Ֆրանսուա Վիյոն

Ֆրանսուա Վիյոնը ուշ միջնադարի ամենայայտնի ֆրանսացի բանաստեղծն է: Ծննդեան թուականը՝ 1431, իսկ մահուան թուականը՝ անյայտ (1463էն յետոյ): Վիյոնը յայտնի է իր բանաստեղծական տաղանդին համար, իր սուր ծաղրական ոճին համար, նաեւ իր արկածախնդիր կեանքին համար (մարդ սպաննած, քանի մը անգամ բանտ նստած եւ հրաշքով կախաղանէն փրկուած, եւայլն…): Իր բանաստեղծութիւնները գրած է միջնադարեան Ֆրանսերէնով, նաեւ այդ ժամանակուան գող-աւազակներու բառբառ-ժարկոնով՝ ժոպելէնով: Վերջին անգամ Փարիզէն արտաքսուելէն վերջ անյայտ կորած է:

Վիյոնը Վիքիպեդիայում

Բնագրեր

Անկեղծ գովքէն՝ ես կը վիրաւորուիմ, Ճշմարիտէն՝ կ'ունենամ լոկ կասկած, Ճերմակ կարապ, սեւ ագռաւի փոխած, Ով զիս խաբեց, ընկեր կը համարեմ, Վնաս տուողն, միշտ օգնող կը կարծեմ, Ճիշդն ու սուտը, երկուքն ալ անօրէն, Միշտ մոռնալով, ամէն...