ՉՄԵՌՆԵԼՈՒ
գոց տուփի բացուածքներէն
մուխ կ’ելլէ գաղտագողի
եւ կը կարծէ թէ գողի պէս
մարդ զինք պիտի չտեսնէ
ե՞րբ կրցայ առաջին անգամ
ցնցազարթնիլ
վեր ելլելով
դուրս ելլել անվերադարձ
չմեռնելու
համոզուելու համար կը լափլիզէ ականջս
տմբտմբոցը
անհետացող քայլերու
բողոքը
պարտադրաբար լռելու այլեւս անկարող ճամբաներու
ինչո՞ւ կը մուրայ տակաւին
կտոր մը միտք
փշուր մը խելացութիւն
ո՞ր տմարդութիւնը
կրցած են անոնք կշտացնել
որ կը կարծէ
թէ յղփանալ մը կայ ետին
ով որ կրցած է ցատկել
չէ նայած իր առջեւի անդունդին
ոտքի՝ սիրտս
մատդ թրջէ թուքիդ մէջ
ու ջնջէ թնճուկները բառերը իրարու կապող թելերուն
ու սրբագիր շնչառութեան ընդլայնած այս պարանով
քու ափէդ միւս ափը անցիր
չմեռնելու
ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
ինչո՞ւ կու գաս մարմինով մը
ուրկէ հոգին հաներ ես
իմս քեզի համար էր
քու կիրքերդ աւերակ
անջրդի արտ էր
ուր ջուրերս զարնուեցան քարերուդ
ու չհասան քեզմէ մոռցուած հունտերուն
որոնց չորհազ տողերը կախուեցան քղանցքներէս
թոյլ չտուին որ փռուիմ մակերեսիդ
ո՞ր թուղթին վրայ պարպուիմ
կը նստիմ առաւօտուն իմ պարզունակ անունիս շուրջ առասպելներ հիւսելու, ուրկէ միայն աճպարար մը դուրս կ’ելլէ, որ չի գիտեր զարմացնել շուն մ’անգամ. խլխլած աթոռ. հրապարակ, որ բազմաթիւ ճամբաներու կը բացուի, բոլորը իմս կարծելով ոչ մէկուն ուղին կը բռնեմ. կլոր- կլոր. գլխապտոյտ. միտքէս կտորներ կը կախուին, անթացուպեր միսմինակնին կը քալեն, գլխատուած հաւերու պէս աջին-ձախին զարնուելով.
սրբէ աւելորդ ինչ որ կայ
անձայն անտանելի տեսարան
ո՞ր թուղթին վրայ պարպուիմ
խաւարը կ’իջնէ արհամարհանք շպրտելով լուսաստղին որ զինք չտեսնել ձեւացուց, վստահեցաւ խոստումին. մանուկ. անփորձ յոյսին դիւրութիւնը գրաւեց իր տարածքը եւ այժմ պէտք է վճարէ ուժերէն վեր թանկացած գինը անոր. թախանձանքը յար կ’ընդլայնի անքամի մակերեսին վրայ ծովուն ու ջանքերը առագաստի տեղ դրուելու կը պահպանեն զինք ախորժակէն ծաղրանքի մինչեւ հասկնայ թէ հասնելիք տեղը ոստումն էր առաջին. եկած է ա՜լ. թող չսպասեն զինք այլուր
կէտ մ’է ճերմակ
արատաւոր սաւանը մտածումէն խոշտանգուած
տեղ չկայ բառ կոփելու
եւ մէկը պիտի չգիտնայ
երբ հոս կենայ ամէն ինչ
լեզուին ո՞ր անիւն է խցանուած
յորդառատ պաղատանքի
սմքած կաթիլէն
ճակատագիր թէ ընտրութիւն ծինային
ապստամբ արիւնէս
չտրուելիք հաշիւներ կը պահանջեմ
ո՞ր թուղթին վրայ պարպուիմ