Անցեալ տարի Սարգիս Խաչենց – Փրինթինֆո – Անտարես հրատարակչութիւնները հրատարակեցին «Յառաջ. միտք եւ արուեստ 1976-1987» գիրքը ուր ներառուած են Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի «միտք և արուեստ» ամսական յաւելուածի այդ տարիների նիւթերը։ Ինքնագիրը 2֊րդ գրութիւնն է հրատարկում այդ գրքից։ Առաջինը Գրիգոր Պըլտեանի «Սիրահարը ըստ Տիւրասի» գրութիւնն էր։

Խաչիկ Թէօլէօլեանի «Ամերիկացի թատերագիր մը կոչուած՝ Tennessee Willams» գրութիւնը հրատարկուել է 1983֊ին գրողի մահուան կապակցութեամբ։ 

Թէնըսի Ուիլիըմզի «Կատուն շիկացած տանիքին» թատերգութիւնը տպուել է Երևանում 1983֊ին «XX դարի արտասահմանյան դրամատուրգիա» ժողովածոյի մէջ(հայաստանեան տպագրութեան մէջ անունը Թեննեսի Ուիլյամս հնչմամբ)։

Թենեսի Ուիլիամսի լուսանկարների շարքը www.themorgan.org կայքից

Թէնըսի Ուիլիըմզ մեռաւ Փետրուար 25, 1983-ի առաւօտեան ժամը 10.45-ին, թատերական, կարծես գերբնական մահով մը։ 71 տարու թատերագիրը որ սրտի զանազան հիւանդութիւններէ կը տառապէր, սրտի կաթուածէ չմեռաւ, այլ (այսպէս կ՚ըսեն բժիշկներն ու ոստիկանութիւնը) խեղդամահ եղաւ աներեւակայելի ձեւով մը, կամ արկածով մը. իր շնչափողը փակուած էր դեղաշիշի փլասթիք կերպընկալ կափարիչով մը…։

Կան արուեստագէտներ, օրինակ՝ դարուս ամենամեծ անգլիագիր վիպագիրը, Ճէյմս Ճոյս, որոնք կը պնդեն թէ գրագէտը պէտք է փորձէ պարզ,   խաղաղ, պուրժուա-քաղքենիական կեանք ապրիլ, եթէ կ՚ուզէ գրական յեղափոխութիւններ իրականացնել։ Թէնըսի Ուիլիըմզ այդպիսիներէն չեղաւ։ Իր կեանքն ու գործը լի են մանր ու ոչ մանր ողբերգութիւններով, վերիվայրումներով, մելոտրամայով։ Ապրեցաւ այնպէս, ինչպէս մեռաւ։ Ստեղծեց արուեստ մը, որուն համար իրականութիւնը մէկն էր զանազան կարելի ու կարողականութիւն ունեցող ֆանթէզի-քմայքներէ, իսկ իրապաշտութիւնը՝ մէկը զանազան կարելի մօտեցումներէ արուեստի հանդէպ, եւ ընդհանրապէս ո՛չ այն մօտեցումը, որ իր գերադասած հոգեկան տագնապներու մութ իրականութիւնը կրնար արտայայտել։

«Թէնըսի» Ուիլիըմզ անունի տարօրինակութիւնը ի՞նչպէս բացատրել ֆրանսահայուն։ Ծնած էր Թովմաս Լանիր Ուիլիըմզ։ Եթէ Ֆրանսացի մը կնքուէր «Ժորժ Մարթէն»ի նման սովորական անունով մը, եւ իր անունը փոխէր Ֆրանսայի մէկ ոչ-շատ կարեւոր եւ ոչ-շատ յառաջացած շրջանի անունին, – օրինակ՝ Auvergne Մարթէնի, թերեւս Ֆրանսացին ունենար տարօրինակութեան այն զգացումը, որ այս թատերագրին անունը կը յառաջացնէ Ամերիկացիին մօտ։

Այս մարդը, որ 1947-էն 1960 տիրապետեց ամերիկեան թատրոնին, ծնած է Միացեալ Նահանգներու ամէնէն յետամնաց նահանգներէն մէկուն, Միսիսիփիի մէջ, 1911 Մարտ 26-ին։ Ամերիկայի տաք, խոնաւ, կծու, կամ լաւ է ըսել՝ դառն-բողոքական, ցեղապաշտ ու սեւատեաց այս շրջանը արտադրած է Ուիլիըմ Ֆոքնըրը եւ մեծ ու փոքր բազմաթիւ տաղանդներ։ Յատկանշական է որ Ուիլիըմզի մեծ հայրը պատուելի մըն էր, մայրը՝ գիրն ու գրականութիւնը սիրող կին մը, մինչ հայրը՝ կօշիկ ծախող մը, շրջուն վաճառող մը, եթէ կ՚ուզէք, միշտ յամառ, միշտ ձախող իր գործերուն մէջ։

Խաղաղ աւանի մը մէջ ապրելէ ետք, ութը տարեկանին Ուիլիըմզ ընտանիքը կը փոխադրուի Սէյնթ Լուիս, Միսուրի նահանգին գլխաւոր քաղաքը, ու Շիքակոյէն ետք Ամերիկայի երկրագործական հսկայ շրջաններու երկրորդ ամենակարեւոր կեդրոնը։ Թովմաս եւ իր քոյրը՝ Ռոզ,  իրենք զիրենք արմատախիլ կը զգան. մօտ են իրարու եւ իրենց մօրը։ Հայրը, ինքնամփոփ, կոշտ ու կոպիտ, կ՚աշխատի, առանց հասկնալու իր ընտանիքի անդամները։ Երբ Թովմաս տասնմէկ տարու տղեկ մըն է, մայրը գրամեքենայ մը կը գնէ անոր համար, եւ այդ օրէն անդին տխուր, զգայուն ինքնամփոփ այդ պատանին կը սկսի գրել։ 71 տարեկանին ալ կը գրէր ամէն օր, վաթսուն տարի ամբողջ, առողջ կամ հիւանդ, գինով կամ ոչ, տառապող կամ երջանիկ, Ուիլիըմզ գրեց։ Յաջողութիւնը զինք չծուլացուց, ձախողութիւններն ու ինքնավստահութեան կորուստը չդադրեցուցին այդ գրամեքենան։ Ինչպէս որ Ուիլիըմ Սարոյեան հազարաւոր անտիպ ու մրոտած էջեր ձգեց, ու տասնեակ մը ոչ-արժէքաւոր գիրքեր հրատարակեց, ինչպէս որ գրել ու ապրիլ կը համընկնէին անոր համար, նմանապէս Ուիլիըմզ ապրեցաւ գրելով։ Առաջին օրէն կը գրէր ամէն ինչ. պատմուածք, յօդուած, եւայլն։

Երբ աւարտեց երկրորդական վարժարանը, սկսաւ յաճախել Միսուրիի նահանգային համալսարանը, ուր երկու տարի ժուռնալիզմ ուսանեցաւ։ 1932-ին, երբ Ամերիկայի տնտեսութիւնը կը քայքայուէր, կը ստիպուի ձգել դպրոցը եւ երեք տարի աշխատիլ իբր կօշիկի վաճառորդ։ Կը փորձէ գրել գիշերները, չի քնանար։ Ի վերջոյ կ՚ունենայ ջղային ծանր տագնապ, կը ստիպուի թողուլ գործը եւ ապաքինման համար կը ղրկուի Թէնըսի նահանգը, իր մեծ հօր նոր տունը։ Հոն, ուրիշ յետամնաց բայց խաղաղ նահանգի մը մէջ, ան կը գրէ իր առաջին թատերախաղը՝ «Գահիրէ, Շանկ Հայ, Պոմպէյ»։ Նաւաստիներու պատմութիւն մը, որ աւելի կատակերգութեան կը նմանի, քան իր անկէ ետք գրած որեւէ կտորի։ Երբ տեղւոյն փոքր, կէս-փրոֆէսիոնէլ խմբակը կը ներկայացնէ այս կտորը, Ուիլիըմզ քաջալերուած կը վերադառնայ Միսուրի, կը յաճախէ երկրորդ համալսարան մը, կը լծուի Չեխովի եւ անգլիագիր վիպագիր Տ. Հ. Լորընսի գործերու ընթերցումին, ու կը գրէ երկրորդ թատերախաղ մը, «Տհը մաճիք թաուըր» (Կախարդական աշտարակը), որ 1936-ին կը բեմադրուի ուրիշ տեղական խումբի մը կողմէ։ Այս փոքր յաջողութեան շնորհիւ Ուիլիըմզ կը հանդիպի երիտասարդ գրագէտներու եւ թատերագիրներու խմբակի մը, ուր կը գտնէ ոգի ունեցող եւ քաջալերող նուիրեալներ։ Կը շարունակէ գրել մէկ արարնոց թատերախաղեր եւ ուրիշներ։

Բայց 1936-37 թուականները դժուար տարիներ են երիտասարդին համար։ Տարիներ ետք, ան կը նկարագրէ իր ծնողքին ամուսնութեան քայքայումը։ Հայրը, որուն ընտանիքը անցեալին հողատէր եղած է, ապա սնանկացած, «կը յիշէ» անցեալ մը, որ չէ տեսած իսկ։ Մայրը կը մերժէ իր ամուսինը, կը փորձէ դիւրաբեկ աշխարհ մը կանգուն պահել, չի յաջողիր։ 1937-ին Ռոզ, Ուիլիըմզի քոյրը, բոլորովին կը կորսնցնէ իր արդէն խախուտ ջղային հաւասարակշռութիւնը, կը ղրկուի խելագարներու յատուկ յիմարանոց, ուրկէ երբեք չ՚ելլեր այլեւս։ Այս մայրն ու քոյրը երբեք բացակայ չեն Ուիլիըմզի գործէն,- «Ապակեայ մենաժըրի»ի Ամանտան ու Լորան անո՛նք են։ Քսան տարի ետք, թատերագիրը կը խոստովանի.

«Շատ զօրաւոր կապ մը զգացի մօրս, քրոջս, մեծ մօրս հետ, ընտանիքի բոլոր կիներուն հանդէպ, ու կ՚ատէի հայրս. թիփիք նախատիպարը միասեռական որոշ անձերու։ Այլեւս հայրս չեմ ատեր… չէր կրնար ինքզինքը փոխել, կամ իր ըրածները հասկնալ»։

Այդ հայրը «Ապակեայ մենաժըրի»ի յաւիտենապէս բացակայ հայրն է, ապա՝ «Կատուն տաք տանիքին վրայ» թատերախաղին ներկայ, բայց ծանրաթաթ հայրը։ Ուիլիըմզ միշտ ալ պատրաստ էր խոստովանելու որ իր «նիւթ»ը գրեթէ միշտ նոյնն էր, ընտանիք մը, երազներ, ինքզինքը «դուրս» զգացողի դառնութիւնը եւ յոյսը։ «Ես Պլանշ Տիւպուան եմ» ըսած է ան, ակնարկելով «Ցանկութիւն կոչուած հանրակառք մը» թատերախաղի զոհ-հերոսուհիին։ Ուրիշ ատեն ան ըսած է. «Գիտէ՞ք, ես սեւ, խափշիկ զգացած եմ ինքզինքս միշտ»։ Աւելի պարզ չէր կրնար խօսիլ 1940-ական թուականներուն, սակայն ապագային յստակացաւ իր խօսքերուն իմաստը, -համեստ միջոցներով ապրող զգայուն, ջղային, ճնշուած այս միասեռականը միշտ «դուրս» զգաց ինքզինքը. դուրս, նոյնիսկ երբ իր սիրոյ ու սեռի մասին գրած քնարերգական երկխօսութիւնները կը լսուէին տասնեակ թատրոններու բեմերէն։

1937-ին, երբ քոյրը կը ղրկուի յիմարանոց, Ուիլիըմզ կը սկսի գրել բարկութեամբ եւ անհաւատալի արագութեամբ։ Իր «Մոմեր արեւին» գործը իր ամէնէն «քաղաքական», ձախ-ազատական գործն է, ընչազուրկ հանքագործներու մասին, առաջինը՝ շարքի մը։ 1938-ին իր «Փախստական տեսակը», որ տեսակ մը կորքիական մղձաւանջ է, կորսնցնողներու եւ կորսուածներու մասին, փոքր յաջողութիւն մը կ՚ունենայ Սէյնթ Լուիսի տեղական թատրոնին մէջ, ուր ան կը ներկայացուի իր բարեկամ-ամաթէօռներու խմբակին կողմէ։ Նոյն տարին կը գրէ իր «Գարնանային փոթորիկ» սիրային, քնարերգական ոճով ստեղծուած կտորը, ապա՝ «Ոչ-Սոխակներու մասին» թատերախաղը, որուն նիւթը՝ բանտարկեալներու ըմբոստութիւնը, հիմնուած է այդ օրերու մէկ իսկական դէպքին վրայ։ Այս թատերախաղերուն մեծամասնութիւնը կը ներկայացուի, բայց շատ քիչ կը բեմադրուի այսօր։ Միայն «Փախստական տեսակ»ը գործն է, որ երբեմն կարելի է տեսնել։ Սակայն այս գործերուն մէջ արդէն կարելի է գտնել նիւթի, ոճի եւ մօտեցումի յատկանշական գիծեր, -զսպուած բարկութեան պոռթկումը, հազիւ սպիացած վէրքերու արիւնը, անտեսուած ցաւերն ու որոտունքը, տխեղծ յոյսերու եւ հիւծած երազներու քնարերգական ու յանկարծակի պոռթկումը, մոխրագոյն եւ անտարբեր աշխարհի մը մէջ։

1938-ին Ուիլիըմզ, 27 տարեկան, վերջապէս կ՚աւարտէ յաճախած երրորդ համալսարանը ու կ՚երթայ Նիւ Օրլիընզ, Լուիզիանայի նահանգի Ֆրանսացիներու կողմէ շինուած մայրաքաղաքը (Նուվէլ Օրլէան)։ Այս քաղաքին հին մասը ունի որոշ «Միջերկրականեան» ու ազատ մթնոլորտ մը, ուր սեռը, ուիսքին, սեւերու ճազը եւ ճերմակներու թատրոնը կը գտնուին անկաշկանդ եւ իրարու մօտ։ Հոն այնքա՜ն ազատ ու վերածնած կը զգայ ինքզինքը հեղինակը, որ անունը կը փոխէ, կը մկրտէ ինքզինք Թէնըսի, ի պատիւ այն նահանգին, ուր գրած է իր առաջին թատերախաղը եւ «ծնած» իբր թատերագիր։

Նիւ Օրլիընզի մէջ ապրած շրջանին Թէնըսի կը լսէ որ Նիւ Եորքի համբաւաւոր «Կրուփ» թատրոնը թատերագրական մրցանք մը ստեղծած է, երիտասարդ գրողները քաջալերելու համար։ Չորս թատերախաղ եւ զանազան միարար կտորներ կը ղրկէ անոնց Թէնըսի, որուն բեղուն գրիչը չէր դանդաղած։ Միարար կտորներուն «հաւաքածոն» մրցանակը կը շահի, բայց ինչ որ աւելի՛ կարեւոր է Ամերիկայի մէջ (ուր թատրոնը արուեստի մէկ պիզնէսն է) նաե՛ւ կը շահի մրցանքի դատաւորներէն մէկուն բարեկամ Օտրի Վուտի համակրանքը։ Վուտ կը համոզէ Ռոքֆէլլըրներու բարեգործական մշակութային հիմնարկը, որ նիւթապէս օգտակար ըլլայ Ուիլիըմզին։ Մինչ ան նոր թափով կը գրէ, Վուտ համոզուած անոր տաղանդին, կը փորձէ համոզել զանազան բեմադիրներ։ 1941-ին, երեսունամեայ Ուիլիըմզ Նիւ Եորք է, կը յաճախէ Նիւ Եորքի համալսարանին … թատերական բաժինը, մինչ շնորհիւ Վուտի, իր թատերախաղը՝ «Հրեշտակներու պատերազմ»ը կը սկսի ներկայացուիլ Պոսթընի մէջ, որ այդ օրերուն արուեստի մարզին մէջ Ամերիկայի կարեւոր երկրորդ քաղաքն էր։ Համակրանք չի շահիր, ու արագ կը փակուի այդ թատերախաղի ներկայացումը։ Յուզուած, նաեւ բարկացած, Ուիլիըմզ յաջորդ տարուան մէջ երկու նոր կտոր կ՚արտադրէ, որոնցմէ մէկը գրեթէ ինքնակենսագրական է, – «Տանիք տանող սանդուխ», որ կը նկարագրէ հագուստեղէնի աթըլիէի մը մէջ աշխատող եւ տառապող զգայուն երիտասարդ գրագէտի մը «բանտարկեալ» կեանքն ու «ազատագրում»ը այդ կեանքէն։ Պատմութիւնը հազիւ թէ կը քօղարկէ Թէնըսի Ուիլիըմզի զգացումները, կօշիկի աշխատանոցի մէջ անցուցած իր դառն օրերուն հանդէպ։

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ուիլիըմզ Նիւ Եորք է։ Բանակը չի զինուորագրեր զինք, թերեւս իր ջղային նոպաներուն եւ միասեռականութեան պատճառով։ Հակառակ Վուտի օժանդակութեան եւ իր թատերախաղերու մանր մունր յաջողութիւններուն, որոնք աւելի վարկ կը բերեն իրեն, քան՝ դրամ, Ուիլիըմզ ստիպուած է աշխատիլ, իբր սպասեակ, գիշերները բաց մնացող սրճարաններու մէջ, իբր վերելակի վարորդ, գիշերները, պանդոկի մը մէջ։ Կ՚ապրի նաև ուրիշ իրականութեան մը ականատես, Նիւ Եորքի, այդ եզակի ու հսկայ քաղաքի գիշերները քննելով ու օգտագործելով։ Կը գրէ երկու ուրիշ թատերախաղեր, որոնցմէ մէկը՝ «Տհը կլաս մէնաժըրի»ն (Ապակեայ մենաժըրին) 1944ի Դեկտեմբեր 26-ին կը սկսի բեմադրուիլ Շիքակոյի մէջ։ Այս կտորը Ուիլիըմզի անունը գոնէ կը ծանօթացնէ Ամերիկայի թատերասէր հասարակութեան, եւ թատրոնի մասին գրողներ «պարտականութիւնը» կը զգան անոր մասին սրտաբուխ գովեստներ հրատարակելու։ Հետաքրքրական է նշել որ հանրութիւնը շատ սերտօրէն չի բաժներ քննադատներու կարծիքը, եւ բեմադիրը (որուն գործը կը զօդէ արուեստն ու պիզնէսը) կ՚որոշէ վերջ տալ ներկայացումներուն։ Երբ այս կը լսուի, Շիքակոյի գլխաւոր երեք թերթերու թատրոնի քննադատները կը խմբագրեն յորդորակ մը, որ կը յանդիմանէ Շիքակոյի ժողովուրդը։ (Անշուշտ ֆրանսահայը կրնայ յիշել վերջերս Պելմոնտոյի եւ ձախակողմեան ֆիլմարտադրիչի մը գործերու մասին հրատարակուած յորդորա- բարոյախօսականներ…)։ Ամէն պարագայի, արուեստը, պիզնէսը եւ քննադատութիւնը կ՚ունենան հազուադէպ եւ երանելի՜ համընկնում մը։ Շիքակոյի թատերասէր հանրութիւնը կը սկսի աւելի խուռներամ ներկայ գտնուիլ ներկայացումներուն, եւ ուրեմն Նիւ Եորքի, այսինքն՝ ամերիկեան թատրոնի մայրաքաղաքի պիզնէսմէն- բեմադիրները կը համոզուին որ կ՚արժէ մեծ թատրոնի մը մէջ, ծանօթ փրոֆէսիոնէլներու գործակցութեամբ ներկայացնել Ուիլիըմզի գործը։ 1945, Մարտ 31-ին «Ապակեայ մենաժըրի»ն կը սկսի բեմադրուիլ Նիւ Եորքի մէջ. Նիւ Եորքի քննադատները, հարուստները եւ իր «բարձր ճաշակ»ի համբաւը փնտռել փափաքող թատերասէր հանրութիւնը կը խճողէ թատրոնի նրբանցները, ամէն գիշեր, եւ ուրեմն 34 տարեկանին, իր 12-րդ երկար թատերախաղով (անկէ զատ արդէն գրած էր հինգ միարար կտորներ), կը դառնայ մեծահամբաւ։ Յաջորդ տասնըհինգ տարիներուն, Ուիլիըմզ եւ Արթըր Միլլըր կը տիրապետեն ամերիկեան թատրոնին։

Երկու նոր, անկարեւոր թատերախաղերէ ետք, 1947 Դեկտեմբեր 3-ին Ուիլիըմզի «Է սթրիթքար նէյմտ տիզայր»ը կը ներկայացուի Նիւ Եորքի մէջ։ (Այս գործին անունը խնդրական է հայերէն գրողի մը համար. «տիզայր»ը ֆրանսերէն «տէզիր», անգլերէնի մէջ ունի սեռային, բայց ոչ բոլորովին սեռային իմաստներ – փափաքի, իղձի, տենչի, բաղձանքի, «Ցանկութիւն կոչուած հանրակառք մը»)։

Այս թատերախաղը, իմ անձնական կարծիքով, – ինչպէս, անշուշտ, շատ մը քննադատներու կարծիքով,- Թէնըսի Ուիլիըմզի գլուխ գործոցն է, եւ յետպատերազմեան ամերիկեան թատրոնի երկու ամէնէն յաջող գործերէն մէկը։ Պէտք է ըսել որ Ուիլիըմզ ինքն ալ պատրաստ եղաւ միշտ խոստովանելու, որ գործը իր ուժականութիւնը կը պարտի բեմադիր Էլիա Գազանի թելադրութիւններուն, որոնք յաճախ կ՚ընդունէր Ուիլիըմզ փորձերու ընթացքին, եւ անշուշտ թատերգութեան հրատարակութենէն առաջ։ Այս կտորը նաեւ բան մը կը պարտի Մարլոն Պրանտոյի դերասանական տաղանդին, որ ֆիլմին վրայ արձանագրուած կը մնայ, ու յաճախ կը տեսնուի դերասան ու թատերագիր նոր սերունդներու, համալսարանական ամբողջ սերունդի մը կողմէ, եւայլն։ Այլ խօսքով՝ ինչպէս միշտ, արուեստի գործ մը, մանաւանդ թատերական բարդ արուեստի գործ մը, ստեղծագործ հանճարի մը շնորհիւ չէ միայն որ կը կիրարկէ իր հսկայ դերն ու ազդեցութիւնը, այլեւ՝ զայն կը պարտի պարագայական պայմաններու, ուրիշ տաղանդաւոր մարդոց գործակցութեան, եւայլն։ Աւելցնել, որ թատերախաղին գլխաւոր դերերը (Պլանշ Տիւպուա, Սթանլի Քովալսքի) կը համարուին դերասաններու տաղանդը «չափող», պահանջկոտ, շատ լաւ յղացուած դերեր։ Ուրեմն, ինչպէս որ ամէն դասական թատրոնի անգլիացի դերասան կ՚ուզէ Համլէթ խաղալ, ամէն ամերիկացի դերասանուհի կը յուսայ Պլանշի դերը ստանձնել, եւ այս ձեւով Ուիլիըմզի համբաւին ու «միսթիք»ին դերը կը տեւականանայ ամերիկեան թատրոնին մէջ։

Կ՚արժէ ընդգծել այս կէտը։ Ուիլիըմզի թատրոնը շատ բան կը պարտի բարեկամ բեմադիրներու եւ դերասաններու, որոնք կը համակրէին այս զգայուն, յաճախ դժբախտ միասեռականին, որուն սիրահարին մահը շատ ընկճեց զինք։ Անոնք կը հիանային իր տաղանդին, կը բաժնէին իր փոթորկալից վերիվայրումներուն ետեւ քօղարկուած ցաւերը։ Քիչ անգամ կը պատահի, մրցակցութիւններով բզքտուած թատրոնի աշխարհին մէջ, որ կարեւոր անձ մը ունենայ նոյնքա՛ն մեծ թիւով հիացողներ, բարեկամներ եւ կամ գոնէ «հասկցող» ծանօթներ, որքան ունեցաւ Ուիլիըմզ։ Անշուշտ անոնցմէ շատեր իրենց շահերն ալ կը հետապնդէին, սակայն, կ՚արժէ շեշտել որ Էլիզապէթ Թէյլըր, Փօլ Նիւմըն, Ռիչըրտ Պըրթըն, Էլիա Գազան, բոլորն ալ հիացումով արտայայտուած են յաճախ Ուիլիըմզի թատրոնին մասին, եւ իրենց հիացումը փաստած են, փնտռելով անոր գործերու բեմադրութեանց մասնակցելու առիթներ։

«Է սթրիթքար նէյմտ տիզայր» թատերախաղի նիւթը պարզ է։ Հարաւային հողատէր ընտանիքի մը երկու ժառանգորդուհիներէն  մէկը, Սթելլա, լքած է անկումի ենթակայ, գրեթէ սնանկ հայրենական երդիքը եւ ճնշիչ միսիսիփեան աւանը, ուր կը գտնուի իր պապերուն տունն ու ագարակը, եւ եկած է Նիւ Օրլիընզ մեծ քաղաքը։ Ամուսնացած է աշխատաւոր դասակարգի պատկանող լեհ-ամերիկացիի մը, Սթանլի Քովալսքիի հետ, կ՚ապրի երկյարկանի շէնքի մը մէկ յարկաբաժնին մէջ, թափթփած, համեստ, սէրով եւ սեռով գոհ կին մըն է Սթելլա, որ երբեք չէ խաբած ինքզինքը, իր սնանկացող ընտանիքին «փառաւոր» անցեալով։ Միշտ սիրած է քոյրը, Պլանշ, որ թատերախաղին սկիզբը կու գայ, իր քրոջը «այցելելու» եւ կը մնայ անոր մօտ։

Պլանշի մասին քննադատ մը գրած է թէ ան «թէ՛ թիթեռնիկ է, թէ՛ վագր»։ Սնանկացած, սեռային ճնշումներու ենթակայ, բողոքական ընտանիքի մը շառաւիղ այս օրիորդը ուսուցչուհի եղած է, եւ իբր թէ «արձակուրդ»ի եկած։ Թատերախաղի ընթացքին կը պարզուի անոր նկարագիրն ու իսկական անցեալը։ Զգայուն, իտէալիստ եւ գեղեցիկը սիրող այս կինը միաժամանակ ստախօս, կեղծաւոր կին մըն է։ Մէկ անգամ ամուսնացած է, շատ երիտասարդ, ինք անփորձ, ամուսի՛նն ալ։ Ի վերջոյ ամուսինը կը ստիպուի ընդունիլ իր միասեռականութիւնը, եւ Պլանշի մեղադրանքներուն չդիմանալով անձնասպան կ՚ըլլայ։ Պլանշ սեռէն հեռու մնացող կոյսի վարուելակերպ կ՚ընտրէ, բայց միաժամանակ իր վիրաւորուած իգականութիւնը, ինչպէս նաեւ գեղեցիկի հանդէպ իր հակումը կ՚արտայայտէ, իր դպրոցի 17 տարեկան մէկ աշակերտին հետ սեռային կապ ստեղծելով։ Ահա ա՛յս է պատճառը անոր «արձակուրդ»ին. գործէ արձակուած է, եւ սնանկացած ընտանիքի ինչքերուն մնացորդացը ծախելէ ետք եկած է Նիւ Օրլիընզ։

Ունկնդիր-հանդիսատեսը այս բոլորը կը լսէ ու կը հասկնայ թատերախաղի ընթացքին։ Պլանշ իր քրոջ ամուսնին՝ Սթանլիի կոպիտ վարուելակերպը եւ «գազանային» սեռային ուժականութիւնը «անտանելի» կը գտնէ, միաժամանակ զայն հրապուրիչ գտնելով։ Կ՚ամբաստանէ քոյրը Սթելլան եւ աշխատաւոր ամուսինը, սակայն միաժամանակ գիտէ որ ինք ալ ոչինչ ունեցող, հակասութիւններէ տառապող, մօտ 35_ամեայ օրիորդ մըն է, որուն տակաւին կը մնայ որոշ ֆիզիքական գեղեցկութիւն մը։ Զայն կը գործածէ, փորձելով հրապուրել Սթանլիի ընկերներէն մէկը, ամուսնանալու յոյսով։ Չի յաջողիր։ Սթելլա յղի, հիւանդանոցն է, երբ ամուսինը կը բռնաբարէ Պլանշը։ Քրոջ վերադարձէն ետք նորածին պզտիկով, անոնք միասին կը բնակին քիչ մը ատեն, սակայն արդէն խմող ու տառապող Պլանշը ի վերջոյ կը տարուի յիմարանոց (ինչպէս, անշուշտ, անցեալին յիմարանոց ուղարկուած էր Ուիլիըմզին քոյրը Ռոզը)։

Պլանշի դերը ունի բարդ սեռային եզր։ Ունի նաեւ ընկերային բարդութիւն։ Պլանշ կորսնցուցած է հարուստ անցեալ մը, ունի կոպիտ ապագայի մը փոքր, նեղ կարելիութիւնները միայն։ Ստիպուած է ընդունիլ տգեղ կեանք մը, կոշտ մարդիկ, դաժան աշխարհ, երբ մեծցած էր փափուկ, զգայուն, պատնէշներու ետին պահպանուած ազնուական, սակայն ճնշիչ աշխարհի մը մէջ։ Կը հաւատայ որ միայն սուտն ու իր սեռային գրաւչութեան զգոյշ գործունէութիւնն է որ իրեն համար կրնան ամուսնութիւն ապահովել, իբր տեսակ մը պատսպարան աշխարհէն։ Կը փնտռէ բարեհոգի, զգայուն, ճէնթլմէն մարդ մը, հոգ չէ թէ համեստ դասակարգէ, որովհետեւ կը յուսայ կարելի եղածին չափ վերստեղծել իր նախկին կէս-երազեալ կեանքը, ուր «մաքրութիւն»ը եւ «զգացականութիւն»ը եւ «գեղեցիկ»ը կը տիրապետէին։

Այս մարզին մէջ սխալ կը հասկցուի Ուիլիըմզի արուեստը, որ յաճախ կը մեկնաբանուի «գեղեցիկ»ին եւ «կոպիտ»ին հակադրութիւններով, նման՝ ուրիշ ազնիւ-դաժան պարզ երկուութիւններու։ Ուիլիըմզ աւելի բարդ միտք ունի, քան քննադատներէն շատեր։ Իր Պլանշը ընկերային կեանքի մէկ ծուղակին մէջ ինկած է, որմէ չի կրնար փրկուիլ իր դիւրաբեկ հոգեկան կառոյցով, իր անվարժ սեռային վարուելակերպով։ Երբ ուրիշ շատ մը կիներու (եւ ինչո՞ւ չէ, որոշ այրերու) նման, իր սեռային գրաւչութիւնը կը փորձէ գործածել, իր նախընտրած անձը կը լքէ զինք, իսկ իր քրոջ ամուսինը կը բռնաբարէ։ Երբ սուտեր կը խօսի, կը դիմակազերծուի։ Երբ կը փորձէ աղքատիկ սենեակ մը գեղեցկացնել, լապտերին շուրջ չինական գունաւոր թուղթեր կախելով, կ՚այպանուի որպէս ծերացող օրիորդ, որ իր կնճիռները կ՚ուզէ գաղտնի պահել անողոք լոյսէն։ Կը փնտռէ անցեալ մը որ երբեք այն չէր, ինչ որ ինք «կը յիշէ» ու կ՚երեւակայէ։ Կը փորձէ ստեղծել ապագայ մը, որ անկարելի է, քանի որ իր քրոջ՝ Սթելլային պէս չէ, չի կրնար ընդունիլ ու գոհանալ անոր ամուսինին նման անձով մը։ Ընկերային կեանքի պայմաններն ու հոգեվիճակի պարտադրած պահանջները ճաղերն են իր «բանտին», զոր թատերախաղի վերջաւորութեան կը ձգէ, երբ կը տարուի յիմարանոց։

«Է սթրիթքար նէյմտ տիզայր»ը կը ներկայացուի քիչ մը ամէն տեղ։ Զարմանալի, բայց հետաքրքրական է սա կէտը, թէ ան յաճախ կը բեմադրուի Մոսկուայի մէջ։ Ֆ. Հ. Լոնտրէի Թէնըսի Ուիլիըմզ գիրքը, ուրկէ կարելի է քաղել նման տեղեկութիւններ, ունի նկար մը մոսկովեան բեմադրութենէ մը, որուն մէջ Սթանլիի դերը կը կատարէ Ա. Ջիգարխանեան, սովետահայ դերասանը։ Դժբախատաբար գաղափար չունիմ թէ Ուիլիըմզի արուեստը ծանօ՞թ է Հայաստանի մէջ ալ։ Հաւանական է։

Ուիլիըմզ գրած է 17 թատերախաղ, 30 միարար թատերախաղ, եւ 7 հատոր բանաստեղծութիւն, արձակ եւ յուշեր։ Լիօրէն նկարագրել նման արտադրութիւն, գիրք մը կը պահանջէ։ Հոս կարելի չէ նոյնիսկ ներկայացնել իր միւս կարեւոր գործերը, որոնց անունները կ՚արժէ թուել. “Քէթ օն է հօթ Թին րուֆ” (Կատուն թիթեղեայ տաք տանիքի մը վրայ), որ 1950-ական թուականներու համաշխարհային ընդունելութիւն գտաւ, շնորհիւ ֆիլմին (Էլիզապէթ Թէյլըր, Փօլ Նիւմըն եւ Պըրլ Այվզ )։«Սատընլի լասթ սամմըր», նմանապէս վերածուած ֆիլմի, Էլիզապէթ Թէյլըրի եւ Քաթրին Հեփպըրնի խաղարկութեամբ։ «Տհը նայթ օֆ տհը իկուանա» (Իկուանայի գիշերը), որ կ՚ակնարկէ արեւադարձային շրջաններու ամենամեծ մողեսազգի սողունին՝ իկուանային։ Եւ վերջապէս՝ «Տհը սուիթ պըրտ օֆ եութհ», այսինքն՝ «Պատանութեան անոյշ թռչունը», ու «Տհը միլք թրէյն տազընդ սթոփ հիր էնիմոր», այսինքն՝ «Կաթի շոգեկառքը հոս չի կենար այլեւս»։ Աւելցնել, որ «Միլք թրէյն» երբեմն կը նշանակէ «արշալոյսին», կամ «օրուան կանուխ ժամերուն ժամանող»։

1960_ական թուականներէն ետք Ուիլիըմզ շարունակեց արտադրել գրեթէ նոյն թափով. Երբ մեռաւ, ձգեց «սնտուկ» մը (ըստ ամերիկեան թերթերու) կէս մշակուած ձեռագիրներ։ Շատ քիչ բան գիտենք անոնց մասին, անշուշտ, սակայն իր ծանօթները թերթերուն ըսին տեսակցութեանց ընթացքին, որ անոնք կը վերամշակեն իր թեմաները, շատ տարբեր ոճերով։

Կ՚արժէ անդրադառնալ Ուիլիըմզի արուեստին ընդհանուր կէտերուն, անոր յաջող եւ անյաջող թատերախաղերը միասին քննելով։ Ինծի կը թուի թէ զինք հետաքրքրող հիմնական կառոյցները, նկարագիրները, իրավիճակները եւ թեմաները «ի հիմէ» շատ քիչ փոխուած են, եւ սակայն, արուեստի մարզին մէջ թեմայէն եւ նոյնիսկ կառոյցէն աւելի կարեւոր է ոճի, մակերեսի, լեզուի հարցը. ասոնք երբեք մակերեսային (բառին ժխտական իմաստով) հարցեր չեն։ Ուիլիըմզի յաջող ու ոչ յաջող կտորները փա՛ստ են ասոր. նոյն թեման, երբեմն նմանօրինակ նկարագիրներ ու կառոյցներ ունի, սակայն, ահա «Սթրիթքար»ը յաջող է, միւսը՝ «Սուիթ պըրտ»ը կէս յաջող, իսկ ուրիշ մը, «Տհը միւթիլէյթըտ»ը (Լէ միւթիլէ, հաշմանդամները) անյաջող։ Եթէ նիւթը այնքա՜ն կարեւոր ըլլար արուեստին, որուն կը թուին հաւատալ մեր քննադատներէն շատեր, ի՞նչպէս բացատրել այս տարբերութիւնները, յաջող եւ ձախող գործերու միջեւ։

«Պատանութեան անոյշ թռչունը» կամ «Սուիթ պըրտ օֆ եութէ» գործը թերեւս ամէնէն դիւրամատչելի մօտեցումը կ՚արտօնէ Ուիլիըմզի հիմնական մտասեւեռումներու վերլուծումին. երիտասարդութեան, կարելի է ըսել՝ երեւակայուած անմեղութեան մը քաշողական եւ դաւադիր ուժը եւ ժամանակի պատճառած անկումը։

Նիւթը սա է. Ալեքսանտրա դերասանուհի մըն է, 50-ի մօտ, որ փորձած է նոր ֆիլմ մը շինել, եւ կ՚ուզէ մոռնալ իրեն նուաստացուցիչ թուող այդ փորձառութիւնը։ Իր «բարեկամ»ն է Ուէյն Չէնս (հնչիւնաբանական  խաղով՝ «տկարացող կարելիութիւն» կը նշանակէ ան)։ Երիտասարդ, գեղադէմ, սակայն մտահոգ՝ իր խարտեաշ մազերուն կորուստով եւ ճաղատութեան մօտեցումով։ Ան ծովափեայ պանդոկներու մանր պաշտօնեայ եղած է, բայց երբ թատերախաղը կը սկսի, արդէն սեռային կապ ունի Ալեքսանտրային հետ։ Չէնս կը փորձէ այս սեռային կապը օգտագործել, նոյնիսկ շանթաժի կը դիմէ, այն յոյսով որ պիտի կարենայ Ալեքսանտրան ստիպել որ օգտակար ըլլայ իրեն եւ իր պատանութեան սիրուհիին, քանի որ… երկուքն ալ թատերական մանր փորձառութիւն մը ունին եւ կը փափաքին Հոլիվուտի մէջ յաջողիլ։ Չէնս կը վախնայ կեանքէն, թէեւ երիտասարդ է, որովհետեւ 22 կամ 23 տարեկանին կը յիշէ իր 17 տարեկանի անցեալը, իր ֆիզիքական գեղեցկութիւնը, ժիկոլոյական տարիները, գեղադէմ պատանիի դերասանի փոքր յաջողութիւնները, եւայլն։ Տարիքը առնող դերասանուհին եւ «տարիքը առնող» երիտասարդ դերասանը նո՛յն վախերը ունին, եւ շատոնց կորսնցուցած են իրենց անմեղութիւնը։

Չէնսի բուն սէրը Հեվընլին է (անունէ կը նշանակէ Դրախտային), իր ծննդավայրին գեղեցկուհին է, նաեւ՝ «իշխանուհի»ն, քանի որ քաղաքին տիրապետող քաղաքական դէմքին միակ աղջիկն է։ Թատերախաղին ընթացքին կը տեսնենք թէ աղջկան հայրը ցեղապաշտ սեւատեաց մըն է, նաեւ պատճառ եղած է որ Չէնսի հետ չկարենայ ամուսնանալ իր աղջիկը։ ինչպէս յաճախ, Ուիլիըմզի գործին մէջ կը տրուին զանազան սեռային մանրամասնութիւններ, «կը փաստուի» քաղաքական եւ սեռային յարաբերութիւններու սերտ եւ բիրտ կապը։ Ամէն մարդ կը ձախողի ու կը պատժուի, բացի Ալեքսանտրայէ, թերեւս անոր համար որ ան սիրելու կարողութիւնը, կամ կարելիութիւնը ցոյց կու տայ իր ժիկոլոյին հանդէպ, թէեւ երբեմն ալ անգութ է։

Թատերախաղը ունի բարդ կառոյց եւ չափազանցեալ մանրամասնութիւններ։ Յարգելով հանդերձ Ուիլիըմզի այս գործը, զայն յաճախ քննադատած են արուեստի մասնագէտներ, եւ Ուիլիըմզ ինքզինքը քննադատած է, ըսելով. «Չեմ կրնար ստեղծել անձեր, որոնց հոգեբանական վիճակը չեմ ապրած ե՛ս ալ, գոնէ երեւակայութեամբ». ու կ՚աւելցնէ. «Քաղաքական պօսի նկարագիրը շատ ձախող է, քանի որ հռետորական է, դուրսէն շինուած, ոչ՝ ներսէն ապրուած»։

Հակառակ այս բոլորին, թատերախաղը քաշողականութիւն մը ունի ինծի համար, քանի որ փաստ մըն է Ուիլիըմզի ճկունութեան՝ կրկնուող թեմաներու գործունէութեան հարցին մէջ։ Ունկնդիրը նախ կը լսէ երիտասարդութեան կամ  յաջող, հասուն կեանքի մը կորուստին մասին ողբ մը։ Հոս յաճախ կանգ կ՚առնէ ուրիշ շատերու արուեստը, մանաւանդ՝ ասով կը բաւականանայ զգացապաշտ արուեստը։ Ապա կը տեսնենք երկրորդ խաւ մը. այնքան ալ անմեղ չէր պատանութիւնը, որ մեծ ու մանր անգթութիւններով եւ սեռային ապականութիւններով լեցուն էր։ Ապա՝ երրորդ խաւը. աւելի՛ սարսափելի են անգթութիւններն ու ապականութիւնները, զորս կը կիրարկեն հասուն, քաղաքական ու տնտեսական ուժի տէր մարդիկ, ինչպիսին են Հեվընլիի եղբայրը, հայրը, անոր բժիշկը, եւայլն։ Եւ վերջապէս, կը տեսնենք Ուիլիըմզի երկու «պատգամ»ները. ամէն կեանք այսպէս է, նամանաւանդ՝ ամէն ամերիկեան կեանք, քանի որ Ամերիկան արդի պետութիւններու առաջին պատանին է՝ որ առիթը ունեցաւ «անմեղ» ըլլալու, առատաձեռն բնութեան մը մէջ, սակայն եղաւ ցեղասպան (կարմրամորթին), գերեվարող (սեւամորթին) ու կեղծաւոր, քանի որ իր անցեալը կը յիշէ միշտ, իբրեւ անմեղ, «խարտեաշ» պատանութիւն մը. կեղծ յուշ, որ վերջին ու ամենամեծ դաւաճանութիւնն է, աւելի՛ վատ նոյնիսկ, քան նոյնինքն ժամանակը, զոր յաճախ «դաւաճան», կամ «դաւադիր» կը կոչեն մարդիկ ամէն լեզուի մէջ։

Եւ անկէ անդին, Ուիլիըմզի խօսքը նոյնն է միշտ. միակ յանցանքը որ յաւէտ ներելի է, սիրելու փորձն է, սիրոյ ընթացքին գործուած մեղքն է։ (Անշուշտ, Թէնըսի Ուիլիըմզ պիտի խրտչէր իր պատգամներուն նման մէկ … անդամահատումէն, երբ զանոնք այնքա՛ն բարդ կերպով կը մարմնացնէ իր արուեստը)։

Կ՚արժէ փակել, ակնարկելով Ուիլիըմզի կտակին։ Մօտ 10 միլիոն տոլարի հարստութիւն մը ձգեց ան (ֆիլմերէ շահուած ընդհանրապէս)։ Իր քրոջ, Ռոզի համար (որ 75-ամեայ է ու յիմարանոցի մը մէջ է 1937-էն ի վեր) ձգեց անոր հանգիստը ցկեանս ապահովող գումար մը։ Ան տասը տարիէ ի վեր եղած է տիպար եղբայր մը։ Հայրն ու մայրը մեռան իրմէ առաջ։ Իր միասեռական կեանքի ընկերը՝ Ֆրէնք, որուն շատ կապուած էր Ուիլիըմզ, մեռած էր արդէն։ Ուիլիըմզ իր ժառանգին առիւծի բաժինը կը ձգէ Իւնիվըրսիթի օֆ տհը Սաութհ համալսարանին, որպէսզի թատրոնի եւ թատերագրութեան ուսանողներու օժանդակեն։ Իր փաստաբան եղբօրը կը ձգէ…25 000 տոլար։ Երէկ, Մարտ 11-ին, եղբայրը դատ բացաւ, «իր» ժառանգը, այսինքն՝ առիւծի բաժինը ստանալու յոյսով։ Ուիլիըմզ միշտ սիրած էր ընտանեկան մելոտրաման…։

Ուաթըրթաուն_Լոս Անճելըս

Մարտ 11-12, 1983

ճակատին 1951֊ին նկարահանուած «Ցանկութիւն կոչուած հանրակառք մը» ֆիլմից

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.