Միշէլին

Հերոս ըլլալու համար մինակ պիտի ըլլաս:

Սթիվ Ռաճըրզ[1] մինակ է: Սթիվ Ռաճըրզ ընկեր մ՚ունէր, որ կորսնցուց: Անկէ վերջ մինակ է: Անկէ վերջ հերոս է: Որովհետեւ ցաւ ունի (պէտք է ցաւ ունենաս որ հերոս ըլլաս, առանց ատոր չ՚ըլլար):

Սագօ տակաւին ընկեր մը չէ կորսնցուցած: Շիտակը՝ չունի ալ որ կորսնցնէ: Ուրեմն տակաւին հերոս չէ, բայց կ՚ուզէ: Պիտի ըլլայ: Հետեւաբար, պէտք է ընկեր մը գտնէ, որը յետոյ պէտք է կորսնցնէ (պայման չէ մեռնի, կրնայ եւ պարզապէս դաւաճանել), որ ի վերջոյ հերոս դառնայ:

Բայց ատիկա դիւրին բան մը չէ, երբ հերոսդ Պաթմընը կամ Սուփըրմանը չէ (ոչ նոյնիսկ Սբայտըրմանը[2]), այլ 1940ներու մոռցուած փոշիոտ յիշատակ մը:

Քափթըն Ամերիկան փոփիւլար չէ:

Հետեւաբար, կը մնայ կա՛մ լուզըր դառնալ, կամ ալ ձեւացնել թէ Պաթմընն է քու հերոսդ: Եւ քանի որ յոգներ է այլեւս միջակութիւն ըլլալէ եւ յստակ որոշեր է նոր դպրոցին մէջ լուզըր չըլլալ, ուրեմն ամառնային արձակուրդի ընթացքին պիտի կարդայ ամէն բան Պաթմընին մասին, դիտէ բոլոր ֆիլմերը, եւ վերամուտին նոր դպրոց մտնէ՝ ամբողջապէս պատրաստ ընկեր գտնելու:

(Ասիկա միայն գործին համար է, հաւատա՛, սանկ թէ նանկ դուն աւելի զօրաւոր ես, Սթի՛վ):

*

Նայլընէ թափանցիկ տոպրակը վար կը սուրայ՝ օդին մէջ դեղին կէտ մը իբրեւ: Կ՚ըլլայ որ արեւի շողը հպի դեղին հեղուկով լեցուած տոպրակին եւ այն ատեն հրաշք մը տեղի կ՚ունենայ: Կ՚ըսես պզտիկ արեւ մը կը լողայ օդին մէջ:

Յետոյ տոպրակը կը հասնի ասֆալթին: Եթէ մարդու մ՚իսկ չզարնուի, նորէն իր գործը կ՚ընէ:

«Հայուանլա՜ր[3]», կը հասնի վարէն:

Իրենք վերէն, հինգ յարկանի շէնքին տանիքէն, կը խնդան միայն: Սկիզբը հերթական տոպրակը մարդոց վրայ նետելէն վերջ կը փախին, վար կ՚իջնեն եւ կը պահուըտին ձեղնայարկին մէջ: Բայց մէկը վեր չ՚ելլեր զիրենք բռնելու: Շէնքը վերելակ չունի. մինչեւ վեր հասնիս, սրիկաներն արդէն փախած կ՚ըլլան:

Ատեն ատեն տղոցմէ մէկը կը ստիպուի վար իջնել եւ թաղի անկիւնի խանութէն ջուր գնել: Ջուրը սուղ չէ, շիշին համար մէկ լիրա միայն, սակայն շուտով դրամնին կը սպառի, եւ կը ստիպուին ձեղնայարկի ժանգոտած ծորակէն ջուր առնել, ջանալով չյիշել մեծերուն խօսքերը աղտոտ ջուրի վտանգներուն մասին: Ջուրը կարեւոր է, առանց անոր միզապարկնին չի լեցուիր եւ ստիպուած կ՚ըլլան տոպրակը ոչ թէ դեղին հեղուկով լեցնել, այլ պարզ ջուրով: Բայց քիչ քիչ մէզին գոյնն ալ կը բացուի եւ շատ չի տարբերիր ջուրին գոյնէն:

Շռէ ծօ

Ալ չեմ կրնար չի գար կոր ի՞նչ կ՚ուզես եա

Ուժասպառ են. ինք ու Ալեքս երեք անգամ կրցան լեցնել տոպրակները, Կարօ՝ չորս անգամ: Ջուրի համն այլեւս սրտխառնուք կը պատճառէ: Խաղը վերջնականապէս հմայքը կորսնցուցեր է:

Լաւ մնացած տոպրակներուն մէջ ջուր լեցնենք

Ջուրով լեցուած տոպրակներն առանց մասնաւոր խանդավառութեան վար կը նետեն: Բոլորը մէկէն:

«Լաանէ՛թ օլսո՜ւն[4]», կը հասնի վարէն:

Ինչ ընե՞նք

Չեմ գիտեր տուն երթալու սիրտ չունիմ

Հապա ի՞նչ ընենք

Քեզի՛

Կը խնդան: Քիչիկ մը կ՚առոյգանան:

Կղզի երթանք…

*

Շատ չի յիշեր պարագաները թէ ինչպէս գտաւ առաջին ընկերները: Պարզապէս այդպէս եղաւ: Երրեակ միութիւնը ըսես ինքն իրմով ստեղծուեցաւ: Առանց մասնաւոր ճիգի: Յետոյ օր մը –երբ միութիւնն այլեւս չկար- յանկարծ անդրադարձաւ որ ատկէ առաջ ալ կեանք մը ունեցած ըլլալու էր: Փորձեց յիշել, բայց ոչինչ մտաբերեց:

Եւ կար տղայ մը որ իրիկունները ձեռքի պզտիկ լամբարի լոյսին ներքոյ վերմակին տակ գծանկարուած պատմութիւններ կը կարդար Քափթըն Ամերիկայի մասին: Ծովուն վրայ նորէն փոթորիկ կայ: Ծովահայեաց փայտէ տունը կը ճռնչէ, կ՚ըսես անզօրութենէն կու լայ: Տունին բոլոր լոյսերը մարած են: Չըլլայ որ մաման արթննայ եւ տեսնէ, որ պառկած չես տակաւին:

«Քա՛, առտու ի՞նչպէս պիտի ելլես, հա՛տէ պառկելու»:

Ուուուուուուուո՜ւ, կը ձայնէ փոթորիկը, եւ բուխերիկին կրակներն ալ աւելի կը կատղին: Պէտք չկար կրակին նայելու, հիմա քանի մը երկվայրկեան աչքերդ պիտի գոցես՝ նորէն ձեռքիդ գրքոյկը կարենալ տեսնելու համար:

Ուրեմն ոչինչ կար անկէ առաջ: Ուրեմն ծնաւ ինք օր մը ծովափին, Կարոյին եւ Ալեքսին քով կեցած:

Ծովափը, պզտիկ կղզին եւ տղաքը, որ քար կը նետեն ծովուն մէջ: Տեսարան մը որ մտապատկերէն դուրս ըլլալ կը կարծէ: Վստահ է՝ եթէ ճիշդ հիմա թաքսի առնէ եւ աճապարէ օդակայան, յետոյ օդանաւով քանի մը հազար քիլոմեթրեր կտրելով հասնի այն պզտիկ կղզին, պիտի իրական գտնէ այդ տեսարանը: Պիտի գտնէ տղաքը եւ իրեն՝ կեցած հոն, ժամանակէն դուրս տեղ մը:

Կղզին մեծ չէ: Պուրկազատայէն[5] 20 վայրկեանի լողի ճամբայ միայն, պայմանով եթէ լաւ մը լողալ գիտես: Ալեքս մինակը չի կրնար հոն հասնիլ, իր օգնութեան պէտքն ունի: Բայց կղզին Ալեքսին կղզին է: Մանկութեան Ալեքս կը կարծէր, թէ հոն պզտիկ էլֆեր կ՚ապրին:

Նէնէս անանկ կ՚ըսէր… իրական կ՚ըսեմ կոր…

Ծօ չոճուխ չես ալ էլֆեր չկան

Ծօ ապուշ չեմ գիտեմ… միայն նէնէն կ՚ըսէր իրիկունները հոնկէ եկող լոյսը իրականին մէջ էլֆերուն խարոյկներուն լոյսերն են

Հոն լո՞յս կայ… ուրկէ՞ հոն մէկը չ՚ապրիր ամայի է…

Կեցիր գիշերը կը ցցնեմ…

Գիշերը Ալեքսին պիտի մնան, բայց նախ ծովափ կ՚ելլեն:

Հիմա՛ հիմա կը տեսնէք…

Հա Ալեքս

Նայէ՛ նայէ՛

Ոչինչ կը տեսնէ, մութ կէտ մը միայն, աւելի հեռուն՝ Հէյպէլիատային[6] լոյսերը: Կարոյին կը նայի, որ շուարած ուսերը կը թօթուէ:

Այո կը տեսնեմ կոր… էլֆերուն խարոյկներուն լոյսն է…

Մի՛ ծաղրեր ծօ էլֆեր չկան… միայն լոյսը կայ

Հա՛ ըսի կը տեսնեմ եա՜

Իրա՞ւ

Իրա՛ւ…

Նորէն լոյսեր կը փնտռէ, բայց չի գտներ:

Իրա՞ւ

Չէ, բայց դուն ալ անանկ ըսէ

Աա՜…

Ալեքս անհանգիստ կը դառնայ երազին մէջ:

*

Սթիվ Ռաճըրզ յամառ է: Ան ամէն գնով պիտի հասնի իր նպատակին:

Իր նպատակն Ալեքսն է: Ալեքս կրնար Պաքի Պարնզ[7] ըլլալ, հակառակ անոր որ քիչիկ մը աղջիկական դիմագիծ ունի: Բայց Կարոն Քափթըն Ամերիկա չէ: Կարոյին հերոսը Պաթմընն է:

Այսօր եկէք այդ կղզին երթանք

Ի՞նտոր… հոն նաւ չի քալեր

Լողալէն

Չես կրնար

Կրնա՛մ

Իրա՞ւ

Կ՚ըսեմ հա՛…

Ալեքս լուզըր պիտի ըլլար դպրոցին մէջ (ինչպէս ինք՝ անցեալները), եթէ Կարոյին մանկութեան ընկերն ըլլալու բախտաւորութիւնը չունենար: Բայց Ալեքս վերջապէս պիտի տեսնէ, որ Կարոն իրմէ զօրաւոր չէ: (է հա, գէշ տղայ չէ, բայց քիչ մը ապուշ է): Յետոյ Սագօ  նոր ընկեր է, տեսակ մը մինակ է երրեակին մէջ: Ատենն է փոխելու ասիկա:

*

Սթիվ Ռաճըրզ… Սթիվ Ռաճըրզ է:

Այլեւս իւրաքանչիւր շարժում ծակող ցաւ մը կը ծնի, որմէ մարմինն ամբողջ կը ջղացնցուի: Շունչը չի բաւեր, ականջներն ամբողջապէս ցած, միապաղաղ աղմուկով լեցուած են: Եւ ոչինչ կայ այլեւս այդ ջիղերը մեռցնող գվուոցէն եւ կապոյտէն զատ:

(Իսկ Ալեքսին աչքերուն կապոյտը երանգով կը զատուի ծովուն աղտոտ կապոյտէն):

Ծովուն մակերեւոյթն անութներուն կը զարնուի ձեռքերուն ամէն հարուածին հետ, կ՚ըսես բութ ածելի մը թեւատակերը կը քերուըտէ, քիթէն բան մը կը հոսի եւ բերնին մէջ ժանգի համ կայ:

Պէտք է վերջին ճիգով մը հասնիլ ափին:

Սթիվ Ռաճըրզ անձնատուր չ’ըլլար: Ան պիտի պայքարի պիսակաւոր երեսներով տղուն ժպիտին համար:

Լոյսը կ՚աղօտի, եւ բուխերիկին դիմաց աչքերը կը գոցուին:

«Ծօ նամուսսո՛ւզ, կը բաւէ, պառկի՛ր»:

Հովը կը զարնէ փայտէ պատերուն. փոթորիկ կայ ծովը:

Բոցը կը մաշի:

Լոյսը կը մաշի,

լոյսը կը հիննայ,

լոյսը կը մեռնի:

Ջիղերուն եւ կամքին վերջին լարումով մը առաջ կը նետուի: Ծունկերն արդէն խորտուբորտ աւազը կը զգան, բայց կը շարունակէ խելագարի պէս ձեռքերը ջուրին զարնել:

Ա՛լ հասաւ: Դողալէն ու ճօճուելէն ոտքի կը կենայ եւ հազիւ կը հասնի ծառի մը, զոր պիտի գրկէ չիյնալու համար: Յետոյ կը փսխէ: Յետոյ բերնին վրայ կ՚իյնայ աւազին, այլեւս անզօր կեցած մնալու: Դէմքը՝ փսխուքին մէջ:

(Այլեւս գիտցի՛ր՝ Սթիվ Ռաճըրզ զօրաւոր է, քան Պաթմըն: Գիտցի՛ր որ Սթիվ ծովեր կրնայ անցնիլ նպատակին հասնելու համար…քեզի՛ համար… Սակայն ի՞նչպէս գիտնաս, fuck!…)

Ի՞նչպէս պիտի գիտնան որ տեղ հասեր է: Ասոր մասին չէր մտածած: Պոռայ նէ՝ չեն լսեր: Կրնայ խարոյկ վառել… Անիծեա՛լ կղզի, չորցած ծառ չկայ հոս: Կը փորձէ կանանչ ծառերէն ճիւղեր փրցնել: Ձեռքերը կ՚արիւնին:

Կրցաւ, բաւականաչափ փայտ ժողվեց:

Բայց ինչո՞վ վառել:

*

Ափը չէր երեւեր, բնաւ յոյս չունէր, թէ պիտի կարենար ետ հասնիլ լողալէն: Բայց հասաւ: (Սթիվն ամէն բան կրնայ):

Կէսգիշերը անց է ալ: Ծովափն ամայի է: Պաղէն ակռաներն իրարու կու գան, թաց հագուստը մարմնին փակած է եւ կ՚այրի: Օրօրուելէն դէպի նաւամատոյց կը քալէ. բոլոր սրճարաններն ու խանութները գոց են: Չկան եւ փրկարարներ կամ ոստիկաններ: Ուրեմն մէկը չի փնտռեր զինք:

Այս ժամուն նաւ ալ չկայ: Պուրկազատային վրայ մէկը չունի, որ գիշերը քովը անցնէ:

Պաղ է, շատ պաղ:

*

Սթիվ Ռաճըրզ չի յուսահատիր:

Փաթթուած բրդեայ ծածկոցի մը մէջ` պատուհանէն կը դիտէ պարտէզը, որ անձրեւի մոլեգին շիթերու ներքոյ ճահիճի վերածուած է: Ցեխոտ ջուրի առուակներ կը վազեն հոս ու հոն, մինչ անդին ծովեզերքէ բռնուած եւ խաղի համար պարտէզ բերուած խեչափառ մը, կէս խրուած ցեխին մէջ, կը փորձէ քալել դէպի անձրեւաջուրէ գոյացած պզտիկ լճակը, ծով կարծելով զայն:

Ես մեղք չունիմ Սագօ Կարոն ըսաւ թատրոն կը խաղաս կոր

Ի՞նչ թատրոն ծօ

Ըսաւ վստահաբար տեղ մը պահուըտեր ես… այդչափ ուժ չունիս կղզի հասնիս

Բայց ես հասայ

Իրա՞ւ

Հա՛ կ՚ըսեմ

Ալեքս կեցաւ:

Կրնա՞ս օգնել ես ալ հոն հասնիմ

Կրնամ… բայց մաման ըսաւ դպրոցէն շիտակ տուն երթամ հիւր ունինք

Քու գիտնալիքդ է ես պիտի երթամ

Մինա՞կդ

Չեմ գիտեր… կրնայ ըլլալ Կարոն կանչեմ

Նախանձեցաւ:

Չէ Ալեքս սպասէ… կու գամ կոր բայց կանուխ պիտի դառնանք

Արեւը կը մարէր ալ, երբ թէրմինիւս ելան:

Սագօ դուն սեքս ըրած ունի՞ս

Չէ… դո՞ւն

Ես ալ չէ բայց ամէնուն կ՚ըսեմ ըրած եմ…նպարավաճառ Այլինին աղջիկը գիտե՞ս մը անոր հետ

Բայց ըսիր չես ըրած

Ապուշ ատիկա դուն գիտես չեմ ըրած բայց միւսները գիտեն ըրած եմ

Հմմմ..

Ծովէն պաղ օդ կու գայ, բայց արեւամարի վերջին լոյսերը տաքի խաբկանքը կը ստեղծեն:

Սագօ

Հէ՞

Անուշիկ աղջիկ մը ըլլար սա պահուս ի՞նչ կ՚ընէիր

Չեմ գիտեր… չեմ խորհած

Կրնա՞յ ըլլալ տկարութիւն ունիս

Չէ եաա

Կը կենա՞յ

Ի՞նչը

Ի՞նչը պիտի կենայ

Աաա… հարկաւ որ կը կենայ

Ցոյց տուր

Հո՞ս… կը տեսնեն որ…

Մարդ չկայ հոս ցոյց տուր

Հիմա կեցած չէ

Վնաս չունի ցոյց տուր

Հոս չէ եկուր ծառերու քով երթանք

Ալեքսին նայուածքէ՞ն էր, թէ իր սրտի կատաղի տրոփիւնէն, բայց…

Ծօ, ըսիր կեցած չէ… ահա կեցած է

Նոր եղաւ

Մէյ մը դպնամ

Չէ Ալեքս… մանչ ենք… ի՞նչ կ’ընես կոր…

Աղուոր չէ՞

Չէ… Չեմ գիտեր…

Աղուոր չէ՞

…….

Գիշերը յառաջացած է ալ: Անշուշտ, մայրը պիտի սպաննէ զինք: Վնաս չունի, մանչ ես: Եւ որովհետեւ Ալեքս այդչափ անուշիկ է, Սագօ կրնայ եւ ծեծին դիմանալ: Սթիվ Ռաճըրզ ծեծէ չի վախնար:

Ալեքս..

Հէ՞

Նորէն պիտի ընե՞նք

Քու որոշելիքդ է չհաւնեցա՞ր զիս

Հաւնեցայ… բայց ես քեզի պէս գեղեցիկ չեմ…

Ի՞նչ կապ ունի ծօ

Դուն ինծի հաւնեցա՞ր մը

Քիչ մը քրտինք կը հոտէիր կոր

Ապուշ

Իրաւ կ’ըսեմ

Կը գանէիր նէ չսկսէիր

Չէ, չէի գաներ…

Անօթութիւն կը զգայ:

Ալեքս ուտելիք բան ունի՞ս քովդ

Ի՞նչ

Ի՞նչ գիտնամ ըսի հետդ բան մը բերած ըլլայիր

Հա՜ բերած եմ

Ի՞նչ

Կռնա՛կ[8]

Ծիծաղ մը կը պայթի, որ շուտով կը կորսուի երկինքի պոռոցին մէջ: Կատաղի անձրեւը անտարբերութեամբ կը հալածէ մանչերը, որ ցեխի մէջէն կը վազեն պատսպարան գտնելու:

*

Սթիվ Ռաճըրզ միշտ յաղթական է:

Կարոն քովի վրանն ընտրեց: Մէկը իրեն բան չըսաւ: Պարզապէս Պաթմըն պարտուեցաւ:

«Որովհետեւ ուժեղ մարդը, որ ողջ կեանքի ընթացքին գիտէ թէ ինչ է ուժը, կրնայ կորսնցնել յարգանքն այդ ուժին հանդէպ, բայց տկար մարդը գիտէ ուժին արժէքը եւ գիտէ՝ ինչ է… կարեկցութիւնը»[9]:

Անձրեւի կաթիլները միապաղաղ յամառութեամբ մը կը զարնուին վրանին կտաւէ տանիքին: Կաթոցին ձայնը կը միահիւսուի ներսը քնացած տասնեակ տղոց ֆսֆսոցին: Սկաուտական բանակումին երրորդ օրն է: Անձրեւին պատճառով ամբողջ օրը ծածկին տակ անցուցած տղաքը ձանձրոյթէն աւելի կանուխ պառկեր են:

Տրտմութիւն մը կը տիրէ վրանէն ներս:

Եւ որովհետեւ Ալեքսին գիշերազգեստէն եւ ոսկեգոյն մազերէն թարմութեան հոտ կու գայ, Սագօ տրտում չէ: Տղան կռնակով աւելի կը փակի իրեն, եւ ինք քիթն աւելի կը խրէ ոսկի մազերուն մէջ:

Սթիվ Ռաճըրզ երբեմն կրնայ երջանիկ ըլլալ:

Քեզի բան մը պիտի ըսեմ

Ըսէ

Անտառը տակաւին խոնաւ է, բայց արեւն արդէն կ՚երեւի ծառերէն վեր: Հողը գոլորշի կ՚արձակէ: Քանի մը ժամ վերջ անտանելի տաք մը պիտի սկսի: Ալեքսին քունքերէն քրտինքի կայլակ մը կը ծորի ձախ այտն ի վար:

Ե՞ւ

Հա՜… ըսածս կրնայ չոճուխութիւն թուիլ հիմա

Վնաս չունի ըսէ

Մէկ տարի առաջ որ ձեր դպրոց փոխադրուեցայ

Ահա

Կը յիշե՞ս Կարոյին հետ կը վիճաբանէիք թէ ով է աւելի զօրաւոր՝ Պաթմը՞ն թէ Սբայտըրման

Հա դուն ալ ըսիր թէ Պաթմըն… այն ատեն ծանօթացանք… շիտակը ես քեզի չսիրեցի ատոր համար բայց Կարոն պնդեց ըսաւ գէշ տղայ չես

Հա՞

Հա՛

Քրտինքի պզտիկ առուակը Ալեքսի պարանոցին կը հասնի:

Ե՞ւ

Հէ՞

Ի՞նչ պիտի ըսէիր չըսիր

Հա՜… այն ատեն անանկ ըսի որ ձեզի մտերմանամ իմ հերոսս այդ երկուքէն ոչ մէկն է

Իսկ ո՞վ

Քափթըն Ամերիկա՛ն

Իրա՞ւ կ՚ըսես չէ թէ կատակ կ՚ընես կոր

Իրա՛ւ

Բայց Քափթըն Ամերիկան լուզըր է

Ո՞վ ըսաւ

Ե՛ս ըսի ամենէն տխմար սուփըրհիրոն է

Տխմարը դո՛ւն ես

Ամա՜ն լաւ հանդարտի՛ր… օքէյ տխմար չէ

Չէ արդէն ըսիր տխմար է

Խօսքս ետ կ՚առնեմ կոր մի՛ կատղիր… գո՞հ ես… եկուր կղզի երթանք

Չէ չեմ ուզեր

Քըմ-ա՜ն ի՞նչ չոճուխութիւն կ՚ընես կոր

Հիմա պիտի շարուինք որ պարոնը ստուգէ ես գացի

Սագօ կեցիր

Կ՚ըսեմ գացի ինչ կ՚ուզես նէ ըրէ

Ծօ մի՛ խենդենար… եկուր կղզի երթանք թող պարոնը բարկանայ նալլէթ

Չէ՛

Օքէյ մինակս կ՚երթամ

Ի՞նչպէս

Հոսկէ կը լողամ

Հոսկէ հեռու է չես կրնար յետոյ կ՚ըսեն մշուշ պիտի ըլլայ

Ես կրնամ… Սագօ եկո՛ւր մի նեղանար

Ինչ կ՚ուզես ըրէ՛ ես գացի

Մշուշը կու գայ անսպասելի: Յանկարծ կ՚երեւի Վոսփորի կամուրջին կողմէն, կը հասնի Գըզ-Քուլէսէ, յետոյ կը տարածուի ծովուն վրայ: Նաւերը կ՚աճապարեն դէպի նաւամատոյցներ, միայն հոս ու հոն անթափանց մշուշին մէջ երբեմն կը նշմարուին ձկնորսական ուշացած նաւակներուն մսկոտ լոյսերը: Նաւերուն վրայ անակնկալի բռնուած հազարաւոր ուղեւորներ սարսափով կը նային ամենակուլ մշուշին: Օդին սաստիկ խոնաւութենէն ու անողոք տաքէն հեւասպառ՝ ոչ ոք կը խօսի, ճայերն իսկ լուռ են: Միայն ծովուն աղմուկը կը մնայ:

Յետոյ, քանի մը ժամ վերջ, յուլիսեան մշուշը կը ցրուի, այնպէս, ինչպէս յայտնուեր էր:

Տարօրինակ ոչինչ կայ. Պաքի Պարնզ միշտ պատանի պիտի մնայ:

Սթիվ Ռաճըրզ անզօր է մշուշին դէմ:

*

Բուխերիկը կը կայծկլտայ, գունաւոր էջերը գունաւոր բոցերով կը վառին մէկը միւսին ետեւէն:

(Այս մէկը գոնէ պահէ, առաջին հրատարակութիւնն է, հազար լիրա տուեր ես…):

Վերջին գրքոյկը կը նետուի կրակին մէջ:

“…also Captain America’s young ally”, կը կարդացուի կողքին վրայ, յետոյ բոցը կը կլլէ այս մէկն ալ, եւ ամէն բան կը կորսուի լոյսին մէջ:

-վերջ-

Մարտ, 2015


[1]Steve Rogers – Ճօ Սայմընի եւ Ճէք Քիրպիի «Captain America» գծանկարային պատմութիւններու (comic books) գլխաւոր հերոսը:

[2] Batman, Superman, Spider-Man – համանուն գծանկարային պատմութիւններու գլխաւոր հերոսները:

[3] Hayvanlar (թրքերէն) – անասուններ:

[4] Lânet olsun! (թրքերէն) – Անիծուի՛ք դուք:

[5] Burgazada – Պոլսոյ Իշխանաց Կղզիներու (Prens Adaları) մեծութեամբ երրորդ կղզին:

[6] Heybeliada – Իշխանաց Կղզիներու մեծութեամբ երկրորդ կղզին:

[7] Bucky Barnes – Քափթըն Ամերիկայի պատանի օգնականը:

[8] Կռնակ բերել (խօսակցային) – գիջութեամբ զբաղիլ (masturbating):

[9] ”Because the strong man who has known power all his life, may lose respect for that power, but a weak man knows the value of strength, and knows… compassion”© Captain America.

Show Comments Hide Comments

4 thoughts on Captain America

  1. Anna Arevshatyan says:

    Ինձ թվում ա բոլորի կարծիքը հայտնած կլինեմ, եթե ասեմ, որ էս տղեն ինքնագրի էս տարվա հայտնությունն ա:

  2. Մարիա Թոքմաջյան says:

    Էտ մեկը որ հաստատ, առանց վրիպման :)))

  3. Ժագ Ուրֆալեան says:

    ուուխխխխխխխ!!!

  4. Արամ Ավագյան says:

    առաջին անգամ ա, որ գեյերի մասին բան եմ կարդում ու զզվանք չեմ զգում… շատ նուրբ ա գրած, մի քիչ էլ վտանգավոր ա :)))

Leave a Reply

Your email address will not be published.