Սեռակշռոյթ

Սկիզբը դուն ամէնայնի

Արեանս մէջ արձագանգդ կը գտնես

Ու տենչերս կը վառես

Շատ ծանր ես

Սակայն ինչպէ՞ս բարձրացաւ վեր

Բնազդներու գաղտնաթաքուր ջուրերէն

Մատնահետքերս ջնջեց

Եւ մատներուդ ուղիներէն

Նոր բարբառ մը կը հեգէ

Ամբողջացումդ գտնելու կորսուած

Կշռոյթին հետ

Դաջուածքները հոգիին

Մորթիդ վրայ կը յայտնուին

Ինչպէս եթէ այդ գնացքը միալար

Ինկած ըլլար երեւակող հեղուկին

Սիրակարօտ երկու մատակ

Անապատին մէջ մարդերուն

Ալիքներուն տակ սարսափի

Երկու մատակ

Երկու խրխինջ-խնծիղ ու սէր

-սիրակարօտ մէկ մենութիւն-

Հայքու

Եւ ծիլ առ ծիլ

Հասունացման կը հասնինք

Ես ու եսս միասին

Անվերնագիր

Արդէն գիշեր է.

Գոցէ դռները եւ եկուր բանանք

Մենք մեզ՝ իրարու

Փռենք երազի ծածկոցները կոյս

Եւ ջրենք ծառը մեր կենակցութեան

Ցերեկուան ծովէն

ի՞նչ մնաց  ըսէ՛ փոքր ցանցին մէջ

մեր կեանքի հիւսքին

Տխուր թանկօ

Երազի մը մահն էր այս գիշեր

թեւերուդ երազին մէջ …

մնացեր էր գիշերը

մնացեր դուն     որպէս կարելիութիւն

Պարել պիտի չըլլար թաց մայթերուն վրայ ….

մշուշին մէջ արձագանգող քայլերուն հետ

կշռոյթ մը կար

որ կը յուշէր Զարիֆեանի այն խենթ տղան

ու խեղդուող իր երազը

բայց պարել պիտի չըլլար թաց քարերուն

թիթեռը պիտի խեղդուէր

եթէ չփորձէի հանել

կա՛ր կշռոյթը քայլերուն

մշուշին մէջ արձագանգող

մօտեցո՞ղ թէ հեռացող

կարեւորը արձագանգն էր

եւ երազը պարելու

ներհիւսելով մեր քայլերը

աննիւթեղէն                      հակոտնեայ

ցանկութիւնը աչքերուդ

հրաւիրեց զիս պարի

միջոցին մէջ ծածկուած

վարագոյրովն անձրեւի

մինչ բառերը կը թափէին

անձրեւներու փոխարէն

եւ կ’ուղղէին քայլերս հոն

ուր դուն բնաւ չկայիր

բնաւ պիտի չըլլայիր …

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.