Անցեալ տարի Սփիւռքում հրատարակուած «Բանաստեղծութիւն» հանդէսի Բ յատորում հանդէսի խմբագիրներ Մարուշ Երամեանը և Իշխան Չիֆթճեանը գրական քննադատութեան վերաբերեալ հարցազրոյցներ են արել սփիւռքահայ մտաւորականներ Գրիգոր Շահինեանի և Մարկ Նշանեանի հետ:
17 տարի առաջ արուած Մարկ Նշանեանի հետ հարցազրույցի արդիականութիւնը մղեց, որ Ինքնագիրը վերահրատարակի այն:
ՀԱՐՑԱՐԱՆ
- Գրական քննադատութիւնը իբրեւ ստեղծա բանական արարք. ի՞նչ կը հասկնաք ասով:
- Ո՞րն է գրական քննադատին գլխաւորագոյն պաշտօնը:
- Ի՞նչը կամ ինչե՞ր մղած են Ձեզ քննադա տութեամբ անդրադառնալու սա կամ նա գործին: Ի՞նչն է, որ կը ստիպէ, գրելու պար տադրանքին տակ կը դնէ, գիրը կը կանչէ:
- Մօտէն կը հետեւի՞ք այսօրուան միջազգային քննադատութեան եւ ի՞նչ կ՚ըսէ ան Ձեզի: Հարցում
- Մեր գրականութեան գլխաւոր բացական քննադատութիւնը եղեր է, հակառակ Յակոբ Օշական քննադատին, որուն ուղղութեամբ այսօր ալ կարգ մը գրողներ համոզուած չեն: Այդ կարգ մը գրողները իրենք հաստատ ուղղութիւն կամ քննադատական որոշ բերք չունին: Եւ պակասը կը մնայ պակաս: Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը:
- Կարելի՞ է հայ գրական քննադատութիւնը, անոր կիրարկութեան կերպերը նկատի առած, շրջաններու բաժանումի ենթարկել. եթէ այո՝ ի՞նչ անուններով պիտի բնորոշէիք այդ շրջանները: Եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ:
- Ո՞ր թերթերուն մէջ հանդէս եկած էք գրական քննադատութեամբ: Ձեր ըսելիքին ազատութեան համար անոնք երբեւիցէ խոչընդոտ հանդիսացե՞ր են: Նկատա՞ծ էք որ հայ մամուլը քննադատին առջեւ որեւէ դժուարութիւն դրած է,խօսքի ամբողջական արտայայտութեան համար: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այդ դժուարութիւնը, եթէ կայ:
- Ի՞նչ է Ձեր պատկերացումը իսկական քննադատութեան, մանաւանդ՝ բանաստեղծական երկերու պարագային:
- Եթէ ի գործ դրուի նման գրաքննադատութիւն, կը կարծէ՞ք որ բանաստեղծութիւնը կրնայ որակ փոխել Սփիւռքի մէջ:
ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Սիրելի Մարուշ, Աչքիս առջեւն է Նոյեմբեր 12ի նամակդ եւ անոր կցուած հարցարանը: Այդքան ժամանա՞կ անցեր է զայն ստանալէս ի վեր: Միակ բանը որ կը յիշեմ՝այն է, որ մէկ քով դրի զայն երբ ստացայ, աւելի ձեռնտու օրերու յոյսով: Երկարապատում գիրք մը կը պատրաստէի (եւ տակաւին կը պատրաստեմ) 20րդ դարու հայ գրականութեան շուրջ, իբր թէ անգլերէնով (այսինքն՝ չգիտցած անգլերէնովս), վերնագիր՝ Writers of Disaster[1], եւ ամբողջ ժամանակս խլելէ զատ՝ կ՚արգիլէ ան որ միտքս ուրիշ բանի վրայ կեդրոնացնեմ: Բայց այս ալ ըսեմ. երբ նամակդ առի ու հասկցայ թէ բանը ինչումն է, սանկ աչք մը նետեցի հարցարանին վրայ ու չուզեցի միտքս աւելի լարել անոր ամէն մէկ հարցումին բուն տարողութիւնը ըմբռնելու նպատակով: Գիտէի սկիզբէն, թէ պիտի չպատասխանեմ այդ հարցարանին, այնպէս որ հիմա ալ՝ պիտի չփորձուիմ իսկ: Որովհետեւ հարցումներդ շատ բարդ են ինծի համար: Ես քննադատ մը չեմ, սիրելի Մարուշ: Պարզ ընթերցող մըն եմ: Կայ խոշոր տարբերութիւն մը: Առաջին մէկ օրէն եղած եմ այդ բարեացակամ (եւ երբեմն ալ՝ չարակամ) ընթերցողը, որ կը յափշտակուի իր կարդացածովը, որ բան մը կը փնտռէ, յուսահատական ձեւով, հեղինակներուն մէջ, ձեւով մը՝ կենաց ու մահու հարց մը: Գրուածքները, երբեմն՝ բանաստեղծութիւն, յաճախ՝ տարբեր բնոյթի, փրկութեան լաստեր եղած են իմ կեանքիս մէջ: Այդ ձեւով է, որ կարդացած եմ Ֆրանսացի բանաստեղծները երբ քսան տարեկան էի: Այդ ձեւով է, որ կարդացած եմ Յակոբ Օշական երբ երեսուն տարեկան էի: Միշտ այն տպաւորութեամբ, որ պիտի փրկուիմ, վերջապէս: Յետոյ՝ կարդալով գրելը եղած է ինծի համար զէնք մը: Սէրս արտայայտելու միջոց մը յաճախ, ինչպէս պատահեցաւ Ճինպաշեանի «Արխիւ Հասնումի»ի պարագային[2]: Կամ տարիներ առաջ՝ Վահէ Օշականի պարագային (իր մասին գրածս՝ տարիներու յաճախանքի արդիւնք, յաճախանքը հասկնալով բոլոր կարելի իմաստներով)[3]: Բայց աւելի յաճախ, այո, զէնք մը: Ըլլանք անհամեստ (մեզի շնորհուած կեանքէն քիչ բան մնացած է եւ ժամանակը չէ ոլորապտոյտ քաղաքավարութիւններու). զէնք մը ժամանակակիցներուս բթամտութեան դէմ: Զէնք մը հայոց յուսահատելի անսիրելութեան եւ անտարբերութեան դէմ, հանդէպ դպրութեան, հանդէպ խելքին, հանդէպ իրենք իրենց եւ աշխարհի ապշեցուցիչ նորութիւններուն: Այս կեցուածքն իսկ (սէրերս արտայայտել, սպառազինուած մօտենալ ամէն ինչի) արգիլած է, որ աւելի լայն շունչով տամ աշխարհ մը գիրքերու ընդմէջէն: Գրելը եղած է միշտ կռիւ մը, ինքզինքիս հետ, աշխարհին հետ: Ատկէ անդին չեմ կրցած անցնիլ: Այդ պատճառով ալ՝ քիչ գրած եմ: Երանի ըրածս քննադատութիւն կոչուէր: Այն ատեն, Յակոբ Օշականի հետ, կրնայի թերեւս քննադատութիւնը իբրեւ տեսակ մը «նորօրեայ բնազանցութիւն» դիտել կամ, ձեր բառովը, իբրեւ «ստեղծաբանական» արարք: Իցիւ թէ: Բայց շատ լաւ գիտէք, որ մեզի արգիլուած են այդ պերճանքները: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մենք կայուն չենք: Գրելը մեզի համար ասպարէզ մը չէ, կ՚ուզեմ ըսել՝ յառաջուց որոշադրուած, որուն տուեալները սպասէին մեզի կազմ ու պատրաստ, յաւիտեանս յաւիտենից: Այլ ի՞նչ: Այլ ստիպողութիւն մը, ճամբայ բանալ մը, չխեղդուիլ մը, կրկին ու կրկին՝ փնտռել մը: Մենք զմեզ: Ստեղծել ժամանակ մը, այսինքն՝ «երէկ» մը ու «այսօր» մը, որ ըլլայ մերը, քանի որ մենք չէինք նախատեսուած: Մենք մեր ստեղծումն ենք: «Ժամանակ» մը ստեղծել պէտք էր: Եւ այդ՝ կ՚ըլլայ միայն գրելով: Մենք չէինք նախատեսուած, ի հեճուկս ամենայնի: Եւ այդ պատճառով է, որ ես կը գրեմ: Մեզի սպասող չկար: Տունը պարապ էր, երբ ժամանեցինք այս աշխարհը: Ամէն մարդ՝ մեկնած: Բանալին՝ փասփասին տակը: Ուրեմն նաեւ՝ ո՛չ մէկ արժեչափ: Ամէն ինչ՝ գողօնի հանգամանքով: Կ՚առնենք ինչ որ անհրաժեշտ է, վերապրելու համար, հո՛ն ուր կը գտնենք զայն: Մեզի չէր տրուած, հետեւաբար՝ կը գողնանք:
Լուրջի ա՛ռ, կ՚աղաչեմ, «ժամանակ» մը ստեղծելու մասին ըսածս: Հռետորութիւն չկայ ատոր մէջ, ո՛չ ալ աշխատանքս սուղի ծախելու հանգամանք մը, ընդհակառակը: Կ՚անձնականացնեմ, ճիշդ է, այն քիչը որ կրցած եմ ընել: Բայց ուրիշ ի՞նչ ձեւ կայ:
«Ժամանակ» մը ստեղծելու ստիպողութենէն տարբեր եւ անդին, կայ ուրիշ նկատողութիւն մըն ալ: Քննադատ մը, պաշտօնով ու կոչումով, կ՚աշխատի գրական գործերու վրայ: Ունի իր առջին (կամ տեղ մը՝ իր մտքին մէջ ծուարած) գրականութեան յղացքը, գրականութիւնը իբրեւ յղացք: Այդ յղացքը կը գործէ իր կամքէն անկախ: «Յղացք» բառն ալ (եւ ամբողջ գաղափարը) կ՚առնեմ այս պարագային՝ Յակոբ Օշականէն: Ինչպէս գիտես՝ «Համապատկեր»ի ծրագիրներէն մէկն է «ազատագրել գրականութեան յղացքը»: Այսինքն՝ պատմականօրէն հետեւիլ անոր դանդաղ բացումին, փթթումին, գրողներուն ընդմէջէն, մինչեւ 1915, եւ մինչեւ Օշական: Այն հաստատ համոզումով սակայն, որ եթէ չըլլար ինքը՝ քննադատ-պատմագիր-վիպագիրը, այդ յղացքը պիտի շարունակէր մնալ սանկ աղջամղջային պայմաններու մէջ, ծածուկ, անյայտ, խանձարուրի մէջ, բանտուած, չազատագրուած: Այդտեղ, զարմանալի եւ քիչ մըն ալ՝ անսպասելի կերպով, քննադատը այն է, որ երեւան կը բերէ անյայտը, գրականը իբրեւ անյայտ գրակա նութեան ընդմէջէն, զայն ազատելով այն ամէն ինչէն որ կը շփոթուէր անոր հետ, որ կ՚արգիլէր անոր կատարեալ երեւանումը (բառը կը ստեղծեմ): Ահաւասիկ քեզի ստեղծաբան քննադատութեան մը ծրագիրը, շատ գիտակից եւ հետեւողական կերպով գործի դրուած: Տրուած ըլլալով նաեւ որ գրական յղացքին ազատագրումը կապ մը ունէր, ունենալու էր, բուն ազատութեան հետ, մեր հոգիներու ազատութեան հետ: Օշականն է ըսողը, չէ՞, որ գրականութիւնը «ինքնորոշման» գերագոյն ձեւն է, բառին մէջ պահելով քաղաքական երանգը, եւ ըսել ուզելով որ հո՛ն է իսկական ինքնորոշումը, եւ ո՛չ թէ քաղաքական կոչուած ասպարէզին մէջ:
Բայց հիմա նկատի ա՛ռ ընթացիկ քննադատը, եթէ կայ այդպիսի արարած մը, քննադատ մը որ Օշական չէ եւ չունի իբրեւ ծրագիր գրական յղացքին ազատագրումը: Իրեն համար՝ գրականութիւնը տուեալ մըն է, չափանիշ մը: Ինքը պիտի չստեղծէ զայն, երեւան պիտի չբերէ: Իր գործը «գրական» ըսուած գրուածքներու հետ է: Գրականի յղացքը խնդրոյ առարկայ չէ իրեն համար: Ո՛չ իբրեւ ստեղծուելիք, պատմական ընթացքով երեւան բերուելիք եզր մը, ո՛չ ալ իբրեւ հարցադրուելիք հաստատութենական իրողութիւն, որմէ ինքը կախեալ ըլլար: Եւ քանի որ ինքը (ընթացիկ քննադատը) կախեալ է անկէ, չի կրնար զայն հարցադրել, պարզ է: Գրականութեան հորիզոնին մէջն է, որ կը շարժի, կը մտածէ, կը գրէ: Չի կրնար հորիզոնը ճեղքել անցնիլ: Հո՛ս է տարբերութիւնը քննադատին եւ ընթերցողին միջեւ: Եւ «ընթերցող» բառը, կրկին, կ՚առնեմ ( կը փորձեմ առնել) իր ամենապարզ իմաստով: Պիտի ըսես. ընթերցողն ալ կախեալ է գրական յղացքէն, գրականութեան հորիզոնէն, երբ կը կարդայ գրական կոչուած (ինքնակոչ կոչումով) գործեր: Այո՛: Բայց ընթերցողին կոչումն ու պաշտօնը չէ գրական յղացքէն ստանալ իր որոշադրումները եւ անկէ մեկնիլ իր կարդացածին մասին խօսելու ատեն, եթէ խօսելու ըլլայ: Այստեղ կայ վերստին (բայց ուրիշ իմաստով մը) ազատութեան հարց մը: Ընթերցող մը չի կարդար գրուածքները իբրեւ գրական: Չունի գրականի որեւէ յղացք ի մտի: Ամէն ինչ կը ստանայ հետեւաբար իբրեւ անձնական: Հոսկէ՝ անձնականացումին անհրաժեշտութիւնը: Ամբողջ հարցը սակայն, միամտութեան սկզբնական շրջանէ մը ետք, գիտակից ընթերցող մը դառնալ է: Այսինքն՝ գիտակից հակա-քննադատ մը: Ի՞նչ կ՚ընէ գիտակից հակա-քննադատը: Քանի որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ է գրականութիւնը, չի հասկնար բառին իմաստն իսկ, եւ քանի որ այսուհանդերձ՝ կ՚անդրադառնայ թէ իրեն ներկայացող էջերը «գրական» հանգամանքով կը ներկայանան, հարց կու տայ ինքն իրեն, թէ ի՛նչ է այդ «գրական»ը: Կը հարցադրէ գրականը իբրեւ այդ: Կը տարբաղադրէ յղացքը: Ամբողջովին թէական կը դարձնէ զայն: «Թէական»ը հոս՝ ըլլալով «էական»ին հակառակը: Այդ պատճառով իսկ՝ կը դառնայ հետզհետէ հակաքննադատ:
Ա՛յս ալ ըսեմ ի միջի այլոց, որ անկարող եմ ըմբռնելու, թէ ինչպէ՛ս այսպէս կոչուած քննադատ մը կրնայ մօտենալ ընդհանրապէս արդի գործերուն, արդի գրուածքի դաշտին: Քանի որ արդի գրուածքն է, առաջին հերթին եւ իր հաւանական ընթերցողներէն շատ առաջ, որ կը ձեռնարկէ «գրական»ի այդ համընդհանուր խնդրականացումին: Մեր մէջ՝ Վահէ Օշականն է, ինչպէս գիտես, որ տարած է այդ աշխատանքը մինչեւ որոշ տեղ մը: Թերեւս չէ գիտակցած ամբողջովին իր ըրածին: Բայց ունի ապաբանաստեղծականացումի (ահաւոր բառ մը, բայց չունիմ առ այժմ աւելի կարճը) հաստատ ծրագիր մը, որուն պարտինք հետեւիլ եւ աշակերտիլ, բան մը հասկնալու համար իր գրածներէն: Հակա-քննադատը, վերը տրուած հասկացողութեամբ, արդի գրուածքին հետեւորդն ու աշակերտն է, ուրիշ ոչինչ: Սակս ասոր՝ պարզ ընթերցող: Թէեւ բարդացաւ հոս քիչ մը «պարզ»ին իմաստը, եթէ ճիշդ է որ պարզ ընթերցողը ինքն ալ ծրագիր մը կը մշակէ, հետզհետէ աւելի յստակ. գրականին «մերկացում»ը: Ամէն պարագային՝ հոս ըսածս ալ բացայայտ կը դառնայ եթէ նկատի առնելու ըլլանք այն հանգամանքը, թէ ո՛չ մէկ քննադատ գտնուած է, ի պաշտօնէ քննադատ մը, որ Վահէին գործերուն մասին երկու տող կարենար հիւսել, սանկ խելքի պառկող: Վահէին «Քաղաքը» մեր քսաներորդ դարու մեծ գործերէն մէկն է: Երբեւիցէ գրական քննադատի մը գրչին տակ կարդացա՞ծ ես այդ գրքին մասին երկու փարա արժող գրախօսական մը: Վերջերս պոլսեցիները սկսան Վահէին անունը ափեղ-ցփեղ հոլովել, որովհետեւ Վահէն տեսնելով իբրեւ potential թշնամի, ուզեցին զինք իրենց հասկցած գրականութեան հորիզոնէն ներս ներգրաւել: Միեւնոյն արարքով՝ անտեսեցին անշուշտ իր մասին գրուածները: Ուզեցին զինք վերստին զետեղել-ներբերել բանաստեղծութեան ծիրէն ներս, այսինքն՝ իրենց հասկցած բանաստեղծութեան: Մնաց որ Վահէն բան մը չըրաւ իր աշխատանքին յեղափոխիչ տարողութիւնը պաշտպանելու համար: Հոյակապ օրինակ՝ չմտածուած յեղափոխութեան մը, բանաստեղծութեան աշխարհէն ներս: Պէտք է սպասէինք դուրսէն եկող ընթերցողի մը, որ քննադատի պաշտօն ու կոչում չունէր (ակնարկս՝ հայաստանցի մտաւորական Եուրի Խաչատրեանի եւ Վահէին հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին մասին է, Երեւան լոյս տեսնող Երկիր թերթին «Վարուժան» յաւելուածին մէջ), որպէսզի հասկցող մօտեցում մը ցուցադրուէր: Չեմ խօսիր իսկ իմ կամ Գրիգորին գրածներուն մասին: Խոստովանինք սակայն, որ աշխարհը չցնցուեցաւ ատկէ: Հայաստանցի բանաստեղծները հարց չտուին իրենք իրենց, թէ ի՛նչ բան էր այդտեղ կատարուածը: Շարունակեցին իրենց ոտանաւորները գրել, արդիականութենէն կատարեալ այլուրութեամբ մը: Շարունակեցին ինչպէս որ սկսած էին: Շարունակեցին չկարդալ: Զարմանալի չէ, որ այդքան լաւ հասկնան զիրար՝ Պոլիսը եւ Երեւանը: Ի՞նչ էր ըսածս: Որ հակա-քննադատը արդիականին աշակերտն է: Ընթերցող մըն է, պարզ, եւ ո՛չ թէ գրականին պաշտօնեան: Աւելի գիտակից եւ հետեւողական մակարդակի մը վրայ, իր գործը գրականին, գրական յղացքին հարցադրումն է, խնդրականացումը: Այս ամբողջին մէջ պահելով միշտ անձնականութեան եզրը: Առաջին մակարդակի մը ուրեմն՝ չեմ գիտեր եւ չեմ ուզեր գիտնալ, թէ ի՛նչ է գրականութիւնը: Իմ գործս գրականութեան հետ չէ՛: Երկրորդ մակարդակի մը, կ՚ուզեմ կոտրել գրականութեան յղացքը, ինչպէս որ սկսաւ մեզի պարտադրուիլ ան ԺԹ. դարու կէսերէն ասդին: Հոս կը սկսի ձեւով մը, այո՛, պատմական ծրագիր մը: Որ կապ չունի սակայն ո՛չ միայն ընթացիկ քննադատութեան հետ, այլեւ Օշականեան ծրագիրին հետ: Հակա-քննադատին ուզածը գրական յղացքը ազատագրել չէ: Զայն քանդել է իր արմատէն, իր սաղմին մէջ: Այս երեւոյթը եւ աշխատանքի այս ընթացքը բացատրած եմ շատ տարբեր առիթներով: Բացատրած եմ «L’Ecrit et le mutisme» վերնագրով տպուած ֆրանսերէն ուսումնասիրութեան մը մէջ (գրուած 1980ին, տպուած՝ 1985ի՞ն), ինչպէս նաեւ Ages et usages de la langue 319 arménienne գրքի (1988) Ը. գլուխին մէջ, առանց գրական յղացքի քանդումը եւ հակա-քննադատութեան գործողութիւնը բացայայտ կերպով բնանիւթ դարձնելու (առաջինը հայ գրականութեան մասին ընդհանուր պատկեր մը տալու կը միտէր, երկրորդը՝ հայերէն լեզուի պատմութիւն մը կ՚առաջարկէր, հաստատութենական եւ ո՛չ թէ լեզուաբանական դիտանկիւնէ): Բացատրած եմ նաեւ «Քննադատութիւնը եւ սրբազնութեան փորձընկալումը» փորձագրու թեանս մէջ (որ լոյս տեսաւ Փարիզի Կայքի Գ. համարին մէջ, եթէ չեմ սխալիր): Անշուշտ գիտեմ, որ այս բոլորը բաւական չեն հասկնալի դարձնելու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակեն «կոտրել», «քանդել» բառերը, երբ կ՚ըսեմ, որ կ՚ուզեմ քանդել գրական յղացքը իր արմատէն, խեղդել զայն իր սաղմին մէջ: Բայց գոնէ ցոյց կու տան, որ պատմական տարողութիւն մը կայ «քանդել»ու ծրագիրին մէջ: Փորձ մը՝ գրականի ծագումին դառնալու, գրականի որոշադրումները մէկ առ մէկ տարտղնելու, սաղմը արգանդին մէջ խեղդելու համար: Նոյնը կ՚ընեմ այսօր Writers of Disaster գրքիս մէջ, որ հոս ըսածներուս ամենալայն կիրարկումն է եւ ամենածաւալուն ընդունարանը: Յատկանշական կերպով, դիտարկուած բնանիւթը հոն՝ գրականութիւնը չէ՛, այլ Աղէտը: Յստակ է, կը կարծեմ, որ ուզածս՝ գրելը ազատագրել է գրականէն, իբրեւ հասկացողութիւն, իբրեւ արարք, իբրեւ արարմունք: Որպէսզի կարելի դառնայ վերջապէս ո՛չ թէ միայն գրելը, այդ «այդքան ընդարձակ եւ հանրային երեւոյթ»ը, որ իբր թէ բաղդատելի է միայն «հին դարերուն կրօնքներով յօրինուած բարեխառնութեան», այլ աւելի համեստ բայց էական՝ գրական ըսուած գործերու արժանավայել ընթերցումը իրենց բոլոր շերտերու եւ գրաւարկներու նկատառումով:
Եւ կ՚անցնիմ ուրեմն հարցի երրորդ երեսակին: Առաջինը՝ ժամանակի ստեղծումն էր: Երկրորդը՝ գրականէն ազատագրումը, հակադրուած գրականի ազատագրումին: Երրորդը, աւելի կարճ հիմա, պիտի անդրադառնայ «քննադատութիւն» բառին: Ըսա՞ծ եմ ասկէ առաջ, թէ որքան ատելով կ՚ատեմ՝ հայաստանեան «գրականագէտ», «գրականագիտութիւն» յորջորջումները: Կարծես գրականութիւնը ըլլար գիտութեան առարկայ, այսինքն նախ եւ առաջ՝ առարկայ: Գրականագէտը չի տարբերիր այս առումով՝ քննադատէն, ինչպէս որ վերը սահմանեցի զայն: Կը ստանայ «գրական»ը եւ «գրականութիւն»ը իբրեւ իմաստ եւ իբրեւ իրողութիւն-հաստատութիւն (institution): Կը դեգերի այդ իմաստի սահմաններէն ներս: Կը քսուի գրագէտի քղանցքներու եւ գոհունակութիւն կը ստանայ ատկէ, ի հարկէ՝ հոգեբանական գոհունակութիւն մը: Միեւնոյն ժամանակ, քանի որ հոգեբանօրէն անտանելի է այդ «քսուիլ»ը, ինքն իր հաշուոյն՝ կ՚ուզէ մարզի մը տէրն ու տիրականը ըլլալ, գիտական սկզբունքներով, անդրդուելի օրէնքներով պաշարուած: Հոյակապ օրինակ մըն են Սարինեանին էջերը Պ. Սեւակի մասին: Կարդացած կ՚ըլլաս հաւանաբար: Քծնութեան ու վիրաւոր անձնապաստանութեան սքանչելի նմոյշ մը: Մնաց որ «վարպետ»ն ալ, իր արտադրած գրականութեամբ, իր քրմապետի ձեւեր կտրելու սովորամոլութեամբ, այդպիսի կեցուածքներու կը մղէր: Բոլոր գիտութիւններուն դէմ յանդիման, պիտի նախընտրէի ուրեմն «քննադատութիւն» բառը փրկել: Այդ ճամբուն վրայ, Օշականի օրինակներն ու բնորդները չե՛ն անշուշտ իմ ուղենիշներս:
Ասկէ անդին ըսելիքներս բառը փրկելու ուղղութեամբ կը յառաջանան: Կը յուսամ միայն, թէ շփոթութիւն պիտի չստեղծուի: Անգամ մը եւս՝ փրկուած «քննադատութիւն»ը կապ չունի ընթացիկ քննադատութեան հետ: Բառը փրկելու փորձս զայն արդիականութեան մէջ զետեղելու փորձ մըն է: Գիտես հաւանաբար, թէ ԺԸ. դարու վերջաւորութեան, գերման ռոմանթիքներու առաջին սերունդը ի՛նչ հսկայ տարողութիւն տուած է «քննադատութիւն» բառին, ներմղելով ամբողջ մեր արդիականութեան կեցուածքը գրականին նկատմամբ: Այդ մասին ֆրանսացի վաղամեռիկ տեսաբանը՝ Անթուան Պեռման ունի շատ գեղեցիկ գիրք մը, որ կը կոչուի «L’Epreuve de L’étranger»[4] , որ պիտի թարգմանուէր թերեւս՝ «Օտարին փորձընկալումը» արտայայտութեամբ: Քսաներորդ դարու ամենէն կարեւոր քննադատ-տեսաբաններէն մէկն ալ՝ Վալթէր Պէնիամին իր աւարտաճառը այդ դպրոցին մասին գրած էր, իբրեւ ռահվիրայ[5] : Այդ մէկը թերեւս քեզի մատչելի լեզուով մը գտնես հրապարակին վրայ: Անշուշտ Պեռման ինքը՝ քննադատութեան այդ ընդլայնուած բայց սկզբնատիպ իմաստին հանդէպ (ուր պարզ ու թերեւս թիւրիմացութեան տանող արտայայտութեամբ մը՝ քննադատութիւնը իբրեւ կրկնաւորութիւն՝ էութիւնն իսկ է գրականութեան, կամ զայն իր էութեան վերադարձնողը) ունի միաժամանակ յափշտակուած եւ քննական կեցուածք մը: Հոս՝ Քննադատութիւնն է (այո՛, կը գլխագրեմ), որ կը բանայ արդիականութեան տարածքը: Եւ այս՝ գերման վիպապաշտներէն սկսեալ: Քննադատութիւնն է, որ կը լուծէ, կը վերլուծէ գրականը ինքն իր մէջ: Քննադատութեան գործողութիւնը քանդումն է: Գրական գործը քանդել, աւրել, ու աւերել, որպէսզի երեւան գայ անոր իմաստին անհունութիւնը, ահա՛ փրկուած ու փրկուելիք Քննադատութեան կոչումը: Այդ աւերումը (որ քննադատական յարաբերակցութեան էութիւնն է) գրական գործին կողմէ պատրաստուած է, անկէ կանչուած, կոչուած ու վերակոչուած: Գերման ռոմանթիքներու «քննադատական» յղացքը բացայայտելով, Անթուան Պեռման կը գրէ այսպէս. «Գործը կը տենչայ այդ աւերումին, որ իր իմաստի անհունութեան յայտնութիւնն է»[6]: Քանդելը անհրա ժեշտ է, որպէսզի գործին մէջ ազատագրուի «արուեստ»ին անհունութիւնը:
Հոս ալ «քանդել» մը կայ ուրեմն, ինչպէս տեսանք հիմա, որ տարբեր է սակայն աւելի վերը յիշուած ու նշուած «գրականը քանդել»էն (որ հակա-քննադատական ծրագիրն է): Քննադատութիւնը (վիպապաշտներէն ժառանգուած շատ ուժեղ իմաստով) կը լուծէ գրականը ինքն իր մէջ, կը նշէ ու կ՚ընծայէ անոր ծննդավայրը: Կ՚արգիլէ հետեւաբար եւ ամէն պարագայի՝ գրականին եւ գիտականին դէմ-յանդիմանութիւնը: Կամ պէտք է արգիլէր զայն, եթէ քիչ մը աւելի արթուն ըլլայինք եւ մեր փոքր ածուն չվերածէինք նախաջրհեղեղեան կեցուածքներու կրկնողութեան, եթէ աչքերնիս քիչ մը աւելի բաց ըլլային աշխարհէն ներս կատարուածին: Ամէն պարագայի՝ այսպիսի վերադարձ մը դէպի արդի քննադատութեան ակունքները անհրաժեշտ կը թուի ինծի, հասկնալու համար բառի այժմեայ կիրառու մը եւ անոր չարափոխութիւնները, ներառեալ գիտական յաւակնութիւնները, իրենց գաղութատիրական ձգտումներով: Այս վերջին (երրորդ) երեսակը (Քննադատութեան պատմական իւրացումը, Քննադատութիւնը իբրեւ քանդում, վիպապաշտներու իմաստով) շատ մը հասարակաց եզրեր ունի Օշականեան քննադատութեան հետ: Չգիտակցուած, չտիրապետուած: Զայն կը յիշեմ հոս սակայն ուրիշ պատճառով մը: Հնարաւորութիւնը կու տայ ան աւելի մօտէն մտածելու հակա-քննադատական ամբողջ վիճարկումը, որուն տուեալներէն մէկ քանին նշեցի առաջին երկու կէտերովս: Այն ալ երեւան կը բերէ, կը քակէ, կը տարբաղադրէ քննադատ-գրականագէտի չգիտակցուած նախադրեալները: Պայմանաւ որ հասկցուի ըսել ուզածս, քննադատ-գրականագէտը կը ստանայ յառաջուց որոշադիր իմաստը գրականին, փոխանակ զայն խնդրոյ առարկայ դարձնելու, փոխանակ անոր պատմական ծագումին դառնալու, փոխանակ զայն ազատագրելու կամ անկէ ազատագրուելու:
Վերջին հարց մը պիտի շօշափեմ, որ անմիջական կապ մը ունի քննադատութեան գործողութեան հետ: Թարգմանութեան հարցն է: Գիտէք հարկաւ, որ արեւմտահայերէնը Մխիթարեաններու վերջին մեծ թարգմանիչէն՝ Ղազիկեանէն ի վեր դադրած է թարգմանելէ: ԿԱՄի մէջ լոյս տեսած իմ թարգմանութիւններս բացառութիւն էին, օրէնքը հաստատող: Վերջին 70 տարիներուն, մէկ ձեռքի վրայ կը համրուին արեւմտահայերէնով իսկական թարգմանութիւնները: Ո՛չ իսկ այդքան: Ողբերգական վիճակ, որ կը մատնէ մեր լեզուին սնանկութեան աստիճանը: Կ՚ապրինք օտարին ծոցը, բայց անկարող ենք այլեւս անկէ որեւէ բան լսելու եւ իւրացնելու, քանի որ չենք թարգմաներ: Ան կարող ենք ըստերեւոյթին՝ մեր լեզուին մէջ օտարին եւ օտարութեան փորձընկալումը կատարելու: Անկարող ենք մեր լեզուի թանձրութենէն հեռանալու դէպի անհունութիւնը իմաստին, ինչպէս պիտի ըսէին գերման ռոմանթիքները: Անշուշտ այդ ընելու համար՝ չունինք ո՛չ պէտք եղած անձնակազմը, ո՛չ ալ ընթերցողներու անհրաժեշտ փաղանգը: Բայց Թարգմանութիւն եւ Քննադատութիւն (իր փրկուած ու փրկուելիք իմաստով) առնչուած են, իբրեւ ծրագիր ու իբրեւ գործողութիւն: Եթէ Քննադատութիւնը ազատագրելու պաշտօն մը ունի (նոյնիսկ եթէ այդ ըլլայ գրականէն ազատագրում, հակաքննադատական ծրագիրով) Թարգմանութիւնն ալ կը հպատակի նոյն հրամայականին: Ռոմանթիքներու խորաթափանց տեսութիւններուն պէտք չկայ դիմելու, հասկնալու համար, որ օտարին հետ դիմառդիմութիւնը, օտարին ներգրաւումը, պիտի ազատագրէին լեզուն իր բնապաշտ սահմանափակումէն, պիտի բանային զայն դէպի աշխարհի անհունութիւնը, կոտրէին անոր մէջ կէթոյական հակազդումները, տային մեզի արուեստի ըմբռնում մը: Բայց այնպէս՝ ինչպէս մեր մէջ կը պակսի Քննադատութեան ազատագրիչ հասկացողութիւնը, նոյնպէս ալ, եւ նոյն պատճառներով, կը պակսի թարգմանելու մղումը: Տխուր երեւոյթ, թերեւս վերջնական: Կը տեսնեմ, որ ձեր «Բանաստեղծութիւն» հանդէսը կը փորձէ ատոր առաջքը առնել: Յաջողութիւն կը մաղթեմ: Եւ մի՛ կարծէք որ իրադրութիւ նը տարբեր է Հայաստանի մէջ: Հոս տեղը չէ հրապարակին վրայ տրամադրելի թարգմանութիւններու քննադատութեան ձեռնարկելու (ահաւասիկ քննադատութիւն մը, որուն պիտի ձեռնարկէի ամենէն ընթացիկ իմաստով, առանց այլեւայլի, մեծ հաճոյքով): Բայց ձեր աչքով կարդացէ՛ք հրամցուածը եւ փորձեցէ՛ք բացատրել դուք ձեզի, թէ ո՛ր չափով արդեօք այդ թարգմանութիւնները ընթացիկ կաղապարներէն ազատագրիչ ուժականութիւն մը ունին իրենք իրենց մէջ: Պիտի սարսափիք: Քննադատութեան (փրկուած կամ ընթացիկ) բացակայութիւնը եւ իսկական իմաստով՝ գրական թարգմանութիւններու բացակայութիւնը համազօր երեւոյթներ են: Գիտես հաւանաբար, թէ Պէյրութը ի՛նչ տխուր դեր ունեցած է թարգմանական գործունէութեան եւ նախ՝ թարգմանական զգայնութեան այս կատարեալ խցկումին մէջ: «Պէյրութ» վերադիրը հոս հասկցի՛ր իրական ինչպէս խորհրդանշական առումով: Դիմած է միշտ ամենացած մակարդակին, միշտ անտեսած է արուեստը, չէ փորձած լեզուներ սորվիլ կամ սորվեցնել իր տղոց, միշտ արհամարհած է օտարը, աւելի ճիշդ՝ զայն ներառնելու անհրաժեշտութիւնը: Միշտ մտածած է զուտ ազգայնական չափանիշներով: Այսինքն՝ ամենանեղմիտ ձեւով: Ազգային հպարտութեան սնանկ խաղը խաղացած է ինքն իր աչքին: Համբակներու լման սերունդներ պատրաստած է, որուն հետեւանքը կը կրենք այսօր արեւմտեան համալսարաններուն մէջ, «հայագիտական» կոչուած ամպիոններուն շուրջբոլորը: Գրականը դարձուցած է գաղափարաբանութիւն, ազգային տեսակէն, այսինքն՝ ամենէն աժան որակէն: Չկայ ազատում ատկէ: Մեր ճակատագիրը կնքուած է, սիրելի Մարուշ: Քանի մը հրախաղութիւններ եւ հրավառութիւններ եւս, ու պիտի դիմենք վիժած մշակոյթներու եւ անպէտ կեանքերու հասարակաց փոսը:
Այս բաժինը կը վերջացնեմ Վալթէր Պէնիամինէն մէջբերումով մը, զոր կ՚անջատեմ 1923ին գրուած նամակէ մը (ֆրանսերէնով կարելի է կարդալ զայն, Նամականիի թարգմանութեան առաջին հատորին մէջ, էջ 296): Անշուշտ այս տողերը գրուած են գերմանական Վիպապաշտութեան շուրջ կատարուած աշխատանքին մթնոլորտին մէջ:
«Գաղափարները (Ideen) աստղեր են, որոնք կը գտնուին յայտնութենական արեւին հակոտնեայ բեւեռին: Պատմութեան բացօթեայ լոյսին մէջ չեն փայլիր: Կը գործեն միայն անտեսանելի կերպով: Կը փայ լին միայն բնութեան գիշերին մէջ: Արուեստի գործերը, հետեւաբար, սահմանելի են իբրեւ բնութեան մը բնորդները, բնութեան մը որ չի սպասեր ո՛չ մէկ լոյսի, ո՛չ իսկ դատաստանի լոյսին, բնութեան մը որ պատմութեան հարթակը չէ, ո՛չ ալ մարդ էակին բնակած վայրը: Փրկուած գիշերն է: Քննադատութիւնը ուրեմն… գաղափարի մը ներկայացումն է…: Քննադատութիւնը արուեստի գործերուն նսեմա ցումն է: Ո՛չ թէ անոնց մէջ գիտակցութեան (վիպապաշտ գիտակցութեան մը) բազմապատկումով, այլ՝ ճանաչողութեան (Wissen) հաստատումով: Փիլիսոփայութեան դերն է գաղափարները անուանակոչել, ինչպէս Ադամը կ՚ընէր բնութեան համար…: Արուեստի գործերու մեկնաբանութեան դերը արարածի կեանքը գաղափարին մէջ ամփոփել է…: Մարդկային ամէն ճանաչողութիւն, եթէ կ՚ուզէ որեւէ արդարացում գտնել, պէտք է առնէ մեկնաբանութեան ձեւը, ուրիշ ո՛չ մէկ ձեւ…»:
Կը խորհէի, որ վերջացուցած եմ: Բայց հարց մը եւս կայ եղեր, մինչեւ հոս՝ ծածկուած, թերեւս քեզի համար բացայայտ, բայց իմ ուղեղս դանդաղ աշխատող տեսակէն է: Բոլոր ըսածներս վերջին հաշուով կարծես՝ տարբերութիւն մը կ՚ենթադրեն ողջերուն եւ մեռածներուն միջեւ: Ողջերո՞ւն մասին կը գրեմ, թէ մեռածներո՞ւն մասին: Անմիջակա՞ն գրականութիւնը քննարկումի առիթ կը դարձնեմ, թէ մօտիկ կամ հեռաւոր անցեա՞լը վերլուծումի առարկայ կ՚ընեմ: Բայց տե՛ս: Անցեալը, հեռաւոր կամ մօտակայ, մեկնաբանութեամբ վերստեղծելը ամենասովորական արարքն է, ինչ որ ալ ըլլան գործադրուած միջոցներն ու մեթոտները: Եւ միեւնոյն ժամանակ՝ ամենէն անսովորը: Այդ արարքով է, որ ներկան կը պատրաստուի, կը մտածուի, մեր սեփականութիւնն ու մեր աշխարհը կը դառնայ: Եթէ այս է քննադատական ժեսթը, կոչումը, ուրեմն՝ ներկային ստեղծումը, ներկային մէջ տեղ գրաւելու մեր կարողութիւնը էութեամբ՝ քննադատական են: Ո՛չ միայն քննադատական պարտք մը ու պարտականութիւն մը ունի ուրեմն ամէն սերունդ, այլ Քննադատութիւնը (կը պահեմ գլխագրումը) կեդրոնական մարզն է մտածումին, իմացականութեան:
Բայց այն ատեն՝ ի՞նչ նշանակութիւն պէտք է ընծայել եւ վերագրել անմիջականի նկատառումին: Ունի՞ արդեօք նոյնանման պաշտօն: Այո՛ եւ ո՛չ, ընդհանրապէս՝ ո՛չ: Եւ սակայն ժամանակակիցներուն հետ երկխօսութիւնը անխուսափելի է: Բուն հարցը հո՛ս է: Այնքան ատեն, որ իրարմէ չենք զատորոշած քննադատութեան այս երկու տեսակները, դատապարտուած ենք թիւրըմբռնուած յանկերգներու կրկնութեան: Բայց մէյ մը որ այս զատորոշումի հեռաւոր գաղափարն իսկ զգացնէ իր գոյութիւնը, այն ատեն՝ քննադատութեան մասին բոլոր հարցումները պարապին մէջ դարձող անիւներու կը նմանին: Կա՛յ անցեալը վերստեղծող մեկնաբանական քննադատութիւնը իբրեւ հրամայական: Ներկայով զբաղիլը անոր կողքին՝ խաղ մըն է պարզապէս, կոյր սիրահարներու խարխափող սիրաբանութիւն մը, կամ թատերական մենամարտիկներու կատակերգութիւն մը: Անմիջականին անդրադարձողը կարծիք կը յայտնէ, լուսարձակումներով՝ անուն մը կը շողացնէ պահ մը: Իր հասկցած ու սիրած գրականութեան դատը կը պաշտպանէ երբեմն: Առ առաւելն՝ անորոշ ապագայ մը կը պատրաստէ: Կը հասկնամ, որ քու հարցումներով դիտարկուածը այս տեսակի քննադատութիւնն է, գրախօսող, թատերախօսող, ֆիլմախօսող քննադատութիւնը: Վերջին հաշուով՝ բարեխօսող: Պարզաբանող: Կախեալ «ստեղծագործ»էն, «արուեստագէտ»էն, իր աշխարհէն, իր կատարածէն, իր կարողութիւններէն: Պարկեշտութիւնը կը բաւէ այս պարագային: Եւ քիչ մըն ալ՝ խելք, զգացողութիւն ու կատարուածը ստանձնելու կամեցողութիւն:
Սանկ յետադարձ ակնարկով մը՝ ես չեմ խուսափած երբեք անմիջականին հետ շփուելէ: Քաջութիւն կ՚ուզէր: Չեմ բացատրեր, թէ ինչո՛ւ քաջութիւն կ՚ուզէր: Քեզի կը ձգեմ: Չեմ խուսափած, այո, բայց քով քովի դրուած՝ իմ անմիջական քննադատութեան պատկանող ակնարկներս քանի՞ էջ պիտի լեցնէին: Չորս կամ հինգ անգամ այդպիսի բան մը ըրած եմ ընդամէնը: Ամբողջ կեանք մը անցաւ եւ ընդամէնը՝ չորս կամ հինգ անգամ: Դուք ատիկա քննադատութի՞ւն կը կոչէք: Ես կը կոչեմ սիրողականութիւն: Գրած եմ օրինակ՝ Վահագն Գրիգորեանի կամ Զաւէն Պիպէռեանի մասին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի լաւագոյն վիպագիրներէն, վերջին տասնամեակներուն: Գրած եմ Աբրահամ Ալիքեանին մա սին: Յետո՞յ: Բոլորի պարագային՝ յայտնագործութիւն մըն էր ինծի համար, Ալիքեանի պարագային՝ մեծագոյնյայտ նագործութիւնը: Գրած եմ այդ զգացումով: Իրենց մեծութենէն բան մը չէ փոխուած այդ գրածովս: Զարմանքս կ՚արտայայտէի: Այդքան: Զուտ անձնական արարք: Յուսահատ արարք: Անմիջական քննադատութիւնը յուսահատութեան մարզանքն է: Գրականութիւնը փրկելու ձեւ մը նաեւ:
Հոս է, եւ միայն հոս, որ կրնաս հետս վիճիլ: Եթէ կայ այս կամ այն գրողի գործին ընդմէջէն՝ գրականութիւնը (եւ ոչ թէ գրականը) փրկելու հարց մը, այն ատեն թերեւս ողջերու եւ մեռեալներու միջեւ զատորոշումս այնքան ալ դիպուկ չէ: Թերեւս: Երկու պարագաներուն՝ երկխօսութիւն մը: Երկու պարագաներուն՝ հանրային տարածքի մը պարզորոշումն ու «բացում»ը: Երկու պարագաներուն՝ ներկային ստեղծումը: Բայց «գրականութիւն»ը բառ մըն է միայն: Այդ բառին ետեւն է, որ կը սկսի փնտռտուքը: Ուրեմն ամփոփեմ: Ներկային հետ անխուսափելի վիճարկումը կարելի՞ է մտածել եւ գործադրել Վալթէր Պէնիամինի իմաստով հասկցուած մեկնաբանական իմացականութեան ստորոգութիւններով եւ նպատակներով: Եթէ ոչ, ինչո՞ւ: Եթէ այո, ինչպէ՞ս: Ահաւասիկ քեզի հետաքրքրական հարցումներ:
Որմէ ետք՝ կը մնայ միայն Նոր Տարին շնորհաւորել, թէեւ յապաղումով, բայց այս նամակը կրնաս երեւակայել՝ բաւական ժամանակ խլեց ինձմէ: Ուրեմն՝ ներելի եմ:
Մարկ Նշանեան
Նոր Եորկ, Գոլումպիա Համալսարան,
3 – 12 Յունուար, յամի Տեառն 2000
[1] Մարկ Նշանեանի “Writers of Disaster: Armenian Literature in the Twentieth” տպվել է 2002թվին, (ծն. «Ինքնագրի»)
[2] Մարկ Նշանեան «Չորրորդ Շախսաւորութիւնը», Յառաջ միտք եւ արուեստ, 5 մայիս, 1996, Փարիզ (ծն. Ինքնագրի)
[3] Մարկ Նշանեան «Շշուկներ Վահէ Օշականէն», «Հասկ» հայագիտական տարեգիրք,
Զ. տարի, 1994, Անթիլիաս (ծն. Ինքնագրի)
[4] Antoine Berman, L’Epreuve de L’étranger, Gallimard, 1984.
[5] Ուսումնասիրութեան վերնագիրն է՝ Der Begriff der Kunstkritik in der deutschen Romantik, այսինքն՝ «Արուեստի քննադատութեան յղացքը գերմանական ռոմանթիքներուն մօտ», լոյս տեսած 1925ին։ Կայ ֆրանսերէն թարգմանութիւն մը. Walter Benjamin, Le Concept de critique esthétique dans le romantisme allemand, Փարիզ, 1986:
[6] Նախադասութիւնը կը մէջբերեմ Անթուան Պեռմանի մէկ յօդուածէն։ Տես՝ Antoine Berman, «Critique, commentaire et traduction (Quelques réflexions a partir de Benjamin et de Blanchot)», որ լոյս տեսած է Po&sie պարբերականին մէջ, Փարիզ, թիւ 37 (1986), էջ 95։