Դիւային
սողսողալով տիրաբար
հասաւ ծալքերուն
հոտուըտաց բացաւ
փոթերը կծիկ
շոյշոյելով արդուկեց
գուրգուրալէն
.
դեւը ձեռքէն բիւր շնորհներ կը թափէր
.
հրճուեցան շրթունքներն
ժպտաց բոլորին
բոլորը միասնաբար իրեն ժպտացին
բացին թեւերը իրեն ընդառաջ
.
անկարծելի լայնութիւն
.
կանգնեցան
սիրտ ռունգ կամեցողութիւն
տեսան ի վերջոյ
արարածը արարչին
անդորրը կուրծքին
ժողվռտեց
ինչ որ իրեն կը պատկանէր
չբարբառեց
.
այլեւս յօրինել չէր ուզեր
.
աւելորդը մեռաւ ամօթէն
մեծութիւն իսկ չունեցաւ
խոնարհելու
մարդիկ բացուեցան
բացուեցան ընդունելու
այն որ չէին կրնար ըլլալ՝
կողքինը
որ իրենցմէ ակնկալիք մը չունէր
.
պարապութիւնը տիրեց
.
այսուհետեւ
ոչինչ
ոչինչ կ’երազենք
*
Անուշ ըլլայ
անուշ ըլլայ
կերած ապուրդ՝ անուշ
երբ սկսար
շատ տաք էր
այրեցիր լեզու բերան ստամոքս
պնակիդ մէջ դգալդ
ծռմռեցաւ պատառներէն բռնկած
բայց դեռ տարիր շրթունքիդ
աչքդ՝ բաց պատուհանիդ
ուրկէ բուժիչ ժամանակն
յոյս սուլելով հեքիաթներն իր կը փչէր
շոյշոյելով մազերդ.
գեղեցկացար
.
կերած ապուրդ համեղ էր
երբ սկսար
բացառիկ համ մը ունէր
եւ դուն իբրեւ մէկ հատիկ ճաշակողն
կեանքին մէջ լոկ մէկ անգամ
առջեւդ դրուող պնակին
շտապեցիր զայն լակել
ու այրեցիր կոկորդդ
անուշ ըլլայ կերածդ
.
հիմա պիտի զայն մարսես
մինակդ
մարմնիդ ներսը տապալող
խուլ աղմուկին ունկնդիր
փտած բոլոր մասերդ
մէկ կողմ դիզես ներսիդիդ
ու պահպանես
որ գիշատիչ թռչունները
չտարտղնեն ամէն կողմ
.
ապուրդ կերար վերջացաւ
արդ՝ ինքզինքդ պիտի ուտես
անուշ ըլլայ
հաւանաբար համով ես
*
Պարապը
ան որ դուրսէն ներս կու գայ
չի մտներ բնաւ
ներսինը ի զուր կը սպասէ
մինչեւ օր մը համոզուի
ուշ կ’ըլլայ արդէն
դուրսը ներս ներսը դուրս չեն դառնար երբեք
դուրսը ներսէն կը ծնի
ես քու դուրսդ մնացի
դուն իմ մէջս չմտար
երկու ամբողջ եսագունդ
ինքնայլամերժ դէմ դիմաց
զիրար կը ցանկան
գորովալի
կսկծաբորբ
շատ անգամ ատելավառ
ուզած էին իրարու մէջ պարպուիլ
լեցուն-լեցուն պարպուեցան
դրան շեմին չհասած
ու այսպիսով պարպեցին
իրականը իրարու
*
է
օրէնք չունի
ձեւ չունի
յատուկ լեզու մը չունի
չի մտներ
ամէն տեղէ նետուած է
չի բաւեր
չափ չունի
հանդուրժելու միտք չունի
գիծէն դուրս է
մեծնալ չունի
անհունին մէջ կը լեցուի
չի հասկնար
ծռել չունի
կքիլ չունի
կ’իյնայ միայն
կը կոտրտի
չի տեսներ
աչքը ներսըն է քանի
չի կասկածիր
հոգը չէ եթէ ցնդի
չի մրցակցիր
իրեն հաւասար չունի
չ’ընկճուիր
կռնակը տուած է պարապի
չ’սպասեր
ակնկալիք չունի
մարդ չունի
աստուած չունի
չունի տարիք
չունի թիւ
ոչ անուն
ոչ դիմանուն
չունի ծագում- նպատակ
իմաստունի յոգնեցուցիչ վառումներ
պատումներ
լոյսի խաղ
մեղեդիի ելեւէջ
ներդաշնակութիւն
չունի
չունի
.
է