Չըսուող խօսք

 

չ’ըսուիր

ծանրութենէն խորունկները կը սուզուի

ու կը կառչի ամուր ամուր աւազէն

արձագանգն լոկ կ’արձակէ

կոհակներով յարաճուն

կը տարածուի կը թափթփի ափերուն

ուր խաղալու եկած էիր կեանքին հետ

կը կարծես կաթիլը բռնել հաւատացեալ մատներով

կը խուսափի ձեռքերէդ

սադայէլի ոստումով

կը հոսի

աչքիդ բիբին լոյսն ակռաներով կը ծծէ

մէջդ շինուած դագաղին մէջ կը լեցուի

որ հետդ պիտի տանիս

 

ոչ ոք անոր յիշատակն պիտի կրնայ ունենալ

արցունքի պէս սրբուելով

չեղածի պէս

անհետանայ

ու ոչ մէկուն հոգն է

մոռացումի սուտէն բռնուած

պիտի անոր աղաչես

որ խնայէ պրկումիդ

ամենուրէք

պարապին մէջ թափառելով

չըսուող խօսքին նեխած հոտը

ողողելով մէջդ դուրսդ պիտի խաբէ

նենգ հաճոյք պարգեւելով

եւ դուն պիտի ընդունիս

հաճոյանալ նենգօրէն

չըսուող խօսքին վրէժխնդիր

 

Թիւը

 

վարագոյր մ’իջաւ երկաթեայ

միտքը զատեց մարմինէն

թիւն ի սպառ անհետացաւ

նշանն անոր պարոյկաձիգ

տեսողութիւնն պղտորեց

 

ամբողջ կեանք մը անոր սիրոյն վազած էր

պատանի երազները տողերն անոր հաւաքած

անմահական իւղի նման օծած էր լեզուն անով

ու օրհնուած աստղի նման

առաքեալի հովերով

մութ երկինքներ փնտռած

հաւատացած էր իր բախտին

աստուածատուր շնորհքին

որ քիչերուն շատ քիչերուն կը տրուէր

 

թիւ մըն էր ընդամէնը

որ փախաւ ողնածուծէն

դարձեալ քալեց դարձեալ լացաւ խօսեցաւ

իմաստուն բառեր նոյնիսկ թռան բերանէն

սակայն հատած փշրուած

կտրատուեցաւ իր չորս դին

ու զատուեցան բոլոր իրերն

իրենց տեսքէն իրենց համէն անունէն

ուզինք լքեց բոյրը դալար

ստախօս խոստումներուն

առնական սերմ էգ սպասում

 

ան հասկցաւ

բայց ան արդէն միւսներն են

որոնք իր շուրջբոլորը

թիւին պոչը կը փնտռեն

պարոյկաձեւ պոչը մոլոր

փախած թիւին

կորած մէկին

 

Ծովուն վրայ

 

Ա.

ծովուն վրայ քալողի պէս

գնացք կ’առնեմ ամէն առտու

հասնելու

ձայնին

ձայնը կարօտ է

իր թրթիռին

որ խոյս կու տայ ամէն վայրկեան

զինք երազող աղաչանքէն

ու կը հոսի կորելու

ճակատագրին դէմ պոռթկացող մահուան պէս

աղմուկին մէջ

անլսելի խօսքերու

 

Բ.

կաթիլ կաթիլ բերնէն ծորել թելիկները պարոյրին

ու հիւսուիլ

եղածին մէջ եղածէն դուրս

ծովուն վրայ քալելու

հասնելու

ձայնին կարօտ ունեցողի

թրթիռին

Գ.

կ’արձակուիմ

կը պրկուի գաճաճութիւնը եսիս

հարուածի պէս մէկէն ի մէկ

կը հասկնամ

բացութիւնը մեր միջեւ

կը խոնարհիմ

ծովուն վրայ քալելով

կը ճեղքեմ

տարածութիւնն մեր միջեւ

 

ճակատի լուսանկարը Ռուբեն Մանգասարյանի
Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.