Անպատասխան

Սովորական է հիմա եւ ընդունուած տարածուած՝

հարցումները կախել լուացքի պարանէն

ձգել պարանը տունէ տուն մարդէ մարդ քաղաքէ քաղաք։

Երեկոյեան, երբ մութ է արդէն,

հաւաքել հարցումները տուփի մէջ

թխել անկողնին տակ եւ մոռնալ։

Հարցումները օդէն կախեալ եւ մարդոցմէ

ամէն օր կը թրջուին կը չորնան

կը վերադառնան անկողնին տակ

օրուան վերջաւորութեան։

Հարցումները չեն հարցուիր.

կը պտըտին կ՚օրօրուին կը ճօճուին

եւ կը ննջեն դարձեալ։

Դրամի պէս կը մսխուին կը ցնդին հարցումները

երբ հոն են ― ներկա՛յ ― բայց երկչոտ ու համր։

Ինչո՞ւ հարցնել բողոքել

բորբոքել հանգիստը բազմոցներու.

չէ՞ որ  անկարելի է շարժել խանգարել

մինչեւ անգամ թել մը մազ։

Պատասխանը կը սպասէ լուռ

որ հարցումը իր դուռը թակէ

խուժէ ներս եւ խլէ զինք ― իւրացնէ՛։

Օ՜, հարցումը կը ծագի պատասխանին օգնութեամբ

երբ անոր լուսամուտը մեղմիկ բացուի եւ

ճառագայթ մը թափանցէ ներս։

Ծածուկ պահուած պատասխաններ

կարօտ են հարցումներու

կարօտ են լոյսի

կարօտ են բացայայտման.

մինչ հոս՝ հարցումները կը սանձուին կը կորսուին

տուփերու մէջ անկողնին տակ,

հոն՝ հարցերը կը թաղուին կը խրին

անդունդին մէջ խուլ։

Իսկ եթէ պատահաբար ձայնի խօսքի գիրի պատերուն

հարցականներ զարնուին՝

կ՚իյնան գետին

անարձագանգ

անաղմուկ։

Պատասխանները կը խափանուին

այս կողմ ինկող շպրտուող

լոզունգներով։

Անոնց բացուածքները լուսամուտ

կը խցուին վախկոտ ու մունջ հարցումներով,

կը մթագնին։

Մինչդեռ կան պատասխաններ

թափանցիկ բառերու օգնութեամբ բիւրեղացած,

որոնք չեն իսկ բացուած տակաւին։

Կան եւ հարցումներ

խիզախ,

չհարցուած տակաւին,

որոնք կը տենչան պատասխանին՝

դիմակազերծ ու մաքուր։

Իսկ ազնիւ խօսքը կը մնայ անդին,

մեզմէ

հեռու.

Ինչ որ բաժին կ՚իյնայ՝

ոսկորն է գիշատուած միսին,

տակ-տակի

քով-քովի ձեւաւորուած

բառերը՝ կեղծ անկշիռ։

Պէտք է օդը ծակող ծակծկող

այս անդունդէն վեր մագլցող

բառեր գտնել ղրկել այն կողմ

որպէս բացուող պատասխաններ

դրան ետին կանգնած հարցումներուն։

Պէտք է ներկել ներկան

հորիզոնով կապոյտ կապոյտ,

որ կարմիր բիծեր չկաթկթին,

եւ չհասնի փոշին ժամանակի,

մրոտելու օդը կրկին։

Վերջ

Կը հեռանաս դուն ինձմէ…

Ալիքը կը փշրուի,

կը տարածուի ծովափին վրայ

ու կը շիջի։

Մակընթացութեան ազդանշաններ

կը յայտնուին։

Ես աչքերս կը փակեմ

ու կը լսեմ խուլ աղաղակ։

Օդին մէջ յանկարծ

ժպիտդ կը հնչէ,

եւ ահա տօ՜ն է,

կը ծագի արե՜ւ։

Բայց մատներուս արանքէն

դուրս կը սպրդիս։

Վայրկեանին պահանջքը՝

վաղուց անտեսուած՝

կը ցցուի դարձեալ։

Սակայն բառերուն վրայ

կրկին կը դիզուին

զգեստաւորումներ…

Եւ ես դարձեալ կը մսիմ ցուրտէն։

Եւ դուն դարձեալ

լուռ ես։

Ու մենք,

մեր բառերուն դիմաց,

իմ՝ արտասանուած

բայց քօղարկուած,

քու՝ վերապահ

բայց նայուածքիդ մէջ աղմկող

բառերուն դիմաց՝

մենք տկար ենք։

Մենք կը փախչինք մեր բառերէն

եւ իրարմէ։

Կը մնայ զգացումը՝

լքուած,

զգացումը՝

պարզ ու վճիտ։

Կը հեռանաս դուն ինձմէ…

Եւ ահա ամպեր կը կուտակուին

անկիւնները աչքերուդ։

Անձրեւ կը մաղուի մեղմիկ

եւ կը թրջին մայթին փռուած

չոր տերեւներ։

Ժպտէ՜ ընկեր,

թէկուզ թախիծը խրի ժպիտիդ։

Ժպտէ՜

եւ ահա տօ՜ն է,

կը ծագի արե՜ւ։

Երկիր իմ

Կու գամ դէպի քեզ իբրեւ իմ հայրը, որուն

պէտք է ներկայանալ եւ յայտնել

ո՛ւր կը կանգնիմ, ո՛ւր եմ հասեր։

Կու գամ քեզի իբրեւ հայրս, որուն

հարկ կը զգամ պարզել ինքզինքս եւ

ցոյց տալ իմ հետ բերած

ճամպրուկիս մէջ կոկիկ ծալլուած

վրայ-վրայի դիզուած

յաջողութիւններս ու սխրանքներս։

Կու գամ քեզի ծիսաբար խնկադիր

սենեակս կարգի դրած եւ

թուղթերս դասաւորած։

Բայց եւ կու գամ առանց բացատրելու

կիսատ-պռատ յաղթանակներս։

Գիտեմ, յաջողութեան հիմնաչափերն

ա՛յլ կերպ կը դատես դուն։

Ամրագրուած են այսօր մեր միջեւ երկարող բառերը

հողիդ վրայ թողած ոտնահետքերովս։

Ճանաչումէ անդին սակայն

իմաստայինի եզրէն դուրս

կայ փորձառութիւնը ներքին, որ

անբառ անխօսք կ՚անցնի քեզմէ ինծի։

Կու գամ դէպի քեզ իբրեւ իմ մայրը, որուն

պէտք է նուիրեմ ծաղիկներ

անձամբ քաղուած փնջուած եւ

ներում հայցել ուշացումիս։

Կու գամ քեզի իբրեւ մայրս, որուն

պէտք է պատմեմ յանձնեմ

կողք-կողքի շարուած

տարանջատուած

օրերս սեւ ու ճերմակ։

Կու գամ քեզի անձկութեամբ

մազերս սանտրած եւ

հագած կիրակնօրեայ հագուստներ։

Բայց եւ կու գամ առանց բացայայտելու

զանցառումներս ու զեղումներս։

Գիտեմ, միեւնոյնն է քեզի համար.

ես ինկած եմ ներբերման ուրկանիդ մէջ եւ

այս կամ այնպէս քուկդ եմ հիմա։

Հեռակապ աղերսս կը ներլուծուի այսօր

առանցքային ճերմակ առօրեայիդ։

Կը միախառնուի բառս քու ձայնիդ,

հայեացքս քու լոյսիդ,

շունչս քու վայրկեանիդ։

Կու գամ քեզ ընդունելու

առանց գանգատի ակնկալիքի պահանջքի, այլ

քեզ ընկալելու էութեանդ լրումին մէջ։

Բայց Երկիր իմ,

դո՞ւն ինչպէս կ՚ընդունիս զիս։

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.