Ես կ’ողջունեմ Էրոսը նկարչութեանս մէջ, այն սպիտակ տարածութեան մէջ, ուր կ’ապրիմ երկար տարիներէ ի վեր` իրականութեան սահմաններուն վրայ, բանականութեան եւ խելագարութեան միջեւ տարածուող անապատի մը մէջ:

Էրոսը անձամբ եկաւ դուռս թակելու գիշեր մը ` ինքնուրոյն, առանց հրաւէրի: Ես զայն գտայ դրանս շեմին` սարսափելիօրէն խոցուած, աղտեղի, վշտահար, լեզուն` կապ եւ ահադող:

Սկիզբը, զայն զննեցի անբարեացակամօրէն` կասկածի անհիւրընկալ աչքերով, որպէսզի համոզուած ըլլամ, որ մէկը չէր այն հակաոգեշնչող մուսաներէն, գիշերային այն այցելուներէն, որոնք կու գան խանգարելու արուեստագէտին անդորրը: Տատամսումի կարճ պահէ մը ետք, ընդունեցի զայն տանս մէջ` անոր զրկեալ վիճակէն զգացուած:

Շատ համբերութիւն եւ նրբագործութիւն պահանջուեցաւ ինձմէ` բուժելու համար իր վէրքերը. ես լուացի ու մաքրեցի Էրոսը, կերակրեցի զայն, մինչեւ որ վերագտաւ իր գեղեցկութիւնն ու շքեղութիւնը:

Էրոսը սկսաւ արագօրէն դարձեալ խայտալ ու փթթիլ. որպէս արուեստի սիրահար, ինքզինք տարածեց նկարներուս վրայ`ազատօրէն, խնդութեամբ եւ կենսալի: Արագօրէն ընկալեց ու հասկցաւ իմ լեզուս եւ սկսաւ դարձեալ խօսել, արտայայտել ինքզինք ու պատմել: Մենք անմիջապէս հաստատեցինք երկխօսութիւն` դարձանք ընկերներ, գործընկերներ:

Էրոսը փախուստ տուած էր Արեւելքէն, ուր տառապեցաւ շատ. այնտեղ, փականքի տակ էր ահազդու նկուղներու մէջ, բռնադատուած` սեւ հագուելու, որպէսզի գեղեցկութիւնը ծածուկ պահուի մարդոց աչքերէն: Ան ատուած էր իր ազատութեան եւ խինդին համար, թիրախ` նկուն հոգիներու մեծ բանակի մը նախանձին ու մերժումին: Ան մեղադրուած էր նոյնիքն սատանան ըլլալուն մէջ եւ օր մը` քարկոծուած էր ատոր համար: Սակայն աստուածային Էրոսը վերապրեցաւ:

Էրոսը փախուստ տուած էր նաեւ Արեւմուտքէն, ուր զայն առընչեցին սովորական եւ անխորհուրդ հաճոյքներուն, փողոցներուն եւ ցուրտին մէջ լքեցին մերկացած, դատելով որպէս անպիտան եւ անարժէք առարկայ, զոր կարելի էր օգտագործել եւ շպրտել ապա : Սակայն Էրոսը սուրբ է եւ միշտ պիտի այդպէս մնայ : Հետեւաբար, ան վերապրեցաւ ցուրտ ու պիղծ փողոցները: Վիրաւորուած եւ խարանեալ` ան ենթարկուեցաւ անարգանքներու ամենագէշին, սակայն վերապրեցաւ ու եկաւ ինծի:

Իմ պաստառիս վրայ ան կը շնչէ եւ կը փայլի իր ամբողջ շքեղութեամբ: Ան գտաւ հայրենիք մը, տուն մը եւ շատ սէր:

Ապշած ու շլացած եմ անոր գեղեցկութեամբ, եւ ամէն օր անոր կ’ընծայեմ նոր նկարներ: Ես խենթօրէն ոգեշնչուած եմ անորմով եւ կ’օրհնեմ այն ​​օրը, երբ ան եկաւ ապրելու իմ հետ:

2018

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.