Յարութիւն Պէրպէրեան
Բանաստեղծ, գրաքննադատ, ուսուցիչ Յարութիւն Պէրպէրեան աւարտած է Լիբանանի Սոֆիա Յակոբեան ազգային երկրորդականը եւ Հայկազեան համալսարանը՝ մասնագիտանալով գլխաւորաբար Անգլիական լեզուի ու գրականութեան մէջ:Աւելի ուշ՝ Գանատայի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ հետեւած է մանկավարժութեան, ապա ՄքԿիլ համալսարանէն ստացած է մանկավարժութեան Մագիստրոսի տիտղոսը: Վարած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան գործադիր քարտուղարի պաշտօնը, ապա տասնամեակ մը ասպարէզով եղած է խմբագիր ու մաս կազմած է «Բագին» գրական ու մշակութային ամսագրի խմբագրութեան: 1988-ին հաստատուած է Մոնրէալ, Գանատա, եւ հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասաւանդումով կը զբաղած Սբ. Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ մինչեւ Յուլիս 2018:
Իր « Կորիզ » եւ « Ոսպնեակ » բանաստեղծական հատորները լոյս տեսած են Լիբանան, Գանատայի մէջ հրատարակած է « Անցման եղանակ » հաւաքածոն, իսկ 2ՕՕ7-ին Հայաստանի մէջ՝ « Սահմաններ » խորագրով քերթողագիրքը: Հրատարակած է աւելի քան քսան ուսումնասիրական գրութիւններ, բազմաթիւ գրախօսականներ, թարգմանութիւններ ու յօդուածներ: Կարգ մը բանաստեղծութիւններ թարգմանուած են գերմաներէնի, անգլերէնի եւ սպաներէնի: 2ՕՕ8-ին, Երեւանի մէջ կայացած « Գրողների համահայկական 4-րդ համաժողով »-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան ոսկեայ մետալով, իսկ 2015-ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: