Ս.Տ.-ին

Բարակ, ոչ շատ խորունկ անցք մըն է որ կը տանի արքայական պալատի պարտէզները։ Ատոնք չեն տեսնուիր դուրսէն, ո՛չ իսկ մթին, խոնաւ մուտքէն, ուր գրախանութ մը նորոյթ գիրքեր կը ցուցադրէ. Լէյդի Դի, Մոնաքոյի ամուսնալուծուող իշխանուհիները, մարմնակրթանքի երկդիմի հերոսներ։ Տեղը նման է վենետիկեան այն անցքերուն, որոնք շէնք մը կը կտրեն, կը փորեն կարծես, որոնց վրայ կը կքի գրեթէ վերի յարկը, կը թուին պահ մը անելի մը յանգիլ, քանի որ հոն կանգնողը յաճախ պատ մը կը նշմարէ սկիզբը, մինչեւ որ աջին կամ ձախին, յաճախ կիսաստուերին մէջ, յայտնաբերէ նրբանցքը տանող աւելի խորունկ, աւելի ընդարձակ ճամբու մը, քաղաքը շարունակող դէպի ուղղութիւն մը որ չէր գուշակուեր։

Արքայական շեղանցք կը կոչեմ փողոցէն անջատուող, շէնքին տակ սեղմուած այդ մուտքը, որուն էն ծայրը ծանօթ է եւ որ ոչինչ կը յարուցանէ մէջս. այդ եռայարկ պալատը իր մետաղէ կլոր տանիքներով, պարտէզները, կրկնակ սիւնաշարի վրայ բարձրացած պատշգամները, եւ ամբողջը յիշեցնող հեռաւոր իտալական ոճ մը, որ երբ Մետիչի թագուհիներուն հետ մինչեւ հոս է հասեր, ծանրացեր է, յղփացեր, ուռեր, դարձեր թերեւս աւելի հանդիսաւոր, աւելի պաշտօնական ինչպէս հին արքունիքի խիստ էթիքեթն ու ռուբէնսեան շռայլ ծէսը, բայց կորսնցուցեր է իր գիծերուն փափկութիւնը, անշարժին մէջ այն թեթեւ խաղը, որ քարի մը հոգի եւ շարժում կու տայ, եւ որուն յօրինումին մէջ դեր ունի լոյսը։

Շեղանցքի մթութիւնը, անոր մէկ հատիկ աստիճանը փողոցի մակարդակէն քանի մը թզաչափ բարձր, յետոյ քանի մը քայլ անդին, շէնքի ներքնաբակի լոյսին յայտնուող վայրէջք սանդուխները, իրենց մետաղէ բազրիքով, կը ստեղծեն ներքին միջոց մը, որ ոչ միայն նկարագիր ունի, դրոշմ, ինչպէս կ՛ըսեն, որ կը տպաւորէ, այլեւ գրաւիչ ոլորտ մը, որ կու գայ թերեւս դէպի պալատը գացող սովորական ճամբուն կարճումէն, սակայն ոչ միայն անկէ, քանի որ գործնականութիւնը շատ շուտ պիտի սպառէր տեղին յարուցած հմայքը։ Ոլորտը կարծես կառուցուած է շեղութեամբ, որ վարանք մըն է ծուռին ու կորին միջեւ, տեսակ մը խոտորում, կարծես թէ եղածը ենթարկուած ըլլար պզտիկ, չնչին բեկումի մը, իր կարգին իր շուրջ սփռող բեկբեկումի, փեռեկտումի դղրդուն ալիքներ, ինչպէս Վիվալտիի քոնչերթոները, որոնց յարանման թեմաները եթէ չկրկնուին անմիջապէս, շարժումը անյայտ կը կորսուի ոչինչին մէջ։

Շեղում ու խեղում, նոյն արմատէն, կը փոփոխեն, կ՛այլացնեն իբր թէ տուեալ ձեւ մը, եղելութիւն մը, եղում մը, այն պարզ իրողութիւնը որ բան մը կայ, բան մը է, բայց քանի որ շեղում ու խեղում կան, իրենք ալ կը պատկանին այդ էութեան, եւ կան ճիշդ իբրեւ չէութիւն։ Ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ըլլար եթէ չըլլար իր մէջ մտնող, երբեմն իրմէ անցնող սուտը, կամ լեցունին լիութիւն տուող պարապը։ Շեղուածքը կը փառաւորեմ անշուշտ. ինչպէս որ մեր մարմինը պէտք ունի նստուածքի ու քալուածքի- պալատի պարտէզներն ու ասոնց ոչ հանգստաւէտ նստարանները- այնպէս ալ մտածումը կը բանի շեղումով, յենելու, կռթնելու, ճեմելու, աճելու կամ ընկողմանելու իր ձեւը՝ հողին վրայ։

Մեր միտքը յաճախ կը տարուի երկրաչափական ուղիղ կամ կլոր գիծերով, անոնք որ տարածութեան մէջ օդառկախ ծաւալներ կը ճարտարապետեն տրամաբանութեան ու չափի թափով, այսինքն՝ տեսակ մը երեւակայութեան խանդին յանկարծակի զսպումով։ Շեղանցքը համեստ, թերեւս նախքան շէնքին կառուցումը գոյութիւն ունեցող շաւիղ մը կը յուշէ, որ քայլեր դարերով տափներ են եւ շինութիւնը չէ յաջողած ջնջել, համարկեր է իրեն, կամ ալ անոր կառուցումէն ետք պատահականօրէն բացուած ուղի մըն է, զանգուածին տրամաբանական ամբողջութիւնը խախտողը։ Ինչ ալ ըլլայ անոր պատմութիւնը, կարծես կը պատկանի ուրիշ մակարդակի մը, ուրիշ իշխանութեան մը, պիտի ըսէի, ինչպէս մրջնոց մը տանող ոլորապտոյտ բաւիղները կը մատնեն գոյութիւնը ենթաշխարհի մը, որուն քիչ անգամ կ՛անդրադառնանք, մեզմէ վար եղող միջոց մը, որուն բաղդատմամբ թերեւս մերինը կը կազմէ վերանցական ոլորտ մը, ուր կը ցայտեն մէկէն մեզ հերձող ցանկութիւններուն յօրինած մարմինները, ընդմէջ բանդագուշանքին ու սերմնահոսութեան։

Շեղանցքը գուցէ այն է որ կը բեկէ եղողութեան շիտակութիւնը անոր ընծայելով ճկունութիւն, ճեմք եւ ընթածիր, ստեղծելով տեղ մը, այո՛, շեղանցքը կը ստեղծէ տեղ մը, գուցե եղծումով, գուցե խոտորնակի, ուր անկանոնն ու թերին, պակսողն ու պակասը կը յայտնուին, կը հանդիսաւորուին, միայն թէ իրենք իրենց ձեւով։ Տեղ մը, փոխանցման տեղ մը, անշուշտ, ուրկէ երբ կ՛անցնիմ կարծես թէ գաղտնիք մը կը հատեմ, եւ վաւերական կը դառնան բոլոր կողմնակի, շրջանցային, ճեպագնաց միջոցները, անոնք որոնք մեր առօրեայ ժամանակը կը կազմեն, եւ արդէն գոյութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ, գուցէ, ժամանակի վարժում մը, տեղերու, դէմքերու, կացութիւններու բազմաթիւութեան մէջ՝ յարաբերութիւններու ցանցը յօրինող։

Եթէ չափազանց շատ երկարի, շեղանցքը պիտի դառնայ լաբիւրինթոս, շեղագրութիւն մը գացող մէկ տեղէն միւսը, մեկնակէտէն յանգման կէտը, բայց այնպէս մը որ այս ընթացքը բարդանայ, խճճուի, քակուի, ոլորուի, կրկնոլորուի, յետոյ դանդաղօրէն, կարծես ժամանակը փորելէն, բացուի միջոցի մը վրայ, սակայն բոլորովին քովնտի կերպով, նման ցանկութեան մը որ չի գտներ իր առարկան, կը խուսափի անկէ կամ կը վրիպի, ուստի կը ծալուի, կը պահուըտի, կը քօղարկէ ինքզինք բաւիղներու։ Բայց վստահ չեմ որ կարելի է դուրս գալ լաբիւրինթոսէն առանց Արիադնէի, այլապէս քան Իկարոսի նման թռչելով եւ անշուշտ նաեւ հալելով օդին մէջ կամ ջախջախուելով յատակին։ Այդ ծայրագոյն երկու կէտերուն միջեւ է որ կ՛երկարի շեղագիծը, բարդութեան այդ արուեստը, որ նոյն ատեն ամենէն կարճ ճամբան է դէպի անելը։ Եւ անելը այն է որ չենք կրնար փորել, որ չենք կրնար փորձի ենթարկել, եւ ասոր համար անելը անփորձն է, չէ՞։ Գիտցողը գիտէ, կ՛ըսեն։

Շրջանցնել, եզերել, զառածիլ, ընկրկիլ, ճապկել, ոստնուլ, բանակցիլ, զիջիլ, չզիջելու համար սակարկել, սխալիլ, տնտնալ, խաղալ, զբօսնուլ, ժամանցել, չհանդիպիլ երբեք անոր որուն անպայման պիտի հանդիպինք, որուն գուցէ արդէն հանդիպած ենք ներքնապէս եւ որմէ կը խուսափինք, անդէմ բռնաւորին հետ խուսափումի ռազմավարութիւններ, կեանքի բրտութիւնը մեղմելու կամ անոր հետ հաշտութեան եզրեր գտնելու կերպեր, ժամանակն ու անոր ստիպողութիւնները կարգաւորող առկախումի, յետաձգումի, թակարդումի հնարքներ։

Հնարագիտութի՞ւն, նենգութի՞ւն, խարդաւանա՞նք, սո՞ւտ։ Սէ՞ր։

Մեր հոստեղութեան բնորոշ նիշերն են ասոնք, նոյնքան բնորոշ որքան այլուրի մը մեր արկածախնդիր ու սպառիչ փնտռտուքը, տեղէ մը մեկնիլ եւ հասնիլ տեղ մը չսպասուած ձեւով, տարածութեան մէջ գծելով չակնկալուած, դիպուածային ճեմագիծ մը, ինչպէս բառերուն մէջ գտնել անստգիւտ յարաբերութիւններ, որոնք կը զանցեն շարահիւսութիւն ու քերականական կարգ, այսինքն՝ հասնիլ հազուագիւտ, ապշեցնող, վարկածային հեռապատկերի մը, որ հիմնովին կը փոփոխէ մեր տեսածին կերտուածքը։

Շեղանցքի բանարուեստ մը, իբրեւ վերին բարոյական մը արուեստին համար։

Կոչ մըն է դեգերելու, հեռանալու, կորսուելու, օտարանալու, ոչ թէ միջնորդութեամբ, ոչ թէ մոգական կերպով վերադառնալու համար, գտնելու մեկնակէտը, հարազատ վայրը, ուրկէ անջատուեցայ, մեկնեցայ, այլ խորացնելու համար հատումը, անկումը, ցանկութիւնը, ստիպողութիւնը ոչ մէկ տեղ հանգչելու։

Երբ կարելի չէ ուղղակիօրէն բան մը ըսել, ինչպէս հալածանքի շրջաններուն (քիչ մը ամեն տեղ եւ ամեն օր) դիմել թելադրանքին, ակնարկութեան, մեղմասացութեան, շեղասացութեան, փոփոխակի դարձուածքներուն (դարձուածքներո՜ւն) ինչպէս բառեր որ ուրիշ բառեր կը կտրեն կ՛անցնին, միջնորդներն ըլլալով անոնց պատրուակները, փրփուր կազմաւորուող ալիքի մը կատարին, հոն Ակադեմիայի կամուրջին տակ։ Ասոր համար՝ թերեւս, շեղանցքը յաճախ անշուք անցքի մը կը նմանի, երբեք մեծափառ դարպասի մը, տպաւորութիւնը կը ձգէ այն շքեղ մուտքերուն, ներածութիւններուն, որոնք աղուոր տուն մը, գեղեցիկ գիրք մը կը խոստանան եւ ի վերջոյ կը յայտնուին իբրեւ ակնախտիղ ու կեղակարծ խրճիթներ։ Փոխաբերութիւնը առաւելութիւնն ունի, գուցէ միակը, մեզ տանելու մէկէն միւսը։ Խորհրդանիշին նման երկսեռ է։

Շեղում… շեղում, կեա՞նքը, գրականութի՞ւնը։ Թէ ամեն ինչ շեղ է, ասիկա կը հետեւի եղելութեան, լինելութեան մեծ օրէնքին։ Շեղ/եղ։ Շեղ/ե՛լ։ Ինչ որ կը շեղի կ՛ըլլայ։ Ուղիղ գիծը շեղումին մէկ ստորադաս կերպն է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Գրականութիւնը մեծ շեղում մը կեանքէն, հաւանաբար խեղում մը, ով գիտէ, հեղումէ մը ետք… Նոյնիսկ անտեսանելին կոչող բանաստեղծութիւնը, անուններու տուչութիւնը (Ադամէն ի վեր), կը բանի շեղումին մէջ, որպէսզի աւելի հեշտին կերպով հասնի կարճումին։ Միայն թէ այն ատեն շեղումը կը դադրի ինքն/օրէն ըլլալէ…

Արուեստի մէջ ճշմարտութիւնը շեղակի է, քանի որ ինչ որ զայն կը դարձնէ ճշմարիտ բացուածքին մէջն է որ կը դիմէ դէպի երկրորդ մը, ի յայտ կը բերէ եւ ի գործ կ՛արկանէ զայն։ Խօսքը ճշմարիտ չէ իրականի մը համեմատ, ինքն իր մէջ, In se ինչպէս կ՛ըսեն, այլ միայն համեմատութիւններու հնարաւորութեամբ, ուստի՝ ոչ յարաբերական։ Ասոր համար գուցէ ամեն յայտնութիւն միջականի հանգամանքը ունի, զոր կը ջնջէ ի հարկէ։ Իսկ ամեն յայտնութիւն միստիքն է լեզուին, որ շեղումը կը վերացնէ, կը վերածէ անհրաժեշտութեան։

Ղազարոս կը յայտնուի մահէն, կը յառնէ, կը շեղի անկէ դէպի եղելութիւն։ Սխալ է մտածել որ կը վերապրի, այսինքն կ՛ապրի վերստին, նորէն, կամ կ՛ապրի վերը։ Տարածական կամ ժամանակային վերի մը չի ձգտիր այս շեղումը, որքան բնակութեան մը որ մահը կը դարձնէ միակ վայրը ուր որեւէ յայտնութիւն կը գտնէ իր օրինականութիւնը։ Ղազարոս, ե՛լ արտաքս, կ՛ըսէ Ռապպին, այսինքն՝ մո՛ւտ ի յայտնութիւն մահուան։ Ե՛լ արտաքս… շեղուէ՛ տունէդ, դուն որ բանը կը կարծես տուն կեցութեան։

Շեշտակին շեղակիութիւն մը ունի, ինչպէս շեշտը ձայնաւորի մը վրայ կը սաստկացնէ անոր ուժգնութիւնը, կարծես ուղղահայեացէն դէպի հորիզոնականը շեղուածքին մէջ անոր տար աւելի մեծ ձայնատարածք։

Շեղուածքին ճշմարտութիւնը կը բանի երաժշտական տարբերակումի մը նման. Տիապելլիի երեսուներեք տարբերակները կամ Պախի Կոլտպերկեան տարբերակները, որ բջիջ մը կ՛այլայլեն, պզտիկ բայց էական շեղումներով եւ բնատիպը կը դարձնեն թէական, ուստի կրկին էական։ Ինչ որ գլխաւոր թեմա կը կոչուի մօտաւոր կերպարանքն է բնատիպի մը որ կ՛ուրուագծուի որպէսզի բնաջնջուի։ Շեղուածքը կը պանծացնէ շարժումը, ինչպէս շարժումին գեղեցկութիւնը։

Met-hodos. ճամբուն հետ, ճամբէն անդին, ինչ որ կը բախի խոչընդոտի, ճամբան կը դարձնէ հնարաւոր, ինչ որ կը տանի անելին (aporia), անփորելիին, ի հարկէ նաեւ… փորին, փորուածքին։ Բայց դէպի լոյսը ճամբան սեպ է, կ՛ըսէ բանաստեղծը, այսինքն՝ շեղ, դէպի վեր, կամ դէպի վար, դէպի գեղեցիկը կամ զազրելին, որոնց միջեւ շաւիղ մը գտնելու է այս գոյութիւնը տանելի եւ բնակելի դարձնող։ Methodios նաեւ եպիսկոպոս մըն էր Ողիմպիացի, մի՛ մոռնար, որ գրած է անձնիշխանութեան մասին (Եզնիկի աղբիւրներէն մին) եւ յարութեան։ Ահաւասիկ ուրիշ շեղումներ, որ կ՛առաջնորդեն էականին։ Էութեան թագաւորական ճամբան, օ Պարմենիդէս, որուն վրայէն կը սլանան նժոյգներդ, ընդմէջ էին եւ չէին եւ էաբանութիւնդ կ՛անցընեն պատկերէն ու քերթուածէն։

Կը շեղիմ երբեմն կամ յաճախ, կը շեղի կեանքս իր հունէն, կ՛որդեգրէ ակամայ կամ գուցէ կամովին կողմնակի ուղին, այն որ կ՛անջատուի մայր պողոտայէն, կը շրջագայի մայթին վրայ, կը դառնայ խանութներուն, ցուցափեղկերուն առջեւ, կը բախի անկիւնը կանգնած աժաննոց կնոջ, որ կը քակէ մէջքի գօտին, յետոյ քովը կանգնած կամ աւելի անդին կարմրահեր ու թիկնեղ, կնամարդին, որձեւէգ գուցէ հերմափրոթիտ, որ պզտիկ, փայլուն պայուսակը մօտեցուցեր է աչքին (կը փսփսայ՝ կու գա՞ս, հաճելի ժամանցք, յոյսի աստղ, կու գա՞ս) եւ կը դիտէ քեզ իբրեւ տարաշխարհիկ էակ, որ ինկեր է քաղաքին այս կոտորակեալ խրճիթներու կայսրութեան մէջ, կարծես թէ կը փնտռէ առեւանգուած երախան, ան որ գացեր է, հեռացեր է իրմէ, կորսուեր լաբիրինթին մէջ կամ պղծուեր. ամեն ինչ կծիկ մըն է որուն թելը կը քակուի, հետզհետէ կ՛երկարի, թերթերը կը ծանուցեն քանի մը մահ, քանի մը հրդեհուած տուն, բազմաթիւ ոճիրներ, գովազդի մը արագութեամբ կ՛անցնին սակարաններու թուանշանները, տիեզերանաւուն թռիչքները, զինուորականի, իշխանաւորի գլուխները, մաֆիայի հաստավիզ կերպարանքները, պայթիւնները ռումբերուն ոչ թէ պատերազմի դաշտերուն վրայ այլ փողոցային կռիւներուն, մեռնողը կը մտնէ դագաղ, կը մտնէ յարութեան ճամբուն մէջ, որ դիտման կէտն է մեր կեցութեան, մեր ուզածն ալ կեանքէն ի՞նչ է եթէ ոչ յառնելու հնարաւորութիւն, ամեն անգամ, ամեն սիրոյ, ամեն սիրուըտուքի, ամեն հանդիպման, վերսկսիլ նորէն, մեր ուզածը կեանքէն շեղումն է դէպի արբեցուցիչ վերացում մը, աստուածացում մը, հոս, միայն հոս, մարմնի մը մէջ, հիմա, եւ եթէ չըլլայ վերին հսկողութիւն, ինչպէ՞ս խուսափիլ զառածումէն որ քաղաքը թոյլ կու տայ քեզի, ինծի։

Եւ շարունակելու համար սկսած շեղուածքդ՝ պատմէ՛ ոչ Վարդանի այլ մեծ գրողի առասպելը։ Ուրեմն՝ ամեն գիշեր Նորմայի մը, Տուրանդոթի մը պէս ճակատագրականօրէն զգեստաւորուած դուրս կու գայ տունէն, լազերային ածիլուածք, պէխ, փրփուր, բոյր, շպար, ժանեակ, մասքարա, իւղեր, շրթնաներկ, փետուր, մուշտակ, 12 սմ բարձրութեամբ կօշիկներ, յետին պոռնիկին պէս, աւելի ճիշդ՝ իբրեւ առաջնակարգ տարփուհի (կամ գիրքերուն բոզը) կը դանդաղի մայթերուն վրայ, ի խնդիր այն միւսին որ պիտի գայ, այո՛, պարոն, անպայման պիտի գայ, կը փնտռէ զայն, կը քերթէ անցորդներուն նայուածքը, ծիծերուն խաղացքը պտտցնելով յետոյքի մը օրօրումով, կը մխրճուի ամբոխին մէջ, կը սպրդի, կը հանդուրժէ կսմիթի ու շոյանքի, կ՛ախորժի այս սեղմրտուքէն, մարմիններու այս շփումէն, կողմնակի հպումներէն, ճնշումէն, քերթուածքէն, ծեծէն, ականջին մռլտացող սիրազեղ հայհոյանքներէն, որ վաղը, ձեռնաշարժ, մէկ աչքը՝ հայելիին, պիտի գրէ մի առ մի, եկող վէպին, պատմուածքին, քերթուածին մէջ, համոզուած արդէն որ գրելը թուղթի թափանցում չէ, գրելը շեղումն է մարմնին, իմաստին, տեղեկութեան, որձին վերածումը էգի եւ հակառակը, կրտում, իգացում, արուացում, ինչպէս Պանքոքի ճօճուն լէյդիբոյը լուացարանին մէջ (come on, boy, a french kiss? ֆրանսական պաչիկ, թայլանտական մարձում, հայկական խոզանոց) կամ Լուվրի հեշտամոլ Հերմափրոթիտը կիսովին շրջուած ինքն իր վրայ, որու քարէ բարձին ճափոնցի կամ ապարանցի ակնախտիղ զբօսաշրջիկը կը հակի, կը հակի, կարծես բերնով պիտի փրցնէր, հանէր, ծամէր, խանդաղատագի՜ն, պլոր ու կակալայ (անունէն շեղումին մէջ չէ՞ համը, ի հարկէ, հապա՞, հա՜մը), ուտտե՜մ քեզի, ուտտեմ քեզի, քիչ մը Դրակուլա, քիչ մը մարդակեր, եւ այսպէս թերեւս գրելը խլել է. անդրափոխել է բունը, բնիկը, բունոցը, հարազատը, զանցել, խոտորել, խեղել, խծբծել, նշտրակել, մկրատել միսը, մորթը, յարմարցնել նորոգ, երկրորդ ծիծեր, երկրորդ որովայն, երկրորդ յետոյք, մարմին ըստ հոգիի, – արուեստը՝ գեղագիտական վիրաբուժութիւն, գործողութիւն՝ որ մարմնէն կը պահէ միայն կէները- եթէ չշեղիս ինչպէ՞ս կրնաս դառնալ մեղաւոր, այսինքն՝ սուրբ, նման այն շեղանցքին որ կ՛անցնի ագռմէջէն դէպի երկրորդ միաւորում, խաչաւորում՝ հեշտանքով, ցաւով, տառապա՜նք, տառապա՛նք, տառի ի՜նչ Ապարանից խաչ։ Լաւագոյն է հիմա որ մեծ գրողը վերադարձնես զարդասենեակ՝ փողոցի նարեկեան ապականութենէն գինով, հանել տաս դիմակը, ձեռնոցները, սերմ հոտող բերանը ցօղուել տաս, եւ իբրեւ զոհ վսեմ ողջակէզի՝ անցընես սրբազան սեղանին առջեւ՝ հոգեւոր քունուըտուքի մը համար։ Ա՞ս է արուեստը. թանգարանին մէջ սպասող պէտքարանի նստո՞ւկը, այդ ներքին քայքայո՞ւմը, հոգեշարժ փսխո՞ւքը մինչեւ Լօռիի բարձրադիր սարերը։ Սուբլիմացիա, բարեկա՛մ, վսեմացում։

Վերջապէս… կրնաս անդադար շարունակել, դեգերիլ ֆանթազմներէդ իրականութիւն, յաճախանքներէդ՝ դէպի այլակերպում, վասնզի… (ո՜ւֆ, այս պահածոյ գրաբարը)… դէպի Թափօր կամ Համբարձման լեռ, շեղումը չունի վերջ։

Ժամանակի հատուած, գուցէ րոպե մըն է շեղանցքը, անխառն պահ մը՝ երբ ամբողջութինը կը հատուի, կը կտրուի, ինչպէս երբ մտովին կ՛առանձնացնեմ տեղը իր շրջապատէն, ապրուած պատկեր մը կեանքիս ընդհանուրէն, այսինքն՝ երբ նշանակութիւնը չէ կազմաւորուած տակաւին, կը սպասէ կարծես անդին, հորիզոնին վրայ, որ չեմ տեսներ, թէեւ դիտումի մը պէս գիտեմ որ կայ, եւ ատոր համար հոն յամենալը խաղ մը կը թուի, փորձ մը, նախակրթանքի պէս բան մը (նախակրթութիւն, նախաշաւիղ հրահանգ, կ՛ըսէին հիները), որմէ կը բխի նշանակութիւնը։

Զանգուածին մէջ, ինչպէս ճշգրիտ ու անհրաժեշտ հարուած մը, որ անոր միակտուր մակերեսը կը դարձնէ կենդանի, անոր տալով թրթռացումի կարելիութիւն, նոր տարածք, զայն կ՛իմաստաւորէ, շեղանցքը նման է այդ հերձին (նշան սիրոյ, ցանկութեան, խոտորման), որուն շուրջ նշանակութիւնը, վերանցական ցայտքի մը նման, կը համաստեղուի։

Նշա՞ն մը՝ այս շեղանցքը, որուն նեղ միջոցը կը կտրեմ, անոր մէզ հոտող պատերը, երբեմն կը քսուիմ անոնց, մրոտ առաստաղը կը լքեմ ետիս, թափանցելէ ետք ատոր խորութեան, գրեթէ հասած անոր խորքին, տեսակ մը թաղանթ, մետաղէ մշտաբաց դրան որ հին, թերեւս շատ հին, իր իմաստը կորսնցուցած խորհրդազգած ծէս մը կը յուշէ, անցման ծէս մը, որմէ անդին ե՛ս ես չեմ, ես դո՛ւն մըն եմ։

Ձեռքս կը դնեմ բազրիքի հաճելի ցուրտին, ոտքս կը մնայ վերի աստիճանին վրայ, մարմինս՝ քիչ մը անհաւասարակշիռ ռիթմի մը մէջ անշարժացած երկվայրկեան մը, հիւրընկալելու պէս կը դիմակալեմ հովու մշտական հոսանքը որ, ներծովեան, տենդոտ ալիքի մը նման քաղաքի տարածութիւնը նուաճած, կը խուժէ այստեղ, համբոյրներ ծովէն, Իտալիայէն, Լուիճիի եւ Դանիէլայի բերնէն, օ Դանիէլա որ պաղպաղակի կոնը ձեռքին կը շարունակէ քալել բակէն դէպի Ծաթերէի քարափը, փայտէ ցիցերու կողքով՝ ամառնային հագուստին տակ մերկ՝ ինչպէս սուրբ Սեբաստիանոս մը իր նետերով հեշտացած, նայուածքը՝ Սալութէի գմբէթին, կարծես պիտի ուզէր ընծայուիլ հեռաւոր, պսպղացող Օրիոնին, ձեռքը շոգենաւու բազրիքին, ուր բանաստեղծական գգուանքով մը մեր ափերը միացան իրարու պահ մը։

Պահ մը կ՛ուզեմ վայելել քաղցրութիւնը չխաբող րոպէի մը, ըմբոշխնել ապահովութեան ինչպէս վտանգի մը առթած կրկնակ հաճոյքը, քանի որ չեմ գիտեր ո՞վ կը սպասէ ինծի քիչ մը անդին, ինչպէս վենետիկեան առասպելներու մէջ, ո՞ր դարանակալ կամ դիմակաւոր դէմքը, սուրը, անակնկալ ճակատումը, յանկարծակիօրէն խուժող, արա՛գ ինչպէս հարուածը վրիժառու կամ ներշնչումի աստուծոյ մը, մանաւանդ ամենէն շատ ակնկալուած անսպասելին, որ կը գտնուի պարտէզներէն, պալատներէն անդին, ճամբուն ծայրը, անորոշ տեղ մը։

Մայիս 2000թ.

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.