ԱՆՕԹԻ ԲԱՌ

անօթի է այս բառը

պարապութիւն կը հոտի

երբ խուճապէն դուրս կ’իյնայ

անօդութեան մէջ պղպջակի պէս կ’ուռի

մեծ տաղտուկով, աղաղակով երբ պայթի

թերեւս ցատկինք մեր տեղէն

խանդավառ կամ վախուորած

ու խծբծենք տարածքը

որուն վրայ հոգի ու հոգ ցանուած է

ցնցոտի է այս բառը

բորոտութիւն կը քրտնի

աստուծոյ  քէնն իր վրան

իրմէ ինկող շուքերուն դէմ չարչարանքի է մտած 

իր գզգզուած առանձնութեան

բացերուն մէջ լողալով

թափթփուքի ափերն դէպի կը հրուի

վտարուելու օդին մէջ զինք դիտողէն

ծերպահիւծ պատ՝ այս բառը     

պատրանք անբնակելի                    

որ կը յամառի

իր պատութեան պաշտպանութիւնն կատարել

ու կը յաջողի

իրմէ ելած արձագանքին մէջ խոնաւ

պատրուակուիլ ձայնօրէն

պատսպարուիլ քարաբար         

ու թանձրաշուք  լորձունքին տակ      

անշնչօրէն պատանալ

ԲԵՂՄՆԱՓՈՇԻ

բեղմնափոշի

փոշի

խօսքերու աւելորդ

կառչած թաթերուն              

ներքինի

ծակոգի

չի դիմանար արթնութիւնը

տակը փռուած որովայնին

որ դողահար կը սպասէ

ու դողալէն կը հանգի

ան կը ցրէ ինքզինքը

որուն ինչպէս հանդիպի

մէկ գիր այստեղ

մէկ բառ այնտեղ

հատիկներուն սեղմուած

բեղմնազուրկ փոշիներ

խուլ գրգիռներ անբեղուն

ճոռոմ սեռաբանութիւն

ու կը սպառէ կը սպառի

հաւատացողն

 բերանին տակ սրիչին

երբ կը սրի թափովը իր խաբկանքին

 ի վերջոյ

ինքզինքին դէմ դառնալու

ան հպարտ էր լեցունութեան երազով

դատարկ իր եսը ո՞ւր տանի

ԽՕՍՔԵՐԸ ՄԵՐ

մարմնաքամ վերարկու՝

խօսքերը մեր

ուրուական

գիշատիչ մոգութիւն

անվստահ բարութեան

որ կաթելէ կը վախնայ

վարանքի՜ կծու

խաչէն աւելի խաչ

կասկածին թաթխուած

հանճար փոքրութեան

կը մնայ միմիայն

գացողին տեղը ցոյց տալու

իր ամրոցէն դատարկութեան

ատեն-ատեն մուխի փունջ մը կ’արձակէ

կ’արձակուի երբ տալիքը հատած է

հատնումով կը սնանէր սկիզբէն

անվախճան թալան արեւելքէն ծորող աղբիւրի

մասունքներու կողոպուտ

ու գետնաքարշ արհամարհանք բխումի

խօսքերը մեր

ուղիղ ճանապարհ անդարձ կորուստի

անյագ մղձաւանջ

չարդարացանք

ներողութեան խօսքն անգամ

կասկածելի կը հնչէ

ԿՏՈՐԻՆ ՀՈԳԵՎԱՐՔԸ

կը դիտէ հոգեվարքն իր կտորին

ինքնազուսպ

եւ գիտէ իր զրկանքով կանացի                                 

որ թանձրաշուք անոր ոգին պիտի ապրի                                    

իր իսկ մեռնելէն անդին

ան ժամանակ չգտաւ հոս մնալու

ծախսեց եկածուն պէս

երթալու

մնացողին ձեռքերը երկինք առաքեց

կ’իջնէ

ամպի մը պէս վրան կ’իջնէ

երբ չ’սպասեր մթութիւն

կը խռովի թացութեան մէջ անոր կպչուն

տաքնալու տեղ ցուրտ ապշանքով կը տարտղնի

ճար չունի

կը սպասէ որ ձանձրանայ ան իրմէ

ու երթայ

բայց գիտէ որ նորէն

դարձեալ պիտի գայ

սառած գիրերը թափէ էջին վրայ

ու հարուածէ ծունկերուն

ճար չկայ

երանի կարելի ըլլար խօսիլ

առանց բառերու

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.