Քրիստեան Բատիկեանի «Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» պատմուածքների գիրքը հրատրակել է Ինքնագիր գրական ակումբը 2016֊ին, ապա յաջորդ տարի այն Ինքնագիր գրական ակումբի հետ համատեղ վերահրատարակել է «Զանգակ» հրատարկչութիւնը։ 2018֊ին Ինքնագիր գրական ակումբը հրատարակեց Քրիստիան Բատիկեանի երկորրդ գիրքը՝ «Մետաղէ երազներ» վեպը։
Րաֆֆի Աճեմեանի գրախոսութիւնը հրատրակուել է Բագին պարբերաթերթի 2018֊ի թիւ 1֊ում։
«Հերոս ըլլալու համար մինակ պիտի ըլլաս»։ Այսպէս կը բացուի Քրիստիան Բատիկեանի «Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» խորագրուած հատորը։ Ուշագրաւ վերնագիր մըն է, որով արդէն կ՚որոշադրուի նիւթին լարումը. սուփըր հերոսները՝ հակառակ կարծուածին՝ կը մեռնին, գուցէ պէտք է մեռնին որոշ եղանակի մը։ Ասոր վրայ կը բարդուի յաւելեալ նշում մը գիրքին սկիզբը դրուած ուր կ՚ըսուի՝ «ամառը պէտք չէ այսքան երկարէր»։ Հատորին եօթ գրութիւններուն մէջէն պիտի յայտնուին պատանեկութեան լեղի ու քաղցր ապրումներու շարան մը, ուր մնայուն ներկայութիւն պիտի դառնան սուփըր հերոսները։ Ի՞նչ գործ ունին սակայն սուփըր հերոսները երկարաձգուող ամրան կամ պատանեկութեան հետ։ Նախ սակայն՝ ինչո՞ւ սուփըր հերոսներ եզրը։
Առաջին հակազդեցութեամբ պիտի ըսուէր՝ ինչո՞ւ ոչ գեր հերոսներ։ Տարբերութիւն մը կա՞յ։ Հարցը չի վերաբերիր այնքան թարգմանութեան, որքան առաջինով եկող համագիրին։ Սուփըր հերոսներու աշխարհը պատկերային գրականութեան երեւակայական աշխարհ մըն է, ուր 1930ականներէն սկսեալ կ՚երեւին պէսպէս զգեստներ հագած ու արտառոց ուժերով օժտուած նախ տղամարդիկ՝ ապա նաեւ կիներ։ Անոնք ընդհանրապէս կը գործեն բարի ընդ չար ուժերու տրամաբանութեամբ բանող աշխարհի մը մէջ ուր մետասաներորդ պահուն կը յաջողին առաջքը առնել զանգուածային աղէտներ դաւող սուփըր չարագործներու ճիւաղային սադրանքներուն։ Գիծի եւ գիրի յատուկ խառնուրդ մը, որ կը բոցավառի պատանիներու պատշաճ երեւակայութեամբ ու տարիներու երկայնքին կը ներգրաւէ ընթերցողներու լայն խաւ մը։ Առաջին տասնամեակներու ծաղկումին ու ազատութեան կը յաջորդեն գրաքննութեան անձուկ տարիներ, երբ այդ ժամանցային գրականութիւնը կը մեղադրուի ենթադրեալ վատ ազդեցութեամբ տղոց վրայ։ Ասով հանդերձ տարիներու ընթացքին ան կը շարունակէ տարածուիլ ժողովրդային մշակոյթի զանազան ոլորտներուն մէջ հասնելով մինչեւ հոլիվուտեան ֆիլմաշխարհ, ուր գտած անհամեմատ յաջողութիւնը զայն կը դարձնէ ժողովրդային հասարակաց մշակոյթի սիւներէն մէկը։ Այնպէս որ այդ եզրը կ՚ընդգրկէ ինքնափակ ոլորտ մը, ինքն իր օրէնքներով ու տրամաբանութեամբ բանող, ուր ի մի կու գան ներքին հակամարտութիւններ, անգիր օրէնքներ եւ ընդհանրապէս ուրոյն համակարգեր պարփակող տիեզերք մը։ Սուփըր հերոս անուանումը յստակօրէն կ՚ուղղուի այդ հաստատուած ոլորտին։
Այստեղ սուփըր հերոսները թուղթէ ընկերներն են գրութիւններուն մէջ երեւցող զանազան պատանիներուն։ Գրութիւնները թէեւ կը կարդացուին առանձին,- կերպարներն ու պատահարները անկախ են մէկը միւսէն,- գիրքը սակայն ունի ձեւական ու խորքային միութիւն մը։ Եօթ գլուխները կը կրեն քոմիքսի Մարվըլ հրատարակչատան տիեզերքին պատկանող եօթ սուփըր հերոսներու կամ խմբակցութիւններու անուններ։ Ասոնցմէ ոմանք առնչութիւններ ունին նաեւ իրար մէջ. օրինակ Սթիվ Ռաճըրզ իմա՛ Captain America եւ Պաքի Պառնզ իմա՛ Winter Soldier գործակիցներ են, նախ առաջնորդ – հետեւորդ դրութեամբ, ապա անջատ, ընդ որում ատեն մը երկրորդը պիտի վերցնէ առաջինին՝ Captain Americaի դերը, կամ Black Widow, Thor եւ Captain America, որոնք միասնաբար կը կռուին Avengers խմբակցութեան դրօշին ներքոյ, եւայլն։ Մարվըլ Քոմիքսի մրցակից հրատարակչատունը պատմականաբար եղած է ՏիՍի Քոմիքսը, ամէն մէկը պահելով իր սուփըր հերոսներու փաղանգն ու հաւատարիմ ընթերցողները, որոնք ընդհանրապէս կը խուսափին դաւաճանելէ մէկուն կամ միւսին տիեզերքներուն։ Այսպէս, առաջին պատմութեան մէջ պատանին, որ դպրոց փոխած ըլլալով կ՚ուզէ նոր դպրոցին մէջ ընկերներ ունենալ ու ընդունուիլ անոնց կողմէ, կը ձեւացնէ սիրել Batmanը կամ չհակադրուիլ Supermanը սիրող տղուն, սակայն նոյն ատեն խօսքը ուղղելով իր սուփըր հերոսին՝ Captain Americaին՝ կ՚ըսէ. «ասիկա գործին համար է, հաւատա՛, սանկ թէ նանկ դուն աւելի զօրաւոր ես, Սթի՛վ»։ Այս ամէնը անշուշտ հաւանաբար առաջին անգամ է որ մուտք կը գործեն իբր կերպար եւ իբր տիեզերք հայ գիրերու աշխարհէն ներս։ Ասիկա անշուշտ իբրեւ շրջարկ կամ լրացուցիչ։
Գիրքին միութիւնը չի սահմանափակուիր սուփըր հերոսներու ներկայութեամբ, այլ կը հիւսուի պատանեկութեան խարխափումներու ընդհանուր բնանիւթով՝ որպէս յետնապատկեր։ Պատմուածը մանրավէպեր են այս կամ այն պատանեկան դրուագէն, ուր յաճախ կայ ներկայութիւնը զանազան ընկերներու, ընտանեկան պարագաներու, սիրելի նէնէի մը։ Պատմուածէն աւելի սակայն հետաքրքրականը անոր զանազան հոսքերուն իրար առնչումի կերպն է։ Բատիկեան առ այդ ի գործ կը դնէ պատումի զանազան հնարքներ, յաճախ գործող որպէս անջատ բայց մէջ ընդ մէջ հիւսուող թելեր, ակնկալելով որ ընթերցողը ընթերցումին իսկ ընդմէջէն գտնէ ու կապէ զանոնք իրարու. խոստովանական պատում, օրագրային արձակ, գեղարուեստական մշակում, երկխօսութիւն, եւայլն։ Տակաւին կան մոխրագոյն տառերով ու ներս քաշուած լուսանցքային պարբերութիւնները, ուր կը հիւսուին այս կամ այն սուփըր հերոսի կեանքէն դրուագներ, սկանտինաւեան դիւցազներգութեան գիրքէ մը մտնող ոտանաւոր թարգմանութիւններ, կամ օրաթերթէ մը առնուած օդերեւութաբանական տեղեկութիւններ։ Այս ամէնը ընթերցողը կը տանին տեղէ տեղ ու ժամանակէ ժամանակ ուր իրականն ու երեւակայականը կը միաձուլուին իրարու, հարազատ պատկեր մը տալով պատանութեան եզրին տատանող կերպարներու մտաշխարհէն ու հոգեբանութենէն։ Սուփըր հերոսները պէտք է մեռնին որ անոնք դուրս գան պատանութեան առօրեայ խռովքներէն ու անցնին յաջորդ հանգրուան։ Ամառը սակայն կ՚երկարի։
Հերոս ըլլալու համար պէտք է մինակ ըլլալ կը գրէ Բատիկեան։ Պէտք է նաեւ ցաւ ունենալ։ «Առանց ատոր չըլլար»։ Այսպէս է որ գիրքին պատանիները նոյնանալու եզրեր կը գտնեն իրենց սուփըր հերոսներուն հետ, որովհետեւ անոնք ալ իրենց նման մինակ են յաճախ, ընկերային շրջանակներու եզերքներուն թափառող։ Անոնց միջամտութիւնը իրական կեանքէն ներս ընդհանրապէս չ՚անցնիր թուղթէ հերոսի սահմանները, սակայն կը զգանք որ պատանիներուն կապը անոնց հետ իրական է։ Սուփըր հերոսները երեւակայական ընկերներ չեն՝ հոգեբանական առումով՝ այլ լրացուցիչ ներկայութիւններ՝ կացութիւն մը, դժուարութիւն մը կամ չժամանող սիրոյ կսկիծ մը մեղմացնող։ Անոնց միջոցով այդ վիճակները աւելի ցայտուն կը դառնան ու տեսանելի, կարծես կերպարներուն ու սուփըր հերոսներուն կեանքերը զուգահեռ աշխարհներու մէջ ընթանալով հանդերձ գաղտագողի խաչաձեւէին զիրար երեւակայական հպումով մը, ապա կրկին բաժնուելու համար։ Գրութիւններուն բուն գեղեցկութիւնը հոնկէ եկող ազատութիւնն է ու պատանեկան աշխարհին առթող անմիջական յուզումը։ Անոնց աչքերով կը դիտենք պատահարները, սակայն տղաքը միամիտ չեն։ Կը տեսնեն շրջապատի սուտերն ու տգեղութիւնները, միաժամանակ սակայն ազատ են այնպէս ինչպէս պատանեկութենէն երիտասարդութիւն անցնողները կրնան ըլլալ ազատ։ Չարամտութիւնները, գժտութիւնները, պատկանելու եւ ընդունուելու կարիքները կան սկիզբէն։ Անոնց վրայ կ՚աւելնան ծաղկող սեռականութիւնն ու անոր վերիվայրումները, առանց սակայն հասցնելու հասուն սիրով եկող բաւարարութեան։ Ճամբայ ունին անոնք կտրելիք տակաւին։
Պատանիներու աշխարհը մեծ մասամբ 2000ականներու Պոլիսն է։ Այս մէկը կատարեալ նորութիւնն է գիրքին, որով մեր աչքերուն առջեւ կը բացուի նոր երկրի մը խոստումը կարծես։ Կը թափառինք տղոց քաղաքին ու արուարձաններուն մէջ վերջ ի վերջոյ անդրադառնալու համար որ պատանեկութիւնը ինքնին երկիր մըն է, որ ամէն տեղ նոյնն է։ Ահա այդ երկրին մէջ է որ կը բնակին նաեւ սուփըր հերոսները։ Բատիկեանի արձակը ձեւով մը այդ երկրին լեզուն է որ կը փնտռէ երբ բազմաթիւ ձեւերով կը մօտենայ խօսքին ու անոր բացայայտման կերպին։ Ժուժկալ արձակ մըն է իրը, երբեմն անկիւնաւոր ու զարտուղի, կտրատուող շեշտերով բայց միշտ հարազատ։ Հարազատ պատմուածին։ Զարտուղութիւնը անշուշտ ոճ է, թէեւ կը խորհինք որ մանր հպում մը կրնար՝ առանց դպնալու ոճին՝ զայն կատարելագործել։ Ամենայնդէպս դրական կերպով կարելի է ըսել որ ան մղոններով հեռու է միամակարդակ այն աշխարհաբարէն, որ կը տողանցէր իբրեւ արձակ եւ ուր ընդհանրապէս մաքրամոլութիւնն եղած էր կարծես բուն մտահոգութիւնը քան գեղարուեստական ջիղն ու զգացողութեան ծաւալումը, այդ ալ անշուշտ այդ լեզուին լաւ օրերուն։ Բատիկեան այստեղ կատարելապէս հանգիստ է իր մարմնին մէջ եւ ատիկա կ՚երեւի լեզուին իսկ մէջ։ Իրականութեան մէջ լեզուն ու պատումները կը կազմեն միութիւն մը, որ գիրքին կու տայ իր գլխաւոր դրոշմը, պիտի ըսէինք punchը։ Մէկ շունչով կը կարդացուի, սակայն մէկդի դնելէ ետք կ՚անդրադառնաք, որ կը շարունակէք վերադառնալ անոր էջերուն։ Պատումներուն մէջ ի գործ դրուած կառուցային աշխատանքին արդիւնքն է ասիկա, հետեւանք պատմուածը կտրատելու ու շերտաւորելու անոր կերպին, եւ որ կը լարէ այդ պահանջը ինչպէս նաեւ լեզուն վերագտնելու հաճոյքը։ Տարօրինակ չէ որ գիրքին առաջին տպագրութիւնը սպառած ըլլայ ու հրապարակի վրայ ըլլայ արդէն երկրորդ տպագրութիւն մը։ Այս ալ նորութիւն ահաւասիկ։ Եւ ասիկա Երեւանի մէջ, ուր կան տակաւին մարդիկ, որ կը դաւանին չհասկնալ այս լեզուն։ Ընթերցող խաւին համար ըստ երեւոյթին այդ մէկը արգելք չէ, գուցէ նաեւ իբրեւ տարաշխարհիկ ունի գրաւիչ հանգամանք մը։ Ասիկա անշուշտ մասամբ որպէս բացատրութիւն։ Փաստ է որ գիրքը կրցած է հասնիլ ընթերցող հասարակութեան մը ճաշակին՝ անկախ բայց նաեւ շնորհիւ լեզուին։ Փաստ նաեւ որ գիրքերը կը ստեղծեն իրենց ընթերցողները։ Ոչ թէ միայն որովհետեւ Բատիկեանի գիրքը թարմ շունչ կը բերէ մեր իրականութեան բոլոր հատուածներուն մէջ անխտիր, ալ նաեւ որով, ինչպէս Բատիկեան վերջին էջին վրայ կը գրէ՝ խօսքը դնելով սուփըր հերոսի մը բերնին մէջ, միաժամանակ տալով անոր աղուոր ու բազմիմաստ կսմիթ մը.
«Հերոս ըլլալու համար պատրաստ պիտի ըլլաս օր մը մոռցուիլ։ Եւ երբ տղան մեծնայ, պիտի հեռանաս։ Այդպէս է միշտ։ Ալ պէտք է հեռանամ։ Հիմա արդէն քու ժամանակդ է, ձե՛ր ժամանակը։ Հիմա դո՛ւք կու գաք։ Հոնկէ ուր ձեզ ձգեցին, ուր ձեզ դաւաճանեցին, ուր չհաւատացին թէ կրնայիք ըլլալ։ Բայց կայիք ու կաք, դուք՝ սէրսէրիներդ Պոլսոյ արուարձաններուն։
Կու գաք կոր։»