*

Ինքնագիր գրական ակումբը հրատարակել է Գրիգոր Պըլտեանի «Ինչ որ չես տեսներ» գիրքը, որի շնորհանդեսը կլինի յունիսի 29 ին ժամը 5:30-ին, Երևանի Կալումե բարում (Պուշկինի 56 ա):

Ինքնագիրը հրապարակում է  հատուած «Յետգրութիւն»-ից և «Գիշերային այսցելութիւն» շարքից  20 գործ

 

Inch vor ches tesner Kazm11

Այս գիրքը  փորձ մըն էր պեղելու մարմինը, այս ամենամօտիկն ու ամենահեռաւորը։ Ինծի, քեզի, կամ ինքն իրեն։ Մտերիմը, ներքին-արտաքինը, աներեւոյթը, դժուար ասելին կամ լռելին մաս կը կազմեն ցանկութեան տնտեսութեան, անոր կանոնին ու զանցումին։ Անոր տան։ (Ահա նախնական անուններէն մին)։ Հոն ուր անձը, որպէս անհատ, կը կազմուի եւ ուր սակայն կը քայքայուի նոյն ատեն։ Հոն ուր կը հանդիպին իրարու սկզբնականն ու օրէնքը, անձկութիւնն ու քաոսը, մահն ու ըլլալուն կիրքը։ Հոն ուր պատմութիւն ես անպատում, ու չես։ Ցանկութիւնը տան լեզուով կը միտի նուաճել խօսքը՝ նախքան պատկերը, նախքան որեւէ պատշաճեցում իմաստի, եւ իբրեւ այդ կը բախի արգելքի։ Խօսքը կը պատկանի ցանկութեան բայց յաճախ ցանկութիւնը կը պակսի խօսքին։ Այս գիրքը սահմանազանցում մը պիտի ուզէր թելադրել։

Պատահմունքը կամ առարկայական դիպուածը հիմա լոյսի կը բերեն ինչ որ կը պատկանէր մութին։ Զիս միշտ ալ տպաւորած է հնագիտական աշխատանքը որ նոյն տեղերը տարիներով կը պեղէ ապարդիւն եւ յանկարծ ծանօթին մէջ կը յայտնաբերէ ներքին տարածք, մէկէն մատչելիօրէն անծանօթ։ Զարմանքը սկիզբն է հրաշապատումին։ Հրաշապատումն ալ շատ շուտ կը փարատի։ Իսկ հնաբանութիւնը ամենէն առաջ նախատեսելով չքացումը կը ջանայ գիւտը պահպանել լոյսէն, երեւումէն, չափազանց տեսանելիութենէն։ Փակ կը պահէ մուտքը։ Ներքին տարածքը կայ, գոյութիւն ունի, առկայ է, բայց ներկայ չէ։ Ժամանակ ստեղծողը։ Չես տեսներ։ Գիտես։ Այսպէս է որ գրողը կը հակի, կը փսփսայ անդէմ ու բազմաթիւ ընթերցողի ականջին, կը կրկնէ ինչ որ ըսեր է ուրիշ առիթի. մի՛ կարդար, տե՛ս։

Փարիզ, 12 մայիս 2016

1

Թեթեւ, բոպիկ, երբեմն շուարուն քայլերով, մատներով, ձայնով ցած կը մօտենաս, ըլլայիր կարծես, գիշերաշրջիկ, կը փսփսաս. վայրը ես եմ, եւ կը ձգես ըսեմ երազի լացով. մանկութիւնդ ես։ Կը ժպտիս երբ դէմք չունիս. վայրը մանկութիւնն է, կ՚ըսես, կ՚ըլլաս կարմիր փէշը ծովային խոտերուն վրայ, կը բռնկիս, կը պոռաս, կը բռնկիս իրիկուան արեւու հորիզոնէն. կը գրեմ քեզ կարօտին ու վախին, մարմնիդ ջնջուող, անապրելի, անկենդան տաքութեան մէջ։

5

«Եթէ ամեն խօսքի տակ բացակայ մը կայ, ի՞նչ հարկ խօսքի»։ Լսեր ես այս խօսքը։ Ի՞նչ հարկ նման հարցումի. բացական չի պատասխաներ։ Ձայնդ է միշտ, նոյնը, լռօրէն կը հեգնէ եղերականը, կը դառնայ մահուան պէս կենդանի, զուարթ, դառն, գրեթէ ծէս, կը ժպտիս անոր մէջ, կը հաստատուիս, կ՚ըլլաս անթափանց, բաբախող, վայրի մարմին մը սիրուըտուքէ առաջ, խռովիչ, խոստմնալից, որ կ՚երթայ մարմնէս անդին — եւ յանկարծ չկաս, արագ անցնող ու ծանօթ պատկերի մէջ կ՚անյայտանաս։ Գիշեր է, շլացնող ճերմակով, յուշազուրկ, կը հոսի, գետ, եւ կ՚երթամ անոր ետեւէն, ետեւէդ կը քալեմ, քեզ կը գրկեմ խաւարի թեւերով, կը փնտռեմ, գտայ այլեւս դերանունին մէջ որ մնաց քեզմէ։ Առաջին։ Անտարբեր, անորոշ, անդէմ։ Դուն եւ աշխարհը, դուն եւ իմ յոգնութիւնս։ Դուն/ես։ Ի՞նչ հարկ խօսքի երբ չկաս։

7

Աչքերդ գոցէ՛, կարդա՛։ Աչքերդ չեմ տեսած։ Չեն յիշուիր, երբ դէմքդ կու գար ինծի, կը դիմաւորուէր դէմքին մէջ։ Կը դիմանար եւ պէտք չունէր բնաւ տեսնուելու։ Հպումի, շօշափի քնքշանք։ Շոյանքդ ինչպէ՞ս ըսել։ Բարակ, անկշիռ, փափուկ ու հարթ տրոփիւն մը, բաբախում մը մարմնի խլրտումի, հնչիւնի, կարծես երազի փայփայանք։ Դէմք չէիր։ Կայիր ամեն դէմքի ետին ու շուրջ։ Առաջին, վերջին։ Յետին։ Պատ մը անելանելի. հիմա կ՚ուզես որ պատմեմ։ Մխրճեմ դէմքս երազիդ մէջ։ Քեզ ըլլամ, քեզի, առանց երբեք կարդալու հոգի կամ մարմին։ Քեզ ըլլամ քեզմով։ Քեզ պատմեմ օ դուն առանց քեզի։

8

Կ՚ապրէի կէս մարմնով, առանց մարմնի։ Բանտարկեր էի զիս հոն, սենեակի պարապին։ Դատարկ էր ամեն կողմ։ Անկէ դուրս։ Ապրեր եմ, քեզ հերքած ու քեզմով զիս անդամահատած, ամուլ, զիս ժխտած, առանց ցաւի, յուզումի, չէզոք, քարացող դէմք, եւ կը պայքարիմ ալ հիմա տակաւին յայտնութեան դէմ։ Մօտեցար, հայելին մօտեցուցիր։ Ինչպէ՞ս գիտնալ։ Հայելին իր շրջուած աշխարհով։ Չեմ ճանչնար դէմքս, տղան կը ստուգէ դէմքը, միշտ նոյն տղան որ կը նայի հեռաւորութեամբ, զգոյշ, վախուոր, աչքը՝ կիսուած մէջտեղէն, կը նայի սպառիչ յայտնութեան, մէկ այտը կը պահես շուքիդ մէջ, օ երկիր, որուն անապատ կէսը մութին անդադար աղէտէ մը կը խօսի։

11

Աւարտած՝ կը տեսնեմ քեզ, կը դիմակալեմ, հոն՝ ուր էիր խոտերուն վրայ, պահուըտող, գրեթէ աներեւոյթ, մինչ կարմիր ժապաւէնը, կանաչութեան օրօրուող բարձրութեան վրայ կը մատնէր քեզ, կը դողար, կը վէտվէտէր թիթեռնիկի կամ երկինքէն ինկած, պատռուած թռուցիկի մը թերթին նման։ Կը մօտենամ ուշացող դանդաղութեամբ, խոտերը կը խլրտին, կը շարժին, պիտի աղմկեն, կը նայիմ անոնց խռովքի թափառող խաղաղումին, թող հանդարտին, թող ծփանուտ օրօրուին ու սիգան, մինչ հեռուէն հոտդ կը թափանցէ, կը բխի, մարմնական սիրուըտուքէ փախած հոտդ։ Մատ մը առաջ կ՚երթամ ուր կայ բոյսերու բարակ սղոխումին մէջ՝ շուքդ, մօտիկ շնչառութիւնը, գրեթէ շօշափը կայ սրունքիդ ողորկութեան, որ խածի. կարմրեցար, առանց ճչալու, չլացիր. կը հեւամ, կը դողամ երբ յանկարծ կանաչ լոյսին մէջ կեցար, մորմենիի փշոտ, անանցանելի թուող թաւալին ետին, ապահով, հեռու, ականջներէդ կեռասներ կախած, վիպային, խնդացող, մեծ, շատ մեծ, ամուսնութեան գացող ու մեռնող աղջկայ մը պէս, խոհուն ու թեթեւ։

13

Որքան խօսիմ կը դադրիմ քեզ տեսնելէ։ Չէի տեսներ, ինչպէս երբ դէմք չունեցար։ Կը խօսիմ, կը մխրճուիմ մէջդ։ Բռնուած՝ այս անճշմարիտ ու անսուտ խոստովանութեամբ, որ իմ փորձառութիւնս է քեզմէ։ Կը կառչիմ քեզի, ըլլալու բերնիդ մօտ, մօտիկ։ Բայց պատերն ի վեր պատկերներդ կը դնեմ, քով քովի կու գան, հեգնանքով, առանց ամօթխածութեան, վախով յանկարծ որ կը մերկացնեմ քեզ քնարական ի՜նչ զեղումի մէջ։ Կը կառչիմ անունիդ, կարծես կենսաբեր շունչ ըլլաս։ Կարծես ըլլայի՛ր։ Չկաս։ Պզտիկ, տափակ գարշապարներ ունէիր, երբ կը քալէիր տաքցած խիճերուն վրայէն։ Ի՞նչն է որ քեզ կ՚ընէ դուն, անմտածելի։ Քերթուած մը ճապուկ ու վառ իր ռիթմով կիսատ հայրենի։

16

Կը խօսիմ, կը ցանկամ մօտիկութիւնը որ կը դառնայ անմատչելի, բարձր, ապաստաներ ես սանդուխի մը կատարին, կը թառիս, ձեռքերդ, բազուկներդ կը բանաս թռչելու փորձի մը մէջ։ Կը խնդաս։ — Կը թուէիր եկեղեցիի պատկերին կապտաւուն հրեշտակը, կրակէ սանդխամատի մը վրայ կեցած, եւ արգիլող տղուն ելքը վեր. այնտեղ մոմ կը վառենք, խաչ կը հանենք, դուն միշտ կը սխալիս, նախ՝ ձախ ձեռքով, յետոյ աջով, սխալդ կը սրբագրե՞ս թէ կը խաղաս։ Կը կռուէիր ի՞նչ ճնշող, անտեսանելի ու սպառիչ ուժի դէմ, կը փախչէիր արդէն տունէն դաշտ։ Ետիդ երկիրն էր անմատչելի լեռներով։ Մեծցար, մարմին առիր, բանտարկեցին քեզ թափանցիկ պատի ետին։ Քողարկուեցար։ Յետոյ մեռար։ Կարելի՞ է բացայայտել, այնքան սուտ, այնքան ճշմարիտ կը թուիս, մահացու կերպով ցանկալի։ Թերեւս միշտ մեռեալ մը կը սիրեմ։

20

Պէտք է շարունակեմ, դիմեմ դէպի ետ որքան յառաջանամ ու տարագրուիմ քեզմէ, մտայ սենեակէդ, որ տանիմ քեզ մինչեւ մահդ։ Արձակես զիս քեզմէ, վերադարձնես ինծի մանուկի մարմինը որ խլեցիր, այն որ երբեք չի վերադառնար, գիտեմ։ Խե՛նթ, խե՛նթ ես, պիտի ըսես։ Տղա՜յ։ Տանիքները կային տակաւին, փողոցէ ու մարդոցմէ վեր, չարութենէ, բարութենէ, օրէնքէ վեր՝ ուրկէ իբրեւ թէ երկնքին, արեւամուտին իրիկուան փոփոխութիւնները պիտի սերտէինք, լճացող գետը, ծովը, լեռներուն մանիշակագոյնը՝ ջրուած պարտէզներու զովութեան մէջէն։ Կը պահուըտէինք վախին մէջ, հովէն դողահար, մտիկ կ՚ընես մարմնիդ շօշափին՝ որեւէ շնչառութենէ անդին։ Փէշիդ կարմիր հոտը կը մնայ ինկած՝ ոտքերուդ եւ ահա նորէն շոյանքը այրած՝ սեւցած սրունքներուդ, որոնց հեռաւոր, անմատչելի կամարին կը պահուըտէր բացուածքը մարմնիդ։ Անկոչելիդ։ Կը սպասէինք, միսի անկարելի ու վիրաւոր հպումներու ետին, բանի մը որ չեկաւ։ Որեւէ հարկ չկայ կորուստը շարունակելու։

23

Չնայի՛ս, կարծես այն պահն է երբ պիտի ամրան շապիկը ձգես, մերկընաս, կ՚արգիլես որ աչքերս բանամ, շօշափեմ մորթդ հեռուէն, կը ստիպես որ չմտածեմ երբ ձեռքս տանիմ կողիդ։ Եւ յետոյ, մէկէն, նայէ՛, կարծես այն պահն է երբ կը յայտնուիս, զմայլելի, անէութենէն։

26

Որքան խօսիմ այնքան կը բացակայիս եւ որքան լռեմ այնքան կը կորսնցնեմ քեզ բառերուն մէջ չըսուած։ Միայն խօսքի բաւիղն է դեռ որ կը կապէ զիս քեզի։ Իսկ խօսքը քուկդ է։ Խօսքը կը պատկանի ոչ ոքի։ Որքան խօսիմ կը պատկանիմ քեզի։ Խելայեղօրէն ո՛չ ոքի։

30

Բառերու ընդմէջէն մօտեցայ մարմնիդ — Գրէ՛, ըսի—  մօտեցայ անունիդ որ չեղաւ այն որ է։ Եւ աչքերդ բացուած մութին մէջ հետզհետէ կը հեռանան, կը փակուին, կ՚անհետանան, որքան ձեռքս մթութիւնդ պեղէ, դիւթուած, յափշտակուած՝ ջանայ քողազերծել։ Ո՛չ մէկ նշան հիմա։ Ո՛չ մէկ դրուագ։ Այլ յոգնութիւն, այլ լքումիդ ձգած յափրանքը։ Ո՛չ մէկ մնացորդ։ Բայց թերեւս այս բացակայութիւնն է որ ձայնդ կը կրկնէ ականջիս — միշտ կը լսեմ քեզ, կարծես ընդմիշտ պիտի լսեմ—  բացակայութիւնդ իր հետ կը բերէ մեռած մարմինը մանուկին որ քեզ երազեց ու զիս եղաւ։ Թերեւս մանուկն եմ նշանին որ երազեցիր։ Թերեւս ճշմարիտ սուտդ եմ եւ կը գրեմ միայն քեզ մեկնելու համար։ Քեզմէ մեկնելու, ի սպառ։ Կարելի չէ ըսել հպումը մարմնիդ. ինչպէ՞ս կիզուեցայ։

36

Սակայն վերջապէս պէտք է ընդունիմ քեզի, ի քեզ հասնիմ։ — Լսէ՛ — վերջին անգամ, առաջինի անորոշութեամբ, առանց մոռնալու, այսքան գիշերներու ընդմէջէն, անդոհանքէս, գտնելու քեզի համար գոնէ մէկ վանկ — ձեռքիդ արիւնող մորմի հատիկ մը, հատիկի մը արեւակը օդին, տեսնես զիս որպէսզի մեկնիս։ — Հոն էիր, միշտ, տեղ մը, մորթիս տակ կամ քովս, անտեսանելի ստուեր, մօտս, ամեն շարժումի հետ, ամեն դէմքի սանձարձակ դէպքին մէջ յայտնուող, կրկնաստուեր։ Նոյն վայրենութիւնդ, ընտանութիւնդ ըմբոստ։ Սակայն պէտք է նայիմ որ մոռնամ ու չմոռնամ քեզ։ Տագնապը սաստկանայ, լուծուի։ — Թերեւս ամեն սէր ընդմիշտ սէր է ծննդեան հողի, աւետում, բայց սարսափելի, խոստումը՝ քու ընծայուող, արգիլուած մարմնիդ, որուն հոտը զիս տարաւ պարտէզէ պարտէզ, անապատէ անապատ, մինչեւ Սրտաձոր, Մուշ, Տիգրանակերտ ու Կարս, կը հաշտեցնէ զիս թերեւս հողի յիշողութեան, պարտութեան, անկումին՝ ինծի հետ, թերեւս նաեւ, գիտե՞ս, որեւէ յարութեան։ — Ամեն սէր թերեւս մերձեցումն է նուագուն մարմնիդ, որմէ ծնայ մարմնիս մինակութեան։ Եւ հիմա թո՛ղ որ այսքան արթնութենէ, տքնանքէ, անյիշողութենէ ետք, այս քու իմ աղէտիդ ընդմէջէն ըսեմ՝ պէտք է մեռնէիր, տարփելի։

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.