Սանդուխներէն Լսուող Ձայնը
Ձայնը լսուեցաւ սանդուխներուն վրայէն
Եւ վար հասաւ:
Պիտի ուզէի ճամպրուկ մը առնել
եւ գոռալով ճամբորդել,
տիեզերքին մէջ լսցնելով ձայնս,
արտասանել խօսքեր որ ոչ ոք կ’ուզէ լսել.
նոյնիսկ գարշահոտ դառնալ, քրտնիլ, քիչ մը յոգնիլ,
զգալ թէ ինչպէ՞ս մարդ իսկապէս կը խօսի:
Լռութեան մէջ պիտի չապրիմ
բոլոր միւս ձայներուն նման,
որոնք կը լսուին
հիւրասենեակներու մէջ,
թէյ ըմպելու ժամանակ:
Կրնամ նոյնիսկ
վար նետուիլ այս սանդուխներէն,
միայն աղմուկ պատճառելու համար,
եւ հաւանաբար՝ խզուելու:
Ոհ՛, չէ՛,չէ՛ ըսին սանդուխները:
Դուն կնոջ մը ձայնն ես,
Շատ նուրբ,
Ստեղծուած միայն երգելու համար,
Ո՛չ թէ խզուելու …:
Երբ Աշտարակ վերադառնաս
Կանգնէ՛ կամուրջին վրայ
Եւ քու ոսկորներուդ ծուծերուն ընդմէջէն
Ունկնդրէ՛ մեր պապերուն լռութիւնը:
Երգէ՛, երգէ՛ և արթնցուր՛ քարերը,
Նահատակներուն հոգիները, գետն ու երկինքը.
Մեր լեզուով երգէ՛ այդ կարմիր և նարնջագոյն թռչուններուն։
Երգէ՛ այդ դառնանուշ բառերով և հպարտալի կրկներգով,
Փաստելով, թէ կը յիշես ով ըլլալդ:
Կանգնէ՛ կամուրջին վրայ
Եւ ունկնդրէ՛ մեր պապերուն անդորրը
Քու ոսկորներուդ ծուծին ընդմէջէն:
Երբ վերադարձիդ երգես Քասախ գետին,
Յիշէ՛, թէ ով ես դուն:
Աստղերուն Լռութիւնը Սերտեցի
Աստղերուն լռութիւնը սերտեցի,
Խաւարը, սառով պատուած երկինքը, ծառերուն ուրուագիծը …
Տարիներէ ի վեր նուիրուած էի աշխատանքի,
Միտքս սուր էր, բայց հիմա զարմանալիօրէն կը բթանայ:
Երբ կը խօսիմ, դեռ տղեկի պէս կը թոթովեմ,
Եւ որոշ, խաղաղ, բախտաւոր գիշերները
Կ’ երազեմ միեղջիւրեայ կենդանին,
Իր անուշաբոյր հոտը եւ վայրի սմբակները:
Կ’ երևակայեմ, որ ան, վաղը, ձեռքս բռնելով
Պիտի առաջնորդէ զիս գիրք մը ևս գրելու,
Որ պիտի հիացնէ աշխարհը:
Սփիւռք
Սերմեր սփռուած են օդին մէջ
Այստեղ ու այնտեղ. ով՞ ես դուն.
Ուր՞ է Հայաստանը – եան, – եան :
Ընկերս չ’ըմբռներ այս միտքը
Ան չի գիտեր սփռուած սերմերու մասին,
Որոնք պիտի ծաղկին ապագային:
Ես պիտի բացատրեմ իրեն.
Զիս ուժեղ բռնէ, որովհետեւ իմ հատորներս
Մասամբ կը թոչկոտին երկինքին մէջ:
Ուր՞ պիտի իյնամ ու մեծնամ
Արդեօք պիտի վերադառնամ՞ Երեւան – վան – վան.
Չեմ գիտեր, թէ ով՞ եմ ես:
Դուն ծաղիկ մըն ես, կ’ ըսէ ան,
Որ կը սպասես վերածնունդի:
Այբուբեն
Երազիս մէջ,
հայրս, կը զարնէ գիրքի մը կողքին
եւ այբուբենը կը սփրուի
իմ ձեռքերուս մէջ։
— Այսքա՜ն գիրեր, — կ՛ըսէ ան,
— Պէտք է օգտագործես․․․։
Այնուհետեւ կը սկսիմ գրել․․․։
Լքուած եկեղեցին
Դեռ հոն է, հնամաշ…
Լոյսը կը խաղայ անոր հիմքերուն
եւ կիսափուլ պատին վրայ, որուն ճեղքերը խոտերով լեցուած են․․․
Ջարդի ուրուականը կը սաւառնի
արևաթաթախ քարերուն վրայ,
հաշուելով այցելուներուն քայլերը,
մէկ,երկու,մէկ,երկու,մէկ,երկու ․․․
Լռութիւնը շատ ուժգին է:
Յուշերը ժամանակը կը շրջեն դանդաղօրէն:
Ուրուականը կը հառաչէ
եւ գետնին վրայ մոխիրէ գորգ մը կը խլրտի…
Երկինքին վրայ ամպերը աղօթքի կը վերածուին …:
Նորա Նաճարեան
Կողակիցդ Հերոս Մըն Էր…
Հերթականօրէն ձեռնուեցան նաեւ իր հետ
Ան չէր գիտեր, թէ ուր՞ պահէր
իր միւս ձերքը, որ կը դողար …
Չէր գիտեր, թէ ինչպէս՞ կրնար
իր արցունքները վերադարձնել իր աչքերուն,
իր աչքերը՝ դէմքին,
կամ մարդոց խօսքերը՝ իրենց բերնին
Երբ կը ցաւակցէին իրեն…:
Մետաքս
Մորթդ տերեւներուն կը հպէիր գարնան
եւ ապահով կը զգայիր: Կը մտածէիր,
Թէ այս՞ էր քու կեանքդ՝ թարմ թթենիի տերեւ մը…
եւ լուռ կը ճաշակէիր կանաչ վայրկեանները…
Կը զարմանայիր, թէ այս՞ էր մեծնալը։
Մարմինդ կը ձգուէր եւ կ’ամրանար…:
Օր մը սկսար ոսկեայ խոզակը հիւսել
Շուրջդ: Քիչ մը կը նմանէր
Պայծառ արեւէն պահպանուելու,
Ցտեսութիւն ըսելու, գրեթէ մեռնելու…:
Բայց սխալած էինք
Որովհետեւ այդ երկար, շարունակական դերձանը,
Քու մետաքսեայ կեանքդ էր….
Զուլալ, ձիւն-ճերմակ…:
Թարգմանիչ Մակի Էսկիճեան