10 տարի առաջ երբ այս փորձագրութեան ձեռնարկեցի, միեւնոյն ատեն մի քանի նպատակներ ունէի մտքիս մէջ։ Առաջինը, մoտ քառորդ դար առաջ սկսած եւ կիսատ մնացած մենախօսութիւն մը, «Յառաջ»ի էջերուն մէջ, դարձեալ հանրութեան յանձնել եւ այդ որպէս մեկնակէ՝ խօսակցութեան վերածել ու զարգացնել։ Ի վերջոյ Արդիական կոչուածը առնուազն երկու հարիւր յիսուն տարուան անցեալ մը ունի, այն ատենէն երբ կերպարարուեստը եկեղեցւոյ լուծէն ինքզինք ազատագրեց, եւ իր` վերլուծական, քննարկման ու քննադատական աշխարհը ստեղծեց, բան մը` որ տակաւին իր լիիրաւ տեղին չէ արժանացած, ըլլայ հայ սփիւռքի տարածքին, ըլլայ` Հայաստանեան իրականութենէն ներս։ Երկրորդը՝ առիթ մըն էր բաղդատական մը ընելու փառատօն ըսուածի հասկացողութիւններուն։ Երրորդը՝ բոլորովին անձնական փափաք մը փորձել իրականացնել «Յառաջ»ի մէջ հրատարակուելը։
Երրորդը պիտի չըլլար։ Այդ տարին էր որ «Յառաջ»ը որոշեց դռները ընդմիշտ փակել։ 2012-ին «Բագին» պարբերաթերթի յիսնամեայ բացառիկ թիւի հրատարակութեան առիթով հրաւէր մը ստացայ, ընդառաջեցի քաջ գիտնալով որ որեւէ անդրադարձ պիտի չունենայ։
2017-ին սակայն պէտք էր ետ մէջտեղ հանէի։ Նախ Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան»ին LGBTQ-ի հանդէպ ցուցադրած ամօթալի կեցուածքէն դրդուած, ու երկրորդ Թորոնթոյի Նուռ Փառատoնին արուեստի ու քննարկման տարազումներէ բոլորովին անտեղեակ, անմեղսունակ պիտի ըսէր Գրիգոր Պըլտեանը, հսկայ կամ հերոս ունենալու ախտաճանաչային փափաքէն։
Հրայր Անմահունի
Այս անգամ, երեք ու կէս տարի ետք միայն, աշխատանոցի պահարանիս մէջ թխմուած թուղթերս դասաւորելու կարգը եկաւ։ Փոխադրուելէս առաջ, ցարդ կուտակուածներէն մաս մը վերամշակման ագոյցին մէջ ղրկած էի՝ շրջապտոյտի։ Պահածներս սակայն չեմ մոռցած. վեր ի վարոյ կը յիշեմ ինչ ունիմ-չունիմ, որոնք քանակով այդքան ալ շատ չեն։ Խզումէն՝ Լիբանանէն մեր փախուստէն ի վեր, քաղաքէ քաղաք, տունէ տուն բաւական փոխադրուած ենք եւ բնակարաններու տարածքին համեմատ անոնք կամ ընդլայնած են, կամ կծկուած։ Երբեմն՝ կեանքի, գործի, մտքի հանգրուաններէն օրինակներ վերցնելով, երբեմն այդ հանգրուաններէն անկախ։
Իսկ այս օրերուն, իրը, շօշափելին պահելը իր առանձին արժեւորումը ունի, իր տեղը, երբ մեծ մասը կրնաս «կայ ու չկայ», «այո ոչեր»ու վերածելով՝ համակարգչային շտեմարանի մը մէկ տարբերակին մէջ պարփակել, կամ ալ, եթէ վստահիս, տեղաւորել համացանցային ամպի մը մէջ ցրուած՝ մէկ երկու քլիք անդին։
Այս մէկը սակայն պահած եմ. խորագիրը՝ «Հայկական համաստեղութիւն», անմիջապէս տեղի պիտի չտար պարունակութեան եւ հեղինակին անունը ծալլուածքին տակ պահուած ըլլալուն, հապճեպ նայուածքի մը ուշադրութեան պիտի չարժանանար։ Ճակատին բոցավառ «Յառաջ»ը կ՚երեւէր, եւ շատ հաւանաբար այդ էր պատճառը որ պահած էի։ «Յառաջ»ները միշտ պահած եմ։ Տակը, մուգ կարմիր թանաքով մը, ենթախորագիրը՝ «Միտք եւ Արուեստ»։ Կիրակի, Մայիս 10-ը, 1987։ Թուղթը ասիտէն դեղնած է այլեւս, բայց ոչ փտելու աստիճան փխրուն դարձած։
Վստահ ալ չեմ ուրկէ ձեռքս անցած էր։ «Յառաջ»ին չէի բաժանորդագրուած. որեւէ թերթի չեմ բաժանորդագրուած, մանաւանդ այդ տարիներուն։ Գրեթէ նորեկ՝ Միացեալ Նահանգներուն, մեր վաստկած ամէն մէկ սենթը հաշիւով պէտք էր ծախսէինք, բայց պէտք էր նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգային Մշակութային Միութեան «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան քարտուղարը ըլլայի, որովհետեւ ատենագրութիւնները հայերէնով կրնայի գրի առնել, եւ որովհետեւ պէ(՞)տք էր զոհողութիւն ընել։ Վերջին անգամ որպէս ինքզինք պաշտօնականացուցած կազամկերպութեան անդամակցած ըլլամ։
Վահէ Օշական նոյնպէս վարչութեան մաս կը կազմէր։ Այդ տարիներուն ֆիլմի փառատօնի մը ծրագիրը ներկայացուցած էի վարչութեան ու անտարբերութեան առջեւ գտնուելով՝ ոչ այսքան ծանօթ (ինծի համար տակաւին այդպէս մնացած) Ատոմ Էգոյեանի մը հետ նամակցած էի ու իրմէ խնդրած ֆիլմագրութիւն ու կարգ մը կենսագրական գիծեր, որպէսզի վարչութեան մնացեալ անդամները՝ ճանաչման ու համբաւի ճամբուն վրայ, երիտասարդ հայ արուեստագէտ մը քաջալերած ըլլալնուն հմայքով հրապուրեմ։ Սպասածէս աւելի ծաւալուն պահարան մը ստացած էի Ատոմէն եւ որպէս խանդավառութիւն մեկնաբանած։ Աւելի՛ն. համեցող վարչութեան համեցող անտարբերութեան դիմաց՝ ստիպուած էի անձնական նամակով իրմէ ներողամտութիւն խնդրել։ «Յառաջ»ին այս օրինակը նոյն ծրարին հետ պահուած էր, ուստի կ՚ուզեմ ենթադրել որ Վահէինն էր։
Բայց ինչո՞ւ ինծի տուած պիտի ըլլար։ Օրինա՞կ ծառայելու, ուղղութի՞ւն տալու, նախընթացի՞ մը համար, այդպիսի ծրագրի մը ծաւալի՞ն ու տարողութեա՞ն անդրադարձնելու։ Պարունա՞կ մը ստեղծելու։ Վհատեցնելո՞ւ։Չեմ յիշեր։ Բայց Վահէն յաճախ կ՚աշխատէր խօսակցութեան ծիրն ու սահմանները հրմշտկել, ընդլայնել։
Առաջնորդող գրութիւնը Գրիգոր Պըլտեանինն է(ր), եւ նիւթը այդ տարուան Ապրիլին, Հայ լսատեսողական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ՝ Փարիզի մէջ կայացած հայկական ֆիլմերու փառատօնին քննարկումը։ Չեմ գիտեր եթէ վերջինն էր իր տեսակին մէջ։ Սկսայ կարդալ. աւելի ճիշդը՝ բառ մը, խօսք մը փնտռել, մտքի մը հանդիպիլ, որ զայն կարդացած ըլլալս յիշեցնէ։ Տեսակէտ մը գտնել, որ օրին կրնայի ընդունած կամ մերժած ըլլալ, բայց ամէն տողի հետ դէմ յանդիման էի հայերէնով ընթերցողին յանձնուած Պըլտեանի կերպարուեստի քննարկման մօտեցումներուն, որոնցմէ բաժին մը պիտի արտատպեմ, նախ՝ անգամ մը եւս հանրային ոլորտին յանձնած ըլլալու նպատակով, ձեւով մը միտքերու վերամաշկան ագոյցին, երկրորդ՝ յետադարձ ակնարկ մը նետելով ընդլայնելու տեսանկիւնէ մը, որ այդ ժամանակ պիտի չկարենայի ընել։ Վերջապէս ու մանաւանդ հարցնելու թէ ինչո՞ւ հանրութեան յանձնուած այդ մօտեցումը տակաւին հանրային չէ դարձած, ու մանաւանդ հայերէնով՝ կերպարուեստը առհասարակ գնահատականներու ու հպարտութիւններու գաւառներէն ասդին չէ կրցած անցնիլ ու քննարկման ու վերլուծումի աշխարհները թափանցել։
Հոս պիտի ցատկեմ 2003 թուական, Սան Ֆրանսիսքօ, որովհետեւ վերջին փոխադրութիւննիս Լոս Անճելոս էր։ Դասախօսութեան մը առթիւ Նիւ Եորքէն ժամանած Փրոֆ. Անահիտ Քասապեանին ու երաժշտագէտ Դէա Ֆարհատեանին ծանօթացայ։ 2002-ին անոնք գրեթէ անձնական ջանքերով եւ լիբանանցի անհատէ մը յատկացուած փոքր գումարով մը Նիւ Եորքի մէջ հայ ֆիլմի փառատօն մը յաջողցուցած էին եւ կ՚ուզէին գիտնալ եթէ Սան Ֆրանսիսքոն ալ նման ձեռնարկի մը պատրա՞ստ էր։ Եւ է՛ր։ Ես սակայն վերապահութիւններ ունէի։ Երկար ատեն հեռացած էի պարզեցուած ազգագրականներէն, որոնց մէջ նաեւ պաշտօնապէս ընդունուած ու վերերէն վաւերացուած հայկականէ մը, բայց տակաւին կապս պահած ու օր մը վերադրաձած լեզուին։ Վերապահ եմ նաեւ տիրապետել փորձող մշակոյթներու արժեւորումներէն, այս պարագային՝ ամերիկա-արեւմտեանի ընդունման ծիրերէն։ Մտահոգ նաեւ՝ փոխադարձ օրեանթալիզմի ու ինքնա-օրեանթալիզմի ծուղակներէն։
Գործս լսատեսողութեան ու կերպարուեստի հետ է, իսկ Սան Ֆրանսիսքոն, հակառակ Գալիֆորնիոյ մէջ ըլլալուն, միշտ կասկածով, պատշաճ քմծիծաղով, շատ անգամ շփացած ինքնահաւանութեամբ, բայց մանաւանդ քննա(դատա)կան աչքով կը նայի իրմէ քիչ մը հարաւ, լայնքին երկայնքին տարածուած Լոս Անճէլոսէն սփռուածին։ Eadward Muybridge-ի շարժանկարի առաջին փորձերը քաղաքէն քանի մը մղոն հարաւը Palo Alto-ի մէջ տեղի ունեցած էին, այլեւս նշանաւոր դարձած հետաքրքրութիւն մը փաստելու նպատակով։ Առասպելը կ՚ըսէ նաեւ դրամական կոկիկ գրաւի մը հեռանկարին մասին (այդպիսի առասպելներու կ՚ուզեմ հաւատալ, զանոնք կը նախընտրեմ վեհացած բիւրեղացածներէն, որոնցմէ նոյնիսկ կը վախնամ)։ Փորձարական ֆիլմը հոն իր իւրայատուկ տեղը ու պատմութիւնը ունի, San Francisco Art Institute-ը Միացեալ նահանգներու Փորձառական ֆիլմի առաջին դասընթացքներէն մէկը հաստատած ըլլալուն, ու տիտղոս պարգեւած (BFA եւ MFA)։ Իսկ քաղաքը նման ծրագիրներու եւ կազմակերպութիւններու միշտ տեղ տուած է ու քաջալերած, սկսելով San Francisco Museum of Modern Art-ի՝ 1947-ի Art in Cinema ծրագրէն։
Յղացքային ու տեսաերիզային արուեստը նոյնպէս իրենց իւրայատուկ ոճերը զարգացուցած են հոն, զանազանուելով արեւելեան ափի տարբերակներէն նուազ գոյութենական անձկութիւններէ տառապող, տառապեցնող, տարբեր ապաստուածութեամբ, լաւատեսութեամբ ու հաճոյքներու հրճուանքներու սահմաններով, նուազ զրկանքներով, տարբեր մտահոգութիւններով ու լուծումներով, գրկաբաց, տարբեր մերկութեամբ, առանց ինքզինք մասնաւոր լուրջի առնելու, ծանր ծախելու, աշխարհի ու մարդկութեան բեռը ուսին առած ըլլալու խոժոռ նայուածքին յարած։ Առանց անցեալէ մը ժառանգուած փառքերուն բեռնաւորումներու ու կաշկանդումներու։
Հետաքրքրական պիտի ըլլար այդ միջավայրին մէջ ոչ միայն հայկականի մը պատմականին կառչածը քննարկել, այլ նաեւ զանազան ալիքներով տարբեր աշխարհագրութիւններէ, կլիմաներէ, քաղաքական պայմաններէ ու անցեալներէ, հաւաքական թէ անձնական վերքերէ, ներքին ու արտաքին պաղ պատերազմներէ, պատմութիւններէ, օրէնքներէ ու պետութիւններէ հաւաքուելով
հոն հաստատուած գաղութին ու քաղաքին միջեւ կապ մը ստեղծել։ Բայց նաեւ ներքին թէ արտաքին տիրապետող արժեւորումները լուսարձակի տակ դնել։
Բայց ինչո՞ւ այս երկար շեղում շրջագայումը։
«Երեւանեան դպրոցի գործերուն մեծ մասը իրապաշտութեան կամ ազգային թեմաներու պատկերացում մը կը կիրարկէ եւ կը կազմէ գրեթէ հակոտնեայ բեւեռը Ա. Փելեշեանի եւ Փարաճանովի արտադրութեան, որոնք բոլորովին տարբեր մոլորակային աւելի «փորձարական» ու խնդրահարոյց»։
Նախ՝ երեւանեան դպրոցը։ Գ. Պըլտեան հոս անուններ չի տար, բայց թէ՛ ընդհանրացումը եւ թէ՛ անոնց՝ Ա. Փելեշեանին ու Փարաճանովին հակոտնեայ բեւեռը նկատելը կրնան ենթադրել այդ դպրոցին յարաբերաբար ժխտական գնահատումը։ Երկրորդ ու բայց աւելի կարեւոր՝ հոն աչքիս զարկածը չակերտուած ու առկախ մնացած փորձարականն է, խնդրահարոյցը՝ որ յօդուածը չէ շարունակած հետապնդել ու այդ հաստատումով, այս պարագային գնահատականո՞վ, բաւականացած անցած է պատմողականներու վերլուծականին, մանաւանդ անդրադառնալու Բագրատ Յովաննիսեանի արտադրութիւններուն։
Շարժուն պատկերին ու թատրերգութեան զուգաւորումը թեպէտ անխուսափելի էր, բայց ոչ անպայման, ոչ իսկ վերջնական։
Փորձառականը ունի առնուազն հարիւրամեայ պատմութիւն George Meliès ու մանաւանդ Marcel Duchamp-ի Cinema Anemique-ը, իր զանազան դպրոցներով, շրջանային քաղաքական տնտեսական մշակութային ու լեզուական աշխարհագրական պատմական ազդեցութիւններով, անոնց մրցակիցներով ու համակիրներով։ Քայլ պահած է կերպարուեստի ժամանակակից իր բոլոր շարժումներուն հետ, երբեմն առաջնորդած է երբեմն հետեւած։ Քաղաքականն ու ընկերայինը հարցաքննած, սեռականութեան ու սեռերու քաղաքականութեան հարցերը արծարծած։ Պատկերի ու ձայնի յարաբերութիւնները լսած, այդ երկուքին համաժամականը քակտած, լսելու ու տեսնելու կենսաբանականը պրպրտած ու անոնց սահմանները հրմշտկած, գոյնի երանգի ձեւի զգայարանքայինին, մութն ու լոյսին ֆիզիքականին անդրադարձուցած, ժամանակի ծաւալին ու խորանարդին, տեւողութիւնը պատմողականէն բաժնած, երաժշտութիւնը՝ մթնոլորտէն, պատմութիւնը՝ պատմելէն, շարունակականութեան խաբկանքին անդրադարձուցած, գրուածին ու բեմադրուածին, բեմադրուածին ու նկարահանուածին, խմբագրուածին, խօսքը խօսակցութենէն, դերասանը՝ ֆիլմէն, վաւերագրականը տարբաղադրած, ցուցարձակին ու պաստառին միջեւ կապի յարաբերութիւնը քննարկած, պատկերի ու ձայնի արձանագրութիւնը, թէքնոլոժիին ֆէթիշիսիզմը մերժած։ Պատկեր ըսուածը վերատեսութեան ենթարկած, ձայնը զեղջած, շարժումը ինքն իր ձայնէն բաժնած։ Լսելն ու տեսնելը, տեսնելն ու դիտելը զանազանած։ Դիտամոլութեան (դիտապաշտութեա՞ն) նայուածքը բացայայտած։ Նայուածքը դիտած։
Այդ տողերը գրուած տարին, 1987-ին, փորձառականն ալ այդ տասնամեան տիրապետող կառուցականը կը փորձէր վանել։ Նոր սերունդ մը ընբոստանալով այլեւս քաղաքավարութիւն- մաղաքավարութիւն մէկ կողմ դրած, անձնապէս կ՚անարգէր նաեւ զայն կիրարկողները, տիրապետողը՝ ապակառուցելու, հաւաքականը՝ անձնականէն վերարժեւորելու, անհատականը դարձնելու վաւերական մեկնակէտ։ Արուեստի պատմութիւնն ալ արեւմտակեդրոն գաղութարարութենէն ազատագելու։ Տարիներով Clement Greenberg-եան Kitsch-ի եւ the Avant Guard-ի, կեղծ ընտրութեան միջեւ սկսած էր, գրեթէ որպէս հակազդեցութիւն դէպի Kitsch երթալ, Velvet Elvis-ին, ժողովրդայինին, այդ օրերուն ոչ միայն որպէս հակազդեցութիւն այլ նաեւ կարեւոր հանգրուան մը յետ-արդիականացման ճամբուն, «բարձր» ու «ցած» արուեստներու գնահատականները վերարժեւորելով։ Derrida-ին ձայնը սկսած էր լսուիլ, յետկառուցականութիւնն ու երրորդ ալիքի Ֆէմինիզմը սկսած էին տեղերնին պահանջել։ Վերջին տաքարիւն մանիֆէսթոները հրապարակուած էին ու վերջապէս ֆորմաթով միասին հանգստեան կոչուած։
Մի քանի հանդիպումէ ետք,Անահիտին եւ Դէային հետ եղած խօսակցութիւնները սկսած էին ձեւ առնել եւ մօտեցումները յստականալ։ Վստահ չէինք եթէ բաւարար գործ կար, եւ եթէ կար՝ միջոցը ինքն իր ներկան կ՚ապրէ՞ր, սերունդին անձկութիւններն ու յուզումները կ՚արտայայտէ՞ր։ Ընդունուածէն, վարպետներէն ու վարպետութենէն անդին բան մը կը փնտռէ՞ր։ Վերապրա՞ծ էր զանոնք։ Տակաւին պարտական կը զգա՞ր զոհերուն համար նոր զոհողութիւններ մատուցելու։
Եւ կա՛ր, զարմանալիօրէն կա՛ր։ Տարիներով կուտակուած հաւաքածոյ մը կար, ընդգրկելով նոր երեւանեան մը, մոսկովեան, ֆրանսական, գերմանական, ամերիկեան, գանատական, աւստրալիական, լիբանանեան։ Կարելի էր զանոնք մէկտեղուած հրամցնել, տեսողականի նոր խօսակցութիւն մը սկսիլ, նիւթը զարգացնել, գեղագիտական, արժէքներու ծագումներուն ու ընտրութիւններուն, քաղաքական, պատմական, աշխարհագրական ընկերատնտեսական պայմաններէն ուսումնասիրել։ Բաղդադատականի ու քննարկման եզրեր գտնել, գրել, ակադեմական կամ հրապարակագրային հրատարակութիւններ ընել։
«Հայ» արուեստի մը հետ միայն եօթը պորտ հեռուէն կապ ունեցող, շատ վաւերական արուեստագէտներու գործերուն մուտքը փառատօնէն ունի անկասկած գրգռիչ բնոյթ, բայց կը մնայ անբաւարար, քանի որ չէ եղած մտածումի աշխատանքը», կ՚ըսէ Գ. Պըլտեան։
Գրեթէ սերունդ մը անցած է այդ տողերու հրատարակումէն ու նորը՝ լեզուին ու մշակոյթին պատմութեան նոյնքան անծանօթ է, եթէ ոչ աւելի, ու տակաւին այդ մտածելու վերլուծելու աշխատանքին լիովին չէ ձեռնարկած, նոյնիսկ երբ ան ընկալած է արդի յղացքներն ու տարազումները։ Հայերէնին տիրապետելու սահմանափակումներու պատճառով դժուար թէ հասկնայ մշակոյթին ներքին խօսակցութիւնները նուաճումներն ու ձախողութիւնները։
«Փառատօնը համայնապտկերն էր հայ մշակոյթ կոչուելիք կազմածի խայտաբղէտ, քիչ մը անհոգ այլազանութեան, ինչ կը վերաբերի պատկերային կալուածին։ Սփիւռքի նոր ու նորագոյն, հազուագիւտ բեմագիրներէն մինչեւ Երեւանի Հայ Ֆիլմի մասնագէտները, միջազգային ֆիլմի շուկայի քանի մը մեծանուն արտադրողներէն մինչեւ սիրողային– նկարագրի մարդիկ տեղ գտած էին, գրեթէ հաւասար իրաւունքով։ Անուններ չեմ տար։ Չեմ ալ մոռնար, որ որոշ մեծահամբաւ, արտասահմանեան վարպետներու գործերուն»:
Աւելի ետք, Գ. Պըլտեան կը յիշեցնէ. «Փառատօնը հրաւէրներ են հանդիսատեսին, որ կորսնցնէ գլուխ գործոցի անմեղունակ գաղափարը։ Կա՛մ ներկայացուած գործերը բոլորն ալ զտարիւն գլուխ–գործոցներ են, կամ ալ մի քանին են, բայց կորսուած միջակութիւններու մէջ։ Երկու պարագային ալ փառատօնայինը կը բանի գլուխ գործոցին դէմ։ Որովհետեւ հակուած է ցուցադրելու ինչ որ կ՚արտադրուի առ հասարակ այսօր մօտաւորապէս»։
Մինչ առաջինը, 2004-ի փառատօնը, որուն ծրագիրը գրեթէ նոյնութեամբ կրկնուեցաւ Նիւ Եորքի Millenium workshop մէջ, առիթն էր մինչ այդ հաւաքուածէն ընտրութիւն մը ներկայացնելով առնուազն տասնամեակ մը եթէ ոչ աւելի ետ երթալով խցուած խողովակները մաքրելու։ 2006-ինը շատ աւելի նոր գործերու հաւաքածոյ մըն էր, ոմանք աւելի արդիական, ոմանք դասական, հետաքրքրական անակնկալներով։
Մեր ընտրութիւններով չէինք ուզած ոչ մէկ ժանր մերժել, մանաւանդ ընդունած էինք գործեր, որոնց արտադրութեան արժէքները փառատօնային իմաստով յղկուած կրնան չնկատուիլ։ Նախընտրած էինք որ ընդունուածը քննարկող ու այժմէական հարցեր արծարծող նիւթերով ծրագիր մը կազմել։
Իսկ 2008-ինը նախընտրեցինք վերջնականապէս յետաձգել։ Դիտմամբ երկու տարուան հեռաւորութեամբ, նոր գործեր արտադրելու առիթ ու ժամանակ տալու։ Քանակը սակայն բաւարար չէր, հազիւ թէ 3-էն 4 ժամուան ծրագիր մը պիտի կարենայինք քով քովի դնել, մինչ առաջին երկուքը 20-ական ժամ էին, երեք օրերու վրայ ներկայացուած։
Ֆիլմ ըսուածը ինքնին հմայք մը ունի, որ տարօրինակօրէն տակաւին կը շարունակէ պահել։ Իր շուրջ ստեղծած է հրապոյր մը, որ անտրամաբանական տուայտանքներու տեղի կու տայ։ Տակաւին բոլորովին հոն չենք, (Youtube-ը եօթ ութ տարեկան երեխայ մըն է), բայց համակարգիչն ու համացանցը վերջին տաս տասնհինգ տարիներուն արտադութեան ու շրջագայումի միջոցները ժողովրդականացնելով ու աւելի մատչելի դարձնելով, զայն կեդրոնացեալ ընտրանիի մը մենաշնորհումէն ազատագրելու վրայ են։ Սրահները պիտի ստիպուին կամ դռները փակել կամ ալ պատկերն ու ձայնը զգայացունց, կրկեսային այնպիսի համեմատութիւններու հասցնել, որ տան մէջ դժուար ըլլայ զանոնք վերարտադրելը։
Ինչպէս քիչ առաջ յիշեցի փորձարականը ֆիլմի երեւոյթներն ու խորքը հարցաքննած ու տարբեր հորիզոններ տեսած է, տուեալներու զգայարանական թափանցումը, անոնց մակերեսն ու (ան)գիտակից խորքը հարցաքննած։ Երբեմն յաջողած է երբեմն ձախողած, տեսաբանութիւններ գրած է ու կը շարունակէ գրել։ Արդիականը տագնապեցնող առարկայականն ու ենթակայականը համերաշխութեան եզրեր (վերա)գտած են ու գիրկընդխառն դպրոցներու ու վարպետներու հասկացողութիւնը կը մերժեն, նոյնիսկ մերժելով նորութիւնը ինքնին։ Այդ իմաստով յետարդիականը վերջ կը դնէ ոչ միայն արդիականին, այլ նաեւ եւ աւելի կարեւոր՝ ինզինքին։
1987-ին, Պերլինի պատը տակաւին կանգուն էր։ Երկուստեք չէինք գիտեր թէ տակաւին որքան պիտի մնար, կամ նոյնիսկ եթէ մենք պիտի մնայինք։ Գալիք անկախութիւններու ազատութիւնները անձկութիւններ էին միայն։
Փառատօն մը կրնայ որեւէ բան ըլլալ, ցուցադրելու եւ ցուցադրուելու միջեւ։ Զայն ծրագրողներէն կախեալ է թէ ինչ կ՚ուզեն ընել եւ կամ ըսել անոր հետ։ «Փառատօն» յղացքն ու բառը կ՚ըսեն «փառքը տօնել»։ Երկու արմատներն ալ եթէ կրօնականը կը յիշեցնեն, լատինական ծնունդին հարազատ կը մնան։ Ընդհանրապէս սակայն սիրողականին կամ միջակութիւններուն փառքը չէ որ կը տօնենք այլ գլուխ-գործոցինը, ուրեմն բառի ընտրութիւը ինքնին սխալ է, սխալ նաեւ ակնկալութիւններ մտաբերելուն համար։ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Ֆիլմի Փառատօնն այդ անուանումը կը գործածէ, բայց գրաւոր հաստատմամբ մը այդ գաղափարը մերժած։ Գլուխ- գործոցին անմեղունակ ըլլալուն անդրադարձնելը՝ ուղիներէն մէկն է արուեստին փառաբանականէն ու շուկայականէն դէպի քննարկման ու վերլուծական աշխարհը։
Կայ նաեւ արխիւի ու արխիւայինի աշխատանք մը, հաւաքածոներու խմբագրումն ու անոնց ժամանակագրական ու համակարգուած դասաւորումը պատմականէն ներս, խօսակցութիւններ սկսելու լեզուին փնտռտուքը, ոչ միայն մնացեալ մշակոյթներուն հետ, այլ որպէս նախապայմանը՝ ինքն իր հետ խօսելու։