Հակաքերթուած 1
Ո՞ւր են հիմա ասպետները քաղաքային
Թող պայքարին ուժերուն դէմ դիւանակալ ու քաղքենի
վիշապներուն դէմ մեր ներքին
տուէք զիրենք եւ ես երթամ
իմ սիրուհիս ազատելու
հագուստներու շպարներու ճամբարներէն
տուէք աչքերը իրենց
եւ թող տեսնեն գոյնը կաթին գոյնը արեան
Հորիզոնը սուր է երկար
գլխատած՝ իմ երազներս
Մթնշաղին հաւաքեցէք արնաշաղախ գլուխները ասպետներուն
ծամերն իրենց կակուղ են դեռ
շրթունքները դեռ կը պատմեն
ֆիզիքական փորձառութեան մասին ցնցիչ
մարմինը որ կը ճենճերի եւ կը կոտտայ անճարօրէն
Թանգարաններուն օրաթերթերուն եւ որմազդներուն
երբ իրենց ժպտուն դէմքերը տեսայ
անդրադարձայ ասպետները դաւադրաբար տարուած էին –
տուէք իրենց լաւ պաշտօն մը՝ անոնք շուտով կը խեղճանան
եւ կը հագնին հին պատանքներ պաշտօնական
տուներու մէջ մանրավէպեր կը պատմեն
քաղաքական ակումբներուն՝ կը հմտանան սադրանքներու
քաղաքն իրենց կը փայփայեն ինչպէս խնձոր
եւ զայն կ’ուզեն պահել իրենց
եւ կը դնեն սաղաւարտը սեւ ասպետին
Քաղաք մտիր կերպասներու սրուակներու
համակարգիչի ինքնաշարժներու շքեղ դարպասէն
դուրս բեր կիները իրենց բրածոյ
… լոյս է ահա
մարգարէի պէս կը խօսին գլուխները իրենց ինկած
եւ ամէնքը կանաչցած են
Չեն մահանար
սրտի կաթուածէն արեան ճնշումէն
պաշտօնեաներ չեն այլեւս
դրամատան սակարանի կամ մաքսատան
Ձիեր կը վազեն մայրուղիներուն
ջուրը մակընթաց ահա կը խուժէ սենեակներէն ներս
ջուրին աղը արեւին հետ կ’այրէ դանդաղ
ու կը մաքրուին մարմինները եւ աչքերը իրենց
մղձաւանջի ագռաւները հեռացած չեն
սակայն հիմա ասպետները գիտեն ապրիլ անոնց կողքին
Ահա կ’իջնենք ժայռերուն մէջ
այստեղ կրնաս յառաջանալ դանդաղ դժուար
աստիճաններ պէտք է ըլլային
բարձրացող կամ խորացող որ միեւնոյնն է
տեղ մը լոյսը կը ցնցուղուի բարձունքէն
քարայրին մէջ լուսաւորելու
ճերմակ մարմինը քարին
Բարձրախօսներ պէտք են այստեղ
քանի ձայնը հազիւ կ’ելլէ՝ արագօրէն կը կորսուի ժխորին մէջ
բարձրախօսներ տուէք իրենց
դեռ համոզկեր շատ մը խօսքեր պէտք է գտնեն՝ մեզի համար
Գիշերային այցելու
դուն կ’երեւիս քարայրին մէջ Պէաթրիսին պէս
հակառակ անոր որ անունդ ա՛լ բրածոյ կը հնչէ
իսկ կերպարդ՝ միամտութիւն
անիրական ցնորքներ եւ վիպապաշտ ձայներ կ’առթէ
Տուր դիմակս որ կը գործածէի կանաչ անտառը մտնելու ատեն
կամ զրուցելու Բարձրացեալին հետ որ դէմքս չայրէր
սաղաւարտս տուր պողպատէ
որ հալածեմ մագաղաթէ ճերմակ դէմքեր
կարծես անոնք սունկի աճող գաղութներ են
եւ կ’արշաւեն ամէնուրեք …
Ահա կ’արթննաս
օրաթերթերը վաղը ինչպէս միշտ մղձաւանջային լուրեր պիտի տան
պիտի դիտես աշխարհդ ներքին
պարպուած իր ձգտումներէն
չորցած կոճղ ինչպէս
եւ միամտօրէն պիտի սպասես
որ սիրուհիդ քովդ գայ գերութենէն փրկուած
Հակաքերթուած 2
Դուրս գալու համար
այս ջիղերու հանգոյցէն
փրկելու համար միտքը վերստին
մաքրելու համար արիւնը կրկին
ամառնային հրդեհի պէս
ընդարձակուող այս քաղցկեղէն
եւ բառերուն
վերադարձնելու համար ադէն
արժանապատուութիւնը իրենց լլկուած
նոր երկինք պէտք է
նոր ջուրեր պէտք են
որոնք չըլլան ապականած
քիմիական հեղուկներու հոսքով անկաշկանդ
եւ ջուրը կրկին դիեցնել կարենայ
ապրեցնել աճեցնել բջիջներ եւ կեանքի ձեւեր զարգացած
պալուկաներ չվարակուին բորոտութեամբ նորօրեայ
չոչնչացուին իբր վտանգ …
Հիմա ո՞ւր գտնել
ֆիզիքական վայրն անապակ
որ թափօններէն մեր ամէնօրեայ
վարակուած չըլլայ
Մի՛ կարծեր թէ կապ չունէիր պատահածին հետ
երբ սղոցը մեքենական
անդուլ կը խուզէր անտառները բազմադարեայ
կամ երբ փոկերը առանձնացնելով
(սակայն ուշադիր՝ անոնց մուշտակին անեղծ պահպանման)
գանակոծելով կը սպաննէին հոն
աղիողորմ կանչը անոնց փորձելով պահել
հիւսիսային սառոյցներուն …
Իսկ մեր գերազանց ուռկանները նոր
տիւ եւ գիշեր կը հերկէին
ծովերն ու ովկիանոսները
անոնց թափանցիկ ցանցերը ամուր
կ’որսային նոյնիսկ
շանաձուկը դեւատեսիլ
եւ ձկնկուլը ջուր մխրճուած …
Հիմա չես գիտեր դուն արդէն ոչինչ –
այս բոլորը գուցէ սկսան
երբ սորվեցար գետերն ի վար թիավարել
ծախել բրինձ մետաքս կուժեր
ոսկի զարդեր ու համեմներ
Գուցէ սկսան
երբ բառերուն
իմաստը մոռցար բառարաններուն
կամ երազներու ցնորքներու տեսիլներու
մէջ կորսնցուցիր
եւ սորվեցար մարդոց լեզուով խօսիլ սահուն
շուկաներու մէջ հասկցուիլ
Հիմա պէտք է բառերը մոռնամ
որ խօսիմ կրկին
կորսնցնեմ իմաստութիւնը աչքերուս
եւ ձեռքերուս
որ տեսնեմ կրկին շօշափեմ կրկին
եւ ոտքերս սորվին քալել
աննպատակ
մինչ այդ կ’ըսեմ
գետերը մեր մի՛ մտնէք կէտեր
ջուրերը մեր թունաւորուած են
«Անցման եղանակ» գրքից (1993)