Ֆրանսուա Վիյոնը ուշ միջնադարի ամենայայտնի ֆրանսացի բանաստեղծն է: Ծննդեան թուականը՝ 1431, իսկ մահուան թուականը՝ անյայտ (1463էն յետոյ): Վիյոնը յայտնի է իր բանաստեղծական տաղանդին համար, իր սուր ծաղրական ոճին համար, նաեւ իր արկածախնդիր կեանքին համար (մարդ սպաննած, քանի մը անգամ բանտ նստած եւ հրաշքով կախաղանէն փրկուած, եւայլն…): Իր բանաստեղծութիւնները գրած է միջնադարեան Ֆրանսերէնով, նաեւ այդ ժամանակուան գող-աւազակներու բառբառ-ժարկոնով՝ ժոպելէնով: Վերջին անգամ Փարիզէն արտաքսուելէն վերջ անյայտ կորած է:
Որքան գիտեմ, հոս ներկայացուած պալլատը առաջին անգամ հայերէն կը թարգմանուի (1965ին Հայաստան հրատարակչութեան հրապարակած հատորին մէջ չկայ): Վիյոնի պալլատներու գեղեցկութիւնը արտացոլելու համար, փորձած եմ թէ ռիթմը պահպանել (4/6), թէ հանգերու կառուցուածքը (աբաբբգգդգդ): Վիյոնը այս պալլատը մրցոյթի մը համար գրած էր. Ֆրանսայի թագաւորին եղբայրը, Դուքս Շառլ տ’Օրլէանը առաջին տողը առաջարկած էր (Աղբիւրին մօտ, ծարաւէն կը մեռնիմ), եւ մրցոյթի մասնակիցները պէտք է շարունակէին, պալլատ մը յօրինելով: Մեզ հասած նմուշներէն յատկապէս յաջող են Ֆրանսուա Վիյոնի եւ Շառլ տ’Օրլէանի գործերը:
Վ.Ա.
Պլոայի մրցոյթի պալլատը
Աղբիւրին մօտ, ծարաւէն կը մեռնիմ,
Բոցերու մէջ, պաղէն լրիւ թմրած,
Հայրենիքս՝ օտար կը թափառիմ,
Օճախին քով, կը դողդողամ այրած.
Ես մօրէ մերկ, բայց նախագահ դարձած,
Զուարթ լացով, դեռ անյոյս կը սպասեմ,
Մխիթարուած, բայց միշտ յուսաբեկ եմ,
Ուրախ կ’ըլլամ, սակայն զուրկ հաճոյքէն,
Հզօր եմ ես, անուժ ու տկար եմ,
Լաւ ընդունուած, մերժուած բոլորէն:
Անստոյգին միայն կը վստահիմ,
Յստակ միտքը՝ ինծի առեղծուած,
Ստոյգ բանէն միայն կը կասկածիմ,
Գիտութիւնը՝ ինծի համար արկած,
Յաղթող եմ միշտ, մնալով պարտուած.
Առաւօտեան « գիշեր բարի » կ’ըսեմ,
Մեծահարուստ, բայց ոչինչի տէր եմ,
Գետնին փռուած, կը վախնամ իյնալէն,
Կտակի տէր, սակայն ժառանգորդ չեմ,
Լաւ ընդունուած, մերժուած բոլորէն:
Ջանք չեմ թափեր, սակայն միշտ կը ձգտիմ
Որ դիզեմ այն, ինչ որ չեմ փափաքած,
Անկեղծ գովքէն՝ ես կը վիրաւորուիմ,
Ճշմարիտէն՝ կ’ունենամ լոկ կասկած,
Ճերմակ կարապ, սեւ ագռաւի փոխած,
Ով զիս խաբեց, ընկեր կը համարեմ,
Վնաս տուողն, միշտ օգնող կը կարծեմ,
Ճիշդն ու սուտը, երկուքն ալ անօրէն,
Միշտ մոռնալով, ամէն ինչ կը յիշեմ,
Լաւ ընդունուած, մերժուած բոլորէն:
Իշխան վսեմ, իմացէ՛ք կ’աղաչեմ,
Հասկցող եմ, եթէ լսել ուզեմ,
Կարծիքի տէր՝ բոլորին կարծիքէն:
Իմ խոստու՞մս՝ հաստատ պիտի դրժեմ,
Լաւ ընդունուած, մերժուած բոլորէն:
Թարգմանութիւն՝ Վազգէն Անդրէասեան, Սեւան Նարարեանի եւ Թամար Գալէմեանի օգնութեամբ
Ճակատին՝ կադր «Ֆրանսուա Վիյոն» ֆիլմից (1945)