Աղուանք արեւելեան կողմանց
…գրե՞լ
բայց
չմոռնալու համար
անոնք
որ մեռան երէկ
եւ ջնջումին մէջ
եղան
ժամանակակից անոնց
որ մեռեր էին
Ուրարտուի անկումին
«մնացեալք
թափուր յօգնականութենէ»
կ՚ըսէ
նոյն ու տարբեր հողի վրայ
բայց միեւնոյն խոցի հրթիռներով
նորոգուած
«ո՛չ հող բաւէր թաղել
զդիակունսն օդագայեալ ի վայրի»
եւ ոչ
կ՚ըսէ
ողբը բաւէր
շիրիմի մը համար
վկայաբան
մահ ու այլակերպում ահ ու զառանցանք
ընդ զեռունս եւ ընդ անծինսն առաջին
եթէ լռես
պիտի ջնջուին ոռնոցին մէջ
գիշերի բոցեղէն մրրիկին
ֆոսֆորի անձրեւներէն անցած
մտագար շահապետներ անգոյ անտառի
որ հրետանին անօդաչու պիտի բռնկեցնէ
հարթէ տափնէ
ոչ ոք կար որ էրն
ոչինչ որ ըլլար
նախապէս ու պիտի ըլլայ
վերջնապէս
բայց կեանքը վերյիշում չէ որ կրկնես
որոճաս
տող առ տող
հագագես իմաստազուրկ
անոնց համար որ վաղը գուցէ
միանան անոնց որ մեռան
երէկ
ու մեռեր էին
շատոնց
որպէսզի վերապրին դար մը եւս
նոյնը
նոյնը գիտես բայց չես գիտցեր
բերնիդ դէմ
անոր փակած նոյնը
հեղձումի պատ կազի
վերստին նորէն նոյնական
հեղձումի նռնակ
եւ հրդեհը բոլոր բառերը հրկիզող
մղձաւանջի քարաժայռ
անտեղիտալի
երբեք չեղար
գերիշխանը ձայնիդ
կոկորդիդ մէջ մխուեցան
բեւեռներ մրճահար
նոյնը միշտ
վերստին
նոյնը նորէն նորինահեղ
նոյնը նոյնով նորոգուած
վաղեմի ու հնաւանդ
յաւերժօրէն անփոփոխ լոյսի մութի օրէն աստ
կոկորդիդ մէջ խոց սուրացող
մինչեւ տուտ եւ ընդերք
տողանցող
շար ի շար պատկերներէն
թաւալող օրն ի բուն
քեզ հետ մտնող անկողին
քեզ գրկող ու փակող աչքերդ որ բացուին
այդ կլանող միականի
կոպին դէմ արբանեակի
աւելի սուր քան անձկութիւնը ողներդ ի վար
գիշերը կուրութիւնը լոյսին բռնակալ
կ՚արթննաս
բերանդ լեցուն անոնց նեխումովը մարմնին
արտաքսուած յիշողութեան
ու մոռացման վիհէն
դիակապուտն ես մարտադաշտի
ոսկերոտիք
հաւաքող դիզող կշռող
վաճառքին համար օճառի եւ հայրենի ճառերու
բայց ահա նորէն
ի՜նչ երազ հիմա
վերապրող գուցէ ու պնդող
նոյնը վերստին
նորոգած ինքզինք
քարաժայռի ընդերքէն պիտի քարբեկի հունտը ծլի
հրաշք պիտի գոչես
սքանչելիք
բժոտ աչքդ բացող բժժանք
պիտի ճեղքէ խաւարը հողին
աճի մինչեւ հորիզոն մը ճերմակ
նուիկի կամ նռնենիի մը վառ
իր աշնան գալիք միրգերով հարուստ
որպէսզի նուաճեն
անոնք
ներկայութիւն մը թափանցիկ ստուերի
կամ հնչեղ անհետացումը մրմունջին
որ պիտի լսես ընդմիշտ
ամեն օր
ամեն խօսքի ամեն
լռութեան
ցմահ անփարատելի
ցմահ ընկերակցող
ցնծութեան կտղուցի երկունքի օրհասի
արարողակարգին երկրային
խորտակումը ծէսն է վաղնջական
անոնց հետ
անոնց երերուն առխարխափ կմախքին
անոնց ստուերին հետ ու խոհին աջ ու ձախ
խորխորատի
անքնութեան բաւիղներուն
ուր չկաս
եղեր ես անոնց կոչը կառափնատի
գրել
հոգեդարձը
ընծայելու համար անոնց
եղկելիդ
իրենց մահը որ չունեցան ու զրկեցին քեզ ողբէն
իրենց անջատումն ու ազատումը քեզմէ
որ
չպառակտուիս ինքնահալած
չպատռտուիս այսակիր
չանմահանաս պարտութեամբդ գետնամած
նոյնը նորէն
նորահարսի սկզբնական նու
ծնող ինքզինք անդադար
եւ անդուլ խափանող
կոտրտող ամեն կմախք ու մսակոյտ
թխմող պարկին մէջ աղբի
բայց կրնա՞ս
ըլլալ միայն անոնց համար որ ունին
ոչ ոք
ու պիտի ծածկեն քեզ իրենց պատանքով
անպատում մեռած-ապրող չէակներու
քանզի երբեք չեղան
չքացումն իսկ ցանկալի
ցեխին
կոծումներուն
հրդեհին խիճերուն ու կուպրին
աշնան մեռած տերեւներուն
այրուածքէն չորցած
հրավառ նռնենիներ ֆոսֆորին պէս
անմեռ
գրել
կամ չգրել
մէկն ու միւսը նոյն ատեն
նոյն աննոյն նմանութեամբ
սնաբան
հերքելով մարտիրոս ու նահատակ
աստուած
կիսաստուած
կրկնածին Ղազար
Միհր զօրապետ կամ արկածախնդիր
Հերկուլէս
եւ արիւն հաշտութեան
իբրեւ մարմին անսրբացեալ
որ կը հիմնէ ոչինչ
առանց ճիչի
առանց մորմոքի
առանց արեւու վկայակոչումին
հողքերուն վրայ բացակայ
շրջուն ստուերներ
ահաբեկ ու քաջարի
փայփայող մատներդ ու փարող կառչող
ձեռքերուդ որ իբրեւ
Արեմաթացին գրկես զիրենք
կրես
ու չլքես հողի յօրանջին
մահով քնարական ահաբեկիչի
ծէսի ողբի օրհներգի զրահէն զերծ
ու լեզուէն նենգափոխ
խօսունդ ապշութեան
տարտղնուածդ ասդ անդ
յետին գրիչդ նուաստ
ծունկի
միայն գետնամած
արձանագրես մի առ մի
անունները որոնց մերժուեցան լոյս նռան
ու գարնան շշունջ
ո՛չ յուշարձան խաւարակերտ խորտակումի
ո՛չ հերոսապատում ցասումի
յարութեան ու առնութեան
ո՛չ… գրել ու չգրել
այո կամ երբեք
ոչելով այոյելով
չայոյելով
պակասորդի համրակեացի միշտ բառը մէկ
ու նոյն
ծակող ականջդ պատկերի
իր անբան կոչով
միայն
անհունչ անսուգ տառերը քով քովի
ի սկզբանէ անվերջ ու վերջնական
հետքեր անոնց անցքէն
ակօսներէն հնձուած արտերու
քարաժայռերէն եւ անդունդներէն
քեզմէ
մինչեւ հեռաւոր
խոցումը բերնիդ անհորիզոնին
ո՛չ մէկ այլուր
միայն հոս ու հիմա չոր
ու ցամաք ցերեկ
14-21 նոյեմբեր 2020