Էրքքա Ֆիլանտէր (Erkka Filander) կը համարուի Ֆինլանտայի ամենախոստումնալից ու ճանչցուած երիտասարդ հեղինակներէն մէկը։ Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, որոնցմէ մէկն է Ֆինլանտայի ամենահեղինակաւոր գրական մրցանակը -Helsingin Sanomat Literature Prize- իր անդրանիկ «Ճերմակ Փոթորիկի Արթնացումը» (Heräämisen valkea myrsky , Poesia, 2013) գիրքին համար։ Գիրքը քննադատները կը նկարագրեն իբրեւ «ապրելու ուրախութեամբ բաբախող սքանչելի բանաստեղծութիւն մը»։
Այս բանաստեղծական կտորները Է. Ֆիլանտէրին նոր, տակաւին անտիպ Torso գիրքէն են, որ հեղինակը կը նկարագրէ իբրեւ հատուածային բանաստեղծութիւն, տեսակ մը mediation, որ կը խօսի արուեստագէտներու մասին, մասնաւորաբար անոնց որոնց անուննները չենք գիտեր, բայց որ իրենց կեանքը նուիրած են եւ նահատակուած արուեստի համար։ Ի՞նչպէս կրնանք մենք ճանչնալ այդ նահատակները ու այդ անանուն ու կորսուած հոգիները։ Կարելի՞ է հասկնալ այդ յարաբերութիւնը մարդու եւ արուեստի միջեւ, եւ այդ նուիրուած ճիգը՝ բանի մը որուն արդիւնքն ու ապագան չենք գիտեր։
Այս կտորները թարգմանուած են ֆինլանտերէնէն, հեղինակին մասնակցութեամբ։ Ամէն մէկ հատուած մանրամասնօրէն քննարկուած եւ երբեմն նաեւ բերանացի թարգմանուած է անգլերէնի, որմէ ետք հայերէն թարգմանութինը աճած է։
Թամար Պոյաճեան
TORSO
(կտորներ)
կայ՝ ծառ մը որ զինք մերկացուց
առաւօտեան արեւը հիւրընկալելու
կայ՝ ժամ մը որ պիտի չհիւանդանայ
կը սկսինք մենք հոս։
…
կարծես ինչ որ բան մը կը հաւաքէ
բծախնդրօրէն եւ սիրով
ամէն ինչ
որ ջախջախուած է՝ դէպի մէկ ուղղութիւն
ուղղութիւն մը՝ որուն հովը քու դաստակդ կը սեղմէ
մեր կացութիւնը որքան աւելի նեղնայ՝
ան աւելի կը սեղմէ
…
ծիսական զգեստը մթնող երկնքի
կը զգայ պահանջ մը զինք մերկացնելու
…
իրեն համար գիշերը հիմա սրինգ մըն է
որուն միջոցաւ կ’արտօնէ իր պրկուած կուրծքը՝
չալեկոծուի
…
լռութիւնը իր արարողութիւնները կը տօնէ իրմով
…
մատուռ մը՝ իրենց աղտոտ երեսներու տակ
…
ծարաւ մը՝ որ բարձրացաւ իր նայուածքի սեւեռումին ու ծակեց
…
իր շնչառութեան ծակած լիթրերը…
համարձակօրէն գիտէ իրենց պսպղուն երամակները
…
այդ պահերը որ անծանօթներու կը շնորհեն
ընկերներ՝ հանդիպեցանք
…
շղթան նահատակներուն
կը շարունակուի ու կը շարունակուի
ամայի տեղերու ճեղքերու մէջ
…
Յատուկ անօթութիւն մը՝ որուն ամէն մէկ
շունչը կը մթնցնէ մարմնի մէկ մասը
Անօթութեան գիշերը կ՚արթննայ
Աքսորի պահուն
եւ վէրքի նման կը հոսի
…
մեր ամենէն դժուար որոշումներուն հիւսուածքը
է՝ արիւնի փրփուրը մեր մկաններու շրթունքներուն
…
ժամեր, ժամեր
կը պսպղան իբր շղթայ մը
մեր նայուածքի սեւեռումին
մենք ինքզինքնիս կը գտնենք մեր միջանցքին
որ տարածութիւնը զինք կը բացայայտէ միշտ
մեր ներքին հանդարտութեան համար
…
մեր խոստովանութիւնը՝
նման խոստովանութեան
լեռներու հողմին
ոտքերու ծայրէն
ցգլուխ
…
կարիքը՝ որ ըլլայ ձայն մը առանձնութեան
այդ մինակ, անօթի ամայութեան
միաժամանակ
կարիքը՝ որ մնայ անձայն
հեռաւոր
որ տեղաշարժ ըլլայ մինակ աչքերուն մէջ
…
անմիջականութիւնը նահատակներուն
անմիջականութիւնն է
քանդակի մը գլխու յաւիտենական շարժումին
անմիջականութիւն մը՝ որձաքարի մէջ ապրող
…
մեզի համար անանուն են – չճանչցուած դէմքեր՝
բայց կարծես իրենց վերջին օրերու բեռը
մեզի կը ճնշէ երբ առանձին ենք։
իրենց մերձաւոր արտայայտութիւնները
քարի բեկորներ են
որոնք իրենց գագաթը կը հասնին, մեր երեսներու մէջ
իրենց արիւնը՝ ծանրութիւն մը մեր ուսերը կ՚այցելէ
…
իրենց մէջ՝
ձուլածոյ պղինձ մը չյիշուած խոստումներու
իրենց փոցղուած կուրծքերը կապուած
գետի մը, որ պիտի չվարակուի։
մի մոռնար՝
ինչպէս իրենց ժպիտները քաղեցին դէպքերէ
որ տակաւին չեն պատահած։
այդ ժպիտները որ կ՚ուղղեն մեր մատներու ոսկորները
հասկնալու ծանրութիւնը՝ այդ ամայի այգիներուն
եւ ամէն ինչ որ կոտրուած է
ամէն ինչ որ հիմա կամար մըն է
…
աչքերուն մէջ յոյսի այրած նշանները
որ դաւաճանեցին զինք՝
լայնարձակ ծով մը կը ծփա՞յ հոն
…
պատկերագրութիւնը խարանուած մարմնին
անտերեւ ծառերու կրկներեւոյթին մէջ
…եւ յետոյ գարունը
…
նորանշան լռութիւն մը կը ծնի մեր ձեռքերու ափերէն