Ա. Նկարը
Պատին վրայ միակ նկարն էր. ընդհանրապէս միակը սենեակին մէջ. եւ կ’իշխէր պատի ճերմակին ու սենեակի քաոսին վրայ, կ’իշխէր անոնց ու կը զատորոշուէր անոնցմէ իր … կարմիրով:
«Արիւնարբու Տիթրիխ» կոչեր էր նկարը եւ կնքեր զայն առաջին իսկ տեսած վայրկեանին: Յետոյ երբ իմացեր էր կարմիրին աղբիւրը, նախ զարմացեր էր իր նախազգացումին առջեւ ու որոշեր էր չյայտարարել այդ անունը՝ «արիւնարբու Տիթրիխ»:
Նկարուած կինը սակայն արիւնարբու չէր, պարզապէս շատ տխուր էր, շատ մինակ եւ շատ բռնուած կարմիր սարդոստայնին մէջ:
Թէ ինչո՛ւ ընկերը Մարլէն Տիթրիխի այդ նկարը սկսեր էր ու յետոյ որոշեր իրեն նուիրել, յստակ չէր: Յստակ չէր նաեւ թէ ինչո՞ւ էր սարդոստայնը հոն, ամբողջ դիմանկարը ցանցած, եւ ինչո՛ւ էր կարմիր:
Շատ լաւ կը զգար սակայն նկարին էութիւնը, մանաւանդ երբ մինակ ըլլար անկողնին վրայ, թեւերը գլխուն տակ ծալլած, աչքը՝ կարմիր սարդոստայնին:
Ուրիշ էր պատմութիւնը երբ ընկեր մը ըլլար հետը, երբ տաք պահու մը, անսովոր ամբողջացման պահու մը ընկերոջ նայուածքը իյնար պատին վրայէն զիրենք դիտող կնոջ ու սարսափահար խնդրէր.
-Ծածկէ՛ … ծածկէ~ …
Չէր ծածկեր. պարզապէս դիրքը կը փոխէր, կը փորձէր իրանով ծածկել ընկերոջ նայուածքը, համբոյրներով շեղել անոր ուշադրութիւնը, ըլլալ աւելի գուրգուրալից, աւելի …
-Բայց կարմիրը … կարմիր սարդոստայնը …
Յետոյ պէտք չէր եղած նկարը ծածկել-չծածկելու, որովհետեւ նկարիչը ինք դարձեր էր իր սիրածը: Այն ատեն էր որ երկուքը միասին նեղ անկողնին երկարած կը դիտէին, կը զրուցէին, կը ծխէին, կրնային նաեւ քնանալ ու արթննալ նկարին կնոջ նայուածքին տակ, առանց նեղանալու հոնկէ ծորող տխրութենէն, պարզապէս որովհետեւ ա՛լ մինակ չէին:
-Կարեւորը ես չեմ,- կ’ըսէր իր հանդարտ ու խորունկ ձայնով,- կարեւորը ան է, որ միասին ենք:
-Բայց յանցաւոր կը զգամ. սխալ չէ՞ մեր աս ըրածը:
-Ատո՞ր համար այս նկարը գծեցիր:
-Չեմ գիտեր. սկիզբը քու պատմածներդ էին այս կնոջ մասին. շատ սիրեցի իր …. ինչպէ՞ս ըսեմ, իր ….
-Քաջութի՞ւնը:
-Քաջութիւնը եւ … երեւոյթը բացատրելու իր ձեւը, որ այնպէ՜ս համոզիչ է: Շատ սիրեցի մանաւանդ իր այդ ըսածը:
-Ո՞րը. այնքա՜ն բան ըսեր է:
-Գիտե՛ս:
-Գիտե՛մ՝ «երբ մէկը սիրեմ, ա՛լ կարեւոր չի մնար անոր սեռը, մարմինը. կարեւորը անձն է, էութիւնը զոր կը սիրեմ, եւ իր մարմինը սիրելով իր անձին, էութեան հանդէպ ունեցած սէրս արտայայտած կ’ըլլամ»:
-Հա՛ բայց … երբեմն կը վախնամ կարծես:
-Ի՞նչէն, ո՞րմէ:
-Չեմ գիտեր: Տարօրինակ ապրում մըն է …
-Այս նկարը աշխատած ատե՞նդ:
-Չէ չէ, այս նկարը աշխատած ատենս մոռցեր էի վախն ալ, ներսերուս պողպատն ալ:
-Իսկ կարմիր սարդոստա՞յնը:
-Կ’երեւի վախս է, շփոթս … չեմ գիտեր: Բայց ըսեր եմ՝ երբ ներկս լրացաւ եւ դաստակիս երակը բացի ու սկսայ ներկել …
-Խե՛նթ ես պարզապէս: Կրնայիր երթալ ներկ գնել կամ յետաձգել:
-Իրա՞ւ չես հասկնար: Չէի՛ կրնար: Պէ՛տք էր ամբողջացնէի եւ ճիշդ ա՛յդ պահուն ամբողջացնէի, թէ ոչ՝ կէս պիտի մնար:
-Կիսատ, այո, ճիշդ մեր յարաբերութեան պէս, եթէ այդ օր չստիպէի որ հետս գայիր ….
***
Անուն ունէի՞ն: Անշո՛ւշտ ունէին: Բայց կրնային եւ չունենալ: Մեծ քաղաքի մը բաւիղներուն մէջ պատասխաններ որոնող երկու տղաք էին, Ալֆրէտ եւ Ճոնի, կամ՝ Կարէն եւ Շանթ, ի՞նչ տարբերութիւն: Կարեւորը կեանքն էր, կարեւորը հարցադրումներն էին եւ պատասխաններ գտնելու իրենց եռանդը:
Պատասխաններ կը գտնէի՞ն: Պատասխանները տակաւին կարեւոր չէին այնքան ատեն, որ հարցումներ կային: Եւ որքան ատեն որ հարցումները կան, ուրեմն կայ եւ կեանքը:
Այդպէ՞ս է:
***
Եւ այդպէս էր, որ նկարը դարձեր էր զիրենք առնչող գլխաւոր կապը. անոր միջոցով է, որ կը սկսէր իրենց իւրաքանչիւր զրոյցը, եւ կը վերջանար խենթ տաքութեամբ:
Կը վախնար:
Ամէնէն առաջ դաւաճանութենէն կը վախնար՝ դաւաճանութիւն իր մեծ սէրին, այն սէրին, զոր անհատնում, անվերջանալի կարծեր էր:
Երկար ժամանակ անցեր էր՝ երկո՞ւ թէ երեք տարի. բայց Կարէնը ոչ հաշտուեր էր եղածին, ոչ ալ հաշուի նստեր էր ինքզինքին հետ: Պարզապէս օրը կ’ապրէր ինչպէս որ ըլլար, քիչ մը անտարբեր, քիչ մը վայելքներու տրուած:
Բայց ցաւը ցաւ կը մնար: Այդքանին հետ կրնար համակերպիլ. կրնար հասկցուիլ ցաւին հետ: Վերջերը երբ արկած մը անցուց եւ մարմինը քանի մը տեղերէ կոտրտուեցաւ, անտանելի ցաւերու մէջ ըլլալով իսկ լռեր էր, ակռաները սեղմեր էր ու դիմացեր:
Ցաւին դիմացեր էր: Անտանելին միւսն էր՝ ոռնոցը, որ իր ներաշխարհի տափաստաններուն մէջ կը պտըտէր քաղցած բորենիի վայրագութեամբ. ա՛յդ էր անտանելին:
Ներաշխարհը անծայրածիր տափաստանի մը վերածուեր էր այն օրէն, որ իմացեր էր Ժիրայրին մահը:
Մահը ծանր է, մանաւանդ իր նման մէկուն համար: Գոնէ արկած ըլլար, կոյր պատահականութիւն: Արցախ գացած զոհուած ըլլար: Բայց այսպէ՜ս, ընտրութեամբ երթալ հոն, դէպի այդ ոչմէկտեղը:
Գոյժը լսած օրը ամբողջ փակուած մնացեր էր իր խուցին մէջ, փորձելով հասկնալ. «եթէ կը սիրեմ զինք, ուրեմն պէտք է հասկնամ, թէ ինչո՛ւ այդ քայլին դիմեց» խորհելով (անցեալ կատարեալին ժամանակը չէր հասունցած եւ Ժիրայրին կապուած ամէն բայ ներկայի մէջ կ’ընթանար տակաւին) մազերը փետտելու, բռունցքներով պատերը քանդելու, կոկորդը պատռելու աստիճան պոռալու մարմաջէն բզկտուելով, բայց մնալով անկողնին վրայ սառած, նայուածքը վեր՝ ոչմէկտեղին ուղղած, կարօտնալով, մեռնելու չափ կարօտնալով եւ փնտռելով մտերիմը՝ Ժիրայրը:
Այս կարօտն ալ անկրելի էր. բայց անոր վրայ կրնար իշխել. արդէն սորված էր իշխել տարբեր ձեւերով՝ երբեմն սինիքօրէն վարուելով շրջապատին հետ, բայց ընդհանրապէս խաղալով:
Այս խաղը սկսեր էր հաճոյք պատճառել իրեն (սիրեր էր «Մոգեր»ու սկզբնական խորագիրը՝ Տէախաղ[1]), որովհետեւ որքան կը խորանար անոր մէջ, այնքան կը համոզուէր թէ ի՜նչ դիւրին է խաղալ մարդոց հետ, խաղալ հոգիներու հետ, խաղալ ճակատագրերու հետ: Խօսք մը աւելի, խօսք մը այլ շեշտով ըսուած, խօսք մը ընդհանրապէս չըսուած, եւ խօսակիցդ ի՜նչ դիւրութեամբ կը դնես փոթորկոտ ծովուն վրայ տատանող նաւու մը մէջ՝ թող երթայ կասկածներուն ձեռքը ինկած ուղղութիւն ճշդէ …
Յաջողեր էր կարօտը մեղմել, Ժիրայրին բացատրութիւնը կամ պատճառները յարգել, օրերը լեցնել, բայց ներքին տափաստանը մնացեր էր տափաստան եւ կամաց-կամաց վերածուեր էր սթէփի՝ սառոյց եւ դատարկութիւն, անծայրածիր դատարկութիւն:
Յետոյ եկեր էին նկարն ու նկարիչը՝ Շանթը, ճիշտ ա՛յս հերթականութեամբ՝ նախ նկարը, յետոյ Շանթը:
Արիւնին պատմութիւնը զինք հիմերէն ցնցեր էր, թէեւ տղան պատմեր էր առանց յոխորտալու, առանց փորձելու տպաւորել զինք, պարզապէս որպէս գործնական լաւագոյն միջոցը նկարը ա՛յդ պահուն աւարտելու: Բայց արիւնո՞վ, սեփակա՞ն արիւնով նկարել, իրե՞ն համար:
Նկարը այդպէս արիւնով աւարտելը գլխաւոր կապը եղեր էր իրենց միջեւ, ճիշդ ինչպէս հնդիկները սովորութիւն ունեցած են իրենց ձախ ձեռքին ափը ճեղքել եւ ամուր-ամուր սեղմել իրենց ընկերոջ ափը հաւատալով, որ մէկուն արիւնը միւսին կ’անցնի եւ այդպէս արիւնով կը կնքէ իրենց ընկերութիւնը:
-Բայց ինչո՞ւ կ’ուզէիր ճիշտ ա՛յդ օրը, այդ պահուն աւարտել,- Կարէն հարցուցեր էր Շանթին:
Եթէ չգիտնար այս հարցումին պատասխանը, արիւնը պիտի շարունակէր խանգարել զինք, իր ապրիլը: Միայն ներկ ըլլալ-չըլլալո՞ւն հարցն էր, թէ այլ բան:
-Ա՞յլ բան. այսինքն ի՞նչ,- Շանթը նախ զարմացեր, յետոյ լռեր էր, կարծես Կարէնին լռութենէն ազդուած,- այլ բա՜ն,- կրկներ էր ի վերջոյ,- այո, թերեւս այլ բան կայ, բայց ի՞նչ:
-Դեռ կը վախնա՞ս,- հարցուցեր էր Կարէնը Շանթին:
-Արդէն ոչ. այնքա՜ն հանգիստ եմ հետդ. թէեւ կ’ուզեմ հասկնալ:
-Ի՞նչը, հանգստութի՞ւնդ հետս,- ըսեր էր Կարէնը խնդալով:
Շանթ ինք ալ կը խնդար:
-Հա՛, հանգստութիւնս, բայց նաեւ երեւոյթը, նաեւ մարդոց կեցուածքը, ժխտական շրջանակը հիւսուած այնքան դրական բանի մը շուրջ:
-Ինչո՞ւ այսքան տակնուվրայ եղեր ես,- հարցուց Կարէն լրջանալով, որովհետեւ յանկարծ զգացեր էր քովը պառկող տղուն տագնապը,- բա՞ն մը պատահեր է:
-Գործէն հանեցին:
-Ի՞նչ ….. Ինչո՞ւ ……
-Կարծես մէկը բան մը փսփսացեր է մեր մասին:
-Հարց չէ,- ըսաւ Կարէն բարկութեամբ,- Նոր գործ կը գտնենք:
-Փորձեցի,- ըսաւ Շանթը տխրութեամբ,- չկա՛յ: Ինծի՛ համար գործ չկայ:
Կարէն հասկցաւ կացութիւնը, որովհետեւ ինք եւս ապրեր էր գործէն հեռացուելու այս վիճակը:
-Կրնաս քովս փոխադրուիլ, գոնէ վարձքի հոգ չես ունենար, մինչեւ նայինք թէ ի՛նչ կրնանք ընել:
Եւ մնացին այդպէս երկար կողք կողքի, տխրութեան եւ երջանկութեան անկարելի շրջանակի մը մէջ փակուած:
Բ.Փախուստ
Պէտք էր փախչիլ, անապատ չհասած: Ասատուր գիտէր, որ անգամ մը որ ոտք կոխէր այդ բաց, անծայրածիր տարածքը, ա՛լ միջոց պիտի չըլլար փախչելու: Մինչ հիմա մէկ կողմը անտառներ էին, միւս կողմը ծովն էր: Ասատուր կը ծրագրէր նախ դէպի անտառ փախչիլ, հետքը կորսնցնել, յետոյ ծովափին մօտենալ ու – եթէ բախտ ունենային – մակոյկ մը գտնելով հեռանալ այս անիծուած վայրերէն, արիւնաթաթախ հողերէն:
Եթէ չըլլար Սիրարփին, Ասատուրին համար ամէն բան կրնար շատ աւելի դիւրին ըլլալ, մանաւանդ մեռնիլը: Բայց կա՛ր Սիրարփին, եւ կար Սիրարփին փրկելու էական հարցը:
Երբեք նայուածքը չէր հեռացներ Սիրարփիին վրայէն: Քնացած միջոցին իսկ աղջնակին ձեռքը կ’առնէր իր ձեռքին մէջ ու կը քնանար մէկ աչքը բաց:
Ոչ ոք իր վրայ դրեր էր Սիրարփին փրկելու ծանր պարտականութիւնը. նման թոհուփոհի մէջ, երբ շատ արագ հասկցեր էին, որ եղածը մէկ տան, մէկ գիւղի հարց չէ, ժողովուրդը յուսահատած դադրեր էր որեւէ բան ընելէ՝ ոչ ինքնապաշտպանութիւն, ոչ փախուստ, ոչինչ: Յանձնուեր էին ճակատագրին, առանց մտածելու որ այս աղէտը (որ յետոյ Մեծ Եղեռն պիտի կոչուէր) զուտ մարդկային էր, մարդոց կողմէ ծրագրուած-իրագործուած, եւ այնքան ալ աղերս չունի ի վերուստ տրուած ճակատագրին հետ:
Ասատուրը ինք եւս կրնար նոյն կրաւորականութեան մէջ իյնալ, եթէ չըլլար Սիրարփիին զինք փրկող, միաժամանակ վտանգող ներկայութիւնը:
Ամէն գիշեր, Սիրարփիին ափը իր ձեռքին մէջ, Ասատուր կը յիշէր այդ օրը, իրենց թոնրատան մէջ, ուր մայրը հաց կը թխէր. տղուն կիսափակ աչքերուն տակ իրենց տունն էր, աշնան այդ օրը եւ մօրը քաղցր ժպիտը.
-Տղա՛ս, հօրդ ըսի քովի Սիրարփին քեզի համար ուզելու երթանք, հա՞ …
Նայեր էր մօրը երջանիկ դէմքին եւ գերեկցեր անոր, այդ յոգնատանջ, խոնարհ, բայց միշտ զուարթ եւ սիրով լեցուն կնոջ: Լուռ մնացեր էր ու մայրը որպէս հաւանութիւն դիտեր էր իր լռութիւնը: Հաւան էր, այո, բայց ոչ թէ յատկապէս Սիրարփիին, այլ մօր կամքը կատարելուն. մայրը ի՛նչ ըսէր, ինք պատրաստ էր ընելու:
Յետոյ սակայն հաճելի գտեր էր դրացի տան այդ փոքրիկ աղջիկը, որուն խելացի նայուածքը միշտ ալ զինք կը փնտռէր, մինչեւ այն օրը, որ մայրը խնամեխօս գացեր էր Սիրարփիին մօր քով: Անկէ ետք, մինչեւ երկու օր առաջ, չէին հանդիպած:
Երբ մութը ինկաւ – ամբողջ օրը քալեր էին – բոլորը շատ արագ քուն մտան: Նոյնիսկ իրենց ընկերացող երկու զինուորները շատ արագ քուն մտան: Ասատուրը սակայն արթուն էր եւ փախուստի միջոց մը կը մտմտար:
Ասատուր կամացուկ մը մխտեց Սիրարփիին կողը մէկ ձեռքով, միւսով ալ բերանը գոցեց. չէր ուզեր վտանգի ենթարկել փախուստի այս հաւանաբար միակ առիթը:
Աղջիկը սարսափած աչքերը բացաւ:
-Սիրարփի, ես եմ, լաւ մտիկ ըրէ՛. կամացուկ մը դէպի երրորդ ծառը սողայ, կրցածիդ չափ առանց ձայնի:
Աղջիկը մատով զինքը ցոյց տուաւ:
-Ես ալ ճիշտ ետեւէդ կու գամ: Սպասէ՛:
Ասատուր անդրադարձաւ, որ իր կողքին քնացած ծերուկը դադրեր է շնչելէ: Վրայէն վերցուց կնոջական քզքզուած շալը – ծերուկին կնոջմէն մնացած – ու երկարեց Սիրարփիին: Աղջիկը գլուխը շարժեց՝ ոչ ոչ:
Տղան աչքերը վեր դարձուց եւ խաչ մը հանեց: Աղջիկը հասկցաւ, առաւ շալը եւ ճկուն մարմնով սկսաւ սողալ. սորուն աւազներուն ձայնը խառնուեցաւ ալիքներու ձայնին:
Երբ Ասատուր հասաւ երրորդ ծառին, աղջիկը համարձակեցաւ ոտքի կենալ եւ շատ ամուր սեղմուեցաւ տղուն:
Երկու կմախք դարձեր էին: Միայն իրենց նայուածքն էր, որ տարբեր էր՝ իրարմով, հետեւաբար կեանքով լեցուն: Ասատուրը քնքշանքով համբուրեց աղջկան ճակատը եւ փսփսաց.
-Յոգնա՞ծ ես:
Աղջիկը գլուխը շարժեց կրկին՝ ոչ:
-Շատ լաւ. հիմա կը քալենք մինչեւ լոյսը ծագի. յետոյ անտառին մէջ կը պահուինք. եթէ պէտք եղաւ, ծառի մը վրայ կը մագլցինք. յետոյ կը սպասենք մինչեւ յոյնի մը մակոյկը անցնի. թերեւս կարենանք փրկուիլ:
Քալեցին ձեռք ձեռքի, շատ զգոյշ. ու երբ արեւը ծագեցաւ, սպառեր էին երկուքն ալ: Ասատուրը աչքերով շատ խիտ թուփ մը գտաւ, մէջը մտաւ Սիրարփին ետեւէն քաշելով: Ամբողջովին ծածկուեցան:
-Ասատուր,- ըսաւ աղջիկը հազիւ լսելի ձայնով:
-Հա հոգիս, բա՞ն կայ:
-Անօթի եմ,- ըսաւ աղջիկը եւ գլուխը կախեց տղուն կուրծքին:
Տղան նախ չզգաց եղածը: Քանի մը վայրկեան վերջ անդրադարձաւ, որ աղջիկը թեւերուն մէջ ծանրացած, անշարժ մնացեր է: Գրկեց ուսերը: Ոչ մէկ հակազդեցութիւն: Ահաւոր տագնապ մը գրոհեց վրան: Աչքերը սեւցան: Ի՞նչ ընէր:
Նախ ապտակեց աղջիկը, թէեւ ապտակ չէր, շոյանքի պէս բան մըն էր. կը վախնար որ ապտակին ձայնն իսկ մատնէ զիրենք:
Աղջիկը շարժեց գլուխը, բացաւ աչքերը ու ետ գոցեց:
Թուփէն դուրս ելլել չէր ըլլար, վտանգը շատ մեծ էր, ի՞նչ ընէր:
Եւ զարմանալի ներշնչումով մը, որուն ներշնչարանը սէրն էր հաւանաբար, Ասատուր սուր ճիւղ մը կտրեց թուփէն եւ ամբողջ ուժովը խրեց դաստակի երակին մէջ. արիւնը բարակ-բարակ սկսաւ հոսիլ: Տղան դաստակը դրաւ աղջկան բերնին, կամացուկ մը շրթունքները բանալով:
Արեան բարկ հոտէն աղջիկը ընդոստ նստաւ, բացաւ աչքերը. նայուածքը բացակայ էր. ահաւոր սարսափ մը տարածուեցաւ աչքերուն մէջ յիշողութեան բացուած գուռերէն, եւ սեւ ներկեց նայուածքը:
Կրկին մարեցաւ:
Այս անգամ տղան ճիգ չըրաւ զինք արթնցնելու. պարզապէս կրկին դրաւ բաց երակը աղջկան բերնին եւ հոն պահեց: Քանի մը վայրկեան վերջ շրթունքները սկսան մեքենականօրէն շարժիլ. Սիրարփին Ասատուրին արիւնով կը սնուէր:
Երբ շրթունքները դադրեցան, Ասատուր հեռացուց դաստակը:
Կ’ուզէր ինք ալ քնանալ: Բայց ուղեղը հանգիստ չէր: Վախը լարեր էր ռունգերը, որոնք կ’առնէին հոտը վտանգին, որ շատ մօտ էր տակաւին, իսկ գալիք պահը՝ անկանխատեսելի:
Հանեց շապիկին գրպանը մնացած լուսանկարը եւ յիշեց քաշուած օրը: Երկար փորձերէ ետք հայրը ի վերջոյ համոզուեր էր տղան համալսարան ղրկել, եւ Ասատուրը մեծ եռանդով սկսեր էր մուտքի թուղթերը պատրաստելու աշխատանքին: Նախ՝ լուսանկար: Երբ իրիկունը տուն վերադարձեր էր լուսանկարը գրպանը, գիւղին անսովոր եռուզեռը, րոպէ առ րոպէ մեծցող տագնապը ցնցեր էին զինք:
-Տղաս, դուն գնա՛,- խնդրեր էր մայրը եւ տուեր հաստ բաճկոնը,- Սիրարփին ալ հետդ առ. գոնէ դուք փրկուիք:
Գաղթականութիւնն ու Ջարդը սկսեր էին:
Խելացի կին էր մայրը, գիտէր որ մնալը ստոյգ մահ պիտի նշանակէր եւ զիրենք փրկելով յոյս ունէր երկու գերդաստան կրկին ծաղկեցնել:
Նայեցաւ նկարին, նայեցաւ քնացող աղջկան ու մտածեց՝ լաւ զոյգ մը կ’ըլլայինք: Դարձուց նկարը, թուփին նոյն ճիւղը թաթխեց դեռ ծորող արիւնին ու հատիկ հատիկ գրեց.
«Զիս մի՛ մոռնար»: Գրեց նաեւ անունը՝ Ասատուր:
Սպասեց մինչեւ արիւնը չորցաւ. ապա նկարը դրաւ Սիրարփիին ծոցը, շապիկը կամացուկ մը վերցնելով:
«Ինչ կ’ըլլայ, ինչ չըլլար. եթէ չփրկուիմ, գոնէ յիշէ զիս. գոնէ ինձմէ բան մը մնայ. թէեւ պիտի ուզէի որ զաւակներ մնային մեզմէ …»:
Հանեց սիկարէթ մը, ափը կլորցուց, վառեց լուցկիի մնացած երկու ցպիկներէն մէկով եւ վառած կողմը բերանը դրաւ: Քանի մը բերան ծուխը քաշելէ ետք թուքով թրջեց կտրոնը եւ սիկարէթը մարելէ ետք բերնէն հանեց:
Յետոյ ինք ալ քնացաւ, Սիրարփիին գլխուն ծանրութեան տակ թմրած թեւը մոռցած:
***
Տարիներ վերջ Սիրարփիին թոռները երբ գտան Ասատուրի նկարը, մեծ հետաքրքրութեամբ հարցուցին անոր ով ըլլալը, հիմա ուր ըլլալը, ինչ վախճան ունեցած ըլլալը:
-Չեմ գիտեր,- խեղճացաւ Սիրարփին եւ աչքերը լեցուեցան,- արթնցայ որ չկայ, տարեր էին, չեմ գիտեր:
Վերջին բառերը մարեցան շրթունքներուն վրայ: Թոռները լռեցին, գլուխնին դրին մեծ-մամային գոգը եւ այդպէս մնացին, իրենց լուռ, մանկական գուրգուրանքով մխիթարելով սէր մը, որ չծնած մեռեր էր արդէն:
Ասատուրին արիւնը սակայն կը շարունակէր հոսիլ Սիրարփիին երակներէն …
Եւ նոյն այդ արիւնն էր, որ «անմահացեր» էր Շանթի նկարին վրայ:
Գ. Խճանկար
Արիւնը հուն կը փոխէ՞:
***
Գառնիկ էֆէնտին իր վերջին սուրճը կը խմէր, երբ տղան կամացուկ մը բացաւ դուռը, նայեցաւ ներս, եւ տեսնելով որ Գառնիկ Էֆէնտին չ’անդրադառնար, մտաւ, նոյն փափուկ շարժումներով գոցեց դուռը եւ կեցաւ:
Եկեր էր խօսելու, կարծիք յայտնելու, եթէ պէտք ըլլար՝ խնդրելու: Բայց չէր գիտեր, ուրկէ՞, ի՞նչպէս սկսիլ:
Քանի դեռ Գառնիկ էֆէնտին իր սուրճին հետ էր, տղան մնաց հանդարտ, շուրջը դիտելով:
Առաջին անգամը չէր, որ կը մտնէր սենեակը, տան հիւրանոցը, ուր տանտէրը ընդհանրապէս իր հիւրերը կ’ընդունէր եւ ամէն գիշեր իր վերջին սուրճը այստեղ, այս կիսամութ եւ լուռ սենեակին մէջ կը խմէր:
Տղան շուրջը նայեցաւ: Շատ բան չէր փոխուած այս տան մէջ հաւանաբար հարիւր տարիէ ի վեր: Այս անփոփոխ վիճակը ապահովութիւն կը ներշնչէր իրեն: Շատ բան չէր փոխուած նաեւ այն օրէն, երբ առաջին անգամ ոտք կոխեր էր հոս: Հաճելի յուշ մը չէր, ու դէմքը ցաւի ծամածռութիւն մը առաւ, աչքը սեւեռած Գառնիկ էֆէնտիի ճիշտ գլխաւերեւը գտնուող նկարին, որ, յետոյ իմացեր էր, այս տունը կառուցողն էր, Գառնիկ էֆէնտիի Գառնիկ պապը:
Առաջին տեսնելուն ուղղակի սարսափ ապրեր էր անոր խիստ նայուածքէն, որ թաւ ու պռստած յօնքերուն տակէն կը մխրճուէր դիտողին ուղղակի սրտին կարծես: Եւ այդ նկարին էր որ սեւեռեր էր այն ամբողջ ժամանակը, երբ հօրքուրն ու հօրեղբայրը իրեն կը խօսէին: Մեծ պապին խստութեան աւելի դիւրաւ դիմացեր էր այդ օրը, քան իր հարազատներու սառն անտարբերութեան:
Հիմա սակայն միայն տխրութեամբ կը յիշէր այս բոլորը. նախկին սարսափը չկար պատկերէն, չկար նաեւ զինք սառեցնող տառապանքը: Բայց կար մտահոգութիւնը հիմա՛ ըսելիքին. ինչպէ՞ս պիտի ընդունէր Գառնիկ էֆէնտին իր առաջարկը, չէր գիտեր:
Գառնիկ էֆէնտին, կ’երեւի զգալով տղուն հայեացքը, գլուխը վեր առաւ.
-Եաննի՞ս … բա՞ն պատահեր է:
-Էֆէնտիմ … չէ … բայց …- կակազեց տղան, յետոյ տեսնելով մարդուն բարի ժպիտը, սիրտ առած շարունակեց,- կրնա՞մ բան մը ըսել:
-Եթէ այդքան կարեւոր է, որ քունդ փախցուցեր ես, ըսէ՛, մի՛ քաշուիր:
-Խորքին մէջ՝ քիչ մը կը քաշուիմ, որովհետեւ խնդրանք մըն է ընելիքս, ծանր խնդրանք մը … մինչեւ հիմա այնքա՜ն բան ըրեր էք ինծի համար:
-Ըսէ՛ տղաս,- կրկնեց Գառնիկ էֆէնտին, բայց այս անգամ սուրճին գաւաթը ձեռքէն վար դրաւ եւ սպասեց:
Տունը լուռ էր. մնացեալ զաւակները քնացեր էին: Լռութիւնը կարծես յուշով յղի էր հին տան որմերուն մէջ ու կամարներուն տակ: Եւ այդ լռութիւնը այնքան նման էր այն միւս լռութեան, այն միւս, երբ … այդ լռութեան մէջ էր, որ Եաննիս Բաբանտրէոսը վերցուց նայուածքը, նայեցաւ ուղիղ Գառնիկ էֆէնտիի աչքերուն եւ ըսաւ.
-Գառնի՛կ էֆէնտի, կը խնդրեմ, զիս ալ քու զաւակներուդ կարգին զաւակ համարես եւ թոյլ տաս, որ ընտանիքիդ անունը կրեմ:
Այնքան անսպասելի էր երիտասարդին առաջարկը, որ Գառնիկ էֆէնտին նախ լռեց, ապա սուրճէն ֆըրթ մը քաշեց, կաթիլը կոկորդը ցատկեց, սկսաւ հազալ ու երբ հազը հանդարտեցաւ, ըսաւ.
-Տղա՛ս, բայց ի՞նչ կ’ըսես, մտածե՞ր ես,- պարզապէս կը փորձէր ժամանակ շահիլ, գիտնալու համար թէ ո՛րն էր ճիշտ պատասխանը:
Իրապէս, ի՞նչ կրնար ըլլալ ճիշտ պատասախանը այս առաջարկին, որ խորքին մէջ աւելի խնդրանք էր, նոյնիսկ աղաչանք, դատելով տղուն նայուածքէն:
Եւ երբ տղան լուռ մնաց.
-Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ սակայն,- կրկնեց:
Եաննիս, որ տասնութը նոր թեւակոխած, տակաւին կը պահէր պատանութեան հովը մոյնքին վրայ, մտամոլոր կը լռէր, դէմքին՝ ծանր տառապանքի դրոշմը:
-Նոյն վերյուշն է կրկին,- մտածեց Գառնիկ էֆէնտին եւ գլուխը օրօրեց:
Եւ այդ յուշը ծանր էր, շա՜տ ծանր. անցնող հինգ տարիներուն տղան Եաննիսը չէր կրցած ընդունիլ եղածը, հասկնալ կամ մոռնալ: Մնացեր էր կարօտը, անտէր ըլլալու ցաւը, մերժուած ըլլալու անսփոփ վիճակը:
Եթէ այն օրերուն քիչ մը մեծ ըլլար, թերեւս կարենար հասկնալ, որ կեանքին մէջ նաեւ ինքնաշարժի արկածներ կրնան պատահիլ, որոնց ընթացքին ծնողք կրնայ մահանալ՝ հայր եւ մայր միաժամանակ, եւ մէկ վայրկեանի մէջ մէկու մը կեանքը կրնայ տակնուվրայ ըլլալ:
Ճիշդ այդ պահուն սակայն Եաննիս Բաբանտրէոսի միտքին մէջ այլ ցաւ կար, ցաւալի այլ յուշ կար:
Հօրեղբայրն ու հօրաքոյրը թաղումի եկեր էին, յետոյ նայեր էին իրեն երկա՜ր երկա՜ր, իրարու հետ նոյնքան երկար փսփսացեր էին եւ ի վերջոյ որոշեր զինք … որբանոց դնել:
Չէի՛ն ըսած ինչու: Ինք ալ չէ՛ր հարցուցած ինչու: Բայց եւ չէր հասկցած այդ ինչուն: Ու մնացեր էր հոն, ուր նստեր էր՝ մեծ-պապ Գառնիկին խիստ դիմանկարին դիմաց, սպասելով գալիքի մը, որուն մասին բնաւ գաղափար չունէր: Չէր լացած, չէր բողոքած: Պարզապէս լռեր էր եւ սպասեր:
Դրկից դրացիներն էին, որ բացեր էին իրենց տունը սգակիր բազմութեան, ընդուներ ցաւակցողներու խումբերը, սուրճ հրամցուցեր:
Այդ օրն էր, որ Գառնիկ էֆէնտին որոշեր էր ընելիքը՝ տղան որբանոց պէտք չէ ղրկել: Կարծես հարազատներուն անհաղորդ եւ պաղ վերաբերումը զինք խոցեր էր աւելի, քան տղան, որ տակաւին չէր հասկնար կատարուածը:
Նախքան տղուն հաղորդելը այս որոշումը, Գառնիկ էֆէնտին զանգեր էր իր փաստաբան բարեկամին: Ամէն բան հեշտօրէն դասաւորուեր էր: Ազգականները ուրախութեամբ ստորագրեր էին թուղթերը – այդ ուրախութիւնը ջնջեր էր իր ըրածին ճշդութեան հանդէպ Գառնիկ էֆէնտիի ունեցած կասկածի վերջին նշոյլն ալ – եւ հեռացեր անվերադարձ:
Տարիներու թաւալքին հետ մոռցուեր էին այս մանրամասնութիւնները: Մինչեւ հիմա:
-Տղա՛ս, չըսե՞ս ինչո՛ւ:
-Պարզապէս որովհետեւ հարազատ հայրս դո՛ւն եղար,- ըսաւ տղան դուրս գալով յուշերու փակ շրջանակէն,- պարզապէս որովհետեւ կ’ուզեմ երախտապարտ ըլլալ:
Գառնիկ էֆէնտիին աչքերը լեցուեցան, «լաւ, հալալ տղայ է» մտածեց եւ ա՛յդ պահուն գիտցաւ պատասխանը.
-Տղա՛ս,- ըսաւ,- ձեր ընտանիքէն միայն դո՛ւն մնացեր ես, հօրդ արիւնն է որ երակներէդ կը հոսի, դո՛ւն է որ պիտի պահես իր յիշատակը, շարունակես իր սերունդը:
Ուրիշ ի՞նչ ըսէր: Փորձէր իսկ, Գառնիկ էֆէնտին այլ ըսելիք պիտի չգտնէր, որովհետեւ իրապէ՛ս կ’ուզէր որ տղան պահէր յիշատակը իր յոյն դրացիին, որ ոչ միայն իր լաւ բարեկամը եղած էր, այլ նաեւ մանկութեան ընկերը:
Տղան երկար պահ մը լռեց: Յետոյ մեղմօրէն ըսաւ.
-Ուրեմն չես ուզեր:
Եւ առանց սպասելու Գառնիկ էֆէնտիի պատասխանին, դուրս ելաւ սենեակէն:
Բայց Եաննիս Բաբանտրէոսը դիւրաւ յուսահատող մարդ չէր: Մանաւանդ որ վստահ էր առած քայլին արդարութեան:
Քանի մը օր վերջ, կէսօրուան ճաշի ժամուն, երբ ընտանիքը հաւաքուած էր, բայց ճաշը տակաւին չէր սկսած, տղան հանդարտօրէն նոր անձնագիր մը դրաւ Գառնիկ էֆէնտիին առջեւ եւ գնաց իր տեղը նստիլ:
Գառնիկ էֆէնտին ակնոցները դնելէն առաջ իսկ գրեթէ գիտէր կարդալիքը.
Վան Պապատէրեան գրուած էր հոն:
Իր բարերարին մականունը չէր, բայց հայու անուն-մականուն էր:
Արիւնը հուն փոխեր էր, պատմութեան մէջ թերեւս առաջին եւ միակ անգամը ըլլալով:
***
Տարօրինակ չէր բնաւ, որ Շանթը Վան Պապատէրեանի զաւկին՝ Կարէնին նուիրուելիք նկարը ի՛ր արիւնով ամբողջացուցեր էր: Հունը փոխած արիւնն էր, որ զինք կարծես կանչեր էր, ցաւի եւ տառապանքի թաւ եւ թաքուն կանչով:
———-
[1] The Magus (The God Game) John Fowles.