***
նստայ
քաղաքի ծունկերուն
ու
լեզուիս ծայրով
նուաճեցի
մարմինը քարեղէն
ինչ որ գտայ
ինծմէ անդին
եսէս անդին
ըլլալ մըն էր անհեթեթ
հազար թելով
հազար ցաւով
կարուած հողին
որ ոչ երկիր
ոչ հայրենիք
ոչ ալ եօթը պորտով
կարօտ մըն է կապուած մարմնիս
այլ՝
մշտապէս
յարափոփոխ
քանդում մըն է
ինքզինք սրբող
ինքզինք մաքրող
ջնջող
արտաբխող
մայթին վրայ օտարութեան
ուր ոտքերուս փականքները
կը հրեն զիս
դէպի
վայրը խորտակման
ջլատիչ
նեխած՝
անյայտութեան մրուրով
եւ
դէպի
ժամանակը կորստեան
պատռուած
թարգմանութեամբը կեանքին։
6-6-2020
ՄԹԼ