Անի Քիւրքճեան

Պէյրութի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող լիբանանահայ նկարչուհի է, ծնած 1972թ: Աւարտած է Լիբանանի պետական համալսարանի Գեղարուեստից ակադեմիան եւ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանը. վերջինէն վկայուած է գործարարութեան, հոգեբանութեան եւ կրօնագիտութեան մասնագիտութիւններուն մէջ: Մասնակցած է աւելի քան 100 ցուցահանդէսներու, արժանացած է Ville de Fontenay-sous-Bois Award (2014), Jouhayna Badour Prize (2012), եւ Atelier-Z’s First Prize in Figurative Painting (2011) մրցանակներուն , ինչպէս նաեւ Պէյրութի Սուրսոք թանգարանի ցուցահանդէսի յատուկ յիշատակութեան մրցանակին (2010:)

Ա. Քիւրքճեանի գործերը ցուցադրուած են 11 տարբեր քաղաքներու թանգարաններուն մէջ եւ ներառնուած են տարբեր երկիրներու հանրային եւ անհատական բազմաթիւ հաւաքածուներու մէջ:

2018-ի Ապրիլին Պահրէյնի թագաւորութեան մայրաքաղաքին մէջ, երկրի մշակութային գլխաւոր իրադարձութեան` “Գարնան փառատօնի” շրջանակներուն մէջ բացուեցաւ Անի Քիւրքճեանի անհատական վերջին ցուցահանդէսը` “Շղթայուած երկուութիւններ” խորագրով: Ցուցահանդէսին արուեստագիտուհին ներկայացուցած էր էրոթիզմի թեմայով իր նորագոյն գործերը, ուր ան արտայայտած է զոյգերու յարաբերութիւններուն մէջ ցաւի, կորուստի, անձկութեան եւ օտարումի ապրումները, ինչպէս նաեւ սեռականութեան տագնապները` հետզհետէ աւելի ու աւելի առեւտրականացող մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ:

 http://www.anniekurkdjian.com/

 

Բնագրեր

Էրոսը սկսաւ արագօրէն դարձեալ խայտալ ու փթթիլ. որպէս արուեստի սիրահար, ինքզինք տարածեց նկարներուս վրայ`ազատօրէն, խնդութեամբ եւ կենսալի: Արագօրէն ընկալեց ու հասկցաւ իմ լեզուս եւ սկսաւ դարձեալ խօսել, արտայայտել ինքզինք...