Կ՚ախորժիմ աճապարող, հեւքի մէջ ինկած մարդիկը դիտելէ, մինչ ես հանդարտ, գրեթէ անշարժ նստած՝ իմ դիտակէտէս կը հետեւիմ իրենց հապճեպին։ Նախընտրած վայրերս են կայարանները—գնացքի կայարանները կամ օդակայանները։ Յաճախ կ՚երթամ կայարան մը, կը նստիմ նստարանի մը վրայ, եւ կը դիտեմ վազվռտող մարդիկը ու կը փորձեմ կռահել թէ ի՞նչ բանէ, որմէ՞, կամ դէպի ո՞ւր կը վազեն։
Տունը պարապ էր դարձեալ։ Մութը կոխած էր արդէն եւ ինք դեռ տուն չէր եկած։ Լոյսը վառելու ո՛չ փափաքը եւ ո՛չ ալ անհրաժեշտութիւնը կը զգայի։ Պայուսակս առի եւ դուրս եկայ։ Կայարան մը, ըսի ես ինծի եւ ուղղուեցայ դէպի հոս։
Զարմանալիօրէն այսօր ուրիշ օրերէ նուազ խճողում կայ գնացքի կայարանը։ Մարդիկ ալ բացառաբար նուազ աճապարուած կը թուին ըլլալ։ Օդին մէջ պատահածի մը կամ պատահելիքի մը հոտը կայ, որ զիս աւելի կը գրգռէ։ Ես ուժեղացած հետաքրքրութեամբ կը նստիմ իմ սովորական նստարանիս վրայ, պայուսակէս կը հանեմ ջուրի շիշս (որուն մէջ այսօր սառ լեցուցած եմ, որովհետեւ վերջերս կարդացի՝ թէ սառը ջուրը կը նիհարցնէ եղեր. տեսնենք) եւ կը սկսիմ մարդիկ դիտել։
Գնացքի մը մօտալուտ շարժուիլը կը յայտարարուի բարձրախօսէն եւ մարդիկ կը շտապեն դէպի վակոնները։ Կը շտապեն տուն հասնելու կամ տունէն հեռանալու։ Անցորդներու ալիքը անմիջապէս կը դանդաղի, երբ գնացքը ճամբայ կ՚ելլէ եւ ուշացած կամ ժամանակէն կանուխ հասած մարդիկ միայն կը տնտնան սրահին մէջ։
Նօսրացած մարդոց ընդմէջէն կը տեսնեմ դիմացի պատին տակ՝ նստարանի մը վրայ նստած մարդ մը, ճմռթկուած բայց կոճկուած բաճկոն մը հագած եւ գոյնը անորոշ տաբատ մը, որուն գրպանները յաճախ կը պրպտէ ջղային շարժումներով։ Յոգնած եւ գունաթափ է դէմքը, սակայն մազերը կոկիկ մը սանտրուած են դէպի ետեւ եւ իւղոտ փայլք մը կը պսպղայ մազերուն վրայ։ Բայց շատ տպաւորիչ է մանաւանդ դէմքը. գեղեցիկ մարդու մը դէմքն է, որ կարծես տուժած է արեւու եւ ձիւնի յարատեւ հարուածներէ։ Այս մարդը, կ՚ըսեմ, տարիներէ ի վեր իր ընտանիքը լքած է եւ փողոցը կ՚ապրի, բայց այսօր բացառիկ օր մըն է իրեն համար եւ յատուկ խնամքով ինքզինք պատրաստած է այդ բացառիկութիւնը դիմաւորելու։ Եւ ահա մարդը գլուխը վեր կը վերցնէ եւ աչքերը կը սեւեռէ ուղղութեան մը վրայ։ Իր նայուածքին կը հետեւիմ եւ կը նկատեմ իրեն մօտեցող երիտասարդ կին մը—իր դուստրը, որ վերջապէս գտած է զինք եւ համոզած է որ հանդիպին։ Որքա՜ն փնտռած ըլլալու է զինք այս աղջիկը, եւ ինչպիսի՜ միջոցներու դիմած ըլլալու է, որ յայտնաբերէ իր կորսուած հայրը։ Մարդը դանդաղ ոտքի կ՚ելլէ եւ քայլ մը կ՚առնէ դէպի առջեւ, վրան գլուխը կը շտկռտէ եւ ձեռքը կ՚երկարէ երիտասարդ կնոջ։ Երիտասարդ կինը կը գրկէ զինք եւ հայր ու զաւակ կ՚ողջագուրուին ու կը նստին։ Դուստրը հօր ձեռքերը ափերուն մէջ առած խանդաղատանքով կը նայի իր դէմքին, մինչ հայրը գլուխը թեքած բաներ մը կ՚ըսէ իրեն։ Քանի մը վայրկեան ետք՝ դուստրը ոտքի կ՚ելլէ, կը խնդրէ հօրմէն որ երկու վայրկեան սպասէ, մինչ ինք երթայ եւ սուրճ բերէ դիմացի սրճարանէն։ Հայրը գլխով հաստատական շարժում մը կ՚ընէ եւ աղջիկը կը հեռանայ։
Մարդը կը նայի իր ձեռքերուն, որոնք քիչ առաջ աղջկան ափերուն մէջ էին։ Կը նայի կօշիկներուն։ Կը նայի աղջկան գացած ճամբու ուղղութեամբ։ Եւ ոտքի կը կանգնի ու կ՚ուղղուի դէպի գնացք։ Կը հեռանայ իր զաւկէն կրկին։ Անկարելի է վերադառնալ։ Անկարելի է շրջանցել իր դիմաց փռուած խրամատը եւ հասնիլ հոն, ուրկէ մեկնած էր ինք։ Հոն այդ վայրն է, որուն ակնկալութիւնները, եթէ նոյնիսկ արդարացի՝ իր ոյժերը անկարող են դիմագրաւելու։ Աղջկան սիրուն դէմքը, լուսաւոր ժպիտը, անյաղթահարելի վախ առթած էին իր մէջ. վախ՝ որ ինչ որ այս հանդիպումէն անդին կը սպասէր իրեն, պահանջքի պէս պիտի հալածէր զինք, եւ որուն ճնշումին դիմանալու ինք կարող չէր։
Հազիւ գնացքը ճամբայ կը սկսի ելլել՝ դուստրը կը վերադառնայ ձեռքին երկու գաւաթ սուրճ։ Իրենց նստարանը դատարկ տեսնելով՝ շփօթած չորս կողմ կը նայի եւ հեռուէն կը տեսնէ հօր ճմռթկուած դէմքը, որ գնացքի պատուհանէն թախծոտ աչքերով իրեն կը նայի։
Կայարանը որքան հանդիպումներու՝ նոյնքան ալ բաժանումի վայր է, կ՚ըսեմ ես ինծի՝ բաւական ցնցուած, բայց փորձելով որոշ հեռաւորութիւն մը պահել իմ եւ պատահածին միջեւ, ինչպէս յօրինողին եւ յօրինուածին։ Մինչ աղջիկը, շշմած ու տխուր՝ քամուած կը մնայ դեռ իր տեղը։ Արցո՞ւնք։ Թերեւս, բայց ես չեմ տեսներ։
Գլուխս կը դարձնեմ միւս կողմ։ Ջուրի շիշէս քանի մը ումպ ջուր կը խմեմ եւ ահա յաջորդ գնացքի պատուհանէն ներս կը տեսնեմ կին մը, որ քանի մը ձեռք հագուստ հագած, գանգուր մազերը ուսերուն փռած՝ կը պտըտի վակոններէն մէկուն մէջ։ Անտունի կին մըն է, կ՚ըսեմ, որ ձեւով մը կրցած է վակոն ելլել։ Կինը վակոնին մէկ ծայրէն միւսը քալելով կը փորձէ հոն գտնուող ճամբորդները մէկ առ մէկ գրկել իր տասնեակ մը բաճկոններուն տակ ծանրացած թեւերով։ Բոլորը պժգանքով եւ դէմքի ծամածռութեամբ կը հեռանան իրմէ, հաւանաբար որովհետեւ անախորժ հոտեր կ՚արձակուին իրմէ, կամ պարզապէս որովհետեւ անհաճոյ կը նկատեն անծանօթի մը հետ ողջագուրուիլը։ Բայց ինք անվրդով՝ մէկէն կ՚անցնի միւս ճամբորդին. մէկ մերժումէն միւսին, միշտ ժպիտը իր դէմքին եւ անտարբեր՝ մարդոց իրեն հանդէպ ցուցաբերած վերաբերմունքին։ Կը նախանձիմ իրեն։ Ի՞նչպէս կը դիմանայ այսքան ժխտականութեան։ Ի՞նչպէս կրնայ այսքան հանգիստ դիմադրել մարդոց անհանդուրժողութեան։ Հսկայ ոյժ մը կայ այս կնոջ մէջ, կ՚ըսեմ ես ինծի, որ զինք վեր կը դնէ մանրուքներէ։ Ո՛չ։ Չեմ կարծեր որ խելագար մըն է ու անգիտակից՝ իր ըրածին։ Սէ՛ր է որ կ՚ուզէ բաժնել ուզող-չուզողին։ Եւ ահա միջին տարիքի կին մը, գրեթէ վակոնին վերջաւորութեան՝ կ՚ընդունի իր սիրոյ արտայայտութեան հրաւէրը, ջերմօրէն կը գրկէ զինք փոխադարձաբար, եւ կը հեկեկայ գլուխը դնելով անոր ուսին։ Հեկեկանքին ընդմէջէն, մերթ ընթ մերթ անտունի կնոջ կը պատմէ իր սրտի ցաւերը, մինչ կինը զինք կը սփոփէ իր մազերը շոյելով եւ մխիթարանական խօսքեր արտասանելով։
Ինչքան առանձին զգացած ըլլալու է ինքզինք այս հեկեկացող կինը, կը մտածեմ։ Հաւանաբար երկուքն ալ առանձնութենէ կը տառապին։ Մէկը իր սէրը ընդունող կը փնտռէ, իսկ միւսը՝ զինք սիրող մը։
Յանկարծ անհանգստութիւն մը կը պատէ զիս։ Ինքնաբուխ կերպով շարահիւսուող յօրինումներուս հոսքը սուր կերպով կ՚ընդհատուի։ Սեփական առանձնութիւնս կը ցցուի դիմացս եւ ուշադրութիւնս կը դարձնէ ի՛մ վրաս։ Նստած եմ առանձին այս պաղ նստարանին՝ դատարկ տունէ մը ինքզինքս դուրս նետած։ Ի՞նչ կ՚ընեմ հոս, ինչո՞ւ հոս եմ, վերջապէս։ Կ՚ապրիմ տան մը մէջ, որ իմ տունս չէ։ Կ՚ապրիմ մէկու մը հետ, որ «կեանքիս ընկերն» է, բայց ինքզինքս օտարացած կը զգամ իրմէ։ Տանս պատե՛րը նոյնիսկ զիս չեն ողջուներ ուրախութեամբ երբ տուն մտնեմ։ Նստասենեակի բազմոցն անգամ, զոր ես ընտրած եմ տասնեակ մը բազմոցներու ընդմէջէն, եւ տուն բերած ու գուրգուրանքով զարդարած եմ գեղեցիկ բարձերով՝ այդ բազմոցն ալ զիս չի հիւրընկալեր ջերմութեամբ, երբ ուզեմ մարմինս հանգչեցնել իր վրայ։ Մինչդեռ այս նստարանը, այս անծանօթ ձեռքերով բերուած տեղաւորուած հոգատարուած նստարանը, մեծ յուզմունքով կը սպասէ իմ գալուստիս. անձկութեամբ կը սպասէ իմ վերադարձիս՝ որ նոր յօրինումներովս, նոր մարդոց մասին շարահիւսած պատմութիւններովս գեղեցկացնեմ իր գոյութիւնը։ Այս նստարանը, այս հսկայ սրահը, այս գնացքներն ու վակոնները, այս մարդիկը չորս դիս հանգստօրէն կ՚ընդունին զիս։ Առած գրկած են զիս իրենց մէջ, այս ընդհանուրին մէջ, որուն հարազատ մէկ մասնիկը կը կազմեմ ես։
Եւ հետզհետէ այն վայրը ուր կը բնակիմ կը հեռանայ ինձմէ եւ կ՚օտարանայ։ Դժուար է վերադառնալ։ Դժուար է վրադ ճնշող առանձնութիւնը ընդունիլ ու անցնիլ երբ ֆիզիքապէս առանձին չես այդ տան մէջ։ Մինչդեռ հոս, ուր առանձին նստած ես մարդոց եռուզեռին մէջ բայց միայնակ չես զգար, հոս՝ քու վայրդ է։
Կ՚ելլեմ ոտքի, եւ անուշադրութեամբ ջուրի շիշս գետին կը ձգեմ։ Կը քալեմ աջ ու ձախ եւ հանդիպածիս կը յայտարարեմ, «Ես անտունի եմ»։ Մարդիկ զարմանքով կը նային իմ մաքուր հագուածքին, իմ խնամուած ձեռքերուս, եւ կը հարցնեն՝ ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, արդեօ՞ք…։ Կը պատասխանեմ, թէ ինծի համար ալ ասիկա նոր յայտնութիւն մըն է. ըստ երեւոյթի հի՛մա պաշտօնապէս անտունի դարձայ, հակառակ որ ատենէ մը ի վեր անտունի եղած ըլլալու եմ, առանց գիտակցելու։ Իրենց կ՚ըսեմ, թէ բնակավայր մը ունիմ, այո, բայց ատիկա «տունս» չէ։ Իրենց կ՚ըսեմ, թէ կ՚ապրիմ մէկու մը հետ, բայց ան անծանօթ մըն է։ Կ՚ապրիմ մէկու մը հետ ինչպէս առանձնութեան հետ։ Ունկնդիրներս իրենց գլուխը կը շարժեն ցաւակցական, իսկ ոմանք նոյնիսկ կը յուզուին։ Իրենց կ՚ըսեմ, թէ այդ տան պատերուն եւ ինծի հետ ապրողին պաղութիւնը առանց վարանումի կը փոխարինեմ դուրսի ցուրտին հետ։ Թէ այս կայարանի անծանօթ անցորդներուն եւ իմ միջեւ երկարող տարածութեան մէջ աւելի հանգիստ կը զգամ քան իմ անհաղորդ «կեանքի ընկերոջս» հետ։ Փափկասիրտ մարդիկ, յուզուած իմ պատմութենէս, կը հաւաքուին իմ շուրջս եւ ոմանք հարցումներով կացութիւնս կը փորձեն հասկնալ, ուրիշներ ալ կարեկցական խօսքերով կը ջանան զիս սփոփել։ Ինձմով հետաքրքրուած մարդիկը ուշադրութիւնը կը գրաւեն շատ մը ուրիշներու, որոնք նոյնպէս կը մօտենան մեզի եւ շուտով կ՚աճի շուրջս հաւաքուած ամբոխը։
Կայարանի պաշտպանութեան պաշտօնեաները կը հասնին եւ կը փորձեն ցրուել ամբոխը։ Մարդ չ՚ուզեր հեռանալ սակայն։ Ամբոխէն ոմանք կը սկսին իրենց մեկնաբանութեամբ կացութիւնս բացատրել պաշտօնեաներուն։ Իմանալով՝ թէ անտունի եմ, պաշտօնեաները կը խուզարկեն պայուսակս եւ տանս հասցէն կը գտնեն։ «Անտունի՛ է, տուն չունի՛» կը պոռայ մէկը։ Մինչ պաշտօնեաներէն մէկը բջիջային հեռախօսս կը վերցնէ պայուսակէս, ամբոխէն մէկը «Ո՞ւր կը հեռաձայնես, մարդ չկա՜յ» կը բացագանչէ։ Պաշտօնեան կը հեռաձայնէ ամուսնոյս, իսկ զիս շրջապատող մարդիկը պատ մը կը կազմեն իմ շուրջս եւ կը փորձեն զիս պաշտպանել պաշտպանութեան դէմ։ Քիչ ետք ամուսինս կը հասնի զիս այդտեղէն հեռացնելու։ Պաշտպանեալներս կը փորձեն արգելք հանդիսանալ որ ինծի մօտինայ. «Գնա՛ գործիդ. իր հետ գործ չունիս», կը պոռայ մէկը, իսկ ուրիշ մը՝ «Ո՞ւր կը տանիս զինք. Անտունի՛ է»։ Բայց պաշտպանութեան պաշտօնեաները զիրենք կը հեռացնեն հակառակ իրենց ընդդիմութեան։ Ամուսինս զայրոյթով կը դառնայ ամբոխին եւ կ՚ըսէ, «Անտունի չէ՛. տուն ունի՛»։ Հաւաքուած ամբոխէն քանի մը հոգի աւելի բարձրաձայն կը բողոքեն, «Ատիկա տուն չէ», կը պոռան իր ետեւէն։ Բայց անօգուտ։ Ամուսինս շտապով կը հեռացնէ զիս իրենցմէ, մինչ ես ետեւ դառնալով անձկութեամբ կը նայիմ դանդաղօրէն ցրուող ամբոխին, որ լսեց զիս, որ զգաց իմ զգացածս։
Մինչ կը հեռանամ, քիչ անդին կը նկատեմ կին մը, որ նստարանին նստած ուշադրութեամբ զիս կը դիտէ, ձեռքին սառով լեցուն ջուրի շիշ մը…