Սիլվինա Օքամփոյին
Այս վիպագրին ձգած տեսանելի ստեղծագործութիւնը կարելի է թուարկել դիւրութեամբ ու կարճառօտ կերպով։ Աններելի են, ուրեմն, մատամ Անրի Պաշըլիէի գործած անտեսումներն ու յաւելումները խաբեբայ ցուցակի մը մէջ, զոր թերթ մը, որուն «բողոքական» միտումները յայտնապէս գաղտնիք չեն, առանց փափկանկատութեան առաջարկած է իր խեղճ ու կրակ ընթերցողներուն, որքան որ վերջիններս քիչ են ու կալվինական, եթէ ոչ մասոն կամ թլփատուած։ Մենարի հարազատ ընկերները այդ ցուցակը ողջունած են ահազանգով եւ նոյնիսկ որոշ տխրութեամբ։ Կարծէք երէկ հաւաքուած էինք անոր մարմարեայ դամբանին առջեւ՝ չարագուշակ նոճիներուն մէջ, իսկ այսօր Սխալը արդէն կը փորձէ աղօտել անոր Յուշը… Վճռապէս, կարճ ուղղում մը անխուսափելի է։
Գիտեմ, որ խեղճուկ հեղինակութիւնս կարելի է խնդրոյ առարկայ դարձնել դիւրութեամբ։ Այսուհանդերձ, կը յուսամ, որ ինծի պիտի թոյլատրուի երկու հեղինակաւոր վկայութիւններ յիշել։ Պարոնուհի տը Պաքուրը (որուն անմոռանալի «Ուրբաթ»ներուն ողբացեալ բանաստեղծը ճանչնալու պատիւը ունեցայ) սիրայօժար վաւերացուցած է հետագայ տողերը։ Կոմսուհի Պանիոռեճիոն՝ Մոնաքոյի իշխանապետութեան ամենէն նուրբ հոգիներէն մէկը (այժմ՝ Փենսիլվանիոյ Փիթսպուրկ քաղաքի, ի հետեւանս անոր ամուսնութեան միջազգային մարդասէր Սիմոն Քաուցշի հետ, որ, կը ցաւիմ ըսել, այնքան դատափետուած է իր անշահախնդիր գործարքներու զոհերուն կողմէ), «ճշմարտութեան ու մահուան ի խնդիր» (անոր խօսքերն են) զոհած է ազնուական վերապահութիւնը, որ զայն կը յատկանշէ, եւ նոյնպէս ինծի կը պարգեւէ իր բարեհաճութիւնը այն բաց նամակով, որ հրատարակուած է “Luxe” ամսագրին մէջ։ Այդ գովեստները, կը կարծեմ, անբաւարար չեն։
Ըսած եմ, որ Մենարի տեսանելի ստեղծագործութիւնը կարելի է թուարկել դիւրութեամբ։ Իր անձնական դիւանը բարեխղճօրէն ուսումնասիրելով, ճշդած եմ, որ բաղկացած է հետեւեալ նիւթերէն.
ա) Խորհրրդապաշտ հնչեակ մը, որ երկու անգամ (տարբերութիւններով) հրատարակուած է “La Conque” ամսագրին մէջ (Մարտ եւ Հոկտեմբեր 1899ի թիւեր)։
բ) Մենագրութիւն մը՝ բանաստեղծական հասկացութիւններու բառացանկ կազմելու կարելիութեան մասին, որոնք սովորական լեզուի բառերու հոմանիշեր կամ շրջասութիւններ չըլլային, «այլ իտէալական առարկաներ, որոնք ստեղծուած են ըստ փոխադարձ պայմանադրութեան եւ էապէս կոչուած բանաստեղծական կարիքներու համար» (Նիմ, 1901)։
գ) Մենագրութիւն մը՝ Տեքարթի, Լայպնիցի եւ Ճոն Ուիլքինսի մտածողութեան «որոշ կապերու կամ ազգակցութիւններու» մասին (Նիմ, 1903)։
դ) Մենագրութիւն մը՝ Լայպնիցի “Characteristica universalis”ի մասին (Նիմ, 1904)։
ե) Թեքնիք յօդուած մը՝ ճատրակը հարստացնելու կարելիութեան մասին, որ կ՚ենթադրէ նաւակի զինուորներէն մէկը դուրս ձգել։ Մենար այդ նորամուծութիւնը կ՚առաջարկէ, կը յանձնարարէ, կը քննարկէ եւ ի վերջոյ կը մերժէ։
զ) Մենագրութիւն մը՝ Ռամոն Լուլի “Ars magna generalis”ի մասին (Նիմ, 1906)։
է) Թարգմանութիւն մը՝ յառաջաբանով ու ծանօթագրութիւններով, Ռույ Լոփէս տէ Սեկուրայի “Libro de la invención liberal y arte del juego de axedrez”ի (Փարիզ, 1907)։
ը) Սեւագրեր մենագրութեան մը՝ Ճորճ Պուլի խորհրդանշական տրամաբանութեան մասին։
թ) Քննութիւն մը՝ ֆրանսական արձակի տաղաչափական հիմնական օրէնքներուն, պարզաբանուած՝ Սէն-Սիմոնի օրինակներով (Revue des langues romanes, Մոնփըլիէ, Հոկտեմբեր 1909)։
ժ) Պատասխան մը Լիւք Տուրթէնի դէմ (որ մերժած էր այդ օրէնքներուն գոյութիւնը), պարզաբանուած՝ Լիւք Տուրթէնի օրինակներով (Revue des langues romanes, Մոնփըլիէ, Դեկտեմբեր 1909)։
ժա) Ձեռագիր թարգմանութիւն մը՝ Քեվետոյի “Aguja de navegar cultos”ի, խորագրուած՝ “La boussole des précieux”։
ժբ) Նախաբան մը՝ Գարոլուս Ուրքատի վիմագրութիւններու ցուցահանդէսի ցուցակին (Նիմ, 1914)։
ժգ) “Les problemes d’un problème” (Փարիզ, 1917) գործը, որ ժամանակագրական կարգով կը քննարկէ Աքիլլէսի եւ կրիայի նշանաւոր հարցին լուծումները։ Ցարդ այս գիրքէն երկու հրատարակութիւն լոյս տեսած է. երկրորդին բնաբանը Լայպնիցի խորհուրդն է՝ “Ne craignez point, monsieur, la tortue”, եւ վերամշակած է Ռասըլի եւ Լայպնիցի նուիրուած գլուխները։
ժդ) Թուլէի «շարահիւսական սովորութիւններ»ուն յամառ վերլուծում մը (N.R.F., Մարտ 1921)։ Կը յիշեմ, որ Մենար կը յայտարարէր, թէ դատափետելն ու գովաբանելը զգացական գործողութիւններ են, որոնք քննադատութեան հետ որեւէ աղերս չունին։
ժե) Փօլ Վալերիի “Cimitière marin”ի փոխադրութիւն մը՝ աղեքսանդրեան տողերով (N.R.F., Յունուար 1928)։
ժզ) Փօլ Վալերիի դէմ պարսաւ մը՝ Ժագ Ռըպուլի “Hojas para la supresión de la realidad”ի մէջ։ (Այդ պարսաւը, փակագիծի մէջ, ճիշդ հակառակ պատկերն է բուն կարծիքին՝ Վալերիի մասին։ Վալերին այդպէս ալ հասկցած է եւ երկու մարդոց հինաւուրց բարեկամութիւնը վտանգի տակ եղած չէ)։
ժէ) Կոմսուհի Պանիորեճիոյի «սահմանում» մը՝ «յաղթական հատոր»ին մէջ (բնորոշումը ուրիշ աշխատակիցի մը՝ Կապրիէլէ տ՚Անունցիոյին կը պատկանի), զոր այս տիկինը ամէն տարի կը հրատարակէ՝ լրագրութեան անխուսափելի կեղծիքները սրբագրելու եւ «աշխարհին ու Իտալիոյ» ներկայացնելու հարազատ պատկերը իր անձին, որ ենթակայ է (անոր գեղեցկութեան ու վարմունքին պատճառով) այնքան անճիշդ կամ փութկոտ մեկնաբանութիւններու։
ժը) Պարոնուհի տը Պաքուրին նուիրուած սքանչելի հնչեակներու շարք մը (1934)։
ժթ) Ձեռագիր ցուցակ մը բանաստեղծութիւններու, որոնք իրենց բարձր որակը կէտադրութեան կը պարտին[1]։
Մինչեւ հոս (բացի տարտամ, պարագայական քանի մը հնչեակներէ՝ մատամ Անրի Պաշըլիէի հիւրընկալ, կամ ընչաքաղց, ալպոմին համար)՝ Մենարի տեսանելի գործը, իր ժամանակագրական կարգով։ Ահա կ՚անցնիմ միւսին՝ գաղտնի, անվերջանալիօրէն հերոսական, անզուգական, նաեւ (ափսո՛ս մարդու կարելիութիւններուն)՝ անաւարտ գործին։ Այդ՝ գուցէ մեր ժամանակներուն ամենէն նշանակալից գործը, բաղկացած է «Տոն Քիշոթ»ի առաջին մասի իններորդ եւ երեսունութերորդ գլուխներէն եւ քսաներկրորդ գլուխին մէկ հատուածէն։ Գիտեմ, որ նման պնդում ձաբռտուք կրնայ թուիլ. այդ «ձաբռտուք»ին արդարացումը այս գրութեան հիմնական նպատակն է[2]։
Երկու բնագրեր՝ անհաւասար արժէքով, ներշնչած են այս ձեռնարկը։ Անոնցմէ մէկը Նովալիսի բանասիրական այն հատուածն է – թիւ 2005՝ ըստ Տրէզտէնի հրատարակութեան –, որ կ՚ուրուագծէ տուեալ հեղինակի մը հետ ամբողջական նոյնականութեան նիւթը։ Միւսը մակաբոյծ այն գիրքերէն է, որոնք Քրիստոսը կը տեղաւորեն փարիզեան ծառուղիի մը մէջ, Համլէթը՝ Քանըպիէռի մէջ, կամ Տոն Քիշոթը՝ Ուոլ Սթրիթի մէջ։ Ինչպէս ճաշակաւոր ամէն ոք, Մենար նողկալի կը համարէր այդ անիմաստ ծաղրանմանութիւնները, որոնց միակ օգուտն էր, կ՚ըսէր, ժամանակավրիպումի ռամիկ հաճոյքը պատճառել կամ (ինչ որ ա՛լ աւելի վատ է) մեզ հիացնել նախնական այն գաղափարով, որ բոլոր ժամանակները նոյնական են, կամ տարբեր։ Աւելի շահեկան կը թուէր անոր, թէեւ գործադրումը հակասական ու մակերեսային կը գտնէր, Տօտէի յայտնի առաջարկը. հանճարեղ հիտալկոն եւ իր զինակիրը միացնել մէկ ՝ Թարթարէնի կերպարին մէջ… Անոնք, որոնք ակնարկած են, որ Մենար կեանքը նուիրած էր ժամանակակից «Քիշոթ» մը գրելու՝ կ՚արատաւորեն անոր պայծառ յիշատակը։
Ան չէր ուզեր ուրիշ «Քիշոթ» մը յօրինել – դիւրին գործ մը -, այլ՝ «Քիշո՛թ»ը։ Անիմաստ է աւելցնել, թէ ան բնագրին մեքենական արտագրումը երբեք փորձած չէ. նպատակը ընդօրինակութիւնը չէր։ Անոր հիանալի ձգտումը արտադրութիւնն էր այնպիսի էջերու, որոնք զուգադիպէին – բառ առ բառ եւ տող առ տող – Միկէլ տէ Սերվանթէսի էջերուն հետ։
«Իմ նպատակս պարզապէս զարմանալի է», Սեպտեմբեր 30, 1934ին Պայոնէն կը գրէր ինծի։ «Աստուածաբանական կամ բնազանցական ապացուցումի – արտաքին աշխարհը, Աստուած, պատահականութիւնը, տիեզերական ձեւերը – վերջնական եզրը պակաս նախընթաց եւ սովորական չէ, քան իմ բացայայտուած վէպս։ Միակ տարբերութիւնը այն է, որ փիլիսոփաները իրենց գործին միջանկեալ հանգրուանները կը հրատարակեն հաճելի հատորներով, իսկ ես վճռած եմ այդ հանգրուանները կորուստի մատնել»։ Արդարեւ, տարիներու այդ աշխատանքը վկայող որեւէ սեւագիր գոյութիւն չունի։
Անոր պատկերացուցած սկզբնական մեթոտը յարաբերաբար դիւրին էր։ Սպաներէնը լաւ սորվիլ, կաթողիկէ հաւատքը վերագտնել, մաւրերուն կամ թուրքին դէմ պատերազմիլ, 1602-1918 թուականներու Եւրոպայի պատմութիւնը մոռնալ, Միկէլ տէ Սերվանթէս ըլլալ։ Փիեռ Մենար ուսումնասիրեց այդ գործելակերպը (գիտեմ, որ ԺԷ. դարու սպաներէնին բաւական խորութեամբ կը տիրապետէր), բայց զայն մէկդի ձգեց՝ դիւրութեան պատճառով։ Ընթերցողը պիտի ըսէ՝ անկարելիութեա՛ն պատճառով։ Համաձայն եմ, բայց ձեռնարկումը անկարելի էր ի սկզբանէ եւ ասիկա նուազ շահեկանն էր՝ իրագործումի բոլոր անկարելի ձեւերուն շարքին։ Մենարին նուաստացուցիչ կը թուէր ԺԶ. դարու ժողովրդական վիպասան ըլլալը Ի. դարուն։ Իրեն նուազ դժուար – ուստի եւ՝ նուազ հետաքրքրական – կ՚երեւէր Սերվանթէս ըլլալ այս կամ այն կերպով եւ «Քիշոթ»ին հասնիլ, քան Փիեռ Մենար մնալ եւ «Քիշոթ»ին հասնիլ՝ Փիեռ Մենարի անձնական փորձառութեան ընդմէջէն։ (Այդ համոզումը, ի դէպ, պատճառ հանդիսացաւ, որ ան դուրս ձգէր «Տոն Քիշոթ»ի երկրորդ մասին ինքնակենսագրական նախաբանը։ Այդ նախաբանին ընդգրկումը պիտի նշանակէր ուրիշ կերպարի մը ստեղծումը – Սերվանթէս -, բայց նաեւ պիտի նշանակէր «Քիշոթ»ը ներկայացնել ըստ այդ կերպարին եւ ոչ թէ ըստ Մենարի, որ, բնականաբար, մերժեց այդ դիւրութիւնը)։ «Իմ ձեռնարկումս դժուար չէ, ըստ էութեան», կը կարդամ նոյն նամակի մէկ ուրիշ բաժնին մէջ։ «Բաւարար պիտի ըլլար անմահ ըլլալ՝ զայն իրագործելու համար»։ Արդեօք պէ՞տք է խոստովանիմ, թէ յաճախ կ՚երեւակայեմ, որ ան զայն աւարտեց եւ որ կը կարդամ «Քիշոթ»ը, ամբո՛ղջ «Քիշոթ»ը, կարծէք թէ Մենարը մտածած ըլլար։ Քանի մը գիշեր առաջ, թերթատելով ԻԶ. գլուխը – որուն ան երբեք ձեռք չէր զարկած -, մեր բարեկամին ոճը եւ իր ձայնին նմանը ճանչցայ այս բացառիկ նախադասութեան մէջ. “las ninfas de los ríos, la dolorosa y húmida Eco» («գետերու յաւերժահարսերը, ցաւոտ եւ խոնաւ Արձագանգը»)։ Բարոյական եւ ֆիզիքական ածականներու ազդու այդ միաւորումը միտքս բերաւ Շէյքսփիրէն տող մը, զոր քննարկած էինք երեկոյ մը.
Where a malignant and a turbaned Turk…
Ինչո՞ւ ճիշդ «Քիշոթ»ը, մեր ընթերցողը պիտի ըսէ։ Այդ նախասիրութիւնը անբացատրելի պիտի չըլլար սպանացիի մը պարագային, բայց անկասկած անբացատրելի է Նիմի խորհրդապաշտի մը մօտ՝ էապէս նուիրուած Փոյի, որ ծնանեց Պօտլէռը, որ ծնանեց Մալարմէն, որ ծնանեց Վալերին, որ ծնանեց Էտմոն Թեսթը։ Վերոյիշեալ նամակը լոյս կը սփռէ այս կէտին վրայ. «“Քիշոթ”ը», կը լուսաբանէ Մենարը, «զիս խորապէս կը հետաքրքրէ, բայց ինծի չի թուիր, ինչպէ՞ս ըսեմ, անխուսափելի։ Տիեզերքը չեմ կրնար պատկերացնել առանց Փոյի ձայնարկութեան՝
Ah, bear in mind this garden was enchanted!
կամ առանց “Bateau ivre”ի կամ “Ancient Mariner”ի, բայց գիտեմ, որ կրնամ զայն երեւակայել առանց “Քիշոթ”ի։ (Բնականաբար, կը խօսիմ անձնական կարողութեանս, ոչ թէ երկերու պատմական արձագանգին մասին)։ “Քիշոթ”ը դիպուածական գիրք մըն է, “Քիշոթ”ը անհրաժեշտ չէ։ Կրնամ կանխաւ մտածել անոր գրի առնումը, կրնամ գրի առնել՝ առանց իյնալու կրկնաբանութեան մէջ։ Տասներկու-տասներեք տարեկանին կարդացի, թերեւս ամբողջութեամբ։ Յետոյ ուշադիր կարդացած եմ որոշ գլուխներ, անոնք, որոնք առայժմ պիտի չփորձեմ։ Նաեւ ուսումնասիրած եմ միջնարարները, կատակերգութիւնները, “La Galatea”ն, օրինակելի նորավէպերը, անկասկած աշխատատար “Persiles y Segismunda”ն եւ “Viaje hacia el Parnaso”ն… “Քիշոթ”էն ընդհանուր յիշատակս, որ պարզեցուած է՝ մոռացումի եւ անտարբերութեան պատճառով, կրնայ համազօր ըլլալ չգրուած գիրքի մը անորոշ, անցեալ պատկերին։ Տրուած ըլլալով այդ պատկերը (ոչ ոք կրնայ ատիկա խղճմտօրէն մերժել ինծի), անվիճելի է, որ իմ խնդիրս աւելի դժուար է, քան Սերվանթէսի խնդիրը։ Իմ պատրաստակամ նախակարապետս պատահականութեան գործակցութիւնը արհամարհած չէ. անմահ գործը կը յօրինէր քիչ մը à la diable՝ լեզուի ու ստեղծագործութեան ինքնակայ շարժումէն տարուած։ Ես ստանձնած եմ անոր տարերային գործը տառացիօրէն վերականգնելու խորհրդաւոր պարտականութիւնը։ Երկու հակադիր օրէնքներ կը ղեկավարեն մենաւոր խաղարկութիւնս։ Առաջինը կը թոյլատրէ ձեւապաշտ կամ հոգեբանական տարբերակներ փորձել. երկրորդը կը պարտադրէ զանոնք “բնատիպ” օրէնքին զոհաբերել եւ այդ ոչնչացումը տրամաբանել անհերքելի կերպով… Արուեստական այդ կապանքներուն պէտք է բնածին մէկ ուրիշը գումարել։ ԺԷ. դարու սկզբնաւորութեան “Քիշոթ”ի յօրինումը՝ տրամաբանական, անհրաժեշտ, թերեւս անխուսափելի ձեռնարկ մըն էր. Ի. դարու սկզբնաւորութեան՝ գրեթէ անկարելի։ Ի զուր անցած չէ երեք հարիւր տարի, ծանրաբեռնուած՝ ամենաբարդ դէպքերով։ Անոնց շարքին, սոսկ մէկը յիշելու համար՝ նոյնինքն “Քիշոթ”ը»։
Ի հեճուկս այդ երեք արգելքներուն, Մենարի հատուածական «Քիշոթ»ը աւելի նուրբ է, քան Սերվանթէսի «Քիշոթ»ը։ Վերջինս իր երկրին գաւառական աղքատիկ իրականութիւնը ասպետական պատումներուն կը հակադրէ՝ առանց մշակելու, մինչ Մենար Գարմէնի հողին «իրականութիւնը» կ՚ընտրէ՝ Լեպանտոյի ճակատամարտի եւ Լոփէ տէ Վեկայի թատերախաղերու դարուն։ Այդ ընտրութիւնը տեղական գոյնի ի՛նչ երանգաւորումներ թելադրած կ՚ըլլար Մօրիս Պառէսին կամ դոկտոր Ռոտրիկէս Լառեթային։ Ամենայն բնականութեամբ, Մենար անոնցմէ խոյս կու տայ։ Իր երկէն գնչուական յատկութիւններ, նուաճողներ, միստիկներ, Փիլիպպոս Բ. կամ հաւատաքննութիւն կը բացակային։ Ան տեղական գոյնը կ՚անտեսէ կամ կ՚արգիլէ։ Այդ քամահրանքը պատմավէպի նոր իմաստ մը ցոյց կու տայ։ Այդ արհամարհանքը “Salammbo”ն կը դատապարտէ անվերաքննելիօրէն։
Առանձին գլուխներու նկատառումը պակաս զարմանալի չէ։ Օրինակ, քննենք առաջին մասի ԼԸ. գլուխը, «որ կը պատմէ այն հետաքրքիր ճառին մասին, զոր Տոն Քիշոթը ըրաւ զէնքերու եւ գրականութեան մասին»։ Յայտնի է, որ Տոն Քիշոթը (ինչպէս Քեվետոն՝ “La hora de todos”ի նմանօրինակ, աւելի ուշ ժամանակի հատուածին մէջ) վէճը կը վճռէ ընդդէմ գրականութեան եւ յօգուտ զէնքերու։ Սերվանթէս հին զինուորական էր. իր վճիռը բացատրելի է։ Բայց որ Փիեռ Մենարի՛ – “La trahison des clercs”ի եւ Պերթրանտ Ռասըլի ժամանակակից մարդ – Տոն Քիշոթը վերստին դիմէ այդ մշուշոտ իմաստակութիւններուն…։ Անոնց մէջ, Մատամ Պաշըլիէ տեսած է հեղինակին հիանալի եւ տիպական ստորադասումը հերոսի հոգեբանութեան. այլք (առանց որեւէ թափանցումի)՝ «Քիշոթ»ի մէկ արտագրումը, իսկ պարոնուհի տը Պաքուրը՝ Նիցչէի ազդեցութիւնը։ Չեմ գիտեր, թէ պիտի յանդգնիմ այդ երրորդ մեկնաբանութեան, զոր անհերքելի կը նկատեմ, չորրորդ մը աւելցնել, որ շատ լաւ կը համեմատի Փիեռ Մենարի գրեթէ աստուածային համեստութեան հետ. անոր համակերպած կամ հեգնական սովորութիւնը՝ գաղափարներ տարածելու, որոնք անոր նախընտրածներուն ճիշդ հակառակ նեն։ (Յիշենք դարձեալ անոր պարսաւը Փօլ Վալերիի դէմ՝ Ժագ Ռըպուլի գերիրապաշտ վաղանցուկ թերթին մէջ)։ Սերվանթէսի եւ Մենարի բնագրերը բառացիօրէն նոյնական են, բայց երկրորդը գրեթէ անհունապէս աւելի հարուստ է։ (Աւելի երկդիմի, պիտի ըսեն անոր հակառակորդները, բայց երկդիմութիւնը հարստութիւն է)։
Մենարի ու Սերվանթէսի «Տոն Քիշոթ»ներուն համեմատութիւնը յայտնութիւն մըն է։ Վերջինս, օրինակ, գրած է («Տոն Քիշոթ», առաջին մաս, իններորդ գլուխ).
… la verdad cuya madre es la historia, émula del tiempo, depósito de las acciones,
testigo de lo pasado, ejemplo y aviso de lo presente, advertencia de lo por venir.
( «…ճշմարտութիւնը որուն մայրը պատմութիւնն է՝ ժամանակի նմանակ, արարքներու շտեմարան, անցեալի վկայ, ներկայի օրինակ եւ խորհրդատու, գալիքի ազդարարութիւն»)։
Այդ թուարկումը, ԺԷ. դարուն գրուած՝ «հնարամիտ աշխարհական» Սերվանթէսի կողմէ, պատմութեան սոսկ հռետորական գովքն է։ Մենար, փոխարէնը, կը գրէ.
… la verdad cuya madre es la historia, émula del tiempo, depósito de las acciones,
testigo de lo pasado, ejemplo y aviso de lo presente, advertencia de lo por venir.
( «…ճշմարտութիւնը որուն մայրը պատմութիւնն է՝ ժամանակի նմանակ, արարքներու շտեմարան, անցեալի վկայ, ներկայի օրինակ եւ խորհրդատու, գալիքի ազդարարութիւն»)։
Պատմութիւնը՝ ճշմարտութեան «մայր». գաղափարը ապշեցուցիչ է։ Ուիլիըմ Ճէյմզի ժամանակակից Մենարը պատմութիւնը չի սահմաներ որպէս իրականութեան հարցապնդումը, այլ՝ որպէս անոր ծագումը։ Ըստ անոր, պատմական ճշմարտութիւնը պատահածը չէ, այլ ինչ որ կը կարծենք, որ պատահած է։ Աւարտական դրոյթները – «ներկայի օրինակ եւ խորհրդատու, գալիքի ազդարարութիւն» – անամօթաբար գործնապաշտ են։
Ոճերու հակադրութիւնը նոյնպէս ընդգծուած է։ Մենարի – ի վերջոյ՝ օտարական մը – հնատիպ ոճը որոշ արհեստականութիւն կը պարունակէ։ Նոյնը չէ անոր նախակարապետին պարագան, որ առանց այլեւայլի իր ժամանակի խօսակցական սպաներէնը կը գործածէ։
Մտաւորական վարժանք չկայ, որ ի վերջոյ անպէտք չդառնայ։ Սկզբնապէս, փիլիսոփայական վարդապետութիւն մը տիեզերքի ճշմարտանման նկարագրութիւն մըն է. տարիները կը թաւալին եւ ան փիլիսոփայութեան պատմութեան պարզ մէկ գլուխը կը դառնայ, եթէ ոչ՝ պարբերութիւն կամ անուն։ Գրականութեան մէջ, այդ վերջնական ժամանցումը ա՛լ աւելի բացայայտ է։ «Քիշոթ»ը՝ Մենար ինծի ըսաւ, հաճելի գիրք մըն էր ամէն բանէ վեր. ներկայիս՝ հայրենասիրական կենացներու, քերականական ամբարտաւանութեան, գայթակղիչ շքեղ հրատարակութիւններու առիթ մըն է։ Փառքը անհասկացողութիւն մըն է, թերեւս՝ յոռեգոյնը։
Այդ ոչնչապաշտ դիտարկումները նորութիւն չեն, սակայն անոնցմէ բխեցուցած Փիեռ Մենարի որոշումը ուշագրաւ էր։ Ան վճռեց առաջքը առնել մարդու բոլոր յոգնութիւններուն սպասող ունայնութեան ու ձեռնարկեց ամենաբարդ եւ ի սկզբանէ ապարդիւն նախաձեռնութեան մը։ Նախագոյ գիրքի մը՝ իրեն խորթ լեզուով կրկնութեան, իր վարանումներն ու անքուն գիշերները նուիրեց։ Սեւագրութիւնները բազմացուց, եւ հազարաւոր ձեռագիր էջեր յամառօրէն սրբագրեց ու պատռեց[3]։ Թոյլ չտալով ոեւէ մէկուն, որ քննէր զանոնք, յատուկ հոգ տարաւ, որ անոնք չգոյատեւէին իրմէ ետք։ Անոնց վերականգնումը փորձած եմ՝ ի զուր։
Կը խորհիմ, որ ընդունելի է վերջնական «Քիշոթ»ը տեսակ մը ջնջագիր նկատել, որ մեր բարեկամին «նախընթաց» գրութեան հետքերը – աղօտ բայց ո՛չ անվերծանելի – պէտք է ցոլացնէ։ Դժբախտաբար, միայն երկրորդ Փիեռ Մենար մը, նախորդին գործը շրջելով, պիտի կարենար այդ Տրովադաները շիրիմէն հանել ու վերակենդանացնել…
«Մտածել, վերլուծել, հնարել», ան գրած է նաեւ ինծի, «տարականոն արարքներ չեն, այլ խելքի սովորական շունչը կը ներկայացնեն։ Այդ պաշտօնին պարագայական գործադրութիւնը փառաբանել, հին ու խորթ մտածումներ ամբարել, doctor universalisին մտածածը կասկածոտ ապշութեամբ յիշել, կը նշանակէ մեր անկենդանութիւնը կամ մեր բարբարոսութիւնը խոստովանիլ։ Ամէն մարդ պէտք է ամէն գաղափարի հասու ըլլայ եւ կը հասկնամ, որ ապագային պիտի ըլլայ»։
Մենար, թերեւս ակամայ, ընթերցանութեան անշարժ եւ նախնական արուեստը հարստացուցած է նոր՝ դիտաւորեալ ժամանակավրիպումի եւ սխալ վերագրումներու թեքնիքով։ Անվերջանալի կիրարկումի այդ թեքնիքը մեզ կը քաջալերէ «Ոդիսական»ը կարդալ որպէս թէ «Ենէական»ին յաջորդած ըլլար, մատամ Անրի Պաշըլիէի “Le jardin de Centaure” գիրքը կարդալ որպէս թէ մատամ Անրի Պաշըլիէի պատկանէր։ Այդ թեքնիքը ամենահանդարտ գիրքերը դիպուածներով կ՚օժտէ։ «Նմանութիւն Յիսուս Քրիստոսի»ն վերագրել Լուի Ֆերտինան Սելինի կամ Ճէյմզ Ճոյսի ՝ արդեօք այդ հոգեկան թոյլ կանխազգուշացումներուն բաւարար վերանորոգում մը չէ՞։
Նիմ, 1939
[1]Մատամ Անրի Պաշըլիէ նաեւ կը թուարկէ Սուրբ Փռանկիսկոս Սալեսիացիի “Introduction à la vie devote”ի՝ Քեվետոյի կատարած բառացի տարբերակին մէկ բառացի տարբերակը։ Նման գործի հետքը չկայ Փիեռ Մենարի գրադարանին մէջ։ Մեր բարեկամին թիւըմբռնուած մէկ կատակը ըլլալու է։
[2]Փիեռ Մենարի պատկերը ուրուագծելու երկրորդական նպատակը ունեցայ նաեւ։ Բայց ինչպէ՞ս կրնայի համարձակիլ մրցակցելու այն ոսկեայ էջերուն հետ, զորս պարոնուհի տը Պաքուրը կը պատրաստէ, ինչպէս կ՚ըսեն ինծի, կամ Գարոլուս Ուրքատի նուրբ եւ ճշգրիտ մատիտին հետ։
[3]Կը յիշեմ քառակուսի գծագրուած էջերով իր տետրակները, սեւ ջնջումները, առանձնայատուկ տպագրական նշանները եւ միջատանման գիրը։ Երեկոներուն կը սիրէր ելլել ու Նիմի արուարձաններէն քալել. սովորութիւն ունէր տետրակ մը տանիլ իր հետ եւ զուարթ խարոյկ մը վառել։