Սեւանավանքին մէջ

 

 

Զիս մերժեց։

Երկաթեայ դարպասը գոցեց երեսիս. «Չես կրնար մտնել, ուշացար»։

Ուշացայ։ Բայց ես հեռուներէն եկած եմ հանդիպելու ինքզինքիս։

«Օրէնք չկայ ուշացածին ներելու»։

Պապանձած, հպարտ աղաչանքով մնացի անշարժ։ Գուցէ … օրինազանցութիւն մը խղճար գուցէ իմ մեղաւոր, իմ մտացիր, իմ անյայտ, իմ աննկարագիր որոնումիս։ Իմ անբառ աղօթքիս։ Չեմ երթար։ Զինք կ’ուզեմ։ Կ’ուզեմ։

Ու ճռնչաց յանկարծակի Վերինը, որ մինչեւ անդունդը կ’իջնէ։ Բացաւ միւսներուն առջեւ գոցած իր դուռը, ու բոլորին մէջէն միայն ինծի «եկուր» մը ըսաւ։

Արտորալով մտայ իր տունը։ Գիտեմ հոս է։ Ինձմէ անդին, թերութենէս գերիվեր։ Մօտեցայ պատուանդանին ու տարբաղադրուեցայ։ Անդամներս հագուստի պէս աղտոտած, բզիկ- բզիկ թափթփուեցան ու սրբազան գետնին վրայ կրակէ, դանդաղօրէն ծխացայ։

Ես մը, իմ եսէս անբիծ, զիս մխացուց։ Բարձրացաւ ինձմէ ու տապալեց կործանելին։ Լքեց զիս մարմինս պարտուած, փախուստ տուին շարժումներս կամաւոր, անվստահելի։ Միացան ձեռքերս ի՜ր մղումով ու ծածկեցին դէմքս տգեղօրէն այլայլած։ Իմ տէրս չեղայ։ Իմ տէրս կ’ուզեմ։ Կանչեցի. զիս մի թողուր։ Ես չեմ կրնար քեզի գալ, դուն ինծի եկուր, անօթի եմ ես քեզի։ Մտիր խուցս, ուր ինծի համար տեղ չունիմ։ Ձայնիդ, ոտնաձայնիդ արձագանգը ձգէ հոն, որ պատսպարուիլ կարենամ։

Աղաչանքիս ճար չունիմ։ Ուրիշ լեզու չեմ գիտեր։ Կտոր մըն եմ հազարներու բաժնուած։ Իրականովս կը յանդգնիմ երեւիլ։ Բաժիններս ոտքիս տակ որդերու պէս կը վխտան, իրենց ժահրոտ քմծիծաղով զիս նետելու ինքզինքէս. «Ո՞վ ես, որ հոս փրկութիւն մը կ’երազես»։

Պիտի մնամ, մինչեւ լուսաշող իր մութ պատերէն ողորմութիւնը իյնայ։

Հին մարգարէն այսպէս ուրեմն կը հանդիպէր փնտռուածին, կը խօսէր գերբառերով չհնարուած։ Պիտի բռնեմ զայն անկար քուլաներով մատեանիս։ Պիտի կառչիմ։ Հեռուներէն եկած եմ շօշափելու խորանդ, ուր շշուկով ատեն- ատեն կ’իջեւանես ու կը դիտես փշուրներուն տողանցքը։

Փշուր մ’ալ ես, եկայ քեզի, որ զիս զատես հատիկի պէս ցորենի ու խրես հողին վերջին շերտին մէջ։ Անհետանամ ես ինծի։ Ու տէրս գտնեմ։

 

Բաց նամակ անձիս եւ նմաններուն

 

 

Երբ ներս կու գաս

զրահ- սաղաւարտ – երկաթէ մոյկ դուրս ձգէ

ոտաբոպիկ մուտք գործէ ասեղնագործ սենեակէս

այնտեղ ամէն բան նուրբ է

եւ հիւրընկալ

 

Ո՞վ չի գիտեր որ զէնք-զրահ պէտք են քեզի, սիրելիս։ Ժամանակն անգամ ենթարկել պէտք է կռիւով։ Յոյսի փշուրն իսկ մանրիկ՝ կռիւներով կ’առնուի։ Հաւա՞տքը հապա. կռուի դաշտ է կատարեալ։ Ու երբ զԱստուած կը փնտռես, աչքերդ վեր իրեն բարձրացնելու համար ինքնաբզքտում կը պահանջէ Ան քեզմէ։ Արգիլուած է յոգնիլը։ Կռուիլ- յաղթել պայման է։ Որ ապրիս։ Ո՞վ չի գիտեր։

Սակայն անուշ թանկագինս, սրտիս ընտրեալ աղուորը, երբ մօտենաս՝ դրանս առջեւ կանգ առ պահիկ մը։ Զգա՜, որ սենեակս տեղ մը չէ։ Ուրի՜շ տեղ է, ուր կը մտնեն դուրսը թողած դուրսինը։

Արդ, նախ եւ առաջ սաղաւարտդ արձակէ։

Ո՞վ չի գիտեր, սաղաւարտը պաղ կը պահէ գլուխը, զգաստ, ծանր, հանդիսաւոր, ու կ’արգիլէ անողնաշար որդի պէս գլխուն դառնալ ամէն կողմ։

Բայց դուն հանէ, մէկդի նետէ, դէմքդ լոյսին պատրաստէ։

Ապա, քակէ մէկիկ մէկիկ կոճակները զրահիդ։

Ո՞վ չի գիտեր, զրահը զարդն է կուրծքին։ Կը գեղեցկացնէ նկարը, ուրի՜շ փայլ կու տայ աչքին, ազնիւ նիւթ՝ բերանին։ Կը պաշտպանէ զայն ամենայն չարիքէ. չարիք – բարիք, ընդամէնը մէկ գիրի տարբերութիւն է. ինչ փոյթ, կը պաշտպանէ երկուքէն։ Բայց մանաւանդ չի թողուր որ սիրտը քիչ մ’աւելի տրոփէ ու դուրս փախչի վանդակէն։ Կը պաշտպանէ իյնալէն։

Բայց դուն, դրանս սեմին, արձակուէ այդ մետաղէն, զայն շպրտէ, բանտարկուած կուրծքիդ կտրտուող ճաղերէն թող սիրտդ թփրտայ ազատութեան երազէն։

Հանէ մոյկերդ երկաթէ։ Դրանս առջեւ ճամբայ չունիս կտրելիք։ Աս է որ կայ. դուռ մը, ուրկէ երբ մտնես ոտաբոպիկ, ներբանիդ ուժ մը պիտի անցնի գետինէս։ Հանգչիս։

Իջնեն, իջնեն, հրախաղի շողերուն պէս օդին մէջ պայթած աղմուկները վար վազելով դեռ կէս ճամբուն մահանան։ Հանգստանաս, կարողանաս դուրս գալ դէպի ներսը սենեակիս, ու ներսիս մէջ բացուիս, ուռիս, աճի մէջդ երանութիւնը, որ բոլորին տրուած չէ։

Եկուր։

Միասին բռնենք պոչը այն բառին, որուն իմաստը ես նոր, դեռ նոր հասկցայ։

Եւ ուտենք զայն միասին։

 


Ճակատի լուսանկարը Մարտին Մանուկյանի
Show Comments Hide Comments

One thought on ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԱՆՁԻՍ ԵՒ ՆՄԱՆՆԵՐՈՒՆ

  1. Վարդան says:

    Կերածիդ հոտը կրնա՞ս բաժնեկցիլ անցնող ճամբորդի հետ:
    Ի՞նչ իմաստ ունի կեանքն առանց համի
    եւ բաժնեկցի:
    Կեանքն առանց հոտի, ի՞նչ համ ունի կամ գոյն,
    անոյշահոտի վերածուածն ալ բաւարար չէ քեզի
    քաղցր համով հոտը բաւել կը թուի
    բայց այդ ալ բաւարար չէ մեզի:
    Այն ատեն երբ դուն բերնիդ կը տանիս,
    համն առնելու,
    այն ատեն միայն
    ակնթարթի մը մէջ
    հոտը կը թուի
    վազել ուղեղն ի վեր
    գոհացնելու:
    Վերջ:
    Եւ սպաննելու քու սպասումդ:
    Չկայ սպասում առանց անվերջի:

Leave a Reply

Your email address will not be published.