ՄԷԿ. Տանիլ չեմ կրնար:
ԵՐԿՈՒ. Ինչու՞:
ՄԷԿ. Չեմ գիտեր:
ԵՐԿՈՒ. Մի՞շտ այդպէս եղած էք:
ՄԷԿ. Մանուկ հասակէս:
ԵՐԿՈՒ. Եւ երբեք չէ՞ք փորձած:
ՄԷԿ. Անձրևին տակ դուրս գա՞լ: Ի հարկէ փորձած եմ, քանի մը անգամ նոյնիսկ, բայց միևնոյն է, տանիլ չեմ կրնար:
ԵՐԿՈՒ. Կրթութեան հարց է: Երանի Ձեր ծնողները Ձեզ ստիպէին:
ՄԷԿ. Ոչ: Աւելի բնաւորութեան հարց է: Իսկ դու՞ք, վստահ, բաներ կան որոնք չէք տանիր:
ԵՐԿՈՒ. Ի հարկէ: Կրակը օրինակ: Ես ոչ մէկ գնով կը պտտէի հրդեհէ բռնկուած անտառի մը մէջ: Բայց ես գիտեմ ինչու:
ՄԷԿ. Անբաղդատելի բաներ են:
ԵՐԿՈՒ. Ճիշտ էք, քանի որ կրակին հետ, նոյնիսկ եթէ ստիպէին… Բայց Ձեր պարագային, եթէ քիչ մը ջանք թափէիք… վստահ եմ որ անձրևի տակ պտոյտ մը շատ տանելի կը գտնէիք:
ՄԷԿ. Բնականաբար: Պարզապէս ես կը նախընտրեմ սպասել որ օդը լաւ ըլլայ:
ԵՐԿՈՒ. Իսկ ե’ս ալ կը նախընտրեմ սպասել որ օդը լաւ ըլլայ:
ՄԷԿ. Իսկ ես լաւ օդին սպասելու համար յատուկ նախընտրութիւն ունիմ:
ԵՐԿՈՒ. Բայց ի վերջոյ, յատուկ բան մ’ունի՞ք անձրևին դէմ:
ՄԷԿ. Ե՞ս, ոչ: Կը սիրեմ անձրևը: Աղուոր բան է: Կը սիրեմ իր ձայնը: Ծաղիկներուն օգտակար է: Ինչ որ չեմ սիրեր, անձրևին տակ պտտիլն է:
ԵՐԿՈՒ. Բայց ե’ս ալ չեմ սիրեր անձրևին տակ պտտիլ: Միշտ ալ պէտք է Դուք Ձեզի արտակարգ անձի դեր տաք: Ոչ ոք կը սիրէ անձրևին տակ պտտիլ: Սակայն բոլորն ալ կը տանին:
ՄԷԿ. Իսկ ես իւրայատուկ ձև ունիմ այդ չսիրելու. չեմ տանիր:
ԵՐԿՈՒ. Այդքան ալ պարզ չէ հարցը: Ենթադրենք որ դաշտերուն մէջտեղը կը գտնուիք: Պաշարուած էք: Աջին գտնուող անտառը կ’այրի, ձախ կողմէն ալ անձրև կը սկսի: Հիմա ի՞նչ կ’ընէք:
ՄԷԿ. Կը սպասեմ որ այդ ամէնը վերջ գտնէ:
ԵՐԿՈՒ. Բայց վերջ չի’ գտներ: Ընտրութիւն պէտք է կատարել: Ի՞նչ կ’ընտրէք:
ՄԷԿ. Անձրևը կ’ընտրեմ: Բնականաբար: Բայց առանց ուրախութեան:
ԵՐԿՈՒ. Սակայն նոր ըսիք որ անձրևը կը սիրէք:
ՄԷԿ. Անձրևը կը սիրեմ, այո, բայց հեռուէն:
ԵՐԿՈՒ. Տարօրինակ մարդ էք:
ՄԷԿ. Ո’չ, տարօրինակ մարդ չեմ: Որոշ բաներ կրնաք սիրել, բայց ոչ շատ մօտիկէն: Օրինակին համար կրակը, որը չէք տանիր, վստահ եմ որ կրակ կը սիրէք:
ԵՐԿՈՒ. Ի հարկէ կը սիրեմ: Կը սիրեմ ծխամորճս հետը վառել… կը սիրեմ մաքարոնիները հետը եփել…
ՄԷԿ. Բայց հրդեհին մէջտեղը պտտիլ չէք սիրեր: Իմ պարագայիս, չեմ սիրեր անձրևին տակ պտտիլ, նոյն բանն է:
ԵՐԿՈՒ. Ո’չ, կրակը տարբեր է: Որովհետև կրակը կ’այրէ: Երկար ժամկէտով նոյնիսկ մահացու է:
ՄԷԿ. Բայց նոյն բանը կ’ըսեն ալքոհոլի մասին, սակայն Դուք լաւ ալ ալքոհոլ կը խմէք:
ԵՐԿՈՒ. Ալքոհոլը երկար ժամկէտով մահացու է, բայց կրակի ժամկէտը տարբեր է: Կրակի պարագային, ժամկէտը խիստ կարճ է:
ՄԷԿ. Երկար և կարճ ժամկէտներ… Ձեր ըսածը յստակ չէ:
ԵՐԿՈՒ. Լաւ, կ’ընդունիմ որ կրակն ու ալքոհոլը նոյն բանն են քանի երկուքն ալ կ’այրեն: Բայց անձրևը չայրեր:
ՄԷԿ. Ոչ, բայց կը թրջէ:
ԵՐԿՈՒ. Անձրևը չի թրջեր, ջուրն է:
ՄԷԿ. Բայց անձրևն ի՞նչ է եթէ ոչ տեղացող ջուր: Որպէսզի ջուրը թրջէ, պէտք է տեղայ: Այն ջուրը որ միայն հոսելով կը բաւարարուի, ափերուն վրայ պտտող մարդկանց չի թրջեր:
ԵՐԿՈՒ. Այո: Որպէսզի գետը քեզ թրջէ, պէտք է մէջը իյնաս:
ՄԷԿ. Իյնալ: Ահաւասիկ: Թրջուելու համար պէտք է բան մը իյնայ: Կամ ջուրը վրադ կ’իյնայ, կամ դուն ջուրը կ’իյնաս: Երկու պարագային ալ անկում մը կայ… Կարելի է նոյնիսկ հարց տալ. անկու՞մն է թրջողը կամ ջուրը:
ԵՐԿՈՒ. Այո… Սակայն ոչ հասարակ անկում: Եթէ օրինակին համար քար իյնայ Ձեր գլխուն կամ Դուք իյնաք աստիճաններուն մէջ, երկու պարագաներուն մէջ Դուք չոր պիտի մնաք: Որպէսզի անկումը թրջէ, հարկաւոր է ջուրով ըլլայ:
ՄԷԿ. Այս պէտք է արձանագրեմ ծոցատետրիս մէջ. «թրջուելու համար պէտք է 1) ջուր, 2) անկում»: Բաւական բարդ է:
ԵՐԿՈՒ. Ի՞նչ կը կարծէիք… Հիմա, ինչ որ Ձեզ կը խանգարէ անձրևին մէջ, անկումը չէ այլ թրջուիլը:
ՄԷԿ. Հա… Չնայած անձրևը ինծի կը խանգարէ երբ ես տակը կը պտտիմ: Միակ պարագային, երբ անձրևը չեմ տանիր, անձամբ թրջուելու ժամանակ է: Մնացած ժամանակը, ով կ’ուզէ թող թրջուի… ինչպէս Լուկրեցիուսը կ’ըսէր, իմ հոգս չէ:
ԵՐԿՈՒ. Եւ եթէ անձրևը չթրջէր, Դուք սիրով կ’ընդունէի՞ք տակը պտտիլ:
ՄԷԿ. Վստահաբար: Եթէ չթրջէր…
ԵՐԿՈՒ. Լաւ: Ուրեﬓ անձրևը չէ Ձեզ խանգարողը:
ՄԷԿ. Ապա ի՞նչ է:
ԵՐԿՈՒ. Թրջուիլն է:
ՄԷԿ. Թրջուիլը խանգարիչ է, ճիշտ է:
ԵՐԿՈՒ. Ինչ ալ թրջէ միևնոյնն է, անձրևը կամ ուրիշ բան:
ՄԷԿ. Այդպէս է: Չեմ սիրեր թրջուիլ, ինչ ալ զիս թրջէ, անձրևը կամ ուրիշ բան:
ԵՐԿՈՒ. Ուրեﬓ կ’ենդաթրեմ որ երբեք չէք լոգնար:
ՄԷԿ. Ի հարկէ կը լոգնամ, ամէն օր նոյնիսկ:
ԵՐԿՈՒ. Բայց առանց թրջուելու:
ՄԷԿ. Ի հարկէ կը թրջուիմ: Ջուրին հետ ուրիշ ձևով չ’ըլլար:
ԵՐԿՈՒ. Եւ չէ՞ք տանիր:
ՄԷԿ. Ոչ, կը տանիմ:
ԵՐԿՈՒ. Ի՞նչու:
ՄԷԿ. Ինչ ալ ըսէք, անձրևը ցնցուղէն տարբեր է:
ԵՐԿՈՒ. Ի՞նչով տարբեր է:
ՄԷԿ. Անձրևը ցնցուղէ՞ն: Պարզ է, ցնցուղին տակ ես մերկ եմ:
ԵՐԿՈՒ. Լաւ: Ուրեմն անձրևը չէք սիրեր որովհետև Ձեզ կը թրջէ հագուած վիճակին մէջ:
ՄԷԿ. Այդպէս: Ատիկա չեմ սիրեր:
ԵՐԿՈՒ. Տարօրինակ է: Ըսել է որ երբ բոլորովին մերկ էք, անձրևին տակ պտտիլ Ձեր հոգը չէ:
ՄԷԿ. Այո: Չնայած… իրականութեան մէջ երբեք չէ պատահած:
ԵՐԿՈՒ. Երբե՞ք:
ՄԷԿ. Ոչ, երբեք:
ԵՐԿՈՒ. Ի՞նչու:
ՄԷԿ. Հըմ, կ’ենթադրեմ որ ոստիկանութեան պատճառաւ է…
ԵՐԿՈՒ. Ահա: Ահաւասիկ թէ ինչ կը յայտնաբերուի երբ քիչ մը ջանք կը թափենք տրամաբանելու համար: Կ’ըսէք՝ «անձրևը չեմ սիրեր», և իրականութեան մէջ, ի՞նչ կը նշանակէ: Պարզապէս որ ոստիկանութենէն կը վախնաք: Ամօթ բան չէ: Բայց ի՞նչու անմիջապէս չըսիք:
ՄԷԿ. Որ ոստիկանութենէ՞ն կը վախնամ:
ԵՐԿՈՒ. Քանի որ իրականութիւնն է:
ՄԷԿ. Ուրեմն ահա, Ձեզի կ’ըսեմ՝ ոստիկանութենէն կը վախնամ:
ԵՐԿՈՒ. Այո: Ահաւասիկ իրականութիւնը… բայց ամենևին պարզ չէ: Տակաւին հարկաւոր է իմանալ թէ ի՞նչու ոստիկանութենէն կը վախնաք…
ՄԷԿ. Սպասեցէ’ք, մէկ վայրկեան: Ես տևական կերպով ոստիկանութենէն չե’մ վախնար: Անկէ միայն կը վախնամ երբ դուրս ելլելու սիրտ ունիմ և կ’ուզէի մերկ ելլել որովհետև անձրև կու գայ:
ԵՐԿՈՒ. Դուք ոստիկանութենէն կը վախնաք անձրևի պարագային:
ՄԷԿ. Այո:
ԵՐԿՈՒ. Երբ անձրևը կը դադրի, այլևս չէք վախնար:
ՄԷԿ. Ոստիկանութենէ՞ն: Այո… տրամաբանական է:
ԵՐԿՈՒ. Ուրեմն բան չխանգարեր որպէսզի մերկ պտտիք երբ օդը լաւ է:
ՄԷԿ. Բան չխանգարեր:
ԵՐԿՈՒ. Հա, հա:
ՄԷԿ. Չնայած դեռ արգելք մը կայ:
ԵՐԿՈՒ. Անձրևը չի կրնար ըլլալ, նոր համարեցինք որ օդը լաւ է:
ՄԷԿ. Ճիշտ է, ուրեմն հաւանաբար ոստիկանութիւնն է:
ԵՐԿՈՒ. Նորէն ոստիկանութիւնը… ըսել է որ կրնայ վախ պատճառել նոյնիսկ երբ անձրև չի տեղար:
ՄԷԿ. Ճիշտ է, անձրևին կամ արևուն, միշտ ոստիկանութենէն կը վախնամ:
ԵՐԿՈՒ. Եւ այդ ոստիկանութեան վախէն կը վախնաք, որ Ձեր վրայ անձրևէ:
ՄԷԿ.Այո: Կարծեմ որ ատոր ապացոյցը բերիք: Այս ի՜նչ վիճակ է:
ԵՐԿՈՒ. Ի վերջոյ, հաւանաբար ճիշտ էիք ըսելով որ արտակարգ անձ էք: Զարմանալի է որ ոստիկանութիւնը Ձեր վրայ այդպիսի ազդեցութիւն ունենայ…
ՄԷԿ. Այո, մանաւանդ որ չեմ կարծեր թէ ան դիտմամբ կ’ընէ:
ԵՐԿՈՒ. Այդպէս ալ կը մտածեմ: Անկէ չի գար, Ձեզմէ կու գայ:
ՄԷԿ. Ոչ, որովհետև եթէ ոստիկանութիւնը գոյութիւն չունենար, ես ոստիկանութենէն պիտի չվախնայի:
ԵՐԿՈՒ. Վստահ է՞ք:
ՄԷԿ. Այո:
ԵՐԿՈՒ. Երբ ոստիկանութիւն չկայ չէ՞ք վախնար:
ՄԷԿ. Ոչ:
ԵՐԿՈՒ. Այս վայրկեանին օրինակ, ոստիկանութիւն չկայ…
ՄԷԿ. Ոչ:
ԵՐԿՈՒ. Բու՜:
ՄԷԿ. Վայ՜, վախցուցիք ինծի:
ԵՐԿՈՒ. Կը տեսնէք: Այնուամենայնիւ վախցաք: Սակայն ես ոստիկանութեան աշխատող չեմ:
ՄԷԿ. Ոչ:
ԵՐԿՈՒ. Ուրե՞մն:
ՄԷԿ. Ուրեմն…
ԵՐԿՈՒ. Ուրեմն վախցաք որովհետև…
ՄԷԿ. Որովհետև…
ԵՐԿՈՒ. Որովհետև վախկոտ էք, այդ է իրականութիւնը: Ի՞նչու սկիզբէն չըսիք, փոխանակ ձևեր թափելու:
ՄԷԿ. Չեմ գիտեր… չեմ գիտեր…
ԵՐԿՈՒ. Երբեք բան մը չէք գիտեր:
ՄԷԿ. Կ’ենթադրեմ որ վախկոտ ըլլալու ամօթէն կու գայ:
ԵՐԿՈՒ. Ատոր դէմ բուժում կայ:
ՄԷԿ. Կայ՞:
ԵՐԿՈՒ. Այո, օրինակ ի՞նչու անձրևանոց չէք գներ:
ՄԷԿ. Անձրևանո՞ց:
ԵՐԿՈՒ. Այո, անձրևանոց մը, իմինիս պէս: Տեսնենք ու՞ր դրի զայն…
ՄԷԿ. Հիմա ատոր պէտք չունիք: Այլևս չանձրևեր: Որովհետև անձրևին դէմ, միայն անձրևանոցները չեն որ օգտակար են: Համբերութիւնն ալ կայ:
ԵՐԿՈՒ. Համբերութիւնն ալ կարելի է կորսնցնել, աւելի դիւրութեամբ քան անձրևանոց մը:
ՄԷԿ. Եւ սակայն, ի՜նչքան համբերութիւն պէտք է երբ անձրևանոցդ կորսնցուցեր ես: Բայց երբ համբերութիւնդ կը հատնի, անձրևանոցով չէ որ ետ կը գտնես:
ԵՐԿՈՒ. Համբերութիւնս ի՞նչով կրնամ ետ գտնել:
ՄԷԿ. Համբերութեամբ: