Կինդ տուն հասած է։ Կը լսես որ դրան քով վերարկուն ու կոշիկները կը հանէ։
— Հէյ, բարեւ, — կ՚ըսես բայց տեղէդ չես շարժիր։
Խանդավառութեամբ սենեակը կը մտնէ, քեզ կը տեսնէ, սրճասեղանին վրայ ցրուած գիրքեր ու թուղթեր նշմարելով խորունկ շունչ կը քաշէ եւ լսելիօրէն կ՚արտաշնչէ։
— Ի՞նչ է որ, — կ՚ըսես։
— Ուրբաթ իրիկունն է, մոռցե՞ր ես։
— Չեմ մոռցած, բայց բաւական զբաղած եմ, կարեւոր կէտի հասած եմ, — կ՚ըսես թուղթերը մատնանշելով։
Խորունկ կը ներշնչէ։
— Ասանկ համերգ նորէն չի պատահիր, ֆիլմ մըն ալ հետը պիտի ցուցնեն. արդէն ըսի Ռոպէրթոյին պիտի գանք, — կ՚ըսէ ու խոհանոց կ՚երթայ։
Կը փորձես վերադառնալ ուսումնասիրութեանդ, նոյն պարբերութիւնը քանի մը անգամ կարդալով՝ առանց իմաստը ըմբռնելու։ Խոհանոցէն ուժգին լռութիւնը կարծես ականջիդ կը պոռայ կոր։
Սկսած է ընթրիք պատրաստել։ Ոտքի կ՚ելլես, դէպի խոհանոց կը քալես, սեմին վրայ կը կենաս։ Սոխ կը շերտէ կոր։
— Երթանք ուրեմն, — կ՚ըսես։
— Իրաւէ՞ն։
Կը ժպտիս։
Աչքերը քեզի կը նային փայլուն երկվայրկեան մը, ապա կը վերադառնան բաղադրիչներուն, որոնք արագօրէն կը վերածուին ընթրիքի։ Խոհանոցը ոտքի կենալով կ՚ուտէք, շիշ մը գինի բաժնելով։ Երկրորդը կը բանաս ու կը դնես ջուրի մետաղէ շիշիդ մէջ, որ հետերնիդ տանիք։
Գիրքերու մէջ ամբողջ օրը անցնելու պատճառաւ անկարող ես քշելու. այնքան տարուեր էիր գիրերու աշխարհով որ օթոն քշելը վտանգաւոր պիտի ըլլար, ուրեմն ուղեկիցի աթոռին վրայ կը տեղաւորուիս։ Մինչ կինդ օթոն կ՚ուղղէ դէպի 10րդ մայրուղին, հեռաձայնդ կը միացնես ձայնասփիւռին Beach House-ի Teen Dream ալպոմը Spotify-ով բանալով, բայց Zebra երգի ներածութեան աւարտէն առաջ կինդ արդէն կը գանգատի որ Beach House-ը այնքան յաճախ մտիկ կ՚ընես որ կ՚աւրես կոր իրեն համար։ Ուրեմն Sigur Rós-ի վերջին ալպոմը կը բանաս զինք գոհացնելու համար, եւ մինչ օթոն կ՚արագանայ 10րդ մայրուղիին վրայ դէպի Լոս Անճելըսի կեդրոնը, ակնոցդ կը հանես որ աշխարհը աղօտ դառնայ եւ միտքդ հանդարտի։
Պատուհանէն դուրս կը տեսնես որ դիմացի ինքնաշարժերու լոյսերը թրթռացող պարիկներու վերածուեր են չիրականացած խոստումնիդ յուշելով, երեւող ու պահուըտող պարիկներ որ յարաբերութեան առաջին ամիսներուն ծրագրաւորուած յետագայ տարիներուն ծրագիրները մէկ մէկ կը պատմեն՝ նաւակի մը մէջ բնակելու տարին, առանց տունի թափառելու տարին, մերկ ըլլալուն տարին, ինքնաշարժ գործածելու փոխարէն կենդանիներ հեծնալու տարին, ակնոց չդնելու եւ աղօտ աշխարհ նկարելու տարին, որ քեզ կը տանի հոնկէ հոս, ուր քեզի սպասող չնկարուած աշխարհը կը յիշեցնէ կեանքիդ ամլութիւնը։
Երբ մտնէք Other Books անունով գրախանութը, ուր համերգը կէս ժամ առաջ սկսած ըլլալու էր, կը տեսնես որ խումբին անդամները ոչ իսկ բեմը տեղաւորուած պաստառի մը ետեւ կեցած գարեջուր կը խմեն։ Արդէն բազմութիւն կայ եւ սենեակի պրկումը կարծես կը զգացուի։
Կը նշմարես մուտքին քովի սեղանիկը, անոր առջեւ պոչը, անոր ետեւ հիփ հագած երկու լաթինաները։ Սեղանիկին վրայ երկու հսկայ ապակիէ շիշեր կան որոնց վրան փակցուած թղթիկները հեռուէն կը կարդաս՝ «Ձեռքով շինուած Օրչաթա — $2», «Ձեռքով շինուած Մարկարիթա — $5»։ Պոչը կը մտնէք, կարգերնիդ եկած ատենը լաթինաներէն մէկը կը հարցնէ ձեզի թէ արդեօք կ՚ուզէի՞ք նուիրատուութիւն ընել, մատնանշելով դրամով լեցուած ապակիէ աման մը որուն առջեւ գրուած է «Հաւաքուած դրամը պիտի ուղարկուի Փուէրթօ Ռիքօ ի նպաստ Մարիա փոթորիկի զոհերուն եւ աղէտեալներուն»։
— Կը թելադրենք ամէն մէկը հինգ տոլար տայ, — կ՚ըսէ լաթինան։
— Տասնոց մը ունի՞ս, — քեզի կը հարցնէ կինդ։
— Քսաննոց մը միայն։
— Ատի տուր, — կ՚ըսէ լաթինան, — Մարկարիթան ալ կ՚ուզէի՞ք։
— Հա, — կ՚ըսես քսաննոցը յանձնելով։
Երկու մարկարիթա կը մօտեցնէ ձեզի։ Կ՚առնէք ու գրադարակի մը առջեւ քով-քովի կը տեղաւորուիք մարկարիթաները խմելով եւ համերգի սկիզբին սպասելով։ Արագ մը մարկարիթաները կը վերջացնէք ու կը սկսիք բերած գինին խմել։
Պուքովսքիի բանաստեղծութիւններու գիրք մը կ՚առնես դարակէն ու կը թղթատես. անզարդ, կրճատ տողերը քեզ կը տանին անցեալ՝ կարծես ուրիշ աշխարհ, ուր բանաստեղծը դուն էիր. գիրքդ լոյս տեսնելէն ետք քաղաքէ քաղաք կը պտտէիր ընթերցումներ ընելու համար այսպիսի գրախանութներու մէջ, յետոյ սեղանիկի ետեւը նստած գիրքդ կը ստորագրէիր, այդ ընթացքին ուկնդիրներէն քանի մը թիւեր կը ստանայիր. միշտ կ՚ուզեն բանաստեղծին հետ պառկիլ. ամենէն գրաւիչինը կ՚ընտրէիր, կը զանգէիր, պառ մը կ՚երթայիք ուր կը խմէիր ընկճուածութիւնդ մոռնալու համար, ապա կ՚երթայիք անոր բնակարանը ուր կը սիրուըտէիք մինչեւ առտու կարծես ներքին դատարկութիւնը լեցնելու կամ անտեսելու համար. արթնցած ատեն կ՚անդրադառնայիր որ քովի պառկողի անունն անգամ չէիր յիշեր կամ երբեք չէիր գիտցած, բնակարանէն կը փախչէիր առանց իսկ արթնցնելու, սրճարան կ՚երթայիր, տապըլ էսփրեսօ կ՚ապսպրէիր, մայթի վրան նստած սիկարէթ կը փաթթէիր, սուրճը ումպ-ումպ կը խմէիր, թոքերը մուխով կը լեցնէիր որ կամաց-կամաց ուշքի գայիր. եւ այն ատենն էր որ մտածումը կու գար, ապա վստահութիւնը վրադ կ՚իյնար, թէ ա՛լ պիտի չկարենայիր բանաստեղծութիւն գրել։
Պաստառին վրայ ֆիլմը կը սկսի, Poesía sin fin, un film de Alejandro Jodorowsky. քալող տղայ մը, մեծցող, տունը վազվզող, պոռացող, հօրմէ փախող, պահուըտող, դպրոցը ձգող, փողոցը չափչփող, սենեակը գիրք մեքենագրող, բեմ ելլող, անվերջ բանաստեղծութիւն բարձրաձայն կարդացող, գրեթէ պոռացող, ուկնդիրներու կողմէն նետուած լոլիկներ ու փտած դդումներ ուտող, ծէսէն չդադրող, չքնացող վանականներուն պէս բանաստեղծութիւն արտասանող առանց կենալու,
զայրոյթի ու բարկութեան տեսարաններ, գոյնզգոյն պարազգեստներ հագած բոզեր, վայրենի տարազներ հագած պարողներ, սահմանազանց արարքներ.
մահ, արիւն եւ նախճիր։
Պաստառին ետեւէն խումբին անդամները կու գան, նուագարանները ձեռքերնին կ՚առնեն ու կը տեղաւորուին, մինչ դուն հեռաձայնդ գրպանէդ կը հանես որ նօթեր արձանագրես՝ գրելու համար գաղափարները չմոռնալու։
Երաժշտութիւնը կը սկսի՝ փորձառական, եթերային, առանց սկիզբի ու վերջի. աղմկոտ, խայթիչ ու գեղեցիկ։
Պաստառին վրայ արտասանող տղան միս եւ հաւկիթներ կը նետէ ունկնդիրներուն, իսկ իրենք կը պոռան թէ անկարելի է անոր բանաստեղծութենէն բան մը հասկնալ.
տղան գրատուն կը մտնէ, գիրքերը դարակներէն կը հանէ ու գետին կը նետէ, գրելու մեքենաները կը կործանէ, ապրանքները կ՚աւրէ, ապա փողոցը կը քալէ, բոզի մը կը հանդիպի որուն հետ մատուռ կը մտնէ, բոզը խորանին վրայ կը դնէ ու կը քունէ, ծիսական իրերը մարմնի հեղուկներով աղտոտելով, արական ու իգական էութիւնները կը կլլէ։
Դիտածը երաժշտութեան հետ կը խառնուի, երաժշտութիւնը որ կը կրկնուի, կ՚երկրորդուի, կը կրկնապատկուի, կ՚անհետի, ետ կու գայ, կը գումարուի ու կը հանուի, կը յանկարծաբանուի՝ ճղող խառնաձայնութիւն եւ անմիաբանութիւն։
Տղան մեծցեր է, ծերացեր է, հին գիրքերու էջերուն պէս դեղներ է, հիւանդանոցի սպասման սրահին մէջ կը նայի ժամացոյցին որ ա՛լ չի յառաջանար, չանդրադառնալով որ անկողինը պառկողը ինքն է, հիւանդութենէն մահացողը, ժամացոյցին նայողը, սրահը սպասողը, հանդարտօրէն մեռնողը մէն ու միակ տղան ինքն է։
Աչքերդ կը գոցես որ վերադարձեր են՝ ժամանակն ու մահը. պահուըտեր էին, ետ եկեր են։ Ամէն անկիւնէն ճիշդ անդին կը կենան, յաջորդ տողին վրայ, գրիչէն քանի մը սանթիմեթր անդին, ամէն մտածումին ետեւ։ Անձեւ ըլլալով ձեւ կու տան կեանքիդ, գրածիդ. ձեռք ձեռքի ետեւդ կը կենան՝ շունչդ սպառող ժամանակ, գիրդ բնաջնջող մահ. կա՞մ առջեւդ շարուած են՝ անտեսանելի, քեզ միշտ դիտող. դուն որ կը բաղկանաս շունչէ ու գիրէ։
Փախչելու մէկ ձեւ կայ՝ զանոնք գրել, գիրի վերածել, բայց կը դիմադրեն, կ՚արգիլեն, կ՚ըմբոստանան. չեն ձգեր որ գրուին, ընդգրկուին, պատուին, ձերբակալուին ու սահմանուին գիրով։
Գիտես որ ըմբռնելէդ անդին են։
Նօթեր գրեր ես, ծրագրեր ես, սեւագիր պատրաստեր ես, բայց գրութիւնը չի գրուիր։ Ուրեմն կ՚արձանագրես չգրուիլը, գրելու անկարելիութիւնը։
Կը փորձես ուրիշ բաներ ստեղծագործել՝ ամպերով շրջապատուած դղեակ մը, ապակիէ վիշապներ, թրթռացող ցեցեր։
Կը փորձես դղեակին հասնիլ, բայց հուր փչող վիշապը ճամբան կը խափանէ։ Շունչդ կ՚այրի, կը խեղդուիս։
Գիրդ ուտող ցեցեր վերը կը շրջագային։
Դղեակին չես հասնիր։
Աչքերդ կը բանաս որ համերգը վերջացեր է եւ կինդ հեռացեր է Ռոպէրթոյին բարեւելու։
Դուրս կ՚ելլես սիկարէթ փաթթելու համար։ Ծխած ատենը քեզի կը մօտենայ սեփ-սեւ հագած, երկար մազերով, նիհար եւ անուշիկ տղայ մը։
— Սիրեցի՞ր համերգը, — կ՚ըսէ սիկարէթ մը վառելով։
— Հա, — կ՚ըսես։
Ոտքէ գլուխ քեզի կը նայի, կարծես հագուածդ ու մարմինդ ուսումնասիրելով։
— Դո՞ւն, — կ՚ըսես մուխը ներս քաշելով։
— Ընկերներս են, — կ՚ըսէ կարծես նշելու համար որ աննախապաշար կարծիք անկարող է տալու։
— Կինս ալ կը ճանչնայ կիթառ նուագողը։
— Ամուսնացա՞ծ ես, — կ՚ըսէ ապշած։
— Հա։
— Աղջկա՞յ մը հետ։
Չես պատասխաներ։
— Մի նեղուիր բայց կը կարծէի կոր կէյ ես, — կ՚ըսէ։
— Օքէյ, չեմ նեղուած։
Լռութիւն կը տիրէ։ Գիտես որ կ՚ուզէ հարցնել թէ արդեօք տղա՞քն ալ կը սիրես, բայց չի համարձակիր։ Դուն ալ չես փորձեր լարուածութիւնը կտրել։
— Ֆիլմն ալ հաւնեցա՞ր, — կ՚ըսէ նիւթը փոխելու համար։
— Շատ աղուոր էր։
— Երաժշտութիւնը ֆիլմին հետ ուրիշ բան մըն էր, չէ՞։ Ատ միասին դնելը իմ գաղափարս էր, — կ՚ըսէ հպարտօրէն։
— Աղուոր էր, — կ՚ըսես վերջացած սիկարէթը գետին նետելով ու վրան կոխելով։
Ինքն ալ իրենը կը նետէ։
— Լաւ, ես գացի… ուզես նէ, էֆթըր-փարթին բնակարանս պիտի ըլլայ, հասցէն աս է, — կ՚ըսէ ծալուած թղթիկ մը ձեռքիդ դնելով։ Ետեւը հեռաձայնի թիւ մը գրուած է. քովը անուն մը՝ Քլէյ։
— Կնիկդ ալ բեր, ուզես նէ, — կ՚ըսէ քիչ մը հեգնանք թոնին մէջ, եւ պատասխանիդ չսպասելով կը հեռանայ։
Շիշ մը գարեջուր ձեռքին բռնած կինդ անունդ կը կանչէ գրախանութին սեմէն։ Թղթիկը գրպանը կը դնես եւ մուտքին հասնելուդ կինդ քեզ կը համբուրէ եւ ձեռքդ բռնելով կը տանի դէպի ձեզի սպասող չորս տղաք։
— Կ՚ուզեմ հետերնիս դուն ալ խօսիս, — կ՚ըսէ։
Ռոպէրթոն գարեջուր կը հրամցնէ քեզի։ Շիշը կը բանաս եւ կ՚անդրադառնաս որ նուագողներն են։
— Համերգը շատ աղուոր էր. շատ հաւնեցայ, — կ՚ըսես։
Շնորհակալութիւն արտայայտելէ ետք երգիչը կը սկսի համերգին յղացքը բացատրել, իսկ դուն մտիկ ընել կը ձեւացնես։ Չես ալ անդրադառնար երբ կինդ խօսակցութեան նիւթը Մարիա փոթորիկին դարձուցեր է տղոց բարեսիրական արարքը գովաբանելով։ Մտածումներուդ մէջ կը խորասուզուիս, երեւակայութեանդ մէջ, որ քունուած քաղաքէն, աղմուկէն ու մարդոցմէ հեռու ապաստան մը դարձեր է։
Դղեակի մը մէջ ապրիլ կ՚ուզես, ամպերով շրջապատուած, բարձր ժայռի մը վրայ։ Հասնելու համար պիտի նստէիր թելերէն կախուած փայտէ կառքի մը մէջ որ քառորդ ժամէն քեզ տանէր հոն։ Կեանքի բոլոր անհրաժեշտութիւնները պիտի գտնուէին մօտակայքը, որպէսզի ստիպուած չըլլայիր հոնկէ հեռանալ. կաթնեղէնի համար կովեր, արդիւնաբեր ագարակներ, ջուրի աղբիւրներ, հսկայական գրադարան, գրչատուն, մագաղաթ, մելան ու եղէգներ անսպառ, մոմեր ու կրակարան։
Օդը տարբեր պիտի շնչուէր հոն. յաճախ պիտի հիւանդանայիր քանի դեռ վարժուած պիտի չըլլայիր բարձրութեան, բարձրութենէն աւելի՝ առանձնութեան, առանձնութենէն աւելի՝ լռութեան։
Լռութենէն հիւանդութիւններ պիտի ծագէին. սակայն ամէն հիւանդութեան՝ իր հաճելի բուժումը. պիտի սիրահարէիր հիւանդութիւններուն, առողջութենէն պիտի նախընտրէիր հիւանդ ըլլալդ. կոկորդի ցաւին համար կլլուած սխտորը պիտի վայելէիր, պաղառութենէն տառապած ատենները փաթթուած վերմակը, Hot Toddy-ները եւ կրակարանին առջեւ նստիլը պիտի վայելէիր։
Ձմեռը երկար գիշերներուն պիտի կարդայիր միջնադարեան ժամանակագրութիւններ, ուր տարուան մէջ եղածները կիսամութ սենեակներու մէջ դպիրները կը գրէին՝ թագաւորի մը մահը, քաղաքի մը պաշարումը եւ անկումը, ժողովներ եւ գաղտնաբար ծրագրուած դաւաճանութիւններ, հարսնիքներ ու թաղումներ, ծագումներ ու անկումներ, սպառած շտեմարաններ, իշխաններ ու ասպետներ. այն դարերուն միակ մնացորդները, որոնք սակայն չեն յայտներ տարուան կարեւոր պատահարները, այսինքն անոնք որոնք տեղի կ՚ունենային մթագին տնակներու անկիւններուն մէջ, փոշոտ փողոցներու մէջ, անտառներու մէջ՝ գաղտնի ժամադրութիւններ, առուի քով անձնատուութիւններ ուրիշին, ճիչեր ու կանչեր, անօրէն սիրուտըտուքներ, անասելի հաճոյքներ, խոստացուած վրէժներ, չկատարուած խոստումներ, փսփսացուած յայտնութիւններ, մոգական հայեացքներ, անճառ հրաժարումներ, անկարելի արկածախնդրութիւններ, կախարդութիւններ եւ դիւթանքներ, ճգնաւորական քաջագործութիւններ, ներքին փորձընկալումներ, անյայտ վերելքներ ու վայրէջքներ։
Յանկարծ ականջիդ կը հասնի հարցում մը երեւակայածդ փարատելով.
— Դուն ինչո՞վ կը զբաղիս։
Հարցնողը երգիչն է։
— Կրակով, — կ՚ըսես առանց մտածելու։
Շուարած քեզի կը նայի երկվայրկեան մը, իսկ կինդ նշանակալից հայեացք մը կը նետէ վրադ գաղտնաբար։ Վարժ է ասանկ հարցումներուն սուտ պատասխանելուդ որ խուսափիս պատմելէ թէ ձախողած բանաստեղծ ես որ հիմա երեսուն տարեկանիդ միջնադարեան հայկական գրականութեամբ զբաղող դոկտորական ուսանող դարձեր ես։
— Այսինքն… հրշէ՞ջ ես, — կը հարցնէ դաշնակահարը։
— Հրձիգ։
Լռութիւն։
— Բայց… դրամ ինչպէ՞ս կը շահիս, — կը հարցնէ երգիչը, լռութիւնը կտրելով։
— Կը վճարուիմ շէնքեր այրելու համար. շէնքի տանտէրն ալ ապահովագրութեան ընկերութիւնը կը խաբէ, գիտցա՞ր։
— Հասկցայ, — կ՚ըսէ երգիչը անվստահ թոնով։
— Հայրիկս ալ հրշէջ է, — կ՚ըսէ կինդ ու ամէն մէկը շնորհակալ կ՚ըլլայ խնդալու պատճառ ունենալով։
Խօսակցութիւնը ուրիշ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ եւ այլեւս մտիկ չես ըներ։ Գարեջուր մը կ՚առնես ու դուրս կ՚ելլես. մայթին վրայ նստած սիկարէթ կը փաթթես ու կը ծխես, այդ ընթացքին շիշը պարպելով։
Շուրջդ ամէն ինչ լուռ ու հանդարտ է։ Գլուխդ կը սկսի դառնալ եւ երջանիկ, անորոշ զգացումներ մէջէդ կը ծագին. կարծես ուրախ կը զգաս այդ պահը ապրելով։
Կէս ժամ ետք կնոջդ ձայնը մտածումներդ կ՚ընդմիջէ։
— Ի՞նչ կ՚ընես կոր հոս։
Կ՚անդրադառնաս որ մայթին վրայ կ՚երկննաս։
— Հէչ… աստղերը կը դիտեմ կոր, — կ՚ըսես թէեւ երկնքին մէջ ոչ մէկ աստղ կ՚երեւի։
— Կ՚ուզէի՞ր էֆթըր-փարթիին երթալ, — կը հարցնէ։
— Սիրտ չունիմ։
— Է՛հ, ինչո՞ւ։ Աղուոր կ՚ըլլար… Ռոպէրթոյին ընկերոջ տունը պիտի ըլլայ, հոսկէ ոչ հեռու։ Ամէն միւսները կ՚երթան կոր։
— Կը ներես, բայց նախ՝ ընկերներս չեն, յետոյ անանկ վիճակի իջեր եմ, որ երթամ նէ, վստահ խայտառակ կ՚ըլլամ։
«Խայտառակ» բառը համոզիչ է։ Կարծես նախորդ ատեններ կը յիշէ ու կը համաձայնի տուն վերադառնալ։
Տունը դուն քեզ կը գտնես նոր բերուած նստարանին վրայ նստելով։ Կինդ բազմոցը երկնցած տարուեր է հեռաձայնով։ Գաւաթ մը Շարթրէօզ դրուեր է առջեւդ։ Ումպ մը կը խմես Շարթրէօզէն, առջեւիդ տեսարանը նշմարելով։ Դիմացի պատուհանը թափանցիկ վարագոյրներով ծածկուած է։ Պատուհանի ետեւէն շուքի կերպեր ու ձեւեր կը տեսնուին։ Կարծես կենդանի էակներ են որ հովով կ՚էանան, փչումներով իրարու փսփսացող, երեւող ու անհետող, քեզի շշնջացող, մինչ դուն կը ձգտիս մտիկ ընել, առանց իրենց լեզուն հասկնալ փորձելու։ Կը բաւէ որ ժամանակաւոր իրենց գոյութեան վկայ ըլլաս։
Կինդ կը խնդայ։ Հեռաձայնով բան մը կը դիտէ կոր։ Մէկէն տեղէդ կ՚ելլես, հեռաձայնը կնոջդ ձեռքէն կ՚առնես ու զինք կը հրես անկողին։ Մէջտեղը պզտիկ բերդ մը կը շինես բարձերով եւ կինդ վրան կը տեղաւորես։ Քանի մը վայրկեան կը համբուրուիք, ապա տաբատն ու վարտիքը կը հանես եւ շապիկը վեր կը քաշես որ փորիկը համբուրես։ Կամաց կ՚ուղղուիս վար շարունակաբար համբուրելով։ Երբ ագռմէջին կը մօտենաս, ետ կը քաշուի։
— Չեմ լուացուած, — կ՚ըսէ։
Վերի սրունքները կը համբուրես, ապա մեղմօրէն հեշտոցին կը հասնիս։
— Չեմ իսկ ածիլուած։
Երբ կը սկսիս շրթներուն վրայ շրջանակներ լիզել, պզտիկ շունչ կը քաշէ ու կը լռէ։ Ծլիկը կը գտնես, վեր ու վար կը լիզես։ Կը ծծես։ Կը ցնցուի ու կը սկսի ծանրօրէն շնչել։ Ծլիկը բերանդ կ՚առնես, կը լզուըռտես։ Խմած ըլլալու պատճառով դժուարութեամբ մտածումները կը ներդաշնակէ մկաններուն հետ։ Ճիգ կը թափէ արարքին վրայ կեդրոնանալու համար։ Կը կենաս երկվայրկեան մը, ապա լեզուդ կը մտցնես հեշտոցին մէջ եւ հեղուկը կը խառնուի լեզուիդ վրայ ձգուած Շարթրէօզին հետ։
Գլուխդ կը դառնայ, կարծես նաւակի մը մէջ կը ծփաս կոր։ Ծլիկը վեր ու վար կը լիզես նորէն որ կինդ հաճոյք առնէ եւ դուն ընկճուածութիւնդ անգիտանաս։ Կամաց կը մնչէ։ Յանկարծ ծխող տղան միտքդ կու գայ եւ կ՚անդրադառնաս, որ եթէ էֆթըր-փարթին երթայիր տղան կլիրդ պիտի ծծէր այս պահուն։
Կինդ ծանրօրէն կը շնչէ եւ կը գիտնաս որ կտղուցքի հասնելու վրայ է։ Ծլիկը բերանդ կ՚առնես եւ ակռաներուդ միջեւ մեղմօրէն բռնելով կը լզուըզես մինչեւ որ գոհացած մնչիւն կը հանէ ու կը վերջանայ։
Ապա կը խնդայ։
Կը հակիս փորիկին վրայ։ Վիզդ կը ցաւի։
Սրունքներով կը փաթթէ մէջքդ եւ կը փորձէ քեզ վեր քաշել որ կարենաս մտնել, բայց տեղէդ չես շարժիր։
— Գնա ակռաներդ վրձնէ համբուրուինք, — կ՚ըսէ։
Վրձնած ատենը գրպանէդ թղթիկը կը հանես եւ պատռելէն ետք աղբամանը կը թափես։ Երեսդ կը լուաս, անկողին կը վերադառնաս։ Կինդ կողքին պառկած կը սպասէ։ Քովը կ՚երկննաս։
— Ինչպէ՞ս կ՚ուզես, — կը հարցնէ ու կը սկսի քեզ շոյել։
— Սիրտ չունիմ։
Շոյելը կը դադրեցնէ։
— Ի՞նչ կայ որ։
— Կ՚ուզեմ քնանալ, գլուխս աղուոր մը կը դառնայ կոր, — կ՚ըսես միւս կողմը դառնալով։
— Ջուր պէտք է խմես, — կ՚ըսէ ու խոհանոց կ՚երթայ բերելու համար։
Կը հրամցնէ եւ մէկ անգամէն գաւաթը կը պարպես։ Նորէն կը լեցնէ, քովի սեղանիկը կը դնէ ու պէտքարան կ՚երթայ պատրաստուելու համար։ Կը վերադառնայ որ քնանալ կը ձեւացնես։ Գաւաթը կ՚առնէ, քիչիկ մը կը խմէ ու քովդ կ՚երկննայ։ Քանի մը վայրկեան ետք քնացեր է։
Անշարժ կը մնաս, մութ առաստաղին նայելով ու սպասելով որ գլուխդ դառնալէ դադրի։
Ֆիլմի տեսարանները միտքդ կու գան. կը փորձես մերժել. կու գան վախերուդ հետ խառնուելով՝ անզարդ բնակարան մը կը գտնուիս, պարապ ճերմակ պատերով շրջապատուած. կինդ քեզ ձգեր է, սեղանը նստած, մինակդ, տխուր, ճաշ կ՚ուտես կոր, այնպիսի ճաշ որ խանութի սառնարանէն պատրաստ կը գնուի. մայրիկդ մեռեր է, դագաղին քով կեցած կու լաս կոր, մոռցեր էիր այցելել, հեռաձայնել, հետը խօսիլ վերջին օրերուն. դագաղին մէջ կը նայիս ու դուն քեզ կը տեսնես՝ ծեր, ճերմակ մորթ ու մազեր, մերկ, ամուլ, միայնակ. դագաղին շուրջ ոչ ոք կանգնած է բացի մեռելաթաղէն, ոչ մէկ ծաղիկ կամ յատուկ իր քովդ դրուած է որ հետդ տանիս միւս աշխարհ կամ հող. դագաղին մէջ միայն մերկ դիակդ եւ վրադ թափուած էջեր կան արական անդամը ծածկելու համար. կարծես մեռելաթաղը թափեր է՝ չգրուած գիրքերուդ պարապ էջերը։
Եւ կը յիշես, տասը տարիէ ի վեր չխօսուած նախադասութիւնը, որ առաջ միշտ կ՚ըսէիր, կ՚աղօթէիր, կը կրկնէիր քալած ատեններ, մտահոգուած ու վախցած ատեններ. շնչելու հետ նոյն տողը՝ Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ, ողորմեա ինձ մեղաւորիս։ Կը փորձես, ներշնչելով՝ Յիսուս Քրիստոս, արտաշնչելով՝ Որդի Աստուծոյ. ներշնչելով՝ ողորմեա ինձ, արտաշնչելով՝ մեղաւորիս։ Շրթներովդ բառերը կը կազմակերպես առանց ձայն հանելու, ամէն եկող մտածում կը փորձես վանել մտքէդ աղօթքին վրայ կեդրոնանալով։
Մթութիւնը կը զգացուի։ Առաստաղը հազիւ կը տեսնուի. աղօթքը կրկնելով առաստաղին վրայ կը կեդրոնանաս որպէսզի գլուխդ չդառնայ։
Կ՚երեւակայես հարիւր տարի ետք երբ մեռած մոռցուած ըլլաս, ո՞վ պիտի հոս պառկած ըլլայ առաստաղին նայելով, գիշերը ո՞վ պիտի երկննայ հոս, երկար գիշեր անքուն, ապագային ու մահուան մտահոգութիւններով տարուած ո՞վ պիտի հսկէ հոս։
Լսելիօրէն կը շնչես։
Կը լռես։
Տիկնոջդ մեղմօրէն շնչելը կը լսես։
Աչքերդ կը գոցես որ գլուխդ հանդարտեր է։
Երազ կը տեսնես՝ Սան Լուիս Օպիսփոյի մէջ Յուլիս չորս է։ Կը գտնուիս Մէտօ Փարք, այնտեղ ուր ընտանեօք կ՚երթայիք այն տարիներուն, եկեղեցիի միւս ընտանիքներուն հետ հաւաքուելու, այնտեղ ուր անիմաստ խաղեր կը խաղային, կը շրջէին, կը ցատքէին, ձեռք ձեռքի կը քալէին, կը վազվզէին։
Խոտին վրայ սփռուած վերմակին վրայ նստած կ՚ըլլայիր, չէիր խառնուեր։ Մէկ կողմը պառկած՝ խոտը անհուն կ՚երեւէր, կարծես կը ձգտէր արեւին։
Քոյրերը, եղբայրը, մայրը հետդ կը նստէին, միւս ընտանիքներէն հեռու։ Երբ առիթը ըլլար կը մեկնէիք։
Բայց հայրը կը սիրէր խառնուիլ։
Հոն է, դեռ չէ մեկներ, կարծես փայտէ շինուած բեմը կենալ կ՚ուզէ, քարոզ տալ կ՚ուզէ՝ թող լսեն երաժշտութիւնը, թող Աստուծոյ գովեստը լսեն, թող յիշեն, այսօր մանաւանդ, որուն պարտաւոր ենք անկախութեան համար, ազատութեան համար։ Թող ճանչնան ազատութեան մէն ու միակ շնորհողը, թող ընդունին ապաշխարութեան ճանապարհը։
Աչք չունեցողը կը սիրէ քարոզ տալ. աչք չունեցողին համար ամէն ինչ մութ կ՚ըլլայ. Կրնաս առջեւը լոյս ընծայել, ձեռքին մէջը դնել. չ՚ընկալեր։ Փոխանակ ընկալելու, կը կլլէ նշխարին պէս, սակայն մէջէն չի փայլիր։ Ներքին խաւարը զայն կը պարուրէ, լոյսէն զօրաւոր է. պիտի տիրանայ, պիտի տիրապետէ. ապա ան կը գանգատի որ չի կրնար տեսնել։
Քոյրերը, եղբայրը, մայրը եւ դուն կը պահուըտիք։ Ձեզմէ ոչ մէկը օրհնուած հէմպուրկըրները կ՚ուտէ, ոչ մէկը մէյոնէյզը վրան թանձրօրէն կը սփռէ հօրը պէս։ Գետինը վերմակին վրայ նստած ուրիշ տեղ ըլլալ կ՚ուզէք։ Մէկը հեռախօսով պատգամներ կը գրէ սիրահարին, մէկալը գիրք կը կարդայ, միւսները ծաղիկներով թագ կը շինեն։
Կ՚ուզես ընտանիքէն հեռանալ։ Փախչելու տեղ կը փնտռես։
Հեռուէն կը նշմարես պասքէթ խաղացողներ։ Կը ճանչնաս անոնք եւ աւագ դպրոցի յիշողութիւնները հեղեղի պէս միտքդ կը տեղան։
Ինչո՞ւ հոս եկեր են կորսուած ընկերներդ, հոս՝ ուր իրական կեանքի ընթացքին երբեք չէին եկած։ Կ՚որոշես մօտենալ։ Պիտի ձգե՞ն որ խաղ մտնես։ Պիտի ներե՞ն որ տասներեք տարի առաջ անհետացեր ես առանց բացատրութիւն տալու։ Պիտի հարցնե՞ն ինչու հիմա որոշեր ես նորէն երեւիլ, հիմա որ ընկերութեան վերջին հետքերը փարատած են։ Պիտի ընդունի՞ն փախչելու պատճառդ։
Կը հասնիս բայց այլեւս հոն չեն։ Քեզ տեսեր ու գացեր են։ Պզտիկ տղայ մը կը մօտենայ քեզի, շէկ մազերը ճակատէն մղելով բաց կապոյտ աչքերով կը նայի աչքերուդ.
— Կը պահուըտին կոր, կը սպասեն մեկնիս որ ետ գան, — կ՚ըսէ ու կ՚երթայ։
Ինչո՞ւ վերադարձեր ես հոս, կորսուած երազներու այս աշխարհը։ Չէի՞ր գիտեր. անհետանալէ ետք անկարելի է նորէն երեւիլ։
Երազը կը փոխուի եւ դղեակը կը գտնուիս, պարիսպի մը ետեւ պահուըտած. պարիսպի պատուհանէն կը դիտես թշնամիներու կողմէն արձակուած բաբանաքարը որ կը մօտենայ, ժամանակդ զգալիօրէն կտրելով ու մահդ բերելով։
Փախչիլը անկարելի է, թաքստոց չկայ, պաշտպանող չկայ, ոչ իսկ ուրիշ մէկը որուն հետ կարենայիր վերջին երկվայրկեանները բաժնել։ Գացեր են շատոնց։
Մինակդ կը սպասես եկող բաբանաքարին։
Պատուհանը քեզ կը կանչէ, կը հրաւիրէ, վարի անհուն խորութիւնը քեզ կը հրապուրէ։
Կը ցատքես։
Կ՚արթննաս որ գլուխդ կը ցաւի։ Սենեակը մութ է տակաւին, թէեւ կը նշմարես որ այգին առաջին ճառագայթները սենեակը սկսած են մտնել թափանցիկ վարագոյրներէն. վարագոյրները որոնց ետեւ անցեալ գիշերուան գերիրապաշտ այդ տեսարանը աչքերուդ առջեւ կը խաղացուէր։
Քնացած կինդ քովէդ մեղմօրէն կը շնչէ։ Անկողինէն կ՚ելլես եւ խոհանոց կ՚երթաս սուրճը պատրաստելու։
Ջուրը կը տաքցնես եւ սուրճի փոշիները դանդաղօրէն կը սկսին ընկղմիլ։ Աչքերդ կը սեւեռին սրճեփի տակէն բարձրացող բոցերուն վրայ։ Մեքենաբար դգալով սուրճը կը խառնես մինչ միտքդ կու գան ասկէ առաջ եղած հազարաւոր նման առտուներ, երբ կինդ դեռ քնացած, առտուան մթութեան եւ հանդարտութեան մէջ՝ սուրճը կը պատրաստես իբր թէ երազներդ, անցեալ գիշերուընէ տեսարանները եւ մանաւանդ անցեալի յիշողութիւնները հեռու վանելու համար։
Սուրճը թասի մը մէջ կը թափես եւ թասը ձեռքիդ բռնած քայլերդ զգուշութեամբ կ՚ուղղես դէպի սրճասեղանին դիմացի բազմոցը, անցեալ իրիկուընէ ձգուած ուսումնասիրութիւնը շարունակելու։
Լոս Անճելըս