Ծիտիկը որ սաւառնիլ չկրցաւ

 

բոլոր գիրքերս

էջ առ էջ

երէկ գիշեր այրեցի

մոխիրէն

թեթեւազգի ու կրաչեայ ծիտ մը յարեաւ

թառիլ ուզեց ճակատիս

տեղ չգտաւ

շուրջ բոլորը ճռուողելով

պտոյտ կու գայ անօթի

խիղճերու վրայ պզտիկ-պզտիկ կը ծրտէ

թարմ պահելով

մուրացկանի ախորժակը խեղճութենէ կարծրացած

ան չ’ամչնար

արդարութեա՜ն անունով

պահանջք մըն է

ամէն մէկ իր ոստումը

որ ճնճղուկի գլխիկին մէջ

կ’արձագանգէ

որոտումով թռիչքի

 

արծիւանալ

իրեն համար կարելի ըլլար թերեւս

եթէ միայն սաւառնելու

երկնագոյն

երկնասահման ու երկնախորհ

տարածութիւն մ’ըլլայի

 

յարեաւ թէպէտ

բայց ոչ մէկուն նորոգելի

կեանքին մէջ իր տոտիկի

հետքերուն չափ հող գտաւ

ինչո՞ւ պատմենք իր մասին

եւ առաւել՝

յարութեան չափ անչափելի

անմատչելի

բառի մը հետ ի՞նչ երեսով

համարձակինք կատակել

 

Թզուկները

 

անտառին թզուկները մեծ ծառերը կտրեցին

ցածցնելու երկինքը

կացինները ճառագայթ արձակեցին

ու հաջեցին արեւուն

կարճ են բոլոր շուքերը

անօթութիւն կը ճռուողեն

թռչուն հագած սողունները անուղեղ

ու պատրաստ են յօշոտելու որեւէ լոյս

համարձակ

որ սխալմամբ եկած է հոս

հողին մէջ իր հունտերը ցանելու

 

թզուկներուն կը պատկանի անտառը

սահման չունին, չէ,

երթալով կ’ընդարձակուի շամբուտը

ախորժակները լայն են

ու աչքերը անկուշտ փոս

ցած ու լլկիչ երկինքին տակ մուտք գործելը ազատ է

ու դիւրին՝ ծնրադրելու վայելքը

փայլփլող կացիններու հեշտանքին

բառազարդ բնազդին արդուկուած բերանէն

կ’արտաքսուի մոլուցքն ազատօրէն

մինչ հեգնուած արուեստը կը դիմանայ տակաւին

միամիտ է քանի որ

չի քնանար ու կը կարծէ

շահած ըլլալ տառապանքի իր բաժինը

արժանի

կը վստահի ճակատագրին

պարտուած

 

թզուկները հսկայ են

անոնց փչան սիւքին թողած ցնորքէն  

կը թփռտան անկիւնները անտառին

դողի ցանցը իր ճիւղերով կը լափլիզէ գետինը

կը խրի ուղեղին մէջ ու կը կլլէ ամէն կապոյտ սերմնացու

 

 

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.