ԱՆՈՒՆԴ

պիտի դիտեմ

անապատին վրայ թուղթէ

շարուած լապտերները պլպլան

օդիս մէջը մէկիկ մէկիկ թափթփող 

կարօտէ հատած պատառներ 

կը բացուին

ցանկութեան տրուող 

փորին նման ծաղիկի

փորփրելու մանկութիւնը

անմեղունակ փոշիներէ թաւշացած

միամտութեան

որ ետ գալու միտք չունի

լեզուն կը տնկէ

օծած հպարտ լռութեամբ

ցանկերազներ հրահրելու տրոփը

բացէն ի բաց արձակած

չի նայիր աջ-ձախ

որովհետեւ երկար խորհած էր

մինչեւ հողին վրայ  մարմարէ

ինքզինք փնտռող գոյներու 

սուտ քաջութեամբ արձակուէր

որձեւէգ հրապոյր

միւսին ետեւ պաշտպանուող

պրկումի եւ ազատութեան

խաղերուն թիկն տուած է

ու զիս կ’առնէ 

իր ետեւէն քաշելու

ես կը տարուիմ

անկուշտ վայելքով մը գողացիկ

դիտելու բանուածքը քովընտի սիրաբանութեան

սիրտս կը խայտայ 

այս պահերու ձեռքերուն մէջ կախարդէ

կը ցատկռտէ

տոտիկներով ճնճղուկի

մոռնալով շատ բան

մոռցուելով անոնցմէ

մինչեւ առկայծ լապտերները 

համոզելէն ալ յոգնած

ցնցոտիէ յոյսերնին ոտքերնուն տակը ձգած

վառածնուն պէս 

մէկիկ- մէկիկ մարմրին 

 

հով մըն ալ այդ օր այդպէս կը փչէ



ԴՈՒՌԸ ԲԱՑ ՈՐԴ 

 

դուռը բաց որդ դուռը բաց

երկար տեւեց կեցութիւնս անողնաշար բոյնիդ մէջ

օղակներուդ մէջ մորթիդ զիս բանտեցիր

ապահով

դարձար կլոր

դարձար ոլոր 

մերթ ձգուեցար

մերթ գնդացար  

բերնէդ թափուող անգոյն հիւթով զարմանքս լուալ ուզեցիր

սորվեցնել ջանացիր որդի նման ծալլուիլ   

ի հարկին՝ լայննալ կամ ասեղի բերնին չափ կէտանալով չերեւնալ 

ցոյց տուիր հազար անգամ ինչպէս կրնամ սողոսկել

փակիլ պատի թափած ծեփի գրպանին

ահազանգել ու պահուըտած անկիւնէս  

քսմսուելով դիտել մարդոց  ահաբեկած  փախուստը

ու մնալ յաղթանակած

տէրը տեղիս

տէրը մտնող ելլողներուն անմիտ եսի աղմուկին

տիրապետել լռելեայն

 

ես փորձեցի հասկնալ քեզ 

որդ որդի որդի 

բարի սրտիդ խելօք կամքիդ չափը տալ 

փորձեցի նոյնիսկ փառաբանել մարմնէդ անբաժան գլուխդ ճարպիկ

ոտքերու տակ ճզմուող քու խեղճացած պատկերիդ դեսպան դառնալ

ամենուր

փորձեցի հաւատալ որ ես 

սրբազան իրականութիւն

ինքնաբուխ բանաստեղծութիւն

փորձեցի … 

բայց չկրցայ խօսք գտնել 

մեծութեանդ համեմատ

բառիկ մը լոկ բարակուկ 

սերմի նման պոչ շարժելով 

դուրս մտնելիք դուռ փնտռեց

       – չեմ

դուռը բաց որդ դուռը բաց

որդութիւնը մարդու մորթս փղձկեցուց վէրքերով

ես կը նեխիմ ծոցիդ մէջ

դուռդ բաց որդ դուրս ելլեմ

 

ՔՄՈՅՇ

 

պիտի փարիս այս բառերու քմոյշին

չհարցնես ուրկէ՞ են

պիտի փակես աչք – ականջդ

անոնց տրուիս անմնացորդ 

ստրուկի պէս

բայց ստրուկ չես

սուտ ես

սուտ են

եւ կապ չունին ոչ քեզի հետ ոչ իրարու

այս է որ կայ

քու ըլլալդ աւելորդ է

եւ ոչ միայն

աղտի պէս յորդ

ու սուրբի չափ ծիծաղելի

 

լռէ այժմ

եւ այս այժմը յաւիտեան է

լռութիւնը թող տեղայ

անկիւնաւոր գիրերու հով խաղցնէ

խաբկանքէ

հրաւիրող հրաւիրեալ երբ չկայ

հողի պէս բաց բերանին մէջ 

կը լեցուի

տեղատարափ

ինչ կը կարծէ վերէն է

ու կը կարծէ որ վերինը միմիայն քամուած կոյտ է

անբռնելի

անըմբռնելի 

ու պարտուած

չի վերջանար

հարցումի պէս օդին ուղղուած

շիկացած

ու կը յուսայ որ մարելու չէ երբեք

ինչ որ կ’երթայ  լսելի չէ

կը կարծէ

բայց թրթիռը պիտի մնայ ականջներէն շատ անդին

ու մենք մարդ չենք 

որ զայն լսենք մեր երթալէն ալ յետոյ

մենք միսեր ենք

վրայ վրայի հաւաքուած

հետեւաբար

պիտի փրթին կարկտանները բոլոր

փակցուած

քանի մարդ չենք

որ երկինքներ կառուցենք

ոչ մարդ ու ոչ երկինք խօսքի մը մէջ ըլլալու չափ ուժ ունին 

 

քմոյշին մէջ ձանձրանալով կը դանդաղի ամէն բան 

 

ճակատի նկարը կայքից http://cloverleafmiddleschoolart.com/page/page-10/
Show Comments Hide Comments

Leave a Reply

Your email address will not be published.