Ծնած եմ գրող ըլլալու համար, բայց մինչեւ օրս ինքզինքս գրող չեմ համարեր: Միշտ վախցած եմ ստանձնելէ գրողի ճակատագիրը, ատոր համար ալ թափառած եմ մասնագիտութենէ մասնագիտութիւն, տեղ մը հետաքրքրական բան մը գտնելու եւ գրողը մէջս սպաննելու համար: Ուզած եմ Երեւան ապրիլ, բայց չեմ կրցած, չեմ դիմացած անհայրենիք հայրենիքի անինքնութիւն ինքնութեանս: Հիմա կ՚ապրիմ Մոնթրէալ Րաֆֆի Աճէմեանին եւ տղոցս` Վայքին եւ Վէմ-Գառնին հետ: Բազմալեզու մշակոյթին մէջ կը դասաւանդեմ արեւմտահայերէն եւ կը խմբագրեմ Պէյրութի մէջ 1962-էն ի վեր լոյս տեսնող «Բագին» գրական ամսագիրը: