Լոյս տեսաւ իսթանպուլահայ բանաստեղծուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութեանց երկրորդ հատորը՝ «ԱՆ Է ՈՐ ԿԱՅ» (Իսթանպուլ, 2019), ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐի իբրեւ չորրորդ հատոր (թիւ 4), որմէ ստորեւ կը ներկայացնենք քերթուածներու փունջ մը։

Հատորը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGի վրայ, ուր առաջին անգամ լոյս տեսած են քերթուածները նաև այստեղ :

 

ԱՆ Է ՈՐ ԿԱՅ

Հայելիին դպչած
նայուածքները
զգալի՞ են մորթին վրայ:
Ինչպէս կը ծեծուին
ներբաններու տակ մայթերը
եւ այնպէս աչքերուն նայուածքը
կը ծակէ հայելին
ջրհորի մը նման. խոր.
կը հասկնա՞ս:

Նայիլ հայելիին
ու զգալ որ զոյգ մը
աչքեր դպչեր են
իր աչքերէն քուկիններուդ
կրնա՞ս նայիլ
դուն ալ անոր
ու պահ մը տեսնել
որ կաս հայելիին մէջ
ներմուծուած… ներշնչուած
էութեամբ
եւ հասկնալ
թէ ան ալ կայ քեզմով.
կը հասկնա՞ս:

 

ՄՇՈՒՇԱՊԱՏ

Գիշերը կը պատրաստուէր
քօղով ծածկել մշուշը
եւ ներքեւը շրջողներ…
թաց մայթերուն վրայ
թափառելէ խոնջած
անցորդներ բոլոր…
կանգ առած են.
նորէն մութ եւ հասնիլ լոյսին.

ո՜հ տաժանագին է այս մղձաւանջը
հայհոյանքի ասեղներ
կը ծակծկեն պատեանը
եւ անարիւն
կը խրի կողերուն մէջ
գիշերը սարսռագին. լուսինը
պիտի որոնէ պաշտպանը
որ դարձեալ պսպղայ.
աստղեր այլեւս չեն փայլիր,
իջած է խաւարը քօղածածկ
մշուշին մէջ խարխափելով
կը քալեն
առանց անուրջի
կսկիծէն գալարուող մարմիններ
դէպի անելները
դէպի ընդերքը աշխարհի.

ամբոխներ կը խլրտին
խաւարին մէջ,
սալայատակուած
պաղ քարերուն վրայ
ճամբաներուն վրայ
շրջուն մոլորածներ
որոնելու համար
նոր ուղի մը լոյս եւ
բարին… բարին…

 

ՆԿԱՐ ՄԸ

Սիկարէթին ծուխը
կը թօթուեմ մոխրամանին մէջ.
մուխը կը բարձրանայ
կ’ուրուագծուի դիմագիծդ.
դէմս՝ պատին վրայ, նկարդ է,
կը նայիս սիրազեղ աչքերով,
թէ ե՞ս միայն կը տեսնեմ․
հոս ես. սենեակիս մէջ ու կը շնչես:

Աչքերդ մուխէն այրած են,
եւ արցունքդ
կախուած կը մնայ
աղօտ նշոյլներով
մուխին մէջ:

Սիկարէթին մուխն է․
կը քաշեմ խորունկ.
շունչս չեմ արձակեր.
դուրս չելլես
նման այն ոգիին, որ
կը յայտնուի լամբին մէջէն
ու դարձեալ կը մտնէ հոն:
Չկորսուիս…:

Ներսիդիս
ուրուագծուած սրտիս մէջ
եւ թերեւս ուղեղիս
եւ նոյնիսկ բիբերուս մէջ
կը տեսնեմ եւ քեզմով կը նայիմ:

Սիկարէթին գորշ մուխին ներքեւ
նկարդ պիտի յայտնուի յանկարծ
եւ դուն ես այն
սենեակիս մէջ,
մուխին մէջ,
մարմնացած:

Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.