Բանաստեղծութիւնների այս փունջը Վահան Թէքեանի այն հազուագիւտ գրքից է՝ «Տաղարան»-ից՝ (տպուած 1944-ին), որը երբեք չի վերահրատարկուել ու գրքի բանաստեղծութիւնները չեն մտել բանաստեղծի որևէ ժողովածուի մէջ:
Ինքնագիր
1.1
«Այդ նամակդ, Արշա՛մ, անոնցմէ չէ՝ որոնց կարելի է 8 կամ 15 օր վերջը պատասխանել։ Երկու օր եւ երկու գիշերէ ի վեր` որ զայն ունիմ եւ յուզումը, երկիւղը, ուրախութիւնն ու տխրութիւնը միասին կը յարձակին վրաս՝ ամէն անգամ որ միտքս անոր կ՚երթայ բռնաբար։ <…> Այդ ընթերցումէն ետք, նախ երկու ժամ նստած մնացի թիկնաթոռիս մէջ, գետինը կամ պատին նայելով բայց բան մը չտեսնելով, ինքզինքս գտնել, մտածումս կարգի դնել ուզելով՝ բայց չյաջողելով, ահաւոր քաղցրութեամբ ահաւոր բեռի մը տակ ինքզինքս ճզմուած զգալով եւ հազիւ մերթ ընդ մերթ խոր շունչ մը միայն առնել կրնալով՝ հեղձամահ չըլլալու համար։ Յետոյ՝ անկողին մտայ եւ մինչեւ լուս, կէս–քուն կէս–արթուն, ինչ որ կրեցի՝ ես գիտեմ միայն։ Երէկ, ամբողջ օրը, հիւանդի պէս էի …»
(Վահան Թէքէեանի նամակը Արշամ Տատրեանին[1],
Տե՛ս՝ Վահան Թէքէեան Նամականի; կազմեց, խմբագրեց եւ ծանօթագրեց` Աւետիս Գ. Սանճեան; Հրատարակութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան, 1983, էջ 317)
2.1
Հոս ես՝ անոնցմէ հազարաւոր մղոններ եւ գրեթէ 85 տարի հեռու: Շուարում մը կայ, որ քիչ ետքը մեղքի զգացումի պիտի փոխակերպուի։ Ի վերջոյ անյարմարութեան զգացում մը պէ՛տք է որ ունենաս, երբ կը կարդաս նամակներ –անձնակա՛ն նամակներ- գրուած այն ատեն, երբ մեծ մամադ պզտիկ աղջիկ մըն էր տակաւին: Ի՞նչ պէտք ունէիր թաղուելու հին սէրերու եւ մոռցուած կիրքերու այս փոշիին մէջ, տարտղնելու համար ծնունդէդ տասնամեակներ առաջ արդէն պաղած սրտերու գաղտնիքները… Բայց հոս ես՝ պաստառին առջեւ, եւ կը ջանաս նամակներու ենթախորքին երկարող չըսուած խօսքերու եւ անծանօթ պատասխաններու ետին մութ գիշերներուն մէջ թաքուն մերձեցումներուն պատմութիւնները երեւակայել… Մէկուն թոռը կրնայիր ըլլալ, միւսին՝ թոռնորդին։ Բայց՝ ես ո՛չ մէկը անոնց։ Ուրեմն ո՞ր մէկ իրաւունքով ներխուժած ես այս տարածքը… Սկիզբը ամէն բան շատ դիւրին թուեցաւ, երբ հեռաձայնեցին եւ խնդրեցին Թէքէեանի արդէն շատոնց մոռցուած «Տաղարան»էն փունջ մը պատրաստել հրապարակումի համար, պզտիկ նախաբանով մը։ Քիչ մը տատամսեցար, բայց համաձայնեցար։
Եւ գացիր հոն։
1.2
«Արշա՛մ, կը հասկնաս հարկաւ, որ մեղադրանք չէ ասիկա, բայց ի՞նչ ըրիր ինծի: Դուն որ աւելի խորունկ կարդացեր ու ճանչցեր ես զիս՝ քան ինչ որ կը կարծէի, չես ճանչցեր սակայն թէ յաւիտենական զրկանքը ի՜նչչափ տկարացուցած է զիս՝ միմիայն կաթով ապրող ստամոքս մը, որուն յանկարծ փարջ մը ամենաթունդ գինի կը ջամբեն։ Իմ կաթիս չեմ կրնար վերադառնալ այլ եւս ու անգամ մը խմուած այս գինին ինքնիրեն կը վերանորոգուի հիմա, յիշողութիւնս զայն միշտ կը հայթայթէ ինծի, իր ծանրութիւնը, իր ուրախութիւն բերել ուզող՝ բայց տխրութեան փոխուող գինովութիւնը հոգիիս եւ մարմինիս մէջն են հիմա…»
(Նոյն տեղը, էջ 317-18)
2.2
Երբ առաջին անգամ բացիր «Տաղարան»ը -ե՞րբ էր ատիկա- հիասթափութեան զգացում մը ապրեցար միայն: Առասպելը գիրքին շուրջ, զոր լռած եւ անտեսած են տասնամեակներ շարունակ, երեւակայել տուած էր թէ հոն իրապէս ցնցող բաներ պիտի գտնէիր: Բայց` միայն ձանձրալի հնչեակներ, ծանօթ թէքէեանական ոճով: Կարելի է` քիչ մը աւելի կրքոտ, քիչ մը աւելի բաց կամ համարձակ (որչափ կարելի է ատիկա Թէքէեանի պարագային), բայց ոչ երբեք այն, ինչ կը սպասէիր: Առաջին անգամն ըլլալով Թէքէեան որոշած էր բացայայտ կերպով խօսիլ իր զգացումներու մասին, թերեւս ակնարկել իր սեռականութեան…[2] եւ ձախողած էր, ամէն պարագայի, այդպէս կարծած էիր: Եւ հիմա նորէն պիտի վերադառնաս այդ գիրքին: Կը բանաս զայն, կը կարդաս նորէն, սկիզբը` քիչ մը վարանումով, յետոյ հեգնանքով, յետոյ կը ջանաս ընկղմիլ պատմութեան խորը, բառին ընդերքը, ինչպէս պիտի ըսէր բանաստեղծը:
1.3
«Արշա՛մ, իմ սիրտս տղու, բայց ծեր տղու սիրտ մըն է։ Չես կրնար գիտնալ՝ թէ ծեր տղայ մը ի՛նչպէս կ՚ըլլայ ու լաւ է որ չգիտնաս, երբե՛ք: Ըսել կ՚ուզեմ՝ ապագային քու հաշուոյդ եւ այսօր իմ հաշուոյս չգիտնա՜ս զայն։ Սիրած եւ չսիրուելէն սպառած սէրերով սիրտ մը: Սիրուելու չհաւատալէն իր սէրերն սպաննած եւ անոնց վրայ լացած սիրտ մը։ Սիրտ մը՝ որ երկար ատեն, երբ դեռ կրնար թերեւս սիրուիլ բացառաբար, իր սէրերէն ամչցած եւ ինքզինք հրէշ մըն է համարած ու ատոր համար տանջած է ինքզինքն՝ ահաւոր կերպով։ Որ, երբեմն, մէկդի քաշուած ու թողած է, որ զինք պարունակող մարմինը նետուի ու զովանայ ճահիճներու մէջ՝ մինչ ինք կը հեծեծէր։ Որ, երկու անգամ, ինքն ալ անոր հետեւած, ինքզինք բռնուած զգացած է ճահիճին մէջ, հոն խայտացած ու խտղտացած է, բայց ի զուր հոն սպասած է լսել (ի՞նչպէս կարելի էր արդէն) իր խայտանքին արձագանգը եւ առաջուընէ աւելի տրտում ու յուսահատ՝ հեռացած է հոնկէ, մոռցած է զայն…»
(Նոյն տեղը, էջ 318)
2.3
Արեւելեան քաղաքին վրայ վերջապէս իրիկունը զովութեան պատրանքը պիտի բերէ: Եւ երիտասարդ մը, գաղտուկ ու հեւ ի հեւ, պիտի մօտենայ բնակարանին դրան, որուն ետին, ինչպէս միշտ, կեցած է ան` ծերացող բանաստեղծը, անյուսօրէն տգեղ ու հիւծած, բայց որ գերած է պատանիին սիրտը իր քերթուածներուն լալկան լարովը: 19 տարու էր միայն, երբ մեկնեցաւ Գահիրէէն, կ’ուզէր բանաստեղծ ըլլալ, մտածող, միսթիկ ու փիլիսոփայ, բայց պիտի յիշուի գրականութեան պատմութեան մէջ թերեւս Թէքէեանին քովը միայն:
Թերեւս միամիտ էր, թերեւս կը կարծէր թէ այդպէս պղատոնական պիտի մնար ամէն բան: Ի վեջոյ դիւրին էր հեռուէն, նամակներու էջերուն վրայ կիրք խաղալ… բայց տեղ մը սահման մը անցած էր, եւ հիմա, վերադարձէն ետք, ալ պէտք է ջանար պզտիկ գոհացում մը գոնէ բերել բանաստեղծին «սիրած եւ չսիրուելէն սպառած սէրերով սիրտ»ին:
1.4
«…լա՞ւ է թէ գէշ՝ որ դէմ դիմաց չենք։ Անշուշտ, անհուն փափաքը ունիմ, եւ փափաքէն զատ հետաքրքրութիւնը, քեզի հանդիպելու եւ տեսնելու՝ թէ ի՛նչպէս կը վերաբերինք իրարու հանդէպ, ի՛նչպէս կը տանինք իրար՝ հիմա որ տարբեր ենք: Բայց այդ փափաքին եւ հետաքրքրութեան հետ ունիմ նաեւ երկիւղը չըլլալու ինչ որ կը կարծես, ու այս պատճառաւ գոհ եմ, կարծես, որ տարածութիւններ կան մեր միջեւ: Ու միշտ, անուշ երազ մըն է, զոր հրճուանքով կը փայփայեմ՝ մեր միասին ըլլալու, միասին ապրելու եւ աշխատելու երազը, որ ի՞նչպէս կրնայ իրականանալ սակայն…»
(Նոյն տեղը, էջ 320)
2.4
Եւ դրան ետին կեցած է ան, սրտատրոփ: Կը սպասէ, ինչպէս ատենօք նամակներու կը սպասէր: Սպասումը կը խտանայ բնակարանին մէջ, թերեւս մերթ ընդ մերթ տեղը անյուսութեան զիջելով: Կու գա՞յ այսօր ալ: Միամիտ չէ բնաւ, գիտէ թէ օր մը պարզապէս վերջանայ պիտի ամէն բան:
Թռչունը չի կրնար երկար մնալ այս վանդակին մէջ:
Իսկ թռչունը ինք ալ թերեւս չի հասկնար՝ ինչո՞ւ կու գայ:
Թերեւս դուն ալ, այսքան տարի ետք, նստած համակարգիչի պաստառին առջեւ, չես հասկնար՝ ինչո՞ւ հետաքրքրական է ասիկա:
Բան մը կայ, որ չես բռներ, եւ որ կարեւոր կը թուի ըլլալ:
1.5
«Կը կարդամ նորէն նամակս ու նամակդ: Իմս՝ քիչ կը մնայ, որ պատռեմ, բայց, tant pis![3], դուն կը հասկնաս զայն եւ եթէ ներել պէտք է՝ կը ներես անոր, ինծի: Իսկ քուկդ. ի՞նչու, ո եւ է «գծի վրայ», կ՚ըսես թէ ինքզինքդ ու քու զգացումներդ շատ կը պահես ինձմէ, ու ասիկա՝ որովհետեւ կը զգուշանաս ինծի ցաւ պատճառելէ։ Ի՞նչու այդ «ներողութիւնները», այդ «արցունքով լեցուն բառերը»: Կարծած էի քիչ մը հասկնալ՝ երբ կարդացի առաջին անգամ, բայց հիմա, ո՛չ, չեմ ուզեր, չեմ կրնար հասկնալ, պէտք չէ հասկնամ: Իսկ եթէ կը կարծես որ այս նամակիս առաջին մասը զիս արժանի կ՚ընծայէ հասկնալու, բացուէ՛ ամբողջովին, որովհետեւ ես վստահ, ես բացարձակ վստահ եմ, որ քեզմէ սփոփանք եւ քաղցրութիւն միայն կրնայ գալ ու տխրութիւնս ու վախս կ՚անցնին՝ քիչ մը վարժութեամբ:
Աչքս աչքիդ մէջ ու թեւերս ուսերուդ՝ կը համբուրեմ քեզ.
Վահան Թէքէեան»
(Նոյն տեղը, էջ 320-21)
2.5
Թէքէեան սպառած էր ինքզինք շատոնց: Թերեւս ապրելու, սիրելու եւ սիրուելու պատրանքը կ՚ուզէր ունենալ:
Արդէն ամէն բան պատրանք չէ՞ր իր կեանքին մէջ:
Եւ ամէն բան պատրանք էր, եւ ոչինչ կար:
Կային պարզապէս երկու բանաստեղծներ, որ կարծեցին թէ կրնային քալել ժամանակին դէմ: Եւ քանի որ ամէն բան պատրանք էր ի սկզբանէ, այդ սիրոյ համար գրուած տաղերն ալ եղան սիրոյ պարզ երգեր միայն: Յետոյ ամէն բան վերջացաւ: 1945ին Թէքէեան մեռաւ: Արշամ սպասեց 11 տարի եւ հետեւեցաւ ուսուցչին:
Եւ ոչինչ մնաց այդ պատրանքային սիրոյ պատմութենէն: Եւ կամ մնաց ոչինչը:
Այս տաղերը:
Քրիստիան Բատիկեան
12 Յունուար 2016
Վահան Թէքէեան
Տ Ա Ղ Ա Ր Ա Ն
Գահիրէ, 1944
/58 քերթուած, գրուած Մարտ 1940-Նոյեմբեր 1941 շրջանին/
Ա.
«Ես ձեր զաւակն եմ… Ո՛չ, աւելի՛ն…»
Անշուշտ թէ շա՜տ աւելին… Իմ սփոփանքս ու բախտս ես.
Գութն ես կեանքին` իր երկար չարութենէն, ցաւէն վերջ,
Անցեալն ես մէկ հարուածով լուսցած, բուժուած սրտիս մէջ,
Կամ ներկան ես` զայն վանած ու զիս լըցած լիապէս…
Ինչ որ ըսիր եւ ըրիր, բառ ու նայուածք ու շարժում,
Ճիշդ պատասխանն էր միայն հոգւոյս խորունկ, հին կոչին.
Ի՞նչպէս գիտցար եւ ի՞նչպէս եղար անուշ, թունդ գինին,
Կենարար հացն ալ եղար` զոր կ’որոճամ ամէն ժում…
Ա՛հ, ո՛չ մէկ բան աւելորդ եւ ոչ մէկ բան ալ պակաս…
Դուն չես գիտեր, գիտեմ ե՛ս թէ ի՜նչպէս ես կատարեալ,
Ի՜նչպէս շընորհք ես ամբողջ ու ինձ Շընորհը կ’ըլլաս…
Ա՛յնքան զեղուն բարութեամբ, ա՛յնքան փափուկ, աղուոր ալ`
Տարածեցիր օդ մը նոր եւ լոյս մը նոր իմ վըրաս,
Որոնց ներքեւ կը հծծեմ. «Օ՜հ, իմ զաւա՜կս… օ՜հ, դուն կա՜ս…»
Ե.
Ըսէ՛ քեզի, օր մը ուշ, երբ ես դարձած ըլլամ հող
Ու դուն մեծցած ըլլաս շատ, մեզ յիշելով միասին
Ըսէ՛ թէ քեզ սիրեցի իբրեւ սիրող ու քերթող`
Այնպէս ինչպէս Միքէլ Անժ ու Շէքըսփիր սիրեցին…
Խորունկ ու քիչ մը ծածուկ, քիչ մ’ալ տըխուր այն սիրով
Սիրեցի քեզ` որ կուգայ չես գիտեր ո՛ր աշխարհէն,
Ո՛ր ատենէն, աղէտէն` երբոր մարդիկ քովէ քով
Եկած զիրար իրենց մէջ կը շնչէի՜ն ծանրօրէն…
Ըսէ՛ քեզի թէ փոխան իմ մեծ սիրոյս դուն տըւիր
Ինծի գորովըդ ուժեղ, չխրտչեցար սիրուելէ
Եւ ցուրտ ու մութ իմ սրտիս եղար դուն հուրը անծիր…
Եւ օ՜հ, չըլլա՜յ որ խորհիս, ո՛վ քեզի ի՛նչ ալ ըսէ,
Թէ պէտք չէի՜ր… Չըզղջա՜ս երբեք, ո՛վ քաղցր իմ հոգի՛ս,
Աստուծոյ տեղ` Աստուծոյ պէս սիրելուդ համար զիս…
Զ.
Մընա՜նք, հոգի՛ս, սիրտ սրտի… Ա՛յս եւ ուրիշ ո՛չ մէկ բան…
Իրար սիրենք եւ ըլլանք այնքան մօտիկ` որ ոչինչ,
Ո՛չ իսկ թել մը կարենայ մեր սիրտերուն հանդիպման
Կէտին անցնիլ մէջտեղէն, ու մեր խոհերը միշտ ջինջ
Ըլլան հանդէպ իրարու եւ իրար մի՜շտ հասկընան…
Գիտե՞ս, ծաղկի մ’է նըման, շքեղ ու շա՜տ հազուագիւտ,
Սէրն որ բուսցուց իմ հողիս մէջ քու առուակըդ շեղած…
Օ՛հ, գուրգուրա՛նք այդ ծաղկին վըրայ` որ է նոյնքան նիւթ
Որքան հոգի, ու եթէ զայն չորցընէ իսկ Աստուած`
Պահենք իր յուշը մեր մէջ իբրեւ բուրում մ’անստգիւտ…
Չըկարծեցի՜ր դուն գուցէ` թէ ես պիտի քեզ սիրեմ
Այսքան խորունկ, մեծ սիրով… Դուն խորհեցար աւելի՛
Տալ քան առնել… Բայց տըւածդ էր իմ ցուրտիս, մութիս դէմ
Յանկարծ ա՛յնպէս լուսաւոր, ա՛յնքան սրտով, հոգւով լի`
Որ մոխիրէն իմ սրտիս թըռաւ այս բո՛ցը վըսեմ…
Ժ.
Կը փափաքիմ երկուքիս կողմէ երգել ասկէ վերջ,
Մէ՛կ հոգիով, մէ՛կ մտքով, ես պզտիկցած, դուն մեծցած`
Քիչ մը միայն, պէտք չունի՜ս աւելիին, քեզ Աստուած
Արդէն ծընած ըլլալով հոգիով մեծ, մտքով պերճ…
Կ’ուզեմ երգել երկուքիս կողմէ, զի չե՜ս երգեր դուն`
Չըկարծելով թէ կրնաս… մինչ ես գիտեմ թէ որքա՜ն
Կը ծընի խոկ ճակտիդ տակ` առուգօրէն իմաստուն
Եւ ո՜րքան դա՛շըն տեսիլք աչքիդ եզերքը կուգան…
Սակայն որպէս զի ննջէ իմ ձայնիս մէջ քու ձայնդ ալ
Եւ իմ լոյսիս մէջ փայլի քու բոցըդ եւս քիչ մը գէթ`
Պէտք է որ նախ կարենամ սիրտըս ամբողջ քեզ բանալ…
Ու յետոյ պէտք է որ դուն թարմութենէդ եւ ուժէդ
Աւիւն ու խանդ փոխանցես իմ հոգիիս` երգելով
Գոնէ մտքէդ ինծի հետ, թեւըդ թողած թեւիս քով…
ԺԴ.
Երեկո՛յ անուշ, դառըն երեկո՛յ,
Քա՜ղցր էիր ինծի` քանզի կուգար ան
Եւ կը սուզուէինք միմեանց մէջ յետոյ
Ու կը թարմանա՜ր, կ’երգէ՜ր ամէն բան…
Հիմա դա՜ռն ես դուն` զի չեկաւ, չի՜ գար
Եւ գուցէ երբեք պիտի չըգայ ա՛լ…
Վայրկեաններն ի՜նչպէս կը սահին դժուար`
Ծանրացած ցաւովն իմ բախտիս անցեալ…
Երեկո՛յ, եղի՛ր անոր յուշարար
Եւ ըսէ՛, հոսէ՛ իր սիրտըն ի վար`
Թէ ի՜նչ երջանիկ մեզ յաճախ տեսար…
Այդպէս ան թերե՜ւս յիշելով ըզքեզ,
Լըսելով հեռուն լըռութիւնըս հեզ`
Մեղքընա՜յ ինծի եւ մեղքընա՜յ մեզ…
ԺԸ.
Եթէ այսօր ալ ինծի շընորհ բերած ըլլայիր
Ընդունէի պիտի քեզ տարբե՜ր ուրիշ օրերէ…
Զուր ըսէի պիտի ինձ. «Սի՛րտ իմ, ինքզինքըդ զսպէ՛»,
Պիտի լենար աչքս արցունք, մինչ` շըփոթած, կարեկիր`
Դուն նայէիր պիտի ինձ, չըգիտնալով թէ ի՛նչու
Այս նոր ալիքն է եկեր խաղաղած սէրս յուզելու…
Սակայն չեկա՜ր, ու մընա՜ց աչքըս ճամբան, ու աչքիս
Մէջ կախուածի պէս մընաց յոյսըս` տղեկ մը աղուոր`
Որուն ի զո՜ւր ուժ տըւի, եւ որ ճիչով մը անզօր
Քեզ կանչելով, խնդրելով, մեղադրելով նաեւ զիս`
Թէ գործած եմ մեղք մ’անշուշտ այս պատիժին արժանի,
Փըչե՜ց իր շունչն ու այնտեղ հիմա մեղմիւ կ’օրօրուի…
Եթէ եկա՜ծ ըլլայիր` ընդունէի պիտի քեզ
Ո՛չ կարօտովն ու սիրովը լոկ սրտիս այսօրուան
Այլ եւ սրտիս անցեալի` որուն զրկանքն անսահման
Ու տրտմութիւնը խորունկ դարձած էր ետ ինձ կարծես
Եւ կը սպասէր, կը սպասէ՜ր, ա՛հ, կը սպասէ՜ր որ իրեն
Ժպտէիր դուն եւ յանկարծ քեզի փարէ՜ր ուժգնօրէն…
ԻԵ.
Իմ քեզ սիրելս ամէն կամ թէ շատ մարդ հասկընար
Պիտի թերե՜ւս՝ եթէ զայն ես պատմէի աշխարհի.
Բայց թէ ի՛նչպէս դո՛ւն կրնաս սէր ունենալ ինձ համար`
Այդ ես անգամ չեմ կրնար ըմբռնել, ո՛վ սիրելի…
Մենք կը պահուինք, լաւ կ’ընենք, աշխարհ չար է ու տխմար
Եւ մեզ երկուքըս մէկտեղ խաչը հանէր ան պիտի՝
Եթէ երբեք մեր ծածուկ սիրոյ դաշինքը գիտնար…
Նոյն խաչի՜ն վրայ մեզ երկուքս, անհաճոյ չէ՜ր այդ ինծի…
Խորունկ ու մեծ սէրերուն պէտք է գաղտնիք մը խորունկ,
Իբրեւ մըթին մթնոլորտը աշխարհին այն տարբեր՝
Ուր բողբոջած են անոնք եւ ուրկէ հոս են ինկեր…
Գոցե՛նք ամուր դուռը մեր եւ խօսակցի՛նք անաղմուկ
Մեզի համար կարեւոր միակ նիւթին վրայ, հոգի՛ս.
– Ես ըզքեզ շա՜տ կը սիրեմ ու կը սիրես դուն ալ զիս…
ԽԴ.
Ա՛հ, դուն ի՜նչպէս անցեալ օր եղար իմ դէմս անիրաւ.
Ի՞մ դէմս, ո՛չ, իմ սիրո՛յս, մեր սիրո՛յն դէմ: Եղար չար
Իր անցեալին` ծագումին, խուժումին դէմ, որ եկաւ
Փոթորկի պէս իմ վըրաս եւ որ քեզմէ՛ ինձ կուգար…
Ըսիր որ քեզ ես չէի սիրեր ինչպէս որ կ’ուզես,
Սրտով, հոգւով, մըտածմամբ, գուցէ նաեւ յարգանքով…
Ըսի՛ր, այո՛… Բայց ի՞նչպէս կրցար խօսիլ դուն այդպէս`
Երբ մեծութեանն իմ սիրոյս էիր ա՛յնքան ապահով…
Զիս ցաւցուցի՜ր… Զղջացի՜ր յետոյ… Տըւիր եւ տըւինք
Խորունկ սիրոյ մ’ապացոյցն` առաջ դուն ինձ, ես` յետոյ…
Հալեցա՜ւ մութն այդ պահուն, լուսցա՜ւ անգամ մ’ալ երկինք…
Բայց կը տանջէ զիս կասկածն` որ գուցէ մեղքն այդ անգոյ
Վերագրեցիր դուն ինծի, զի սէրէս կուշտ էիր ա՛լ,
Զի արդէն սիրտըդ ինձմէ ըսկըսած էր հեռանալ…
ԾԵ.
Անցեալ շաբթու երեք անգամ, սիրակա՛ն,
Մենք իրարու եղանք շատ մօտ հոգիով,
Մինչ մարմիններն ալ մեր՝ եկած քովէ քով,
Կարծեմ դժգոհ մօտութենէն այդ չեղան…
Առաջինին՝ վերէն լուսինն ու վարէն
Գետը եղան մեզի ծածկոց ու օթոց…
Օթո՛ց մ՚երկար՝ բազմոցին տակ քարեղէն,
Որուն վըրայ, երջանկագո՛յնը մարդոց՝
Կը կըրէի ես ծանրութիւնը մարմնոյդ,
Մինչ յուզուած ձեռքս ալ՝ ներքեւէն անութիդ
Կը բռնէր կուրծքդ՝ երեւոյթով մը անփոյթ…
Օր մը ուրիշ, խօսքեր խորունկ ու վըճիտ
Մեզ պահեցին գլուխ-գլխի, սիրտ-սրտի…
Բայց երրորդին յուշը պիտի չըգրուի…
ԾԸ.
Տարիներո՜վ չըբացուած` սիրոյ պահեստ մ’ունիմ ես
Ու չառնըւած տարիներ` ունիմ պահանջ մը սիրոյ…
Այսպէ՜ս էի երբ երէկ ինծի եկար ու այսպէ՜ս
Քեզ անհաշիւ սիրեցի ու սիրեցիր զիս յետոյ…
Բայց ա՛յնքան մեծ էր պահեստս, այնքան պահանջս ալ` անհուն,
Որ չըհատան` մին տալով, միւսն առնելով անդադար,
Ու կը հաւտամ` որ անցքէն իսկ յետոյ մեր կեանքերուն,
Անոնք երկրի վրայ մընա՜ն պիտի անեղծ, անվըթար…
Պիտի մընա՜ն միշտ անոնք… ու երբ լուծուի ու ցրուի
Մեզ պարուրող այս աշխարհն իսկ տարրերովն իր բոլոր,
Հոգիս, սիրով միշտ լեցուն ու մի՜շտ սիրոյ ծարաւի,
Պիտ’ ըսկըսի միջոցին մէջ թափառումը իր նոր,
Պիտի ըզքե՛զ փնտըռէ ու քենէ, ո՛վ սիրական,
Սիրուիլ յաւէտ ու սիրել քեզ միշտ ուզէ՜ պիտի ան…
Նմոյշներ Արշամ Տատրեանի գրիչէն
ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒ ՊԷՍ…
Բարեկամիս` Վ.Թ.ին
Ճամբաներու պէս երկու` բաժնըւեցանք իրարմէ,
Դեռ իրարու չը պարպած, կաթիլ կաթիլ, մենք մեզի…
Վերջին անգամ նայեցայ, ու նայեցար դուն ինծի…
Վայրկեանն այդ դեռ, սըրտիս մէջ, թռչունի պէս կ’արտասուէ…:
Զերդ վարագոյր` փակեցի ես իմ կոպերս հողի գոյն
Որպէսզի դուն չըտեսնես աչքերուս մէջ` ծալ ի ծալ
Դըրօշի պէս ծածանող յուզումը մեծ ու մըռայլ
Ու չըտեսա՜ր դուն շարժումը իմ ձեռքիս դողդոջուն…:
Ականջիս մէջ կը կըրեմ ձայնըդ զերդ լոյս մը առկայծ,
Սըրտիս ուսին` քու նայուածքդ, նըման ճիւղի մը ծաղկած,
Ու ձեռքիս մէջ` ձեռքերուդ քաղցրութիւնը, խուրձ առ խուրձ…:
Ճամբուն վրայ կը քակուին քայլերս հանգոյց առ հանգոյց…
Ես զիս տակաւ կը մոռնամ` երգի մը պէս արծաթեայ…
Մինչ հոգւոյս հետ ձեռք ձեռքի` ծովուն վըրայ ես հիմա…:
Վալապրը, 1928
(Արեւ օրաթերթ, Գահիրէ, 1928, Դեկտեմբեր 1, էջ 1)
ԻՆՉՊԷՍ…
Ինչպէ՞ս բերնիս ու ճակտիս ու այտերուս իմ վըրայ,
Տարիներէ վերջ նորեն, իմ շունչիս դէմ ես գըտայ,
Շունչիդ դողդոջ ու տժգոյն մատներուն դողն՝ անխընայ…
Օ՜հ, մութին մէջ աչքերուդ, դէզի մը պէս ցորեանի,
Լուրթ ծուխերո՜վ, բոցերո՜վ, անձն իմ ամբո՛ղջ որ կ՚այրի…
Որուն ի տես ես կ’ըլլամ յանկարծ տըղան անցեալի…
Ի՞նչ հրաշքով, Աստուած իմ, ի՞նչ հրաշքով կ՚ընես զիս
Ա՛յն որ այլեւըս ես չեմ այս էակին մէջ յասպիս,
Ժամանակին, միջոցի՛ն ու լոյսին մէջ ինքզինքիս…
Ու կուրծքիս տակ դարերով, անշարժացած ու լըռած`
Սիրտն իմ նորէն կը շարժի սարսուռներով լուսաբաց,
Որ են անհո՛ւն ու կ’երթան անհունութեան` գրկաբաց,
Ինչպէս կոչնակ մ’որ շարժէր եղեռնօրէն միս մինակ
Խորը ծովուն ջուրերուն առեղծուածով մ’անպարփակ
Առեղծուածին մէջ ինքն իր ու խաւարին` յաւէտ փակ…
Ո՛վ կեանք, ո՛վ կեանք որ կուգաս ինծի մահուա՛ն ընդմէջէն
Ու կ’ընես կեանքն իմ ամբո՛ղջ նորէն ծուէն առ ծուէն
Մըտածումիս պէս դաժան որ կը բաժնէ զիս` ինձմէն…
Ներէ ինծի, քաղցր էակ, զոր ես մոռցայ վերստին…
(Արեւ օրաթերթ, Գահիրէ, 1933, Ապրիլ 15, էջ 2)
ՄԵՆՔ հանդէսէն
(1931, Փարիզ)
ԿԱՐԾԵՍ ԵՍ…
Զուր ճիգեր, զուր ճիչեր ինքզինքէդ փախչելու.
Ինձ կ’ըսես – բարեկա՛մ, միշտ հեռո՜ւ, շատ հեռո՜ւ…
ԱՆԾԱՆՕԹ
Կարծես ես արիւնիդ խոտերուն մէջ նորէն
Շուքի պէս` երկարած կը ննջեմ քաղցրօրէն.
Մինչ սոյլեր սրինգի քու սրտիդ առուակէն…
Վայրկեանին ճիւղին վրայ զերդ կաթիլ մ’անձրեւի
Որ մեղմիւ կը մխայ ճաճանչի մ’ըսպիտակ
Ու բարի ու դողդոջ աղեղին ձեռքին տակ`
Իմ կեա՜նքս, իմ կեա՜նքս, իմ կեա՜նքս կ’օրօրուի…
Մատներէդ` շրթներուս կը թափի հին գինի…
Մեռելներ կը հային ծաղիկի մ’աւերակ
Քաղաքին մէջ հիմա… Ու կոչնակ ու կոչնակ,
Վախն իմ մէջ զարդագեղ գըրքի պէս կը բացուի…
Ըլլայի՛նք, ըլլայի՛նք դըղեակին մէջ ամպին
Գիրկ գրկի ու հեռո՛ւ մարդերէն, իմ անգի՛ն,
Ու խուրձերն օրերուն մեր վըրայ քակուէին…
ՃԱՄԲԱՅԷՆ ՍՊԻՏԱԿ
Ճամբայէն ըսպիտակ գորշ տըղայ մը կ՚անցնի
Գիրքերո՜վ, ժըպիտո՜վ… մինչ կեանքին որթին վրան,
Կեանքըն իր կ՚օրօրուի ողկոյզի մը նըման:
Կեա՞նքս, իմ կեա՞նքս… Զայն տըւի անցորդի մ՚անօթի…
Օրերուս պընակին մէջ պատառ առ պատառ
Ջարդեցի ու կերայ ես ինքզինքս՝ դողահա՛ր.
Վազեց շուք մ՚իմ մէջէս տաճարէ ի տաճար…
Փեղկին վրայ աչքերուս սեւ թռչուն մը կ՚իջնայ,
Կըտուցին լոյսի պէս բռնած շիւղ մ՚արծաթեայ…
Ձեռք մ՚իմ մէջ կը քակէ ցաւս որայ առ որայ…
Մեռելի մը հանգոյն կը գրկեմ ես ինծի.
Մանկութեան դագաղիս մէջ ոսկի ու բուրեան,
Բոցի պէս կ՚արթննայ հի՛ն տղան, հին տղա՛ն,
Ու սուրին արցունքիս տրտմօրէն կը ժպտի…
Աստուած ի՛մ, Աստուած իմ, սա՛ տըղան ըլլայի…
ՅԵՏ-ԳՐՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի Արշամս,
………………………………………………………………………………
………………………………………………………………………………
………………………………………………………………Մեր վերջին հանդիպումին եւ բաժանումին առթիւ գրածներդ կը կարծե՞ս որ չյուզեցին զիս: Կը կարծե՞ս որ ես ալ, ո՛չ միայն այս անգամ այլ երկու տարի առաջ շոգենաւին վրայ մեր բաժանումէն վերջ, ինքզինքս չմեղադրեցի այն յիմար վերապահումին համար, որ արգիլեց շրթունքս երեսիդ մօտենալու: Եւ այն անհանգստութիւնը, յետոյ, մեր խօսակցութիւններուն միջոցին եւ վերջը, թէ կրնայինք աւելի բաց–սիրտ ըլլալ իրարու հանդէպ եւ չենք ըլլար` իմ յանցանքովս միայն, հաւանօրէն այն պատճառով, որ տարիքի խոշոր տարբերութիւն մը կայ մեր միջեւ ու դժուար է, ու գուցէ կարելի չէ այդ վիհը լեցնել ամբողջովին: Ատոր համար` հարկ պիտի ըլլար իմ մասիս ուրիշ շատ բաներ ըսել քեզի` քան ինչ որ գիտես եւ այդ ճիգին, գուցէ նաեւ նուազումին, կարող չեմ բնականոն վիճակի մէջ: Պէտք է լաւ մը գինովնալ, գինւով կամ բանաստեղծութեամբ, որպէսզի ատիկա կարելի ըլլայ…:
Թո՛յլ տուր, որ ամուսնական հարցումիդ չպատասխանեմ` նախ փորձառութիւն չունենալուս համար եւ յետոյ այն մտածումէն դրդուած թէ հասարակաց չափ կամ օրէնք գոյութիւն չունի այս պարագային: Ոմանք այսպէս, ոմանք այնպէս. աշխարհիկ վիճակ է եւ արուեստագէտները դուրս չեն աշխարհէն…:
Քոյդ`
Վահան Թէքէեան
Փարիզ, 16 Ապրիլ 1930
(Վահան Թէքէեան Նամականի, էջ 315-16)
[1] Արշամ Տատրեանը (1909-1956) սփիւռքահայ գրող և խմբագիր է, ավելի մանրամասն տեղեկությութիւն տես Վիքիպեդիայում։
[2] Վահան Թէքէեանի սեռականության վերաբերեալ տես՝ Մարկ Նշանեան «Վահան Թեքէեան կամ անկարելի անցքը»(«Կամ» հանդես, 1980, թիւ 1)
Վիոլետ Գրիգորյան «Միասեռական Թեքեյանը» (tert.am, 2012, հունիս)
[3] Ֆրանս.՝ աւելի գէ՛շ
Հարգելինե՛ր, մի քանի տարի առաջ Կոմիտաս վարդապետ Հովնանյանը արդեն պատասխանել էր ոմն գրողուհիի նման անգրագետ հոդվածին: Խնդրեմ – http://emperor-armenia.blogspot.am/2012/05/blog-post_9315.html : Բայց Վիոլետ Գրիգորյան-Վահան Իշխանյան զույգը այդպես էլ չկարողացավ հանգստանալ և շարունակում է մեր մեծերի վրա կեղտ փնտրելու գործընթացը: Իրոք, ցավում եմ, որ այս անգամ Քրիստիան Բատիկյանին եք օգտագործել էս կեղտոտ գործի մեջ: Ցավում եմ, որովհետև ինքը իրոք խոստումնալից երիտասարդ էր: Մի՛ արեք սենց բան, հասկանալի է, որ ձեր համար արդեն
ուշ է, բայց մի՛ փչացրեք մեր երիտասարդությունը, հետո պատասխան եք տալու Աստծո առաջ…