Ծանօթագրութիւն՝ յաջորդ սերունդներուն
Այս գիրքը փիւնիկի նման կը վերածնի իր մոխիրներէն: Տարիներ շարունակող մեծ պայքարի որպէս արդիւնք բառերը ազատութիւն ձեռք կը բերեն ինձմէ:
Այս գիրքը անտեսուեցաւ միայն հայերէն ըլլալուն պատճառաւ, տպագրելու փափաք չյայտնուեցաւ, աւելին՝ չեղեալ նկատուեցանք թէ’ ես եւ թէ’ իմ երկերը:
Արեւմտահայերէնը՝ իմ մայրենին, որ մանկութենէս ի վեր աղօթքի մը նման կը թափի իմ լեզուէն, այսօր տեղ կը գրաւէ Իւնէսքօ-ի վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ: Ես կը պայքարիմ որպէսզի ապրի Պոլսոյ Հայ Գրականութիւնը, ես կը պայքարիմ ձեր՝ յաջորդ սերունդներուն համար:
Այս գիրքը պիտի ծնի իմ սիրելի հոգեւոր հօր՝ Րակըբ Զարագոլուի զոհաբերութեան ու Ռոպէր Հատտէճեան եւ Արի Հատտէճեանի ինչպէս նաեւ «Մարմարա» Օրաթերթի աջակցութեան շնորհիւ:
Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ այս գիրքի պատրաստութեան համար երեւակայական եւ տեսողական բոլոր ձիրքերը ցուցադրող Հաթիճէ Եըլմազին, որ հրաշք մը գործեց:
Եթէ չմիանար այս խումբը, չէր կրնար ծնիլ «Ակն»ը, եթէ չծնէր «Ակն»ը, ես չէի կրնար տեսնել ձեզ…
Յ.Գ. Այս գիրքին մէջ գտնուղ բոլոր գծումները կը պատկանին Վերճիհան Զիֆլիօղլուի: