձեռքդ երկարէ՝ կը դպնաս, կարծես ձմրան երկու տանձ, դպի՛ր, համբուրէ՛ ծօ, վերջը կ՚առնեն արտաւազդի մը կը ծախեն:)

9.

կը սկսի մատներէս, եղունգ առ եղունգ, ստեղնաշարէն արձակուած լարացանցերու երկայնքին, տեւական ուղիներ թրթռացող, մտնող մէկը միւսին մէջ, անցնող մէկը միւսէն, մէջմէջի կամ քովէ քով, ցատկող կամուրջներ զիս կապող հեռաւոր ու անյայտ դէմքերու, տողերու, բառերու, սահող, թաւալող, սուրացող կէտ մը անդադար դիմող հորիզոնէ հորիզոն, պաստառէ պաստառ, փնտռող տարազը յետին, ոլորուող անտեսանելիվարագոյրի մը վրայ, սարք ու սերմ, աւելի մտային հիւսկէն քան կտաւ ու թաւիշ, յօդեր, մորթեր, լարեր, քառուղիներ, խճուղիներ որոնց վրայէն կը խոյանան հրամաններ, հակահրամաններ, որոշումներ, ծրագիրներ,աղիւսակներ, յօդուածներ, համայնագիտարան մը սուգի, հեծքի, մեր մեռելները, մեր հողերը, ո՜ւր որ երթաս պոռա՛… վայելքի, նուաղող, վառող մարող նշաններու կրակոց, որոնց խորքին կը ծփայ, կը թիթեռնանայ ճերմակ սաւան մը թափանցիկ, հնամաշ, գրեթէ անգոյ, իր այբուբենի քառակուսի կուռութեամբ:

Յետ-գրութիւն

Գնոսոս. ժայռի, տաշուած ու անտաշ քարերու, պատերու ու փոշիի կիկլոպեան կոթողում մը: Հազարաւոր ճպուռներ կը սուլեն, կը հիւսեն, կը խուսափերգեն ճառագայթում մը ամենատեղ: Դեդալոս մեկներ է շատոնց, ձիթենիներուն միջեւ ոտնահետքերը՝ միայն հսկայամարտէն մնացող:

Միտքը կը հմայուի լաբիւրինթոսէն, կը տարուի իր խորերը, հոն, ուր կը դառնայ դեգերում, աննպատակ, անիմաստ, խոյզ ու սուզում կարծես լքէր ինքզինք, փնտռէր ոչինչ, ինչպէս կը հմայուի պաստառէն, վարագոյրէն ու ծալքերէն որ կը բացուի բեմի բունոցին:

Լաբիւրինթոսի մտածումը լաբիրինթային է: Լաբիւրինթոսը մտածումը կը շրջապատէ բոլոր կողմերէն, ինչպէս մթութիւնը որ կը յօրինուի անդադար ետեւս, երբ լամբ մը կ՚առաջնորդէ զիս գետնուղի, ինչպէս անջրպետայինպարապը երկրին շուրջ:

Խորութեան խնդի՞ր մը: Բայց լաբիւրինթոսը մակերեսներու, երեւոյթներու, հայելիներու եւ հազար ու մէկ բիւրեղներու, գիշերներու, կոտրտանքներու, փսորներու, շողիւններու, սերմերու սփիւռքն է: Ամեն ինչ միշտ նոր է եւ անյեղելի, ամեն ինչ միշտ հին է, երկդիմի: Միշտ քայլ մը անդին, պակսող:

Կրկնումն է, որ կ՚երթայ կրկնումէն անդին: Տեսակ մը առասպելը քրքրող պատում: Թեքնիք շեղանցք:

Այնքա՜ն անուններ մէկ դէպքի համար:

Արեւ ու շոճիներու բլուր մը, ուր կը հասնի կարծես նախադարը, վայրենութիւնը կը պարզուի եւ կը դառնայ լեզու անիմանալի, որմնաքանդակ ու յետին առասպել. Թէսէոս, Արիադնէ, Ֆիտիաս, Մանուէլ, Հենրիկ – ողնայարդ կը կքի, կը կուզնաս, կը կաղաս որպէսզի ոճ մը գտնես այս լաբիւրինթոս ժամանակի ընթացքին մէջ:

Լոյսին մէջ, այս յունական կարծեցեալ իմացական, ապողոնեան լոյսին, կը կանգնի, հեռաւոր մութի մը մակերեսին՝ Մինոտաւրոս իր մենութեան մէջ իսկ օտար՝ այդ լոյսին: Արուեստը գուցէ կը սպաննէ զայն, կը հսկէ սկզբնական ոճիրին, որ յօրինեցի: Կ՚ապրիմ ճակատումի տենդով:

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.