Րաֆֆի Աճեմեանի այս գրութիւնը հրատարկուել է Բագին գրական պարբերականի այս տարուա 2֊րդ թիւում։ 

ՄՈՒՏՔ

Սան Ֆրանսիսքոյէն Սաքրամէնթօ ինքնաշարժով քանի մը ժամ ճամբայ է՝ 140 քիլոմեթր։  Տարիներ առաջ էր։  Նոր եկած էիր տակաւին ու լեցուն էիր պատմութեամբ։  Աւելի ճիշդ  պատմութիւնը տակաւին կը հոսէր մարմնիդ մէջէն, կը կիսէր քեզ անցեալին ու ներկային միջեւ։  Գործով գացած էիք ընկերոջ մը հետ, մէկ օրուան երթալ-գալ մը։  Ճամբուն ընթացքին, ժամանակը անցընելու համար, խօսեր էիք զանազան նիւթերու մասին, անցնելով զուարճալիէն աւելի լուրջին ու չես գիտեր ինչպէս նիւթը եկեր-հասեր էր մականունիդ, ազգութեանդ ու ծննդավայրիդ եւ անշուշտ ըսած էիր, պէտք էր ըսէիր ինչը, ինչուն եւ ինչպէսը։  Ըսուիլ մըն էր որ կոկորդէդ կը բխէր բայց քեզմէ անդին էր։  Քեզմէ անդին տեղէ մը կու գար ու ինքզինք կը պարտադրէր։  Ըսուելիք մը կար։

Հասարակ փորձառութիւն մըն է ու շատերուդ ծանօթ։ Ձեզմէ շատեր օր մը անցեր էք անկէ։  Խորերէն եկող կանչ մըն է, անծանօթ տեղէ մը որ կ՚ըսէ՝ պատմէ՛։  Կարծես գար էութեանդ ներքին խորաններէն։  Դէպքերը, այո՛, դէպքերը, բան մը, խօսք մը որ կոկորդիդ մէջէն ճամբայ կը բանայ ու կը պահանջէ արտաբերուիլ, պատմուիլ, նախ քեզի, ապա շուրջիններուդ, դուրսի աչքին ու ականջին, որպէսզի կարծես վերջապէս բաժնուէր քեզմէ, դառնար իրական դէպք՝ արձանագրելի իրողութիւն պատմութեան տետրակներուն մէջ ու խորհրդարանական բանաձեւերու, որպէսզի դառնար ճշմարտութիւն դէմ յանդիման զայն ժխտող մեքենային։  Դէպքը եւ ժխտումը եկած էին միասին առաջին օրէն իսկ եւ ուրեմն պահանջը անընդհատ պատմելու, անհերքելի փաստերը պարզելու …։  Այդ պահանջը քեզ ալ ակամայ լծէր էր իր պայքարին, դուն որ գուցէ ովկիանոս մը կամ ցամաքամաս մը անդին կը գտնուէիր իրադարձութեանց վայրերէն ու քանի մը սերունդ անց անոր թուականէն։  Բայց մնացեր էիր  կարծես դէպքի շարունակականութեան մէջ։  Այս ի՞նչ յոռի շրջանակ է։  Այս ի՞նչ տեսակ դէպք է որ հարիւր տարի ետք կը շարունակէ իր կախարդութիւնը բանեցնել անընդմէջ՝ ետեւ-ետեւի յաջորդող սերունդներուն վրայ։

patker1

ՊԱՏԿԷՐ, ՊԱՏՈՒՄ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Անցնող քանի մը տարիներուն լոյս տեսան Մարկ Նշանեանի «Պատկեր պատում պատմութիւն» ընդհանուր խորագիրը կրող շարքի առաջին եւ երկրորդ հատորները։  Գեղեցիկ հատորներ, ճաշակով գեղազարդուած, գրքի գեղարուեստական մասնագիտական ձեւաւորումով, ե՛ւ տառատեսակի, ե՛ւ էջադրումի տեսակէտէ, բան մը որուն գոյութեան գիտակցութիւնն անգամ չկայ մեր հրատարակիչներէն շատերուն մօտ մինչեւ այսօր։  Իսկապէս իւրայատուկ առարկաներ ձեռքին մէջ։  Իւրայատուկ մանաւանդ պարփակուած բովանդակութեամբ, երկար ատենէ ակնկալուած ուսումնասիրութիւններով, որոնք բիւրեղացման կը բերեն հեղինակին տարիներու երկայնքին զանազան մօտեցումներով  շօշափած հետաքրքրութիւնները։

Անոնք որ ծանօթ են Նշանեանի գիրին ու մտածողութեան գիտեն թէ առաջին օրէն անոր գրչին տակ կը յայտնուին մտահոգութիւններ, որոնք պիտի մնան ու խորանան տարիներու երկայնքին։  Օրինակ «ԿԱՄ» հանդէսի առաջին թիւերէն կայ թարգմանութեան հանդէպ նախասիրութիւն մը, թարգմանութիւնը ինքնին իբրեւ մտածելու կերպ յաղագս վերլուծական աւելի խորունկ  աշխատանքի մը[1]։  Այդ աշխատանքը կը միտի ներառնել Աղէտը իբրեւ հորիզոն, անսալով Յակոբ Օշականի տարիներ առաջ թելադրած «Աղէտը ընդունելու ու մտքին պատշաճեցնելու»[2] պարտադրանքին։  Ինչո՞ւ այդ պարտադրանքը։  Գիտակցութիւնն ու պահանջատիրութիւնը բաւարար չէի՞ն։  Ապա՝ ի՞նչ կը նշանակէ «մտքին պատշաճեցնել»։

Նշանեան կը մէջբերէ Գրիգոր Պըլտեանի մէկ անդրադարձը Աղէտը մտածելու Օշականի այս հրամայականին շուրջ. «… աղէտ կոչուածը հողի, թիւի, սպանդի ու ոճիրի խնդիր մը չէ միայն, կալուածը պատմագրութեան ու փաստագրումին։  Աղէտ կոչուածը ամենէն առաջ մտքի հարց մըն է»[3]։  Այսինքն դիտարկուածը  մտքի խորտակում մըն է եւ ուրեմն զայն բառնալու պարտադրանքը։  Նախ պէտք է ընդունիլ խորտակումը, ապա փորձել զայն տանիլ մինչեւ ծայր կարենալ անկէ անդին անցնելու համար, անկէ դուրս ելլելու համար։  Պըլտեանի մօտ ասիկա կը կատարուի բանաստեղծական լեզուին ու արարքին իսկ ընդմէջէն։  Գրականութիւնը վայրն է մտածումի ծաւալման։  Ուրեմն հարկը տեղ տալու անոր, ներառնելու խորտակումը[4]։  Նշանեան նոյն մտահոգութեամբ է որ կը ձեռնարկէ Աղէտի մասին մտածումը արեւմտեան մտքի հոլովոյթին բանալու աշխատանքին, փորձելով կապեր հաստատել, վերլուծումի ու թարգմանութեան միջոցով, մասնաւորաբար  փիլիսոփայական մտքի ու գրականութեան հոյլ մը հեղինակներու հետ[5]։

Այստեղ է որ Բլանշոյի որոշ գործերուն հետ հանդիպումը կը խաղայ ձգանի դեր, երբ յանկարծ կը սկսին երեւնալ կապակցութիւնները նոյն փորձառութեան տարբեր երեսակները կազմող թելերուն միջեւ։  2013-ին Նշանեան կը հրատարակէ «Վիպումներ» հատորը, որ կ՚ընդգրկէ Բլանշոյէն երեք կարճ կտորներ՝ «Մահավճիռը» (1948), «Պատո՞ւմ մը» (1949) եւ «Վերջին մարդը» (1957), առաւել անոնց շուրջ ուսումնասիրութիւն մը իբրեւ վերջաբան։  «Պատկեր պատում պատմութիւն» շարքի առաջին հատորի առաջին երկու բաժինները շատ աւելի մանրամասն կ՚ուսումնասիրեն այս երեք պատումներէն բխող նիւթերը, անոնց աւելցնելով պատկերի ու մահադիմակի մասին գլուխ մը՝ մեկնելով լուսանկարիչ Կարոլ Ֆէկէտէի մէկ գիրքէն, իսկ երրորդ բաժինը կ՚ընդգրկէ Պաթայլի ներքին փորձընկալումին մասին ուսումնասիրութիւն մը, զայն կապելով Բլանշոյի «Վերջին մարդը»ին։  Հատորին ենթախորագիրն է «փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը», ակնարկելով ֆրանսացի այս երկու գրողներու մտաւորական մտերմութեան, մանաւանդ մէկէն միւսը գացող մտածումի թելերուն։  Նախ՝ ինչո՞ւ Բլանշոյ։

ԲԼԱՆՇՈՅԻ ԱՐՁԱԿԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Մորիս Բլանշոյ՝ ինչպէս Նշանեան կը նշէ՝ Ի. դարու ֆրանսական գրականութեան անշրջանցելի անուններէն մէկն է ոչ թէ անպայման իր գործերուն ժողովրդականութեան պատճառով, այլ մանաւանդ անոնց որդեգրումին մտաւորականներու լայն խաւի մը կողմէ այսր ատլանտեան կամ այդր։  Բլանշոյ իր երկար կեանքին ընթացքին արտադրած է մտածողական արձակի բազմաթիւ հատորներ, ուր ի մի կու գան գրականն ու փիլիսոփայականը յաճախ մէջընդմէջ։  Զուտ փիլիսոփայական գործ մը չէ անորը, սակայն գրականութիւնը կ՚ընդունի իբրեւ մտածումի հիմնական պարունակ, մանաւանդ հոն ուր փիլիսոփայական լեզուն անկարող է տանելու միտքը առաջ։

Ինչպէս նշեցինք, նոր չէ Նշանեանի հանդիպումը Բլանշոյի գործին հետ։  Առաջին օրէն կայ անիկա թարգմանութեան ընդմէջէն։  Ինչ որ նոր է սակայն Նշանեանի տարիներու երկայնքին զարգացուցած զանազան թեմաներու ագուցումն է ու անոնց ընթերցումը Բլանշոյի գործին մէջ։  Ի՞նչ են այդ թեմաները։  Նշանեան տարիներու երկայնքին տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ ըլլա՛յ հայախօս համայնքներէ ներս, ըլլա՛յ համալսարանական միջավայրերու ու գիտաժողովներու ընթացքին եւ վերջին տասնամեակին մանաւանդ Հայաստան։  Նորութիւնը այն է, որ թեքնաբանական ոլորտի յեղաշրջումին բերած դիւրութիւններուն իբրեւ հետեւանք՝ վերջինները կան այսօր իբրեւ տեսագրութիւն եւ անմիջական կերպով տրամադրելի են որեւէ ատեն։  Youtube-ի արագ պրպտում մը կը բերէ ահաւասիկ հետեւեալ վերնագիրները. «Ժորժ Պաթայլ, Մորիս Բլանշոյ. ո՞վ է վերապրողը», «Վերապրածները», «Թարգմանութիւն եւ թարգմանելիութիւն», «Թարգմանել օտարութեան մէջ», «Պաթայլ՝ անմարդկայինի փորձընկալումը», «Ենթական՝ ինքնիշխանութիւն եւ գերիշխանութիւն», «Կորսնցնել պատմութեան զգացողութիւնը» (ֆրանսերէն) եւայլն։  Վերապրող, ենթակայ, թարգմանութիւն, անմարդկայինը։  Ասոնց տակ պիտի երեւին նաեւ՝ վկան, պատկերը, լուսանկարը, մահադիմակը, այս ամէնը աղէտալիի, դէպքի հորիզոնին վրայ ու պատումի հարցին հետ առնչուած։  Այստեղ պիտի փորձենք լուսարձակը բանալ ասոնցմէ քանի մը հատին վրան, մանաւանդ պատումի ու վերապրողի կերպարի ներկապակցութեան, ինչպէս որ զայն երեւան կը բերէ Նշանեան Բլանշոյի որոշ շրջանի արձակներու երկայնքին։  Տողը որ գուցէ լաւագոյնս կը խտացնէ այս յարաբերութիւնը Բլանշոյի մօտ հաւանաբար հետեւեալն է. «Պատո՞ւմ մը։  Ո՛չ, ո՛չ  մէկ պատում այլեւս, երբեւիցէ»[6]։  Ինչի՞ մասին է ակնարկը եւ ի՞նչ կը նշանակէ պատում (récit)։

ԵՆԹԱԿԱՅ ԵՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Տողը կու գայ Բլանշոյի «Պատո՞ւմ մը» կոչուող կարճ արձակէն լոյս տեսած առաջին անգամ այդ վերնագրով 1949-ին։  Տարիներ ետք՝ 1973-ին՝ Բլանշոյ պիտի վերահրատարակէ զայն այս անգամ անոր տալով նոր վերնագիր մը՝ «Օր ցերեկուան խելագարութիւնը»։  Նշանեան կը բացատրէ թէ վերնագրի այս փոփոխութիւնը մաս կը կազմէ հեղինակին մօտ պատումի էութեան բացայայտումին հետ պատմելու գործողութեան ետ քաշուելուն։   Բլանշոյի առաջին քանի մը գործերը բացայայտօրէն կը կրեն «վէպ» վերտառութիւնը, որմէ ետք անիկա տեղի  պիտի տայ «պատում» եզրի գործածութեան, ապա այդ մէկն ալ պիտի անհետանայ երբ արձանագրուի անոր դէմ արձակուած «ո՛չ»ը։  Այնուհետեւ գրուածքը կարծես պիտի դառնայ այդ մերժումը բեմադրելու վայրը։  Ո՛չ մէկ պատում։  Սակայն պէտք է հասկնալ թէ ինչո՛ւ։

Նշանեան տող առ տող կը բանայ գրութեան ծալքերը մէջտեղ բերելով անոնց ընդերքին պահուած կապակցութիւնները։  Պատմողը զոհ կը դառնայ արկածի մը, որուն պատճառով կը վնասուի տեսողութիւնը, թէեւ բժիշկները կարծես թէ կը վերականգնեն զայն, սակայն այդ պատահարը կը ստեղծէ առաջ մը եւ վերջ մը։  Արկածէն առաջ ան պահ մը կ՚անդրադառնայ կարելիութեան մը, որուն չէր անդրադարձած մինչ այդ։  «Դուրսը, կարճատես տեսիլք մը ունեցայ»[7] կ՚ըսէ ու կը նկարագրէ թէ ինչպէս կը տեսնէ կին մը մանկասայլակով ու մարդ մը որ դուռը կը բռնէ որպէսզի սայլակը սեմէ մը ներս առնեն։  Անմիջապէս ետք ան կը նկարագրէ զառանցելու աստիճան յուզմունք յառաջացուցած փորձառութիւն մը։  «Ահաւասիկ կը հասնի, այդպէս կը խորհէի, վերջաւորութիւնը կու գայ, բան մը կը պատահի, վերջաւորութիւնը կը սկսի։  Ուրախութիւնս չափ ու սահման չունէր»[8]։  Նշանեան կը բացատրէ թէ պատահարը չի կայանար պատահածին մէջ, որ հասարակ տեսարան մըն է, այլ պատմողին մօտ պատահարի մը վկան ըլլալու կարելիութեան անդրադարձին, բան մը որ սովորական կրնայ թուիլ որեւէ անձի, որեւէ ենթակայի։  Վերջապէս ականատեսի վկայութեան կարելիութիւնը ենթակայի հասկացողութեան մաս կը կազմէ։  ««Վկայ» բառին մէջ կայ տեսնելու եւ պատմելու անքակտելի կապակցութիւնը, միշտ ճշմարտութեան սիրոյն»[9] կը գրէ Նշանեան։  Աւելի անդին ան մանրամասն պիտի բացատրէ ինքնակայ ենթակայի յղացքին յառաջացումն ու զարգացումը ԺԸ. դարուն, երբ տեղի կ՚ունենար «ենթակային յեղափոխութիւնը, որուն հետեւանքով ենթական կը դառնայ (կամ դարձած է) ինքնակայ՝ որպէս ինքն իր արտադրած օրէնքին հպատակող»[10]։  Ենթական անցած է ինքնակայացման շրջանէ մը։  Այդ կարողութիւնը ուրեմն ենթադրուած է բոլորին մօտ։  Հապա եթէ կորուսուէ՞ր։  Բլանշոյ ճիշդ այդ է որ կը բացայայտէ երբ վկայութեան երեւումը կը նկարագրէ որպէս պատահար, այսինքն բան մը որ կը պատահի։  «Վկայ ըլլալն է որ կը յայտնուէր» կը գրէ Նշանեան «… անկարելիութեան հորիզոնէն զատուելով… վկայի մահուան հորիզոնէն»։  Դիտարկուածը ուրեմն վկայ ըլլալու կարողութեան վախճանն է։  Տարօրինակ կը թուի այս կարելիութիւնը։  Ինչպէ՞ս կարելի է կորսնցնել այդպիսի կարողութիւն եւ ի՞նչ կը պատահի անոր որ կը կորսնցնէ զայն։

ՊԱՏՈՒՄԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Վկայութեան կարելիութեան անդրադարձին կը զուգադիպի կամ անմիջապէս կը յաջորդէ տեսողութեան արկածը։  Պատմողին աչքին մէջ ապակի կը փշրուի, որուն կը յաջորդէ բժշկական խնամքի ու ապաքինումի շրջան մը եւ կ՚իմանանք թէ ենթարկուած է հարցուփորձի։  Ո՞վ են հարցուփորձը կատարողները։  Երկու էին կ՚ըսէ պատմողը՝ մէկը տեսողութեան մասնագէտ, միւսը հոգեկան հիւանդութիւններու։  «Խնդրած էին ինձմէ. Պատմեցէ՛ք «ճշգրտօրէն» ինչպէս տեղի ունեցան այդ բոլորը։  Պատո՞ւմ մը։  Սկսայ»[11]։  Հոս կը վերադառնայ գրքին առաջին էջին առաջին տողը ու յանկարծ կ՚անդրադառնանք թէ մինչեւ հիմա պատմուածը խոստովանութիւն մըն էր, պատմելու կոչի մը ի պատասխան եղած, որմէ ետք սակայն հարցաքննողները կը պահանջեն որ ան անցնի «հաւաստի անցուդարձերուն»։  «Ինչպէ՞ս թէ՝ հաւաստի անցուդարձերուն» կ՚ըսէ պատմողը, «պատումս վերջացած էր», որմէ էջ մը ետք թեքսթը կ՚աւարտի հոն ուր կ՚ըսէ «ո՛չ մէկ պատում այլեւս, երբեւիցէ»։  Ի՞նչ է կատարուածը։

Նախ՝ յստակ է որ պատմողը անցած է տեսողութիւնը հարուածած արկածէ մը։  Միայն տեսողութի՞ւնը։  Պատահածը սովորական արկած մը չ՚երեւիր, որով ստեղծած է առաջ մը եւ վերջ մը, որոնք խզման վիճակի մէջ են, զայն դարձնելով միջանկեալ վիճակի մը բնակիչը, վերապրող մը։  Կ՚ենթադրուի սակայն որ տակաւին կարող է վկայելու իր գլխուն եկածին  մասին, այսինքն տալու դէպքերը ինչպէս որ եղան։  «Ո՞վ ապակի նետեց ձեր դէմքին»[12] կը պահանջեն իրմէ հարցաքննողները ու կը ստիպեն որ անցնի «հաւաստի անցուդարձեր»ուն։  Հարցը է այն որ պատմողը կ՚ըսէ թէ արդէն պատմած է ինչ որ պատահեցաւ։  Հարցաքննողները սակայն կը պնդեն, նոյն ատեն աւելցնելով որ պատմելիքը ամենայնդէպս նորութիւն պիտի չբերէր, որովհետեւ արդէն գիտէին ամէն բան։  Տարօրինակ կացութիւն է ասիկա։  Աւելի տարօրինակ է այն որ պատմողը ինք կարող իսկ չէ հասկնալու թէ ի՞նչ կ՚ուզեն իրմէ, ի՞նչ կ՚ուզեն ըսել երբ կ՚ըսեն «հաւաստի անցուդարձեր»։  Բլանշոյ հոս կ՚աւելցնէ արտառոց տող մը պատմողի բերնին մէջ. «Ստիպուեցայ ընդունիլ որ անկարող էի պատահածներով պատում մը կազմելու։  Կորսնցուցած էի պատմութեան զգացողութիւնը»[13]։  Նշանեան գրքի երեք բաժիններէն մէկը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրէ այս տողի մեկնաբանութեան, նախ ընթանալով Դեռիդայի քայլերուն վրայէն, ապա սակայն մեկնաբանութիւնը տանելով աւելի անդին, հոն ուր Դեռիդա չէ շարունակած։  Չէ ուզած տեսնել հետեւանքը կ՚ըսէ Նշանեան[14]։  Ո՞վ է վերապրողը։  Ի՞նչ դէպք է որ զինք կը դարձնէ վերապրող։

ՎԵՐԱՊՐՈՂԸ ԵՒ ՎԿԱՅԻՆ ՄԱՀԸ

«Մահավճիռը»ին մէջ, որ երկու մասով աւելի երկար արձակ մըն է, աւելի յստակ կ՚ուրուագծուի վերապրողի կերպարը։  Հայերէն «մահավճիռ» եզրը կը թարգմանէ ֆրանսերէն “arrêt de mort” դարձուածքը, սակայն անոր կը պակսի ֆրանսերէնին մէջ երեւցող միւս երեսը, որ հակառակ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ, որովհետեւ “arrêt de mort” նաեւ բառացիօրէն կը նշանակէ մահուան կասեցում։  ««Վերապրիլ»ը անշուշտ ամէն տեղ է» կը գրէ Նշանեան «սկսելով վերնագրէն» ու աւելի վար՝ ակնարկելով մահուան դատապարտութեան դատավճիռի գործադրման յապաղումին հետեւանք եղող սպասման վիճակին՝ ան կ՚աւելցնէ՝ «վերապրողը արդէն մեռած է ձեւով մը, կամ մեռած պէտք է ըլլար»[15]։  Առաջին բաժնի պատմողն ալ կը գտնուի այդ վիճակին մէջ, որով բժիշկը իրեն ըսած է՝ «Քանի որ երկու տարիէ ի վեր պէտք է մեռած ըլլայիք, ինչ որ կը մնայ ձեր կեանքին յամուրդ նկատէցէ՛ք»[16]։  Ասիկա մէկ երեսն է վերապրողին։  Կայ նաեւ յաւելեալ երես մը։

Ինչպէս տեսանք «Պատո՞ւմ մը»ին պատմողն ալ վերապրող մըն էր, իր պարագային տեսողութեան պատահարէ մը վերապրող, որուն ընթացքին ոչ թէ միայն կորսնցուցած էր  տեսողութիւնը, այլ նոյն ատեն կամ ճիշդ անկէ առաջ ու պահուան մը համար միայն տիրացած էր աւելի պայծառ, կարծես անդենական տեսողութեան մը, խելագարութեան մատնող պայծառութեամբ, որ իրեն համար բեմադրած էր վկայելու կարողութեան գիւտն ու կորուստը միաժամանակ։  Գիւտը ինքնին կորուստն է, կորուստին գիւտը. կը նշանակէ կար ժամանակ երբ վկայութիւնը կարելի էր։  Հիմա ոչ եւս։  Երբ հարցաքննողները կը պահանջեն պատահարին մասին «հաւաստի իրադարձութիւնները» ու ան չի հասկնար պահանջուածը, հոն յստակ կը դառնայ թէ ի՛նչ է կատարուածը։  «Ինչպէ՞ս թէ՝ «հաւաստի անցուդարձեր» հարց կու տայ ան։  «Պատումս վերջացած էր»։ Վերապրողը կարող չէ վկայելու պատահարին մասին, ա՛յն իսկ դէպքին, որ զինք դարձուցած է վերապրող։  Այսինքն՝ վերապրողը չի կրնար ըլլալ այդ մէկ դէպքին վկան։  Մէ՛կ դէպք, այո՛, սակայն ատո՛վ իսկ ամէն բան տակն ու վրայ ընող, որով կ՚անդրադառնանք թէ վերապրողին մօտ խախտած է «վկայելու կարողութիւնը, տեսնելու-պատմելու այնքան բնական զոյգը… որ կը սահմանէ մեր մարդկայնութիւնը»[17]։  Ասկէ Նշանեան պիտի հետեւցնէ երկու բան։

Նախ կը նշանակէ թէ վերապրողին մէջ սպաննուած է վկան։  Սպանութիւն մըն է, որովհետեւ վկան ենթադրաբար ներկայ պէտք էր ըլլար։  Առանց վկայի չի՛ք ենթակայ որովհետեւ այս երկուքը իրար կապուած են։  Ենթական այլին վկայութիւնը հաստատելով կը գոյանայ, ինքնանդրադարձ կերպով։  «Առանց այլի գիտակցութեան, չկա՛յ ինքնակայ ենթակայ»[18] կը գրէ Նշանեան։  Ուրեմն անհրաժեշտ է վերապրողի երեւութաբանութիւն մը կը շարունակէ ան, սակայն առանց ենթակայի փորձառութեան ինչպէ՞ս կրնայ գոյութիւն ունենալ որեւէ երեւութաբանութիւն։  Այս տեսակի աշխատանք մը պիտի նմանէր «Քառակուսի շրջանակի  մը»[19] կ՚աւելցնէ ան։  Բայց եւ այնպէս այդ չէ՞ Բլանշոյի ցոյց տալ ուզածը գրականութեան գուռին մէջ։  Ահաւասիկ անոր կարեւորութիւնը։  Բլանշոյի մօտ «գրականութիւնը կը դառնայ երեւութաբանական տարրալուծարան մը»[20] կը գրէ Նշանեան։  Փաստօրէն միայն հո՛ն կարելի է «երեւման բերել» վերապրողը, վերապրողը իր բո՛ւն էութեամբ, այսինքն վկային սպանութիւնը կրողի իր լման հանգամանքով, հոն երբ տակաւին ան չէ՛ հերքած ինքզինք, ինչ որ պիտի տեսնենք։  Գրականութիւնը, որով երեւնալիքը թիւերէն ու փաստերէն անդին է, պատմութենէն դուրս տեղ մը, վկայի մահուան մութին մէջ, եւ ուրեմն լեզուի սահմաններուն։  Կապը ահաւասիկ կրկին թարգմանութեան հետ, թարգմանութիւնը իբրեւ սահմանային գործողութիւն ի խնդիր զուտ լեզուին։

Ապա կը նշանակէ թէ այդ դէպքը առանց վկայի դէպք մըն է։  Այս ի՞նչ տեսակ հրէշային դէպք է որ կրնայ պատահիլ առանց անոր ճշմարտութիւնը հաստատող վկայի։  Կա՞յ առանց ճշմարտութեա՞ն դէպք։  Այստեղ Նշանեան կրկին կը հետեւի Դեռիդայի վերլուծումին սակայն զայն կը տանի քայլ մը անդին. «Դեռիդա Բլանշոյի մօտ կը կարդայ ճշմարտազերծ դէպքը, որ աշխարհի միւս բոլոր դէպքերուն չի նմանիր, քանի որ բոլորը կը հպատակին ճշմարտութեան օրէնքներուն, իսկ այս մէկը ըստ էութեան ճշմարտազերծ է, ֆրանսերէն՝ sans vérité։  Պատահած է որպէս չպատահած, ունենալով նոյն կառոյցը ինչ որ ունի ցեղասպանական կամեցողութիւններուն արդիւնքը որպէս դէպք»[21]։  Ցնցիչ տողեր են մէկ կողմէ որով ըսուածը աներեւակայելի բան մը կը թուի (ճշմարտազերծ դէպք), բայց նաեւ որով կապը կը կատարուի վերապրողին ու ցեղասպանական կամեցողութեան կառոյցին հետ։  Դէպքին ճշմարտազերծ հանգամանքը կը զուգադիպի վկայութեան արգիլումին հետ, որ զայն կը նետէ պատմութենէն դուրս։  «Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել «Ա՛յս է որ պատահեցաւ» դէպքի մը մասին որ իր արգիլումը կը կրէ ինքն իր մէջ, եւ ուրեմն նաեւ իր ճշմարտազերծ հանգամանքը»[22] կը գրէ Նշանեան ու կը շարունակէ աւելի անդին՝ «Այդ իմաստով ճշմարտազերծ դէպք, աղէտահար պատահար»[23]։  Մէկն ու միւսը նոյն երեւոյթին տարբեր երեսներն են։ Դեռիդայի մատնանշած դէպքին ճշմարտազերծ հանգամանքն է որ զայն կը բանայ աղիտալիի հորիզոնին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ճշմարտազերծը անասելին է՝ պատմութենէն դուրսը եւ իբրեւ այդ անընկալելին։ Անիկա գերազանցօրէն սարսափելի դէպքն է որուն դիմաց լեզուն կը պապանձէ[24]։ Երբ Նշանեան կը գրէ «աղէտը վկային մահն է մարդուն մէջ»[25]՝ յստակ է որ դէմ յանդիման կը գտնուինք մարդկութեան աղէտին առջեւ, որովհետեւ անվկան վերջին մարդն է։  Նշանեան առաւել եւս Բլանշոյի արձակին մէջ պիտի տեսնէ ուրուագծումը անոր որ պիտի կոչէ «բացարձակ վերապրող»ը։  Պիտի տեսնենք։

ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՎԵՐԱՊՐՈՂԸ

«Վիպումներ» հատորի երրորդ արձակը կը կոչուի «Վերջին մարդը»։  Ո՞վ է այդ վերջին մարդը։  Ենթակայի ինքնագիտակցութիւնը՝ ըսինք՝ հայելական է, կը հիմնուի այլի գիտակցութեան վրայ։  «Ենթակայ մը կայ որպէս այլին գիտակցութիւնը։  Եւ ուրեմն որպէս վկայ»[26]։  Պահ մը երեւակայենք թէ մնացած է մինակ, վերջինը։  Յստակ է թէ պիտի չունենար իր մասին վկայող։  Աւելի սարսափելին այն է որ պիտի չկարենար վկայել նաեւ ինքն իր մասին, պիտի ըլլար զրկուած վկայութեան կարողութենէն, ինքն իր վկան ըլլալու կարողութենէն։  Վերջին մարդը այն մէկն է որուն մէջ ջնջուած է, բնաջնջուած է վկան[27]։  Ասիկա յստակ է։ Վերջին մարդը նաեւ վերապրող մըն է։  Վերապրած է իր մէջ վկան սպանած դէպքէն։ Սակայն եթէ այդ դէպքը «ճշմարտազերծ» է, ինչպէս կը նշէ Դեռիդա, կը նշանակէ թէ վերապրողը չի կրնար վկայել դէպքի ճշմարտացիութեան մասին։ Վերապրողը չի կրնար վկայել։ Վերջ։ Ասկէ կը ծագի երկու հարցում։

Նախ՝ ի՞նչ ակնկալութեամբ է որ  հարցաքննողները վերապրողին կ՚ըսեն «պատմեցէ՛ք «ճշգրտօրէն», առաւել եւս երբ պատմողը դիտել կուտայ թէ՝ «պատասխանս նորութիւն մը պիտի չբացայայտէր, քանի որ շատոնց ի վեր ամէն ինչ բացայայտ էր»[28]։  Ինչո՞ւ պատմել ուրեմն։  Սովորական շփոթութիւնն է՝ կը բացատրէ Նշանեան՝ վկային եւ վերապրողին միջեւ։  «Վերապրողը կը նկատուի վկայ… պէտք է պատմէ իր փորձառութիւնը»[29]։  Ասիկա մաս կը կազմէ ցեղասպանական կամեցողութեան բանեցման կերպին, որով հերքումը մաս կը կազմէ անոր ներքին կառոյցին։  Գործադրման իսկ պահուն, վկայի սպանութեան իսկ պահուն անիկա վերապրողին կ՚ըսէ պատմէ՛, քաջ գիտնալով որ գործուած ոճիրը իր բնոյթով գերազանցապէս անվկայ ոճիրն է, որովհետեւ վերապրողը կը դնէ վերջին մարդու վիճակին մէջ։  Վկան սպաննուած է։  «Վերջին մարդը ուրեմն վկայ չունեցողն է, քանի որ վերջինն է։  Վկայ չունենալով չի կրնար նաեւ ըլլալ ինքն իր վկան, եւ դատապարտուած է նախ եւ առաջ ինքն իրեն համար, ինքն իր աչքին, մեռած ըլլալու, մեռնելէ իսկ առաջ»[30]։

Ապա՝ ի՞նչ կ՚ընէ վերապրողը։ Վերապրողը կը պատմէ։  Անընդհատ կը պատմէ եւ ատով իսկ «կը դաւաճանէ իր փորձառութեան, քանի որ բուն պատմուելիքը վկային մահն է վերապրողին մէջ. բուն ոճիրը … վկային սպանութիւնն է… եթէ պատմուի, եթէ պատմելը կարելի է, եթէ վկայութիւնը տակաւին հնարաւոր է, ուրեմն վկան չէր մեռցուած վերապրողին մէջ։ Իսկ եթէ մեռցուած էր, չկայ վկայութիւն։  Չկայ բուն ոճիրին վկայութիւնը։  Եւ այդ պարագային՝ «պատմեցէ՛ք» ըսելն իսկ ոճրագործութիւն է, ուրիշ տեսակի ոճրագործութիւն մը»[31]։  Ինչո՞ւ ոճրագործութիւն։  Որովհետեւ վերապրողը կը տանի իր էութեան ժխտումին։  Այս ալ վերապրողին ողբերգութիւնն է։  «Վերապրողը ի՛նք չէր կրնար ընդունիլ ի՛ր ճշմարտութիւնը։ Վերապրողը ի՛նք դատապարտուած էր ժխտելու ինքն իր էութիւնը եւ ինքն իր ճշմարտութիւնը։  Կատարելապէս հակասական տիպար ու կերպար, քանի որ իր էութիւնը իր էութեան ժխտումին մէջ կը կայանար»[32], կը գրէ Նշանեան։

Ի՞նչ է ուրեմն վերապրողին ճշմարտութիւնը։  Անշուշտ չհերքել ինքզինք, այսինքն չտարուիլ պատումի կոչերով, չվերածուելու համար ինքն իր հակերեսին։  Միայն այդպէս է որ ան կրնար դառնալ բացարձակ վերապրող, ան որ չի դաւաճաներ իր կոչումին, որ է ըլլալ վերջին մարդը, պահել այդ վերջնութիւնը անեղծ։  Ո՞ր վերապրողը պիտի կարենար ընել ատիկա։  Ա՛յս է սակայն Բլանշոյի արձանագրած «ո՛չ մէկ պատում»ին իմաստը ընդդէմ պատումի անընդմէջ կոչերուն։  Բլանշոյ այստեղ ո՛չ թէ միայն ցոյց կու տայ, տեսանելի կը դարձնէ, դէպքին պատում պահանջող կառոյցը, ալ նաեւ ո՛չ կ՚ըսէ անոր։  Այդ ոչը անշուշտ պէտք էր արձանագրել։  Ա՛յդ է որ կը մղէ գրողը։  «Եւ ուրեմն 1949-էն մինչեւ 1957, նոյն ծրագիրն է որ կը մղէ Բլանշոյին գրառումը. վերջին մարդուն վերապրողի հանգամանքը պահել անեղծ, իր վերջնութեան պահապանը եւ երաշխաւորը ըլլալ»[33]։

ԱՂԷՏԻ ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ

Բլանշոյի այս տարիներու գրականութիւնը ուրեմն վերապրումի վիպական փորձընկալում մըն է եւ անոր «գրականութեան մասին մտածողութիւնը վերապրումի մասին մտածողութիւն է, միշտ»[34], կը գրէ Նշանեան։  Ասիկա է ապշեցուցիչը Բլանշոյի մօտ։ Ուրկէ՞ գիտեր ան այս ամէնը։ Պատերազմը նոր վերջացած էր այդ տարիներուն եւ մարդիկ նոր սկսած էին անդրադառնալ կատարուածի ահաւորութեան։ Խօսքը անշուշտ թիւերուն ու աւերին մասին չէ, այլ աղէտի հորիզոնի երեւման՝ մարդկութեան ապագայ մայրամուտին։ Վերջնական Լուծումի ու հիւլէական պայթումներու փայլատակումին ընդմէջէն պահ մը կարծես՝ իր պատմողին նման՝ ականատես եղած էինք վկայութեան կարողութեան կորուստի հնարաւորութեան։ Ապագան էր կարծես որ պահ մը ուրուականի նման ցոյց կու տար իր սահմռկեցուցիչ դիմագիծը։

Բլանշոյի կը պարտինք դէպքին պատումնային կառոյցի բացայայտումը։ Դեռիդա ցոյց տուած էր անոր ճշմարտազերծ հանգամանքը։ Նշանեան այդ ընթերցումը տանելով քայլ մը անդին զայն կը կապէ ցեղասպանական կամեցողութենէն վերապրողի փորձառութեան։ Բան մը որ ո՛չ Դեռիդա տեսած էր, ո՛չ ալ իր հետեւորդները[35]։ Պէտք էր գուցէ ետին ունենալ աշխարհ մը կուլ տուած աւազներէն անցքը։ Ապշեցուցիչ ընթերցում մըն է ու աննախընթաց իր տարողութեամբ ու տեսանկիւնով։ Նշանեան հարիւր տարի է ինքն իր վրայ դարձող փորձառութիւն մը կարծես մէկ անգամէն կը հանէ իր կրկնողական հունէն մեր առջեւ բանալով զայն հասկնալու ու մեկնաբանելու նոր տեսանկիւններ։ Տակաւին այստեղ ուրուագծեցինք անոր մէկ երեսը միայն։ Նշանեան նոյն երեւոյթին պիտի մօտենայ նաեւ պատկերի հասկացողութեան ընդմէջէն ինչպէս նաեւ պատմութեան զգացողութեան կորուստին ու ապա զայն կապէ Պաթայլի մօտ երեւցող անմարդկայինի փորձընկալումին։ Ասոնց բացայայտումը կը ձգենք ընթերցողին։

Մէկ բան յստակ է. կը գտնուինք աղէտի հորիզոնին եւ դէպքերու առած ընթացքին իբրեւ հետեւանք, դաժան ճակատագիր, գուցէ աստիճան մը աւելի յստակօրէն կ՚ուրուագծուի ան մեր առջեւ, միաժամանակ ընձեռելով զայն ըմբռնելու ու արձանագրելու կարելիութիւնը, անշուշտ եթէ պատրաստ ըլլանք ընդունելու զայն։ Ա՛յդ է որ կ՚ընէ Բլանշոյ ապշեցուցիչ կանխատեսութեամբ իր գրականութեան մէջ։ Ա՛յդ է նաեւ ինչ որ կը բացայայտէ Նշանեան իր վերլուծումով։ Արձանագրել աղէտի հորիզոնի երեւման փորձընկալումը։ Ատիկա կարելի է կատարել միայն գրականութեան մէջ։  «Այդ փորձառութեան եւ փորձընկալումին մէջ է գրականութեան իմաստը»[36], կը գրէ Նշանեան։  Բլանշոյի գրականութեան եւ Նշանեանի ընթերցումին։


[1] «ԿԱՄ», Հանդէս վերլուծական, լոյս տեսած են վեց թիւ, առաջինը 1980ին Պէյրութ, վերջինը 2005ին Լոս Անճելըս։

[2] Մարկ Նշանեան, «Պատկեր Պատում Պատմութիւն, Հատոր 2՝ Մրցակցութիւններ», Երեւան, Յովհաննիսեան Ինստիտուտ, 2016, էջ 45-46։  Ահաւասիկ պարբերութիւնը ինչպէս մէջբերուած է Նշանեանի գրքին մէջ. «Իմ թելադրել ուզած Սփիւռքը սակայն կ՚ընդգրկէ աւելին, քանի մը կարգեր միանգամայն…։  Զոր յօրինէին պարզ որքան որակեալ, հանգամանաւոր մարդերը, գրող ինչպէս ընթերցող, գործող որքան արհեստաւոր…։  Որոնք բոլորը մեր Աղէտը ընդունելու, իրենց մտքին պատշաճեցնելու ահաւոր պարտքը կատարէին, իրենք իրենց, միայն ու միայն մտիկ ընելով իրենց խղճմտանքին եւ ոչ թէ ասոր ու անոր ուզածները առնէին մեկնակէտ, ու մեր այնքան պայծառ, անստուեր… կործանումը չարտաբերէին աս ու ան սուտ աստուածներէն, քանի որ երկու պատերազմ ու ասոնցմէ առաջ քառորդ դար ողջակէզ մեզ ընելու էին առնուազն պարկեշտ»։  Մէջբերումը կու գայ 1946ին Նայիրի պարբերաթերթի մատենաշարով Հալէպ լոյս տեսած Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» հատորէն, որուն համար երկար յառաջաբան մը գրած էր Յակոբ Օշական։   «Թուղթ առ Երեւան»ը պատասխան մըն էր Գէորգ Աբովի գրիչէն ելած մէկ տողին, որ ինքնին մէկ արտայայտութիւնն էր Խորհրդային վարչակարգին մղած աւելի լայն հակադաշնակցական ու Սփիւռքի հայութիւնը պառակտելու միտող պայքարին։  Ծառուկեանինը մէկ շունչով ու արեւելահայերէն գրուած հայրենասիրական «պոէմ» մըն է որ օրին յափշտակութեամբ կարդացուած է։  Փաստ՝ հատորին գրեթէ տասնեակի մը հասնող վերատպումները, աննախընթաց իրողութիւն հայ գիրքերու աշխարհին մէջ։  Օշականի յառաջաբանը նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, արձագանգ ունեցած է, այս անգամ Հայաստանէն այդ տարիներուն հասած միջակէն վար գրական գործերու հանդէպ իր անզիջող կեցուածքին իբրեւ հակազդեցութիւն, որուն հետեւանքը եղած է գրողի անձին դէմ ելած աննախընթաց գրոհը այսպէս կոչուած «հայաստանասէր» հատուածին կողմէ։ Անհաւատալի է օրին հրապարակը ողողած մաղձը, որ հասած է մինչեւ անգամ հակակրանքի երեկոյի մը կազմակերպումին։ Օրերն ու մթնոլորտը պայթուցիկ էին։  Եօթանասուն տարի հեռաւորութենէ ապշեցուցիչը Օշականի յստակատեսութիւնն է ընդհանրապէս բայց մանաւանդ՝ իր անուանումով՝ մեր «Աղէտ»ի փորձառութեան ընկալումը ոչ միայն որպէս պատմական դէպք, ենթակայ քաղաքական շահերու, այլ ենթակային խորերը չափող իրադարձութիւն, որուն հետ դէմ յանդիման գալ է պէտք, եւ ոչ թէ մերժում կամ շրջանցում։  Այստեղ հաւանաբար արուեստագէտի փորձառութիւնն է խօսողը երբ գրողը կ՚ուզէ դէպքը դարձնել մտածման առարկայ։ Այս մասին տե՛ս Նշանեանի հոյակապ «Մուտք»ը նշուած հատորին սկիզբը։

[3] Նոյն, էջ 46։

[4] Պըլտեանի մօտ սկիզբէն կայ լեզուի մտահոգութիւնը, որ մտքի խորտակման հետ կը կապուի։  Ատիկա կ՚երեւի բանաստեղծական գործերուն մէջ, օրինակ տողերու կոտրատումով ապա նաեւ իբրեւ բանաստեղծութեան յղացքի խորտակում։  Տե՛ս օրինակ կարեւոր սակայն քիչ կարդացուած «Հակաքերթուած» հատորը, Լոս Անճելըս, «Հայ Սփիւռք» մատենաշար, 1979։  Աւելի ուշ այս մտահոգութիւնը կ՚անցնի արձակին ուր պատումի կերպը ինքնին կը դառնայ խորտակումը ըսելու ու բառնալու ձեւը։  «Լեզուն պէտք էր յիշեր ինչ որ զինք դարձուց անապատ» կը գրէ ան օրինակ «Անունը լեզուիս տակ»ին մէջ, Փարիզ, Մատենաշար «Երկ», 2003,  էջ 328։

[5] «ԿԱՄ»ի էջերուն մէջ օրինակ Նշանեանի գրիչով կան թարգմանութիւններ Բենիամինէ, Բլանշոյէ, Նիցչէէ, Իւնկըրէ, Բատայլէ, Բեռմանէ, Ժ.Լ. Նանսիէ։  «Ինքնագիր գրական հանդէս»ի 4֊րդ թիւին մէջ(2008) եւ նոյնը առցանց էջին վրայ կայ Սայիտ, իսկ վերջերս լոյս տեսած «Ներման հարցը» հատորին մէջ կայ Դեռիդա («Ներման հարցը՝ ժողովածոյ», Խմբգր. Գառնիկ Աւ. Ք. Գոյունեան, Մոնթրէալ, Բան եւ գիր մատենաշար, 2017)։  Այս ամէնը մեր տրամադրութեան տակ եղածէն նմոյշ մըն են միայն պարզապէս ցոյց տալու համար այդ աշխատանքին հետաքրքրութեան դաշտը։  Նշանեանի մօտ թարգմանութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը լոկ թարգմանութիւն հրամցնելու սիրոյն չէ, այլ վերջաւորութենէն դիտարկող աշխատանք մը, լեզուն Պէնիամինի իմաստով «զուտ լեզու»ի իր նկարագրին մէջ ըմբռնող։   1980ին կատարած առաջին իսկ թարգմանութիւնը Պէնիամինէն՝ «Թարգմանիչին պարտականութիւնը» խորագրով («ԿԱՄ» թիւ 1), այդ նիւթին շուրջ է։  «Պատկեր պատում պատմութիւն»ի առաջին հատորին մէջ պիտի գրէ՝ «… կը թարգմանեմ արեւմտահայերէն, լեզուի մը մէջ որ կը «վերակենդանացնեմ» թարգմանելու պարզ արարքովս, լեզուի մը մէջ որ տասնամեակներէ ի վեր չէ թարգմանած, լեզուի մը մէջ որ այդ իմաստով (բայց ուրիշ ի՞նչ իմաստ կայ) հասած է իր վախճանին, եւ ես թարգմանելով՝ ա՛լ աւելի կը մօտեցնեմ զայն իր վախճանին, կը կենդանացնեմ ու կը մեռցնեմ զայն, կը վերածեմ զայն վերապրող լեզուի մը» (էջ 137) եւ աւելի առաջ թարգմանութիւնը «…որպէս զմռսումը լեզուին, անոր հրաշագեղ յաւերժացումը, երբ թարգմանութիւնը այլեւս ո՛չ մէկ ընթերցողի համար է, ո՛չ մէկ մշակոյթի, ո՛չ մէկ նպատակի, ո՛չ մէկ փոխանցումի» (էջ 109-110)։  Նշանեան կը գծէ զուգահեռը թարգմանութեան ու Բլանշոյի արձակին մէջ երեւցող պատկերի երեւոյթին, որ կու գայ մահադիմակի ձեւին տակ։  «Դիակը ինքն իր պատկերն է» պիտի գրէ ան, տողը առնելով Բլանշոյէն ու կապելով զայն Կարոլ Ֆէկէտէի գործերուն (էջ 23) ու ապա լեզուին ալ պիտի տայ նոյն կարգավիճակը «ինքն իր պատկերը» դառնալու եւ ասիկա գրականութեան, բայց մասնաւորաբար թարգմանութեան մէջ։  Պատկերի ու թարգմանութեան ինչպէս նաեւ պատմութեան թեմաները կը կազմեն գրքին մնացեալ հաստ լարերը որ սակայն կը մնան դուրս այս ակնարկի սեւեռումէն։

[6] Մորիս Բլանշոյ՝ «Վիպումներ», թրգմն. Մարկ Նշանեան, Ինքնագիր գրական ակումբ, երեւան, 2013, էջ  124։

[7] Բլանշոյ, էջ 114։

[8] Նոյն։

[9] Նշանեան, «Պատկեր Պատում Պատմութիւն, Հատոր 1՝ Փիլիսոփայան բարեկամութիւն մը», Երեւան, Յովհաննիսեան Ինստիտուտ, 2015, էջ 21։

[10] Նոյն, էջ 28։

[11] Բլանշոյ, էջ 123։

[12] Նոյն, էջ 122։

[13] Նոյն, էջ 123-124։

[14] Տե՛ս Նշանեան, Հատոր 1, էջ 165-241, ինչպէս նաեւ «Կորսնցնել պատմութեան զգացողութիւնը» (ֆրանսերէն դասախօսութիւն)՝ https://www.youtube.com/watch?v=4L2Oe8xn5Aw (ստուգուած՝ 21 յուլիս 2017)։

[15] Նշանեան, Հատոր 1, էջ 123։

[16] Բլանշոյ, էջ 12։

[17] Նշանեան, Հատոր 1, էջ 21։

[18] Բլանշոյ, էջ 274։

[19] Տե՛ս վերեւ նշուած «Կորսնցնել պատմութեան զգացողութիւնը» դասախօսութեան տեսագրութիւնը։   Այս նիւթով չափազանց հետաքրքրական է նաեւ Նշանեանի ֆրանսերէն “Le Sujet de l’Histoire – vers une phénoménologie du survivant” հատորը, Editions Lignes, Փարիզ, 2015։  Տե՛ս օրինակ անոր նախաբանը՝ “La mort du témoin et le sujet de l’histoire”։  Նշենք նաեւ որ «Պատկեր Պատում Պատմութիւն»ի առաջին  հատորի Բլանշոյի նուիրուած էջերուն մեծամասնութիւնը լոյս տեսած էին նախապէս այստեղ ֆրանսերէն լեզուով սակայն նուազ ընդլայնուած կերպով, կազմելով գրքին երրորդ եւ “Survivre” խորագրուած բաժինը։

[20] Նշանեան, Հատոր 1, էջ 24։

[21] Նոյն, էջ 128։  Դեռիդայի մեկնաբանութիւնը կու գայ անոր Բլանշոյի նուիրուած ‘Parages” հատորէն, Editions Galilée, Փարիզ, 2003։  Ի դէպ, այս նիւթը ծաւալուն ուսումնասիրութեան ենթարկած է Նշանեան իր “La Perversion historiographique” գրքին մէջ, Editions Lignes, Փարիզ 2006։  Կայ նաեւ անգլերէն թարգմանութիւնը՝ “The Historiographic Perversion”, Columbia Univesity Press, NY, 2009, Գիլ Անիջարի վերջաբանով: Գիրքը կը բացուի նշանաւոր տողով մը, որ թէեւ կրնայ առաջին ընթերցումով գայթակղեցուցիչ թուալ, սակայն հաւանաբար լաւագոյնս կը խտացնէ գրքին գլխաւոր վիճարկումը՝ «Ցեղասպանութիւնը իրողութիւն մը չէ (Genocide is not a fact)»։ «Իրողութիւն մը չէ, որով է՛ իրողութեան իսկ քանդումը, իրողութեան հասկացողութեան քանդումը, իրողութեան մէջ իրողականին քանդումը (Genocide is not a fact because it is the very destruction of the fact, of the notion of fact, of the factuality of fact)»։ Յստակ է թէ այստեղ վիճարկումը յղացական գետնի մը վրայ կ՚ընթանայ, եւ ոչ անպայման փաստագրական։ Գրքին առաջին երկու գլուխները կը մեկնին իննսունականներուն Ֆրանսա տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով հանրային վիճաբանութիւններէ, առաջինը ամերիկացի պատմաբան Բեռնարտ Լուիսի, երկրորդը ֆրանսացի պատմաբան Ժիլ Վայնշտայնի հետ։ Նիւթը անշուշտ անոնց մօտ յայտնուող ուրացողական դիրքորոշումն էր, որ հասած էր մինչեւ դատական ատեան։ Գրքին երկրորդ կէսը կը մտնէ դէպքի վկայագրութեան ու արխիւացման տենդի հարցերուն մէջ, բաներ որոնք յար եւ նման են Բլանշոյի մօտ երեւցող հաւաստի իրադարձութիւնները պատմելու հրամայականին եւ անոր նման կը մնան դէպքի կառուցային ոլորտին ենթակայ։ Դէպքը իրագործողը կը պնդէ որ պատմաբանները տան իրենց վճիռը, քաջ գիտնալով որ ան ի սկզբանէ ի գործ դրուած էր իբրեւ ճշմարտազերծ դէպք, այսինքն իր հերքումը կը կրէր ինքն իր մէջ։ Ասոր մէջ կը կայանայ Նշանեանի վերնագրին մէջ երեւցող «պատմագիտական խոտորում»ի իմաստը։ Գիրքին մասին տե՛ս Նանոր Գպրանեանի գեղեցիկ գրութիւնը՝ http://www.oxonianreview.org/wp/genocide-is-not-a-fact/, իսկ անգլերէն թարգմանութեան մասին Միկիէլ Լիզընբերկի գրախօսականը Journal of Genocide Researchի 10 մայիս 2012 թիւին մէջ՝ http://www.tandfonline.com/doi/full/10.1080/14623528.2012.684762, որուն պատճէնը տրամադրելի է նաեւ այստեղ՝ https://www.academia.edu/11710747/Review_of_Marc_Nichanian_The_historiographic_perversion_Journal_of_Genocide_Research (բոլորը ստուգուած 21 յուլիս 2017)։

[22] Նոյն, էջ 127։

[23] Նոյն, էջ 159։

[24] Պապանձումի երեւոյթը փոխ կ՚առնենք Գրիգոր Պըլտեանի «Անունը լեզուիս տակ» նշուած հատորէն, էջ 309։ Հոն անիկա կը կապուի դէպքին անուն տալու անկարելիութեան հետ. «ինչպէ՞ս էր, ինչպէ՞ս եղաւ, ի՞նչ, ինչպէ՞ս կոչել, ամենէն դժուարը արդէն այդ չէ՞, գտնել անունը, անուն մը, որ ոչ թէ կը փարատէ ամէն անձկութիւն այլ կը մեղմէ զայն, եւ մէկէն ու վերջնականօրէն կը փակէ պապանձումի ժամանակը»։

[25] Բլանշոյ, էջ 278։

[26] Նոյն, էջ 272։

[27] Նշանեան, Հատոր 1, էջ 350։

[28] Նոյն, էջ 122-123։

[29] Նշանեան, Հատոր 1, էջ 125։

[30] Բլանշոյ, էջ 274։

[31] Նշանեան, Հատոր 1, էջ 125։

[32] Նոյն, էջ 28։

[33] Բլանշոյ, էջ 279։

[34] Նոյն, էջ 268։

[35] Ա՛լ աւելի հեգնական է անգլերէն թարգմանութեան պարագան։ Այդ մասին Նշանեան կու տայ շատ հետաքրքրական վերլուծում մը Բլանշոյի պատմողին «կորսնցուցած էի պատմութեան զգացողութիւնը» տողի անգլերէն թարգմանութեան մէջ երեւցող թիւրըմբռնումին։ Ասիկա Հատոր 1ի երկրորդ բաժնի ընդհանուր խորագիրն է՝ էջ 165-232, տե՛ս մանաւանդ էջ 212-231, ուր récit եւ le sense de l’histoireը կ՚առնուին մանրամասն լուսարձակի տակ։ Հոն կ՚երեւի նաեւ Դեռիդայի երկմտանքը Բլանշոյի տողին առջեւ։

[36] Բլանշոյ, էջ 259։

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.