Չիյա (*)

ախ՝
ո՞վ գիտէ
ժայռերը որ հիւսէն, երկար-բարակ իրաններ
բանաստեղծօրէն
երկաթանախշ բերան, հատ ու կենտ
երեսը-հակաերեսը
ի զուր հակասութիւն՝ յուսալի հայեացք, սպասում
աշխատանք, ամուսին… ո՞վ գիտէ
կեթթօները եղբայր
աւազ, քար
կօշիկներուն անտանելի ցաւը
անհագ պատշգամբներու արտակարգ վիշտը
թիք…
թաք…
թիք…
թաք…
տեղի, անտեղի անժամանակ…
սիրտը համակ…
ծանր սլաք, փայտեայ կիյոթին
այս երեկոյ՝
երկրորդ հրահանգ՝
սաւաններուն չի սեղմող մեռելներուն
չի լսուիր կանչը…

Ժամանակին Բանուորը

«թախիծի ձիերուն կը հեծնէի երեկոներուն»
Խալաթս բեր Այսէլ:
Նախքան գլուխնիս հակենք օրէնքի դիմաց, վառենք փուրօները:
Կայծեն կայծհան եւրոները: Թրամվայը կը կտրէ, դուն ժիլէ՞թ կը կարծես իմ
պեխերը:
Խալաթս բեր Այսէլ:
Արդարութեան կտրած մատը կը ցաւի:
Կը ցաւին քարերը ովկիանոսի… Աղ ու մաղ:
«Աչքին մատիտ քաշելով մահմուրէն, բարձ կարելով Մահմուրէն:
Կ’ապրի բոյնի մէջ խուշի պէս, ոստոստելով Մահմուրէն»:
Խալաթս բեր Այսէլ: Եկան թոշակի տարիներդ:
Ցտեսութիւն: Թող աւելնայ յոյսը նուազագոյն՝
Արախը՝ թախիծին բալասանը:
Անգարա

 

Կրեժուվա

Ա
Րէ
րէ
րէ րէբ րէբ Րէբերթուար Րէբերդուարէ
Իտալացի ձկնորսին այրած են ձեռքերը թորէն
Մատրան մէջ: Փոքրիկ որջին:
խ
ո
ր
ու
ն
կ
ե
ն
Դրախտ:
ծուլացաւ փահլավանը ծծելու
լացաւ աղիողորմ…
Մամ Մամ… Մամ ճան…

Բ
Սատկած հաւքերու դրախտին մէջ հաճոյքով հարբած
բեռնին կարուած ջրամբարները փորելով…
սա սատ սատանան…
դարպասապահին ռովաշաթա
ճիշդ անկիւնէն
արձանագրուած է կօլը…

Գ
Լուացքի պարանին փտած Սարայեւոյի տոմսը
կտրեց դաստակները օրացոյցի թերթերուն
«Չարիքի Ծաղիկները»
կետ կետ կետցէս
աղ կոխէ վէրքերուդ, աղ ու քացախ
առ այս մէկը շարժավար
ոտներու հատակին անմեխ պայտ
«Առանց զինանշանի զօրավար»
Սատաքալլահուլ-Ազիմ…
Պրէնտի՝

Լաստի բախստականը

Ամէն վարկածի մէջ է հպարտութիւնը
թաց լուացքներէն կը դառնամ պարաններուն
վարձկան աւազէն կը ցատքեմ: Կանգ կառնեմ անժամանահ ախերու բոլոր կանգառներուն նորակոչիք զինուորի կապոց ու հարսնաշոր կը ցանկամ:
Ամբարտաւան մահ մը կը կանչէ զիս: Կը ճզմուի աղուընիքի օրէնքը:
Արիւնարբու նրբերանգ ժամ:
Ճար՝ Չկայ ձերքերը: Չկայ անհագ սիրել:
Կոշտ վերմակներով կը ծածկեմ անհարմար տեղերս:
մէկ
երկու
երեք
կաց
մահը, գիշերները զիս կ’ընդունի իր անկողնին:

Խեցգետին

Լեզուներս ալ ծանր կ’ելլեն
քանզի, ամառը չանցաւ շալակես ծանրաբեռնուած ջորիներու փոխարէն:
Բաբելոնէն անցնելով ճանչցայ ինչ որ կայ
լեզուիս խրուող ծիծեռնակներու սատակին չեն դպչած ձեռներս
անցայ գետերուն ամայութենէն
կենդանի խեցգետին մը փաթաթեց ջահելութեանս վառ կրակը
քաղաքը ոգեորուած իմ ՖանՖարի ձայներով
ճակտիս կարմիր կսկիծներ
երկնակամարը բոցավառելու պատրաստ թնդանօթաձգութեան
արձագանգներ…
ագռաւներս անկախութիւն հռչակեցին
բարի գալուստ
գաճաճ պետութիւններու հանրապետութիւն…

Քոնթրփիյէ

Այս ցախ ձայնանիշերը սովոր են նոպաներուդ սիրելիս:
գետնին հաւասարած ըմբիշտի յաղթանակի գիծերը որքան կարեւոր
շրջաբերական:
բողոքագրերուն գրած գրաւման նամակները
միթէ երկրակամարին ծեփուած կերպն է՞
պէտք է գիտնամ՝
ճակտիս ինկած ցոլքին անունը:
Կոխելով խորունկ ցանկապատերուն գիշերուայ,
լուսնի հետ բարեկամ Սէրվանդէս,
պսակադրութեան խորանին ճմրթկած շապիկը կեղտոտող
ոխերիմ Վարթօի ձեռքերն ե՞ն
Հապա ի՞նչ
Ի՞նչ կրնայ ըլլալ արեւմուտքի հորիզոնը
Կը վախենամ,
եթէ գերիներու արձակման պահուն յարմարցուած է գնացքներու
ուղղութիւնը հոն ժամանակավրէպ երեքնուկներու արժանապատուութեան մատնուած դէմքերը
կ’ուզեմ խեղդամահ ըլլալ
անվարագոյր տուներուն դաւաճան քրքջանքը
եթէ դէմքիս պիտի բախի զանգակներու ստուերը.
Կը վախենամ, կնոջս առջեւ եթէ նետուի
վերջին լուսանկարս:

Մեհմէտի թախիծը

Մեր տան աստիճանները խիստ նեղ են Մեհմէտ՝
դուն գիտես
գիշերապահներուն շրթնէն կախուած երգը
ինչո՞ւ այդպէս զուսպ ու ապակեայ
սրտիս կաղ խուցերը…
Մեր փողոցը աղմկոտ է Մեհմէտ՝
դուն լաւ գիտես
փոքր Բերայի վրայ քամանչու ձայն լսելու նման ուրախացար
երբ քրքջացին թաշկինակ ծախող աղջիկները
Մեր քաղաքը սոսկալի է Մեհմէտ՝
հայրս, որ խուլ ու համր մարդ է
եւ կուզեմ արձագանգեն արախ բուրող սեղանիս վրայ
նախորդ գիշերէն յիշուած տաղերը…
Մեհմէտ՝
կը լսե՞ս զիս
աշխարհն այս լուսնայգի չէ, հասկցայ
ժամանակի մոխիրն է ծածկեր կորուսեալ հայրենիքը
Բան մը կայ որ չես գիտեր Մեհմէտ՝
զիս թշնամի ճանչցողները փախան մկան ծակերը
երբ տեսան ձկան թորէ հիւսուած ծաղկեփունջներս…
Գիտե՞ս որ Մեհմէտ՝
Աստուած երբէք չայցելեր
հայրազուրկ երեխեկներու քաղաքը…

Բանաստեղծի Դիակը

էմքս սրտին արեւադարձն է
ջորիներուն դելակարեցի կոնքը
մահերուն…
շալակիս ծիծեռնակներուն դիակները պաչեցի
արիւնած տեղերէն:
յանցանք չէ՝
ռումբերուն տարեկից երեխեկին
երկինքը քարկոծելը
յանցանք չէ
երբ
մայրս կարմիր վզկապիս
չորս տերեւներով երուկներէ
երկիրներ կը հիւսէ…
Ով որ ըսէ,
սուտ կ’ըսէ եղբայր
յանցանք չէ՝
եթէ երկու մեխակներ կը նմանին
Քիւրտիստանին…


(*) Չիյա (քրտերէն)= սար

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.