Րաֆֆի Աճէմեանի դասախօսութիւնը կը մեկնէր Գրիգոր Պըլտեանի «Անունը լեզուիս տակ» հատորին մէջ երեւցող հետեւեալ տողէն՝ «Տէ՛ր, եթէ կաս, մի՛ ներեր անոնց, քանի որ գիտեն՝ ի՛նչ ըրին…»։ Տողը կը կրկնէ, միաժամանակ շրջելով, Յիսուսի «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր» աղօթքը, արտասանուած խաչափայտին վրայ։
Աճէմեան նախ կ՚անդրադառնա գրքի բովանդակութեան, որպէսզի հասկնալի դառնա տողին շրջարկը։ Գիրքը, որ պատումի ժանրին կը պատկանի, այսինքն գեղարուեստական գործ մըն է, կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս համալսարանական ամփիթատրոնի մը մէջ տեղի ունեցող ու ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովի մը ընթացքին, երբ դասախօս կին մը քարտեսի մը վրայ թիւերով ու անուններով կը նկարագրէ Մուշի ջարդերն ու հրկիզումը, պատմողը, որ ներկայ մըն է, կը մտաբերէ իր մանկութեան օրերուն ճիշդ այդ դէպքերէն վերապրած մշեցի պառաւ մը, Նանօ անունով, որուն պատմութիւններուն մտերմութեան մէջ հասակ նետած է ան։
Վերյիշումներու թեքնիքին միջոցաւ Պըլտեան շերտ առ շերտ կը կառուցէ վրայ վրայի դրուած ժամանակներու խաւաւորում մը, ուր պատումը կ՚երթեւեկէ կնոջ արխիւացնող ակնարկին ու նոյն սրահին մէջ պատմողին ուսանողութեան տարիներու ուսուցչին ներման ու աններելիին նուիրուած ատենախօսութիւններուն միջեւ։ Տողը ուսուցչինն է։ Երկուքն ալ սակայն դէպքի անհունին առջեւ կը խրին անկարելի բաւիղներու մէջ, մինչդեռ վերապրողը, որ Նանոյի կերպարն է, դուրս եկած է դժողքի իսկ աւազներէն։
Ահաւասիկ գեղարուեստական գործ մը, ուր ոճիրը, փոխանակ ծառայելու վիպումին իբրեւ ցուցադրութեան առարկայ, կը հանդիպի զայն արուեստի ճամբով մտածումի ու տարրալուծումի եթարկող փորձին, փորձ մը, որ կը միտի բառնալ անոր պատճառած պապանձումն իսկ։