Կարելի է՝ չծնար տակաւին բայց մօտ ես:

Մօտ ես, եւ շուտով կ՚երեւիս:

Մօտ ըլլալով:

Մօտիկ:

Մօտ:

Երբ որ արեւը անխղճօրէն այրելու սկսի, եւ մաման սաստիկ տաքէն հեւասպառ իր սենեակն անցնի ցերեկուան քունն առնելու, Պետիկ գաղտուկ կ՚ելլէ տունէն: Այս ժամուն փողոցն ամբողջ պարապ կ՚ըլլայ, եւ մինչ թաղեցիները տակաւին չվերադարձան գործատուներէն կամ սիէսթա կ՚ընեն, Պետիկ կը քալէ դէպի ծառերուն ետին թաքնուած ձորակը։

Պետիկ կը նստի ջուրին քով: Գետակն այնչափ տկար է, որ միջոցին մէջ նոյնիսկ ձայնը չկայ: Թաղին շուները ամէնը պահուըտած են արեւէն, եւ կիզիչ յետմիջօրէի լռութեան մէջ տաքցած խոտի հոտը կայ միայն: Կ՚ըլլայ որ թաղեցի -երբեմն ալ ուրիշ թաղէն- տղայ մը անցնի հոնկէ: Պետիկ իսկոյն կ’անցնի թուփերուն ետեւը: Պետիկ կ՚ուզէ մինակ մնալ:

Պետիկ կը ձանձրանայ գետակին միապաղաղ ընթացքէն, բայց ապահովութեան համար պէտք է տասը վայրկեան ալ սպասէ՝ լման վստահ ըլլալու, որ շրջակայքին ուրիշ մէկը չկայ: Յետոյ հոս հոն նետուած երկաթէ հսկայ ժանգոտ խողովակներուն վրայէն ցատկռտելով պիտի աճապարէ դէպի լքուած գործատունին շէնքը:

Երբ որ քրտինքէն թրջուած մազերը գանկին փակին, Պետիկ պիտի հասնի բարձր խոտերու ետին ծպտուած կիսաւեր շինութեան։ Շէնքը՝ պարապ, սեւցած ու կքած՝ օր մը չէ օր մը ամբողջովին փլելու վախէն: Այդպէս էր Պետիկէն առաջ: Այդպէս էր մայրիկին աղջիկութեան տարիներուն: Այդպէս պիտի չըլլայ այլեւս երբեք:

Պետիկ անդուռ մուտքէն պիտի մտնէ մէզ ու բորբոս հոտող շէնքէն ներս, մութ եւ երկայն նրբանցքէն քալէ մինչեւ ծանր ժանգոտ դռներով սենեակը, որ ատենօք, կ’երեւի, իբրեւ պահեստ ծառայած է գործատունին համար, այն ատենները երբ Պետիկին մաման տակաւին չէր ծնած։

Իրարու վրայ կուտակուած անպէտ երկաթէ առարկաներուն եւ փոշիներուն մէջ պիտի զգայ որ ժամանակը չկայ, կորսուեր է հոն՝ պատերուն անկիւնները խճողուած սարդոստայններուն մէջ տեղ մը:

Պետիկ զգուշաւոր քայլերով պիտի մօտենայ անկիւնի երկաթէ պահարանին: Քիչիկ մը ճիգ, եւ տեղ տեղ կանանչ ներկի յիշատակներ պահպանած դռնակը կը բացուի: Պետիկ անհամբեր պիտի տարտղնէ անցած աշնան չորցած տերեւները եւ իր գաղտնարանէն հանէ նայլընէ տոպրակի մէջ փաթթուած տրցակը: Կամաց, նուրբ, կ’ըսես սրբազան մասունքներ՝ մէկ մէկ պիտի տոպրակէն հանէ հինցած գրքոյկները, մատերուն ծայրերով պիտի շոյէ պատկերներուն խամրած գոյները եւ պիտի ջանայ յիշել տղան, որ նոյն կերպ շոյած է այս պատկերները, երբ անոնք թարմ էին տակաւին: Տղան, զոր երբեք չէ ճանչցած:

«Զգեստաւորուած հերո՞ս… Խօսքը մէջերնիս, մենք քոմիքի պիզնէսի մէջ անոնք կը կոչենք պարզապէս «երկար վարտիքով տղաք»: Եւ, ինչպէս գիտես, այդպիսիները հազարներ են: Բայց կարելի է դուն մեր Սբայտըրմանը գտնես քիչ մը … տարբեր:»**

Կարելի է՝ ծնար արդէն, եւ շուտով,

Շատ շուտով կ՚երեւիս:

Կու գաս կոր:

Քովս:

Մօտ:

Երբ որ իրիկուան հովը թրջուած մազերուն հպի, Պետիկ կը զգայ որ երջանիկ է: Քրտնած գլուխը հովուն կու տայ եւ կը ջանայ բռնել ակնթարթը, այնքան ծանօթ ուրիշ ակնթարթի մը, երբ ինք չկար: Բայց ուրիշը կար, գուցէ այսպէս կը քալէր ան ալ՝ իր քոմիքներուն նախկին տէրը, այսպէս կը ցատկռտէր ժանգոտ խողովակներուն վրայէն, աճապարելով տուն՝ ուր մաման կը սպասէր:

Եւ միջոցին մէջ արեւուն տակ տաքցած անանուն պզտիկ ծաղիկներուն բոյրը կար, ինչպէս այսօր, ինչպէս երէկ, գուցէ՝ վաղը:

Իսկ տունը ամբողջ աժաննոց թրքական սեւ օճառ կը հոտի, եւ մաման, ծնկած փրփուրներու մէջ, տախտակը կը շփէ:

Ո՞ւր էիր

Է-է…

Չըսի՞ պառկիս

Չկրցայ

Աս ի՞նչ է վրադ…քա ես չըսի՞ ատ քամպախը չերթաս ալ

Չգացի

Սո՛ւտ կը խօսիս

Չէ

Լռէ՛

Յետոյ Սիվարա հանըմ սուրճի պէտք է գայ, իսկ Պետիկ, լուացքի մեքենային առջեւ նստած պիտի հետեւի, ինչպէս աղտոտ հագուստները կը դառնան ու կը դառնան անիմաստ շրջապտոյտի մը մէջ, մինչ սարդոստայնի կտոր մը փակած պիտի մնայ մեքենայի ապակիին:

«Ինչպէս դուք հաւանաբար հասկցաք, Փիթըր Փարքըր բնաւ երկրորդականի ոսկի տղոցմէ մէկը չէր: Բայց իր քեռի Պէնը կը կարծէր թէ ինք բաւական իւրայատուկ տղայ էր…

«Չես կրնար խաբել զիս, Փիթի՛: Գիտեմ՝ արթուն ես… հա՛տէ դպրոց»:

«Էօ՜օֆֆ, քեռի, դուն զարթուցիչներով լեցուն սենեակէ աւելի գէշ ես»:

Իսկ քեռկինը կը կարծէր թէ արեւը մասնաւոր Փիթին համար կը ծագէր:

«Ես քու սիրած նախաճաշդ պատրաստեցի, Փիթի՛, փէն-քէ՛յք»:

«Այդչափ մի՛ կերցներ իրեն, հիմա արդէն չեմ կրնար հետը մրցակցիլ»:»**

Երբ որ օդին մէջ ամառնային անհոգութիւնը պակսի, եւ մաման թեթեւ վերմակը փոխարինէ աւելի հաստ ծածկոցով, Պետիկ կը զգայ դպրոցական վերամուտին մօտ ըլլալը: Ցերեկները օդերը տաք են տակաւին, բայց իրիկուն ատեն այլեւս զօրաւոր հով մը կը սկսի, եւ Պետիկ, տաք ծածկոցին մէջ փաթթուած, պիտի սպասէ մսուքի ալիքին՝ միշտ նոյն, յուսահատութեան չափ ծանօթ, դպրոցական տաղտուկ օրեր խոստացող:

Պետիկ խանդավառ չէ: Պետիկ չ’ուզեր դպրոց երթալ: Բայց անխուսափելի այդ օրը կամաց կամաց պիտի մօտենայ, եւ Սեպտեմբերի կիսուն գիրքերով լեցուն ծանր պայուսակը ուսին՝ Պետիկ անհամարձակօրէն պիտի մօտենայ վարժարանի դրան: Տարի մըն ալ, որ պէտք է ապրիլ:

Դպրոցին մէջ Պետիկ ամբողջ օրը պիտի սպասէ դասերուն լմննալուն, սարդոստայններու եւ փոշիի մէջ կորսուած իր անկիւնը երազելով: Պետիկ այլեւս գոց գիտէ հոն պահուած բոլոր քոմիքներուն պատմութիւնները, բայց կը կարծէ թէ երբեք պիտի չյոգնի նորէն ու նորէն կարդալէն:

(Երբ գտար գրքոյկները առաջին անգամ -երկու տարի առաջ ըլլալու էր- թիթեղեայ տուփի մը մէջ խնամքով պահուած, կարծեցիր թէ գտար այն տղան որ թաքցուցած էր անոնք…չէիր գիտեր՝ երբ: Գուցէ երէկ, կամ ամիս մը առաջ, գուցէ՝ տարիներ: Երբ որ փոշոտ տուփը տուն բերիր եւ բացիր առաջին գրքոյկը, զգացիր որ պիտի սպասէիր: Սպասումը մթնոլորտին մէջ խտացաւ, խտացաւ եւ ամբողջ սենեակը լեցուց: Երբեք այդչափ խանդավառութիւն չէիր զգացած մէկէն: Բայց մաման շատ խանդավառ չէր, եւ օր մըն ալ պիտի թելադրէր թափել ամէնը: Իր կտրուկ, ոչինչ հանդուրժող ոճով: Պարզապէս թափել…«Քա կը բաւէ աս զիպիլճիութիւնդ, ատոր փոխարէն սփօրով զբաղի՛ր»)

Կարելի է՝ Պետիկ քիչ մը գէր է: Անշուշտ, ինք շատ հարց չունի ատոր հետ, բայց կ’երեւի մամային եւ դասընկերներու շատ կը մտահոգէ այս պարագան: Անոր համար ամէն յարմար պահու կը մշտեն զինք:

Ամմա՜ Պետիկը եկաւ նորէն անօթի պիտի մնանք

 Պետիկ չի պատասխաներ: Պետիկ կը լռէ:

 (…որովհետեւ մօտ ես եւ պիտի ծնիս արդէն)

 Պարոն Պետրոս ի՞նչ ըսի… կրկնէ՛

Ներեցէք պարոն…. ը-ը…

Պետիկ համով բաներ կ’երազէ կոր պարոն անոր համար մտիկ չ’ըներ

հահահահահա

Պետիկ միայն գլուխը պիտի դարձնէ տխուր: Գիտէ որ այդպէս պիտի ըլլայ միշտ, այդպէս էր անցեալները, տարիներ առաջ, երբ քոմիքներուն նախկին տէրը դպրոցական էր, գուցէ քիչ մը գէր, եւ կը սպասէր դասերուն լմննալուն, իսկ դասընկերները կը մշտէին անդադար:

Պուուուուուուու…Պետիկ…վախցա՞ր մը

Չէ

Ծօ ո՞ւր կ’երթաս կոր…ուտելո՞ւ…հիհի

Հա՛…ձգէ զիս

Ինծի՞ ըսիր… ո՞վ բռնած է գնա՛

Մասնաւո՞ր հրեցին թէ պարզապէս յատակը անհարթ է: Պետիկ կ’իյնայ քիթին վրայ: Պետիկ չի լար: Պետիկ անտարբեր է պարզապէս, կ’ելլէ հագուստները կը թօթուէ եւ կը քալէ:

Պետիկ պիտի սպասէ: (…բայց դուն կ’ուշանաս միշտ, եւ այլեւս չեմ գիտեր՝ երբ պիտի գաս…բայց գիտեմ՝ մօտ ես, եւ շուտով, շատ շուտով…)

«Հէյ, տղաք, մենք մէկ տղու մըն ալ պէտք ունինք պարերու համար: Ինչ կ’ըսէք Փիթըր Փարքըրի համա՞ր»

«Կատա՞կ կ’ընես: Այդ գիրք կրծո՞ղը, որ չի տարբերեր վալսը չա-չայէն»

«Փիթըր Փարքըրը՞: Մեր Միտթաունի երկրորդականին մինակ զարդի պէս արհեստավարժ կեցո՞ղը»**

Երբ որ սպասումը վերջանայ, ամէն բան պիտի վերջանայ: Պետիկ գիտէ ատիկա, շատ չի հասկնար, բայց գիտէ: Անոր համար միշտ պիտի սպասէ՝ դպրոցական օրուան աւարտին, արձակուրդներու, ամրան յետմիջօրէի անդորրութեան, այն պահուն երբ ամբողջ թոքերով պիտի շնչէ բորբոսի եւ նեխի հոտը կիսաւեր շինութեան իր գաղտնի սենեակին:

Ատենէ մը ի վեր Պետիկ նաեւ Կիւլլիին պիտի սպասէ: Սկիզբը պիտի չուզէ, պիտի ընդդիմանայ, բայց աղջիկը պարզապէս օր մը պիտի տնկուի իր թաքստոցի մուտքին եւ այլեւս հրաժարի հեռանալ Պետիկին կեանքէն:

 Հէ՜յ

 Պետիկին սիրտը պիտի կենայ յուզումէն: Մի՞թէ վերջապէս եկաւ… բայց պիտի դառնայ որ վտիտ աղջիկ մը կեցած է դրան քով եւ զարմացած զինք կը դիտէ: Պետիկ պիտի բարկանայ:

Ի՞նչ կ’ընես հոս

Է-է… ո՞վ ես գնա՛ աս իմ տեղս է

Հահահահա

Ի՞նչու կը խնդաս

Ես գիտեմ ինչ կ՚ընես հոս

Չես գիտեր

Գիտեմ

Ուրեմն ի՞նչ կ՚ընեմ

Պլլիկիդ հետ կը խաղաս

Պետիկ կը կարմրի: Պետիկ լման անմեղ չէ:

Միայն մէկ անգամ…լաւ… երկու…. բայց դուն ե՞րբ տեսար

Չտեսայ

Հապա ուրկէ՞ գիտցար

Չգիտցայ

Չեմ հասկնար

Որով ապուշ ես

Ապուշը դուն ես

Ապուշ ապուշ ապուշ հահահահա

Պետիկ կը կատղի: Բայց որովհետեւ Պետիկ բաւական աւելորդ քաշ ունի, շուտով պիտի ստիպուի կենալու հեւասպառ, մինչ աղջիկը հեռուէն պիտի պոռայ՝ պարոնը պլլիկին հետ կը խաղա՜յ… հահահահա: Պետիկ կը տխրի: Այլեւս ասիկա իր տեղը չէ ուրեմն: Գաղտնիքը բացուեցաւ: Տրտում կը վերադառնայ եւ կը սկսի քոմիքները ժողվելու, ասոնց նոր տեղ մը պէտք է գտնել:

Ի՞նչ կ՚ընես կոր

Չէ անդրադարձած, ինչպէս աղջիկը կրկին մօտեցած է:

Պարզ չէ՞

Չէ

Կ՚երթամ հոսկէ

Ո՞ւր

Քեզի՞ ինչ

Եկուր խաղանք

Չէ չեմ խօսիր քեզի հետ

Խօսէ հաճիս

Չէ

Բայց կը խօսիս

Չէ չեմ խօսիր

Հապա ի՞նչպէս ըսիր որ չես խօսիր

Ատի ուրիշ բան

Ուրիշ ի՞նչ

Կը ծաղրե՞ս կոր

Չէ…

Յետոյ, յանկարծ՝

Ասոնք ինչե՞ր են

Չե՞ս տեսներ… քոմիքներ են

Կ’ըլլա՞յ նայիմ

Ակնթարթի մը մէջ աղջկան դէմքը չարութիւնը կորսնցուցած է: Պետիկ ինք ալ չ’անդրադառնար թէ ինչո՞ւ համար այդքան խնամքով պահած, թաքցուցած, փայփայած տրցակը մէկէն աղջկան ձեռքը կու տայ:

Ի՜նչ աղուոր…

Աղջիկին բիբերը լայնցած, դէմքին արտայայտութիւն մը՝ կ’ըսես սրբազան մասունքի կը դպնայ: Պետիկ առաջին անգամ ըլլալով պիտի տեսնէ մէկը, որ պարզապէս չի դարձներ էջերը, որ կը ջանայ մտապահել ամէն մէկ պատկեր, էջին ամէն մէկ ծալլուածք, որ մատերուն ծայրերով կը գգուէ խունացած պատկերները:

Ինչ կ’ըսէ կո՞ր

Գրուած է չե՞ս տեսներ

Ես անգլերէն չեմ գիտեր

Դպրոց չե՞ս երթար

Չէ մաման կ’ըսէ պէտք չունիմ

Ի՞նչու

Կ’ըսէ քիւրտ աղջիկին չի վայլեր դպրոց երթալ վերջը պիտի շփանամ եւ մէկը պիտի չուզէ զիս իբր կին

Հմմմ

Բայց դուն կ’ուզես չէ՞

Ի՞նչ

Զիս իբր կին

Հմմմ…կարելի է

Ապուշ

Հը՞հ

Հեչ

Կարելի է՝ եկար արդէն, մօտ ես, քովս:

Ես պարզապէս չեմ տեսներ:

Շունչդ՝ կը զգամ,

Կեանքդ կը զգամ,

Թրթռումդ՝

ափիս մէջ:

Սպասումը կրնայ աւելի տանելի ըլլալ երբ երկուք էք: Եւ դանդաղօրէն քայքայուող գործատունի պահեստը կրնայ երկուքիդ ալ ներկայութիւնը ընդունիլ: Այլեւս միասին էք, եւ սպասումը կրկնակի ուժ ունի: Ժամանակը կեցած չէ ալ, եւ գտած ես այդ ժամանակին մէջ ինքզինքդ, կանգնած տեղ մը, հոն՝ քիւրտ աղջնակին քով:

Օրերը երթալէն կը կարճին, եւ գործատունէն կ’ելլէք որ մութ է արդէն: Ծովուն թարմ հովը հասեր է ծառերու մէջ ծպտուած ձորակը եւ ձեր մազերուն հետ կը խաղայ, անհամարձակօրէն Կիւլլիին ձեռքը կը բռնես, եւ յաւերժօրէն պիտի յիշես ակնթարթը, երբ ան ձեռքը չփախցուց:

Պետիկ.. պիտի գա՞յ մը..

Պիտի գայ… հաւատա՛

«Բայց, ցաւօք, ուրիշ պատանիներ երբեմն առանց գիտնալու կրնան այնպէ՜ս վիրաւորել ամչկոտ տղայ մը…

«Սէլլի, ես…ըըը.. կ’ուզէի հասկնալ  այսօր իրիկուն ազա՞տ ես…»

«Փիթըր, հազար անգամ ըսի քեզի՝ դուն թիփս չես… մասնաւորաբար երբ որ Ֆլաշ Թամսընին պէս տղայ մը շուրջս կը դառնայ..»**

Երբ որ դպրոցական նստարանը նեղութիւն չպատճառէ այլեւս, եւ դասընկերներուն ծաղրանքն ալ շատ նեղացուցիչ չըլլայ, Պետիկ գիտէ որ արձակուրդը մօտ է: Պետիկ կը հաւատայ թէ այս կաղանդին բան մը պիտի ըլլայ, վերջապէս: Չի գիտեր թէ ինչու ճիշդ հիմա, բայց բոլոր զգայարանքներով կը զգայ որ մօտ է ալ,

                                                                   մօտ է եւ շուտով կ’երեւի:

Կաղանդի արձակուրդէն առաջ վերջին օրը Պետիկ համբերութեամբ մը պիտի սպասէ մինչեւ զանգակը բարձր ազդարարէ աշնանային կիսամեակին աւարտը: Նախանձելի հանդարտութեամբ մը Պետիկ պիտի քալէ վարժարանի գլխաւոր նրբանցքէն «Պետիկ անօթի չե՞ս մը» եւ այլ ձայնարկութիւններու ուղեկցութեամբ, ոտքով մէկդի պիտի հրէ առջեւը նետուած կրծուած կաթոյին կտորը եւ գլուխը վեր դուրս ելլէ շէնքէն:

Պետիկ երջանիկ է: Պետիկ կ’ուզէ չաճապարել: Կ’ուզէ ամբողջապէս վայելել ձմեռնային յետմիջօրէի ազատութեան հրճուանքը: Կիւլլին հոն զինք կը սպասէ արդէն, ինչպէս ամէն օր վերջին ամիսներու ընթացքին:

Եւ օդին մէջ խոստումներ կան, եւ Կիւլլիին ձեռքը տաք է, եւ հագուստները պզտիկ դաշտային ծաղիկներ կը բուրեն…

 Չէ՜…ետ տո՜ւր…մի’նե՜ր…կ’աղաչեմ

Պետիկ, գործատունի շէնքէն հարիւր քայլ հեռու, շուարած պիտի կենայ: Պետիկ իսկոյն պիտի չհասկնայ, թէ ինչու Կիւլլի կը պոռայ: Յետոյ մէկէն պիտի վազէ, ոտքը երկաթի կտորի մը պիտի զարնուի, պիտի իյնայ, ելլէ, վազէ: Շունչը պիտի չբաւէ, եւ Պետիկ առաջին անգամն ըլլալով պիտի զգայ որ իսկապէս աւելորդ քաշ ունի:

Շինութիւնէն խնդալով երկու տղայ կ’ելլեն: Պետիկ անոնք միայն դէմքով գիտէ, թաղեցի քիւրտ տղաք են, անոնցմէ որոնց հետ խօսիլը արգիլած է մաման:

Յանկարծ Պետիկ կատուի մը անսպասելի ճկունութեամբ պիտի յարձակի անոր վրայ, որուն ձեռքին քոմիքներուն տրցակն է… բայց տղան հաշուարկածէն աւելի հեռու կը գտնուի: Պետիկ պիտի իյնայ՝ դէմքը հողին մէջ: Մէկը ոտքով պիտի մշտէ զինք, յետոյ՝ խնդուք: Յետոյ՝ խնդուքին հեռացող ձայնը:

Պետիկ պիտի անդրադառնայ որ կրնայ այսպէս յաւերժօրէն պառկիլ, ռունգերով պաղած հողին հոտը ծծելով: Պաղած շերտին տակ վստահաբար ամրան ջերմութիւններ կան, որ կերպով մը կ’ուզեն յաղթահարել ձմեռը եւ տղուն քիթին հասնիլ: Բայց շէնքին լռութիւնը պիտի ստիպէ զինք ելլել տեղէն եւ օրօրուող քայլերը դէպի հոն ուղղել:

Պետիկ…ներէ…ես չկրցայ…

Պետիկ լուռ է: Ծանրօրէն պիտի փլի մօտակայ արկղի մը վրան, նայուածքը՝ միշտ վար: Եւ միջոցին մէջ միայն Կիւլլիին ցած հեծկլտուքը կայ:

Յետոյ Պետիկ պիտի ելլէ տեղէն եւ դանդաղօրէն դէպի ելքը քալէ:

Պետիկ…կը տեսնուի՞նք նորէն…

 Պետիկ ոչինչ պիտի ըսէ, եւ երբ կիսաւեր շէնքէն դուրս ելլէ՝ պիտի տեսնէ առաջին ձիւնը որ դանդաղ վար կ’իջնէ մթնող երկինքէն: Եւ սեւցած շինութիւնը ճերմակ գլխարկ պիտի հագնի քիչ առ քիչ: Յետոյ գլխարկը պիտի ծանրանայ, վերջին անգամ մը ստուգելով պատերուն ամրութիւնը: Երկու օր վերջ հին գործատունը, ա՛լ յոգնած սեփական պարապութենէն, պիտի որոշէ յանձնուիլ այլեւս:

Գիտեմ՝ երբեք պիտի չգաս:

Գիտէի սկիզբէն:

Պիտի չգաս,

Եւ չըլլաս՝

քովս,

մօտ:

-վերջ-


* Այս գրութիւնը մաս կը կազմէ Avengers շարքին։ Շարքէն եւս երկու պատմութիւններ (Captain America եւ Winter Soldier) հրապարակուած են «Ինքնագիր» հանդէսին մէջ։

** Amazing Fantasy № 15 (August 1962).

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.