Ինքնագիր գրական ակումբը լոյս է ընծայել մէկ գրքով «ՖՐԻԴՐԻԽ ՆԻՑՉԷ Դերաքրիստոսը Անէծք քրիստոնէութեան դէմ» թարգմանութեամբ Մարկ Նշանեանի(բնագրով Friedrich Nietzsche Der Antichrist) և «ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆ Ֆրիդրիխ Նիցչէ՝ վասն ինքնիշխանութեան» գրութիւնները։

Գրքի շնորհանդեսը կլինի Հոկտեմբերի 23֊ին ժամը 18:30 Նոյյան տապան գրախանութում(Երևան, Աբովեան 8)։

Մարկ Նշանեանի աշխատութիւնը բաղկացած է 7 գլուխներից` 1 Անժամանակեայ Նիցչէն, 2 Վագների պարագան, 3 Երրորդ հանգրուանը, 4 Դերաքրիստոսէն առաջ՝ Ծննդաբանութիւն, 5 Դերաքրիստոսէն առաջ՝ Վախճանաբանութիւն, 6 Երկու հիմնադիրները 7 Փրկիչին կերպարը եւ տիպարը։ Ինքնագիրը ներկայացնում է Դերաքրիստոս բառի բացատրության և Անժամանակեայ Նիցչէն գլխից հատուածները ։

Project2-Verjnakan-00_Layout 1

Կողքի ձևավորումը Միսաք Խոստիկեանի։ Դրուագ՝ ԺԹ.-Ի. դարերի տապանաքարի, Հին Գորիս, Մելիքական եկեղեցուն կից գերեզմանատուն

Դերաքրիստոսը որպէս վերնագիր

Եւ հիմա ժամանակը եկաւ, կարծեմ, բացատրելու թէ ինչո՛ւ «Դերաքրիստոս» բառը կը գործածեմ ո՛չ միայն յունական άντίχριστος-ը թարգմանելու համար հայերէն, այլեւ
Նիցչէի Antichristին որպէս համարժէքը: Առաջին կէտը առարկութիւն չի վերցներ: «Նեռ» բառը կը պատկանի դասական հայերէնի պաշարին: Իսկ «Հակաքրիստոս» եւ «ՀակաՔրիստոս» որպէս թարգմանութիւն յանձնարարելի չեն: Յունարէն «άντί» «հակա» չի նշանակեր, լատիներէն anti-ն չէ՛: Զանազան ձեւերով կը գործածուի, յաճախ՝ «փոխ»ի իմաստով: Յունարէն բառին իմաստն է ուրեմն՝ Քրիստոսը փոխարինող, անոր տեղը գրաւող, ինքզինք որպէս Քրիստոս ձեւացնող: Ատկէ՝ «սուտ Մեսիա»ի իմաստը, քանի որ յունական «Քրիստոս» բառը նախ տիտղոս մըն էր, եբրայերէն «Մեսիա»ին համապատասխանը: Իսկ մեր նախնիքները, որոնք անկասկած յունարէն գիտէին, գոնէ մինչեւ ԺԲ. դար, եւ ենթադրաբար նաեւ հայերէն ալ գիտէին, երբեք չեն գործածած «Հակաքրիստոս» ձեւը: Երբ որ պէտք եղած է, ըսած են կա՛մ «Նեռ», կա՛մ «Դերաքրիստոս»: Օրինակ Նարեկացին, Մատեանին ՂԱ. բանին մէջ.

Պնդին ի մետաղս ահեղ հրամանիդ՝

այսականացն գումարք,

Պապանձին կարկեալ ընդդիմաբանիցըն դասակցութիւնք,

Պարաւանդին հիւծմամբ կորստեան՝

աներեւութիցըն ժողովք,

Անլոյծ շղթայիւք նեղին՝ առաքելութիւնք

դերաքրիստոսին։

Գարեգին Տրաբիզոնցիի (թոյլ) թարգմանութեամբ՝

Հրամանովդ ահեղ՝ ջոկերն այսերուն

մետաղներու մէջ պինդ կը պրկուին,

Դասերը բոլոր դիմախօսներուն

կը համրանան ու կը պապանձեն,

Ժողովները անտեսներուն կորստաբեր հիւծով կը պարաւանդուին,

Դերաքրիստոսին դեսպանութիւններն

անլոյծ շղթայով նեղը կը դրուին։

Իսկ Նիցչէի վերնագիրը տարբեր հարցեր կր ծագեցնէ: Գերմաներէն՝ Der Antichrist: Նիցչէի բոլոր մեկնաբանները եւ թարգմանիչները գիտեն որ երկիմաստ է բառը: Կրնայ յղուիլ Յովհաննու Աւետարանի «Նեռ»ին, ուրեմն՝ աւանդութեան մէջ որպէս Նեռ կամ որպէս Դերաքրիս- տոս ճանչցուած սարսափազդու եւ աղէտաբեր կերպարին: Կրնայ նաեւ պարզապէս նշանակել «հակա- քրիստոնեայ»: Տեսանք արդէն իսկ, թէ Նիցչէ այդ իմաստով կը գործածէ երբեմն բառը, օրինակ երբ կ՚ըսէ՝ «Wir, Antichristen», այսինքն՝ «Մենք՝ հակաքրիստոնեաներս»: Բայց ինծի ծանօթ թարգմանութիւնները կը նախընտրեն պահել առաջին իմաստը, ուրեմն կը թարգմանեն օրինակ ֆրանսերէն՝ L’Antéchrist, անգլերէն՝ The Antichrist: Ուրեմն կրկին՝ Դերաքրիստոսը: Այդ անունը կրող գիր- քին մէջ ի դէպ՝ Նիցչէ առաջին կամ երրորդ դէմքով չի խօսեցներ «Դերաքրիստոս»ը որպէս կերպար: Հետեւաբար որոշ մեկնաբաններ եզրակացուցած են որ «Դերաքրիստոս»ը Նիցչէի մտքին մէջ այս պարագային գոնէ՝ գի՛րքն է, եւ ո՛չ թէ անձնականացած կերպար մը, մինչդեռ քրիստոնէական աւանդութեան մէջ՝ միշտ կերպարի մը մասին է խօսքը20: Այս ամբողջը պիտի չարգիլէր սակայն որ Նիցչէի վերնագիրը թարգմանուի «Հակաքրիստոս», եթէ հիմա միայն գերմաներէնին յղուէինք, եւ ո՛չ թէ յունա- րէնին, քանի որ «Anti» գերմաներէն յստակօրէն «հակա» կը նշանակէ: Պիտի չարգիլէր, այո, պայմանաւ որ «Քրիստոս»ը հասկցուի որպէս տիտղոս, անգամ մը եւս՝ «Մեսիա»ի իմաստով, «Օծեալ»ի իմաստով: Բայց եթէ
հասկցուի որպէս անձի մը «մականուն»ը, «ՀակաՔրիստոս» թարգմանութիւնը կը թելադրէ որ այդ անձին դէմ է խօսքը: Մինչդեռ կը բաւէ գիրքը կարդալ մինչեւ իսկ թե- թեւակի եւ անցողակի հայեացքով, անդրադառնալու համար որ այդպիսի բան չկայ գիրքին մէջ: Նիցչէ ոգի ի բռին կը հակառակի Պօղոսի մեկնաբանութեան, երբեւիցէ չի խօսիր Յիսուսին դէմ, որպէս անձ, կամ ինքը կ՚ըսէ՝ որպէս «տիպար»: Ընդհակառակը, ամբողջ գիրքը գրուած է «տիպար»ը փրկելու համար Պօղոսի մեկնաբանութենէն ու գործածութենէն: Հետեւաբար՝ «ՀակաՔրիստոս» լուծումը (վերնագիրը թարգմանելու համար) յոյժ անպատեհ պիտի ըլլար: Antichrist բառին յունական յղոյթին պիտի չհամապատասխանէր բնաւ, ու գերմանական իմաստով՝ կարծել պիտի տար որ Նիցչէին խօսքը «Քրիստոս» տիտղոսին արժանացած անձին դէմ կ՚ուղղուի: Աւելին ալ կայ, քանի որ գիրքին մէջ մէկ կամ երկու պարագաներու՝ Նիցչէ կը գործածէ «Քրիստոս»ը որպէս անուն անձին համար, առանց ո՛չ մէկ ժխտական երանգի: Ո՛չ թէ որովհետեւ կը սխալի, ո՛չ թէ որովհետեւ անփոյթ կը գտնուի, այլ որովհետեւ ինչպէս բացատրեցինք վերը մէկ անգամ (ու առիթը պիտի ունենանք կրկնելու) իր ծրագիրը ենթարկուած է կրկնալեզուութեան երեւոյթին. նոյն բառերը, նոյն անունները շրջածիր փոխելով՝ իմաստ ու արժէք կը փոխեն, նոր կը մեկնաբանուին, ժխտականէն՝ կը դառնան դրական (ինչ որ կարգ մը բողոքական աստուածաբաններու ըսել տուած է, մեծ գոհունակութեամբ, որ Նիցչէին մօտ կար տակաւին սէրն ու յարգանքը Յիսուսին նկատմամբ, կարծէք՝ Նիցչէին կողմէ որպէս «տիպար» վերակազմուած Յիսուսը քրիստոնէութեան Յիսուսը ըլլար, մինչդեռ կատարելապէս ապաքրիստոնեայ, մինչեւ իսկ՝ հակաքրիստոնեայ Յիսուս մըն է): Ամէն պարագայի՝ ահաւասիկ ինչո՛ւ «ՀակաՔրիստոսը» ձեւով չթարգմանեցի վերնագիրը, Der Antichrist, հակառակ անոր որ այդպիսի թարգմանութիւն մը ցնցիչ հանգամանք պիտի կրէր, շատ աւելի ցնցիչ քան մեր «Դերաքրիստոսը» (որ յարաբերաբար անծանօթ բառ մը ըլլալով՝ չի վիրաւորեր մեր «քրիստոնէական» զգացումները), ու փաստօրէն՝ Նիցչէն կ՚ուզէ՛ր ցնցել իր ընթերցողները, կ՚ուզէր վիրաւորել, կ՚ուզէր անազնիւ ըլլալ։ Մնաց որ Նիցչէ բազմիցս կը գործածէ անձնականացած ձեւը այս գիրքէն դուրս: Օրինակ 1883ին Մալվիդա ֆոն Մէյզենբուրգին ուղղուած նամակի մը մէջ. «Նոր անուն մը կ՚ուզէ՞ք ինծի համար: Եկեղեցական լեզուն ունի հատ մը. ես — — — — — — — — Դերաքրիստոսն եմ», գերմաներէն՝ der Antichrist: Իսկ Ecce homo-ի մէջ ինքզինքը կը գովէ ամենէն կարճ ականջները ունենալուն համար (բնանիւթ մը, որ պիտի վերադառնայ Դիոնիսոսի եւ Արիադնէի երկխօսութեան ընթացքին), ու կ՚ըսէ՝ «Ես գերազանց հակաէշն եմ, եւ այդ իսկ պատճառով՝ համաշխարհային իմաստով պատմական հրէշ մը, — եթէ յունարէն խօսինք, ու ոչ միայն յունարէն, ես Դերաքրիստոսն եմ», կրկին՝ der Antichrist: «Ո՛չ միայն յունարէն» կը նշանակէ՝ նաե՛ւ գերմաներէն: Ուրեմն նոյնքան հակաքրիստոնեայ եւ նոյնիսկ «Հակաքրիստոս», որքան՝ Դերաքրիստոս, պայմանաւ (կը կրկնեմ) որ «Քրիստոս» անունը լսենք որպէս տիտղոս, կամ քրիստոնէական խեղաթիւրումին կեդրոնական կերպարին անունը: Երկու խօսք եւս պէտք է ըսել սակայն Antichrist բառին շուրջ, երկուքն ալ՝ Նիցչէի ֆրանսերէն լեզուով ընթերցումներուն հետ առնչուած: Ըսի որ ֆրանսերէն լեզուով այդ սարսափազդու վախճանաբանական կերպարին անունն է՝ l’Antéchrist: Այդ անունին հանդիպած էր Նիցչէ Էռնեստ Ռընանի եօթը հատորէ բաղկացած Histoire des origines du christianisme [Քրիստոնէութեան առաջին շրջանի պատմութիւն] ձեռնարկին մէջ, որուն չորրորդ հատորը L’Antéchrist վերնագիրը կը կրէր, իսկ առաջին հատորը հռչակաւոր Vie de Jésus [Յիսուսի կեանքը] կոչուածն էր: Ինչո՞ւ հռչակաւոր: Որովհետեւ այդ գիրքը ամենէն շատ կարդացուած գիրքերէն մէկը եղած է Եւրոպայի մէջ ԺԹ. դարու վերջին տասնամեակներուն (Պոլիս նստած մեր հայ մտաւորականները, որոնք բոլորն ալ՝ կատարեալ ֆրանսախօս էին ու ֆրանսական մշակոյթին իրադարձութիւններուն կը հետեւէին ուշի ուշով, եւ անոնց մէջ առաջին հերթին՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, զայն յափշտակութեամբ կարդացած են): Այդ գիրքը Նիցչէի տետրակներուն մէջ ո՛չ միայն երկար նօթագրումներու արժանացած էր, այլեւ՝ իր Դերաքրիստոսը պարսաւագիրին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ան, որպէս հակապատկեր: Բնական է ուրեմն որ Նիցչէ զայն գործածէր որպէս թիրախ երբ պահը պիտի գար Յիսուսի պատմականութեան շուրջ վիճարկելու եւ մանաւանդ՝ «Փրկիչ»ի տիպարը ուրուագծելու:

Պատմութեան ենթական

Ինչո՞ւ դժուար է Նիցչէի մասին գրել, ու գրելէ առաջ՝ զինք իր — ու մեր — աշ­խար­հին մէջ տե­ղաւորել, մօտեցումի ճիշդ անկիւնը գտնել։ Նախ եւ առաջ՝ որովհետեւ Նիցչէն մեր ժամանակակիցը չէ՛։ Մեր տարածքին չի՛ պատկանիր։ Իր մտածո­ղու­թիւ­նը կը դի­մա­դրէ պատմականացումի փորձերուն, չի հպատակիր կարծէք՝ պատ­մա­կան ճշմարտու­թեան։ Ի՞նչ պէտք է ընել ուրեմն։ Զինքը կարդալ որպէս փիլիսոփա՞յ, վե­րակազմել իր մտածողութեան հան­գրուաննե՞րը։ Թէ՞ արդեօք արկածախնդրութիւն մը նկարագրել, ողբերգական տեսակէն, Ժորժ Բատայլի յորջորջումով՝ “ներքին փորձ­ընկալում”ի քայ­լերը պատմել։ Մեր ժամանակա­կիցը չէ՛, ըսի։ Քրիս­տոնէ­ու­թեան դէմ իր մղած մահացու կռիւը նոյքան օտարոտի է, որքան՝ “ար­դի գաղա­փարներ”ուն նկատմամբ իր հակա­կրու­թիւնը։ Իր հռչա­կած “Աստու­ծոյ մահ”ը նոյնքան այլա­յլու­թիւն եւ անհասկացողութիւն կը պատ­ճառէ, որքան՝ ժողովրդավարութեան հանդէպ իր սնուցած կասկածանքը եւ նուի­րա­պե­տական հասարակութեան մը ի նպաստ իր ջա­տա­գովականները։ Եւ քանի որ մեր ժա­մա­նակակիցը չէ ո՛չ մէկ ձե­ւով, քանի որ իր ձայ­նը չի յարմարիր մեր մտա­ծումի ստո­րո­գութիւններուն, քանի որ մեր ական­ջը պա­տ­րաստ չէ զայն ընկա­լե­լու, ստիպ­ուած ենք զինքը թարգմա­նե­լու, մեր բա­ռե­­րուն մէջ մտցնելու իր ըսած­ները։ Տար­օրինակ փոր­ձա­ռու­թիւն մըն է, զոր չեմ ու­նեցած — այո, ես՝ ստո­րա­գրեալս չեմ ունեցած — ուրիշ որեւէ հե­ղինակի հետ։

Մեր բառերով ըսուած ուրեմն՝ երկու բան հետապնդած է Նիցչէն, անդադար, եր­կու գլխաւոր մտահոգութիւն ունեցած է, ու վերջին տարիներուն՝ զգալիօրէն աւե­լի շեշտ­ուած կերպով։ Առա­­ջինը այն է, որ քրիստոնէութեան պատմութեան կը պատկանինք։ Մեր ձեւն է, պատ­մական էակներ ըլլալու։ Եւ ահաւասիկ հար­ցու­մը, որ հետզհետէ աւելի սուր կերպով Նիցչէին առջեւ ցցուած է, անյաղթահարելի հարցում, մտա­սե­ւե­ռում դար­ձած հարցում, մինչեւ վերջին հետեւանքները. ինչ­պէ՞ս ազատիլ քրիստոնէ­ու­թե­նէն եթէ չդադրինք պատմական էակներ ըլլալէ, եթէ միեւնոյն ատեն չազա­տինք պատմու­թե­նէն։ Բայց մարդ ինչպէ՞ս կ՚ազատի պատ­մութենէն։ Քրիստո­նէ­ութիւնը գլխի­վայր ընել, այո՛, այդ էր Նիցչէին նպա­տակը։ Բայց իր գիտակից գոր­ծունէու­թեան վեր­ջին տա­րին՝ դանդաղ ու դժնդակ կեր­պով յստակ դարձած է իր աչքին, որ այդ նպատակին պիտի չհասնէր երբեք եթէ պատ­մութի՛ւնը գլխաիվայր չընէր։ Եւ այդ մէկը այլեւս փի­լի­սոփայական հարց մը չէր, թեր ու դէմ գաղափար­ներ յայտ­նելու խնդիր մը չէր, մին­չեւ իսկ մտային աշ­խարհ մը — լման արեւմտեան մտային աշ­խար­հը — արմա­տա­կան քննադա­տու­թեան մը ենթարկելու հարցը չէր։ Քննա­դատելը բաւարար չէր։ Կատարել պէտք էր։ “Ուժանիւթ”ի վերածուիլ պէտք էր (Նից­չէին գոր­ծածած բառն է)։ Բայց “ու­ժա­նիւթ”ի վերածուիլ կը նշանակէր սե­փա­կան կեանքը աղէ­տի ենթարկել։ Ահա­ւա­սիկ արկածախնդրութիւնը։ Ահա­ւա­սիկ ներքին փորձընկա­լու­մը։ Ա՛յդ է որ կ՚ուզեմ բացա­տրել ներկայ վերջաբանով։

Իսկ Նիցչէին հետապնդած երկրորդ հարցը ո՞րն էր։ Կարճ բանաձեւումով ու պար­­տա­դրաբար Նիցչէին խօսքը եւ փորձառութիւնը ընկալելով մեր բառերուն մէջ՝ երկ­րորդ հարցը ինքնիշխանութեան եւ գերիշխանութեան հարցն էր։ Ուրիշ ձեւով ըսեմ, որ կար­ծեմ նախորդին համահաւասար է. արդի ինքնակայ-ենթա­կա­յին կազ­մաւո­րու­մը վեր­այ­ցելելու, եւ վերայցելելով՝ կրկին ան­գամ արեւմտեան աշ­խարհի պատմու­թիւնը նոր հու­նի մէջ մտցնելու անհրա­ժեշ­տու­թեան հարցն էր։ Ահա՛ կարճ բացա­տրու­թիւն մը։ Ո՞վ է ինքնակայ ենթական։ Այն մէկն է, զոր եւ­րո­պական լեզուներով (եւ հրաշք՝ նաեւ հա­յաստա­նեան հայերէնով) կը կոչեն “սու­պյեկտ”ը։ Ինչո՞ւ են­թա­կայ է։ Որով­հետեւ կ՚են­թար­կուի։ Կ՚ենթարկուի օրէնքին։ Եւ ինչո՞ւ ինքնակայ է։ Որով­հետեւ կ՚են­թարկուի ի՛ր իսկ հռչակած օրէնքին։ Ուրեմն՝ նաեւ գերիշխան է եւ ինքնիշխան, եր­կու­քը միա­ժա­մա­նակ։ Եւրոպական լեզու­նե­րուն մէջ՝ “ենթակայ” բա­ռին այդ իմաս­տային շրջումը կա­տարուած է ԺԸ. դարու վերջաւորութեան, Ֆրան­սայի եւ Գեր­մա­նիոյ միջեւ երթու­դար­ձով մը, Ռու­սոյի եւ Կանտի միջամտութեամբ, կամ կատար­ուած է միս-մինակը եւ Ռու­սոն ու Կանդը այդ յեղաշրջումի հաւասարող շրջումը պար­զա­պէս արձանագրած են իրենց մտա­ծողութեան եւ իրենց գործերուն մէջ։

1939ին գրուած “Նիցչէի խելա­գա­րու­թիւնը” վերնագիրը կրող գրուածքի մը մէջ, Ժորժ Բատայլ Նիցչէի փորձա­ռութիւնը կը սահմանէր ինքնիշխանութեան ծիրէն ներս։ Կը գրէր հետեւեալը.

… Եթէ ճիշդ է որ մարդ պէտք է դառնայ ինքն իր օրէնք­նե­րուն զոհը, եթէ ճիշդ է, որ իր ճակա­տա­գի­րին իրա­գոր­ծու­մը իր անկումը կը պահանջէ — ու հետե­ւաբար եթէ խե­լա­գարու­թիւնը կամ մահը իր աչքին տօնակատութեան մը շքեղութիւնն ունի — կեանքի եւ ճակատագրի սէրն իսկ կը պահանջէ որ նախ եւ առաջ ինքն իր մէջ գոր­ծէ հեղի­նա­կութիւն ցուցաբերելու յան­ցա­գործութիւնը, զոր ետքը պիտի քաւէ անշուշտ։[1]

Խորքին մէջ՝ Բատայլ հոս կը մէջ­բերէր Զրադաշտի բեր­նով արտասա­ն­ուած Նից­չէին խօսքերը (Այսպէս խօսեցաւ Զրա­դաշտը, Բ. բաժին, “Վասն յաղթահար­ման” կոչուած գլուխին մէջ).

Ապրողը հետապնդեցի, անոր մեծագոյն ու փոքրագոյն ճանապարհներէն անցայ, որ­պէսզի ճամչնամ իր եղանակը։ (…)

Բայց հոն ուր գտայ ապրողը, լսեցի նաեւ հպատակութեան խօսքը։ Ինչ որ կ՚ապրի կը հնազանդի։

Եւ երկրորդ բան մըն ալ իմացայ. ո՛վ որ չի կրնար ինքն իրեն հնազանդիլ՝ կը հրամայուի։ Ա՛յդ է ապրողին եղանակը։

Բայց ահաւասիկ երրորդ իմացածս. որ հրամայելը աւելի դժուար է քան հնա­զան­դիլը։ Եւ ո՛չ միայն որովհետեւ հրամայողը բոլոր հնազանդողներուն ծան­րութիւնը կը կրէ, ու այդ բեռը կրնայ զինքը դիւրութեամբ ճզմել։—

Ամէն հրամանի մէջ տեսայ փորձութիւն մը ու վտանգ մը. ու միշտ երբ կը հրա­մա­յէ՝ ապրողը ինքզինք է որ կը վտանգէ։

Բայց ա՛լ աւելի երբ ինքն իրեն կը հրամայէ. այդ պարագային՝ իր հրամայելն ալ պէտք է քաւէ։ Պէտք է դառնայ ինքն իր օրէնքին դատաւորը, վրիժառուն եւ զո­հը։[2]

Այսպէս ուրեմն՝ ինքնակայ ենթակայութենէն անցանք ինքնիշխանութեան։ Ինք­նիշ­խան է ա՛ն, որ ինքն իրմէ կը քաղէ իր օրէնքը եւ իր հրամանը, ու կը հպա­տա­կի իր իսկ հռչա­կած օրէնքին եւ իր իսկ արտաբերած հրամանին։ Օրէնքը եւ հրա­մա­նը հոս կը զու­գա­դի­պին։ Այդ զուգադիպութեան հետեւանքով է, որ Զրադաշտի ֆրանսերէն թարգմանիչը 1903ին, հանճարեղ որոշումով մը, “expie son autorité” թարգմանած է, հոն ուր Նիցչէ կ՚ըսէր “es muss sein Befehlen büssen”, այսինքն՝ իր հրամայելը պէտք է քաւէ։ “Հրա­մայել”ը թարգմաներ է “autorité” եւ այդ ըրեր է ճիշդ հոն՝ ուր Նիցչէ կը խօսի ենթա­կա­յին կողմէ ենթակային ուղղուած հրամանի մը մասին։ Հոս Նիցչէին համար, ինչպէս իրմէ ետք՝ նոյն այս տո­ղերէն ներշնչուող ու զանոնք կրկնող Ժորժ Բա­տայլին համար, գրաւարկը եւ գրա­ւականը գերիշ­խա­նութիւն կամ ինքնիշխա­նու­­թիւնն է, որ կը պարու­նակէ ե՛ւ են­թա­կային կողմէ հռչակուած օրէնքն ու հրա­մանը, ե՛ւ ենթակային “զոհա­գոր­­ծում”ը, անոր կոր­ծա­նումի հնարաւորութիւնը։ ԺԸ. դարուն պատահած յեղա­փո­խու­թեամբ՝ ենթական ենթադրաբար միայն դարձած է ուրեմն ինք­նիշխան եւ գերիշխան, կամ դարձած է մէկն ու միւսը կեղծիքով, այսինքն գրա­ւե­լով դիրք մը որ իրեն համար նախա­սահ­ման­ուած չէր։ Այդ կեղծիքին արդիւնքը եղած է ի միջի այլոց Ռուսոյի մօտ՝ գերիշխան (կամ թերեւս նախընտրելի ըլլայ ըսել այլ­եւս “ինքնիշխան”) դարձող ժո­ղո­վուրդը, եւ անոր հետքերուն վրայ՝ եւրոպական ժո­ղո­վր­դա­վարութիւնը։ Ահաւասիկ ին­չո՛ւ Նիցչէ կ՚ատէր ժողո­վրդավարութիւնը, կ՚ա­տէր “արդի­ա­կան գաղափարները”, ֆրան­­սա­կան Յեղա­փո­խու­թեան արդիւնք­նե­րը, ու Ռուսոյին մօտ կատարուած յեղա­շր­ջումը իր փիլիսոփայու­թեան մէջ ար­ձա­նա­գրող Կանտը։

Ինչո՞ւ վերը ծայրէ ծայր վարանեցայ “գերիշխան”ին եւ “ինքնիշխան”ին միջեւ։ Որով­հետեւ եւրո­պական բառն է՝ souverain, sovereign, sovrano, souverän, այսինքն՝ մէկ բառ, մէկ յղացք, մէկ հասկացութիւն, հո՛ն ուր հայերէնը ունի երկու բառ, երկու հաս­կացութիւն, որոնք բացարձակապէս համարժէք չեն։ Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պատահած է այդ հրաշքը։ Պատահած է նոյնպէս ԺԸ. դարուն, այն վայրկեանէն սկսեալ երբ Ժան-Ժակ Ռու­սոն գործածած է souverain բառը նշելու համար “հասարակական պայմա­նա­գրու­թեան” կամ “հասարակական դաշինք”ին արդիւնքը։ Ա՛յն որ մինչեւ այդ պահը կը նկատ­ուէր գերիշխանին ենթական՝ յանկարծ ինքը կը դառնար գերիշխան։ Բայց քանի որ թա­գա­ւորի մը ենթական չէր այլեւս, այլ ինքն իր ենթական, այդ գերիշ­խա­նութիւնը ինք­ն­իշ­­խանութիւն էր։ Ռուսոյէն առաջ՝ souverain բառը երբեւիցէ այդ իմաստով չէր գոր­ծածուած։ Հայերէն լեզուն չէ արձանագրած անշուշտ այդ յե­ղա­շրջումը այն պա­հուն, երբ պատահած է։ Խորքին մէջ՝ “ինքնիշխանութիւն” բառը նո­րաբանութիւն մըն է հայե­րէնի մէջ։ Ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի թարգմանենք Ռուսոյին “souverain”ը երբ կը միջա­մտէ ան առաջին անգամ ըլլալով Հասարակական պայ­մանագրութիւնը գիրքին մէջ, երբ գիտենք որ Ռուսոյին կողմէ գործածութիւնն է, որ գերիշխանը կը վերածէ ինքնիշ­խա­նի։ Ահաւասիկ հատուածը, ուր բառը իր հին-նոր իմաստով կիրարկուած առաջին ան­գամ ըլլալով.

Նոյն պահուն, պայմա­նագրութեան մասնակցող ամէն մէկ մասնաւոր անձի փոխա­րէն, ընկերակցութեան այդ դա­­շինքը կ՚արտադրէ բարոյական եւ հաւաքական մար­մին մը, բաղկացած այնքան անդամներէ որքան ձայն ունի հա­ւաքոյթը, եւ սոյն հա­ւաքոյթը նոյն այդ դաշինքէն կը ստանայ իր միութիւնը, իր հասարակաց եսը, իր կեանքը եւ իր կամեցողութիւնը։ Այդ հանրային անձը, որ կազմուած է հի­մա միւս բոլոր անձերու միաւորումով, ատենօք կը կոչուէր քաղաք, ու այսօր կը ստանայ հան­րա­պետութիւն կամ քաղաքական մարմին անունները։ Իր անդամները զայն կը կոչեն պետութիւն երբ կրաւորական է, գերիշխանինքնիշխան (souverain) երբ ներ­գործօն է, զօրութիւն երբ զայն համեմատենք իր նմաններուն։ Ինչ կը վերա­բերի ընկերակից­ներուն, անոնք հաւա­քա­պէս կը ստանան ժողո­վուրդ անունը, կը կոչուին ի մասնա­ւո­րի քա­ղա­քացի որպէս գեր­իշ­խան ուժին մասնակիցները, հպա­տակ որպէս պետութեան օրէնք­ներուն են­թար­կուած։ Բայց այդ եզրերը յաճախ կը շփոթուին մէկը միւսին հետ։ Կը բաւէ որ գիտ­նանք զանոնք զատորոշել երբ գոր­ծածուած են իրենց լման ճշգրտու­թեամբ։[3]

Կը կրկնեմ ուրեմն. այդ վայրկեանէն սկսեալ երբ souverain բառը կը գործածուի դա­շինքով միաւորուած ժողովուրդին իշխանութիւնը ըսելու համար, կը ստանայ “ինք­նիշ­խան”ի իմաստը։ Այսնպէս որ ըստ էութեան՝ անկարելի է այդտեղ թարգ­մա­նութիւն մը ընտրել։ Եթէ “ինքնիշխան” ըսեմ այդ պահուն՝ կորսնցուցած կ՚ըլլամ Ռուսոյին դիտա­ւորութիւնը, որ մէկ բառով՝ ցուցաբերել է թագաւորին, ուրեմն գեր­իշխանին պաշտօնը։

Այսքանը բաւական է, կարծեմ, առաջին մօտեցումով ընդգծելու համար թէ ո՛ւր կը գտնուի Նիցչէի թիրախը, երբ այդքան բուռն կերպով կը հակառակի Ռուսո­յին։ Որով­հետեւ այո՝ Նիցչէն յարձա­կո­ղական կեր­պով, յաճախանքի վերածուած ատե­լու­թեամբ, հակա-ժողովր­դավարական էր, այսինքն՝ հակա-ռուսոյական։ Բայց հակա-ժողովրդա­վարական էր յանուն ինք­նիշխա­նու­թեան։ Եւ այստեղ բառը յանկարծ կը գործածեմ Ժորժ Բա­տայլին տուած իմաստով՝ Ժոժ Բատայլի souveraineté-ին իմաս­տով։ Նից­չէին ինչ­պէս իր հետքերուն վրայ քալող Բատայլին համար՝ գերիշխան-ինք­նիշխա­նու­թիւն չկայ այն­քան ատեն որ հրաման-օրէնք հռչա­կողը եւ ինքն իր հրա­մա­նին-օրէնքին հպատակողը իր էութիւնը նժարին վրայ չի դներ, չի քաւեր իր կրկնակի արարքը, եւ այդ արարքով՝ ինքն իր զոհը չի դառնար։ Նիցչէին մտասեւեռումը եղած է ուրեմն Ռուսո­յով ծնած “ինքիշխանութիւն”ը ազատագրել իր ռուսոյական ոլոր­տէն։ Դժուար գործո­ղութիւն, ի հարկէ, որ մեր կողմէ պիտի պահանջէ նորանոր բա­նաձեւումներ[4]։

Ուրեմն ահաւասիկ Նիցչէի մօտ երկու հիմնական կեցուածքներ, որոնք իրապէս բնազ­դային կեցուածքներ են, արտայայտուելէ առաջ գաղափարային ոլորտին մէջ։ Առա­ջինը իր հակա-քրիստոնէութիւնն է։ Երկրորդը՝ իր հակա-ժողովրդավա­րու­թիւ­նը։ Հա­կա-ժողովրդավարութիւն յանուն ինքնիշխանութեան։ Իսկ առաջինը, յա­նուն ինչի՞։ Հար­ցումը պիտի ղեկավարէ որպէս վերջա­բան հրամցուած ներկայ աշխա­տ­ասի­րու­թիւ­նը։

Poster_Layout 1


[1] Georges Bataille, Oeuvres Complètes, հատոր 1, էջ 548-549։ Այս մասին տե՛ս իմ Պատկեր, պատում, պատմութիւն գիրքին առաջին հատորը՝ “Փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը”, էջ 331։

[2] KSA 4, էջ 147։ ԱԽԶ, էջ 194։ Ժորժ Բատայլ Նիցչէի Զրադաշտը կը կարդար Հանրի Ալ­բե­րի (Henri Albert) թարգմանութեամբ։ Տե՛ս Oeuvres Complètes de Nietzsche, հատոր 9, 1903, էջ 161, ուր մէջբերուած հատուածի վերջին տողերուն ֆրանսերէնը հետեւեալ ձեւով կը հնչէ. “Et quand ce qui est vivant se commande à soi-même, il faut que ce qui est vivant expie son autorité et soit juge, vengeur, et victime de ses propres lois.” Մինչդեռ գերմաներէնը կ՚ըսէ պարզապէս՝ “Ja noch, wenn es sich selber befiehlt: auch da noch muss es sein Befehlen büssen. Seinem eignen Ge­­setze muss es Richter und Rächer und Opfer werden”։ Ֆրանսացի թարգմանիչը “ինքն իր օրէնքին”ը դար­ձուցեր է յոգնակի, գրեր է՝ “ինքն իր օրէնքներուն”, բայց մանաւանդ “հրամայելը” դար­ձու­ցեր է “son au­torité”, այսինքն՝ “իր հեղինակութիւնը”, պարզապէս որովհետեւ բայական Befehlenի համար ուրիշ յարմար հա­մա­պա­տասխան չէ գտեր։ Ինչ որ կը բացատրէ Բատայլին նախա­դա­սութիւնը. “S’il est vrai qu’il doit devenir la victime de ses propres lois (…) l’amour même de la vie et du destin veut qu’il commette d’abord en lui-même le crime d’autorité qu’il expiera”։ Պատկեր, պատում, պատ­մութիւն գիրքիս Բա­տայլին նուիրուած փորձա­գրութեան մէջ, թարգմաներ էի՝ “հեղինակութիւն հռչակուելու յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը”, որ սխալ էր։ Հարցը ինքնիշխանութիւնն է, ինքն իրեն հրա­մա­յելն է։ Ուրեմն պէտք է ըլլայ “հե­ղի­նա­կութիւն ցուցաբերելու յանցագործութիւնը”։ Գիտենք որ Բատայլ նոյն բա­ռե­րով պիտի ար­տա­յայ­տուէր չորս տարի վեր­ջը, 1943ին, Ներքին փորձընկալումը գիրքին մէջ, այս ան­գամ խօսքը եւ գա­ղա­փարը իր բա­րե­կամին՝ Բլանշոյին վերագրելով։ Այդտեղ autorité բառը կը գործածուէր փորձըն­կալումին մա­սին։ Ինքն իր հեղինակութիւնն էր։ Ո՛չ ոքէ, ո՛չ մէկ աստուծմէ, ո՛չ մէկ աւանդութենէ կը քաղէր իր իրա­ւասութիւնը։

[3] Jean-Jacques Rousseau, Le Contrat social, Ա. մաս, 6րդ գլուխի վերջաւորութեան։ Ի դէպ՝ կայ Ժան-Ժակ Ռուսոյի Le Contrat social գիրքին հայերէն թարգմանութիւն մը, 2000 թուականին Երե­ւանի մէջ լոյս տեսած, “Հասարակական դաշինքի մասին” վերնագրով, թարգ­մանիչ՝ Աշօտ Բլբուլեան (այդ գիրքին հետ ծանօթացումս կը պարտիմ Նարէ Արիստին)։ Դժբախ­տաբար՝ վստա­հելի թարգմանութիւն մը չէ։ Բայց վստահելի չըլլալէն ան­դին, խափուսիկ է։ Կը հաւատայ ու կը հաւատացնէ որ բառերը միանշանակ են, որ լեզուները ժամանակակից են։ Օրի­նակ երբ Ռուսոյի souverain բառը կը թարգ­մա­նէ “սուվերեն”, այսինքն չի թարգմաներ, ու ան­կա­րելի կը դարձնէ հարցականի ենթարկել “սուվերեն” բառին պատմութիւնը եւ բազ­մի­մաս­տու­թիւնը եւրո­պա­կան լե­զուներուն մէջ։

[4] “Ինքնիշխանութիւն”ը փրկելու այս հարցին պիտի վերադառնամ հոս նախ ներկայ գլուխին ընթացքին, այս անգամ՝ ուղղակի Նիցչէի մօտ “ժողովրդի ինքնիշխանութիւն”ը արտա­յայ­տութեան քննադատութիւնը կարդալով, յետոյ երրորդ գլու­խի վերջաւորութեան, “Վասն ինք­ն­իշ­խանութեան” վերնագրուած պարբերութեան մէջ։

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.