Ամերիկացի մեծահամբաւ փիլիսոփայ Կոռնել Ուեսթ զօրավիգ կանգնեցաւ հայ ժողովուրդին՝ յատուկ ճառ մը խօսելով Հոկտեմբեր 31-ին UCLA-ի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովի մը որ նուիրուած էր Արցախի ճգնաժամին։ Ամբողջօրեայ հանդիպումին նիւթն էր Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախ եւ հակամարտութեան, բռնութեան ու յիշողութեան կրկնագիրները (Nagorno Karabakh/Artsakh and the Palimpsests of  Conflict, Violence, and Memory)։ Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Գալիֆորնիոյ Լոս Անջելեսի համալսարանի նորահաստատ Փրոմիս Հայկական Հաստատութեան (Promise Armenian Institute) կողմէ, որ հիմնուեցաւ 2019 թուականին՝ հայագիտական բարձրագոյն որակի ուսումնասիրութեանց նեցուկ հանդիսացող կեդրոն մը ըլլալու նպատակով։ Զեկուցումներ եւ քննարկումներ կատարեցին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն զանազան մեծանուն մասնագէտներ։ Գիտաժողովը կարելի է ամբողջութեամբ դիտել այս կայքէջին մէջ։

Դոկտ. Ուեսթը ներկայացուց Փրոմիս Հայկական Հաստատութեան մաս կազմող Հայագիտական Կեդրոնի (Armenian Studies Center at the Armenian Promise Institute) ղեկավար եւ Պատմութեան բաժանմունքի փրոֆեսոր ու գիտաժողովի կազմակերպիչ դոկտ. Սեպուհ Դաւիթ Ասլանեան, որ յիշեցուց, թէ «Կոռնել Ուեսթ ամերիկացի մտաւորական մըն է որ երեւելի է իր գրգռիչ ժողովրդավարականութեամբ», աւելցնելով, թէ ան «դասաւանդած է Եյլի, Հարվըրտի, Փարիզի եւ Փրինսթընի համալսարաններէն ներս, հեղինակած է քսան գիրք եւ խմբագրած՝ տասներեք հատոր»։ Ասլանեան շեշտեց, թէ Ուեսթ կը վայելէ համաշխարհային համբաւ «որպէս մտաւորական մը, որ կարող է զանազան հանրութիւններու հետ հաղորդակցիլ եւ այդ իսկ միջոցաւ վառ պահել հրիտակը դոկտ. Մարթին Լութեր Քինկի. հրիտակ մը՝ իշխանութեան դէմ ճշմարտութիւնը խօսելու եւ սիրոյ ու արդարութեան ի նպաստ վկայ ըլլալու»։

Դոկտ. Ասլանեան յայտնեց, թէ «ճիշտ այս պատճառաւ ալ մեզի համար Կոռնել Ուեսթի ներկայութիւնը այսօր մասնաւորապէս նշանակալից է»։ Կարեւոր համարեց նշել նաեւ, որ «դոկտ. Ուեսթ հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ պատմութեան անծանօթ անձ մը չէ։ Քանի մը շաբաթ առաջ միայն ան Լոս Անջելես Ռիվիու օֆ Պուքսի (Los Angeles Review of Books) մէջ հրատարակուած կարեւոր խնդրագիրի մը ստորագրողներէն մին հանդիսացաւ. նաեւ՝ տարիներ առաջ նմանապէս ստորագրողներէն մին էր Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի եւ թանգարանի հաստատման առթիւ պատրաստուած վաւերագիրի մը»։ Ապա Ասլանեան «մեծ հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեամբ»՝ Գալիֆորնիոյ Լոս Անջելեսի համալսարանի նորահաստատ Փրոմիս Հայկական Հաստատութեան կողմէ հրաւիրեց ականաւոր հիւրը իր խօսքը ըսելու, որ կը տրուի ստորեւ:

 

 

Շնորհակալ եմ, իմ սիրելի, սիրելի՛ եղբայր։ Կ՚ողջունեմ ձեզ. կ՚ողջունեմ իւրաքանչիւրն ու ամե՛ն մէկը անոնցմէ, որոնք տեսլականը եւ վճռակամութիւնը ունին գիտական լուրջ աշխատանք եւ սիրող սրտեր բանեցնելու, հետեւելու համար թանկագին հայ եղբայրներուս եւ քոյրերուս դժուարին կացութեան եւ վիճակին՝ պատմութեան այս անսովոր պահուն։

Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, կը սերիմ ժողովուրդէ մը որ յարատեւաբար ու համակարգայնօրէն ատուած է չորս հարիւր տարի ու կը շարունակէ բաշխել սիրոյ մարտիկներ, որ ահաբեկուած է չորս հարիւր տարի ու կը շարունակէ բաշխել ազատութեան համար պայքարողներ, որ խոցուած է չորս հարիւր տարի ու կը շարունակէ բաշխել վիրաւոր բժիշկներ։

Եւ ուրեմն մենք՝ մէ՛կ ժողովուրդէ, մէկ մեծ ժողովուրդէ, մէ՛կ աշխարհա-պատմական ժողովուրդէ՝ կեցած ամերիկեան կայսրութեան մէջտեղ, կը բարձրացնեմ ձայնս ահա՝ մէ՛կ ձայն. ձայն մը սակայն համերաշխ զօրավիգի՝ աշխարհա-պատմական ուրիշ ժողովուրդի մը։ Ժողովուրդի մը որ խոցուած է երկուքի չափ՝ երկու հազար տարիէ աւելի, բայց որ կը շարունակէ բաշխել վիրաւոր բժիշկներ, որ յարատեւօրէն ատելութեան առարկայ եղած է երկու հազար տարիէ աւելի, սակայն կը շարունակէ բաշխել սիրոյ մարտիկներ, որ ահաբեկուած է երկու հազար տարիէ աւելի, սակայն կը շարունակէ բաշխել ազատութեան անհաւատալի ռազմիկներ։ Կ՚ակնարկեմ հայ ժողովուրդի մը որ կու գայ հեռու անցեալէն, եւ կ՚ուզեմ պարզապէս կեդրոնանալ այն բանին վրայ, թէ ինչի՞ մասին են այս նիստն ու այս գիտաժողովը։

Կ՚ուզեմ սկսիլ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ գրուած առաջին բառերով, երբ ան գրիչն ու թուղթը վար դրաւ 36 տառերը ստեղծելէ ետք ու ըսաւ՝ կ՚ուզեմ սկսիլ Դաւթի որդւոյն Սողոմոնի Առակացին բառերով ու ըսել. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։ Միաձուլեց այն ինչ որ հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ բարգաւաճման վճռական սիւները պիտի ըլլային. մէկ կողմէ՝ Երուսաղէմի մարգարէական աւանդը (մարդկային պատմութեան մէջ հազուադէպ է որ մէ՛կ ժողովուրդի ինքնութիւնը այնքան էականօրէն ձեւաւորուած ըլլայ Յիսուս անունով պաղեստինցի հրեայի մը վրայ կեդրոնացած երուսաղիմական մարգարէական աւանդով՝ այն քրիստոնէութիւնը որ յաճախ ծառայած է իբր նոյնինքն աղբիւրը հալածանքի, աղբիւրը հպատակեցման, աղբիւրը տիրապետութեան), սակայն նաեւ՝ Աթէնքի սոկրատեան աւանդը։

Կամեցողութիւն՝ վերբերելու այն էական հարցերը որ կը վերաբերին եսին, շրջարկին, պատմութեան, յիշողութեան, ակնածանքին, տոկունութեան, դիմադրութեան։ Ու յետոյ չափանիշը ամենաբարի ու վսեմ հայկական այն աւանդութեան, որ արմատները տեւապէս կ՚առնչէ ուղիներուն (roots to routes)։ Ընդհանրականութիւնը, միջազգայնականութիւնը՝ այնպէս մը որ այն ինչ որ կը նշանակէ հայ ըլլալ՝ արմատաւորուած Երուսաղէմի մարգարէական եւ Աթէնքի սոկրատեան աւանդներուն մէջ, կը սկսի տունը, համերաշխութեամբ, սակայն միշտ թեւերը բացած աշխարհի շուրջ տառապող ուրիշներուն։ Ասիկա մեծ պարգեւ մըն է, ու չփորձենք որեւէ ձեւով նուազեցնել զայն այնպիսի պահու մը, երբ նորֆաշականութիւնը կը մագլցի ու կը սաստկանայ ամբողջ աշխարհի շուրջ։ Ցեղախմբային մղումներու վրայ հիմնուած հեղինակապետական կարգեր՝ (authoritarian régimes) ամբողջ աշխարհի շուրջ. ճիշդ է, սկսեալ մեր սեփական ամերիկեան կայսրութենէն ու դրսեւորուող նաեւ Միջին արեւելքի, Լատինամերիկայի եւ Ասիոյ մէջ։

Շատ բան ունինք սորվելու մեր թանկագին հայ եղբայրներէն ու քոյրերէն, որոնք այս բոլոր տարիներուն ընդմէջէն եւ մարդկային պատմութեան տարեգրութեան ընթացքին կառչած են այդ իմաստութեան, կառչած են այդ հեսետին [եբր. ողորմութեան] որ մեր հրեայ եղբայրներն ու քոյրերը ուրուագծեցին եբրայական Սուրբ գրոց մէջ։ Այն գութն ու շնորհն ու անխախտ սէրը որոնք լուսարձակի տակ կը դնեն որբն ու այրին, հայրազուրկն ու մայրազուրկը, հալածեալն ու ստրկացուողը, նաեւ տիրակալուողը։ Ուստի դրուածը ժողովուրդ ատելու հարցը չէ, բնա՛ւ երբեք, այլ ժողովուրդի մը վրայ տիրակալութիւնը ատելու, ժողովուրդի բնաջնջումը ատելու, ժողովուրդի գրաւումը ատելու հարցը։ Ատիկա բարոյական է եւ հոգեւոր, արմատաւորուած ժողովրդութեան (peoplehood) յղացքին մէջ։

Թոյլ տուէք նաեւ որ աւելի յստակ ըլլանք երբ կը խօսիք սպանութեան եւ յօշոտումի ու ջարդերու պատմութեան մասին, ըլլայ Ատանան, համիտեանը թէ Ցեղասպանութիւնը։ Ռաֆայէլ Լեմքին՝ հրեայ եղբայր մը, ներկայացնելով այդ բառը 1943ին՝ ի մտի ունի Օսմանեան կայսրութեան առնչուած հայ եղբայրներն ու քոյրերը։ Այո, այդ պատմութիւնը պէտք չէ որ անդամալուծէ մեզ, պէտք չէ տկարացնէ մեզ, պէտք չէ նոյնիսկ կուրացնէ մեզ նոյնինքն կեղեքիչներու մարդկայնութեան հանդէպ իսկ։ Հրաշալի կերպով ներկայացուցիք ատիկա, սիրելի եղբայր իմ Սեպուհ, երբ ըսիք. «Տեսէք, մենք կը խօսինք ճնշուած ժողովուրդներու զօրավիգ եղող բոլոր անոնց մասին, որոնք ունին ընդհանրական, միջազգայնական կեցուածք»։ Չենք ատեր Ատրպէյճանի եղբայրներն ու քոյրերը։ Չենք ատեր Թուրքիոյ եղբայրներն ու քոյրերը։ Չենք ատեր Օսմանեան կայսրութեան եղբայրներն ու քոյրերը։ Կ՚ատենք տիրակալութիւնը եւ բնաջնջումը եւ հպատակեցումը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մենք՝ մենք իսկ նոյն ձեւով ատակ ենք տիրակալելու ուրիշները, ատելու ուրիշները, խոցելու ուրիշները։ Ատիկա կ՚առնենք նոյնինքն քրիստոնէական աւանդութեան աղբիւրէն, որ այնքա՛ն կեդրոնական եղած է հայութեան ընթացքին։ Սակայն մենք կը մերժենք լուռ մնալ։ Կը մերժենք մեր լեզուները փակել երբ մեր թանկագին սիրելիները կը ստրկացուին ու կը տիրակալուին ու կը բնաջնջուին։ Ու մենք պիտի երաշխաւորենք որ անոնց յիշողութիւնը, անոնց վկայութիւնը, ու ամենակարեւորը՝ անոնց թանկագին եւ անգին մարդկայնութիւնը հաստատուին։ Եւ ուրեմն այս գիտաժողովի կեդրոնին պիտի ըլլայ ճշմարտութեան որոնումը, ճշմարտութեան նախապայմանը՝ որպէսզի տառապանքը կարենայ խօսիլ. այնտեղ պիտի ըլլայ արդարութեան որոնումը, ու կայանայ ճիշդ ինչպէս սէրը հանրայնօրէն կը դրսեւորուի որպէս սէր մը ճշմարտութեան, սէր մը գեղեցիկին։

Մեր տեսադաշտէն չկորսնցնենք հայ մշակոյթը, որ աղբիւր եղած է այնքան հարուստ դիմադրումի եւ տոկունութեան. երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, շքեղ քանդակները եւ նոյնինքն փոխյարաբերութիւնները։

Ուրեմն՝ շնորհակալ եմ ձեզի, այնքա՛ն շատ, որ ինծի պատեհութիւն տուիք խօսք մը ըսելու։ Երբ կը խորհիմ հայ եղբայրներուս եւ քոյրերուս մասին, կը մտածեմ մեծն Ուիլիըմ Սարոյեանի մասին, որ այնքան մեծ նշանակութիւն ունեցաւ իմ սեփական մտաւորական կազմաւորումիս մէջ։ Ու բախտաւոր եմ ճանչնալու իմ սիրելի եղբայր Գրիգորեան Վարդանը. զինք ճանչցայ Պրաուն համալսարանէն ներս, հանդիպեցայ իրեն նաեւ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանին մէջ։ Տարբեր է երբ հաստատ, շօշափելի կապեր ունիս եղբայրներու հետ։ Նոյնը ճիշդ է նաեւ Փիթըր եղբօր կապակցութեամբ։ Կրնամ տակաւին երկար շարունակել հոյակապ այն համապատասխանութեան մասին, թէ զօրավիգ համերաշխութիւնը վերացական չ՚ըլլար, այլ արիւնի մէջ թաթախուած, արցունքի մէջ թաթախուած. իսկ մենք կը մերժենք թոյլ տալ որ հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն դէմ սուտերն ու ոճիրները վերջին խօսքը ունենան։

Այնպէս որ թոյլ տուէք որ համերաշխ զօրավիգի իմ շատ ու շատ խոնարհ խօսքերը սոսկ սկիզբը ըլլան այն բոլոր խօսքերուն որ պիտի ըսուին ներկայ հմուտ ուսումնականներուն կողմէ, որոնք մեզի ուղի պիտի բանան ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումի մեր ձգտումին մէջ։ Թող անոնք ըլլան վերջին խօսքերը, որպէսզի կարենանք աշխատիլ ցեղային, ազգային, սեռատեսակային եւ սեռակողմնորոշման տարբեր ուղղութիւններու միջեւ ծաւալուն համերաշխութեամբ։ Համերաշխութեան բոլոր գիծերը՝ ընդդէմ որեւէ վատթար ձեւի ֆաշականութեան եւ վատթար ձեւի ամբոխավար (populist) հեղինակապետական կարգերու։

Շնորհակալ եմ, եղբայր իմ սիրելի։ Իսկ դուք բոլորդ այս ծանր պահուն մի՛ վհատիք։ Թոյլ մի՛ տաք որ ոչինչ տամկացնէ ձեր կրակը։ Իբրեւ սեւամորթ մարդ, ու որպէս իմ հայ եղբայր-քոյրերուս հետ զիս առնչող կապ՝ պիտի ըսեմ թէ ատիկա սրբազան կրակ մըն է որ կ՚այրի ձեր ներսիդին։ Ու ան կ՚այրի այնպիսի ձեւով, որ ճշմարտութիւն պիտի խօսիք։ Արդարութիւն պիտի փնտռէք։ Ոչ թէ կեղծաւոր ինքնարդարացման, այլ խոնարհութեան ոգիով որ առնչուած է բարոյական տոկունութեան, որպէսզի երաշխաւորուի որ այլեւս երբեք, բնա՛ւ երբեք նորէն հայ եղբայրներն ու քոյրերը չհարկադրուին պարտուիլ իրենց պատմութեան տաժանագոյնէն։ Իսկ անոնց պատմութեան լաւագոյնը այն է, որ անոնք կը շարունակեն ընծայել ինծի նման եղբայրներու—եւ բոլոր անոնց որոնք տրամադիր են ընդունելու—այն, թէ ի՞նչ կը նշանակեն ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը։

Թրգմ. Յակոբ Կիւլիւճեան

 

Ճակատի լուսանկարը՝ հոկտեմբերի 24֊ին պսակադրություն Շուշիի սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցիում։  Արմենպրես, Էդգար Բարսեղյան

 

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.