M*

Մարկ Նշանեանի  թագմանութեամբ Բատայլի «Կոնայի աչքը», ապա նաև հրապարակուելիք ևս երկու գործեր, յաւելում են Նշանեանի «Անմարդկայինի փորձընկալումը» աշխատութեան, որի չորս գլուխները շարունակբար հրապարակուեցին «Ինքնագրում»(սկիզբը այստեղ)

(1927-1930, Լիակատար Ժողովածու, Բ., էջ 21-35)

Ա. Գիտական մարդաբանութիւն, առասպելաբանական մարդաբա­նու­թիւն

Եթէ ճիշդ է որ մարդկային կեանքի նկարագրութիւն մը որ կ՚ուզէ վերադառնալ մինչեւ անոր սկզբնական շրջանները պէտք է փորձէ պատկերացնել ինչ որ ձեւազուրկ տիեզերքը կատարած է մարդ էակը արտադրելով եւ ո՛չ ուրիշ բան, եթէ ճիշդ է որ պէտք է փորձէ հասկնալ թէ ինչպէս հասած է այդպիսի ան­պէտ արտադրութեան մը, եւ ինչ մի­ջոց­ներով այդ արա­րածը դար­ձուցած է մնա­ցեալէն ամբող­ջովին տար­բեր բան մը, այն ատեն այո՝ ան­հրա­ժեշտ է գիտական մար­դա­բա­նու­թիւ­նը մէկդի շպր­տել։ Ան աւելի խռֆած քան երեխայական թոթո­վանք­ներով բա­ւա­րար­ուելու դատապարտուած է, եւ այնպիսի պա­տաս­խաններ տալու ստիպուած է, որ այսուհետեւ՝ հոս նշուած հար­ցում­ները ան­նշան բա­ներու կը վերածուին. մինչդեռ միայն ի՛ր պա­տասխանները ան­նշան են, եթէ նկատի առնենք կեանքի իմաստն իսկ ստանձնող հար­ցա­դրութեան մը ան­խո­ւսափելի եւ պարտաւորիչ բրտու­­թիւնը, կեանքի մը զոր նոյն այդ մարդա­բա­նութիւնը յաւակ­նու­թիւնն ունէր նկարա­գրելու։

Բայց առնուազն առաջին մօտեցումով՝ փիլիսոփայական հայեցա­խո­հութիւնը (spéculation) նոյն­քան անհամբերութեամբ պարտինք մէկդի ձգել որքան անկարող նախապատ­մու­թիւ­նը, տես­նելով որ այդ հայե­ցա­­խոհու­թիւնը, յանցանքի զգացումէն տարուբերուած, գրեթէ միշտ ինք­զինք կը ջնջէ ու կ՚անէացնէ գիտութեան դէմ յանդիման։ Որով­հետեւ նոյն­իսկ եթէ այդ անմարդկային անէացումը կարելի ըլլայ մատնանշել, նոյնիսկ եթէ դեռ մարդուս կողմէ հնարաւոր ըլլայ իր չա­րութիւնը եւ իր խելագարութիւնը հակա­դրել իր վրայ ընկ­ճող կեանքի պայ­մաններու դժուարութիւններուն, փիլիսո­փա­յա­կան խու­զարկումի ծանօթ եղանակներէն ո՛չ մէկը ի վիճակի է իրեն վստա­հութիւն ներ­շնչելու. մինչեւ այսօր փիլիսոփայութիւնը, գիտութեան նման, մարդ­կային են­թար­կուածութեան արտայայտութիւնը հանդիսացած է, ու երբ մարդս կը փորձէ ինք­զինք պատկերացնել, ոչ թէ այլեւս որպէս միա­տարր շարժ­ըն­թացի մը — հեւացող եւ արգա­հա­տելի շարժ­ըն­թացի մը — մէկ պահը, այլ որպէս նոր պատռուածք մը արդէն իսկ պատռուած բնութեան մէջ, իմացականութենէն սերած տափակցնող շաղակրա­տու­թիւնը չէ որ կրնայ օգնութեան գալ իրեն։ Չի կրնար ինք­զին­քը ճանչնալ տրամա­բա­նութեան նուաստացուցիչ շարակար­գե­րուն մէջ։ Ինքզինք կը ճանչ­նայ ընդհա­կա­ռակը — ոչ միայն բար­կութեամբ, այլ­եւ վերափոխական (extatique) տառա­պան­քով մը — իր ցնորանք­նե­րու ուժգնութեան մէջ։

Եւ սակայն օրինական մտածողութեան աշխարհէն ներս օրէնքէ զուրկ մտային շարակար­գի մը ներմուծումը ի սկզբնաէ կ՚երեւի որպէս ամենէն յանդուգն եւ ամենէն դժուար իրագործելի գործողութիւնը։ Բացայայտ է որ եթէ չկատարուէր ան երկդիմութենէ զերծ որոշումով մը, հազ­ուադէպ պարագաներու իրագործուած վճռակա­նու­թեամբ եւ խստու­թեամբ մը, պիտի ըլլար ամենէն անպէտ գործողութիւնը։

Ո՛վ որ ծրագրած է իմացականութեան դէմ կանգնիլ, անոր հա­կա­դրեով օտա­րո­տի բովանդակու­թիւն մը, երկու պայման պէտք է լրա­ցնէ, բացի անվախ մնալու համար անհրաժեշտ գօտեպնդումէն— խօս­քը հոս ամենէն գարշելի առարկաներու քաշողութեան ենթար­կուե­­լու մա­սին է, առանց ճնշուելու անոնցմէ։ Այդ երկու պայման­ները իրենք զիրենք կը պար­տա­դրեն ո՛չ միայն շատ յստակ կերպով, այլեւ որպէս պար­տաւորիչ հրա­մա­յա­կաններ։

Բ. Առասպելաբանական վերկայացումի պայմանները

Համակարգային ճանաչողութենէն ձերբազատուելու միակ պատ­ճա­ռը անոր ստացեալ կարողութիւն մը ըլլալն է։ Հարցը այն է որ գոնէ ներկայ պայ­մաններուն մէջ՝ եթէ իմացական պատկերներու ազատ խաղը չպահէր գործնական կեանքի միատարր աշխարհին հետ սերտ կապակցութիւն մը, պիտի կոր­սուէր ան  եւ տար­րա­լուծուէր ոլորտի մը մէջ ուր որեւէ խօսք եւ որեւէ մտածում պիտի մնային անհետե­ւանք։

Առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ուրեմն գիտութիւնը իջեցնել ստորադաս վիճակի մը, որպէսզի ազատ կերպով կարենանք գործածել զայն, գրաս­տի մը պէս, իրեն հետ այլեւս կապ չունեցող նպատակ­ներով։ Եթէ ազատ ձգուի գիտութիւնը, բառին ամենէն ճիղճ իմաս­տով (հոն ուր ազատութիւնը անկարողութիւն է միայն), ոչինչ պիտի արգիլէ որ տիեզերքը կուրօրէն պարպէ ան իր մարդկային բովանդա­կու­թե­նէն, քանի որ անոր գոյութեան առաջին պայմանը առաս­պե­լա­բա­նական ցնորանք­ները ցնդեցնելու եւ անէացնելու պարտակա­նու­թիւ­նը եղած է։ Բայց կարելի է զայն գործածել այնպիսի ձեւով որ ինքն իսկ իր շարժումը սահմանափակէ եւ իր սահմաններէն անդին զե­տեղէ ա՛յն՝ ինչ որ ընդմիշտ իր հասողութենէն անդին պիտի մնայ, ա՛յն՝ որուն դէմ յանդիման ինքը կը դառնայ աննպատակ ջանա­սի­րու­թիւն մը եւ ամուլ գործունէութիւն մը։ Ճիշդ է որ գի­տու­թեան կողմէ սահ­ման­ուած տարրերը դատարկ եզ­րեր են տակաւին անկարող անտրամաբա­նու­­թիւններ։ Այլակերպ գո­յու­թեան մը ար­տա­քին սահ­ման­ներէն դէ­պի անոնց առասպելաբանական կերպով ապ­րուած բովանդա­կու­թիւ­նը անցնելո՛վ է որ կարելի պիտի ըլլայ գիտութեան հետ վար­ուիլ ան­տարբերու­թեամբ, իր տեսակարար բնոյթէն պահանջ­ուած անտար­բե­րու­թեամբ մը, բայց այդ մէկը կարելի չէ եթէ զայն նախ եւ առաջ չեն­թարկենք իրմէ փոխ առնուած զէնքերով, այնպէս մը ընելով որ ինքն իսկ արտադրէ զինք սահ­մա­նա­փա­կող անտրամաբա­նութիւնները։

Երկրորդ պայմանը առաջին ակնարկով նախորդին մէկ եղանակն է միայն։ Հո՛ս եւս՝ գի­տութիւնը գործածուած է իրեն հակոտենայ դիրքի վրայ գտնուող նպատակի մը համար։ Բա­­նականութեան կողմէ առաս­պելա­բա­նութեան արտաքսումը անհրաժեշտաբար խիստ ար­տա­քսում մըն է, որ սրբագրութեան չի կարօտիր, ու նոյնիսկ զոր ա՛լ աւե­լի հատու դար­ձ­նելը ստիպողական է։ Բայց միեւնոյն ժամանակ՝ այդ արտա­քսումին միջոցաւ ստեղծուած ար­ժէք­ները շրջադարձել պէտք է։ Այլ խօսքով այն իրողութիւնը որ առաս­պելաբա­նա­կան շարակարգի մը մէջ բա­նա­կանութեան կողմէ ընդունելի բո­վան­դակութիւն չկայ՝ անոր նշանա­կալից արժէքին պայմանն իսկ է։ Որովհետեւ եթէ մարդ­կա­յին խելքին զգացա­կան բրտութիւնը բացարձակին կամ գիտու­թեան անապա­տային գիշերուան մէջ կը հեռար­ձակուի ուրուականի մը նման, ատկէ կարելի չէ հետեւ­ցնել որ նոյն այդ ուրուականը որեւէ հասարակաց կէտ ունի գիշերուան հետ ուր իր փայլը սառուցեալ հանգամանք ստացած է։ Ընդհակառակը՝ ուրուա­կա­նային բո­վան­դա­կութիւնը իրա­պէս գոյութիւն ու­նի որպէս այդ միայն այն ատեն երբ զայն պա­րունա­կող միջավայրը իր անհանդուր­ժո­ղութեամբ կը սահմանուի, հոն երեւցածը ոճրային նկատելով։ Ինչ կը վերաբերի գի­տութեան, անոր գործադրած վանողութիւնը, անոր զգացած անհա­մե­մատ խորշանքը, անհրաժեշտ են բնութա­գրե­լու համար անկէ արտա­քսուած տարրը։ Այդպիսի բնու­թա­գրում նման է յայրատ տար­րի մը զգա­ցական ուժին կամ ծանրութեան, երբ այդ տարրը յայրատ է մի­միայն իրեն հա­կա­դրուած արգիլումին հետեւանքով։ Այնքան ատեն որ խիստ արտա­քսումը տեղի չէ ունեցած, առասպելական նախա­դա­սութիւն մը կրնայ ուշադրութեան առարկայ դարձուիլ ճիշդ ինչպէս բանական նախա­դա­սութիւն մը, կրնայ նկարա­գրուիլ որպէս իրական եւ կրնայ համա­կար­գայնօրէն բա­ցա­տրուիլ։ Բայց այն ատեն անշուշտ կը կորսնցնէ իր ուր­ուա­կանային բնութագրումը, իր ազատ կեղծիքը։ Ինչ­պէս պա­րա­գան է յայտնա­գոր­ծութեան վրայ հիմնուած հրա­մա­յական կրօնք­նե­րուն, կը մտնէ ան խորհրդազգած լիութիւններու մէջ, որոնց նպա­տակն է թշուառ մարդ­կութիւնը սերտօրէն են­թարկ­ել տնտե­­սական պահանջներու, այսինքն վերջին հաշուով զիրենք կեղե­քող ար­­տաքին իշխանութեան մը։

Ճիշդ է որ այդպիսի գործողութիւն մը այսօր անյղանալի կրնայ թուիլ, քանի որ անոր իրագործման պայմանները սահմանափակուած են նոյն ինքն՝ գիտութեան զարգացու­մին պատ­ճառով։

Գիտութիւնը, հիմնուած տիեզերքի խորհրդազգած (mystique) յղա­ցումի մը վրայ, անոր կազ­մա­ւորիչ տարրերը բաժնած է երկու խո­րա­պէս զա­տո­րոշուած դասերու։ Մէկ կողմէ անոր գործնական ու առ­օ­րեայ մա­սե­րը ներքաշած ու աշխատած է, մարդուս նիւթա­կան կեան­քին համար մտային գործունէութիւնը օգտակար գործիքի վերա­ծե­լով, գործունէ­ութիւն մը որ ատկէ առաջ իր կեղեքումին գործիքն էր միայն։ Միեւնոյն ժամանակ՝ ստիպ­­ուած մէկ քով ձգած է հին կրօ­նա­կան կա­ռուցումներու զառան­ցական բաժինները, զանոնք փճացնե­լու մի­տու­մով։ Բայց երբ այս զարգացումին ծայրը հասնինք, նոյն փճա­ցու­մի արար­քը կը դառնայ ազատելու միտող արարք. զառանցանքը կը ձեր­բա­զատուի առօ­րեայ­էն, ուսե­րէն կը նետէ խորհրդազգած են­թա­կա­յու­թեան ծանր վերար­կուն, եւ հոն է միայն, մերկ ու լպիրշ, որ իր տրամադրութեան տակ կ՚ու­նենայ ամբողջ աշ­խարհը իր օրէնք­նե­րով, ինչ­պէս թէ իր խա­ղալիք­ներն ըլլային։

Գ. Կոնային աչքը

Այս երկու սկզբունքները ընդունուած ըլլալով, եւ ենթադրելով որ առաջին պայ­մա­նը, որ կը պահանջէ նկատի առնուած առարկաներու գիտական ճանաչողութիւնը, մեծ մա­սամբ գոնէ լրացած ըլլայ, այլեւս ոչինչ կը խոչընդոտէ գոյութեան ուրուա­կա­նային եւ արկածախն­դրա­կան նկարագրութիւնը։ Ինչ որ կը մնայ ըսելիք այդ նկարագրութեան որդեգրած ճանապարհին մասին — եւ լման նկարագրութեան մշակած յարաբերութեան մասին առարկայի մը հետ — կրնայ միայն իրագործուած փորձընկալումին շուրջ ան­դրադարձ մը հանդիսանալ։

Գանկին մէջտեղը եւ գագաթը զետեղուած աչքը, որ կը բացուի կիզիչ արեւին դէմ զայն դիտելու համար չարադէպ առանձնութեան մը մէջ, իմացութեան արտադրանք մը չէ, այլ իրապէս անմիջական գո­յութիւն մը։ Կը բացուի ու կ՚այրի սպառումի մը պէս կամ էակը (թէ արդեօք գլուխը) կրծող տենդի մը պէս, ու այդ իմաստով տունի մը մէջ ծագած հրդեհի մը դերը կը խաղայ։ Գլուխը, փոխանակ կեանքը բանտար­կե­լու ինչ­պէս դրամը կը բանտարկեն սնտուկի մը մէջ, զայն կը վատնէ անհաշիւ, որով­հետեւ այդ էրոսական կերպա­րա­նա­փո­խու­թեան հետե­ւանքով՝ ստա­ցած է ծայրա­մա­սերու ելեկտրա­կան կարո­ղու­թիւնը։ Այդ մեծ հրդեհուած գլուխը վատ­նումի գաղա­փարին կեր­պարն է ու ան­ախորժ լոյսը, մեթոտական վերլուծումի մարզէն ներս կիրարկուող նոյն գաղափարին դատարկ ձեւէն անդին։

Ի սկզբանէ առասպելը կը նոյնանայ ոչ միայն կեանքին հետ, այլեւ կեանքի կո­րուս­տին հետ — քայքայումին եւ մահուան։ Եթէ մեկնինք անոր ծնունդ տուող էակէն, ան արտա­քին արտադրանք մը չէ, այլ այդ էակին զգեցած ձեւը իր լպիրշ փոփոխակներով, ինքն իր վերա­փո­խական նուիրումով որպէս մերկ ու յայրատ զոհ —, ու զոհ՝ ոչ թէ մթա­գին ու աննիւթական զօրութեան մը առջեւ, այլ բոզերու լիահագագ խնդու­քին դէմ յանդիման։

Գոյութիւնը այսուհետեւ չի նմանիր հաստատ ճանապարհոր­դու­թեան մը մէկ կիրառա­կան նշանէն միւսը, այլ կը նմանի ախտագին բոցա­վա­ռու­մի մը, տեւող կտղուցքի մը։

Դ. Ասդենական կեանքի երկու բեւեռները

Առասպելական ձեւը որքան ալ շլացուցիչ ըլլայ, որպէս գոյաւորի՛ն կամ անոր առաջին իսկ անորոշ յայտնութեա՛ն սպառիչ մոխրացումը (եւ ոչ թէ անոր պարզ պատկե­րա­ցումը), կա­րելի է այսուհանդերձ անցնիլ պարունակեալէ մը դէպի պարունակող մը, պարա­գայական ձեւի մը, որ թէեւ հաւանաբար անընդունելի ըլլայ գիտութեան աչքին՝ իմա­ցու­թեան սովորական կառուցումներէն շատ տարբեր չի թուիր։

Երկրագունդի մակերեսին օրգանական գոյութիւններու բաշխումը երկու բեւեռ­նե­րու համաձայն կատարուած է, որոնցմէ առաջինը՝ ուղղահայեացը, երկրային մոլո­րա­կի շա­ռաւիղին շարունակութիւնն է, իսկ միւսը՝ հորիզոնականը առաջինին հետ ուղղանկիւն է։ Բոյսերը գրեթէ միայն ուղղահայեաց բեւեռին համաձայն կը զարգանան (որ նաեւ մարմիններու անկումին ուղղութիւնն է)։ Ընդհակառակը՝ կենդա­նի­ներու զար­գացու­մը զետեղուած է, կամ զետեղուելու կը ձգտի, հորիզոնական բե­ւե­ռին վրայ։ Եւ սակայն իրենց շարժումները առ հասարակ երկրային մոլորակի թա­ւա­լու­մին համապատասխանող գի­ծերուն զուգահեռ սողոսկումներ միայն ըլլալով հանդերձ, կեն­դա­նի­նե­րը երբեք ամբողջովին զերծ չեն բուսական կեանքի բե­ւե­ռին համ­ընկ­նող շարժումներէ։ Օրի­նակ ծննդաբերութիւնը կամ գրե­թէ միշտ՝ ար­թննալն ու սիրա­բանիլը զիրենք կը փոխադրեն գետ­նէն վեր (ընդ­հա­կառակը գիշերն ու մահը մարմինները կը յանձնեն վերէն վար գոր­ծող ու­ժի մը ազդեցութեան)։ Իրենց կմախքը, նոյնիսկ ամե­նէն կա­նոնաւոր պարա­գա­ներուն, հորիզոնական ուղղութեան ենթարկուած չէ։ Գանկը եւ աչքերու բաց­ուածքը կը գտնուին սրբա­նա­յին ողնի մակարդակէն վեր։ Եւ սակայն նոյնիսկ սե­ռերու մեր­ձե­ցումին ատեն արուին դիրքը եւ քանի մը թռչուն­­նե­րու կա­ռոյցը նկատի առ­նելով հանդերձ, երբեք չեն հասնիր ամբողջական ուղղահա­յե­ցու­թեան։

Ե. Մարդկային մարմիններու եւ աչքերու դիրքը երկրային մոլորակի մակերեսին

Մարդկայի՛ն էակները միայն կրցած են կենդանական հանգիստ հորիզոնականութենէն ազատիլ, հազար ջանքերէ ետք, որոնց փաստը ունինք երբ կը տեսնենք մեծ կապկա­ցեղ­նե­րու դէմքին տաժանելի ու անարգ հանգամանքը։ Կրցած են բուսական կանգնումը սե­փա­կա­նա­ցնել եւ ձեւով մը երկնքին կողմը բեւեռուիլ։

Այսպէս՝ անծայրածիր գաւառներէ բաղկացած Երկրագունդը, բոյ­սե­րով ծածկուած որոնք ամէն կողմ կը խուսափին իրմէ, անդադար կ՚ըն­ծայուին ու անդադար կը փճանան, կը նետուին դէպի երկնքի մերթ լուսողող, մերթ ցայգային դատարկութիւնը, Երկրագունդը անջրպետի նոյն այդ անյոյս տարածութեան կը յանձնէ խնդումերես կամ սրտակեղեք մարդոց լման խումբը։

Բայց մարդկային բնոյթը առանց դիմադրութեան չէ յանձնուած այդ ազատութեան, որ մոլորակին վրայ կը հասնի սահմաններու հեղձուցիչ բացակայութեան մը։ Որովհետեւ եթէ ճիշդ է որ իր արիւնը, ոսկորները, թեւերը, իր վա­յելքին խլր­տումը (կամ իսկական անձկութեան պատճառած լռութիւնը), եթէ ճիշդ է որ զառամ խնդուքը եւ անաղմուկ ատելութիւնը անվերջ կը կորսուին եւ կը բարձրանան դէպի մահ­ուան պէս գեղեցիկ երկինք մը, մահուան պէս տժգոյն եւ անհաւանական երկինք մը, մարդուն աչքերը կը շարունակեն զայն կապել գռեհիկ իրերուն, սերտ կապերով, այն իսկ իրերուն որոնց ծի­րին մէջ կարիքը իր քալուածքը բեւեռած է։

Մարդկային կառոյցը տեսողութեան հորիզոնական բեւեռին խստօ­րէն ենթար­կուած մնացած է, կենդանիի բնութենէն ձերբազատուելու իր սրտաճմլիկ ճիգին ընթաց­քին, ինչ որ ծանրակշիռ թշուառութեան մը արտայայտութիւնն է, ա՛լ աւելի ծան­րա­կշիռ երբ ան երեւութապէս խաղաղութեան հետ կը շփոթուի։

Զ. Գլխապտոյտ-ծառը

Մարդաբանը կրնայ միայն հաստատել բեւեռներուն միջեւ գոյացող այս հակասութիւնը, որ իրեն համար որեւէ իմաստէ զուրկ կը մնայ։ Եւ եթէ պատահաբար շեշտը դնէր անոր կարեւորութեան վրայ, առանց իսկ զայն կարենալ բացատրելու, պիտի ցուցաբերէր անարդարանալի ձգտում մը դէպի խորհրդազգածութիւն։ Ուղղանկիւն բեւեռներու նկարագրութիւնը արժէք պիտի ստանայ այն ատեն միայն, երբ կա­րե­լի ըլլայ այդ բեւեռներուն վրայ կառուցել առասպելաբանական գո­յու­թեան մը մանկական խաղը։ Խաղ մը որ, հե­ռա­նալով դիտար­կու­մէն եւ բանական հետեւողու­թիւն­ներէն, համապատասխանէր մէկ կող­մէ՝ մարդ­կային կեանքի անմիջական եւ բազ­մազան գիտակ­ցու­թեան ու միւս կողմէ՝ այդ իսկ կեանքը կազմաւորող ենթա­դրաբար անգիտակից տուեալներուն մի­ջեւ գոյացող յարաբերութիւններու ազատ զարգացումին։

Այսպէս կոնային աչքը, քակուելով բնականոն տեսողութեան հորիզո­նա­կան համակար­գէն, երեւան կու գայ տեսակ մը լացակումած լու­սա­պսակի մը մէջ, որպէս ծառի մը աչ­քը, կամ աւելի ճիշդ՝ որպէս մարդ­կային ծառ մը։ Միեւնոյն ժամանակ՝ այդ ակնաձեւ ծառը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ վարդագոյն (անարգ) առնանդամ մը, արեւի արբշ­ռան­քով սնանող, ու կը թելադրէ կամ կը պատճառէ խոր անհանգստութիւն մը. սիրտխառնուք մը, գլխապտոյտի մը նողկալի յուսահատութիւնը։ Բնու­թեան այս այլա­կեր­պութեան մէջ, որուն ընթացքին նոյն ինքն տեսողութիւնը, նողկանքի քաշողու­թենէն տարուած, կը պոկուի ու կը խլուի արեւային ցայտքերէն որոնց սեւեռած էր նայուածքը, կանգ­նումը կը դադրի գետնի երեսէն տաժանելի բարձրացում մը ըլլալէ, ու անհամ արիւնի փսխու­քի մը նոպայով մը՝ կը դառնայ խելապտոյտ անկում մը երկ­նային անջրպետին մէջ, սար­սռազդեցիկ պոռչտուքի մը ընկերակցութեամբ։

Է. Արեւը

Արեւը, երկնքին խորը զետեղուած ինչպէս դիակ մը հորի մը յատակը, կը պատասխանէ անմարդկային այս պոռչտուքին, փտութեան ուր­ուա­կանային քաշողութեամբ։ Հսկա­յա­ծաւալ բնութիւնը իր շղթա­նե­րը կը փշրէ ու կ՚ընկղմի անսահման դա­տար­կութեան մէջ։ Կտրուած առնանդամ մը, մեղկ ու արիւնլուայ, կը փոխանորդէ իրերու սո­վո­րական կարգը։ Անոր ծալքերուն մէջ, որոնց դեռ կը խածնեն ցա­ւա­տանջ ծնօտ­ներ, կը դիզուին շարաւը, թուքը եւ թրթուրները, հոն բեր­ուած հսկայ ճանճերու կողմէ. քակորային, ինչ­պէս կուժի մը յատա­կին նկարուած աչքը, ահա՛ Արեւը, որ հիմա իր փայլը փոխ կ՚առ­նէ մահէն, ու լման գոյութիւնը թաղած է գիշերուան գար­շահոտութեան մէջ։

Ը. Յիսուվը

Երկրագունդը մնացած է հսկայ հերաթափ գանկի մը նման, որուն մէջտեղը՝ պարապին վրայ բացուած աչքը միաժամանակ հրաբխային է եւ լճային։ Իր աղէտալի դաշ­տանշարը կը տարածէ մարդկային մազոտ միսերու խորունկ ծալքերուն միջեւ, ու իր մացառները կազ­մող մազերը արցունքներով կ՚ողողուին։ Բայց մահէն իսկ աւելի տա­ր­­օրինակ այլասերումի մը խառն զգացումներուն աղբիւրը միւս­նե­րուն նման ուղեղի մը մէջ չէ որ կը գտնուի։ Ծանր աղիքներ միայն կը ճնշեն այդ մերկ միսին տակ, շուայտութեամբ լի որքան ոռ մը, ու միաժամանակ՝ սատանայական, ինչ­պէս նոյնքան մերկ յե­տոյ­քը զոր երիտասարդ վհուկ մը կը բարձրացնէ դէպի սե­ւա­մած եր­կին­քը, այն պահուն երբ իր հիմքը կը բացուի որպէսզի հոն մխրճեն բո­ցա­վառ ջահ մը։

Այդ ծաղրաշարժ հրաբերանէն պոկուած սիրոյ պոռչտուքը տեն­դա­գին հեծեծանք մըն է, ու որոտացող խժլտուք մը։

Արեւին քակորային աչքը նոյնպէս պոկուած է հիմա այդ հրաբխային ընդերքէն եւ ինքն իր աչքերը իր ձեռքերով պոկող մարդու մը ցաւը աւելի անհեթեթ չէ քան արեւին այդ սրբանային տղաբերքը։

Թ. Ապուզնային զոհագործումը

Աքլորներու անհանդուրժելի  աղաղակը արեգակնային նշանա­կու­թիւն մը ունի մարդուս հպար­­տութեան եւ յաղթերգական զգացումին պատճառով, երբ տարածուն եր­կն­քին մէջ կը տեսնէ իր իսկ ար­տո­րան­քը։ Նոյն ձեւով, գիշերուան մէջ, հսկայ սէր մը, խլրտուն, փա­փուկ ինչպէս պարմանուհիի մը կտղուցքը, կը լքէ ինքզինք, կը նետուի հսկայ տիե­զեր­քէն ներս, առնչուած աստղերուն վրայ միզած ըլլալու մտերիմ զգա­ցումին։

Վերանորոգելու համար փորին եւ բնու­թեան միջեւ կնքուած այդ մեղմաբարոյ դաշինքը, փտող անտառ մը իր ստայօդ արտաքնոցը կ՚ըն­ծայէ, ուր կը վխտան գունաւոր կամ թունաւոր միջատները, որ­դերը, թռչնակները։ Արեւին լոյսը կը տարբա­ղա­դրուի բարձրաբերձ ճիւ­ղե­րու արանքին։ Անգլուհի մը, այլակերպուած իր խար­տեաշ ու լու­սա­պսակուած հերով, իր սքանչելի մարմինը կը նուիրէ քանի մը մերկ տղա­մարդոց յայ­րա­տութեան եւ երեւակայութեան, զորս փտու­մի զար­մանալի հոտ մը ա՛լ աւելի կը վերափոխէ։

Իր տամուկ շրթունքները կը բացուին համբոյներուն ինչպէս մեղկ ճա­հիճ մը, ինչպէս անաղմուկ գլգլացող գետ մը, եւ հաճոյքին մէջ ընկղմած իր աչքերը նոյնքան անհունօրէն բացակայ են որքան իր բերանը։ Մարդկային կենդանիներուն վերեւը, որոնք զինք կը գրկեն ու մարմնին հետ կը խաղան, կը բարձրացնէ իր հոյապանծ գլուխը, շլացք­նե­րով այնքան լեցուն, եւ իր լայն աչքերը կը բացուին խելագար տեսարանի մը։

Շռայլ բուսականութեան մէջտեղը նոր բացուած կլոր խրամի մը կող­քին, բարձրահասակ էգ ապուզնեայ մը կը դիմադրէ երեք այր մարդոց որոնք կը ջանան զայն երկար պարաններու միջոցաւ կապ­կպել։ Դէմ­քը աւելի ապշած է քան անարգ, ու վախէն կ՚ար­ձակէ ան­իմանալի պոռչտուքներ, որոնց կը պատասխանեն բարձր ճիւղերուն մէջ տե­ղա­ւորուած փոքր կապիկներու բազմահնչիւն աղաղակ­նե­րը։ Մէյ մը որ կապուած է ու պատրաստուած ճիշդ հաւու մը նման, այս­ինքն սրունք­ները մարմնին կպած, երեք այ­րերը զայն կ՚իջեցնեն փո­սին մէջ ու անոր մէջտեղը տնկուած ցիցի մը կը յօդեն, գլխի­վայր։ Այդպէս կապուած, անասնական ճիչեր արձակող բերանը հող կը կլլէ, եւ ընդ­հակառակը սրբանային ճեղքուածքը, պոռոտ վարդագոյն, եր­կն­քին դարձած է ծաղիկի մը պէս (ցիցին ծայրը մտցուցած է փորին եւ ծալ­լուած սրունքներուն միջեւ)։ Այդ մասը միայն, իր ապշեցուցիչ յայ­րա­տութեամբ, դուրս կ՚ելլէ փոսէն վեր։

Այս պատրաստութիւնները վերջանալէն ետք, բոլոր ներկաները, այր ու կին (Անգլուհիէն զատ ուրիշ կիներ ալ կան ի հարկէ, նոյնքան սի­րա­հար՝ շուայտութեան) կայնած են փոսին շուրջ։ Այդ պահուն բո­լորը նոյնքան մերկ են, բոլորը նոյնքան խելահար հաճոյքի յափշ­տակութենէն (վայելքի սպառումէն), շնչահատ, խելակորոյս…

Ամէն մէկը ձեռքը թի մը ունի բացի Անգլուհիէն։ Փոսը լեցնելու սահմանուած հողը դիզուած է մօտաւոր կանոնաւորութեամբ շուրջ­բո­լորը։ Անարգ ապուզնեան, իր անարգ դիրքին մէջ, կը շարունակէ սարսափելիօրէն պոռպռալ, բայց Անգլուհին նշան մը կու տայ ու բո­լո­րը կը սկսին իրենց թիով հողը փոսին մէջը հրել, եւ յետոյ զայն ոտնակոխ ընել, ծայրագոյն աշխուժութեամբ եւ արագութեամբ։ Այդ­պէս, մէկ վայրկեանէն միւսը, սոսկալի կենդանին ողջ ողջ կը թաղուի։

Յարաբերական լռութիւն մը կը տիրէ այդ պահուն։ Բոլոր նայ­ուածք­նե­րը, ապշահար, սեւեռած են զազրելի արեւային ուռոյցին, գեղեց­կա­պէս արնագոյն, որ հողէն դուրս ցցուած է, եւ հոգեվարքի տապլ­տկումներէն ծիծաղելիօրէն ցնցուած։ Այն ատեն Անգլուհին հրա­պուրիչ յետոյքով երկար ու մերկ մարմինը կ՚երկնցնէ հողածածկ փոսին վրայ։ Այդ լերկ գանկին լորձնապատեան միսը, քիչ մը քակորով աղտոտած իր գա­գա­թի ճառագայթող ծաղիկին, ա՛լ աւելի խանգարիչ տեսք մը կը ներկայացնէ երբ նուրբ սպի­տակ մատներ կը դպին անոր։ Բոլորը շուրջը հաւաքուած են, պո­ռալու սեմին, իրենց քրտինքը կը սրբեն, շրթունքնին կը խածնեն։ Թեթեւ շողիք մը կը վազէ նոյնիսկ չափէն աւելի խլրտած բերաններէն։ Խեղդուածութեան, նաեւ մահ­ուան հետեւանք՝ կարմիր միսի գեղեցիկ պալարը գարշահոտ կարմիր բոցերով սկսած է վառիլ.   .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . Ինչպէս պայթող փոթորիկ մը քանի մը վայրկեան տեւող անտանելի սպասումէ մը ետք, կիսախաւարին մէջ, ամբողջ գիւղադաշտ մը կ՚աւերէ խելագար տեղատարափով մը եւ որոտումի հարուածներով, նոյն խլրտացող եւ խորապէս վերիվայրուած (ճիշդ է՝ շատ աւելի դժուար նշմարելի նշաններով), գոյութիւնն իսկ է որ կը դղրդի եւ կը հասնի աստիճանի մը, ուր միայն բանդագուշական պարապ մը կը մնայ, միայն կո­կորդ սեղմող մահահոտ մը։

Իրականութեան մէջ, որեւէ սատակի մը վրայ չէ՛, գարշահոտ Յի­սուվին վրայ է, որ Անգլուհիին բերանը իր ամենէն կի­զիչ, ամենէն քաղցր պաչիկները փակցուց, նոյն վայրկեանին երբ պա­­տահեցաւ այս պզտիկ երե­խայական փսխուքը ։ Անոնց տարօրինակ աղմուկը, միսին վրայ երկարաձգուող, կը հնչէր փորոտիքի զզուելի ձայնի մը ընդ­մէջէն։ Բայց այս անիմա­նալի պարագաները կտղուցքներու պատ­ճառ եղած էին, մէկը միւսէն աւելի ցնցող, աւելի ստնգական, խեղճ դիտողներու շրջանակին մէջ։ Բոլոր կոկորդները կը խեղ­դուէին խռպոտ հեծեծանքներով, անկարելի ճիչերով, եւ ամէն կողմ՝ աչքերը տամ­կա­ցած էին գլխապտոյտին պատճառած արցունքներէն։.   .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .   .   . .    Արեւը կը փսխէր ծիծաղաշարժ ճիչերով լեցուն բերաններուն վերեւ, անհեթեթ եր­կնքի մը պարապութեան մէջ, հիւանդ գինովի մը նման…։ Եւ այսպէս անիմանալի տօթ մը, ապշանք մը, դաշինք մը կը կնքէին — չարչարանքի մը պէս չափազանց. քիթի մը պէս զոր կը կտրեն, լեզուի մը պէս զոր կը պոկեն —, հարսանիք մը կը տօնէին (ածե­լիի սուր ծայ­րով տօնակատարուած սիրուն յետոյքներու վրայ), պզտիկ զուգաւո­րու­մը հոտող ծա­կին եւ արեւին միջեւ…։

Ժ. Պրոնզէ աչքը

Կենդանաբանական պարտէզներուն մէջ կենդանիներու վան­դակ­նե­րուն շուրջ հաւաք­­ուած պզտիկ աղջիկները չեն կրնար չշլանալ կա­պիկ­ներու այնքան լպիրշ ոռերէն։ Իրենց մանկական խելապատակին, այդ արարածները — որոնք կարծես գոյութիւն ու­նին միայն մարդոց փակելու համար, բերան բերանի, փոր փորի, բնութեան ամե­նէն կաս­կածելի մասերով — առեղծուածներ կ՚առաջարկեն, որոնց խոտորու­թիւնը հազիւ զաւեշտական է։ Չեն կրնար չխորհիլ իրենց իսկ պզտիկ ոռիկներուն, իրենց ար­տորան­քին, ճնշող արգիլումի մը ենթակայ։ Բայց իրենց սեփական քակորին պատկերը, ինչպէս որ կը ցոլանայ քանի մը կապիկներու սրբանային, երկգոյն, կարմիր կամ ծի­րանի լեր­­կութենէն, վանդակի մը ցողերուն ընդմէջէն կը հասնի ծիծա­ղա­շարժ սքան­չելիքի մը եւ հեղձուցիչ գազանութեան մը։ Երբ առաս­պե­լա­բա­նա­կան զառան­ցանք­նե­րը կը ցնդին, միտքը յոգնեցնելէ ետք գոյութեան իրական պէտ­քե­րուն հետ կապի իրենց բացակա­յու­թեամբ, անհամեմատութեամբ, ամէն կողմէ հա­լա­ծ­­ուած ուրուա­կան­ները, արեւն իսկ յանձնելով գեղեցիկ օրուան մը գռեհիկ վիճակին, կը փո­խա­րինուին անխորհուրդ կերպանքներով, որոնց մէջէն դիւրին է մարդուս համար իր ճամ­բան գտնել, ուրիշ նպա­տակակէտ չու­նե­նա­լով քան թէ սահմանուած առար­կա­ները։ Բայց բաւական են իր վան­դակին մէջ գտնուող ապուշ կապիկ մը եւ պզտիկ աղջիկ մը որ անոր աղտեղութիւնը պար­պելը կը տեսնէ ու կաս-կարմիր կը դառնայ, որ­պէսզի ուրուականներու հալածուած վոհմակը յանկարծ վե­րա­դառ­նայ, իրենց շուայտ քմծիծաղը լսելի դարձնելով արեւին չափ պոռոտ յետոյքի մը դիմաց։

Ինչ որ գիտութիւնը չի կրնար ընել — անթեղուած խարոյկի մը պէս մազոտ մարմնէ մը ելլող արտորանքի ծակին արտակարգ նշա­նա­կու­թիւնն ու արտայայտիչ արժէքը հաստա­տե՛լ, ինչպէս մարդկային յե­տոյք մը կ՚ելլէ վարտիքէն արտաքնոցին մէջ —, պզտիկ աղ­ջիկը կը կա­տարէ նոյնհետային, այնպէս որ ատկէ ետք կը մնայ միայն խեղդուած ճիչ մը։ Կը հեռանայ, յանկարծական պէտքէ մը մղուած։ Կը վազվզէ ծառուղիի մը եր­կայն­քին, ուր քայլերուն տակ խիճերը կը կրճտան, կ՚ան­ցնի առանց զանոնք տես­նե­լու իր ըն­կերներու գոյն­զգոյն գնդակ­նե­րուն առջեւէն, հակառակ անոնց քաշողական ուժին բո­լոր խայ­տա­բղէտ բաներէն շուտ շլացող աչքերուն հա­մար։ Կը վազէ դէպի հո­տա­ւէտ վայրը եւ ինքզինք կը բանտարկէ հոն զարմանքով, ինչպէս երիտա­սարդ թագուհի մը ինք­զինք պիտի բանտարկէր գահի սենեակին մէջ, հետաքրքրու­թե­նէն մղուած։ Մութ կերպով, բայց վերա­փոխ­ուած, գիտցած է տեսնել մահուան դէմ­քը, զգալ մահ­ուան ծիծաղա­շարժ շունչը։ Միակ բանը որ կ՚անգիտանայ տակաւին վա­յելքի մէջ իր ապագայ հեծ­կլ­տուքներն են, որոնք շատ աւելի ուշ՝ պիտի առնչուին այդ հրաշագործ, այդ անուշ յայտ­նաբերումին…։

Չորքոտանիէն մինչեւ Homo erectusը տանող աստիճանական կանգ­նումի ընթացքին, կենդանական անարգութիւնը հետզհետէ կը մեծ­նայ, հասնելով սարսափազդու համեմա­տութիւններու, սկսելով պզտիկ ու գրեթէ պարոք աղուէսակապիկէն, որ դեռ հորի­զոնական հարթակի մը վրայ կը տեղափոխուի, մինչեւ գորիլը՝ մարդակապիկը։ Այս­ու­ամենայնիւ երբ բարեշրջումի վերջնական գիծը կը դիմէ դէպի մարդկային էակը, կերպարանքներու շարակարգը կը յայտնուի ընդ­հա­կառակը հետզհետէ աւելի ազնուա­կան ու ընդունելի կանոնա­ւո­րու­թեամբ։ Այդպէս է որ այսօր տարազով զինուորականի մը ինք­նա­բուխ ուղղահայեցութիւնը կենդանական աշխարհի հսկայ շփո­թու­թե­նէն դուրս կը յայտնուի ու աստղաբաշխութեան տիեզերքին կը ներ­կա­յա­նայ որպէս անոր վերջին կայանը։ Բայց եթէ այդ ուսողական՝ զինուորական ճշմարտութեան հակա­դրենք կապիկի արտորանքի ծա­կը, որ անոր անխուսափելի հակակշիռը կը թուի ըլլալ, այն ատեն տիեզերքը — որ վայրկեան մը առաջ մարդկային սքան­չելիքի սպառ­նալիքին տակն էր, տաժանելիօրէն հրամայական կերպով մը — ուրիշ պատասխանի արժանի չ՚երեւիր եթէ ոչ անըմ­բռ­նե­լի ծիծաղի մը յանկարծական նո­պային…։

Երբ ճիւղէ ճիւղ փոխադրուող կապիկներու ծառաբնակ կեանքը հորի­զո­նական յառաջացումէն ձեռքբերուած հաւասարակշռութիւնը խան­գա­րեց, այն ամէն ինչը որ մութ կերպով բայց անընդմէջ կը փորձէր կենդանական մարմնականութենէն դուրս նետ­ուիլ՝ անարգել ճամբայ մը գտաւ ստորին ծակին կողմերը։ Այդ մասը որ երբեք չէր զար­գացած եւ միւս կենդանիներուն մօտ պոչին տակ ծածուկ մը մնար՝ փթթեցաւ եւ ծաղկեցաւ։ Դարձաւ ճաղատ ուռուցք մը եւ բնութեան ամենէն գեղեցիկ գոյները զայն փայլեցուցին։ Պոչը, որ երկար ատե­նէ ի վեր անկարող դարձած էր միսի այդ հսկայ այտուցը ծածկելու, ան­հետացաւ բարեշրջումի վերջին հանգրուաններուն հա­սած կապիկներուն մօտ, անոնց՝ որոնք ցեղին հանճարը կը կրէին իրենց մէջ, այն­պէս որ այ­տուցը կրցաւ բարգաւաճիլ, հոլովոյթի վերջա­ւո­րու­թեան, ամենէն ան­ամօթ յայրատութ­եամբ։

Այսպէս է որ ագեձեւ ազատ յաւելուածին անհետացումը, որուն սովո­րաբար առնչուած է մարդկային հպարտութիւնը աւելի քան ուրիշ որեւէ յատկանիշի, չի նշանա­կեր բնաւ սկզբնական անասնութեան նուազեցումը, այլ սրբանային — լպիրշ, բա­ցար­ձակապէս զզուելի — ուժերուն ազատագրումը, այն իսկ ուժերուն որոնց հակա­սական ար­տա­յայ­տութիւնն է մարդ կոչուածը։

Բնութեան այս կասկածելի խիթին դէմ յանդիման, որ անտառներու կպիչ կիսամութին մէջ կը պարպուէր այդքան բազմաթիւ մսային ծա­ղիկներէ, երկրանգունդը մինչեւ իր հիմքերը դղրդուած՝ պատաս­խա­նեց իր ընդերքին աղմկոտ հրճուանքով, այսինքն՝ ան­երեւակայելի հրա­բուխներու փսխուքով։ Ինչպէս լիահագագ ծիծաղ մը կը յա­ռա­ջա­ցնէ ուրիշ ծիծաղներ, կամ յօրանջ մը՝ ամբողջ սրահի մը յօրանջելը, այսպէս՝ զա­ւեշ­տական խիթ մը իր արտորանքով ծայր տուած էր որոտումներով աւերուած սեւ երկնքի մը մէջ՝ բոցի ու կրակի պար­պումի մը։ Այս կախարդական հրաշա­գոր­ծու­թեան մէջ, հսկայ բո­ցա­վառ ծառերու ստորոտին, զորս արիւնալի մուխերով լեցուած հով մը մերթ ընդ մերթ կը տապալէր, մինչդեռ հրաշէկ լաւայի հոսումներ ամէն կողմէ առուակներ կը կազմէին, կարծես երկինքէն իջնալով, մեծ կապկացեղները, խե­լակորոյս, մազերնին այրած, կը փախչէին մանկական պոռչտուքներ արձակելով։

Անոնցմէ շատերը կրակ դարձած կոճղերուն կողմէ կը հար­ուա­ծ­ուէ­ին, ճչալով կ՚իյնային իրենց կռնակին կամ փորին վրայ, անմիջապէս կրակ կ՚առնէին եւ փայտի պէս կը վառէին։ Ոմանք սակայն անծառ ծովափ մը կը հասնէին, կրակէն եւ մուխէն պաշտ­պան­ուած հակառակ ուղղութեամբ փչող հովին շնորհիւ։ Շնչահատ ճմլումներ էին, անձեւ ուրուագիծեր, կրակէն կիսախանձ, որոնք կը կանգնէին կամ պառկած կը հեկեկային, անհանդուրժելի ցաւերու ենթակայ։ Մղձաւանջի մը պէս շլացուցիչ կարմիր լաւայի հանդիսաւորութեան դիմաց — յայտ­նու­թեանական լաւայի մը որ կար­ծես արիւնաթա­թախ՝ իրենց սրբան­ներէն դուրս կ՚ելլէր (ինչպէս ատկէ առաջ իրենց իսկ մազոտ մար­մին­ները անկէ դուրս նետած էին եւ սադական ձեւով ցուցադրած էին այդ գարշելի սրբանները —  աւելի լաւ հայհոյելու եւ աղտոտելու համար կար­ծես ինչ որ կար իրենց շուրջը), խեղճ կենդանիները կը վե­րած­ուէին տեսակ մը կնո­ջա­կան փորերու, տղաբերքի ընթացքին, սարսա­փելի տեսարան…։

Դիւրին է, որդէն սկսիլ ու հեգնական մօտեցումով դիտել կենդանի մը, ձուկ մը, կապիկ մը, մարդ մը, որպէս խողովակ մը երկու ծայրով, բերան եւ սրբան։ Ռունգերը, աչքերը, ականջները, ուղեղը կը ներ­կայացնեն բերանին համապատասխանող ծայրա­մասի բար­դա­ցում­ները։ Առնանդամը, ամորձիքները կամ անոնց համա­պատաս­խան իգա­կան գոր­ծարանները՝ սրբանային ծայրամասինները։ Այդ պայմաններուն տակ, մարմիններու ներսիդիէն եկող ուժով մղում­նե­րը կրնան ուղղուիլ կամայական կեր­պով դէպի մէկ ծայրը կամ միւսը, ու իրականութեան մէջ կը պարպուին հոն ուր ամենէն քիչ ար­գելքի կը հանդիպին։ Գլուխին բոլոր զարդարանքները, կենդանական ո՛ր ցե­ղին որ պատկանի այդ գլուխը, բերանային ծայրամասի ընդ­հան­րացած մե­նա­շնորհումի իմաստն ունին։ Անոնց կարելի է հակադրել միայն կապիկներու աղտե­ղա­լի ծայրամասին զարդա­նկար­ուած ճոխութիւնները։

Բայց երբ մարդացեղի մեծ կմախք մը կանգնեցաւ գետնէն վեր, ոչ թէ մէկ ծառէն միւսը օրօրելով այլեւս, այլ ինքը կատարելապէս շիտակ դարձած եւ ծառի մը զու­գա­հեռ, բոլոր այն մղումները որ մինչ այդ՝ ազատ ճամբայ մը գտած էին սրբանային ծայրամասին կողմերը նոր դիմադրութեան մը հանդիպեցան։ Շիտակ կանգնումին հետեւանքով, այդ մասը դադրած էր ցցուած ըլլալէ եւ կորսնցուցած էր «ծայրամասերու մենաշնորհեալ ուժ»ը։ Կանգնումն իսկ կրնար անեղծ պահուիլ միմիայն պայ­մանով որ այդ «ծայրա­մասերու ուժ»ին տեղը գրաւէ սովորաբար պրկուած մկան­նե­րու պատնէշ մը։ Այնպէս որ այդ մութ կենսական մղումները գտնուեցան յանկարծ ու­րիշ ճամբայ մը ապա­հո­­վե­լու ստիպողութեան տակ, դէպի դէմքը եւ վիզին շրջանը։ Պար­պուեցան մարդկային ձայնին մէջ եւ հետզհետէ աւելի դիւրաբեկ մտաւորական կառուցումներու մէջ (պար­պու­մի այդ նոր ձեւերը ոչ միայն կը յարմարէին նոր կառոյցին՝ կանգնումին, այլեւ մին­չեւ իսկ անոր տոկունութեան եւ զօրացումին կը մասնակցէին)։

Առաւել եւս, յաւելեալ բաժին մը սպառելու նպատակով, դէպի դէմքին ծայրամասը ուղղուեցաւ ար­տո­րան­քի պաշտօններուն մէկ մասը — յարաբերաբար քիչ քանակով, բայց եւ այնպէս նշանա­կա­լից —, որոնք ատկէ առաջ դէպի հակոտնեայ ծայրամասը կ՚ուղղուէին։ Մարդիկ շատ աւելի կը թքնեն, կը հազան, կը յօրանջեն, կը ձգեռտեն, կը խնջուին, կը փռնգտան եւ կու լան քան թէ միւս կենդանիները, բայց առաջին հերթին զարմանահրաշ կարողութիւնը ստացած են հեծ­կլ­տա­լու եւ լիահագագ խնդալու։

Մինակը, թէեւ բա­րե­շր­ջական շարժըն­թա­ցի վերջին հանգրուանին՝ բերնին դերը կը խաղայ ան որպէս փոխանորդ, կոնային գեղձը, որ­պէս վերի շէնքին ծայրամասը, վիրտուալ ել­քի վիճակին մնացած է, եւ կրնայ իր դերը իրագործել միմիայն առասպելական շփո­թու­թեան շնորհիւ (բայց եթէ չկատարէ, մարդս կը դառնայ ինքնա­կամ կեր­պով ենթա­կայ եւ ինքզինք կը վերածէ պաշտօնեայի), մարդկային բնութիւ­նը աւե­լի դիւրութեամբ վերա­ծելու համար ինքն իր իականութենէն օտարացած ար­ժէքի մը եւ այդպէսով զայն կապելու համար ուրուա­կանային գոյաձեւի մը։

Այս վերջին իրողութեան հետ կապակցութեամբ է որ մեծ կապ­կա­ցեղի կերպարանափո­խութիւնը պէտք է ներկայացնել որպէս շրջա­դարձ մը (une inversion), որ կը վե­րա­բերի ոչ միայն մար­դուս մօտ գլուխէն պարպուած արտորանքներու ուղղութեան — որուն հետե­ւան­քով նա­եւ գլուխը կը վերածուի բերանէն տարբեր բանի մը, տեսակ մը ծաղիկ որ կը փթթի, ձեւե­րու ամենէն զառանցագին ճոխութեամբ օժտուած — այլեւ կենդանի բնու­թեան մուտ­քին՝ արեգակնային անջրպետի անիրականութեան մէջ (մինչդեռ ատկէ առաջ կենդանի բնութիւնը կապուած կը մնար գետնին)։

Սրբանային ծայրամասի շրջադարձն իսկ է, որպէս կկզած դիրքէն դէպի կայնած դիրքը անցքին հետեւանքը, որ կենդանական գոյաձեւի այս վճռական շրջումը կը կառա­վարէ։

Սրբանին ճաղատ գագաթը դարձած է յետոյքը բացող նեղ խոր­խո­րա­տին կեդրոնը, մա­ցառուտով սեւցած։

Այս նշանի փոփոխութեան ուրուականային պատկերը կերպա­ւոր­ուած է մարդուս տարօրինակ մերկութեամբ — լպիրշ դարձած մեր­կու­թեամբ —, որ կենդանիներու մազոտ մարմնին տեղը կը գրաւէ։ Մաս­նաւորաբար պատանեկութեան մազերը, որոնք կը յայտ­նուին ճիշդ հոն ուր կապիկը անմազ է։ Մահուան լուսապսակով շրջապատ­ուած, առաջին անգամ ըլլալով՝ չափէն աւելի տժգոյն, չափէն աւելի բարձրահասակ արարած մը կը կանգնի, որ հիւանդ արեւին տակ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ իրեն պակսող երկնային աչ­քը։

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.