Իսթանպուլահայ բանաստեղծուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի երախայրիքը՝ «ԵՐԹԱՍ ԲԱՐՈՎ» լոյս տեսաւ Իսթանպուլ, 2017-ին, Մաթ տպարանէն, ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏՆԵԱՇԱՐի իբրեւ առաջին հատորը (թիւ 1), որմէ ստորեւ կը ներկայացնենք փունջ մը քերթուածներ։
ՆԱՒԵՐ․․․ ՓԱՐՈՍՆԵՐ
Նաւեր աջ ու ձախ կը տատանին հորիզոնին վրայ,
անոնց լոյսերը աչք կը քթթեն հեռուներէն,
պիտի անհետանան առանց հրաժեշտի
փարոսներուն նշոյլներուն մէջ գիրկընդխառնուած:
Փարոսնե՜ր ծովափը կը սպասեն,
նաւերէն հեռու, ճամբորդի…
հեւքը, մաղթանքը, սիրոյ կայծը…սիրելիին
առանց միանալու…
Փարոսները անձայն…
Անձայն նաւեր, փարոսներէն շա՜տ հեռու…:
*
ԴԱԳԱՂՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՁԻԹԵՆԻՆԵՐ
Ձիթենիներ ճամբու եզերքին
եւ ձիթենիներ ծաղկած,
կանաչ, բազում տերեւներով
պտուղ չտուին այս տարի:
Անոնց պտուղը՝ սեւ կամ կանաչ
ադամանդ,
կը զարդարէ սեղանները:
Ինչո՞ւ վշտացաւ հողը,
ինչո՞ւ վշտացան ծառերը:
Բացայայտ է.
կտրեցին:
Ըսին.
– Ճամբայ պիտի բանանք․
Բայց ես իմացայ, վստահ՝
– Քրիստոնեայի ծառ են անոնք:
Բազում ծառեր, ձիթենիներ
նետուեցան աղբ ու կրակ:
.
Հիմա դագաղներ կան
պատրաստուած.
անպտուղ ճիւղերով մնացած
ձիթենիներու:
.
Անոնք կտրուեցան,
ջարդուեցան:
Գիւղացիներ նստան, լացին
իրենց օրապահիկին համար:
Բայց ի զո՜ւր:
Անոնք անխղճօրէն
ջնջել լաւ գիտցան:
*
ԽՈՐԱՍՈՒԶՈՒՄ
Կաղալով կը քալեմ խճաքարերուն վրայ,
ներբաններուս կը հասնի ջուրին աղը:
Ալիքներ հեռուն գլորելով
կը հասնին ցամաք:
Ես ոտաբոպիկ ու մօրէմերկ
կ’երթամ
դէպի ո՞ւր: Եւ աննպատա՞կ:
Ճամբան աւազոտ է,
կը սահի ոտքերուս տակէն:
Հեռուէն կը լսուի երգ մը. երգ մը,
մեղեդի մահուան:
Ու կամաց-կամաց կը խորասուզուիմ
գլորած ալիքներուն տակ:
Բերանս կը լեցուի ջուրով
եւ հասակս կը մնայ ջուրին տակ:
*
ՑՈՒՑԱՓԵՂԿԻՆ ՄԷՋ
Անոնք կը կանգնին օրն ի բուն
շողշողուն լոյսերու տակ
անշունչ եւ սեւեռուն
աչքերով բաց:
Մերթ զգեստաւորուած հիացմամբ
եւ մերթ հոլանի.
եւ ցուցափեղկի ամչկոտ պուպրիկներ չեն:
Կեղծ, զգլխիչ շքեղութեամբ
Ցուցափեղկի բնորդներ:
Օրն ի բուն եւ երկար ամիսներ
հոն կը կանգնին
անշարժ, անզգայ:
.
Մենք բնորդնե՞ր ենք.
հապա դո՞ւք, բնորդնե՞ր էք:
Ցուցափեղկէն դուրս յորդած,
անզգայ:
Մենք բնորդներ չենք թէեւ հոլանի:
Դուք բնորդներ չէք անզգայ, վստահ:
Բայց թերութիւններու շղթայով
շնչող ենք՝ շնչող բնորդ քաղաքացի:
Եւ մենք ենք ցուցափեղկի պուպրիկները,
ցուցադրուելու արժանի. թէեւ անգին,
սակայն այնքան շա՜տ, որ՝
ձրի:
*
ՃԱՆՃ–ՃԵՆՃ–ՃԵՆՃՈՏԱԾ
Ճանճեր ճանճերու փարեցան,
օդին մէջ կիսուեցան
ճանճեր ճանճերու հետ:
Աղբեր աղբերու վրայ կուտակուեցան,
ճենճ հոտեցան, ճենճոտեցան:
Ճանճեր ճանճերով շա՜տ շատցան
եւ մարդոց վրայ թառեցան։
Մէկ անդին, մէկ ասդին.
չաթ-չաթ
չազատեցան:
Ճանճեր օդին մէջ բազմացան
եւ մարդոց վրայ թառեցան,
գիշերը՝ անկողինին մէջ
մարդիկ
ճանճերու պէս
ճենճոտեցան: